ՈԳԻԻ ՍՈՎ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԵԿԵՂԵՑԻ, ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ… Ի՞ՆՉԻ ԿԸ ՍՊԱՍՈՒԻ
Ոգիի սով է…
Դարեր շարունակ մեծ մտածողները ահազանգած են այս տեսակ սովի մասին՝ ըսելով, թէ օր մը պիտի գայ, երբ մարդը պիտի ունենայ ամէն բան, բացի հոգեկան հանգստութենէ եւ ուրախութենէ։ Ահազանգած են, որ պիտի գայ այն օրը, երբ աշխարհը լեցուի ճոխութեամբ, լոյսերով, բայց պիտի դատարկուի հոգեկան հրճուանքէ։
Այդ օրը հասած է։ Մենք այդ օրերը կ՚ապրինք՝ լուռ, անտեսանելի, սակայն, խորապէս զգալի։
Այսօր մարդը առատօրէն կը կերակրէ իր մարմինը եւ կը մոռնայ հոգին։ Մեր այսօրուայ ապրած օրը դարձուցած է մարդը անտարբեր եւ չլսող։
Ոգիի սովը չի տեսնուիր աչքով, բայց կը խլէ մարդու ներքին տեսողութիւնը։
ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Այսօր ոգիի սովը կը դրսեւորուի նոր ձեւերով, որոնցմէ մէկը մարդու վերաբերմունքն է հանդէպ այն հաստատութիւններուն, որոնք դարեր շարունակ եղած են հոգեւոր ապաւէն։ Հայոց եկեղեցին որպէս մշակոյթի, հաւատքի եւ բարոյական արժէքներու պահապան, այսօր շատերու աչքին դարձած է ձեւով մը անվստահելի կառոյց, իսկ հոգեւորականները՝ կասկածելի անձեր։
Մարդիկ, որոնք դարերով կ՚աղօթէին եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, այսօր կանգնած են դիմացը՝ տարակուսանքով, երբեմն՝ զայրոյթով։
Այս երեւոյթը կարելի է մեկնաբանել զանազան կերպերով, սակայն, խորքին մէջ ան նաեւ նշանն է ոգիի սովի։ Մարդիկ այլեւս չեն վախնար ելլել դարաւոր կառոյցի դէմ, որովհետեւ իրենց հոգիներուն մէջ ամայացած է այն վախն ու յարգանքը, որ միաժամանակ սրբութիւնը կը պահէր եւ կը յիշեցնէր մարդու սահմանները։
Եկեղեցիին դէմ եղած դժգոհութիւնը երբեմն ունի իր իրաւացի պատճառները՝ կառոյցներու խեղաթիւրումները, անիրաւութիւնները, քահանայական սխալները․․․ Սակայն, երբ այդ դժգոհութիւնը կը վերածուի արմատախիլ մերժման՝ առանց հասկնալու, թէ եկեղեցին ի՛նչ է իր էութեամբ, այն ատեն կը դառնայ ոգիի սովի բացայայտ դրսեւորումի։ Գերիշխող այս վիճակը միայն պատերազմէն, տնտեսական ճգաժամէն եւ աղէտներէն չէ եկած, այլ նաեւ՝ ինքնութեան շփոթութենէն։
Այսօր մեր երկրի հիմնական կառոյցները՝ քաղաքական եւ եկեղեցական, ճնշման տակ են։ Եւ այս երկու կառոյցներուն մէջ սկսած մերթ ընդ մերթ բախումը վերածուած է տեւական հակամարտութեան։
Անցեալին երբեմն ենթագիտակցօրէն կամ հանդարտ հնչող վէճերը, թաքուն դժգոհութիւնը, մեղմ հակադրութիւնը կամ սառն պահուածքը արդէն վերածուած են հրապարակային ու անխուսափելի, վայրագ բախումներու, որոնց հետեւանքով բարեկամութիւնները, համագործակցութիւնները եւ հասարակական համախմբուածութիւնը կանգ առած են կամ կը վերաձեւաւորուին՝ նոր պայմաններու ներքոյ, կշռելով ոչ թէ համոզումներով, այլ հաւատարմութիւններով, շահերով կամ վախերով։ Հասարակական համախմբուածութիւնը այն նուրբ թելն էր, որ ազգը, թէկուզ երեւութապէս, կը միացնէր եւ այդ թելը սկսած է փրթիլ։
Այս հակամարտութիւնը հասած է մինչեւ անձնական տարածք։ Մարդիկ այլեւս չեն ամչնար ներխուժել ուրիշի կեանքին մէջ․ անկողինները, ընտանեկան գաղտնիքները, անծանօթ ենթադրութիւնները հրապարակ կը նետուին իբրեւ փաստեր, իբրեւ ճշմարտութիւններ։ Վէճերը, որոնք կրնային հանգուցալուծուիլ զրոյցով, զգուշութեամբ, այժմ կը բացուին հրապարակին վրայ՝ դառնալով թիրախ, վարկաբեկման եւ ամբոխային դատաստանի նիւթ։
Ամբոխը կը ծափահարէ կամ կը քարկոծէ՝ առանց դատելու, առանց հասկնալու, որ այս անընդհատ կեղեքումը առաջին հերթին կը խոցէ հասարակութեան բարոյական հիմքը։
Այո՛, այս ամէնը այսօր կը կերտէ Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական մթնոլորտը՝ խիտ, ծանր եւ շնչահեղձ։ Մթնոլորտ մը, ուր յաճախ կորսուած է լռութեան արժէքը, խոհեմութեան արժանապատուութիւնը, հանդուրժողութեան ազնուութիւնը։
Եւ այս մթնոլորտին մէջ հարցումը կը մնայ բաց․ ի՞նչ պիտի ծնինք այս փոթորկէն՝ աւելի հիւանդ հասարակութի՞ւն, թէ մաքրուած, առողջ հոգիներ։
Տհաճ ու տագնապալի վիճակ մըն է։ Մարդիկ յոգնած են, բայց չեն դադրիր, որովհետեւ այդ յոգնութիւնը արդէն ինքզինք կերակրող վիճակ մը դարձած է։
Ճիշդն ու սխալը խառնուած են, բարոյական չափերը՝ խամրած, իսկ հասարակական հաւաքականութիւնը՝ անճանաչելի։ Մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ անգամ մտած է այդ կասկածի, կռիւի, իրարու չհաւատալու մթնոլորտը։
Ամէն օր կ՚արթննանք ո՛չ թէ արեւը դիմաւորելու, այլ տեսնելու՝ թէ ֆէյսպուքին մէջ ո՛ր մէկ իշխանաւորը ի՛նչ գրած է այս կամ այն հոգեւորականին մասին եւ անոնք ալ ինչպէ՛ս պատասխանած են։ Կամ՝ ո՛ր եկեղեցականը այս անգամ թիրախ դարձած է՝ կալանքի, բանտի, դատական քաշքշուքի կամ հրապարակային ծաղրի։ Մէկ կողմը կը խոստովանի, միւսը կը մերժէ, իսկ այս հակադրութիւնը օրէ օր կը դառնայ նոր ներկայացում՝ ժողովուրդին հոգեկան սպառման գնով։
Մեր առաւօտները այլեւս չեն սկսիր աղօթքով, գիրքով կամ ժրաջան աշխատանքով, այլ՝ հետեւելով առցանց պատերազմին, որուն կրակներուն տակ կը մոխրանան յարգանքը, բանականութիւնը եւ չափը։ Այս տեսարանները կու տան այն զգացումը, թէ հանրային բանավէճը այլեւս չունի ո՛չ հոգեւոր կշիռ, ո՛չ բարոյական յատակ։
Ֆէյսպուքը դարձած է նոր հրապարակ մը՝ առանց սահմաններու եւ առանց ամօթի զգացումի, ուր քաղաքականը խառնուած է անձնականին, իսկ հոգեւոր խօսքը՝ ամբոխային ոճով արձակուած դատաստաններու։
Այդ անսահման տիրոյթը՝ ֆէյսպուքը, որ կրնար դառնալ գիտելիքի, միտքի ու մշակոյթի փոխանակման միջոց, դարձած է բեմ մը՝ վարկաբեկման, վիրաւորանքի եւ անզուսպ ձայներու։ Մարդիկ այնտեղ կարծես այլեւս չեն զրուցեր, այլ կը յարձակին։ Չեն բաժներ միտքեր, կը պարտադրեն կարծիք։ Եւ ամենէն աղէտալին այն է, որ այս ամէնը կը թունաւորէ երիտասարդութիւնը՝ անոր հաւատքը, վստահութիւնը, ներքին խաղաղութիւնը, վաղուան օրը։
Ֆէյսպուքը այսօր հայ իրականութեան մէջ փոխարինած է համալսարանները, հրապարակները, սրահները, երբեմն նոյնիսկ ամպիոնները՝ դառնալով վայր մը առանց պատասխանատուութեան եւ առանց չափի։ Ահա՛, թէ ինչպէս մեր առօրեան լեցուած է աղմուկով, մինչ մեր ներքին լռութիւնը՝ այն հոգեւոր խիղճը, որ կը զտէր խօսքը, սկսած է ցամքիլ։
Վաղուց ժամանակն է մտածելու՝ ո՞ւր կը տանի մեզ այս անընդհատ աղմուկը եւ ո՞վ պիտի վերադարձնէ մեզի լռութեան փրկարար ուժը։
ՈԳԻԻ ՍՈՎԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Ոգիի սովը միշտ ալ սկսած է այնտեղ, ուր մարդը կը փորձէ փոխարինել հոգեւոր հաստատութիւնները միայն մարդակերտ համակարգերով։ Երբ կը ջնջենք սրբութեան գաղափարը, կը մնանք առանց վերին չափանիշի։ Եւ առանց այդ չափանիշին, մարդը կը դառնայ ինքն իր դատաւորը, առանց հոգեւոր պաշտպանութեան եւ նեցուկի։
Այն փաստը, որ այսօր շատեր առանց վախի կը հարձակին Եկեղեցիին վրայ, կը վկայէ նոր ժամանակներու հոգեբանական փոթորիկին մասին։ Մարդիկ այլեւս չեն ընդունիր այն խորհրդաւոր լռութիւնը, որ դարեր շարունակ ապահոված է հաւատքի ներքին կապը։ Անոնք կը մօտենան սրբավայրերուն ո՛չ թէ աղօթքով, այլ՝ քննադատութեամբ։ Այս վախազուրկ վիճակը ինքնին չի նշանակեր խիզախութիւն, այլ՝ մոլորութիւն է։
Այս իրավիճակը Հայաստանը կանգնեցուցած է բեկումնային դռներու առջեւ. պիտի շարունակե՞նք հեռանալ մեր հոգեւոր արմատներէն՝ կարծելով, թէ ազատութեան անունով նոր ճշմարտութիւն կը գտնենք, թէ պիտի գիտակցինք, որ ազատութիւնը առանց հաւատքի կը վերածուի անապատի։
ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԻՄՆԱՍԻՒՆ
Եկեղեցին, ինչքան ալ քննադատուի, կը մնայ մեր հոգեւոր յիշողութեան անբաժան մասը։ Անիկա միայն պատեր եւ արարողութիւն չէ, այլ նաեւ ներքին յիշեցում մը, թէ ոգին ունի իր տունը։ Իսկ այն ժողովուրդը, որ կը մոռնայ իր հոգեւոր տան դռները, անխուսափելիօրէն կը մնայ դուրսը՝ հոգեւոր ցուրտի եւ սովի մէջ։
Եկեղեցին, հայ ժողովուրդի հոգեւոր հիմնասիւնը ըլլալով, մինչ օրս կը պահպանէ իր կարեւոր դերը ո՛չ միայն բարոյական ու կրօնական ուղղորդման, այլեւ ազգային ինքնութեան պահպանումին եւ երիտասարդ սերունդի կրթութեան առումով։ Միեւնոյն ժամանակ, պետական իշխանութիւններուն դերն ալ պէտք չէ նսեմացնել, անոնք կը ջանան ապահովել պետականութեան եւ կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութիւն՝ պահպանելով ժողովրդավարութեան սկզբունքները…
ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ-ԵԿԵՂԵՑԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Այս հակամարտութիւնը թերեւս միշտ ալ եղած է՝ զանազան դրսեւորումներով, սակայն այն, ինչի ականատես ենք այսօր Հայաստանի մէջ՝ աննախադէպ է։ 2020 թուականի Արցախի պատերազմը եւ անոր հետեւած քաղաքական որոշումները, այդ կարգին՝ հրադադարի պայմանագրի ստորագրումը, խորացուցին Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Եկեղեցւոյ միջեւ տարաձայնութիւնները։
Եկեղեցին, որ տարիներ շարունակ նկատուած է ազգային միասնութեան եւ ժողովրդային ոգիի խորհրդանիշ, այդ ժամանակ կեցաւ բարդ եւ իրատեսական որոշումներ ընդունելու առջեւ։ Այս որոշումները բոլորի կողմէ չէին ընկալուեր միանման. որոշ հասարակական խումբեր եւ եկեղեցւոյ որոշ ներկայացուցիչներ կասկածով եւ քննադատութեամբ դիտեցին զանոնք։ Պատերազմը եւ յետպատերազմեան քայլերը քաղաքական լարումներ ստեղծեցին, խորացուցին հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու շուրջ տարաձայնութիւնները, հետեւաբար նաեւ հաստատելով, որ Եկեղեցիի եւ պետական իշխանութիւններուն դերը ժողովուրդի առջեւ միշտ չէ, որ կը համընկնի։
Միեւնոյն ժամանակ, նոր կառավարութիւնը ջանաց մշակութային եւ կրթական համակարգէն ներս իրականացնել ձեռնարներկ, որոնք կ՚առընչուէին ո՛չ միայն քաղաքական ազատութեան ընդարձակման, այլեւ՝ կրօնական դաշտի ու հոգեւոր ինքնավարութեան։ Ահա՛, այս հանգամանքը դարձաւ հակամարտութեան հիմնական շարժիչ ուժերէն մէկը։
Եկեղեցական իշխանութիւնը սկսաւ սպառնալիք զգալ՝ եկեղեցիի դերը սահմանափակելու եւ հասարակական ազդեցութիւնը խախտելու հեռանկարի տեսանկիւնէն։ Այս զգայուն պահը խորացուց քաղաքական ու հոգեւոր լարուածութիւնը եւ դրաւ սկիզբը այն բարդ հակադրութեան, որ կը շարունակուի մինչ օրս։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ԱՒԱՐՏԻԼ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ-ԵԿԵՂԵՑԻ ՊԱՅՔԱՐԸ
Ամենալաւատեսական լուծումը այն է, որ կառավարութիւնը եւ Եկեղեցին գտնեն փոխըմբռնման եզրեր, սահմանափակուի քաղաքական միջամտութիւնը եկեղեցւոյ գործերուն եւ յստակեցուի եկեղեցւոյ դերը հասարակութեան մէջ։
Երկկողմանի փոխզիջումը կը ստեղծէ հասարակական վստահութիւն, մշակութային ու հոգեւոր արժէքները կը վերադառնան ու կը դառնան հասարակական կեանքի առանցքը։ Հաշտեցումը կը պահանջէ երկկողմանի կամք եւ հոգեւոր զգայունութիւն։
Երկրորդ լուծումը ոմանք կը կանխատեսեն այն, որ իշխանութիւնը կրնայ ձեռնարկել կոշտ քայլեր՝ վերահսկելով եկեղեցիի նիւթական միջոցները, գոյքը, անցուդարձը եւ փորձելով նուազեցնել անոր ազդեցութիւնը։ Կարճաժամկէտ առումով՝ իշխանութիւնը կրնա՛յ վերահսկել իրավիճակը, սակայն երկար ժամանակ այդպէս վարուելու պարագային հոգեւոր սովը կը խորանայ, հասարակութիւնը կը դառնայ անհանգիստ եւ պառակտուած։
Ոմանք կը կանխատեսեն բախում եւ ա՛լ աւելի բեւեռացում․ մերթ ընդ մերթ բախումներ ընտրելը կը ստեղծէ երկու բեւեռ՝ մէկը իշխանութեան կողմը, երկրորդը՝ եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր առաջնորդներու կողմը։ Այս բեմագրութիւնը ամենաանցանկալին է՝ երկարաժամկէտ վնասներու բարձր վտանգներով։
Չորրորդ տարբերակը կրնայ ըլլալ Եկեղեցիի եւ հասարակութեան ինքնուրոյն ուժեղացում․ եթէ պետութիւնը անկայուն է, իսկ Եկեղեցին եւ հոգեւոր համայնքները շարունակեն գործել անկախ իշխանութենէն, կրնայ ստեղծուիլ ներքին ինքնավարութիւն եւ հոգեւոր վերածնունդ։ Հասարակութիւնը կրնայ ինքնուրոյն գտնել իր լիցքը եւ միասնութիւնը։ Այս պարագային ժողովուրդը, հասարակութիւնը կը վերադառնան հոգեւորին, ազգային ինքնութիւնը կը պահպանուի։ Սակայն, այս պարագային տնտեսական ու քաղաքական հարցերու նկատմամբ վերահսկողութիւնը սահմանափակ է եւ արտաքին մարտահրաւէրները չեն լուծուիր ամբողջութեամբ միայն այս ճանապարհով։
Ամենալաւ ելքը կը սկսի մէկ պարզ բանէն՝ խօսքէն, անդադար երկխօսութենէն եւ վերաձեւաւորուած փոխզիջումէն, որոնք պաշտպանուած են օրինականութեամբ եւ լեցուած հոգեւոր ինքնագիտակցութեամբ։
Խօսքը կրնայ յեղափոխական դեր ունենալ, ուստի պէտք է խօսիլ… առանց ատելութեան։
ՆԵՐՔԻՆ ՍՆԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐ
Յստակ է, որ հոգեւոր սնանկութեան պայմաններու մէջ ժողովուրդը զգայուն է արտաքին սպառնալիքներուն առջեւ։ Արդէն իսկ ներքին սպառնալիքները՝ արժէքներու կորուստը, խանդավառութեան պակասը, անհամերաշխութիւնը եւ անհաւասարակշռութիւնները, անմիջապէս կը կրճատեն ազգի դիմադրողականութիւնը։
Երբ երկրի մը ներսը չկայ միասնական նպատակ, հզօր արժէքներ ու հաւաքական գիտակցութիւն, արտաքին վտանգները կը դառնան ծանր, դիւրին կերպով կը սողոսկին․․․
Եթէ հայ ժողովուրդը չգիտակցի ներքին սնանկութեան վտանգները, ապա միակ կառոյցները, որոնք կրնան դիմադրել արտաքին ճնշումներուն, չեն կրնար արդիւնաւէտ գործել։ Պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ այն պահերուն, երբ ժողովուրդը ներքին միասնութիւն ու հոգեւոր ուժ ունէր, արտաքին ճնշումները, յարձակումները եւ բռնազաւթումները ո՛չ թէ կոտրեցին զինք, այլ լիցքաւորեցին ոգին՝ տանելով դէպի վերածնունդ եւ ինքնավարութիւն։
Այսօր անհրաժեշտ է վերականգնել ներսի վստահութիւնը, ունենալ համերաշխութիւն, հոգեւոր ու մշակութային սնունդ։
Ներքին ուժեղ համակարգերը, բնականաբար, արտաքին ճնշումները յաղթահարելի կը դարձնեն։ Երբ մեր ժողովուրդը կորսնցուց այդ ներքին յաւելեալ հաւատքը՝ իր հոգեւոր միութեան, իր արժէքային հիմքերուն հանդէպ վստահութիւնը, այն ատեն ալ սկսաւ խարխլուիլ արտաքին աշխարհին դիմաց։ Ո՛չ զէնքն էր պակաս, ո՛չ կարողութիւնը, այլ կամքը՝ միաւորուած կամքը, զոր կը ծնի միայն հոգեւոր սնունդէն ու մշակութային ինքնագիտակցութենէն։ Ահա՛, այս մէկն է, որ այսօր ամենէն աւելի կը պակսի մեզի։
Մեր ժամանակներուն վտանգը միշտ միայն սահմաններուն վրայ չէ․ ան նաեւ մեր ներսն է՝ անտարբերութեան, անհաւատութեան եւ չսնուցուած հոգիներու մէջ։ Երբ ազգ մը կը դադարէ իր մշակոյթը ապրիլ, իր երգն ու աղօթքը հնչեցնել, իր պատմութիւնը սերունդներուն փոխանցել՝ ան այլեւս կը դառնայ անիմաստ ձայն մը՝ առանց թրթռումի, մարմին մը առանց հոգիի։
Հետեւաբար մեր օրերուն յաղթանակը պիտի չգրուի զէնքով, այլ գրիչով ու հոգիով։ Ամէն դպրոց, ամէն մշակութային օճախ, ամէն ընտանիք պէտք է դառնայ փոքրիկ վանք մը, ուր կը վերակենդանանան հայ լեզուն, երգը, ձեռագիրն ու աղօթքը։ Ահա՛, այն ճանապարհը, որ կրնայ դարձեալ լիցքաւորել մեր ժողովուրդին ոգին եւ զայն առաջնորդել դէպի ինքնուրոյն, արժանապատիւ գոյութիւն։
Երբ կը վերագտնենք այս ներքին հաւասարակշռութիւնը, արտաքին աշխարհը այլեւս չի կրնար մեզ տկարացնել։ Դարերով ապացուցուած է, որ ժողովուրդ մը, որուն հոգին արթուն է, որուն մշակոյթը կենդանի է, երբեք չի կորսուիր։ Նոյնիսկ աքսորի, աղէտի մէջ՝ ան կը գտնէ իր նոր ծնունդը։
Այս է մեզի պատմութեան խորագոյն պատգամը, որ պէտք է նորովի կարդանք ու ապրինք մեր օրերուն մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
