ՍԻՐԱՐՓԻ ՏԷՐ-ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԵՒ ՆԻՆԱ ԿԱՐՍՈՅԵԱՆ. ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԿԻՆ ՀՍԿԱՆԵՐ - ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
Այս տարի կը տօնուի պոլսահայ նշանաւոր բիւզանդագէտ, միջնադարագէտ, արուեստաբան ու նշանաւոր հայագէտ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի 130-ամեակը։
Գիտական աշխարհի եզակի դէմքերէն է ան, որ անսասան ճիգով, մտաւոր տոկունութեամբ եւ մշակութային խոր ըմբռնումով, կրցաւ տեղ գրաւել համաշխարհային գիտութեան բեմին վրայ՝ միաժամանակ մնալով խորապէս հայ՝ ինքնութեան հանդէպ հաւատարմութեամբ ու իր պատմական զգացողութեամբ։
Այս տարի, երբ կը նշուի Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի յոբելեանը, պատեհ առիթ է վերադառնալու անոր կեանքին եւ գործին, վերարժեւորելու այն ժառանգութիւնը, որ կը շարունակէ ներշնչել նոր սերունդները՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ սփիւռքի տարածքին։
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան ծնած է 1896 թուականի սեպտեմբերի 5-ին, Պոլիս, մտաւորական եւ կրթուած ընտանիքի մը մէջ։ Ժամանակաշրջան մըն էր, երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական մտաւոր կեանքը, իր բոլոր հակասութիւններով, կը ծաղկէր եւ միաժամանակ կը դիմագրաւէր գոյութենական վտանգներ։
Հայրը՝ Միհրան Տէր-Ներսէսեան եւ մայրը՝ Ագապի Օրմանեան, իրենց դուստրերուն համար ապահոված էին մշակութային հարուստ միջավայր մը։ Սակայն ճակատագիրը շուտով ծանր հարուած պիտի հասցնէր․ քոյրերը շատ կանուխ տարիքին կոր-սընցուցին իրենց ծնողքը։
Աղջիկներուն դաստիարակութիւնը ստանձնեցին մօրաքոյրը՝ Եւգինէ Օրմանեան եւ մօրեղբայրը՝ Մաղաքիա Օրմանեան՝ նշանաւոր պատրիարքը, պատմաբանը եւ աստուածաբանը։ Այս միջավայրը վճռորոշ եղաւ երիտասարդ Սիրարփիի մտաւոր կազմաւորման համար․ փոքր տարիքէն շփուեցաւ գրականութեան, պատմութեան եւ եկեղեցական միջավայրերու եւ ատկէ բխած մտածողութեան հետ, որոնք պիտի դառնային իր յետագայ ուսումնասիրութիւններուն հիմքը։
Աւարտելէ ետք Էսաեան վարժարանը եւ ապա Անգլիոյ հայկական բարձրագոյն դպրոցը, երիտասարդ հայուհին կանգնած էր ապագայի ընտրութեան առջեւ։ Սակայն, աղէտալի իրադարձութիւնները եւ ընդհանրապէս քաղաքական անկայունութիւնը ստիպեցին զինք իր քրոջ հետ հեռանալ Պոլիսէն։ Այս տարագրութիւնը, որ առաջին հայեացքով կը թուէր կորուստ, իրականութեան մէջ դարձաւ նոր ուղիներու բացում։
Ազգականի մը խորհուրդով՝ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան նախ հաստատուեցաւ Պուլկարիա, ապա՝ Զուիցերիա։ Ժընեւի մէջ ան ընդունուեցաւ քոլէճ, ապա շարունակեց ուսումը Ժընեւի համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ (1917-1919)։ Այստեղ ձեւաւորուեցաւ անոր գիտական հետաքրքրութիւններուն առաջին յստակ ուղղութիւնը՝ գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակութային ուսումնասիրութիւններ։
1919 թուականին տեղափոխուեցաւ Փարիզ՝ այն ժամանակուան մտաւորական աշխարհի կեդրոններէն մէկը։ Սորպոնի համալսարանին մէջ Տէր-Ներսէսեան աշակերտեց իր ժամանակի մեծագոյն գիտնականներուն՝ բիւզանդագէտներ Շարլ Տիլին եւ Կապրիէլ Միլլէին, ինչպէս նաեւ արուեստի պատմաբան Հանրի Ֆոսիոնին։ Այս շրջանը եղաւ անոր գիտական ինքնութեան վերջնական ձեւաւորման ժամանակաշրջանը։
1922 թուականին, ապագայ գիտնականը դարձաւ Կապրիէլ Միլլէի օգնականը՝ Փարիզի Բարձրագոյն ուսումնասիրութիւններու դպրոցին մէջ։ Այդ տարիներէն սկսեալ բիւզանդագիտութիւնը իրեն համար դարձաւ արդէն ո՛չ միայն ուսումնասիրութեան ոլորտ, այլեւ՝ հոգեւոր կոչում մը։ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան խորապէս ներգրաւուեցաւ այդ գիտութեան մէջ, որ նոր էր որպէս ինքնուրոյն ճիւղ ձեւաւորուած եւ Ֆրանսայի մէջ կը գտնէր զարգացման նպաստաւոր հող։
Ամերիկեան տարիներ եւ գիտական բարձունքներ
1930-ական թուականներուն Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան անցաւ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներ, ուր իր գործունէութիւնը նոր թափ ստացաւ։ Ան դասաւանդեց Մասաչուսէցի Ուելսլի քոլէճին մէջ (1930-1931), ապա եղաւ նոյն հաստատութեան արուեստի բաժնի եւ Ֆարնսուորթ թանգարանի տնօրէնը (1937-1947)։
1946 թուականին նշանակուեցաւ Հարվըրտ համալսարանի Տամպարթըն Օքս գիտահետազօտական կեդրոնի բիւզանդական արուեստի դասախօս։ Այս հաստատութիւնը աշխարհի առաջատար կեդրոններէն մէկն էր բիւզանդագիտութեան ոլորտին մէջ, եւ Տէր-Ներսէսեանի ներկայութիւնը այնտեղ կը վկայէր անոր միջազգային հեղինակութեան մասին։ 1963 թուականին ան արժանացաւ վաստակաւոր փրոֆեսէօրի կոչման։
Այս տարիներուն կին գիտնականը անդամ եղաւ նաեւ բազմաթիւ գիտական ընկերութիւններու, ներառեալ Ֆրանսայի Արձանագրութիւններու եւ գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիան, Բրիտանական ակադեմիան եւ այլ հաստատութիւններ։
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան հեղինակ է շուրջ 140 մենագրութիւններու եւ յօդուածներու՝ ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով։ Անոր ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին հիմնականօրէն բիւզանդական եւ հայկական արուեստին, մանրանկարչութեան, ձեռագրագիտութեան եւ պատկերագրութեան։
Կարեւորագոյն գործերէն են՝ «Բարեղամի եւ Յովասափի վէպի նկարազարդումը» (1938), «XII-XIV դարերու հայկական նկարազարդ ձեռագրերը Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու գրադարանին մէջ», «Հայաստանը եւ Բիւզանդական կայսրութիւնը» (1945), «Աղթամար, Սուրբ Խաչ եկեղեցի» (1965), «Հայկական արուեստ» (1977)՝ իր կոթողային աշխատութիւնը։
Տէր-Ներսէսեան իր ուսումնասիրութիւններով կրցաւ հիմնովին վերանայիլ շարք մը ընդունուած տեսակէտներ։ Ան ապացուցեց, թէ հայերը վաղ միջնադարուն ունեցած են ինքնուրոյն եւ բարձրակարգ մանրանկարչութիւն, եւ որ հայկական արուեստը ո՛չ թէ երկրորդական, այլ ինքնատիպ եւ ստեղծագործական դեր ունեցած է քրիստոնէական մշակոյթին մէջ։ Յատկապէս կարեւոր ներդրում ունեցաւ Էջմիածնի Աւետարանի մանրանկարներու ուսումնասիրութեան մէջ՝ ցոյց տալով, թէ VII-X դարերուն հայկական մանրանկարչութիւնը արդէն հասած էր բարձր արուեստագիտական մակարդակի։
Անձնաւորութիւն եւ ժառանգութիւն
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի մասին կը գրեն, որ ան ո՛չ միայն մեծ գիտնական էր, այլեւ բացառիկ կամքի եւ նուիրումի տէր անհատ մը։ Որպէս կին՝ ան գործեց ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ գիտութիւնը մեծ մասամբ տղամարդոց աշխարհն էր, եւ այդ պայմաններուն մէջ կրցաւ հասնիլ բարձրագոյն աստիճաններու։
Իր կեանքը անցուցած ըլլալով Պոլիսէն դուրս՝ ան մնաց խորապէս կապուած հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթին։ Անոր աշխատանքները կամուրջ դարձան Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ՝ հայ մշակոյթը ներկայացնելով միջազգային գիտական հանրութեան։ Խորհրդային տարիներուն Տէր-Ներսէսեան սերտօրէն կը գործակցէր Հայաստանի գիտնականներուն հետ՝ կամուրջ դառնալով սփիւռքի եւ Մայր հայրենիքի ակադեմական շրջանակներուն միջեւ եւ օգնելով, որ այդ կապերը ամրանան։
Գիտնականուհին թաղուած է Ֆրանսայի Վիրոֆլէ քաղաքին մէջ, իսկ իր անձնական հարուստ գրադարանը նուիրաբերուած է Երեւանի Մատենադարանին՝ իբրեւ մնայուն ներդրում հայ գիտութեան զարգացման։
Խորհրդային տարիներէն մինչեւ այսօր Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի անունը արժանաւոր կերպով կը յիշուի Հայաստանի մէջ։ Ան ընտրուած է Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ (1966) եւ արժանացած բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու ու պատիւներու։
Յատկանշական է, որ իր գիտական ճամբորդութիւնը սկսաւ որպէս որբացած աղջիկ մը Պոլիսէն եւ հասաւ մինչեւ համաշխարհային ակադեմական բարձրութիւններ՝ առանց երբեւէ կորսնցնելու իր ինքնութիւնը։
130 տարի անց, Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան կը մնայ ո՛չ միայն բիւզանդագիտութեան եւ հայագիտութեան հսկայ մը, այլ նաեւ օրինակ՝ մտաւոր ազնուութեան, յամառ աշխատանքի եւ մշակութային նուիրումի։
Սակայն, այս ժառանգութիւնը չի սահմանափակուիր միայն իր անձով։ Այդ մէկը նաեւ նախահիմք դարձաւ այն ակադեմական գծին, որուն վրայ յետագային պիտի ձեւաւորուէր ամերիկեան հայագիտութիւնը որպէս հաստատուած եւ ինքնուրոյն գիտական դաշտ։ Այդ աւանդը շարունակութիւն գտած է այն մտաւորականներուն մէջ, որոնք, ներշնչուած իր գործով ու մօտեցումով, շարունակեցին բանալ հայագիտութեան նոր հորիզոններ։ Եւ անոնց մէջ յատկապէս պիտի փայլէր Նինա Կարսոյեան՝ ո՛չ թէ որպէս ուղղակի «հետեւորդ», այլ որպէս նոր փուլ բացող գիտնական, որ արդէն ձեւաւորուած՝ համակարգուած հայագիտական ամպիոններու մէջ կը շարունակէր Տէր-Ներսէսեանի բացած մտաւոր ուղին՝ տալով անոր նոր կառուցուածք եւ միջազգային հաստատութենական չափանիշ։
ՆԻՆԱ ԿԱՐՍՈՅԵԱՆ․ ԳԻՏԱԿԱՆ ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայագիտութեան ոլորտին մէջ առաջին կին փրոֆեսէօրն էր Նինա Կարսոյեան, որ կը մարմնաւորէ գիտական յառաջընթացի եւ մտաւորական ժառանգութեան շարունակականութեան բացառիկ օրինակ մը։ Մեծանուն հայագէտ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի հոգեւոր սանը կոչուած ըլլալու հանգամանքը իր գիտական դիմագիծին կը հաղորդէ խոր արմատաւորում եւ աւանդութեան գիտակցութիւն։
1923 թուականի ապրիլի 11-ին Փարիզի մէջ ծնած Կարսոյեան կը պատկանի այն սերունդին, որ կազմաւորուեցաւ գաղթի պայմաններուն մէջ։ Ռուսաստանէն արտագաղթած հայ ընտանիքի մը մէջ ծնունդ առնելով՝ մանկութեան շրջանին իսկ առընչուեցաւ բազմամշակութային միջավայրի մը հետ, ուր լեզուներն ու պատմութիւնները կը խաչաձեւուէին։ 1933 թուականին ընտանիքը հաստատուեցաւ Նիւ Եորք. այդ տեղափոխութիւնը վճռորոշ եղաւ անոր ապագայ ուղիին համար՝ բանալով ամերիկեան ակադեմական աշխարհի դռները։
Կարսոյեան իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացաւ Փենսիլվանիոյ Պրին Մաուր քոլէճին մէջ, զոր աւարտեց 1943 թուականին՝ հնադարեան հնաբանութեան պաքալորէայի աստիճանով։ Այս նախնական ուսումը ձեւաւորեց անոր պատմական մտածողութիւնը՝ ուղղուած հին աշխարհի ուսումնասիրութեան եւ աղբիւրներու քննադատական ընթերցման։ Ան շարունակեց իր ուսումը Քոլումպիայի համալսարանին մէջ՝ 1946 թուականին ստանալով մագիստրոսի աստիճան, ապա 1958 թուականին՝ տոքթորի տիտղոս, մասնագիտանալով Բիւզանդական, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի պատմութեան մէջ։
Անոր ակադեմական գործունէութիւնը սերտօրէն կապուած մնաց Քոլումպիայի համալսարանին հետ, ուր երկար տարիներ վարեց հայագիտութեան ամպիոնը՝ ձեւաւորելով նոր սերունդ մը, որ պիտի շարունակէր իր սկսած գիտական ճանապարհը։
Համալսարանը իր վաւերագիրներուն մէջ նշած է, որ Կարսոյեանի դասախօսութիւնները կը յատկանշուէին խստապահանջ վերլուծութեամբ եւ լայն համեմատական տեսանկիւնով, որոնք ուսանողները կը մղէին մտածել պատմութիւնը որպէս բազմաշերտ իրականութիւն։
Կարսոյեան նաեւ կարեւոր վարչական պաշտօններ ստանձնեց․ Փրինսթընի համալսարանի Բարձրագոյն դպրոցի ղեկավարի իր նշանակումը դարձաւ շրջադարձային, որովհետեւ ան առաջին կինն էր, որ այդ դիրքը կը գրաւէր։ Այս իրողութիւնը կը վկայէ այն վստահութեան մասին, զոր ան վայելեց ամերիկեան ակադեմական շրջանակներուն մէջ, նաեւ կը բացայայտէ կանանց դերի ընդլայնումը բարձրագոյն կրթութեան ոլորտէն ներս։
Նինա Կարսոյեան երկու անգամ ընտրուեցաւ «Ֆորտ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին անդամ, մասնակցելով կրթական եւ գիտական քաղաքականութիւններու ձեւաւորման։ Միեւնոյն ժամանակ դասաւանդեց Սմիթ քոլէճին մէջ եւ արժանացաւ Քոլումպիայի համալսարանի պատուակալ դասախօսի կոչումին։ Միջազգային գիտական աշխարհը եւս բարձր գնահատեց անոր վաստակը․ ան դարձաւ Ամերիկեան միջնադարագէտներու ակադեմիայի իսկական անդամ եւ Բրիտանական ակադեմիայի թղթակից անդամ։
Կարսոյեան նաեւ կարեւոր դեր խաղաց հայագիտական հրապարակումներու զարգացման մէջ՝ որպէս Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Revue des Études Arméniennes» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր։ Այս հարթակը կը ծառայէր իբրեւ հանդիպման վայր՝ զանզան դպրոցներու եւ մօտեցումներու գիտնականներուն համար՝ նպաստելով հայագիտութեան միջազգային ճանաչման։
Գիտական աշխատանքները կեդրոնացած են միջնադարեան Հայաստանի վրայ՝ ընդգրկելով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, աղբիւրագիտութիւնը, մշակութային զարգացումները եւ քաղաքական յարաբերութիւնները։ Կարսոյեան կը դիտէ Հայաստանը որպէս քաղաքակրթական խաչմերուկ, ուր կը հանդիպին Բիւզանդական եւ Պարսկական աշխարհները՝ ստեղծելով բազմաշերտ պատմական հոլովոյթ մը։ Անոր վերլուծութիւնները կը բացայայտեն այս փոխազդեցութիւններուն խորքը՝ ընդգծելով անոնց ազդեցութիւնը հայկական ինքնութեան կազմաւորման վրայ։
Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Պաւլիկեան շարժման ուսումնասիրութեան, փորձելով վերագնահատել անոր տեղը պատմութեան մէջ եւ զայն ազատել երկարատեւ սխալ մեկնաբանութիւններէ։
Թարգմանական գործունէութիւնը եւս կը գրաւէ կարեւոր տեղ մը անոր ժառանգութեան մէջ։ Կարսոյեան անգլերէնի վերածեց Փաւստոս Բիւզանդի «Պատմութիւն հայոց»ը, Նիկողայոս Ադոնցի եւ Յակոբ Մանանդեանի աշխատութիւնները՝ այդ կերպով հայ պատմագիտութիւնը մատչելի դարձնելով միջազգային գիտական շրջանակներուն։ Այս աշխատանքը կը նպաստէր հայկական պատմական մտածողութեան տարածման եւ արժեւորման համաշխարհային մակարդակի վրայ։
Կարսոյեանի գիտական մօտեցումը կը միաւորէ խստապահանջ վերլուծութիւնը եւ պատմական զգայունութիւնը։ Ան կը ջանար հասկնալ անցեալը իր ամբողջ բարդութեամբ՝ հեռու մնալով պարզեցնող մեկնաբանութիւններէ։ Իր գրութիւններուն մէջ կը զգացուի պատասխանատուութիւն՝ պատմութիւնը ներկայացնելու որպէս կենդանի հոլովոյթ, որ կը շարունակէ ազդել ներկայ ժամանակներուն վրայ։
2022 թուականի օգոստոսի 14-ին Նիւ Եորքի մէջ իր մահը փակեց երկար ու արգասաբեր կեանքի մը էջը, սակայն, անոր ժառանգութիւնը կը շարունակէ ներգործել։ Ուսանողները, իր գրութիւնները եւ ստեղծած գիտական կամուրջները կը պահեն անոր ներկայութիւնը կենդանի՝ հայագիտութեան եւ ընդհանուր պատմագիտութեան դաշտին մէջ։
Այս երկու կին հսկաներու կենսագրութիւնը աւելին է, քան պարզապէս ակադեմական յաջողութեան պատմութիւն։ Անոնք կը ներկայացնեն հայ մտքի տոկունութիւնն ու վերածնունդը՝ զանազան ժամանակներու եւ աշխարհագրական միջավայրերու մէջ։
Մէկը՝ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծնած եւ արհաւիրքներուն դէմ յանդիման որբացած աղջիկը, որ կրցաւ իր լուսաւոր միտքով նուաճել Եւրոպայի ու Ամերիկայի ամենաբարձր ամպիոնները՝ հայկական արուեստը դասելով համաշխարհային գոհարներու շարքին։ Միւսը՝ Նինա Կարսոյեան, Ռուսական կայսրութեան բեկորներէն սերած եւ Փարիզի ու Նիւ Եորքի բազմամշակութային հնոցին մէջ կազմաւորուած գիտնականը, որ հայոց պատմութիւնը օժտեց քննական խորութեամբ ու զայն կապեց համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարկերակին։
Անոնք եկան զանազան կայսրութիւններէ, անցան տարագրութեան ու դժուարութիւններու բովով, բայց դարձան հայագիտութեան այն անսասան սիւները, որոնց վրայ այսօր կը յենի միջազգային հայագիտական միտքը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան