ՍԻՐՈՅ ԳԻՐՔԸ

Թանկագին տիկնոջս՝ Պալքիսին, կեանքի ընկերոջս եւ բանաստեղծութեան ընկերոջս:
Նիզար

-27-

Երբ սիրահարուած ըլլամ
հեղուկ լոյս կը դառնամ,
որ աչքը չի՛ կրնար տեսնել զիս:
Իսկ իմ բանաստեղծութեան տետրակներս
միմոսայի (mimosa) եւ երիցուկներու դաշտերու կը վերածուին:

-28-

Երբ սիրահարուած ըլլամ
մատներէս ջուր կը ժայթքի
եւ լեզուիս վրայ խոտ կը բուսնի:
Երբ սիրահարուած ըլլամ
ժամանակէն դուրս ժամանակ մը կ՚ըլլամ:

-29-

Կը սիրեմ քեզ երբ կու լաս
կը սիրեմ քեզ երբ դէմքդ ամպոտ ու տխուր ըլլայ:
Տխրութիւնը կը հալեցնէ ու կը լուծէ մեզ,
այնպէս մը որ ո՛չ ես գիտեմ եւ ո՛չ ալ դուն:
Ես կը սիրեմ այդ թանկագիրն արցունքները
եւ կը սիրեմ անոնցմէ ետք եկող հոկտեմբերը:
Որոշ կիներու դէմքը գեղեցիկ է
եւ աւելի գեղեցիկ կ՚ըլլայ… երբ կու լան:

-30-

Դէմքիս տարիքը…
Երկրի տարիքին նման է… հազարաւոր դարեր:
Տխրութեանս տարիքը
Աստուծոյ տարիքին նման է… կամ ծովերուն տարիքին նման:
Ծնունդիս օրը, ես չեմ գիտեր,
այն ինչ որ կը հաշուես, ո՜վ տիկին,
տարիքս չէ…, այլ՝ զգացումս:

-31-

Սխալ հասկցար զիս, ընկերուհիս…
Բարդոյթով չեմ տառապիր,
ո՛չ ալ Էտիպն (Oedipus) բնազդներուս ու երազիս մէջ:
Սակայն, իւրաքանչիւր կին՝ որ սիրեցի,
ուզեցի որ ի՛մս ըլլայ՝
սիրելիս ու մայրս…:
Ամբողջ սիրտովս կը փափաքիմ՝
որ մայրս ըլլաս…:

-32-

Բոլոր բաները որ իմ մասիս ըսած են… ճիշդ են:
Բոլոր բաները որ իմ համբաւիս մասին լսած ես՝
սիրահարուելու եւ կիներու մասին. իրականութիւն են:
Սակայն, անոնք չգիտցան թէ
Կ՚արիւնահոսիմ սիրոյդ համար, ինչպէս Քրիստոսը:

-33-

Երբեմն կը պատահի որ փոքրիկներուն նման՝
առանց պատճառի լամ:
Կը պատահի որ առանց պատճառի
բարի աչքերէդ յոգնիմ…:
Կը պատահի որ բառերէս, թուղթերէս
եւ գիրքերէս յոգնիմ…:
Կը պատահի նաեւ որ յոգնութենէս ալ յոգնիմ…:

-34-

Աչքերդ անձրեւոտ գիշերի նման են,
նաւերս անոնց մէջ ընկղմած են…,
գրութիւններս անոնց մէջ մոռցուած են…
Հայելիները յիշողութիւն չունին…:

-35-

Իմ սիրածիս անունը 
հովին վրայ գրեցի,
ջուրին վրայ գրեցի:
Չէի գիտեր, սակայն թէ հովը
լաւ չի՛ լսեր:
Չէի գիրտեր նաեւ թէ ջուրը՝
անունները չի՛ պահեր…:

-36-

Ո՜վ ճամբորդուհի,
տաս տարեկանէդ ի վեր,
նիզակի նման խրուած ես կողիս վրայ:

-37-

Այդ դէմքին ու աչքերուն սիրոյն,
այս տարի գարունը երկու անգամ այցելեց մեզի,
ինչպէս նաեւ մարգարէն ալ երկու անգամ այցելեց մեզի:

-38-

Աչքերուդ մէջ ինչպէս ամպ կը տեղամ,
եւ իմ պայուսակներուս մէջ անոնց կը տանիմ՝
տխրութիւններու եւ վհատութեան գանձ մը:
Հազար առուակ կը տանիմ,
եւ հազար հազար անտառ,
ինչպէս նաեւ վերարկուիս տակ պատմութիւնը կը շալկեմ
եւ գրելու տառերը:

-39-

Մեր սիրոյ մէջ ամենէն հիանալի բանը այն է, թէ՝
ո՛չ խելք եւ ո՛չ ալ տրամաբանութիւն ունի:
Մեր սիրոյ մէջ ամենէն հիանալի բանը այն է, թէ՝
ջուրին վրայէն կը քալէ ու չ՚ընկղմիր:

-40-

Այնքան ատեն որ բանաստեղծութիւններուս ու բառերուս մէջ ես՝
մի՛ մտահոգուիր… գեղցկուհիներու գեղեցկուհի:
Կրնայ ըլլալ որ տարիներուն հետ մեծնաս…, բայց՝
էջերուս վրայ բնա՛ւ չես մեծցած:

-41-

Բաւարար չէ որ անուշիկ ըլլաս,
պէտք էր օր մը անպայման
իմ բազուկներէս անցնէիր՝
որպէսզի անուշիկ ըլլայիր:

-42-

Ինչքան որ աչքերուդ մէջ ճամբորդեմ, սիրելիս,
կը զգամ թէ կախարդական գորգի մը վրայ նստած եմ,
որով վարդագոյն ամպ մը կը բարձրացնէ զիս,
ապա… մանիշակագոյնը կու գայ:
Աչքերուդ մէջ կը դառնամ, սիրելիս,
երկրագունդին նման կը դառնամ…:

-43-

Ձուկին ինչքան կը նմանիս.
արագ ես սիրոյ մէջ… ինչպէս ձուկը:
Վախկոտ ես սիրոյ մէջ… ինչպէս ձուկը:
Իմ ներսիդիս հազար կին մեռցուցի…,
եւ դուն եղար թագուհին…:

-44-

Ես սիրոյ առաքեալն եմ…
Անակնկալներս կը բերեմ կիներուն:
Եթէ կուրծքերդ գինիով լուացած չըլլայի…
ողջ չէին ըլլար:
Եթէ պտուկներդ կլորնան՝
ապա այդ իմ ամենէն փոքր հրաշքներէս է…:


-45-


Ամենէն գեղեցիկ բանը մէջդ՝ խենթութիւնն է:
Ամենէն գեղեցիկ բանը մէջդ՝ եթէ արտօնես ինծի,
կուրծքերուդ օրէնքէն դուրս ելլելն է…:

-46-

Մերկացիր… որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր՝
աշխարհին վրայ հրաշքներ չեն ինկած:
Մերկացի՛ր…, մերկացի՛ր,
ես համր եմ,
իսկ մարմինդ բոլոր լեզուները գիտէ:

-47-

Հին ժամանակներուն, կուրծքերդ…
աղաւնիին նման խաղաղութիւն կ՚երգէին,
ինչպէ՞ս մէկ գիշերուան ընթացքին
կուրծքերդ դատաստանի օրուան նման եղան:

-48-

Կարմիր եղունգներդ վիզիս դիր,
ոչխար կամ գառնուկ մի՛ ըլլար.
դիմադրէ՛ ինծի բոլոր հնարքներովդ՝
եթէ վառուած հրաբուխի մը նման գամ մօտդ:
Ամենէն գեղեցիկ շրթները անոնք են՝ որ կը դիմադրեն,
իսկ ամենէն գէշերը՝ որ միշտ կ՚ըսեն. այո՛:

-49-

Տարուէ տարի ինչքա՜ն փոխուեցայ.
միակ մտահոգութիւնս մերկանալդ էր,
եւ մարմարէ անտառի մը նման մնալդ:
Իսկ այսօր, ես միայն կ՚ուզեմ,
որ հարցական նշան մը ըլլաս:

-50-

…Ամէն անգամ որ մէկէ մը [կին] կը բաժնուիմ,
յիմարաբար կ՚ըսեմ.
«Վերջին կինը պիտի ըլլայ»,
«վերջին անգամն է…»:
Ատկէ ետք սակայն…, հազար անգամ սիրոյ մէջ ինկայ,
եւ հազար անգամ մեռայ…:
Եւ տակաւին կը շարունակեմ ըսել.
«Վերջին անգամն է…»:

-51-

Ի զուր կը գրեմ, ո՜վ տիկին:
Զգացումներս լեզուէս աւելի մեծ են:
Քու հանդէպդ ունեցած զգացումներս կ՚անդրանցնին
ձայնս…, ինչպէս նաեւ կոկորդս:
Ի զուր է, որ կը գրեմ, այնքան ատեն՝
որ բառերս շրթունքերէս աւելի լայն են:
Կ՚ատեմ բոլոր գրութիւններս:
Խնդիրս այն է՝ որ դո՛ւն ես իմ խնդիրս:

-52-

Որովհետեւ սէրս քու հանդէպ խօսքի մակարդակէն վեր է,
որոշեցի լռել…
եւ վերջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025