«ՋԵՐՄԱՆՑ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ». ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԿԸ - ՀԱՅ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԻՒՆԱՔԱՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ

Հայկական միջնադարեան գիտական ժառանգութիւնը հարստացաւ բացառիկ ու նշանակալից հրատարակութեամբ մը: «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հրատարակչութիւնը, աջակցութեամբ «Թովմասեան» հիմնադրամի (որ նշեց իր հիմնադրման 25-ամեայ յոբելեանը) եւ Զարիկ Պօղօսեանի նուիրատուութեամբ, լոյս ընծայեց ԺԲ. դարու հռչակաւոր բժիշկ եւ բնագէտ, բժշկապետ Մխիթար Հերացիի «Ջերմանց մխիթարութիւն» կոթողային երկի քննական բնագիրն ու արդի հայերէն թարգմանութիւնը: Այս ծաւալուն ու արժէքաւոր 624 էջնոց աշխատասիրութիւնը կազմած, թարգմանած եւ ներածականով օժտած է մատենադարանի լաւագոյն գիտնականներէն՝ Կարինէ Մոսիկեան: Գիրքի խմբագիրներն են՝ հայագէտ, լեզուաբան գիտնականներ Գոհար Մուրատեանն ու Հայկանուշ Մեսրոպեանը: Աշխատութիւնը երաշխաւորուած է տպագրութեան՝ մատենադարանի գիտական խորհուրդին կողմէ:

1184 թուականին հեղինակուած «Ջերմանց մխիթարութիւն»ը կը համարուի մեզի հասած հայերէն առաջին ինքնատիպ բժշկագիտական երկը: Անիկա ժամանակաշրջանի գիտական բոլոր նուաճումները համադրող յատուկ ձեռնարկ-հանրագիտարան մըն է, որ կը կեդրոնանայ միջնադարուն լայնօրէն տարածուած տենդային հիւանդութիւններու՝ ջերմերու, անոնց ախտանշաններու, պատճառներու եւ բուժման եղանակներու վրայ:

ՀԱՅ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐԸ

Գիրքին յառաջաբանէն կը տեղեկանանք, որ հայկական բժշկութիւնը զարգացած է այլազան ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու գիտելիքներուն հետ սերտ շփման մէջ: Յունահռոմէական, բիւզանդական եւ արաբալեզու բժշկական աւանդութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են հայ բժշկական մտքի զարգացման վրայ, սակայն, այս կապերը պարզ ընդօրինակութեան պատմութիւն չեն, այլ կուտակուած փորձառութեան, տեղական գիտելիքներու ու դիտարկումներու միաձուլում են: Պատմական աղբիւրներու համաձայն՝ տակաւին Բ.-Գ. դարերուն Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցած են բորոտանոցներ, իսկ Սեբաստիա եւ Կեսարիա քաղաքներուն մէջ գործած են կանոնաւոր հիւանդանոցներ, ուր եղած են մասնագիտացուած բաժանմունքներ՝ ներքին հիւանդութիւններու, վիրաբուժութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու բաժիններով: Միջնադարուն հայերէն բժշկական գրականութեան զարգացումը կապուած էր նաեւ այլ լեզուներով գրուած աշխատութիւններու թարգմանութեան հետ. 717 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կատարուած Նեմեսիոս Եմեսացիի «Մարդու բնութեան մասին» երկի հայերէն թարգմանութիւնը մեծապէս նպաստած է բնագիտական ու բժշկական հասկացութիւններու մուտքին եւ մասնագիտական բառապաշարի հարստացման: Ի հակադրութիւն այն տարածուած կարծիքին, թէ հայերու մէջ բժշկագիտութիւնը զարգացած է բացառապէս արաբական ազդեցութեամբ, կը տեսնենք, որ տակաւին նախաարաբական շրջանէն մեզի հասած է աւելի քան 800 բժշկական եզր, որոնց զգալի մասը բնիկ հայերէն բառեր են:

ԲԺՇԿԱՊԵՏԻՆ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ՎԱՍՏԱԿԸ

Ինչպէս Կարինէ Մոսիկեան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ գիրքին նախաբանին մէջ, Հերացին մանկուց հետաքրքրուած էր բժշկութեամբ: Կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ բժիշկները յաճախ կը փոխանցէին իրենց գիտելիքները զաւակներուն, եւ բժշկութեամբ զբաղիլը կը դառնար որոշակի ընտանիքներու առանձնաշնորհումը, ուստի, կարելի է ենթադրել, որ Հերացին սերած է բժիշկներու տոհմէ: Հայերէնը, որով ան շարադրած է իր գիրքը, ինչպէս նաեւ արաբերէնի, պարսկերէնի եւ յունարէնի իմացութիւնը ցոյց կու տան, որ ան կրթութիւն ստացած է հեղինակաւոր հաստատութեան մը մէջ: «Բժշկապետ»ը գիտական աստիճան էր, որ կը տրուէր բժիշկին որոշակի ընթացակարգով․ թեկնածուն վարդապետի կարգավիճակ ունեցող գիտնականներու խումբին առջեւ պէտք է հիմնաւորէր իր գիտական տեսակէտները, թէեւ, ինչպէս ուսումնասիրողը կը նշէ, թէ ուր ուսումնառած եւ ապա բժշկապետի տիտղոս ստացած է Մխիթար Հերացին, յայտնի չէ: Ամենայն հաւանականութեամբ հայ բժշկապետը ծնած է 1130 թուականէն ոչ ուշ, քանի որ 1160-1163 թուականներուն արդէն Հռոմկլայի մէջ եղած է Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին անձնական բժիշկը: Մահուան ճշգրիտ տարեթիւը անյայտ է, սակայն, ԺԳ. դարու հեղինակներու յիշատակումներէն պարզ կը դառնայ, որ ԺԲ. դարու վերջին ան տակաւին կենդանի էր: Մխիթար Հերացին մեծ յարգանք կը վայելէր ո՛չ միայն որպէս նշանաւոր գիտնական, այլեւ որպէս աստղագէտ, քանի որ միջնադարուն բժշկութիւնն ու աստղագիտութիւնը յաճախ հանդէս կու գային փոխկապակցուած: Ներսէս Շնորհալին յատուկ քերթուածներ ու ձօներ՝ առաջին տառերով կազմուած աքրոստիկոս բանաստեղծութիւն, նուիրած է բժշկապետ ու աստղագէտ Մխիթարին: Հակառակ իր բոլոր ջանքերուն, Հերացի չկրցաւ փրկել սիրելի բարեկամը Ներսէս Շնորհալին տենդի սաստիկ բռնկումէն: Ակնյայտ է, որ Մխիթար Հերացին գրած է նաեւ այլ բժշկական երկեր, որոնք ներկայիս կորսուած են, սակայն, անոնց առանձին հատուածներ պահպանուած են մեծաքանակ մեջբերումներու ձեւով՝ աւելի ուշ շրջանի հայ բժիշկներու աշխատութիւններուն մէջ:

ՄԱՏՉԵԼԻ ԼԵԶՈՒՈՎ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ

Հերացիի մօտեցումը յեղափոխական էր իր ժամանակին համար. ան հրաժարեցաւ խրթին ու անհասկնալի գրաբարէն եւ գիրքը շարադրեց ժամանակի աշխարհաբարով՝ միջին հայերէնով: Գիրքի յառաջաբանին հեղինակը կը գրէ, որ ո՛չ միայն Հերացիին, այլեւ միջնադարեան միւս բժիշկներուն բնորոշ է գրուածքի հակիրճ եւ յստակ ոճը՝ թիրախային ձեւակերպումներով, առանց որեւէ պերճախօսութեան: Միեւնոյն ժամանակ, ժամանակակից հետազօտողը յաճախ կը բախուի այդ լեզուամտածողութիւնը ըմբռնելու բարդութիւններուն հետ, ինչ որ պայմանաւորուած է անծանօթ եզրաբանութեամբ եւ նկարագրուող հասկացութիւններու անծանօթ տրամաբանութեամբ: Կարինէ Մոսիկեանի տեղեկացմամբ՝ բժշկապետին նպատակն էր, որ գիրքը մատչելի ըլլայ թէ՛ բժիշկին՝ ուսանելու եւ դարմանելու համար, եւ թէ՛ հիւանդին՝ սփոփանք ու ապաքինում գտնելու համար, այսինքն՝ իսկական «մխիթարութիւն» դառնայ երկուքին ալ:

ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ

Գիրքի յառաջաբանը կը պարունակէ բազմաթիւ հետաքրքրական դրուագներ: Հայաստանի մէջ բժշկութեան հովանաւոր համարուած է սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկը, իսկ աւելի հին շրջանին՝ Անահիտը: Ըստ Թովմա Արծրունիի վկայութեան՝ Ք.Ա. 2-րդ դարուն Արտաշէս Բ. արքայի բերդի շուրջ տարածուած է սքանչելի պարտէզ մը, ուր տնկուած բոյսերէն հայ բժիշկները դեղեր պատրաստած են՝ հետեւելով հանճարեղ յոյն բժիշկ Ասքլեփիատէսի ուսմունքին: Հայաստանի մէջ բժշկական գիտելիքները բարձր մակարդակի վրայ եղած են. ինչպէս վկայած է ԺԳ. դարու բնափիլիսոփայ Յովհաննէս (Պլուզ) Երզնկացին, փորձառու բժիշկները մահապատիժի դատապարտուած յանցագործներու վրայ կատարած են ուսումնասիրութիւններ (դիահերձումներ եւ կենդանահատումներ)՝ մարմնի մասերու, նեարդներու ու անօթներու կառուցուածքը բացայայտելու եւ մէկ մարդու տառապանքի գնով բազմաթիւ մարդիկ փրկելու համար: Միջնադարեան ըմբռնմամբ՝ մարդը կառուցուած է տիեզերքի նմանութեամբ, եւ մարմինին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները կը վերահսկուին մարմնի բնութեան ուժերով՝ քարշող, բռնող, եփող ու արտամղող ուժերով: Հերացիի բժշկութեան մէջ առանցքային տեղ ունի եփման հասկացողութիւնը: Սնունդը կամ ախտածին հեղուկները պէտք է եփուին կամ հասուննան ստամոքսի կամ մարմնի ջերմութեամբ, որպէսզի կարենան առողջ կերպով իւրացուիլ կամ դուրս գալ մարմինէն: Երբ ջերմութիւնը շատ բարձր ըլլայ, սնունդը կամ հեղուկը կ՚այրի ու թունաւոր նիւթեր կը յառաջացնէ, իսկ երբ շատ ցուրտ ըլլայ՝ հում կը մնայ, կը նեխի եւ կը թունաւորէ մարմինը:

ՋԵՐՄԵՐՈՒ ԲՈՒԺՄԱՆ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐԸ

Ուսումնասիրողը կը նշէ, որ միջնադարեան Հայաստանի մէջ ջերմերու եւ տենդային վիճակներու դէմ մղուող պայքարը զուտ պատահական միջոցառումներու հաւաքածոյ չէր, այլ խիստ համակարգուած, տրամաբանական եւ բազմաշերտ գիտութիւն: Նախքան որեւէ դեղ կամ բուժում նշանակելը, բժիշկը պարտաւոր էր մանրամասն քննել հիւանդի վիճակը՝ հիմնուելով տասը կարեւորագոյն չափորոշիչներու վրայ (պատճառը, ուղեկցող երեւոյթները, հեղահիւթերու վիճակը, հիւանդի տարիքը, բնակավայրի կլիման, տարուան եղանակը, ծագումը, սովորութիւնները եւ մարմնի բնական ուժերու դիմադրողականութիւնը):

ԲՈՒԺԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԵՒ ԴԵՂԱԲՈՅՍԵՐ

Բուժական համալիրի ամենատարածուած մեթոտներէն էր արիւն տալը կամ արիւնառումը, որով նպատակ ունէին հեռացնելու ախտածին նիւթերու մէկ մասը եւ նօսրացնելու մնացած արեան խտութիւնը: Հերացին, հետեւելով հին հռոմէացի նշանաւոր բժիշկ Փերկամոնացի Կալէնի հրահանգներուն, զգուշութեան հրաւէր կը կարդար եւ խիստ կ՚արգիլէր արիւն թողնել տկար, հիւանդ կամ ուժասպառ եղած մարդոցմէ: Պաղ ու չհասունցած հիւանդածին նիւթերը անմիջապէս հեռացնելը վտանգաւոր էր. թանձր ու կպչուն նիւթերը փափկացնելու եւ նօսրացնելու համար կը կիրառուէին յատուկ միջոցներ: Որպէս հասունացման ընդհանուր միջոց՝ լայնօրէն կը գործածուէր քացախը՝ մեղրի կամ բուսական իւղերու հետ խառնուած (յասմիկ, նարկիս, երիցուկ, դափնի, սուսամբար, նարդոս, նաւթ ու բալասանի իւղ): Հասունացումէն ետք կը սկսէր մարմինը դատարկելու փուլը՝ ճարճատուկի հիւթով, հալվէախէժով ու սաբուրով (ալոէ), դիտումնաւոր փսխումներով, ողողումներով, բուժապուլիկներով եւ բուժական աղեմաքրումներով: Բուժական համալիրը կը ներառէր նաեւ հոգեբուժական եւ զգայական ներգործութեան ձեւեր՝ բոյրաբուժութիւն (քափուր, մուշկ, սաթ, մանուշակի իւղ), գունաբուժութիւն, երաժշտաբուժութիւն (ձայնաբուժութիւն) եւ յատուկ մերսումներ ու անշարժ վարժանքներ:

ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

«Ջերմանց մխիթարութիւն» երկի պահպանուած չորս ձեռագիր օրինակները հանգրուանած էին աշխարհի չորս երկիրներու գրապահոցներու մէջ՝ Երեւանի Հին ձեռագիրներու մատենադարանը, Փարիզի Ազգային գրադարանը (№246, որ յայտնաբերուած էր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ եւ 1727 թուականին տեղափոխուած ֆրանսական թագաւորական գրադարան, որուն հիման վրայ ալ 1832 թուականին Վենետիկի մէջ առաջին անգամ տպագրուած էր երկը), Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքը եւ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզին: Այս նոր հրատարակութիւնը իրականացուցած է աննախադէպ աշխատանք՝ առաջին անգամ մէկտեղելով չորս տարբեր ձեռագիր աղբիւրները ամբողջական քննական բնագրի մը մէջ: Գիրքը հարստացուած է խորունկ հետազօտական ներածականով, ինչպէս նաեւ բնագրին մէջ տեղ գտած բազմաթիւ բուսանուններու, դեղամիջոցներու եւ միջնադարեան անծանօթ բառերու մանրամասն բացատրութիւններով ու մեկնաբանութիւններով: Բնագրին մէջ առկայ բուսանուններու, դեղամիջոցներու եւ հին բառերու պարզաբանման ու բացատրման համար լայնօրէն օգտագործուած են նաեւ յետագայ դարերու հայ բժշկագիտութեան կարեւորագոյն երկերը, մասնաւորապէս՝ Ամիրտովլաթ Ամասիացիի աշխատութիւնները, որոնք կ՚օգնեն ճշգրիտ կերպով հասկնալու միջնադարեան դեղաբոյսերու անուններն ու յատկութիւնները: Ուսումնասիրողը կը նկատէ, որ Հերացին աչքի թաղանթներու եւ հեղահիւթերու համար ստեղծած է բարեհնչուն հայերէն եզրեր («եղջերենի», «ապիկենի», «սառնենի», «սարդոստենի», «խաղողենի»), որոնցմէ եղջերենին եւ ապիկենին այժմ ալ լիովին գործածական են ժամանակակից բժշկութեան մէջ:

ՀԵՐԱՑԻԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ

19-րդ դարու վերջաւորութեան նշանաւոր հայագէտ-բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան ուսումնասիրութիւններ հրատարակած է աշխատութեան մասին հայերէնով ու ֆրանսերէնով, իսկ 1907-1908 թուականներուն գերմանացի արեւելագէտ Էռնստ Զայտըլ պատրաստած եւ լոյս ընծայած է երկի գերմաներէն թարգմանութիւնը, ինչ որ մեծապէս նպաստած է Հերացիի ժառանգութեան միջազգային ճանաչման:

ԳԻՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ

Այս ծաւալուն գիտական աշխատանքի հրատարակումը «Թովմասեան» հիմնադրամի 25-ամեայ յոբելենական նախաձեռնութիւններու շարքին մաս կը կազմէ: Հիմնադրամը քառորդ դարէ ի վեր իր ներդրումը կը բերէ հայկական մշակութային ժառանգութեան, գիտութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման ու հանրահռչակման գործին մէջ: Այս համաթեքստին մէջ, այս տարուայ մարտին «Թովմասեան» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արտակ Թովմասեան եւ մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան ստորագրած են հնգամեայ համագործակցութեան յուշագիր մը, որ միտուած է հայ միջնադարեան գիտական ժառանգութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնելուն եւ հանրահռչակելուն:

Մխիթար Հերացիի «Ջերմանց մխիթարութիւն» երկի նորովի լոյս ընծայումը ո՛չ միայն արժէքաւոր նուէր է հայագիտութեան եւ բժշկութեան պատմութեան ուսումնասիրողներուն, այլեւ հրաշալի առիթ՝ վերաբացայայտելու մեր միջնադարեան գիտական մտքի փայլուն գոհարներէն մէկը:

Դարերու խորքէն մեզի հասած այս աշխատութիւնը կը վկայէ հայ բժշկութեան հարուստ աւանդոյթներուն, գիտելիք ձեռք բերելու եւ զանոնք համակարգելու մեր նախնիներուն կարողութեան մասին։ Հերացիի ժառանգութիւնը կը յիշեցնէ, թէ գիտական միտքը սահմաններ չի ճանչնար, իսկ գիտելիքի արժէքը կը մեծնայ, երբ անիկա կը պահպանուի, կը վերամշակուի եւ կը փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։ Այս հրատարակութեամբ ընթերցողին առջեւ կը բացուի միջնադարեան բժշկութեան աշխարհը՝ իր հասկացութիւններով, որոնումներով ու փորձառութեամբ, իսկ հայ մշակութային ժառանգութեան կարեւոր էջ մը նոր կեանք կը ստանայ՝ մատչելի դառնալով նաեւ այսօրուան ընթերցողին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2026