ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ
Այս թարգմանութիւնը կատարուած է Օրհան Փամուքի նորատիպ «Բառեր եւ նկարներ. ընտիր յուշեր, յօդուածներ եւ պատմուածք մը» գիրքէն, որ լոյս տեսաւ յունիս 2026-ին՝ «Եափը Քրետի» հրատարակչատան կողմէ։ Հատորը կը համախմբէ Փամուքի յուշագրական եւ խորհրդածական գրութիւնները, որոնց մէջ ան կը խօսի գրականութեան, արուեստի, լուսանկարչութեան, Ստանպուլի եւ իր կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունեցած դէմքերու մասին։ Գիրքին մէջ տեղ գտած այս յօդուածը առաջին անգամ հրատարակուած է «Տհը Նիւ Եորք թայմզ»ի մէջ, 1 նոյեմբեր 2018-ին՝ Արա Կիւլէրի մահէն քիչ ժամանակ անց, իբրեւ մեծանուն լուսանկարչին նուիրուած յուզիչ յիշատակագիր մը։
Արա Կիւլէր (1928-2018), զոր շատեր «Ստանպուլի աչքը» անունով կը ճանչնան, 20-րդ դարու մեծագոյն լուսանկարիչներէն մէկն է։ Իր լուսանկարները քաղաք մը չեն արձանագրեր միայն, այլ կը վաւերագրեն ժամանակ մը, մշակոյթ մը եւ մարդկային աշխարհ մը, որ այսօր գոյութիւն չունի կամ, լաւագոյն պարագային, փոխուած է զգալիօրէն։ Կիւլէրի ոսպնեակին առջեւ Ստանպուլը կ՚ապրի իր նաւահանգիստներով, ձկնորսներով, բանուորներով, աղքատ թաղամասերով եւ առօրեայ կեանքի աննկատ հերոսներով՝ դառնալով ոչ միայն քաղաքի, այլեւ անոր յիշողութեան տեսողական արխիւը։
2006 թուականի Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք իր ստեղծագործութիւններուն մէջ մշտապէս վերադառնալով Ստանպուլի թեմային՝ քաղաքը կը վերածէ ո՛չ միայն վայրի, այլեւ հոգեվիճակի, յիշողութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշի։ Արա Կիւլէրի հետ իր երկարամեայ բարեկամութիւնը այս յօդուածին մէջ կը դառնայ առիթ՝ մտածելու լուսանկարչութեան, յիշողութեան եւ քաղաքի հոգիին մասին։ Այս էջերը, ուստի, պարզ յիշատակագրութիւն մը չեն, այլ երկու մեծ արուեստագէտներու՝ գրողի եւ լուսանկարչի, Ստանպուլի նկատմամբ ունեցած սիրոյ եւ պարտքի վկայութիւնը։
Ն. Ք. Տ.
*
1928 թուականին ծնած Արա Կիւլէր Ստանպուլի քսաներորդ դարու մեծագոյն լուսանկարիչն է։ Ես ծնած եմ 1952-ին, Արա Կիւլէր Ստանպուլի իր առաջին լուսանկարները նկարել սկսելէ երեք տարի ետք, ուստի հանգիստ կրնամ ըսել. «Արա Կիւլերի Ստանպուլը ի՛մ Ստանպուլն է»։ Արա Կիւլէր յիսուն տարի, այսինքն՝ մինչեւ 2000-ական թուականները, հաւատարմօրէն շարունակեց լուսանկարել Ստանպուլը, իսկ ես միշտ մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցայ իր ստեղծագործութեան եւ լուսանկարներուն։
Արա Կիւլէրի անունը առաջին անգամ նկատեցի 1960-ական թուականներուն՝ «Հայաթ» պարբերականի մէջ հրատարակուած իր լուսանկարներուն շնորհիւ։ Առատ լուսանկարներու ապաւինող եւ շրջանի ամենաշատ ընթերցուող շաբաթաթերթերէն, լրատուական եւ ժամանցային այս պարբերականի գլխաւոր խմբագիրը Թիւրքան մօրաքրոջս ամուսինը՝ բանաստեղծ Շեւքէթ Ռատոն ըլլալուն՝ անոր անունը յաճախ կը լսէի։ 1970-ականներուն, օրաթերթերն ու պարբերականները, ժամանակի ոգիին համահունչ, երբ աշխատաւոր մարդոց մասին իրապաշտ լուսանկար մը հրատարակել ուզէին, գիտէին, թէ լաւագոյն բաները Արա Կիւլէրէ պիտի գան։ 1970-ականներէ ետք իր գիրքերը սկսան լոյս տեսնել նախ Թուրքիայէ դուրս, ապա նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Ան արդէն իսկ ծանօթ էր նաեւ իբրեւ նշանաւոր գրողներու եւ արուեստագէտներու լուսանկարիչ։ Այդ պատճառով, 1994-ին Ստանպուլի մէջ Արա Կիւլէր երբ առաջին անգամ լուսանկարեց զիս, մտածեցի, թէ արդէն «ծանօթ գրող» դարձած եմ եւ ուրախացայ։
Սակայն Արա Կիւլէրը իրապէս ճանչցայ ինը տարի ետք՝ 2003-ին, երբ «Ստանպուլ» խորագրով գրքիս համար իր արխիւին մէջ կ՚աշխատէի եւ հետազօտութիւն կը կատարէի։ Պէյօղլուի կեդրոնը՝ Կալաթասարայի մէջ, հայ դեղագործէ մը՝ իր հօրմէն ժառանգած ընտանեկան եռայարկ, մեծ տունը, զոր Արա Կիւլէր երկար տարիներ օգտագործած էր իբրեւ արհեստանոց, վերածուած էր ինը հարիւր հազար լուսանկարներ պարունակող ապշեցուցիչ արխիւի մը։ Իմ գրքիս համար չէի փնտռեր Արա Կիւլէրի այն հանրածանօթ լուսանկարները, զորս ամէն ոք գիտէր։ Կը փնտռէի ետնախորշերու պատկերներ, որոնք համահունչ ըլլային իմ նկարագրած Ստանպուլի թախիծին եւ մանկութեանս սեւ ու ճերմակ մթնոլորտին։ Զբօսաշրջիկներու համար յղկուած, մաքրամաքուր Ստանպուլի պատկերներէ բնաւ չախորժող Արա Կիւլէրի մօտ այդ տեսակ լուսանկարներ շատ աւելի առատ էին, քան կը պատկերացնէի։
Խնամքով պահպանած եւ դասաւորած իր արխիւին մէջ աշխատելու ընթացքին նկատեցի, որ Արա Կիւլէր, լրագրութեան սկսած առաջին տարիներուն, 1940-ականներու վերջաւորութեան եւ 1950-ականներու սկիզբը, «Քաղաքը կ՚արթննայ…», «Ստանպուլի իրիկնապահ սրճարանները…» եւ նման նիւթերու շուրջ, թերթերու համար քաղաքային հարցազրոյցներ պատրաստած էր աղքատներու, գործազուրկերու եւ քաղաք նոր գաղթած մարդոց շրջանակին մէջ։ Սրճարաններու մէջ իրենց ուռկանները նորոգող ձկնորսներէն մինչեւ կապելաներու մէջ վիշտ խեղդող գործազուրկերը, կիսաւեր պարիսպներու առջեւ ինքնաշարժի անիւ կարկատող մանուկներէն մինչեւ աղբահաւաքները, բեռնակիրները, շինարարութեան բանուորները, կաշեգործ վարպետները, ծանր աշխատանքի լծուած պատանի աշկերտները, երկաթուղային բանուորները, ստանպուլցիները Ոսկեղջիւրի մէկ ափէն միւսը թիավարելով փոխադրող նաւավարները, ձեռնասայլը հրելով իրենց պտուղներուն գնորդ որոնող վաճառականները, լուսաբացին Ղալաթիոյ կամուրջին բացուիլը սպասողները եւ օրուան առաջին հանրաշարժներու վարորդները… Այս բոլորի հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութիւնը անգամ մը եւս զիս համոզեց, որ Արա Կիւլէր միշտ մարդոց ընդմէջէն էր որ կ՚արտայայտէր իր կապուածութիւնը Ստանպուլին։
«Այո՛, Ստանպուլի մէջ գեղեցիկ տեսարանները երբեք չեն սպառիր», կ՚ըսէին կարծես այս լուսանկարները. «Բայց նա՛խ մարդիկը»։ Բնանկարի առթած զգացումը Արա Կիւլէրի լուսանկարներուն մէջ իր կատարելութեան կը հասնի այն զգացումով, զոր կը ներշնչէ բնանկարի մարդը։ Այս լուսանկարներու շնորհիւ նաեւ բացայայտեցի, որ քաղաքի բնակիչները, քաղաքի տպաւորիչ ու ցնցող պատկերի կողքին, շատ աւելի խոցելի կը թուին։ Սակայն Արա Կիւլէրի լուսանկարչութեան մէջ էականն ու որոշիչը այն զգացական զուգահեռն է, զոր լուսանկարիչը կը հաստատէ քաղաքային տեսարանի եւ մարդու միջեւ։
Արա Կիւլէր երբեմն, տարօրինակ նեղացկոտութեամբ մը, կ՚ըսէր ինծի.
-Դուն իմ լուսանկարներս կը սիրես, որովհետեւ անոնք քեզի մանկութեանդ Ստանպուլը կը յիշեցնեն։
Ես ալ անմիջապէս կը պատասխանէի մեծ լուսանկարչին.
-Ո՛չ։ Ես ձեր լուսանկարները կը սիրեմ, որովհետեւ անոնք գեղեցիկ են։
Բայց գեղեցկութիւնն ու յիշողութիւնը իրարմէ արդեօք անջատելի՞ են։ Գեղեցիկը գեղեցիկ չէ՞ նաեւ այն պատճառով, որ մեզի ծանօթ է եւ մեր յիշատակներուն կը նմանի։ 16-րդ դարուն թէ՛ ներկայ Իրանի եւ թէ՛ Ստանպուլի մէջ ստեղծագործած մանրանկարիչ Վէլիճան հետեւեալը ըսած է. «Գեղեցկութիւնը այն է, երբ աչքը աշխարհի մէջ վերստին կը բացայայտէ այն, ինչ որ միտքը արդէն իսկ ինքնաբերաբար գիտէ»։
Քաղաքի մը մէջ ինծի պէս վաթսունհինգ տարի ապրած մարդոց համար -երբեմն տասնհինգ տարի առանց անկէ դուրս ելլելու- քաղաքային այն գեղեցկութիւններն ու տեսարանները, զորս միտքը ինքնաբերաբար կը ճանչնայ, ժամանակի ընթացքին կը դառնան մեր զգացական կեանքի տեսակ մը ցանկը։ Փողոց մը մեզի կը յիշեցնէ գործէ վռնտուած ըլլալու ցաւը, ուրիշ փողոց մը մեր մտքի մէջ կը վերակենդանացնէ կամուրջի մը տեսքը… Եւ դեռ հրապարակ մը կը յիշեցնէ սիրոյ երջանկութիւնը, մութ միջանցք մը՝ մեր քաղաքական վախերը, իսկ սօսի մը՝ մեր անցեալի աղքատ վիճակը…
Արա Կիւլէրի ինը հարիւր հազար լուսանկարներէ բաղկացած արխիւին մէջ, Ստանպուլի լուսանկարներուն միջեւ աշխատելու ընթացքին, բազմիցս հարցուցած եմ ես ինծի, թէ ի՛նչն է այն խորունկ ինչը, որ զիս այսքան կը հրապուրէ։ Նախեւառաջ, անսահման հաճոյք կ՚առնէի այդ լուսանկարներու մէջ ինքզինքս կորսնցնելէ, ամէն ինչ մոռնալէ։ Բայց միւս կողմէ նաեւ կը մտահոգուէի. արդեօք Արա Կիւլէրի լուսանկարներուն առթած յիշատակներուս ո՞ւժը ազդեցութիւն կ՚ունենայ գեղարուեստական իմ դատողութեանս վրայ։ Այս կը նշանակէր վճռել, թէ արդեօք Ստանպուլի այս տեսարանը, որ ինծի այսքան գեղեցիկ կը թուի, ուրիշներու աչքին նոյնպէս գեղեցիկ պիտի երեւի՞։ Որովհետեւ վաթսունհինգ տարի բնակած քաղաքիս թէ՛ մոռցուած եւ թէ՛ տակաւին ապրող մանրամասնութիւնները, փողոցներու մէջ շրջող ինքնաշարժներն ու վաճառականները, երթեւեկութեան ոստիկաններն ու ուռնակները, հանրաշարժի հին կայաները, մուրացկանները, բեռնակիրները, մշուշոտ կամուրջներէ անցնող գլխաշորով կիները, ծառերու շուքերն ու մարդոց դէմքերը, աշխատող բանուորներն ու գրութիւններով ծածկուած պատերը դիտելը իսկապէս գլխապտոյտ պատճառող փորձառութիւն մըն է։ Քիչ ժամանակ անց Արա Կիւլէր մեծ հանդուրժողութեամբ զիս առանձին կը ձգէր այս անեզր արխիւին մէջ։ Ժամեր անց, երբ դիտած լուսանկարներուս ազդեցութենէ արբշիռ, Արայի հետ դարձեալ կը հանդիպէինք, ես միշտ կ՚ըսէի իրեն, թէ 1950-էն մինչեւ 2000-ականներու Ստանպուլի տեսակ մը տեսողական յիշողութիւնը կազմող այս մեծ, անհաւատալի արխիւը անպայման թանգարանի պէտք է վերածուի։ Արա Կիւլէրի նման մեծ արուեստագէտները, լուսանկարիչները իրենց կեանքը կը շարունակեն թանգարաններու, գիրքերու մէջ։
Վերջին քսան տարիներուն Ստանպուլի մէջ Արա Կիւլէրի հետ շատ մտերմացայ եւ արխիւին մէջ աշխատելով լսեցի իր մտորումները… Անգամ մը, տասնհինգ տարի առաջ, Նիւ Եորքի մէջ ժամադրուեր եւ միասին շրջեր էինք քաղաքը։ 42-րդ փողոցի շրջակայքին լուսանկարեր էր զիս, եւ ես անչափ ուրախացեր էի։ Ինծի «Թայմ» թերթը ներկայացուցած տարիները, այդ շրջանին Նիւ Եորքի մէջ յաճախած վայրերն ալ ցոյց տուեր էր։ Սակայն վերջին տարիներուն այլեւս չէր կրնար դիւրութեամբ քալել, եւ Ստանպուլի մէջ ինքնաշարժով դէպի Վոսփոր ընթրիքի մը կ՚երթայինք միայն։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ քաղաքական կացութենէն, մանաւանդ վերջին տարիներու զարգացումներէն բնաւ գոհ չէր։ Անընդհատ կը տրտնջէր ու կը դժգոհէր։ Պատմած էր, թէ 1940-ականներուն իր հայրը, Ունեւորութեան տուրքէն, աշխատանքային ճամբարներէն ու հարկադիր աշխատանքէն խուսափելու համար, լքած էր Կալաթասարայի իրենց բնակարանը, ուրիշ տուն մը ապաստանած եւ ամիսներ շարունակ բնաւ փողոց չէր ելած։ Այսպէս, բոլորովին անակնկալ պահերու, նման պատմութիւններ կը յիշէր յանկարծ եւ կը պատմէր ինծի ու իր մտերիմներուն, բայց ոչ՝ բոլորին… Ես ալ մեծ հաճոյքով կը լսէի Արայի յիշողութիւններն ու պատմած հին պատմութիւնները, երբ միասին կը քալէինք Ստանպուլի մէջ։
Երբ սեղանի մը շուրջ նստած կը զրուցէինք, անմիջապէս կը հանէի փոքրիկ տետրակս եւ արագ մը իր դիմանկարը կը գծէի։ Միաժամանակ, բարկութեամբ արտասանած իր խօսքերն ալ կը գրառէի տետրակիս մէջ։
Բայց ամենէն աւելի կը սիրէի իրեն հետ երթալ այն վայրերը, ուր Ստանպուլը լուսանկարեր էր։ Քաղաքին բազմաթիւ անկիւններու տեսարանները անգիր գիտէր եւ գիտէր, թէ այդ տեսարանը օրուան ո՛ր ժամուն, ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի գործէ։ Այն Ստանպուլը, զոր Արա սիրով ու արհեստավարժօրէն սերտած եւ անգիր ըրած էր, այսօր փոխուած է։ Այդ հին ձկնորսներն այլեւս չկան, բայց այսօր այդ քաղաքը կրնանք հասկնալ, նոյնիսկ խորապէս զգալ՝ նայելով այդ լուսանկարներուն։ Արա Կիւլէրի Ստանպուլի լուսանկարները ինծի միշտ կը յիշեցնեն, թէ Ստանպուլը որքան շատ փոխուած է, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ որքան շատ նոյնը մնացած։
Զոր օրինակ, Արա Կիւլէրի առատօրէն լուսանկարած ձկնորսները. այո՛, հին ձկնորսական նաւահանգիստները, ձկնորսական թաղամասերը, նաւակները եւ այն ձկնորսները, որոնք մանկութեանս օրերուն պէս իրենց ուռկանները ծով կը նետէին, այսօր այլեւս մեր առօրեային մաս չեն կազմեր։ Նոր, մեծ ձկնորսանաւերը, փոխած է նոյնիսկ ձկնորսներու՝ առաւօտ կանուխ ծով ելլելու սովորութիւնը։
Ձկնորսութեան՝ դրամագլխային մեծ ձեռնարկի մը վերածուիլը, ծովու աղտոտումը եւ Ստանպուլի բոլոր ափերը հաստ ու կոպիտ գիծի մը պէս պատող նոր, լայն պեթոնէ ճանապարհները խաթարեցին ձկնորսի ու ծովու, ինչպէս նաեւ ստանպուլցիի ու ձկնորսի միջեւ գոյութիւն ունեցող բնական, անկաշկանդ եւ առօրեայ յարաբերութիւնը։ Վոսփորի սրճարանները նստած՝ այլեւս չենք դիտեր նաւահանգիստի վրայ իրենց ուռկանները փռող ձկնորսները։ Բայց ձմրան ու աշնան տակաւին հոծ վտառներ կը հասնին Վոսփոր, եւ դարձեալ, ճիշդ ինչպէս Արա Կիւլէրի լուսանկարներու մէջ, ակնթարթի մը մէջ Վոսփորի մուտքը կամ Ոսկեղջիւրի սկիզբը կը ծածկուի հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր նաւակներով։ Այն ատեն կը թուի ինծի, թէ ծովու վրայ անընդհատ ձեւափոխուող ամպի մը պէս տարածուած ձկնորսական նաւակները, ճիշդ այնպէս ինչպէս Արա Կիւլէրի լուսանկարներուն մէջ, այսինքն՝ իմ մանկութեանս օրերուն էր, անփոփոխ մնացած են։ Բայց իրականութեան մէջ այդպէս չէ, որովհետեւ Ստանպուլը այնքան փոխուած է… Ուրիշ մտահոգութիւն մըն ալ ունիմ. կը փորձեմ հասկնալ, թէ ի՛նչ զգացում կը ձգէ իմ մէջս Վոսփորի, Ոսկեղջիւրի մուտքին ձկնորսական հազարաւոր նաւակներ տեսնելը։
Փորձեմ այս զգացումը զատորոշել այն թախիծէն, որու մասին գրած էի «Ստանպուլ» գրքիս մէջ։ Արա Կիւլէրի լուսանկարները՝ արդիականութեան անմիջական հարեւանութեամբ մաքրութիւնն ու բնականութիւնը տեսնելու զգացումը կը պարգեւեն մեզի։ Անշուշտ, այս լուսանկարներու մէջ շատ կայ նաեւ Ստանպուլի թախիծը, սեւ ու ճերմակ աշխարհի տխրութիւնը։ Ահա թէ ինչու «Ստանպուլ» գրքիս մէջ, երբ կը փորձէի նկարագրել այն թախիծը, զոր քաղաքը կ՚արթնցնէր իմ մէջս, օգտուեցայ Արա Կիւլէրի բազմաթիւ լուսանկարներէն։ Բայց ձկնորսական նաւակներու կարծես կախարդական տրամաբանութեամբ մը Վոսփորի կամ Ոսկեղջիւրի մուտքին սփռումը տեսնելը բացի թախիծէ այլ զգացում մըն ալ կը ներշնչէ մեզի։ Բազմայարկ շէնքերու, բեռնատարներու, հին գործարաններու, խոշոր մզկիթներու, պահեստներու եւ ծխնելոյզերու, մինարէներու՝ այսինքն պատմութեան ու արդիականութեան յուշարձաններուն եւ աւերակներուն մէջ, կը զգանք նաեւ բնութեան մանկականութիւնը բացայայտելու յուզումը։
Արա Կիւլէրի լուսանկարները ուրիշ մեծ հաճոյք մըն ալ կը յիշեցնեն այն ստանպուլցիներուն, որոնք գիտեն ծովը եւ Վոսփորը տեսնելով ապրելու երջանկութիւնը. դիտել Վոսփորի նաւերը։ Արա Կիւլէրի քաղաքային լուսանկարները այսքան կը սիրեմ, որովհետեւ անոնք կատարելապէս կ՚արտայայտե՞ն այն հիմնական զգացումները, զորս Ստանպուլը կ՚արթնցնէ իմ մէջս։ Կամ որովհետեւ ինչպէ՛ս պէտք է նայիլ Ստանպուլին, ի՛նչն է ամենէն էականը, զոր պէտք է տեսնել այդ քաղաքին մէջ՝ քիչ մըն ալ այս լուսանկարներէն սորվեցայ, եւ արդեօք ա՞յս է պատճառը, որ Արա Կիւլէրի Ստանպուլին նայիլը զիս երջանիկ կը դարձնէ։ Շատ անգամ չեմ կրնար այս հարցին պատասխանել։ Վերջին տարիներուն, երբ հանդիպէինք, երբեմն կը փորձէի իրեն պատմել այս բոլոր զգացումներս։ Կը նկատէի, թէ երբ խօսակցութիւնը երկարի կը սկսի ձանձրանալ, ուրեմն արտօնութիւն կը խնդրէի իրմէ, ապա գրպանէս կը հանէի լուսանկարչական մեքենաս եւ Արա Կիւլէրի մէկ նոր լուսանկարն ալ կը նկարահանէի։
ՆԱՐԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ