ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՏԱՌԵՐՈՒ ԳԻՒՏԻ 1500-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԱՆԱՅԻՍԻ ՅՈՒՇԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Պոլսահայ բանաստեղծուհի, արձակագիր, մամուլի աշխատակից Անայիս (Եւփրիմէ Աւետիսեան) իր «Յուշերս» գիրքին մէջ երկար պատմելով կը գրէ Հայոց տառերու գիւտին 1500-ամեակին կապակցութեամբ՝ տօնուած Պոլիս։ Անոր գրութիւնը ո՛չ միայն պաշտօնական յոբելեանի մասին է, այլեւ իբրեւ ժողովրդական տօնի, երբ ամբողջ պոլսահայութիւնը խռնուած էր եկեղեցիներու, փողոցներու, սրճարաններու եւ ծովեզերեայ թաղերու մէջ։ Անայիս կ՚արձանագրէ արարողութիւնները, ճառերը, երգերը եւ յատկապէս այդ օրերու հոգեվիճակը, կը նկարագրէ այն բուռն, երբեմն սանձարձակ, բայց անկեղծ ոգեւորութիւնը, որով պարզ ժողովուրդը մօտեցած էր Սահակ-Մեսրոպի գիւտին, նոյնիսկ երբ կարդալ չէր գիտեր, բայց կը հաւատար, թէ ա՛յդ գիրերով է, որ ինք պիտի մնայ հայ։
Շուրջ մէկ դար առաջ, բոլոր հայաբնակ վայրերուն մէջ, ներառեալ Պոլիսը եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ քաղաքները, մեծ շուքով նշուեցան հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակը եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակը։ 1912 թուականին, Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե․ Կաթողիկոսի յատուկ շրջաբերական կոնդակով, ընթացիկ տարին հռչակուեցաւ յոբելենական։ Որոշուեցաւ տօնակատարութիւններու սկսիլ 1912 թուականի հոկտեմբերի 13-ին եւ ուղիղ մէկ տարի ետք՝ 1913 թուականի հոկտեմբերի 13-ին, Սուրբ Թարգմանչաց տօնին, կազմակերպել յոբելենական տարուան հանդիսաւոր փակումը։
Նախաձեռնութիւնը ստացաւ համազգային բնոյթ եւ այդ իսկ պատճառով կոչուեցաւ «Համազգային մեծ յոբելեան»։ Գրողին «Յուշերս» գիրքը տպուած է Փարիզ՝ 1949-ին, իր մահէն ամիսներ առաջ։
*
ՅՈՒՇԵՐՍ
Հայ տառերու գիւտին 1500-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք հանդիսութեանց կարգադիր մասնախումբի մը ընտրութեան համար հրաւէր ստացած էի երթալու Ղալաթիոյ եկեղեցիին խորհրդարանը՝ ժողովի։
Անհամար տարիներու ընթացքին Պոլսոյ հայութեան համար այդ Ղալաթիոյ Ամենափրկիչ եղեղեցին մասնաւոր քաշողութիւն մը ունեցած է։ Ուխտատեղի մը եղած է ան, ուր հեռուէն թէ մօտէն ամէն հինգշաբթի օր դիմած է խուռներամ բազմութիւն մը։
Վեհապանծ աղօթատեղի մըն էր Ս․ Փրկիչ եկեղեցին․ երկու ընդարձակ տաճարներ մէջ մէջի, ճակատը՝ խորաններ, ձախ կողմի խորանին քովը, սեղանին աստիճաններուն գրեթէ կից, դուռ մը կար, ուրկէ կը մտնուէր պզտիկ մատուռ մը․ հոն ձախ կողմի պատին մէջ, մասնաւոր պահարան մը ապակեպատ, ուր զետեղուած էր մասունքը, ոսկեճամուկ մեծ խաչի մը պատին․․․
Ոչ ոք կար հոն, երբ ներս մտայ այդ օրը, կերոն մը վառելով, պահ մը մտամփոփուելու: Այնքա՜ն խորախորհուրդ սրբավայր մը, որ պարապ է եւ ուր կը ծածանի տակաւին խունկին հոտը։
Յետոյ, գացի ժողովին մասնակցելու։ Արդարեւ, եթէ խորհրդարանին պատերը կարենային խօսիլ, բաւական հետաքրքրական բաներ պիտի պատմէին այդ ժողովներուն մասին։
1913: Աշնան մօտ երեկոյ մը, շաբաթ երեկոյ Գումգաբուի, Ենիգաբուի այդ ժողովրդական թաղերուն, մանաւանդ ծովեզերեայ մասին մէջ, միշտ հաճելի եղած է ինձ շաբաթ իրիկուններու եռուզեռը, ոգեւորութիւնը իրիկնամուտին։
Հոն կարծես կեանքը պարզապէս կը զեղու։
Ենիգաբուն այդ գիշեր սովորականէն շատ աւելի ոգեւորուած էր։
Մեծ ցնծութիւն մը եւ ամէն դէմքի վրայ ժպիտ։ Երջանկութիւն մը սփռուած էր, խայտանք մը, որ կարծես Մայր եկեղեցիին մեծ զանգակատան պղինձներուն վրայէն թեւածելով եկած թառած էր հոգիներուն վրայ այդ աշխատանքի զաւակներուն։
Հայկական տօն մըն էր, տօնը տառերու գիւտին, տօնը՝ Սահակ-Մեսրոպին։
Եկեղեցին կատարուած էր նախատօնակը եւ հիմա բոլոր ժողովուրդը փողոցները, սրճարանները, գինետան թէրասները խմբուած, առաւել կամ նուազ առասպելներով խառն կը պատմէին իրարու այդ հրաշալի գիւտին պատմութիւնը։
Հեքիաթի մը ձեւը առած էր ան, երբեմն խառը ճշմարտութեամբ։ Բայց այնքա՜ն աւելի աղուոր, հոգեյոյզ էր այդ հեքիաթը, քան՝ իրականութիւնը պատմաբաններէ, բանասէրներէ պատմուած, վկայութիւններով, մէջբերումներով, թուականներով, սպաննելով ամբողջ բանաստեղծութիւնը։
Բարեկամուհիիս հետ կը շրջէինք ծովեզերքը, կը լսէինք խօսակցութիւնները։
Ան կը գայթակղէր քիչ մը իմ հետաքրքրութենէս․ չէր սիրեր մնալ այդ մարդոց մէջ, որոնք սակայն զմայլելի էին իրենց բուռն ուրախութեան մէջ, թերեւս քիչ մը շատ բուռն։
Մեծ փառք մը, մեծ հարստութիւն մը ձեռք բերած ըլլային կարծես, եւ ի՜նչ գուրգուրոտ կերպով կը գոչէին․ «Մեր Ա. Բ․ Գ․-ը կտեր են, ծո՜, հրեշտակը գծեր է լուսով երկինքին վրայ։ Ս․ Սահակ, Ս․ Մեսրոպ տեսեր են, ծունկի եկեր, գրեր են․․․»։
Եւ բերնէ բերան շարունակաբար, յաճախակի օղիի գաւաթներուն բախումին մէջէն։ Եւ ըսել, թէ այդ մարդոցմէն շատեր կարդալ իսկ չէին գիտեր, բայց կը հրճուէին․ Հա՜յ էին, հայերէն լեզուն այդ գիրերով ողջ պիտի մնար։
Իսկ անդին քանիներ բացարձակապէս անտարբեր էին այդ գիւտին եւ այդ տօնին, քաղաքակրթուածներ, զարգացածներ(՞) եւ եւրոպականացածներ։
Կիրակի առաւօտ, մեծ օրուան առտուն «Խուռն ամբոխ նման կատաղի ալեաց» քերթողին ըսածին պէս, խուժած էր դէպի Մայր եկեղեցի։ Անվերջ մարդկային հոսանք մը կամուրջէն, Սիրքէճիի կայարանէն, Կէտիկփաշայի զառիվարէն, ամէն կողմէ, մեծ, պզտիկ, ծեր, երախայ, հիւանդ, առողջ, հարուստ, աղքատ, շիք արդուզարդ, ցնցոտի, խառն խուռն։ Կարգադիր մասնախումբը, որ այս անգամ մասնաւորաբար կարող ուժերէ կազմուած էր, ամէն ջանք ըրած էր կարգ կանոն պահելու։
Այդ, սակայն, դիւրին գործ չէր։ Խուժան, հայհոյանք պոռչտուք․ «Եկեղեցին ամէնունն է․․․» երբեմն ալ անուշ ու լեղի դիտողութիւններ կրթեալ ենթադրուածներէ։ Երեք ընդարձակ տաճարներ լեփլեցուն էին արդէն, երբ տակաւին հազարներով ժողովուրդ կու գար։ Սրտայոյզ էր, սակայն, հակառակ ամէն բանի, տեսնել այդ մարդիկը, որոնցմէ շատեր գիշերը չէին քնացած, լուացուած էին եկեղեցիին դրան առջեւ։ Նոյնիսկ կիներ կային, որ ծծկեր երեխաներ ունէին գրկերնին։
Բարեկամուհիիս հետ մենք ալ չէինք կրցած քնանալ․ այնքան բացառիկ էր ամէն երեւոյթ եւ քիչ հաւանական ուրիշ անգամ տեսնելու։
Հազար հինգ հարիւր ամեակը հայ տառերու գիւտին․ ո՞ր յոբելեանը այդ շահեկանութիւնը, այդ ժողովրդականութիւնը կրնայ ունենալ։
Ճշմարտապէս, մեծապայծառ, լուսաճաճանչ, աստուածային էր այն օրը Մայր եկեղեցին իր ջահերուն շողշողացումովը, իր լուսափողփող խորանովը, իր սպիտակափայլ դպիրներովը, ոսկեճամուկ զգեստաւոր քահանաներովը, մետաքսէ ծանրագին շապիկներ հագած սպասաւորներովը եւ պատարագիչին թանկարժէք զգեստներովը, մինչեւ սաղաւարտը մարգարիտ ու ադամանդ, կանաչ թաւիշի վրայ ոսկեհուռ բանուած, ճշմարիտ հրաշալիք մը արեւելեան ձեռագործ արուեստի եւ արքայավայել ճոխութեան, շքեղութեան։
Պատարագիչն էր Գաբրիէլ Եպսկ․ Ճէվահիրճեան, համբաւաւոր Պոլսոյ մէջ իր զուարճաբան քարոզներով, որոնք մեծ յուղարկաւորութիւններու ժամանակ ամենէն վշտակիր սգաւորին ծիծաղը կը շարժէին ակամայ, որովհետեւ սրբազանը իբրեւ սրամտութիւն չէր հրամցներ իր դամբանականները, այլ՝ իբրեւ փիլիսոփայութիւն։
Այդ միջոցին պատրիարքական տեղապահ էր Ճէվահիրճեան, եւ այդ օրը, իբրեւ կրօնական պետը ազգին, իրեն վիճակուած էր պատարագել։
Անպատեհութիւն մըն էր այդ․ ընդհանուր եկեղեցական արարողութեան հրաշալի կազմակերպութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ fausse-note մը, որովհետեւ սրբազանին ձայնը անախորժ էր եւ անվարժ ու շատ գէշ կ՚երգէր։
Երբ խունկերու կապոյտ մուխերուն մէջ, քշոցներու, ծնծղաներու խայտանքներուն ձայնով սպիտակ արծաթահիւս վարագոյրը բացուեցաւ, խորանին շողացումին մէջէն կարծես կ՚ուրուագծուէին երկու լուսաճաճանչ հոգիները Սահակին եւ Մեսրոպին ու կ՚օրհնէին հայ ժողովուրդը, քաջարի, տոկուն, հաւատացեալ, որ հոն խռնուած էր ի պատիւ իրենց, ու կ՚աղօթէր եւ կը փղձկէր ի յիշատակ իրենց գիւտին․ իրենց աշխատութիւններուն, կ՚անմահացնէր դարէ դար իրենց հասած նուիրական յիշատակը։
Վերի դասին մէջ կեցած էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ, թուրք նախարարներ, ներքին եւ դատական գործոց, ինչպէս նաեւ՝ օտար դեսպանատան ներկայացուցիչներ, ծերակուտականներ եւ կրօնական պետեր։ Անոնց ետեւը կեցած էինք մենք՝ տիկին Սիպիլ եւ ես, հրաւիրուած ծանօթ ընտանիքներ, խմբագիրներ, մտաւորականներ եւ այլն ընդունելու համար։ Թէեւ անհունապէս դժուարին էր պահել կարգ կանոնը, հակառակ կարգադրիչ մասնախումբի երիտասարդներու ջանքերուն, բայց ոչինչ պատահեցաւ գայթակղեցուցիչ, բարեբախտաբար։
Երբ «Հաւատամք»ի Աւետարանը վերջացաւ, մեծ տաճարին գմբէթը դղրդացնող զմայլելի ձայն մը «Փա՜ռք քեզ, Տէր»ը թնդացուց․ ամէն հոգիներէ սարսուռ մը անցաւ․ Շահմուրատեանն էր, վերջին պահուն հասած եւ երգեց մեներգերը հիանալիօրէն։
Ծերակուտական Մանուկ Ազարեան, որ բարեկամս էր, կեցած էր առջեւս, գերման դեսպանատան առաջին թարգմանին մօտ, որ քաջ երաժշտագէտ մըն էր։
Պահ մը այդ պարոնը բան մը փսփսաց Ազարեանի ականջին, ան ալ ինձ դառնալով․ «Գիտէ՞ք ինչ կ՚ըսէ, ըսաւ, կ՚ըսէ թէ այդպիսի պատարագ երկինքին մէջ միայն կրնայ տեղի ունենալ»։
Կէսօրուան մօտ վերջացաւ եկեղեցական արարողութիւնը։ Ժողովուրդին մեծ մասը մնաց հոն, որովհետեւ կէսօրէ վերջ ժամը 2-ին աշխարհական հանդէսը պիտի սկսէր։ Ի՜նչ փոյթ, թէ անօթի սպասէին, կը բաւէր, որ տեղ ունենային։
Մենք բարեկամուհիիս հետ տուն գացինք։ Լեցուն էին փողոցները, կատարեալ բանայիրի օր։
Տիկին Սիպիլ, տիկին Քալէմքեարեան եւ ես բաւական մտահոգ էինք վերջի կարգապահութեան մասին․ կրկնապատկուած էր ամբոխը դուրսի․ ինչպէ՞ս հնար պիտի ըլլար կարգն ու կանոնը պահելու։ Անմիջապէս որոշուեցաւ օգնական ուժեր առնել Գումգաբուի, Ենիգաբուի երիտասարդներէն։
Զո՜ւր կանխազգուշութիւն։
Հազիւ պատառ մը բան կերած վերադարձանք եկեղեցի, արդէն հնար չէր հասնիլ դրան։
Դուռներուն առջեւ կատարեալ պայքար, յարձակում, իրապէս մարդկային կատաղի ալիքներ, սանձարձակ ու սպառնագին։ Երբեք չէի տեսած այդքան խուժանային համախռնում, տեսակ մը սոսկում կը զգայի, ամօթահարութիւն․ բարեբախտաբար օտար հիւրեր չէին եկած։
Օրինակելի անձնուիրութեամբ մը Սամաթիոյ, Գումգաբուի, Ենիգաբուի ջրհանկիրները իրենց տօնական հագուստներով, լայն գօտիներով, երկար ֆէսերով, ոստիկաններու պէս կը պաշտպանէին տաճարին դուռները եւ դէմ կը դնէին ամբոխին դէպի ներս խուժումներուն, որովհետեւ ներսը այլեւս իրարու վրայ խռնուած էր բազմութիւնը, պատուհաններուն երկաթներուն վրայ թռչուններու պէս թառած էին աղջիկներ, տղաքներ։ Մէկ կողմէն կը նեղուէինք, միւս կողմէն կը զմայլէինք այն բուռն ոգեւորութեան, որ կը տիրապետէր հոն, թէեւ սանձարձակ եւ քիչ մը վայրենի։
Վերջապէս Կոմիտաս Վարդապետ իր 300 աշակերտներով սկսաւ «Ո՜վ մեծասքան դու լեզու»ն։ Կարծես դիւթական ցուպի հարուած մը վայրկենապէս լռեցուց հազարաւոր բերաններով ամբոխը։ Աղջիկներ սպիտակ հագուած, տղաքներ՝ սեւ, ու սեղանին վրայ երկու մասի բաժնուած էին, վարդապետը մէջտեղը։ Շատեր կը հեծկլտային, ջիղերը չափազանցօրէն գրգռուած։
Իրարու յաջորդեցին ճառեր, որոնց մեծ մասէն բան չլսուեցաւ, որովհետեւ վերսկսած էր աղմուկը։ Մեր առջեւ, դասին մէջ կեցած էր պաշտօնական հրաւիրելաներուն մէջ, Թալէաթ պէյը (վերջէն Թալէաթ փաշա), այն ատեն ներքին գործոց նախարար․ ան ալ խօսք առաւ, շատ կուռ, ճոխ բանախօսութիւն մը։ Հիացումով արտայայտուեցաւ դէպի հայ ժողովուրդը․ «Մենք, ըսաւ, յեղափոխութիւնը մեր հայ եղբայրներէն սորվեցանք․ անոնք մեզ արթնցուցին, ազատութեան ճամբան ցոյց տուին»։
Եւ մենք այդ պահուն հաւատացինք ու յուզուեցանք հպարտացած։
Քովս կեցած էր հայագէտ թուրք ծանօթ մտաւորական Սիւրէյյա պէյը։
-Տիկին, ըսաւ ան ականջէս, նկատի առէք, որ այսպէս խօսողը ներքին գործոց նախարարն է։
Արդարեւ, պէտք էր նկատի առնել։
Յետոյ տքթ․ Թորգոմեան եկեղեցիին միւս դասէն փորձեց խօսիլ։ Հազիւ լսելի եղան իր առաջին քանի մը բառերը։ Ահագին պոռչտուք, հրմշտուք, նոր եկողներ ոչ մէկ արգելքի կարեւորութիւն չտալով ներս խուժած էին։ Գոռում գոչում։
Ճարահատ լռեց ու ետ քաշուեցաւ Թորգոմեան եւ իր տեղը ամպիոն ելաւ Խաժակ, պարթեւ հասակով ու գոռ ձայնով։ Ան նախ սաստեց ժողովուրդը իր անվայել, աղմկայոյզ վերաբերումին համար սրբավայրի մը մէջ եւ նուիրական տօնակատարութեան մը պահուն։ Կարծես երկաթ սանձով մը ան զսպեց ամբոխը, որ տակաւ լռեց՝ այդ տիրապետող ձայնին շեշտերէն ազդուած։
Նոյն միջոցին, Պոլսոյ հայ ոսկերիչներէն պատգամաւոր երկու երիտասարդ Խաժակին յանձնեցին իրենց՝ այսինքն ոսկերիչներուն կողմէ պատրաստուած կոթող մը, որուն վրայ ադամանդով շատ նրբօրէն եւ յստակօրէն քանդակուած էին հայ Ա․ Բ. Գ․-ը։ Ոսկերչական արուեստին մէկ գլուխ գործոցը կրնար նկատուիլ այդ աշխատութիւնը։
Գրեթէ 25 մեթր բարձրութիւն ունեցող կոթող մըն էր, տառերը շարուած չորս կողմը՝ պսպղուն ու գեղեցիկ։ Բանախօսը գուրգուրանքով ցոյց տուաւ զայն ժողովուրդին․ դրուատեց արուեստին փափկութիւնը, ճաշակը եւ նպատակին նուիրականութիւնը։
Երկար խօսեցաւ Խաժակ սրամիտ ու ժողովրդական իր ոճովը, համեմելով իր խօսքերը կարճ անէքտօթներով։
Յեղափոխական բանախօսը Պոլսոյ մէջ մեծ համակրութիւն շահած էր իր խօսելու դիւրութեան եւ սրամտութեան համար։ Պոլսեցիք անժպիտ մարդիկը չէին սիրեր եւ Խաժակ ժպտալով, կատակելով իսկ շատ լուրջ բաներ ըսելու մեծ յատկութիւնը ունէր։
Ինչպէս ամէն գեղեցիկ բան, այդ յոբելեանի տօնակատարութիւնն ալ վերջացաւ։ Մենք, մասնախումբի անդամներս, գոհ էինք, որովհետեւ երբեւէ լուրջ անպատեհութիւն, կռիւ, ծեծկռտուք եւ այլն, պատահած չէր այնքան խուռներամ ամբոխի մը մէջ։ Ասկէ զատ, հպարտութիւնը ունեցած էինք գեղեցիկ բան մը, վայելուչ բան մը ըրած ըլլալու եւ տեսնելու մանաւանդ, որ Պոլիս այդ օրը մեզմով, հայերովս զբաղած էր։
Դուրսը, եկեղեցիին շրջափակը զբօսավայրի մը երեւոյթը առած էր կատարելապէս։ Ոմանք գետինը նստած կը ճաշէին, փոկեղ, պանիր եւ այլն կ՚ուտէին։ Կիներ երեխանին կը դիեցնէին․ ամէն տեսակ բան կար հոն։ Սիպիլ կը նեղուէր, ես ծայր աստիճան կը զուարճանայի։
Վերջապէս հարկ եղաւ բաժնուիլ ու դառնալ Գատըգիւղ, ուր նոյն գիշերը ձմեռնային թատրոնին մէջ, յոբելենական հանդէս սարքուած էր Արամեան եւ Թորոսեան վարժարաններուն կողմէ եւ ուր զիս ալ հրաւիրած էին խօսելու։ Բայց, ես բնաւ միտք չունէի այդպիսի բան մը ընելու, թէեւ գրած էի ինչ որ կրնար կարդացուիլ այդ հանդէսի միջոցին եւ օրիորդի մը տուած, որպէսզի վերջին պահուն իմ տեղս կարդայ գրածս, որ արդէն զգայացունց բան մըն ալ չէր․․․
Երկար էր այդ հանդէսը, թէեւ խնամքով պատրաստուած։ Անվերջանալի բաներ կարդացուեցան, խօսուեցան, արտասանուեցան, որոնցմէ միայն յիշողութեանս մէջ մնաց Չօպանեանի «Գեղօն ի պատիւ հայ լեզուին»ը՝ բաւական լաւ առոգանութիւն ունեցող աղջնակի մը կողմէ։
Հոն ոգեւորութիւնը շատ հեռու էր նմանելէ Մայր եկեղեցիի ժողովուրդին եռանդին, աւիւնին, սրտաբուխ ցնծութեան, թէեւ ամէն ինչ շատ կանոնաւոր էր, կարգապահութիւնը օրինակելի, բազմութիւնը՝ բաղդատաբար բարեկիրթ, աղմուկը նուազ եւ ոչ մէկ երեխայ կամ թերեւս շատ քիչ, ինչ որ հայկական հաւաքոյթի մը համար հազուադէպ երեւոյթ է։
Բայց, չեմ գիտեր ի՛նչ մը կար հոն բռնազբօսիկ, մանաւանդ մէկուն համար, որ երկու օրերու ընթացքին ներկայ եղած էր ինքնաբեր ու հոգեյոյզ ցոյցերու Գումգաբուի, Ենիգաբուի, Սամաթիայի երիտասարդութեան։ Պարզուկ ժողովուրդն էր ան, հոյակապ սիրտ մը, որ կը զգայ եւ կը բաբախէ ուժգին, որ կը պահէ նուիրականութիւնները իր պարզութեանը խորը եւ զոր ոչ մէկ բան կրնայ հեռացնել անկից՝ ո՛չ ժամանակը, ո՛չ անցքերը, ո՛չ բռնակալութիւնը եւ ո՛չ ալ քաղաքակրթութիւնը։ Բուն ժողովո՛ւրդը, որուն համար Վ․ Հիւկօ ըսած է․ «Ժողովուրդը վերն է, իսկ ամբոխը՝ վարը»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
•շար. 2 եւ վերջ
Երեւան