ՖԷՅՐՈՒԶԻ ԵՐԳԵՐՈՒՆ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք լիբանանցի մեծանուն երգչուհի՝ Ֆէյրուզին երգերէն փունջ մը, հայերէնի թարգմանուած: Երգչուհիին բուն անունը Նուհատ Հատատ է: Ծնած է 21 նոյեմբեր 1934-ին: Մինչ օրս կ՚ապրի Լիբանանի մէջ:

Այսպէս, առաջին երգը որ պիտի ներկայացնեմ, «Ո՜վ թռչուն - Եա՜ դէյր» վերանգիրը կրող երգն է: Երգի բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակներն են լիբանանցի գրող եւ երաժիշտ՝ Րահպանի եղբայրները:

- Ո՜վ թռչուն, որ աշխարհի ծայրերը կը թռչիս,
Եթէ կարենաս սիրելիներուս պատմել, թէ ի՜նչ վիճակի մէջ եմ:
Գնա հարցո՛ւր անոնց սիրելիին մասին, որ իրենց հետ չէ, 
որ սիրոյ վէրքերով վիրաւորուած է, բայց ի՜նչ օգուտ.
ան վիրաւորուած է, սակայն չի՛ խօսիր, թէ ինչ բան կը վիրաւորէ զինք
եւ միտքին առջեւ կու գան տղայութեան գիշերները,
ո՜վ թռչուն:
Ո՜վ թռչուն, որ աշխարհի ծայրերը կը թռչիս,
Եթէ կարենաս սիրելիներուս պատմել, թէ ի՜նչ վիճակի մէջ եմ:
Ո՜վ թռչուն, ո՜վ թռչուն:

Ո՜վ թռչուն, հետդ տար ծառերուն գոյները,
այլեւս սպասելէն ու ձանձրանալէն բացի, ուրիշ բան չմնաց:
Արեւի աչքով կը նայիմ քարի սառնութեան,
եւ բաժանումը զիս շփոթեցուցած է:
Ո՜վ թռչուն, որ աշխարհի ծայրերը կը թռչիս,
Եթէ կարենաս սիրելիներուս պատմել, թէ ի՜նչ վիճակի մէջ եմ:
Ո՜վ թռչուն, ո՜վ թռչուն:
Ի սէր քու փետուրներուդ եւ իմ օրերուս,
Ի սէր ծաղիկի փուշին եւ քամիի փչելուն,
եթէ իրենց քով կ՚երթաս եւ հովը խենթացաւ,
գէթ մէկ վայրկեան զիս ալ տար ու ետ բեր այստեղ,
Ո՜վ թռչուն:

Ո՜վ թռչուն, որ աշխարհի ծայրերը կը թռչիս,
Եթէ կարենաս սիրելիներուս պատմել, թէ ի՜նչ վիճակի մէջ եմ:
Ո՜վ թռչուն, ո՜վ թռչուն:

Ուրիշ երգ մը եւս Ֆէյրուզէն, դարձեալ բառերուն հեղինակները Րահպանի եղբայրներն են, իսկ երաժշտութիւնը՝ Զիատ Րահպանիին է: Երգը կը կոչուի՝ «Մարդիկ հարցուցին ինծի - Սաալունի ալ-նաս»:

- Սիրելիս, մարդիկ քու մասիդ հարցուցին ինծի,
նամակներ գրեցին, որ հովը առաւ զանոնք:
Սիրելիս, դժուար է ինծի համար եգել,
առաջին անգամն է, որ միասին չենք ըլլար:

Մարդիկ քու մասին հարցուցին ինծի,
ըսի՝ թէ պիտի վերադառնայ, չըլլայ որ մեղադրէք զիս:
Աչքերս գոցեցի, վախնալով թէ՝
մարդիկ տեսնեն քեզ, որ այնտեղ պահուըտած ես:
Հովը փչեց, հովը լացուց զիս,
առաջին անգամն է, որ միասին չենք ըլլար:

Ըսաւ ինծի դուրս եկուր գիշերէն, լուսաւորէ զիս,
գիշերը դէմս ելաւ ու մարեց լապտերներս:
Մի՛ հարցնէք ինծի, թէ ինչպէս գտայ ճամբաս,
որովհետեւ սիրտս զիս կ՚առաջնորդէր դէպի քեզ:
Ինչ որ այրուեցաւ՝ կարօտէն այրուեցաւ,
առաջին անգամն է, որ միասին չենք ըլլար:

Ուրիշ երգ մը եւս Ֆէյրուզէն, «Կը սիրեմ քեզ, Լիբանան»: Երգին բառերուն եւ երաժտշութեան հեղինակներն են Րահպանի եղբայրները.

- Կը սիրե՛մ քեզ, Լիբանան, ո՜վ իմ հայրենիքս, կը սիրեմ քեզ:
Հիւսիսովդ, հարաւովդ, հարթավայրերովդ կը սիրեմ քեզ:
Կը հարցնես, թէ ինչ ունիմ եւ ինչ չունիմ,
կը սիրե՛մ քեզ, Լիբանան, ո՜վ իմ հայրենիք:

Քու մօտդ պիտի մնամ եւ թող բացակային բացակաները,
պիտի չարչարուիմ, պիտի յոգնիմ, եւ ի՜նչ քաղցր է չարչարանքը:
Եթէ դուն ձգես զիս, ո՜վ ամենէն թանկագին սիրելի,
աշխարհը սուտ մը կ՚ըլլայ եւ աշխարհի պսակը՝ հող:

Աղքատութեանդ մէջ կը սիրեմ քեզ, հարստութեանդ մէջ կը սիրեմ քեզ,
սիրտս ձեռքիս մէջ է, քու սիրտդ թող չմոռնայ զիս:
Իսկ քու դուռիդ շեմին եղած երեկոն, աւելի թանկ է քան մէկ տարին,
եւ կը սիրե՛մ քեզ, Լիբանան, ո՜վ իմ հայրենիք:

Հարցուցին ինծի, թէ ի՞նչ պատահած է տօնի երկրին մէջ,
ամէն կողմ կրակ ու հրացաններ տնկուած են:
Ըսի անոնց, թէ մեր երկիրը նոր կը ծնի,
վեհանձն Լիբանանը եւ յամառ ժողովուրդը:

Ինչպէս որ ըլլաս կը սիրե՛մ քեզ, քու խենդութեամբդ կը սիրե՛մ քեզ,
իսկ եթէ մենք բաժնուինք, քու սէրդ կը հաւաքէ մեզ:
Հողիդ մէկ հատիկը աշխարհի բոլոր գանձերը կ՚արժէ,
եւ կը սիրե՛մ քեզ, Լիբանան, ո՜վ իմ հայրենիք:

Յաջորդ երգը, կը կոչուի՝ «Ձիւն ձիւն - Թալճ թալճ»: Երգի բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակները դարձեալ Րահպանի եղբայրներն են:

- Ձիւն, ձիւն, աշխարհի մէջ կը ձիւնէ,
աստղերը շփոթած են, իսկ ճամբաներուն ծաղիկները կը պաղին:
Ձիւն, ձիւն, աշխարհին մէջ կը ձիւնէ,
ամպերը յոգնած են, իսկ բլուրներուն վրայ լուսաւորուած վրաններ կան:

Եւ մինչեւ ուշ գիշեր արթուն մնացած քարայր մը, մէջը Փոքրիկ Մանուկ մը,
անոր գեղեցիկ աչքերուն մէջ այնքա՜ն սէր կայ:

Ձիւն ձիւն, աշխարհի մէջ կը ձիւնէ,
իւրաքանչիւր սիրտի, իւրաքանչիւր մարգագետինի մէջ սէրը ծաղկած է ձիւնի նման:

Հեռուէն հովիւներ կու գան,
ո՞ւր է խոստացուած Մանուկը:
Այստեղ է, ո՜վ տօնի հովիւներ,
այստեղ է, բաղձալի գիշերը:

Ձիւն ձիւն, տեղայ օրհնութիւն, սէր եւ ձիւն,
իւրաքանչիւր սիրտի, իւրաքանչիւր մարգագետինի վրայ,
ազնուութիւն, բարութիւն եւ սէր ձիւնի նման:
Ձիւն ձիւն:

Յաջորդ երգ «Տօնի գիշեր»: Երգի բառերուն հեղինակներն են Րահպանի եղբայրները, երաժշտութիւնը՝ ֆոլոքլոր:

- Տօնի գիշեր, տօնի գիշեր, այս գիշեր տօնի գիշեր է,
զարդարանք ու մարդիկ, զանգերու ձայներ, որ հեռուէն կը հնչեն:
Տօնի գիշեր, տօնի գիշեր, այս գիշեր տօնի գիշեր է
փոքրերու ձայներ, նոր հագուստներ, եւ վաղը սէրը նո՛ր է:

Ընկերները կը հանդիպին,
նուէրը դրան ետեւն է,
տան մէջ ծառ մը կայ,
փոքր երեխաները կը դառնան
եւ ծառը տօն եղաւ,
տօնն ալ ապարանջան մըն է ձեռքին վրայ,
եւ ձեռքը ծառին վրայ կը կախէ՝
երգ եւ ողկոյզներ:

Քարայր, որ ամբողջութեամբ տուներ է,
կարմիր սուտակի նման կը փայլի։
Ինչպէ՞ս տուն բերիր՝
ձիւն, ժապաւէններ ու լուսիններ:
Ո՞վ է որ տօնին պիտի գայ,
ու ժամադրութիւններ կը սփռէ,
մարդոց դուռերը կը ծեծէ ու կը հեռանայ,
եւ բարութիւնը մեր վրայ կ՚աւելնայ:

Յաջորդ երգը՝ «Պզտիկ ծառ մը կը զարդարէինք»: Բառերուն հեղինակն է լիբանանցի բանաստեղծ՝ Ճոզէֆ Հարպ:

- Փոքրիկ ծառ մը կը զարդարէինք ու անոր վրայ զանգեր կը կախէինք,
անոր վրայ փայլող աստղեր կային, որոնց գոյնը ադամանդի նման կը փայլէր,
լեցուն է ձիւնով, լեցուն է սպիտակ տոպրակներով քաղրաւենիքներով:
Ո՜վ զանգեր արթնցուցէք մարդիկը Պատարագի, ո՜վ զանգեր,
ո՜վ զանգեր այսօր տօն է, արթնցուցէք մարդիկը:

Անոր վրայ կապոյտ վարդարաններ կային, փոքրիկ մոմեր եւ լապտերներ,
կարմիր, դեղին՝ կը վառին-կը մարին, ճամբու լոյսերուն կը նմանին.
անոր ճիւղերուն միջեւ կան արծաթէ ժապաւէններ, թռչուններու դարակ մը ու փուչիկներ: 
Ո՜վ զանգեր արթնցուցէք մարդիկը Պատարագի, ո՜վ զանգեր,
ո՜վ զանգեր այսօր տօն է, արթնցուցէք մարդիկը:

Կը նստինք, որպէսզի նայէինք ատոնց, կը տեսնէինք որ անոնց վրայ սիրտեր կային,
կարմիր ջուրի գնդակ մը, որ կը վախնայինք իյնար ու հալէր,
անոր վրայ փոքրիկ գունաւոր քարտ մը կ՚ըլլար, որու մէջ նամակ մը:
Շնորհաւոր բոլորիդ տօնը…, շնորհաւոր…, շնորհաւոր:
Ամէն տօնի երկիրս լաւ [խաղաղ ու ապահով] ըլլայ, երկիրս լաւ [խաղաղ ու ապահով] ըլլայ:

Յաջորդ երգը դարձեալ Ճոզէֆ Հարպի հեղինակութիւնը եղող երգն է՝ «Գնա՛ այցելէ անոնց իրենց տունէն ներս», երաժշտութիւնը դարձեալ ֆոլոքլոր:

- Գնա՛ այցելէ անոնց իրենց տունէն ներս, անոնց տունը աղքատիկ է եւ ոչինչ ունին,
գնա՛ այցելէ անոնց իրենց տունէն ներս, ըսէ անոնց թէ՝ Յիսուս ծնաւ:

Գունաւորէ՛ անոնց հագուստին սեւութիւնը, անոնց մէկ օրէ ոսկի դարձուր,
լուսին կախէ անոնց դրան վրայ, պաղ կայ՝ կրակ տար անոնց:

Գնա՛ այցելէ անոնց իրենց տունէն ներս, ըսէ անոնց թէ՝ Յիսուս ծնաւ:

Տարիներ անոնց տօները հինցան…, ո՛չ մէկ օր նոր հագուստ հագած են,
եւ տակաւին անոնց երեխաները պզտիկ են, ո՜վ տօն, այցելէ անոնց, ո՜վ տօն:

Գնա՛ այցելէ անոնց իրենց տունէն ներս, ըսէ անոնց թէ՝ Յիսուս ծնաւ:

Գնա՛ այցելէ անոնց իրենց տունէն ներս, անոնց տունը աղքատիկ է եւ ոչինչ ունին,
գնա՛ այցելէ անոնց իրենց տունէն ներս, ըսէ անոնց թէ՝ Յիսուս ծնաւ:

այս գիշեր՝ Յիսուսը ծնաւ:

Յաջորդ երգը Րահպանի եղբայրներուն հեղինակած եւ եղանակաւորած «Ոսկին սուղ է» երգն է:

- Ոսկին սուղ է, սուղ…, ու անոր ողկոյզները խնդացին
Վարդը բարձր է, բարձր…, ի՞նչ կու գայ իր ձեռքէն:
Ոսկին սուղ է, սուղ…, վարդն ալ բարձր է բարձր:
Ո՜վ իմ սէր, ո՜վ իմ սէր, ո՜վ թանկարժէք ոսկի: 

Չի հարցուցիր անոր մեր մասին, մեր մեղադրանքը շատ է,
սիրոյ չափ՝ մեղադրանքը շատ է:
Ո՜վ դուք, փայփայուածներ…, դուք՝ որ մեր միտքին մէջ կը բնակիք,
սիրտս սիրելիներուս դռներուն առջեւ կորսնցուց իր ժամադրութիւնները:

Նոր շրջազգեստը, ապարանջանը, քայռը [վիզի զարդ],
եւ արծաթէ օղերը տօնի օրուան համար:
Ու ժամանակը կը վերադառնայ ինծի… եւ հովը որ կար,
ո՜վ իմ սէր, ո՜վ իմ սէր, խոստումը որ ունինք՝ կրկնենք:

Յարջորդ երգը՝ «Մայրս՝ հրեշտակս» վերանգիրը ունի: Բառերուն հեղինակն է լիբանանցի նշանաւոր բանաստեղծ՝ Սաաիտ Աքըլ, իսկ երաժշտութիւնը Րահպանի եղբայրներունն է:

- Մայրս՝ հրեշտակս… յաւէտ մնացող իմ սէրս,
ձեռքերդ տակաւին օրօրոցս են, եւ ես տակաւին երեխայ եմ:

Ամիս մը կը նայի ինծի եւ գարունը կ՚անցնի,
Մայրս, դուն ծաղիկ ես, որու բոյրին մէջ ես կը կորսուիմ:

Երբ կ՚ըսեմ մայրս, կը հիանամ անարատութեամբ,
մտահոգութեանս վրայ սոխակի թեւեր կը թեւածեն:

Մայրս՝ սիրտիս զարկը, լացս՝ երբ ցաւիմ,
համբոյրս եւ սէրս, մայրիկս եթէ հմայուի:

Աչքերդ, ի՜նչ աչքեր, աշխարհի բոլոր մոլորակներուն ամենէն գեղեցիկը,
Մայրս՝ հրեշտակս… յաւէտ մնացող իմ սէրս:

Յաջորդ երգը Րահպանի եղբայրներուն հեղինակութիւնն ու եղանակաւորումը եղող՝ «Անհետացիր ու մի՛ անհետանար» երգն է:

- Անհետացիր ու մի՛ անհետանար, ո՜վ Քաֆր Ղարի (Լիբանանի մէջ գիւղ մը) աստղ,
Ո՜վ լուսին իմ սիրելիս, տան դրան ծաղիկը:
Անհետացիր ու մի՛ անհետանար,
ո՜վ մեր անծանօթ դրացի,
դուն՝ հեռու եւ մօտիկ,
ո՜վ Քաֆր Ղարի աստղ:

Քնացիր ու մի՛ քնանար, ո՜վ գարնան փոքրիկ:
Քնացիր խաղաղ, նախքան աշխարհը կորսուի:
Քնացիր ու մի՛ քնանար.
խաղաղութեան բարձին վրայ,
աղաւնիին թեւերուն վրայ,
ո՜վ գարնան փոքրիկ:

Երեւացիր ու կանչէ զիս
այս երկար գիշերը:
Եւ անցնինք ուրախութենէն,
դժուարութենէն
եւ գեղեցիկ ժամերէն:

Յաջորդ երգը՝ «Օր մը, երկու օր եւ շաբաթ մը» վերանգիրը կը կրէ: Բառերուն հեղինակներն ու երգը եղանակաւորողները Րահպանի եղբայրներն են:

- Օր մը, երկու օր եւ շաբաթ մը, ամիս մը եւ երկու ամիս,
արցունքը յոգնեցաւ աչքիս մէջ, ո՞ւր անհետացած ես, ո՞ւր:

Ամիս մը, երկու ամիս եւ տակաւին…, տակաւին կ՚ըսես,
կ՚ըսես թէ պահած ես խոստումդ, եւ խոստումը կ՚երկարի,
եւ բացակայութեանդ սպասող սիրտս, միտքս զբաղած է,
զբաղած է, ու բացակայութեանդ անոր մէկ գիշերը երկու գիշեր եղած է:

Դէպի վեր թռչեցան ու բարձրացան երկու զգայուններ,
զգայունները, հեռացան ու բարձրացան… կիպարիսին վրայ:
Կը հարցնէ, թէ՝ ո՞ւր են. կ՚ըենք անոր՝ անուշիկները գացին,
անուշիկները, որոնք առուակի ակէն կը լեցնէին:

Պատուհանդ ծաղիկ ծաղկեցաւ, պատուհանդ՝ յասմիկ,
յասմիկը որ ճակատիդ է՝ լուսաւորեց, բոլորին լուսաւրոց:
Քովդ եկանք որպէսզի գիշերը անցընենք, չէիր երեւնար,
կարօտը երեւցաւ, որ աչքերուն արցունքներուն երկար գիշերել կու տար:

Վերջին երգը՝ «Ես սիրելիիսն եմ»: Բառերուն հեղինակը եւ երգին եղանակաւորումը Րահպանի եղբայրներունն է:

- Ես սիրելիիսն եմ եւ սիրելիս՝ իմս,
ո՜վ ճերմակ թռչուն, այլեւս մի՛ հարցներ,
ո՛չ ոք թող մեղադրէ, ո՛չ ոք թող նեղուի,
ես սիրելիիսն եմ եւ սիրելիս՝ իմս:

Սիրելիս կանչեց զիս ու ըսաւ՝ ձմեռը անցաւ,
աղաւնին վերադարձաւ, խնձորենին ծաղկեցաւ,
եւ ես դրանս մօտ եմ՝ ցօղ ու առաւօտը
ու աչքերուդ մէջ գարունս կը լուսաւորուի ու կը գեղեցկանայ:

Սիրելիս կանչեց զիս, եկայ առանց հարցումի,
քունէս գողցաւ զիս՝ միտքի հանգստութենէն,
ես անոր ճամբուն վրայ եմ ու անոր ճամբան՝ գեղեցկութեան,
ո՜վ սիրոյ արեւ՝ գգուէ մեր պատմութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2 մայիս 2025, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 10, 2025