ՄՇՈՅ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ

Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հանդիսաւորութեամբ կը նշէ Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Քրիստոնէական աշխարհի համար եւս մէկ կարեւոր տօն է Համբարձումը, որուն խորհուրդը կը յիշեցնէ Տիրոջ երկրային առաքելութեան աւարտը եւ Իր երկինք համբառնալը՝ փառքով եւ յաւիտենական իշխանութեամբ։

Այս տօնը հայ իրականութեան մէջ շաղախուած է հնամենի ուխտագնացութիւններով եւ ժողովրդական աւանդութիւններով։

Տօնի առիթով բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուող Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը կ՚եզրափակուի Հայրապետական մաղթանքի արարողութեամբ։ Ասիկա կարեւոր մեկնաբանութիւն է, որ Եկեղեցին Քրիստոսի համբառնալը կը կապէ երկրային հայրենիքի անդորրութեան հետ. հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ Եկեղեցին կը վերահաստատէ հաւատացեալի կապը իր հողին ու պետականութեան։

Համբարձումը հայուն համար նաեւ «ճանապարհի տօն» է։ Ժողովրդական բարեպաշտութիւնը դարեր շարունակ կենդանի պահած է այս տօնի ուխտավայրերու ոգին՝ Վարդենիկի Թուխ Մանուկը, Ծաղկեվանքը, Գնդեվանքն ու Գեղարդավանքը։

Այս սրբավայրերը Համբարձման օրը կը դառնան հոգեւոր հաւաքատեղիներ, ուր աղօթքն ու ուխտը կը միահիւսուին բնութեան զարթօնքին։

Ամէն տարի տօնը կը ստանայ առանձնայատուկ հոգեւոր շեշտադրում, երբ ըստ աւանդութեան Սուրբ Վարվառա Կոյսի մասունքը, Արագածոտնի թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ, կը տարուի Ծաղկեվանք։ 

Սուրբի մասունքի ներկայութեամբ մատուցուող Պատարագը ուխտաւորներուն համար կը ստեղծէ յաւելեալ հաղորդակցութիւն սրբութեան հետ, օրը կը դառնայ անմոռանալի հոգեւոր ապրում։

Ինչպէս ծանօթ է, Համբարձման տօնը նաեւ ունի խոր պատմական-քաղաքական նշանակութիւն։ Այս օրը կը յիշատակուի 1441 թուականի պատմական իրադարձութիւնը, երբ Հայոց Հայրապետական Աթոռը Սիսէն (Կիլիկիա) վերադարձաւ իր նախնական վայրը՝ Վաղարշապատ, Սուրբ Էջմիածին։

Այս յիշատակումը մեզի կը յիշեցնէ հայ եկեղեցական կեանքի դեգերումներու ու տառապանքի ուղին։ 

Աթոռի վերջնական հաստատումը Էջմիածնի մէջ կը խորհրդանշէ հայութեան հոգեւոր կեդրոնաձիգ ուժի յաղթանակը եւ վերադարձը դէպի ակունքները։

ԱՐԱ ԼԵՐԱՆ ՔԱՐԱՅՐԻ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

Հայաստանի հինաւուրց Արա լերան լանջին, ժայռերու փորուածքին մէջ թաքնուած է Ծաղկեվանք սրբատեղին․ այնտեղ քրիստոնէական հաւատքն ու հեթանոսական հին աւանդութիւնները կը հիւսուին իրարու։ Մա՛նաւանդ՝ տեղացի բնակիչներուն համար այս վայրը սրբազան ուխտատեղի է, ուր մինչեւ օրս կը նշուին թէ՛ եկեղեցական տօները եւ թէ հին ժամանակներէն եկած ժողովրդական սովորութիւնները։

Ծաղկեվանքը կը գտնուի Արագածոտնի մարզին մէջ՝ վեհապանծ Արա լերան կուրծքին։ Վանքի մամռապատ պատերուն ներքեւ կը բխի աղբիւր մը, որուն ջուրը ժողովուրդը «Սուրբ ջուր» կը կոչէ։ Կ՚ըսուի, թէ այս ջուրը ունի հրաշագործ ու առողջարար յատկութիւններ, յատկապէս՝ տեսողութեան համար։ Գիտականօրէն ալ հաստատուած է, որ ջուրը հարուստ է զինկով, որ կ՚օգնէ աչքի հիւանդութիւններուն, ինչպէս նաեւ յօդացաւերու ու մկանային ջղաձգութիւններու դէմ։

Վանքը կը համարուի Կոյս Վարվառայի մահարձանը։ Ըստ վարկածի մը՝ Վարվառան զոհուած է իր դաժան հօր ձեռքով՝ քրիստոնէութիւն ընդունելուն համար, կամ ալ յափշտակուած է հրեշտակներու կողմէ։

Սակայն, ժողովրդական ամենայուզիչ աւանդազրոյցը կը պատմէ Ծաղիկ անունով գեղեցկուհիի մը մասին։ Հայ իշխան մը, հմայուած անոր գեղեցկութեամբ, կ՚ուզէ բռնութեամբ տիրանալ աղջկան։ Ծաղիկը, իր պատիւն ու հաւատքը փրկելու համար, կը փախչի Արա լեռ։ Ճամբան կը հանդիպի հովիւի մը եւ կ՚աղաչէ, որ իր տեղը ո՛չ մէկուն յայտնէ։

Բայց, երբ զայրացած իշխանը կը հասնի հովիւին, վերջինս վախէն կը մատնէ աղջկան թաքստոցը։ Տեսնելով, որ իշխանը ուր որ է պիտի հասնի իրեն, Ծաղիկը կը բարձրանայ ժայռի գագաթը եւ զինք վար կը նետէ՝ նախընտրելով մահը, քան անպատուութիւնը։ Այդ պահուն մատնիչ հովիւն ու իր ոչխարները կը քարանան։

Այսօր, մատուռի առաստաղէն կաթկթող ջուրը կը համարուի Ծաղիկ կոյսին արցունքները։ Մարդիկ հեռուներէն կու գան այդ արցունքներէն տանելու, կը հաւատան, որ ատոնք կը բժշկեն թէ՛ մարդոց եւ թէ անասուններուն աչքերը։

Հայ մեծ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեան իր «Առաջին սէրը» պատմուածքին մէջ հիացումով կը նկարագրէ այս սրբավայրը։ Ան կը գրէ, թէ ով որ կ՚ուզէ տեսնել Հայաստան աշխարհի մեծութիւնը, անոր դրախտանման դաշտերուն բոյրն ու համը, պէտք է կանգնի Ծաղկեվանքի բարձունքին։

Աբովեանի համար այս լեռները այն սրբազան վայրերն էին, որոնք վառեցին Հայկ նահապետի սիրտը, ոգեշնչեցին Տրդատն ու Տիգրանը, նաեւ Մովսէս Խորենացիին ու Ներսէս Շնորհալիին տուին հրեշտակային լեզու։ Ան կը հաստատէր, որ թէեւ բազում ազգեր եկան ու անցան՝ փորձելով ջնջել հայուն հետքը, սակայն, հայը մնաց կանգուն իր հաւատքով ու լեզուով, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Արա լեռը կը հսկէ իր զաւակներուն վրայ։

ՄՈՒՇԻ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ.

ԳԱՐՆԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՏՕՆԸ ԵՒ ՏԱՐՕՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ՇՈՒՆՉԸ

Զատիկէն քառասուն օր ետք նշուող Համբարձումը կ՚եզրափակէ զատկական տօներու ամբողջ շղթան։ Սակայն, հայ ժողովրդական կեանքին մէջ անիկա զուտ միայն եկեղեցական յիշատակութիւն մը չէ եղած․ Համբարձումը գարնան վերջին մեծ տօնն է, բնութեան լիակատար զարթնումին եւ կեանքի վերանորոգումին հանդիսաւոր պահը։ Երկար ու խստաշունչ ձմեռէն ետք, երբ հողը ամբողջովին կանաչցած է, արտերը ծաղկած, գետերը բացուած, եւ արեւը իր ջերմութիւնը վերադարձուցած է աշխարհին, ժողովուրդը Համբարձումով կարծես հրաժեշտ կու տայ գարնան՝ երգով, խաղով, ծէսերով եւ խրախճանքով։

Հայկական գիւղական կեանքին մէջ այս տօնը բնութեան ու մարդուն միջեւ գոյացած խոր դաշինքի մը պէս կը նշուէր։ Բնութիւնը զարթնած էր, իսկ մարդիկ, երկար ձմեռէ մը ետք, դարձեալ կը զգային ապրելու ամբողջական ուրախութիւնը։ Համբարձումը այդ պատճառով ալ միայն երկինքի խորհուրդ չունէր․ անիկա նաեւ երկրի տօնն էր։

Հայաստանի զանազան գաւառներուն մէջ Համբարձման սովորութիւնները բազմազան էին, սակայն, Մուշի գաւառին տօնակատարութիւնը առանձնայատուկ շքեղութիւն, խորհրդաւորութիւն եւ ժողովրդական թատերականութիւն ունէր։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, իր նուրբ դիտողութեամբ եւ ազգագրական բացառիկ ուշադրութեամբ, նկարագրած է այս տօնը այնպիսի կենդանի գունաւորութեամբ, որ ընթերցողը կարծես ինքն ալ կը շրջի Մշոյ դաշտերուն մէջ, կը լսէ հօտաղներուն ձայները, կը տեսնէ ծաղիկներով ծանրաբեռնուած եզը եւ կը զգայ Մշոյ գարնան անուշ հոտը։

Ալիշանի նկարագրութիւնը կը սկսի բնութենէն։ Մուշը հակասութիւններու աշխարհ մըն էր․ ամառը մեղմ ու գեղեցիկ, բայց ձմեռը՝ երկար, խիստ եւ գրեթէ անողոք։ Հինգ-վեց ամիս ձիւնը կը ծածկէր ամբողջ երկիրը՝ կարծես կեանքը ամբողջովին սառեցնելով։

Օտար մարդը, որ ձմեռուան օրերուն Մուշ գտնուէր, պիտի կարծէր, թէ այդ հողին վրայ այլեւս ոչինչ կրնար աճիլ։ Սակայն, գարունը հոն հրաշքի պէս կը հասնէր։

Ալիշան այս վերածնունդը գրեթէ աստուածաշնչական պատկերներով կը նկարագրէ։ Ձիւնին տակ ամիսներով «քնացած» սերմերը յանկարծ կը պայթին կեանքով։ Այն բոյսերը, որոնք թուլացած ու գունատ կը թուէին, կը գունաւորուին, կը զօրանան եւ անհաւատալի արագութեամբ կը լեցնեն ամբողջ դաշտը։

Այս տեսարանը Ալիշանին «վերջին յարութիւնը» կը յիշեցնէ։ 

Մշոյ գարունը, ըստ Ալիշանի, պայքարէ ետք եկած յաղթանակ մըն է։ Այդ պատճառով ալ Համբարձումը հոն այդքան մեծ խանդավառութեամբ կը նշուէր․ մարդիկ կը զգային, թէ բնութեան հետ իրենք ալ նորոգուած են։

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Տօնը իրականութեան մէջ կը սկսէր նախընթաց չորեքշաբթի օրուան կէսօրէն ետք։ Ամբողջ գիւղերը շարժումի մէջ կը մտնէին։ Ամէն տունի մէջ աղմուկ, եփել, պատրաստութիւն մը կար։ Օդին մէջ գարնան բոյրին կը խառնուէր տօնի սպասումը։

Տուներէն կը լսուէր երկանքի ձայնը․ կիները կ՚աղային սամիր՝ տօնական ճաշին համար անհրաժեշտ ձաւարը։ Երեխաները գիւղի փողոցներուն մէջ արդէն տօնական խանդավառութեամբ կը վազվզէին, իսկ երիտասարդները դաշտերէն ծաղիկ կը հաւաքէին։

Ամբողջ գիւղերը քանի մը օր առաջէն կը սկսէին ապրիլ տօնին մէջ։

Տօնի կարեւոր մասերէն մէկը կերակուրն էր։ Ամէն տուն պարտադիր կերպով սամիր կը պատրաստէր։ Սամիրը կաթով, կարագով եւ աղացած ձաւարով պատրաստուած ճաշ մըն էր, որ ուրիշ վայրերու մէջ «կաթնապուր» անունով ալ ծանօթ է։

Այս պարզ, բայց հարուստ ուտեստը գիւղական աշխարհի ամբողջ հոգեբանութիւնը կը ներկայացնէ։ Կաթն ու կարագը հովուական կեանքի առատութեան խորհրդանիշներն էին, իսկ ցորենը՝ հողի պտղաբերութեան։

Հայկական գիւղական կեանքին մէջ ուտելիքը յաճախ ծիսական նշանակութիւն ունէր։ Համբարձման սեղանին վրայ այդ ճաշի ներկայ ըլլալը կը նշանակէր, թէ տարին օրհնութեամբ ու բերքով պիտի շարունակուի։

Զուարճութեան համար դաշտերուն մէջ եփուող կերակուրներուն Ալիշան «տապկոց» կ ՚ըսէ եւ կը նկարագրէ, որ Համբարձումի տապկոցներուն ժամանակ մարդիկ ո՛չ միայն սամիր, այլ նաեւ ձուազեղ, խորոված գառ ու ուլ կը պատրաստէին։ Արածանիի եւ Մեղրագետի ափերը ծուխով կը լեցուէին եւ ամբողջ դաշտը կը վերածուէր մեծ խրախճանքի։

Համբարձման ամենախորհրդաւոր սովորութիւններէն մէկը աղջիկներու ծէսն էր։

Մշոյ մէջ աղջնակ մը հարսի պէս կը հագցնէին, ծաղիկներով կը զարդարէին։ Անոր հետ գիւղին մէջ կը շրջէին, ապա եօթ աղբիւրէ ջուր եւ եօթ տեղէ քար կը հաւաքէին։

Թէեւ ո՛չ ոք զիրենք կ՚արգիլէր, աղջիկները այս գործողութիւնը «գողութիւն» կը համարէին։ Այս մանրամասնութիւնը չափազանց հետաքրքրական է, որովհետեւ ժողովրդական հին ծէսերուն մէջ «գաղտնի առնելը» կախարդական ուժ ստանալու իմաստ ունէր։

Ջուրը հայ ժողովրդական մտածողութեան մէջ կեանքի, մաքրութեան եւ պտղաբերութեան խորհրդանիշ է, քարը՝ հաստատութեան եւ յաւերժութեան։ Իսկ հարսի պէս զարդարուած աղջիկը ամենայն հաւանականութեամբ կը մարմնաւորէր գարունը՝ բնութեան նորածին գեղեցկութիւնը։

Այս ծէսին մէջ յստակ կերպով կը պահպանուին հեթանոսական հին շերտեր, որոնք յետոյ միախառնուած են քրիստոնէական տօնին հետ։

ՀՕՏԱՂՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԵԶԸ

Տօնի ամենաշքեղ եւ թատերական տեսարանը, որ կը նկարագրէ Ալիշան, հօտաղներու մուտքն էր գիւղ։

Իւրաքանչիւր թաղ իր հօտաղներու խումբը ունէր։ Անոնք դաշտերէն տեսակ-տեսակ ծաղիկներ կը հաւաքէին եւ իրենց նախիրներէն ամենագեղեցիկ եզ մը կ՚ընտրէին։

Այդ օրը եզը սովորական կենդանի մը չէր, տօնի թագաւորն էր։

Կենդանիին կը հագցնէին ծոպաւոր գորգէ բաճկոններ, մարմինը կը պատէին ծաղիկներով, իսկ պոչը՝ գոյնզգոյն ծոպերով։ Արեւուն տակ զարդարուած եզը այնպիսի փայլք մը կ՚ունենար, որ Ալիշան զայն գրեթէ արեւու կը նմանցնէ։

Եզին ընտրութիւնը խոր իմաստ ունէր։ Գիւղական կեանքին մէջ եզը աշխատանքի, ուժի եւ հողի հետ մարդու կապին խորհրդանիշն էր։ Տարին ամբողջ ծանր լուծի տակ աշխատող կենդանին այդ օրը կը բարձրանար պատուոյ դիրքի։

Հօտաղները եզին շուրջ կը քալէին մեծ հպարտութեամբ, լախտերը ուսերուն, ահարկու նայուածքով, պատրաստ էին իրենց պատիւը պաշտպանելու։ 

Ալիշան կը պատմէ, որ երբ զարդարուած եզը գիւղ կը մտնէր, ամբողջ գիւղը ոտքի կ՚ելլէր։

«Համբարձման եզն եկաւ» բացագանչելով՝ մարդիկ տուներէն դուրս կու գային։

Հօտաղները տուն առ տուն կը շրջէին։ Իրենց բղուկներուն մէջ տանտէրերը հաւկիթ, կարագ եւ այլ նուէրներ կը դնէին։ Ամէն տան առջեւ հօտաղները միաբերան կը մաղթէին․

«Շէն մնայ, շէն մնայ»։

Նուէր հաւաքելու այս արարողութիւնը համայնական փոխանակման եւ միասնականութեան արտայայտութիւն մըն էր։ Տօնը ամբողջ գիւղին ուրախութիւնն էր։

ԹԱՂԵՐՈՒ «ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ»

Համբարձման ամենակենսունակ տեսարաններէն մէկը զանազան թաղերու հօտաղներուն բախումներն էին։

Երբ երկու խումբ իրարու հանդիպէին, հարցումը միշտ նոյնն էր․

«Բարեկա՞մ էք, թէ՞ թշնամի»։

Եւ գրեթէ միշտ պատասխանը կ՚ըլլար․

«Թշնամի ենք»։

Ապա կը սկսէր աղմկոտ կռիւ մը՝ լախտերով, աղաղակներով ու խառնաշփոթով։

Թէեւ այս տեսարանը վայրենի կը թուի, իրականութեան մէջ անիկա խաղային մրցակցութիւն էր՝ երիտասարդական ուժի եւ պատիւի ցուցադրութիւն։

Ամենահետաքրքիրը այն էր, որ կռիւէն ետք ո՛չ ոք ոխ կը պահէր։ Վիրաւորուածները նոյն օրը դարձեալ միասին կը զուարճանային։

Ալիշանի նկարագրութեան մէջ ժողովրդական բժշկութիւնն ալ իր տեղը ունէր։ Եթէ կռուի ժամանակ մէկը վիրաւորուած էր, ուռած տեղերը գօտիի ճարմանդով երեք վայրկեանի չափ կը սեղմէին, իսկ պատռուած գլուխներուն վրայ սարդոստայն կը դնէին՝ զայն բուժիչ համարելով։

Երբ եզին շրջագայութիւնը կ՚աւարտէր, կը սկսէր «տապկոցը»՝ դաշտային խրախճանքը։

Մարդիկ դաշտերը կը լեցուէին։ Խումբերով կը նստէին գետափերուն, կրակ կը վառէին, կերակուր կը պատրաստէին, կը խմէին, կ՚երգէին։

Այսպիսի խրախճանքները հայկական գիւղական կեանքի ամենագեղեցիկ երեւոյթներէն էին։ Աշխատանքով ապրող ժողովուրդը այդ օրերուն բնութեան մէջ ազատութեան եւ կենսախնդութեան զգացում մը կ՚ապրէր։

Օրուան վերջաւորութեան երիտասարդները թեւ-թեւի տուած գիւղ կը վերադառնային՝ երգելով ու պարելով։

«Համբարձըման երկուշաբթին,
առէք ըզփոցղն ու զգերընդին»։

Այս երգը գարնան վերջին արձագանգն էր։

Արեւը կամաց-կամաց կը մարէր Գրգուռ լերան ետեւը, բայց դաշտերուն մէջ տակաւին երգ ու ծիծաղ կար։ Համբարձումը այդպէս կը փակէր գարնան դուռը՝ ուրախութեամբ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ։

Մշոյ Համբարձման տօնը, Ալիշանի նկարագրութեամբ, հայ ժողովրդական մշակոյթի ամենագեղեցիկ պատկերներէն մէկն է։ Անիկա կը միացնէ բնութիւնը, գիւղական կեանքը, ուտելիքը, երգը, պարը, խաղը եւ հաւաքական ուրախութիւնը։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի նկարագրած աշխարհը այսօր այլեւս գոյութիւն չունի, բայց եւ այնպէս, անոր էջերուն մէջ տակաւին կը շնչէ Մշոյ գարունը, իսկ տօնին մէջ կը տեսնենք հայ գիւղացին՝ իր հողին կապուած, բնութեան հետ ներդաշնակ, իր ուրախութիւնը երգով ու ծէսով ապրող։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2026