ՏՂՈՒՆ ԹԵԼԵՖՈՆԸ ՏՈՒԻ՞Ր

-Քանի՞ է նարինջը, հարցուց մարդը։

-Մէկ տոպրակը յիսուն ոսկի է, ըսաւ տղան։ 

-Քանի՞ քիլօ կայ մէկ տոպրակին մէջ։ 

-Չորս։ 

-Մէկ տոպրակ նարինջ պիտի առնեմ, բայց դրամ չունիմ, ըսաւ մարդը։ 

Պատասխան չեկաւ։ 

-Հիւանդ կնոջ մը պիտի տանիմ, եթէ կարենաս ինծի տոպրակ մը նարինջ տալ։ 

Տղան առանց մտածելու տոպրակ մը շալկեց եւ մարդուն երկարեց. 

-Հրամմէ…

-Դրամ պիտի չկրնամ տալ, կրկնեց մարդը։ 

-Խնդիր չէ՛, տոպրակը մարդուն ձեռքերուն մէջ դնելով ըսաւ տղան։ 

-Քանի՞ տարեկան ես։

-Տասներկու։ 

-Օրական քանի՞ ժամ կ՚աշխատիս։ 

-Ութը, տասը, մինչեւ տոպրակներս վերջացնեմ։ 

-Քո՞ւ տոպրակներդ են, թէ՞ ուրիշին համար կը ծախես։ 

-Ուրիշին…

-Քանի՞ կը շահիս օրական։

-Յիսուն ոսկի։ 

-Շահած դրամդ ի՞նչ կ՚ընես։ 

-Գիշերը մօրս կը յանձնեմ։

-Մայրդ ի՞նչ կ՚ընէ այդ դրամով, գիտե՞ս։

-Քոյր, եղբայր ունիմ, մանկապարտէզ, դպրոց կ՚երթան։ 

-Դո՞ւն։

-Ես կ՚աշխատիմ… 

-Հայրդ ո՞ղջ է։ 

-Ողջ է։ Ան ալ կ՚աշխատի. եթէ իրմէ դրամ ուզեմ ինծի կու տայ, բայց ես պէտք է աշխատիմ, մանուկէ մը շա՜տ հեռու վճռականութեամբ բացատրեց տղան։

-Այսօրուան շահելիք յիսուն ոսկիդ ինծի տուած եղար այսպէս, զգուշացուց մարդը։ 

-Կարեւոր չէ՛, բարի, շա՜տ բարի ժպիտով մը պատասխանեց տղան։ 

-Ի՞նչպէս կարեւոր չէ։ Բան մը չշահեցար այսօր։ 

-Հիւանդ կնոջ մը համար չառի՞ր այս նարինջները։ 

-Այո՛, այդպէս ըսի քեզի։ 

-Ուրեմն բարիք մը շահեցայ ես այսօր։ 

-Հապա դրա՞մը։

-Բարիքը դրամէն կարեւոր է։ 

-Թերեւս խաբեցի քեզ, ի՞նչ գիտես։ 

Տղան լռեց։ 

-Թերեւս հիւանդ կնոջ մը պիտի չտանիմ, շարունակեց մարդը։ 

-Դո՞ւն պիտի առնես։ Քեզի ալ տոպրակ մը տա՞մ։

-Մի՛ տար, բայց եթէ սուտ է ըսածս, ի՞նչ կ՚ընես։ 

-Կարեւոր չէ՛։ Ես բարիք ըրած պիտի ըլլամ, հաստատեց տղան։ 

-Քեզի տարեկից, դպրոց գացող, խաղացող, ուրիշ շատ բաներ ընող պզտիկներուն ըրածներուն նայելով չե՞ս նեղուիր։

-Կը նեղուէի, հիմա աւելի քիչ կը նեղուիմ. վարժուեցայ… 

-Ի՞նչ չունիս եւ կ՚ուզես ունենալ։ 

-Եթէ՜ դրամ շատցնեմ, հեռաձայն պիտի գնեմ։ 

«Տղուն հեռաձայնը ետ տուի՞ր»՝ անցեալ շաբթուան գրածէս վերջ շատերը հարցուցին. 

Տուի, բարեկամներ, տուի եւ տալէս վերջ այս վերի զրոյցը ներկայացնող տեսերիզ մը ուղարկեցի երկշաբաթեայ անտանելի՜ զրկանքէ մը վերջ՝ զինք դէպի կեանք վերադարձնող հեռաձայնը յափշտակող տղուս…

Տեսերիզը ուղարկեցի, բայց, ատոր միայն այսքանը կրցանք դիտել մենք. նարինջ ծախող տղուն՝ «Եթէ՜ դրամ շատցնեմ, հեռաձայն պիտի գնեմ»էն վերջ տղուս լեցուած, բայց խորապէս մտածող աչքերէն հասկցայ, որ ահա ա՛յս քննութիւնը դժուար էր… 

Վնաս չունի։ 

Ծիածաններէն ու շողշողուն լոյսերէն հեռու, պէտք է գիտնալ, որ 5-րդ դասարանէն մանուկներուն իրենց արդար իրաւունքները դասաւանդող մեր աշխարհին մէջ, թանկարժէք կերպասներով կարուած բաճկոններ հագնող ու յատուկ դաշտերու մէջ «թենիս» խաղացող բախտաւոր թագաժառանգ մանուկներուն կողքին, կան նաեւ ծախուողները, առեւանգուողները, գետնին տակ տեղ մը քնացողները, բարիք մը հայցելու չափ շուտ մեծցող փոքրիկները, հետզհետէ աւելի քիչ նեղուողները, ամէն ինչին վարժուողները, փուչիկ ծախողները, տարեդարձներէն վերջ աղտոտած սրահները մաքրողները, մոմ չփչողները, շատ սուղ սուրճեր ըլլալիք հատիկներ հաւաքողները, ուրիշ մանուկներ դպրոց հասցնող «Մերսետէս»ներու ապակիներ սրբողները, «քոտինկ»ի դաս չառնողները, տուն-տեղէ զրկուած վրանի տակ թրջուողները, ամառները լողաւազան չգացողները, իյնալով-իյնալով «ռոլըր սքէյթ» քշել չսորվողները, ինքնաշարժի պայթած անիւի մը մէջ օրօրուողները, հրթիռներէն, պայթիւններէն չվախցողները, ապագային զանոնք չյիշելու չափ՝ փոքր տարիքին իրենց ծնողները կորսնցնողները… 

Իր խաղալը քիչ մըն ալ յետաձգող տղաս, նարինջ ծախող տղուն տեսերիզը աւարտեց, գիտեմ, բայց բաւական երկա՜ր լուռ մնալուն պատճառով ճիշդ չե՛մ գիտեր, թէ ան քանի վայրկեան մտածեց տասը ժամ աշխատող, բարիք մը ընելով գոհացող, գործածուած հեռաձայն մը ունենալ երազող իր տարեկիցին, վերջաւորութեան անոր դրամ նուիրող բարերարին եւ ամենակարեւորը՝ այս բոլորը տեսագրողին, թերեւս յօրինողին, պատրաստողին, «փոսթ» ընողին, ծախողին, «վիու» հաւաքողին, ամէն ինչ գնող ու ծախողին մասին… 

Հոս ալ նոյնը չկրցանք ըլլալ ես ու տղաս. ես՝ առանց մտածելու յուզուեցայ, ան մտածեց՝ ինքնաբերաբար։ 

Ասա՞նկ էր, թէ՞ մենք այսպիսին ըրինք մեր աշխարհը…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025