ՆԵՎՐԻԿ ՍԵՊՈՒՀԵԱՆ (1888 - 1963)

Նեվրիկ Սեպուհեան, ծնած է 1888 թուականին, Սամաթիա: 

Յաճախած է Արամեան վարժարանը, ուրկէ ընթացաւարտ ըլլալէ ետք, իբրեւ ուսուցչուհի պաշտօանավարած է Նշանթաշի Նիկողոսեան վարաժարանէն ներս:

Աւելի ուշ, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ հայկական վարժարաններէն ներս պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ հայ գրականաութեան ուսուցչուհի եղած է: 

Գրական բեղուն վաստակի տէր է Նեվրիկ Սեպուհեան: Երկար տարիներ աշխատակցած է հայ մամուլին. Ինչպէս՝ «Հայ կին», «Հայ խօսնակ» պարբերականներուն եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տարեգիրքերուն:

Սեպուհեան հեղինակ է «Կաթիլներ մտածումներուս ակէն» (Իսթանպուլ, 1937), ինչպէս նաեւ «Ամուսնական յարկին երջանկութիւնը» հատորներուն:

Նեվրիկ Սեպուհեան նաեւ ունեցած է հասարակական գործունէութիւն: Այսպէս, վարած է Նարոյեան Պատրիարքի նախագահութեամբ կազմուած մտաւորականներու ֆոնտին ատենադպրութիւնը: Վարած է ատենապետութիւնը Գատըգիւղի աղքատախնամին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդոնցի Օժանդակին եւ Որբախնամ մարմինին: 

Մահացած է 1963 թուականի դեկտեմբերի 21-ին, Գատըգիւղ եւ թաղուած տեղւոյն Ուզունչայըրի գերեզմանատան մէջ:

***

Գրիգոր Խիւտավէրտեան հետեւեալը կը գրէ Նեւրիկ Սեպուհեանի մահուան առիթով.

Վաղը, տիպար հայուհի մը ցուրտ հողին յանձնելու հարկին տակ կը գտնուինք: Արդարեւ, Տիկին Նեվրիկ Սեպուհան, զոր կորսնցնելու դժբախտութիւնը ունեցանք, տիպար մայր մը, արժէքաւոր գրագիտուհի մը, հասարակական անձնուէր գործիչ մը, սերունդներ դաստիարակող ուսուցչուհի մը, մէկ խօսքով՝ բոլոր բարեմասնութիւններով օժտեալ հայուհի մըն էր: Այն հազուագիւտ հանդիպումներուս ընթացքին, զորս ունեցած եմ ողբացեալ Տիկնոջ հետ, կրած եմ այն համոզումը, թէ կը գտնուիմ քաղաքավարութեան, փափկավարութեան, մարդկային բոլոր առաքինութիւններով օժտեալ կնոջ մը ներկայութեան:

Մեղք, որ հայ իգական սեռին մէջ օրէ օր կը պակսին Տիկին Նեվրիկ Սեպուհեանի նման տիպարներ, որոնք անձնական հաճոյքներէ գերիվեր նկատած են ծառայել հայ գիրին ու մշակոյթին, օգնել դժբախտին ու կարօտին եւ նուիրական սիրոյ բոյն մը դարձնել իրենց ընտանեկան յարկը:

Այս բարի ու ազնուական հայուհին կեանքին վերջին օրերուն դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր այնքան սիրելի թոռնիկը՝ Ջութիկը, մշտատեւ կոտտացող վէրք մը յառաջ բերելով իր սիրտին վրայ: Ապահովաբար հիմա ան վերի աննիւթական աշխարհին մէջ միացած է իր հոգեհատորին ու իր խանդակաթ համբոյրներովը ոռոգած զայն:

Յարգանօք կը խոնարհիմ իր անմեռ յիշատակին առջեւ։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 1963, էջ 1)

 

Իսկ Կարպիս Մուրատեան հետեւեալը կը գրէ.

Երէկ, հողին յանձնուեցաւ գրագիտուհի Տիկին Նեվրիկ Սեպուհեան, որ իր աչքերը կը փակէր 76 տարեկան հասակին, իր ետին թողլով գրական վաստակ մը, որ ապահոված էր ողբացեալին արդար համբաւը եւ զայն փոխադրած փառաւոր պատուանդանի մը վրայ: 

Տիկին Սեպուհեանի հետ համաթաղեցի եղած եմ ես, զայն ճանչցած եմ տարիներ առաջ, երբ տակաւին ֆիզիքապէս առողջ կին մըն էր ողբացեալ գրագիտուհին: Բայց իրեն անձնապէս ծանօթանալէ առաջ, զինք ճանչցած էի անունով, իր «Կաթիլներ մտածումներուս ակէն» վերտառեալ գիրքին ընդմէջէն: Պատանի էի եւ դպրոցական, երբ մեր տունի գիրքերուն մէջ ձեռքս անցաւ այս սիրուն հատորը, զոր ամբողջութեամբ կարդացի քանի մը ժամուան մէջ: Յետոյ շարունակեցի նոյն գրքին ընթերցանութիւնը երկրորդ եւ երրորդ անգամ…: 

Այսօրուան պէս կը յիշեմ. Տիկին Նեվրիկ Սեպուհեան որ այդ հատորին մէջ ունէր զրութիւն մը Աստուածածնայ տօնին եւ Ս. Կոյսին մասին: Քանի-քանի անգամներ կարդացած եմ այդ յօդուածը, եւ ամէն անգամ լեցուած եմ նոյն զգացումներով: Ինչպէս ըսի, գրականութեան հանդէպ մեծ սէր ու փափաք ունէի այդ թուականներուն: Նախ կը լափէի ինչ որ անցնէր իմ ձեռքս, յետոյ կ՚առնէի նոթեր իմ տետրակիս մէջ, օրական քանի մը անգամ կարդալու համար զանոնք: 

Տարիներ անցան, ես դարձայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից եւ այդ առիթով ամէն անգամ որ կ՚այցելէի Արայ Գօչունեանի բնակարանը, կը հանդիպէի այդ պատկառելի Տիկնոջ, որուն ազնուականութիւնը գլխուն մազերէն մինչեւ ոտքին ծայրերը կը հոսէր առատօրէն: 

Տիկին Նեվրիկ Սեպուհեան դառնութեան մէջ անցուց իր կեանքին վերջին տարիները: Դառնացաւ ան մանաւանդ Նախախնամութեան հանդէպ, որ անողոք կարգադրութեամբ մը ձեռքէն խլած էր իր թոռնիկը, այնքան սիրելի իր Ջութիկը: Բայց ոչինչ պակսեցաւ Տիկին Սեպուհեանի ազնուականութենէն, հակառակ այս աննկարագրելի ցաւին ու դառնութեան: Ան չուզեց փողոց իջեցնել իր վիշտը ու նախընտրեց տառապիլ չոր արցունքներով: 

Տիկին Սեպուհեան, այսօր կ՚երթայ միանալ իր սիրասուն Ջութիկին, բայց ետին կը թողու պարապութիւն մը՝ զոր վստահ եմ, նոր սերունդներու ներկայացուցիչները պիտի չկարողանան դիւրութեամը լեցնել: 

Կը մաղթեմ, որ երկնային լոյսը անպակաս ըլլայ անոր գերեզմանին վրայէն։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 1963, էջ 1) 

 

Նեվրիկ Սեպուհեանի դուստրը՝ Լիլի Գօչ, «Գութի սափորը» վերնագիրին տակ կը գրէ.

Սափոր մը ունէիր միշտ ձեռքերուդ մէջ, կուրծքիդ վրայ զերթ հոգեհատոր սեղմած, կեանքէդ անբաժան, սիրոյդ գուրգուանքիդ առարկայ…:

ԳՈ՜ՒԹԻ ՍԱՓՈՐՆ ԷՐ ԱՆ, ընկերասիրութեան, մարդասիրութեան, մէկ բառով այլասիրութեան հրաշագործ ջուրովը լեփ լեցուն…:

Ամբողջ երջանկութիւնդ, իտէալդ, ապրումիդ իմաստը անոր մէջ էր կայացած…:

Օր մը ինծի տուիր զայն, բացատրելով այն վսեմ, այն նախախանամային դերը՝ զոր կը կատարէ ԳՈՒԹԸ՝ մեր կեանքի ընթացքին, աւելցնելով թէ առանց այս վեհ զգացման՝ անջրդի անապատ մը կը դառնայ աշխարհ, իր հետ փոխակերպելով մարդը խամաճիկի մը՝ անբա՜ն, անհո՜գի…:

-Ուշադի՛ր եղիր, որ պարապ չմնայ ան, ըսիր շեշտով մը, որ կու գար հոգիիդ խորերէն… ու կրկնեցիր այս խօսքերը անդադրում, հանապազօրեայ աղօթքի մը նման…:

Այդ սափորին ջուրը դուն բաշխեցիր շարունակ, համբուրելի անձնուիրութեամբ աղքատին, հիւանդին, ծերին, որբին ու տնանկին, նաեւ կարօտ մտաւորականին…: Քանի կը պակսէր ջուրը՝ դուն կը ջանային մեծ զոհաբերութեամբ լեցնել մտահոգուելով, թէ կրնար դատարկանալ սափորը ու դառնալ աննպատակ ինչ մը, անպէտ գոյութիւն մը՝ փշրուելու սահմանուած…:

Այսօր մահուանդ տարելիցին կը մտաբերեմ այն ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՍԱՓՈՐԸ, զոր ինձ փոխանցեցիր եւ որ տակաւին կը յորդի բարեմասնութիւններուդ, ըլլալով ցոլարձակ հայելին անկորնչելի անցեալին…:

Սա պահուն ալ, կը վերյիշեմ, թէ անոր օրհնեալ ջուրէն ինչպէ՜ս բաժնեկից դարձան կարօտեալներու հոյլը…: Անոնց աչքերուն մէջ յոյսը բոցավառեցաւ, սրտին մէջ երանութիւնը ծաղկեցաւ, իր ալեւոյթին հասած ուսուցիչը տարիներու վաստակին արդար բաժինը առաւ անկէ, որբը չզգաց իր միայնութիւնը, ծերին, անկարին հոգւոյն մէջ ապրումի ծիլեր փթթեցան եւ հիւանդին սնարին վերեւ արեւը ծագեցաւ իր էն տաք, էն բոցեղ շառայլներով…

Ի՞նչ փոյթ թէ այժմ ցուրտ շիրիմը կը գրկէ քեզ, անո՜յշ մայր, երբ գիտեմ, թէ սիրտդ կայ ու կը մնայ անոր խորքին միշտ եռանդուն, միշտ տաքուկ…:

Միթէ կը սառի՞ն արեգակին ճաճանչները, երբ թխպոտ ամպեր փորձեն բռնագրաւել անոնց փայլն ու ջերմութիւնը…:

Ինձ կը թուի, թէ ամէն առաւօտ, նորածագ արեւին ակնախտիղ այդ ճաճանչներուն ընդմէջէն կու գաս իմ մօտ, կը դնես քնքոյշ ձեռքդ ձեռքերուս մէջ մրմնջելով ականջիս.

-Ուշադի՛ր եղիր, որ չպակսի սափորին ջուրը, լեցո՛ւր, լեցո՛ւր, մինչեւ յետին կաթիլը, մի՜շտ հանապազ…:

Անհո՛գ եղիր, անգի՛ն մայրիկս, ես անխոնջ պահապանն եմ ու կը մնամ քու ինձ աւանդ թողած ԳՈՒԹԻ ՍԱՓՈՐԻԴ: Տե՛ս, ձեռացս մէջ է ան գորովիս, գուրգուրանքիս առարկայ: Անոր մէջ շուշանաբոյր դիմանկարդ է որ կը տեսնեմ, բարի, կարեկից շունչդ է որ կը շնչեմ…:

Միայն մահն է, որ պիտի գայ դատարկացնելու զայն եւ թողուլ գլխիկոր, որբացած, վերջնականապէս ցամքած, իբր անգործածելի ինչ՝ այլեւս խորտակուելու, փշրուելու սահմանուած…:

Անթառամ յիշատակդ օրհնեա՜լ ըլլայ առ յաւէտ։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, երեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 1982, էջ 1 եւ 4)

***

Այժմ ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Նեվրիկ Սեպուհեանի գրութիւններէն: Մօր մասին է առաջին գրութիւնը, որ կը կրէ «Ուր մայր բառը կը հնչէ, խորհուրդ մը անկէ անցած է» վերանգիրը:

Խորո՜ւնկ սէր մը, որ մայր բառին կը զօդէ սիրտ մը, խորհիլ կու տայ, թէ այդ տեղ անծէս ու անտես խորհուրդ մը կատարուած է: 

Մանուկ բջիջը մօրը էութեան խորքին մէջ դեռ կը զգայ այդ սէրը եւ անոր պաշտումովը առլի առաջին թռիչը կ՚առնէ դէպի լոյս աշխարհ. այդ սիրոյն հետ արդէն իսկ մեծ էակ մըն է ան. անով՝ հանդարտ, ժպտուն, թրթռուն. կը քնանայ, կ՚արթննայ, կը սնանի՝ այդ սէրը որոնելով միշտ իր մօտը, ո՞վ սորվեցուց եւ այդ գիտակցութիւնը տուաւ անոր անգիտակից հոգիին:

Խորհո՜ւրդ մըն է այդ:

Մայրը անծանօթ եւ աներեւոյթ էակին օրէ օր իր ինքնութեանը մէջ կաթեցուցած սիրոյ նեկտարէն զօրացած՝ կու տայ անոր իր հոգիէն, արիւնէն, սնունդէն եւ զգացումէն շիթ առ շիթ կենդանի մասնիկներ. եւ հոգի մը կը կերտուի անկէ:

Թէ ի՞նչպէս. տարերային ի՞նչ յեղաշրջումով կամ ստեղծագործ ո՞րպիսի ոյժով, չի գիտեր: 

Խորհո՜ւրդ մը ա՛յդ ալ:

Յայտնութեան պատկերին մէջ սակայն, ինքնանկար, զմայլելի պատկեր մը, որ չ՚ուշանար բաղխիլ մեր ակնարկին, կը տեսնենք գիրկընդխառն երկու զգացումներ, գիտակիցը անգիտակիցին փարած ուր՝ անյեղլի եւ ճշմարտաշող իրականութիւն մը կը ճառագայթէ:

Սա՛, թէ մանուկը իր մայրը եւ մայրը իր մանուկը զիրար կը սիրեն անսահման սիրով: 

Ահա՛, հուսկ յայտնուած խորհուրդը սէրը մայրական. սէ՜րը որդիական, որ անյայտէն, անծանօթէն շօշափելին դարձաւ յանկարծ:

Եւ չէ՞ք գտներ խորհուրդներու գեղեցկագոյնը. յանկուցիչը եւ զմայլելին ա՛յս նոր փթթած սիրոյ խորհուրդը՝ դէպի յաւերժացում իր թեւիկները պարզած: Առաջին պատկերին մէջ երեւաց, որ մանուկը կեանք առաւ, աշխարհ թռա՜ւ իր մայրով. երկրորդ պատկերին մէջ երեւան կու գայ մայրը, հպարտ կեցուածքով մը իր զաւկին քով. ա՛ն քսանեակ մը տարիներու իր կատարած դերով՝ շքեղ բարձրութեան մը վրայ է այժմ. բայց նախ քան այս բարձրացումը ան պզտիկցաւ ու մանկացաւ իր մանուկին հետ. անոր հեղինակած մանկալեզու բառերովը խօսեցաւ, անոր հետ խաղաց եւ այբբենարան հեգեց, անոր պէս եղաւ դպրոցական, ուսանող եւ յետոյ բարեկամ, դաստիարակ, խորհրդական, ու վերջապէս երբ մատղաշ տունկի մը պէս առողջ ու կենսալից հասցուց զայն եւ մարդկային ընկերութեան անդամ մը տուաւ, ըլլա՛յ ան պարկեշտ քաղաքացի, դիւանագէտ թէ գիտուն, գրչի մարդ թէ զօրական, բարոյախօս ոյժ մը թէ պերճաբան հռետոր, արուեստագէտ մը թէ պարզ արհեստաւոր, վերջապէս ալ հասած է ժամը իրեն համար, որ զաւկին բազուկին կռթնած՝ ելլէ ու բարձրանայ ան իր պատուանդանը, որուն պահպանումը իբր շքեղ աւանդ՝ յանձնուած է իր զաւկին:

Ո՜հ , մտացածին չե՛ն այս բոլորը կամ բառահիւսք մը գրչին քմայքէն ելած, այլ կեանքին պատկերներն են ինքնանկա՜ր, ինքնատիպ ուր՝ երեւակայութիւնը գործ չունի ու սէրը միայն իր հրաշալի մուտքը գործած եւ վրձինը դրած է:

Ժամանակը գեղեցկութիւններէն շատ բան կ՚եղծէ, բայց կրնա՞յ եղծել արդեօք մօր սիրոյ խորո՜ւնկ գեղեցկութիւնը, որդիական սիրոյ միշտ ծլարձակ ու ծաղկուն գեղը՝ անձնուիրութեան ու առաքինութեան ածուներուն մէջ վարդակարմիր իր արմատները արձակած: Բան մը, սակայն կ՚եղծէ զայն, ա՛յդ խոր գեղեցկութիւնը. եւ ատիկա յաւիտենական ժամանակը չէ, այլ անպարտաճանաչ, անպարկեշտ մայրը եւ անպարտաճանաչ անպարկեշտ որդին:

Չպիտի ուզէի պարզուած գեղեցիկ պատկերը, ե՛ս ալ եղծել իմ կարգիս ու խորանալ աւելի. մայր ու որդիի այս գեղեցիկ պատկերը ձզե՛նք այսպէս եւ իւրաքանչիւր մայր-որդի ի՛ր եւ ինքզինքին հարցաքննութիւնը թող ընէ, պատուանդանը փլցնէ կամ բարձրացնէ. բայց մտածենք. գեղեցիկ օր մը նոր արշալոյսով մը ծագած է անդին՝ Եւրոպայի հորիզոնին վրայ:

Այդ նոր արշալոյսուած օրը մայրիկներու նուիրուած օրն է, տարին անգամ մը ծագող. մայրերու անձնուիրութիւնը, առաքինութիւնը եւ գեղեցիկ դերը տարփողող ու փառաբանող Օրը: 

Ո՞ր մայրը չպիտի ուզէր բաժին ունենալ անկէ՝ Մայրիկին Օրէն…։ («Կաթիլներ մտածումներուս ակէն», Իսթանպուլ, 1937, էջ 9-12)

 

«Հասարակ ձգտումներ, վսեմ ձգտումներ» վերնագիրին տակ կը կարդանք.

Մարդկային մտքին մէջ կերտուած, անոր մտածումին կատարելութենէն ծնունդ առած ամէն գործ, գեղարուեստներ մանաւանդ, զանոնք յղացող անհատին նկարագրին, հոգիին բարձրութեանը եւ վեհօրէն ըմբռնած գեղեցիկին դրոշմը կը կրեն անպայման. անոր իտէալին թռիչքէն է, որ սլացում կ՚առնեն անոնք դէպի բարձրագոյն թառեր, վազք մը անդադրում ղէպի լրումը անհոգի, անշունչ թէպէտ, բայց կատարեալ ստեղծագործութեան մը. եւ արդա՛րեւ ինչ որ տեսնենք մեր շուրջը՝ մեծակերտ եւ գեղաքանդակ կառուցումներ, իրականին կողէն փրթած եւ հարազատին արուեստածին նմանութիւնը կրող նկարներ, արձաններ, ճարտարարուեստական ամենանուրբ առարկաներ, մեր յափշտակութիւնը եւ միտքը անմիջապէս կ՚երթան զանոնք շինող ձեռքերուն. արդիւնք՝ մարդկային իմացական հանճարեղ յղացումի եւ կարողութեան, որ ստեղծման արուեստին լրումը տուեր է այդ բոլորին իբր նոր Պրոմէթէոս կայծեր գողնալով երկինքէն. ուրե՛մն, ըլլա՛յ գրականութիւնը իր ամէն ճիւղերով, ըլլա՛ն ճարտարարուեստները, գեղարուեստները, որոնք ազգերուն յառաջդիմական փառքին ու մեծութեան ազդակները եղած են գերազանցապէս. այդ հաւաքականութիւնները բաղկացնող անհատներուն նկարազրին, մտքին բարձր հայեցողութեանը եւ դէպի վեհը՝ գեղեցկագոյնը սլացող ձգտումներուն խտացումն են պարզապէս. որքա՜ն բարձր ըլլալու եւ հասարակ ձգտումներէ վեր կենալու է ուրեմն մարդը, իր հոգիէն, զգացումէն, մտքին թռիչքէն ազնիւ մաս մը դնելու համար իր նիւթականացնել ուզած յղացումներուն վրայ. երաժիշտը, որ իր հոգիին լեզուն կու տայ թուղթին վրայ պառկած եօթը անխօս խազերուն, այդ եօթին դաշնաւորումին մէջէն մեզ լսելի ընել կու տայ սիրոյ, վրէժի, վշտի եւ բանաստեղծութեանց արուեստական բարբառը, որ զգացումները կը յեղափոխէ, հոգիները կը դղրդէ, եթէ այդ արուեստագէտը ըլլար հասարակ ձգտումներով անհատ մը, փողոցի, գռիհի գարշելի երգեր պիտի արտադրէր միայն:

Մոցարթ մը, Վէրտի մը այսօր անմահացած պիտի չըլլային բնաւ, նկարչին աչքը պիտի չթափանցէր երբեք բնութեան վեհ տեսարաններուն եւ արձանագործը չպիտի դնէր իր իտէալին կայծէն բռնկած հուր դրոշմ մը աշխատած պաղ մարմարիոնին վրայ. այս մարդիկը ուրեմն, որ քաղաքակրթութեան պատուանդանին աստիճանները կը գրաւեն նախանձելի պատուով մը, պէտք է որ շատ բարձրէն քաղած ըլլան իրենց իտէալին ազնիւ պտուղները. իտէա՜լ, գեղեցկագիտութեան խառնարանին լավան է ան, որ կը ժայթքէ անոնց հոգիներուն մէջ արծարծուած գաղափարական հրաբուխէն:

Գլուխ գործոցները, պարզ գործերը ինքնիրեննին արուեստ մը, ուրուագիծ մը միա՛յն, այլ մարդուն ներշնչումէն կը ստանան իրենց վսեմութիւնը, բարձրութիւնը եւ շքեղանքը, անոնք հայելին կամ աւելի ճիշդ՝ Ռէօնթկէնն են մարդուն, ամենէն ընտիր, ամենէն իտէական եւ գեղարուեստին է՛ն բարձր կատարէն իջնելու սահմանուած գործը, հասարակ մարդու մը ըմբռնումին, նկարագրին եւ գռեհիկ ձգտումներուն հետ շփուելով, յարաբերելով պիտի սրբուէր իր վսեմ գիծերէն եւ հմայաթափուէր տակաւ. ուրե՞մն, մարդը պէտք է իղձը, տենչը, մտրակումը ունենայ հասարակ էութիւն մը չըլլալու բնաւ. զգացումին ու մտածումին թռիչք մը տալու է միշտ՝ վարէն միշտ դէպի վերի ձգտումը ունենալ, ըլլալ նախ կատարևալ եւ յետոյ ամենակատարեալ. այս պէտք է ըլլալ deviseը կեանքին. հասարակացումի մէջ տապլտկող, անազնիւ ձգտումներով կաշկանդուած անհատ մը, ազգ մը, ժողովուրդ մը յետադէմ ու աննշան՝ խաւարին է սահմանուած, հասարակ ուսուցիչ մը չի կրնար աշակերտը ազնուապէս կրթել. հասարակ մայր մը, կին մը չի կրնար զաւակը, ընտանիքը բարձրացնել, հասարակ արուեստագէտ մը չի կրնար արուեստին պահանջած բարձր caractéreը եւ վսեմին հովը տալ իր ներկայացնելիք գործին կամ դերին. վերջապէս խորշելու, սարսափելու է այն ամենէն, որ վարէն կու գան եւ հասարակ գծի վրայ կը մնան, հասարակացում, միջակութիւնք քաղաքակրթութեան թշնամիներն են. մենք որ յառաջդիմապէս, քաղաքակրթապէս հսկայ քայլեր առնելու անզօր, յետադէմ իսկ կրնանք նկատուիլ լուսաւորեալ կեդրոններու հետ բաղդատմամբ, մեր թանձր, տղմաթաթաւ թեւերը մաքուր, չոր ու փայլուն պահելու ենք, մի՛շտ սաւառնումի պատրաստ դիրքի մէջ, որպէսզի հսկայական թռիչներու քովն ի վեր վերելակելու իրաւունքը վայելենք մենք ալ իբր գոյութիւն, իբր ազգ, տեղ մը ունենալու արեւին հրդեհած կամարին տակ:

Ահա՛, վսեմ ձգտումներու եւ հասարակ ձգտումներու կատարած դերը, մարդուն եւ անոր կարողութեանցը իբր ներազդակ. մին շինարար, միւսը՝ աւերիչ. բայց ընտրե՛նք մենք առաջինը, ազնիւը եւ վսեմը: Արքիմէտէսի լծակին պէս ինքզինքնիս միշտ վեր բարձրացնելու անով՝ վատերու ճախճախուտէն։ («Հայ կին», Դ. տարի, թիւ 7, 16 մարտ 1923, էջ 1266)

 

«Ձեռնահամբոյրը» վերանգիրին տակ կը կարդանք.

Պահ մըն էր այն, որ ապրեցայ՝ անմոռա՜ց պահ մը ինձ համար: 

Ի՛նչ որ տեսայ՝ երէկը ապրեցուց զիս, եւ միտքս անցեալի անիւին կառչած՝ գնաց թափառիլ կոյս ոստանները բնագաւառին, երբ տեսայ, որ պատանի զաւակներու տէր այդ հայրը ակնածանքով համբոյր մը դրոշմեց երէց քրոջը ձեռքին: Քաղաքակրթութեան շքուեցուցած կնամեծարի համբոյրը չէր ան, այլ գաւառիկ կո՜յս բարքերէ փթթած, պապենի օճախներէ աւանդ մնացած ձեռնհամբոյրը իրմէ մեծին՝ Ծնունդի Տօնը շնորհաւորելու առիթով:

Ի՞նչ զգացի, չեմ գիտեր, այդ արագ վայրկեանին, երբ հայրացած եղբօր շրթունքը կպած տեսայ քրոջ ձեռքին. բայց իմացայ զօրութեան մը խոյս տալը ինձմէ, ու մնացի անզօ՜ր, շուարո՜ւն այլայլումի թմբիրին մէջ:

Այո՛, այդ կինը, այդ տիպար Հայ մայրը անհամեմատ մեծարելի երեւցաւ ինձ, այդ պատկառանքը ազդած ըլլալուն շուրջը, իսկ զաւակներու հայրը այնչափ վե՜հ եւ բարձրութեան կատարը, որ վարը՝ պարզապէս հիւլէ մը մնացի իմ մէջս, այնքա՜ն որ աչքս չզօրեց իսկ ակնարկ մը տալ հոգիի այդ բարձունքին, հիացումիս բոլոր թափը դնելով անոր մէջ:

Իսկապէս յուզիչ ու գեղեցիկ բան մը կայ նուիրական առիթներու՝ մեր ծերերը յարգելուն, պատուելուն հնագեղ սովորոյթին եւ զայն արտայայտելու ժէսթին մէջ, որ հիմա բարեկրթական խոշոր մէկ թերին է արդիականութիւն կոչուած վէսութեան, - չըսելու համար ազատախոհութեան:

Ըսել չէ, անշուշտ, որ այդ զգացումը արտայայտելու համար դառնա՛նք դար մը ետ, կոյր հնազանդումին, դատումի լոյսին անթափանց՝ կոյր ակնածանքի մը հետեւողութեան՝ մեր ոչ ազնիւ ու պատկառելի մեծերուն հանդէպ, երբ կորսնցուցած ըլլան անոնք այդ իրաւունքը ո՛չ օրինակելի վարքովը իրենց:

Բայց ներկայ քաղաքակրթութեան մագլցումին մէջ, երբ այնքան նրբացած են մեր իմացական կարողութիւնները, քաղցրագոյն պարտաւորութեանց ներշնչումը խիստ բնականօրէն կը թելադրէ կրտսերները եւ կրտսերագոյնները՝ յարգե՜լ ընտանիքին արժանաւոր մեծերը, ինչպէս ըրաւ այդ հայրը, խո՜ր տպաւորութիւնը տալով ինձ գեղեցիկին ու համեստին, եւ մանաւանդ ականջ դնել անոնց հեղինակաւոր փորձառութեանց, երբ իրենց բազմախորշոմ ճակտին ու ակնոցին տակէն, փորձանաւոր ու դառն գտնեն անոնք մեզ՝ անփորձներուս անո՜յշ երեւցած բաները, կեանքի գարունին հեշտին զգլխումին մէջ… («Հայ խօսնակ», Բ. տարի, թիւ 3-4, 1925 դեկտեմբեր-յունուար. 1926, էջ 55-56):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026