ԱՐԱՐՉԱԳՈՐԾ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌԱԳՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը կրկին բովանդակալից ցուցահանդէսով մը ներկայացած է, որ կը կրէ «Արարչագործ բնութեան ձեռագրական խորհուրդը» խորագիրը։
Այս բացառիկ ցուցադրութիւնը կը մէկտեղէ հայերէն եւ օտարալեզու ձեռագիր մատեաններ, մանրանկարներ, թանգարանային առարկաներ եւ լուսանկարներ՝ ընդգծելով բնութեան նկատմամբ միջնադարի հայ մարդու ունեցած հոգեւոր եւ պատկերային ընկալումները։
Ցուցահանդէսը պատրաստուած է Մատենադարանի գիտացուցադրական գործունէութեան բազմազանութեան հայեցակարգին համապատասխան։ Կազմակերպիչները կարեւոր կը նկատեն ո՛չ միայն նմոյշներու տեսակային հարստութիւնը, այլեւ ձեռագրական ժառանգութեան խորքային, բազմաշերտ եւ համակողմանի ներկայացումը։
Մատենադարանի մասնագէտները կը շեշտեն, որ այսպիսի ցուցադրութիւնները միայն հնութիւններ մէջտեղ բերելու նպատակ չունին, այլեւ այցելուներուն փոխանցելու այդ ստեղծագործութիւններու ներքին խորհուրդը, գաղափարական աշխարհը եւ պատմական բնոյթը։
Ցուցահանդէսի կեդրոնական գաղափարը բնութիւնն է, որպէս արարչագործութեան խորհրդանիշ եւ աստուածային իմաստով ըմբռնուած երեւոյթ մը։
Կը տեսնենք, թէ մեր միջնադարեան գրիչները, ձեռագրական այս բացառիկ արուեստ ստեղծողները որքան կարեւորած են Մայր բնութիւնը։
Միջնադարեան հայ մանրանկարիչը բնութիւնը չէր պատկերեր լուսանկարչական ճշգրտութեամբ, այլ խորհրդանիշներու եւ զարդագրական ձեւով կը միացնէր զանազան տարրեր՝ ստեղծելով աշխարհի հոգեւոր պատկեր։
Մանրանկարչական պատկերներուն մէջ կարելի է տեսնել աշխարհի արարման տեսարաններ, բնութեան գեղեցիկ պատկերներ, կենդանական եւ բուսական տարրերու խորհրդաւոր ձեւաւորումներ։
Հայ միջնադարեան մանրանկարները երբեմն կը նմանին այգեպանի լաւ խնամած պարտէզին․ ամէն տերեւ, ծաղիկ, ճիւղ իր տեղը ունի, բնութիւնը հոն առողջ է, ծաղկուն եւ կարծես այդ պարտէզին մէջ մարդը կարող է խոկալ եւ հանդիպիլ արարչագործին։
Հայ մանրանկարիչները իրենց ժամանակին գիտէին, որ արուեստը կրթելու միջոց մըն է․ զայն կը կրթէ աչքը՝ նուրբ գիծերը տեսնելու համար, կը կրթէ սիրտը՝ խորհրդաւոր իմաստներ ըմբռնելու համար, կը կրթէ միտքը՝ իրերու միջեւ կապը հասկնալու համար։
Հայ մանրանկարիչներու եւ գրիչներու վաստակը կը վկայէ հարուստ աշխարհայեացքի մասին։ Անոնք բնութիւնը չեն պատկերած որպէս զուտ գեղեցեկութիւն, այլ որպէս ներդաշնակ համակարգի մը խորհրդանիշ, ուր մարդը, կենդանիները, բոյսերը, երկինքը եւ աստղերը միասին կը կազմեն աստուածային ամբողջութիւն մը։
Այս ցուցահանդէսով այցելուներու առջեւ անգամ մը եւս կը բացուին Կիլիկիոյ մանրանկարչութեան վառ գոյները եւ ոսկեզօծ, նրբագեղ ձեւաւորումները, Վասպուրականի եւ Արցախի ձեռագրական դպրոցներու զուսպ, բայց խորհրդաւոր պատկերագրական լուծումները եւ մեր ձեռագրական արուեստի ողջ հմայքը։
Ցուցադրուած բոլոր նմոյշները կը վկայեն միջնադարի հայ գրչութեան բազմաշերտութիւնը եւ բնութեան հանդէպ ունեցած գիտական ու հոգեւոր հետաքրքրութիւնը։
Համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող պարսկերէն եւ արաբերէն ձեռագիրներ ալ առկայ են ցուցադրութեան մէջ․ ատոնք ունին նոյնպէս բացառիկ զարդապատկերներ, որոնք կը բնութագրեն բնութեան տարրերու արտայայտիչ դրսեւորումները՝ նուրբ իմաստներով ու խորքով հարստացած։
ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԵՒ ԵԶԱԿԻ ՆՄՈՅՇ
Ցուցադրութեան մէջ առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի որմնանկարներու առաջին շերտէն պահպանուած բացառիկ պատառիկ մը։
Այս որմնանկարչական նմոյշը մեծ արժէք ունի՝ ներկայացնելով հայ եկեղեցական արուեստի դարաւոր պատմութիւնը եւ գեղանկարչական շերտերը։ Մատենադարանին մէջ ցուցադրուիլը հնարաւորութիւն կու տայ այցելուներուն՝ ձեռագրական ժառանգութենէն զատ գնահատելու նաեւ որմնանկարային արուեստը որպէս հայկական մշակոյթի շարունակական մաս։
Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը առանձնացաւ նաեւ ժամանակակից արուեստի ընդգրկումով։ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Հրանդ Թադէոսեան հանդիսաւոր կերպով իր «Հայաստան աշխարհի մուտքը» խորագրով մեծադիր կտաւը նուիրեց Մատենադարանին։
Կտաւը զարդարեց ցուցասրահը՝ վկայելով անցեալի եւ ներկայի արուեստներու միասնութեան գաղափարը։
Մատենադարանի մեր ձեռագրական ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցած է գիտութիւն, հաւատ, գեղարուեստական հմտութիւն եւ բնութեան հանդէպ խոր հիացում։
Ձեռագիրները մեզ կը մղեն խորհելու, թէ ինչպէ՛ս միջնադարի մարդը մեկնաբանած է իր շրջապատը՝ անոր մէջ տեսնելով աստուածային ներկայութիւն եւ ներդաշնակ կարգ։
Այս մօտեցումը յատուկ արժէք ունի նաեւ մեր օրերուն, երբ բնութեան հանդէպ նոր հոգատարութիւն եւ փիլիսոփայական անդրադարձ անհրաժեշտ է։ Աշխարհը այսօր ամէն տեղ ենթարկուած է աղտոտումի, կլիմայական փոփոխութիւններու, կենդանիներու եւ բոյսերու պակասի եւ անհետացումի՝ այն պարագային, երբ բնութիւնը մեր գոյութեան նախապայմանն է։
Միջնադարեան հայկական մշակութային ժառանգութիւնը մեզ կը սորվեցնէ տեսնել բնութիւնը ամբողջական ու միասնական մարմին մը, որուն մէջ մարդը անխախտ պարտականութիւն մը ունի՝ ոչ միայն օգտուելու, այլ նաեւ հոգ տանելու ու հաւասարակշռութիւնը պահելու։
«Արարչագործ բնութեան ձեռագրական խորհուրդը» ցուցահանդէսը յիշեցում մըն է, որ մեր մշակութային հարստութիւնը անցեալին պատկանող հնութիւն մը չէ միայն, այլ ապրող, ոգեղէն կապ մը, որ կրնայ շարունակուիլ մեր մէջ, մեզ կը սորվեցնէ բնութիւնը սիրել եւ զայն տեսնել իբրեւ արարչագործութեան խորհրդաւոր եւ զարմանահրաշ արտայայտութիւն։
ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆԸ
Վերջին տարիներուն «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը զգալիօրէն աշխուժացած է՝ բազմաբնոյթ գործունէութեամբ մը ներկայանալով։ Այս աշխուժութիւնը արտայայտուած է թէ՛ հին ձեռագիրներու հետազօտութեամբ, թէ՛ նորարար ծրագիրներու մեկնարկով, որոնք կը միտին պահպանել, զարգացնել եւ տարածել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը նոր սերունդի եւ համաշխարհային գիտական եւ մշակութային շրջանակներու համար։
Մատենադարանի մեծագոյն ծրագիրներէն է ձեռագիրներու թուայնացումը, որ հնարաւորութիւն կու տայ ամբողջ աշխարհէն մասնագէտներու եւ հետաքրքրուողներու՝ ուսումնասիրել Մատենադարանի գանձարանը՝ առանց նիւթերը ֆիզիքապէս տեսնելու։
Թուայնացման գործընթացը կ՚ապահովէ ձեռագիրներու պահպանութիւնը աղէտներէ եւ այլ վտանգներէ, բայց նախ եւ առաջ կը մեծցնէ զանոնք ուսումնասիրողներու թիւը եւ համաշխարհային մակարդակով կը բարձրացնէ հայ միջնադարի մշակոյթի ճանաչումը։ Այս նախագիծը կը շարունակուի մեծ աշխուժութեամբ եւ օրէ օր նոր ձեռագիրներ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր կ՚ընդգրկուին։
Մատենադարանը յաճախ կը կազմակերպէ գիտաժողովներ, դասախօսութիւններ, որոնք կը նպաստեն հայ եւ օտարազգի գիտնականներու համագործակցութեան եւ նոր գիտելիքներու բացայայտումին։ Այս հանդիպումները չեն սահմանափակուիր միայն հայկական նիւթերով, այլ նաեւ կ՚ընդգրկեն միջազգային կարեւոր հարցեր՝ ձեռագրագիտութեան, միջնադարեան պատմութեան, փիլիսոփայութեան եւ արուեստի ոլորտներուն մէջ։
Մատենադարանը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ երիտասարդութեան, աշակերտութեան․ կը կազմակերպուին կրթական ծրագիրներ, ցուցահանդէսներ, վարպետաց դասեր եւ ստեղծագործական աշխատարաններ, ամրան այս շրջանին ալ՝ պատանիներուն համար ամառնային դպրոց։
Այս միջոցառումները կը նպաստեն մշակութային ինքնագիտակցութեան զարգացման եւ կ՚օգնեն երիտասարդ սերունդին՝ ըմբռնելու իրենց պատմութիւնը եւ արժէքները։
Մատենադարանը կը գործակցի զանազան միջազգային կաճառներու, կեդրոններու հետ։ Այդ համագործակցութիւնները կը լայնցնեն հայկական մշակոյթի աշխարհագրութիւնը եւ կը յառաջացնեն նոր գիտական եւ մշակութային կապեր։
Երեւանի սիրտին մէջ գտնուող Մաշտոցեան Մատենադարանը ամէն օր նաեւ զբօսաշրջիկներու մեծ խումբեր կ՚ընդունի։ Հազարաւոր այցելուներ, որոնք կը տարբերին իրենց լեզուով ու մշակոյթով, այստեղ հին ձեռագիրներ տեսնելէ զատ նաեւ կը գտնեն պատմութեան կենդանի շունչը, որ կապ կը ստեղծէ անցեալին եւ ապագային միջեւ։
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԷՍ
Վերջին օրերուն Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը, որուն մասնակցած են շուրջ քառասուն գիտնականներ՝ յառաջատար միջազգային հաստատութիւններէ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ։ Նկատելի էր երիտասարդներու մասնակցութիւնը, որ քոնկրէսի գլխաւոր նպատակներէն մին է՝ խթանել միջազգային հայագիտական ուսումնասիրութիւններու շարունակականութիւնը եւ զարգացումը։
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի ծիրէն ներս «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով պարգեւատրած է Օքսֆորտի համալսարանի փրոֆեսէօր, հայագէտ Թէօ Մաարտէն վան Լինտին եւ Պոլոնիայի համալսարանէն գիտնական Աննա Սիրինեանին՝ հայագիտութեան զարգացման մէջ անոնց նշանակալի աւանդի եւ երկարամեայ արգասաբեր գործունէութեան համար։
Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի ծիրին մէջ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի պետական մարմիններու ղեկավարներու հանդիպում մըն ալ եղաւ, արդէն երկրորդ անգամ։
Ինչպէս 2024 թուականին, այս տարի ալ հանդիպման օրակարգին վրայ կային հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններուն հետ գործնական կապերու ամրապնդումը, պետական աջակցութեան ուղղութիւններու եւ տարբերակներու որոշումը։
Քննարկումին մասնակցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Զմմառի Պատրիարքական կղերի միաբանութեան մայրավանքի փոխ-մեծաւոր եւ մատենադարանի ու թանգարանի տնօրէն Հ. Նարեկ Վարդապետ Լուիսեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սուրբ Թէոտորոս ձեռագրատան եւ «Հելէն եւ Եդուարդ Մարտիկեան» թանգարանի տնօրէն Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան ձեռագիրներու պատասխանատու Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան գիտաշխատող եւ փոխ-գրադարանապետ Հ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Յովակիմեան։
Մատենադարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ տրուած են պարզաբանումներ՝ գրաւոր կոթողներու տեղաշարժման ընթացակարգերու մասին։
Նախորդ տարի քննարկման արդիւնքներով սկսած էին ձեռագիրներու թուայնացման աջակցման ծրագիրներ եւ հաստատուած էին համատեղ ցուցադրութիւններու նիւթեր։
ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Օրերս Ֆրանսայի մէջ ապրող Եփրեմեաններուն ընտանիքը Մատենադարանին նուիրած է հնատիպ գիրքեր, որոնք պատկանած են ընտանիքի հօրը՝ Սեդրակ Եփրեմեանին, 1945 թուականէն սկսեալ։ Գիրքերը Ֆրանսա հասած են Թուրքիոյ Սեբաստիա նահանգի Քանկալ քաղաքէն։
Հաւաքածուն կը պարունակէ 18-19-րդ դարերուն տպագրուած գիրքեր եւ այլ հրատարակութիւններ, որոնք մեծ արժէք ունին մեր գրականութեան եւ մշակոյթի ուսումնասիրութեան համար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան