ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՄԱՐՏ ԱՄՍՈՒԱՅ ՀԱՄԱՐ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ՄԵԶԻ ՀԱՆԴԷՊ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ Է»

Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը խորհրդածութիւններ ունի տարուայ բոլոր օրերուն համար։ Հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 2024 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիոյ Սուրբ Գրոց ընկերութեան համագործակցութեամբ։

Կը ներկայացնենք խորհրդածութիւններ՝ նախատեսուած մարտ ամսուայ օրերուն համար։ 

ԱՍՏՈՒԾՈՅ «ԱՆԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Յիսուս Էմմանուէլն է՝ Աստուած մեզի հետ: Աստուծոյ մարդեղացման մեծագոյն գաղտնիքը, անոր մեզմէ սիրուելու փափաքն է: Լիովին մարդկային հոգատարութենէն կախեալ մանուկ մը ըլլալով, Աստուած կ՚ուզէ վերացնել մարդկութեան եւ աստուածութեան միջեւ գտնուող միջոցը:

Ո՞վ կրնայ վախնալ փոքրիկ մանուկէ մը, որ սնունդի, հոգատարութեան, ուսուցման եւ առաջնորդութեան կարիքը ունի: Յաճախ երբ մենք Աստուծոյ մասին կը խօսինք, զայն կը ներկայացնենք իբրեւ ամենակարող եւ ամենազօր Տէր, որմէ կախեալ ենք ամբողջովին: Բայց Աստուած ուզեց ամենատկար, ամենախոցելի եւ կատարելապէս մեզմէ կախում ունեցող Աստուածը ըլլալ: Ուստի ինչպէ՞ս վախնալ այն Աստուծմէ, որ կ՚ուզէ Աստուած ըլլալ մեզի հետ եւ մենք՝ իրեն հետ:

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒԽՏԸ

Աստուած ուխտ մը կնքեց մեզի հետ: «Ուխտ» բառը կը նշանակէ «իրարու քով գալ կամ մէկ ըլլալ»: Աստուած կ՚ուզէ մօտենալ ու միանալ մեզի:

Հին կտակարանի բազմաթիւ դէպքերուն մէջ, կը տեսնենք, որ Աստուած կը յայտնուի իբրեւ այնպիսին, որ կը պաշտպանէ մեզ մեր թշնամիներէն, կը պահէ մեզ ամէն տեսակի վտանգներէն եւ կ՚առաջնորդէ ազատութեան: Ան մեզի համար Աստուած է: Քրիստոսի գալուստով ուխտի նոր ուղղութիւն մը կը յայտնուի: Քրիստոսի մէջ, Աստուած կը ծնի, կ՚աճի ու կը հասուննայ, կ՚ապրի, կը տառապի եւ կը մեռնի այնպէս՝ ինչպէս մենք կ՚ըլլանք: Աստուած մեզի հետ է:

Ի վերջոյ, երբ Քրիստոս կ՚երթայ՝ ան կը խոստանայ Սուրբ Հոգին ղրկել: Սուրբ Հոգիին մէջ է, որ Աստուած կը յայտնէ ուխտին ամբողջական խորութիւնը: Աստուած կ՚ուզէ մեզի այնքան մօտ ըլլալ, որքան մեր շունչը մեզի: Աստուած կ՚ուզէ շնչել մեր մէջ, որպէսզի ինչ որ խօսինք, մտածենք եւ գործենք՝ կատարելապէս ներշնչուած ըլլայ իրմով:

Աստուած մեր ներսիդին է: Այսպիսով Աստուծոյ ուխտը մեզի կը յայտնէ, թէ ո՛րքան Աստուած մեզ կը սիրէ:

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ Աստուած ուխտ մը կնքէ մեզի հետ, կ՚ըսէ. «Ես ձեզ յաւիտենական եւ անհատնում սիրով պիտի սիրեմ: Հաւատարիմ պիտի մնամ ձեզի, նոյնիսկ եթէ դուք ինձմէ հեռու փախչիք, չընդունիք զիս եւ դաւաճանէք ինծի»:

Ներկայ մեր ընկերութեան մէջ շատ չենք խօսիր ուխտերու մասին, այլ կը խօսինք համաձայնութիւններու մասին: Եւ երբ ուրիշի մը հետ համաձայնութիւն կնքենք, կ՚ըսենք. «Ես պիտի ամբողջացնեմ ու կատարեմ իմ բաժինս այնքան ատեն, որ դուն քու բաժինդ կատարես: Երբ չես յաջողիր պահել քու խոստումդ, ես ալ պէտք չունիմ պահելու իմ խոստումս»: Համաձայնութիւններ յաճախ կը խզուին, որովհետեւ ընկերակիցներ անկարող են իրենց խոստումին տէրը ըլլալու:

Բայց Աստուած համաձայնութիւն չկնքեց մեզի հետ, այլ ուխտ եւ կ՚ուզէ, որ իրարու հետ մեր ունեցած յարաբերութիւնները ճառագայթումը ըլլան այդ ուխտին: Ահա թէ ինչու ամուսնութիւնը, բարեկամութիւնն ու ընկերային կեցութիւնը ճամբաներ են արտայայտելու Աստուծոյ հաւատարմութեան իսկական տեսանելիութիւնը մեր կեանքին մէջ:

ԱՐՏԱՑՈԼԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՍԷՐԸ

Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ յաւիտենական է: Ասիկա կը նշանակէ, որ այդ սէրը գոյութիւն ունէր նախքան մեր ծնունդը եւ պիտի գոյատեւէ մեր մահէն ետքն ալ: Ան յաւիտենական սէրն է, ընդ որում մենք բոլորս ընդգրկուած ենք: Հոգեւոր կեանք ապրիլը մեզ կը հրաւիրէ պահանջելու այդ յաւիտենական սէրը մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար, որպէսզի կարենանք ապրիլ մեր ժամանակաւոր սէրը մեր ծնողներուն, եղբայրներուն, քոյրերուն, ուսուցիչներուն, բարեկամներուն, հարազատներուն, ամուսիններուն եւ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք մեր կեանքին մաս կը կազմեն, իբրեւ Աստուծոյ յաւիտենական սիրոյ արտացոլացումը:

Ոչ մէկ ծնողք կրնայ կատարելապէս սիրել իր զաւակները: Ոչ մէկ ամուսնացեալ զոյգ կրնան զիրար սիրել անսահման սիրոյ արժեչափով: Չկայ մարդկային սէր, որ տեղ մը կանգ չառնէ ու չխորտակուի:

Երբ մեր խորտակուած սէրը միակն է, զոր ունինք, շուտով յուսահատութեան կը մատնուինք, բայց երբ փորձենք ապրիլ զայն իբրեւ Աստուծոյ կատարեալ եւ անպայմանաւոր սիրոյ մասնակի արտացոլացումը, կրնանք ներել իրարու մեր սահմանափակումները եւ վայելել մեր ընկալելիք սէրը:

ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿԱՅՔ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼ

Մարդկային բազմաթիւ յարաբերութիւնները կը նմանին երկու ձեռքերու իրերահիւս մատներուն: Մեր մինակութիւնը մեզ կը մղէ կառչիլ իրարու, ինչ որ մեծապէս կը տառապեցնէ մեզ եւ երբեք չի յաջողիր փարատել մեր մինակութիւնը: Եւ որքան աւելի փորձենք, այնքան աւելի յուսախաբ կ՚ըլլանք: Այս «իրերահիւս» յարաբերութիւններուն մեծ մասը կը ձախողի, որովհետեւ անոնք կը դառնան հեղձուցիչ եւ յարձակողական:

Մարդկային յարաբերութիւնները պէտք է երկու ձեռնամած ափերու նմանին: Անոնք կրնան ազատօրէն շարժիլ, եթէ նոյնիսկ իրարու կը հպին մատներու ծայրով, կրնան միջոցներ ստեղծել, տնկել վրան մը, կառուցել տուն մը, կայք մը ապահովել․․․ 

Մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող ճշմարիտ յարաբերութիւնները զԱստուած կ՚արտացոլան: Անոնք կը նմանին աշխարհի մէջ կատարուող աղօթքներու: Երբեմն աղօթող ձեռքերը ամբողջութեամբ իրարու կը դպչին, երբեմն ալ՝ միջոցով կը բաժնուին: Անոնք միշտ իրարմէ անջատ ուղղութեամբ կը շարժին, բայց երբեք չեն օտարանար, կը շարունակեն աղօթել Անոր, որ զիրենք իրարու միացուցած է:

ՃՇՄԱՐԻՏ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Ամէն բարի յարաբերութիւն, ըլլայ բարեկամական, ամուսնական թէ ընտանեկան, միջոց մը կը ստեղծէ, ուր օտարներ կրնան մուտք գործել եւ բարեկամ դառնալ:

Բարի յարաբերութիւնը հիւրընկալ է: Երբ տուն մը մտնենք եւ մեծապէս հարազատ զգանք հոն, կ՚անդրադառնանք այդ տան բնակիչներուն միջեւ սիրոյն, որ անմիջապէս մեր ընդունելութիւնը կարելի կը դարձնէ:

Երբ տան մէջ վէճ գոյութիւն ունի, հիւրը շուտով կը պարտաւորուի կողմնորոշուիլ՝ որո՞ւ կողմը բռնել, որո՞ւ հետ համաձայն գտնուիլ եւ զո՞վ նախընտրել եւ այլն։ Նման հարցումներ արգելք կը հանդիսանան ճշմարիտ հիւրընկալութեան, որ հիւրին հանդէպ տածուած սիրոյ արտայայտութենէն շատ աւելին է եւ հեռուն կը միտի:

ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐԳԵՒԸ

Զաւակները իրենց ծնողքին հիւրն են: Անոնք ատեն մը՝ 15, 20, 25 տարի ծնողական յարկի տակ կը մնան, ապա կը հեռանան, որպէսզի իրենց կարգին ստեղծեն սեփական բոյնը: Թէեւ ծնողներ զանոնք «մեր տղան», «մեր աղջիկը», կը կոչեն, բայց զաւակները անոնց սեփականութիւնը չեն, այլ այսպէս թէ այնպէս օտարականներ:

Ծնողներ պարտ են մօտէն ճանչնալ իրենց զաւակները, յայտնաբերելու անոնց կարողութիւններն ու տկարութիւնները, առաջնորդելու զիրենք դէպի հասունութիւն՝ առանց արգելք հանդիսանալու անոնց անհատական աճին։

Մեծագոյն սէրը, զոր ծնողներ կրնան տալ իրենց զաւակներուն՝ իրարու հանդէպ ունեցած իրենց սէրն է: Այսպիսով անոնք կրնան իրենց զաւակներու ապագային նկատմամբ մտահոգութենէ զերծ եւ ազատ գետին մը ստեղծել, քաջալերելով անոնց ինքնավստահութիւնն ու սեփական ապագան կերտելու ազատութիւնը։

ԴԷՊԻ ԱՆԴԱՏՈՂԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Առանց նախապաշարումներու ապրիլը, հոգեւոր դժուարագոյն հրամայականներէն մէկն է: Երբեմն նոյնիսկ չենք անդրադառնար, թէ որքա՜ն արմատացած են մեր մէջ կարգ մը նախապաշարումներ: Շատ յաճախ կը կարծենք, թէ մեր յարաբերութիւնները տարբեր մարդոց հետ, տարբեր գոյնով, կրօնքով եւ կենցաղով, հաւասարէ հաւասար են, բայց մեր մէջ մտածումները, չկշռադատուած իրականութեան խօսքերն ու անխոհեմ հակազդեցութիւնները ամբողջութեամբ հակառակը կը վկայեն. անոնք կու գան յայտնելու մեզի, թէ մեր նախապաշարումները տակաւին գոյութիւն ունին մեր ներսիդին:

Օտարներու ներկայութիւնը յաճախ վախ, անհանգստութիւն, կասկած եւ թշնամութիւն կը յառաջացնեն մեր մէջ։ Անոնք պարզապէս «ուրիշ» ըլլալով, անապահովութեան զգացումը կը ներշնչեն մեզի։ Միայն այն ատեն, երբ կատարելապէս ճանչնանք Աստուծոյ անպայմանաւոր սէրը, որով ան կը սիրէ մեզ եւ նոյն սիրով կը սիրէ նաեւ «ուրիշները», կրնանք յայտնաբերել, թէ մարդոց մէջ տիրող անհուն զանազանութիւնները Աստուծոյ սրտին համապարփակ հարստութեան արտայայտութիւններն են: Այս համոզումէն ետք միայն մեր մէջէն աստիճանաբար կրնայ չքանալ մարդիկը կանխադատելու կարիքը:

ՄԵՐ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԿՈՉՈՒՄԸ

Այնքան սարսափելի բաներ կը պատահին ամէն օր, որ կը սկսինք հարց տալ մենք մեզի, թէ մեր ըրած բաները որեւէ իմաստ կը պարունակե՞ն: 

Երբ մեզմէ միայն քանի մը մղոն անդին, մարդիկ անօթութենէ կը մեռնին, երբ պատերազմներ կը մղուին, եւ մեր իսկ քաղաքներուն մէջ անհաշիւ են տնանկները, մեր բազում գործերը ապարդիւն կը թուին։ Ուստի նման նկատառումներ, կրնան ճնշել մեր վրայ եւ անդամալուծել մեզ:

Այստեղ է, որ «կոչում» բառը կարեւոր կը դառնայ: Մենք կոչուած չենք աշխարհը փրկելու, լուծելու բոլոր խնդիրներն ու օգնելու բոլորին: Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կոչումը ունի, ըլլա՛յ մեր ընտանիքին, գործատեղիին թէ այլուր:

Մենք պէտք է միշտ խնդրենք Աստուծմէ, որ ան օգնէ մեզի յստակօրէն ճանչնալու մեր կոչումը եւ շնորհէ մեզի զօրութիւն եւ կարողութիւն քաջաբար կատարելու զայն: Այս բոլորէն ետք միայն մենք կ‏՚ըմբռնենք, որ մեր սովորական աշխատանքներու հանդէպ մեր ցուցաբերած հաւատարմութիւնը այժմու հիւանդութեանց միակ բալասանն է: 

ՄՏԻԿ ԸՆԵԼԸ ԻԲՐԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Լսելը շատ դժուար բան է, որովհետեւ մեզմէ կը պահանջէ ներքին հաստատամտութիւն՝ համոզելու համար մեզ, թէ կարիքը չունինք արտաքին զանազան միջոցներու՝ դասախօսութեանց, վէճերու, հաստատումներու կամ ծանուցումներու: Ըստ էութեան մտիկ ընողին անհրաժեշտ չէ իր ներկայութիւնն զգացնել տալը։

Մտիկ ընելը շատ աւելին է, քան թոյլատրելը ուրիշին, որ խօսի, եւ սպասել է յարմար առիթին պատասխանելու համար անոր: Մտիկ ընելը նաեւ լարուած ուշադրութեամբ լսել եւ ըսուածները մեր էութեան մաս դարձնել է։

Ուշադիր լսելու գեղեցկութիւնը ակամայ կը ստիպէ խօսողը աւելի լրջութեամբ ընտրելու իր խօսքերն ու լրիւ բացայայտելու ինքզինքը։

Մտիկ ընելը հոգեւոր հաւանութեան ձեւ մըն է, որուն միջոցաւ օտարները կը հրաւիրենք բարեկամութեան, ինքնաքննութեան եւ ամբողջական ինքնաճանաչումի։ 

ՅԻՍՈՒՍԻ ՀՈԳԻՆ, ՈՐ ՄԵՐ ՄԷՋ ԿԸ ԼՍԷ

Հոգեւոր կեանքի մէջ ունկնդրելը շատ աւելի է, քան հոգեբանական գործելակերպը օգնելու ուրիշներուն, որպէսզի դրսեւորեն իրենք զիրենք, յայտնաբերելու համար իրենց անձերը:

Հոգեւոր կեանքին մէջ ինքնազսպումի վարժ ունկնդրողը եսը չէ, որ պիտի ուզէ խօսիլ, այլ մեր մէջ եղող Աստուծոյ Հոգին: Երբ Սուրբ Հոգիով մկրտուած ենք, այսինքն, ստացած ենք Յիսուսի Հոգին իբրեւ Աստուծոյ շունչը մեր մէջ, այդ Հոգին սրբատեղի մը կը ստեղծէ հոն, ուր ուրիշը կրնայ ընկալուիլ, ուստի եւ ունկնդրուիլ:

Յիսուսի Հոգին կ՚աղօթէ մեր մէջ եւ միաժամանակ կը լսէ անխտիր իրենց ցաւերով ու տառապանքով մեզի եկողները:

Երբ կատարելապէս վստահինք մեր մէջ եղող Աստուծոյ Սուրբ Հոգիի զօրութեան, այն ատեն կը տեսնենք բժշկութեան ճշմարիտ լրումը: 

ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ

Հոգեկան մեծ գոհունակութիւն է այցի երթալ հիւանդներու, մահամերձներու, տնանկներու, անդամալոյծներու եւ լքեալներու։ Բայց հարկ է յանցաւոր չզգալ, երբ մեր այցելութիւնները շատ կարճ տեւեն, նոյնիսկ ըլլան պատահական: Յաճախ այնքա՜ն չքմեղանքով կ՚արտայայտուինք մեր սահմանափակումներուն մասին, որ գրեթէ կ՚իմաստազրկենք մեր իրական ներկայութիւնը անոնց մօտ, երբ անոնք ճշմարտապէս մեր կարիքը ունին: Կարճ, բայց բոլորանուէր ներկայութիւնը հիւանդին համար աւելի կ՚արժէ քան, երկար-բարակ բացատրութիւնները, արդարացնելու համար, թէ ինչու անկարող ենք աւելի յաճախ այցելել իրեն։

Երբ կարենանք բոլորանուէր ներկայութիւն ըլլալ մեր բարեկամներուն քով, մեր բացակայութիւնն իսկ իւրովի օգտաւէտ կը դառնայ: Անոնք կ՚ըսեն. «Այսինչը այցելեց ինծի», ուստի մեր բացակայութեան ընթացքին ալ կը վայելեն մեր ներկայութեան անպակաս շնորհքը։

ՄԵՐ ՄԵԿՆՈՒՄՈՎ՝ ՀՈԳԻՆ ՀՐԱՒԻՐԵԼ

Յաճախ մեր բացակայութեան ատեն է, որ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ինքզինք կը յայտնէ: Երբ Յիսուսի մեկնումի ժամանակը հասաւ, ան ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ձեզի համար լաւ է, որ ես երթամ, որովհետեւ, եթէ չերթամ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. բայց, երբ գայ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, ինքը պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան» (Յհ 16.7,13):

Յիսուսի բացակայութեան էր, որ առաքեալները յայտնաբերեցին անոր ներկայութեան կատարեալ իմաստը, լիովին հասկցան խօսքերը, անոր հետ կատարեալ հաղորդութեան փորձառութիւնը ապրեցան եւ այն ատեն միայն կրցան իբրեւ համայն հաւատքով, յոյսով եւ սիրով համախմբուիլ:

Երբ մեր բարեկամներուն կը յայտնենք, թէ մենք Յիսուսի անունով կը մօտենանք իրենց, այսինքն՝ մեր միջոցաւ Յիսուս ինք ներկայ կը գտնուի իրենց կեանքին մէջ, կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր մեկնումը նաեւ անոնց կը բերէ Յիսուսի Սուրբ Հոգին:

Ուստի ո՛չ միայն մեր ներկայութիւնը, այլ նաեւ մեր բացակայութիւնն ալ կրնայ ուրիշներուն համար պարգեւի վերածուիլ:

ԱՆԿԵՂԾՕՐԷՆ ՄԻԱՍԻՆ ԸԼԼԱԼ

Մեծ ցաւի տէր ընկերոջ մը հետ ըլլալը դիւրին չէ, քանի որ անհանգստութիւն կը պատճառէ մեզի: Չենք գիտեր ի՞նչ խօսիլ, ընել եւ ի՞նչ պատասխանել մեր լսածներուն: Կը փորձուինք մտածել, թէ մեր ըսածները արդիւնք են աւելի մեր իսկ վախին, քան տառապողին նկատմամբ մեր ունեցած մտահոգութեան: Երբեմն տարօրինակ բաներ կ՚ըսենք. «Ո՜հ, երէկուընէ շատ լաւ ես» կամ «Մի՛ մտահոգուիր, բան մը չունիս, շուտով նախկին վիճակդ կը վերագտնես» կամ ալ` «Վստահ եմ, կը յաղթահարես այս մէկը»։ Յաճախ, սակայն, գիտենք, թէ մեր ըսածները ճիշդ չեն, եւ մեր դիմացի ընկերն ալ շատ լաւ գիտէ զանոնք:

Մենք պէտք չունինք իրարու վրայ խնդալու։ Կրնանք պարզապէս ըսել. «Ես քու ընկերդ եմ եւ շատ ուրախ եմ հետդ ըլլալուս համար»։ Եւ ասիկա կրնանք զանազան ձեւերով ըսել` բառերով, հպումով կամ ալ սիրալիր լռութեամբ: 

Երբեմն լաւ է ըսել. «Դուն պէտք չունիս խօսելու։ Գոցէ աչքերդ: Ես հոս եմ, կողքիդ կանգնած, քու մասիդ կը մտածեմ, քեզի համար կ ՚աղօթեմ եւ կը սիրեմ քեզ»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025