ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԸ ՈՐՊԷՍ ՀԱՍԱՐԱԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ
Ներկայ ժամանակներուն, երբ արդիականութիւնը իր ճիրաններուն մէջ առած է մարդկային գիտակցութիւնը, աւելի քան երբեք տեսանելի դարձած է հասարակութեան մը բարոյական փտած վիճակը։ Քայքայումը սկսած է այն ժամանակ, երբ մարդը դարձած է արժէքներու անզգայ սպառողի՝ փոխանակ ըլլալու արժէքներու կրող ու ստեղծող։
21-րդ դարու մարդը կը դիմագրաւէ բարոյական արժեհամակարգի խոր ճգնաժամ մը, զոր կարելի չէ որպէս զուտ անհատական կամ հոգեբանական երեւոյթ նկատել։ Ընդհակառակը՝ բարոյական խանգարումը պէտք է դիտել իբրեւ քաղաքական եւ հասարակագիտական երեւոյթ, նաեւ համակարգային այլասերումի հետեւանք։ Սա արտայայտութիւն մըն է այն իրողութեան, որ բարոյականութիւնը ո՛չ միայն անհատի, այլեւ ընդհանուր մակարդակի վրայ ենթարկուած է քաղաքական շահերու, տնտեսական մենատիրութեան եւ արժէքային դատարկութեան անողոք ճնշումներուն։
Ժամանակակից ժողովրդավարութիւնները, որոնց հիմնասիւներէն մին պէտք է ըլլար հասարակական պատասխանատուութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ հանրային շահերուն, այսօր վերածուած են շահամոլ գործարքներու օճախի։ Պետական այրերը չեն առաջնորդուիր բարոյական օրինակականութեամբ, այլ՝ քարոզչական փայլքով, անհիմն խոստումներով եւ կեղծ հռետորաբանութեամբ։
Այս երեւոյթը համակարգային է։ Երբ օրէնսդիր, դատական եւ գործադիր մարմինները կը հաւաքեն անհատներ, որոնք կը ծառայեն իշխանութեան պահպանման, այլ ոչ թէ հանրութեան բարօրութեան, արդիւնքը բարոյական փտածում է, ուր «ճիշդ» եւ «սխալ» սահմանները ջնջուած են։
Բարոյական չափանիշները այլեւս ունին վերացական եւ ոչ-բովանդակային երանգներ։ Հաւատարմութիւնը տեղը կը զիջի խաբէութեան, ազնուութիւնը կը ծաղրուի իբրեւ միամտութիւն եւ յարգանքը կը դիտուի իբրեւ թուլութեան նշան։ Ահա՛, բարոյականութեան ճշմարիտ ճգնաժամը։
Մամուլը, զանազան հաղորդակցական միջոցները եւ հանրային հարթակները կը վերածուին վարկաբեկումի ու կեղծ փառքի «գովազդարաններու»։ Անոնք կը տարածեն յաջողութեան աղաւաղուած պատկեր մը՝ հիմնուած շահագործման, անազնուութեան եւ մակերեսային փայլի վրայ։
Լրատուամիջոցները, ընկերային ցանցերը՝ մանաւանդ ընձեռած «ազատ արտայայտութեան» դիմակին տակ, կ՚աշխատին չէզոքացնելով հանրային իրազեկումը՝ ստեղծելով մոլորեցուցիչ վարկանիշներ, կեղծ արժանիքներ եւ սպառողական բարոյականութիւն։
Այս բոլորը կ՚աճեցնեն անհատականութեան ճնշումը՝ կորսնցնելով համայնքային կապերն ու բարոյական հենքերը։ Մարդիկ կը դառնան առանձին՝ բազմութեան մէջ, իւրաքանչիւրը սեփական փշրուած հայելիէն կը դիտէ աշխարհը՝ առանց կարենալ տեսնելու ուրիշի մը ճշմարտութիւնը։
Ժամանակն է վերագտնելու մեր արժէքներն ու բարոյական ինքնութիւնը։ Բարոյական վերածնունդը պիտի սկսի ինքնաքննութեամբ, գիտակցութեամբ եւ ամենէն առաջ՝ ժխտելով այն սխալ սկզբունքները, որոնք ընդունած ենք իբրեւ «նոր ժամանակներու ճշմարտութիւն»։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ