ՕՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԵՌՆԻՄ…
Օր մը պիտի մեռնիմ… Այս մտածումը որքան ալ հեռու թուի մեր առօրեայ զբաղումէն, իրականութեան մէջ միշտ մեզի հետ է՝ լուռ, աներեւոյթ, բայց հաստատ։ Մահը չի ճչար, չի զգուշացներ. ան կը գալէ մեր ստուերի նման, մեր շունչին չափ մօտ, բայց, միեւնոյն ժամանակ, մեր գիտակցութենէն անդին։
Մենք կ՚ապրինք, կարծես, թէ անմահ ենք։ Ամէն առաւօտ կ՚արթննանք՝ ծրագիրներով, մտահոգութիւններով, փոքր ու մեծ ցանկութիւններով եւ հազիւ թէ մէկ վայրկեան կանգ առնենք ու մտածենք, որ այս բոլորը օր մը պիտի դադրին։ Ո՛չ թէ աստիճանաբար, այլ յանկարծ՝ առանց զգուշացման։ Սա կը սարսափեցնէ, բայց նաեւ կը ստիպէ հարցնել, թէ ի՞նչ կ՚ընենք այս կարճ ժամանակին մէջ, որ մեզի տրուած է։
Մարդը տարօրինակ էակ մըն է. ան կը կառուցէ, կը ծրագրէ, կը սիրէ, կ՚ատէ՝ կարծես, թէ ժամանակը անվերջ է։ Բայց խորքին մէջ գիտէ, թէ ամէն ինչ վերջ մը ունի։ Թերեւս այդ գիտակցութիւնն է, որ մեր կեանքին իմաստ կու տայ։ Եթէ մահ չըլլար, արդեօք կեանքը նոյն արժէքը պիտի ունենա՞ր։ Եթէ ամէն բան շարունակուէր անվերջ, արդեօք մենք պիտի զգայի՞նք պահուն քաղցրութիւնը։
Օր մը պիտի մեռնիմ… եւ այս նախադասութիւնը ինձ կը ստիպէ հարցնել, թէ ի՞նչ մնաց իմ կեանքէն։ Արդեօք ապրեցա՞յ, թէ միայն անցայ օրերէն ներս՝ առանց անոնց հաշիւը ընելով։ Արդեօք սիրեցի՞ ամբողջ սրտով, թէ վախցայ բացուելէ։ Արդեօք խօսեցա՞յ ճշմարտութիւնը, թէ լռեցի, երբ պէտք էր խօսիլ…
Մահուան գաղափարը սոսկ վախ մը չէ. ան նաեւ հայելի մըն է. հայելի, որուն մէջ կը տեսնենք մեր իսկական դէմքը՝ առանց պատրանքներու։ Երբ կը խորհինք, թէ օր մը այլեւս գոյութիւն պիտի չունենանք, մեր կեղծութիւնները կը փշրուին, մեր հպարտութիւնը կը նուազի եւ կը մնայ միայն այն, ինչ որ ճշմարիտ է՝ մեր զգացումները, մեր գործերը, մեր հետքերը ուրիշներու սրտերուն մէջ։
Կեանքը տարօրինակ ճանապարհ մըն է։ Մենք կը փնտռենք իմաստը հեռուն, մեծ բաներու մէջ, մինչ ան երբեմն կը թաքնուի ամենապարզ պահերէ ներս։ Երեկոյեան լոյսի մեղմ անկումը պատուհանէն ներս, փողոցի աղմուկին մէջ յանկարծակի լռութիւն մը, կամ պարզ ժպիտ մը անծանօթի մը կողմէ։ Այս մանր պահերն են, ինչ որ կ՚ապրին մեր մէջ ու կը դառնան մեր կեանքին իսկական հարստութիւնը։
Գուցէ մահը վերջ մը չէ, այլ յիշեցում մըն է. յիշեցում, որ ժամանակը սահմանափակ է եւ ամէն պահ կ՚արժէ ապրիլ ամբողջութեամբ։ Ոչ թէ վաղուան համար յետաձգելով, այլ այսօր սիրելով, այսօր ներելով, այսօր ապրելով։ Գուցէ ամենամեծ ողբերգութիւնը մահը չէ, այլ այն կեանքը, որ չապրեցանք, այն խօսքերը, որոնք չըսինք, այն քայլերը, որոնք չառինք, այն սէրը, որ չարտայայտեցինք։ Մահը միայն կու գայ ու կը փակէ դուռը, բայց ներսը արդէն դատարկ կը մնայ։
Եւ թերեւս այդ պահուն, մահը թշնամի մը չըլլայ, այլ ըլլայ բնական շարունակութիւն մը։ Որովհետեւ անոնք, որոնք իսկապէս ապրեցան, չեն վախնար վերջէն։ Անոնք միայն կը փակեն աչքերը՝ գիտնալով, որ իրենց կեանքը դատարկ չէր։
Օր մը պիտի մեռնիմ։ Բայց մինչ այդ օրը գայ, կրնամ ընտրել՝ ապրիլ արթո՛ւն, թէ քալել կիսաքուն։ Կրնամ ընտրել՝ վախերս առաջնորդեն զիս, թէ բանականութիւնս։ Կրնամ ընտրել՝ թողուլ հետք մը՝ ոչ թէ քարի վրայ, այլ մարդոց սրտերուն մէջ։
Օր մը պիտի մեռնիմ։ Բայց մինչ այդ, կ՚ուզեմ ապրիլ։ Ոչ թէ գոյութիւն ունենալ միայն, այլ զգալ, հասկնալ, սիրել։ Կ՚ուզեմ սխալիլ, սորվիլ, ներել, ընդունիլ։ Կ՚ուզեմ նայիլ երկինքին եւ իսկապէս տեսնել զայն, ո՛չ թէ միայն անցնիլ անոր տակէն։
Եւ թերեւս, երբ այդ օրը հասնի, մահը այլեւս սոսկ վերջ մը չըլլայ, այլ հանգիստ մը՝ ճանապարհէ, զոր փորձեցի հասկնալ, սիրել եւ արժեւորել։
Որովհետեւ ի վերջոյ, մահուան անխուսափելիութիւնը չէ, որ մեզ կը սարսափեցնէ, այլ չապրուած կեանքին ծանրութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ