«ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՑՈՒՄ»

Ամիսներ առաջ սեղանիս վրայ յայտնուեցաւ «Հոգեւոր սնուցում» վերնագիրով գիրքը, որուն հեղինակն է Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ լուսահոգի հոգեւորականներէն Իուանիս եպիսկոպոսը։ Գիրքը հայացուցած է Մակար արքեպիսկոպոս Աշգարեան, որ վերջին տարիներուն իր բազմաբեղուն գրիչով եւ նուիրեալ աշխատանքով զգալի նպաստ բերած է հայ հոգեւոր գրականութեան հարստացման գործին։ Ան հեղինակած եւ հայացուցած է բազմաթիւ հատորներ, որոնք կը շօշափեն քրիստոնէական կեանքի, բարոյագիտութեան, հոգեւոր աճի, եկեղեցական աւանդութեան ու դաւանաբանութեան, ինչպէս նաեւ մարդու ներաշխարհին առընչուող բազմազան նիւթեր։ Այս աշխատութիւնները պարզապէս գիրքեր չեն, այլ հոգեւոր ուղեցոյցներ, որոնք անմիջական կերպով կ՚առընչուին մեր առօրեային, մեր պայքարներուն, մեր հարցումներուն եւ մեր կեանքի ճանապարհին։
Մենք կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդկութիւնը աննախընթաց յառաջընթաց կ՚արձանագրէ գիտութեան, արհեստագիտութեան, բժշկութեան եւ հաղորդակցութեան բնագաւառներուն մէջ։ Ամէն օր նոր յայտնագործութիւններ կը կատարուին, կը ստեղծուին նոր սարքեր եւ միջոցներ, որոնք կը դիւրացնեն մարդկային կեանքը եւ կը կրճատեն ժամանակի ու տարածութեան սահմանները: Այն ինչ քանի մը տասնամեակ առաջ անհաւատալի պիտի թուէր, այսօր առօրեայ իրականութիւն դարձած է։
Սակայն, այս բոլոր յառաջդիմութիւններուն զուգահեռ, մարդը կարծես այլ ճակատի մը վրայ նահանջ կ՚արձանագրէ։ Նիւթական բարեկեցութեան աճին հետ միասին հոգեւոր դատարկութիւնը յաճախ աւելի տեսանելի դարձած է։ Մարդը շատ բան ձեռք ձգած է, բայց շատ բան ալ կորսնցուցած է։ Ան աւելի արագ կը հաղորդակցի, բայց աւելի մինակ կը զգայ։ Աւելի տեղեկութիւն ունի, բայց ոչ-միշտ աւելի իմաստութիւն։ Աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ունի, սակայն, ներքին խաղաղութիւնը կարծես աւելի դժուար գտանելի դարձած է։
Բաւարար է ուշադրութեամբ դիտել մեր շրջապատը, մեր ընտանիքները, մեր ընկերային կեանքը, որպէսզի նկատենք մտահոգիչ երեւոյթներու աճը։ Գրեթէ ամէն օր կը լսենք երիտասարդներու անձնասպանութիւններու, թմրամոլութեան, ընտանեկան քայքայման, ամուսնալուծութիւններու, ընկճախտի, յուսահատութեան եւ բազմաթիւ այլ մոլութիւններու մասին։ Շատեր արտաքինօրէն կրնան ունենալ ապահով կեանք, լաւ աշխատանք, նիւթական բարեկեցութիւն եւ ընկերային յաջողութիւն, սակայն, ներքին աշխարհին մէջ կը տառապին անորոշ դատարկութենէ մը, որուն պատճառը միայն հոգեբանական կամ ընկերային չէ, այլ հիմնականօրէն հոգեւոր։
Իրականութեան մէջ մարդը միայն մարմին չէ, ո՛չ ալ միայն բանական էակ։ Ան նաեւ հոգի ունի եւ այդ հոգին՝ ունի իր պահանջները, իր ծարաւը եւ իր սնունդը։ Ինչպէս մարմինը առանց հացի եւ ջուրի չի՛ կրնար ապրիլ, այդպէս ալ հոգին առանց աղօթքի, առանց Աստուծոյ ներկայութեան, առանց հոգեւոր սնուցման չի՛ կրնար առողջ մնալ։ Երբ հոգին կը զրկուի իր սնունդէն, մարդը կը սկսի ներքին խռովք, անհանգստութիւն եւ անբացատրելի դատարկութիւն զգալ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ արտաքին բոլոր պայմանները բարենպաստ կը թուին։ Այս պատճառով է, որ հոգեւոր գրականութիւնը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն է։ Անիկա շքեղութիւն մը կամ երկրորդական զբաղում մը չէ, այլ հոգեւոր առողջութեան պահպանման միջոց։ Լաւ գիրքը կրնայ դառնալ բարեկամ մը, խորհրդատու մը եւ երբեմն ալ լոյսի շող մը այն պահուն, երբ մարդը խաւարի մէջ կը գտնուի։ Հոգեւոր ընթերցանութիւնը մարդուն կ՚օգնէ վերագտնելու իր ինքնութիւնը, վերատեսութեան ենթարկելու իր առաջնահերթութիւնները եւ վերակենդանացնելու իր յոյսը։
Ահա այս տեսանկիւնէն կը դրսեւորուի Մակար Սրբազանի կատարած աշխատանքին մեծ արժէքն ու նշանակութիւնը։ Ան ո՛չ միայն թարգմանիչի գործ կը կատարէ, այլեւ կամուրջ կը հանդիսանայ տարբեր հոգեւոր աւանդութիւններու եւ հայ ընթերցողին միջեւ։ Իր հայացուցած եւ հեղինակած գիրքերով ան կը փոխանցէ հոգեւոր փորձառութիւններ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ իւրաքանչիւր մարդու, անկախ տարիքէն կամ կեանքի հանգամանքներէն։
«Հոգեւոր սնուցում» գիրքը եւ նմանատիպ այլ աշխատութիւններ ընթերցողին կը յիշեցնեն, թէ ան մինակ չէ իր պայքարներուն մէջ։ Այդ աշխատութիւնները կը քաջալերեն, կը մխիթարեն եւ կը զօրացնեն մարդը. կը սորվեցնեն անոր, թէ դժուարութիւնները միշտ չէ, որ պատիժ են, այլ՝ յաճախ դպրոց են, ուր մարդ կը հասուննայ, կը զօրանայ եւ աւելի խոր կերպով կը ճանչնայ թէ՛ ինքզինք եւ թէ զԱստուած։
Երբ հոգեւոր կեանքը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ մարդու գոյութեան մէջ, ան կը սկսի այլ աչքով դիտել իր առօրեան։ Կեանքի բեռները չեն անհետանար, փորձութիւնները չեն դադրիր, բայց, անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը կը փոխուի։ Դժուարութիւնները կը դառնան տոկունութիւն կերտող միջոցներ, իսկ տառապանքը՝ հոգեւոր աճի առիթ։ Այդ ժամանակ մարդը կը հասնի այն ներքին խաղաղութեան, որ արտաքին պայմաններէ կախեալ չէ եւ որ աշխարհի ո՛չ մէկ նիւթական բարիք կրնայ շնորհել։
Հետեւաբար, կարելի է վստահութեամբ ըսել, թէ «Հոգեւոր սնուցում» գիրքը պարզ ընթերցանութեան նիւթ մը չէ, այլ հոգեւոր ճամբորդութեան հրաւէր։ Ան կը հրաւիրէ ընթերցողը կանգ առնելու, ինքն իր հոգիին ձայնը լսելու եւ վերագտնելու այն կենդանի կապը, որ զինք կը միացնէ Աստուծոյ։ Իսկ նման գիրքեր հայ ընթերցողին հասանելի դարձնելու Մակար արք. Աշգարեանի ջանքը իսկապէս գնահատելի ծառայութիւն մըն է մեր եկեղեցական ու մշակութային կեանքին, ծառայութիւն մը, որ կրնայ հոգեւոր նորոգումի եւ ներքին վերածնունդի աղբիւր դառնալ բազմաթիւ ընթերցողներու համար։
*
«Հոգեւոր սնուցում» գիրքը լոյս տեսած է Հալէպի մէջ, Սուրիա, 2026 թուականին: Կը բաղկանայ 256 էջերէ, թղթակազմ է: Գիրքի մեկնասութիւնը ստանձնած են Մակար սրբազանը ինք եւ իր օծակից եղբայրները: Այդ մասին կը կարդանք.
«Գիրքը կը հրատարակենք եւ զայն որպէս երախտիք ու յարգանք կը ձօնենք՝ մեր հոգեւոր ծնողին եւ մեզ Սուրբ Եկեղեցւոյ բեմին վրայ, 25 տարիներ առաջ, Սուրբ Հոգիին կնիքով ու աստուածային եւ երկնային շնորհքով իբրեւ կուսակրօն քահանայ, Եկեղեցւոյ պաշտօնեայ, Ս. Սեղանին սպասաւորող եւ Աստուծոյ ծառայ օծող՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՎԱՐՈԺԱՆ Ս. ԱՐՔ. ՀԵՐԿԵԱԼԵԱՆԻՆ առողջութեան եւ արեւշատ օրերու մաղթանքով, որդիական սիրով եւ երախտագիտութեամբ՝
Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան
Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան
Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան
Մակար Արք. Աշգարեան» (էջ 7):
Գիրքը բաղկացած է հինգ գլուխներէ: Այսպէս.
- Աստուածաշունչ (15-80):
- Հոգեւոր վարժութիւններ՝ կիրառումներ (81-108):
- Առանձնութիւն (109-126):
- Հոգեւոր ընթերցումներ (127-140):
- Ծառայութիւն (141-249):
Այս գլուխներէն ետք տեղ գտած է մէկ էջնոց եզրակացութիւն մը (250): Իսկ 255-րդ էջին վրայ Մակար սրբազանի կողմէ գրուած է խնդրանք-աղօթք մը:
Մակար սրբազան իր երկու խօսքին մէջ խօսելով հեղինակի նպատակին մասին այս գիրքը պատրաստելու կապակցութեամբ, կը գրէ. «Հեղինակին նպատակը եղած է լուսաբանել, գօտեպնդել եւ հոգեբարոյապէս սպառազինել ուսանողները, որպէսզի կարենան դէմ դնել չարին: Նաեւ՝ ներկայ այլասերող, բարոյազրկող եւ Աստուծմէ հեռացնող համակարգին կողմէ ծաւալուող ծրագրուած կործանարար հոսանքին դէմ իրենց հոգեւոր պատրեազմը մղեն եւ ճշմարիտ հաւատքը պահելով՝ յաջողապէս կարենան իրենց ընթացքը աւարտել»։ (12)
Իուանիս եպիկոպոս խօսելով Աստուածաշունչի ունեցած դրական ազդեցութեան մարդուն վրայ, կը գրէ.
* Աստուածաշունչը խորապէս կը դպնայ ու կ՚ազդէ անոնց, որոնք հաւատարմութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ խոնարհութեամբ կը կարդան զայն: Ան կը ստիպէ ընթերցողները թողելու իրենց մեղքերը: Իրական հաւատացեալներուն համար, Աստուածաշունչը կը նմանի զօրութիւնը իր մէջ կրող Սամսոնին: Բայց անհաւատներուն համար, անիկա կը նմանի մազերը կտրելէ ետք, զօրութիւնը կորսնցուցած Սամսոնին։ (23)
Իսկ խօսելով Աստուածաշունչին զօրութեան մասին, կը գրէ.
* Աստուածաշունչը պարզապէս բարի եւ ուրախ լուր չէ փրկութեան եւ հոգեւոր ազատութեան մասին, որովհետեւ անիկա նաեւ կը զօրացնէ մեր յոյսը եւ կը բարձրացնէ մեր հոգին: Ոգեղէն թշնամիները միշտ տկարութիւն եւ պարտութիւն կը տարածեն Տիրոջ ժողովուրդին մէջ, բայց, Աստուածաշունչը պարտութեան կը մատնէ այդ չար մտածումներն ու ենթադրութիւնները: Աստուածաշունչը այդ մտածումները կը փոխարինէ հաւատքով, կատարելապէս Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդութեամբ, Անոր փրկութեան հանդէպ վստահութեամբ եւ Անոր երկրորդ գալուստին սպասումով ու հաւատքով։ (27)
Մարդ հոգեւոր էակ մը ըլլալով միշտ կարիք ունի հոգեւոր սնունդի, որ է Աստուծոյ խօսքը, որ արձանագրուած է Աստուածաշունչին մէջ: Մարդ երբ այդ սովը, այդ կարիքը չի՛ զգար, կը նշանակէ, թէ հոգեւորապէս հիւանդոտ վիճակի մէջ: Այս մասին հեղինակը կը գրէ.
* Շնորհքի մէջ մեր աճը կրնանք չափել Աստուծոյ խօսքին հանդէպ մեր ունեցած սիրոյ աստիճանով: Եթէ որեւէ ատեն չենք ցանկար ու փափաքիր կամ կարօտիր Աստուծոյ հացին, ապա կը նշանակէ, թէ հոգեւորապէս հիւանդ ենք: Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան շեշտելով այս իրողութիւնը՝ իր քարոզներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Երբ կը տեսնեմ սուրբ ուսուցումը լսելու քու ցանկութիւնդ եւ կը դիտեմ տենչդ հոգեւոր հացին հանդէպ, որ Աստուծոյ խօսքն է, յստակօրէն կը նկատեմ առաքինութիւններու մէջ քու աճումդ: Որովհետեւ, ինչպէս որ առողջ մարմինը կը դատեք՝ հաճոյքով իր ուտելը տեսնելով, նոյնպէս եւ Աստուծոյ խօսքին հանդէպ ունեցած քաղցդ կ՚ըմբռնենք, իբրեւ նշան մը առողջ հոգեւոր կեանքի» (38):
Ամէն մարդ կրնայ Աստուածաշունչ կարդալ եւ պարտաւոր է կարդալու: Սակայն, ամէն մարդու տրուած չէ Աստուածաշունչը կարդալ եւ զայն բացատրել, որովհետեւ Աստուածաշունչը սովորական գիրք մը չէ, այլ՝ Աստուծոյ ներշնչանքով գրուած գիրք մըն է եւ զայն հասկնալու եւ ըմբռնելու համար, մարդ առաջին հերթին կարիքն ունի Աստուծոյ օգնութեան, Աստուծոյ Հոգիին: Իուանիս եպիսկոպոս այս մասին կը գրէ.
* Աստուածաշունչը սովորական գիրք մը չէ պարզ մարդոց կողմէ պատրաստուած, այլ՝ Աստուծոյ գիրքն է, Սուրբ Հոգիին կողմէ գրուած: Մէկը կրնայ անկէ հատուած մը կարդալ եւ զայն պարզ խօսքեր գտնէ, մինչ ուրիշ մը զայն կարդայ եւ զարմանահրաշ բաներ բացայայտէ: Իրապէս Աստուծոյ գիրքը հոգեւոր իմաստով խորունկ է եւ ծածկուած խորհուրդ մը ունի պարզ թուացող բաներու ետին:
Մարդկային աչքը կրնայ գիրքին բառերը կարդալ եւ հասկնալ անոր ուղղակի իմաստը, բայց, քիչ մարդիկ կրնան հասկնալ Աստուծոյ խօսքին ճշմարիտ նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը: Անհրաժեշտ կարիքը ունինք, որ Աստուած բանայ մեր միտքի ու հոգիի աչքերը, որպէսզի կարենանք հասկնալ: Ահա թէ ինչո՛ւ Դաւիթ մարգարէն Աստուծմէ կը խնդրէ. «բաց աչքերս, որպէսզի տեսնեմ Օրէնքիդ հրաշալիքները» (Սղ 119.18). «Դուք պէտք է գիտնաք Աստուծոյ Արքայութեան գաղտնիքները» (Մտ 13.11)։ (63)
Հեղինակը նաեւ կը գրէ.
* Բազմաթիւ հոգեւոր իմաստներ եւ առատ օրհնութիւններ կան Աստուծոյ խօսքին մէջ, բայց մենք չենք տեսներ զանոնք: Կարիքը ունինք, որ Տէրը բանայ մեր աչքերը: Ամէն անգամ երբ Աստուածաշունչը կը բանանք, եկէք աղօթենք, որ Տէրը բանայ մեր միտքի ու հոգիի աչքերը, որպէսզի Իր Օրէնքին մէջ կարենանք զարմանալին տեսնել։ (64)
Ներկայիս սեռական կեանքը շատերու համար դարձած է սովորական երեւոյթ մը, որովհետեւ ընկերաբաններ եւ բժիշկներ զայն կը ներկայացնեն որպէս բնական պահանջք մը եւ կը քաջալերեն երիտասարդները, որպէսզի այդ բնագաւառին մէջ առանց կաշկանդումներու եւ ազատօրէն ապրին իրենց սեռական կեանքը։ Հոգեւոր դաստիարակութիւնը, սակայն, սեռական կեանքին կը մօտենայ այլ դիտանկիւնէ մը։ Ճիշդ է, որ զայն եւս կը նկատէ բնական պահանջք, սակայն, միւս կողմէ կը զգուշացնէ, որ երբ ան աղաւաղուած, անսանձ կամ անպատասխանատու կերպով կ՚արտայայտուի, կը վերածուի մեղքի եւ հոգեւոր անկումի պատճառի։ Իուանիս եպիսկոպոս այս մասին կը գրէ.
* Սեռային մեղքին սարսափազդու իրողութիւնը այն է, որ ան ամէն ինչ կը սպառէ մարդկային էութեան մէջ, այսինքն՝ իր մարմինը, հոգին, միտքն ու զգայարանները: Աւելի՛ն, երբ մարդ սեռայնօրէն կը մեղանչէ, իր անկումը մեծ կ՚ըլլայ եւ ամէն ինչ կը կործանի իր մէջ: Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ. «Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ՝ իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ» (Ա. կր 6.1):
Իուանիս եպիսկոպոս շնութեան մեղքը անմիջականօրէն կը կապէ հպարտութեան մեղքին հետ, գրելով.
* Երկնային շնորհքը կը հեռանայ հպարտ անձէն՝ իր հպարտութեան պատճառով: Իբրեւ հետեւանք, ենթական մեղքի մէջ կ՚իյնայ եւ Տէրը թոյլ կու տայ, որ ասիկա պատահի, որպէսզի անիկա զգայ իր տկարութիւնն ու նուաստացումը, գուցէ զղջայ իր հպարտութեան համար եւ ինքզինք խոնարհեցնէ: Չկայ աւելի մեծ մեղք, որ կը նուաստացնէ հոգեպէս հպարտ անձը՝ քան շնութեան կամ պոռնկութեան մէջ իյնալը:
Երբեմն շնութեան մասին կ՚ակնարկուի իբրեւ անմաքրութեան մեղք, իր ահռելիութեան պատճառով: Ս. Յովհաննէս Սանդխեցին կ՚ըսէ. «Եթէ հպարտութենէ չի ձերբազատիս, երբեք չես կրնար յաղթել շնութեան կամ որեւէ ուրիշ մեղքի»: Ան նաեւ կ՚ըսէ. «Ո՛չ ոք երբեւէ նուաճած է իր մարմինը, բացի ան՝ որ իր սիրտը խոնարհեցուցած է: Եւ ո՛չ ոք երբեւէ խոնարհեցուցած է իր սիրտը, բացի ան՝ որ մեռցուցած է իր ցանկութիւնները»: Անապատական սուրբ հայրերը կ՚ըսեն. «Ան որ հպարտ է իր ճգնութեամբ, շնութեան մեղքին մէջ կ՚իյնայ եւ ան որ կը հպարտանայ իր լաւատեղեակութեամբ, կ՚իյնայ հայհոյութեան մեղքին մէջ»:
Շնութիւնը հպարտութեան մէջ կը թաքնուի, մինչ դատելը կը պաշտպանէ զայն: Անձիդ թոյլ մի՛ տար դատելու կամ ծաղրելու մէկը, որ սեռային մեղքի մէջ կ՚իյնայ, այլ գութ ցուցաբերէ եւ աղօթէ անոր համար, որպէսզի Տէրը զինք բարձրացնէ եւ իր անկումը որպէս առիթ, իր խոնարհութեան ծառայէ։ (44-45)
Մարդ որպէսզի կարենայ ձերբազատիլ մեղքերէ եւ յոռի սովորութիւններէ, որոնք բոյն դրած են իր ներսիդին, ապա կարիք ունի մարզումներու. մարզումներ, որոնք պէտք է ի՛նք անձամբ կատարէ: Այս մասին հեղինակը կը գրէ.
* Երբ ինքզինքդ բան մը ընելու կը մարզես, երբեմն պիտի զգաս, որ չես կրնար ընել այդ: Այս ձախողութեան զգացումը, իբրեւ նոր վարժութիւն մը օգտագործէ: Օրինակի համար, կրնայ ըլլալ, որ անձդ մարզած ըլլաս ուրիշներ չդատելու, բայց, օր մը կը ձախողիս եւ կը դատես մարդիկը, եկեղեցւոյ ընդհանուր քաղաքականութեան մասին քննարկումի մը մասնակցելէ ետք: Ասիկա վարժութեան վերածէ եւ ինքզինքդ մարզէ չմտնել նման քննարկումի մէջ, մինչեւ որ գիտնաս ու սորվիս ինչպէս արտայայտել ինքզինքդ, առանց ուրիշը դատելու մեղքին մէջ իյնալու: Նուազագոյնը ինքզինքդ մարզէ զգոյշ ըլլալու, երբ նման նիւթեր քու առջեւդ կը քննարկուին։ (88-89)
Այսօրուան մարդուն ամենէն անհրաժեշտ կարիքներէն մէկը ազնուութիւնն է: Այսօրուան մարդը շա՜տ հեռացած է ազնուութենէ եւ իր սեփական շահերուն ու հանգիստին համար պատրաստ եւ ընդունակ է ամէն տեսակի վատ արարքներու, նոյնիսկ վնասելու իր նմանը, կարեւորը ինք լաւ ըլլայ: Իուանիս եպիսկոպոս ազնիւ ըլլալու համար որոշ վարժութիւններ կը ներկայացնէ, այսպէս.
* Ազնուութեան վարժութիւններ.
Ոչ ոքի զայրացուր, դառնացուր կամ տակնուվրայ ըրէ:
Ոեւէ մէկուն պատճառով տակնուվրայ մի՛ ըլլար:
Ամէն ինչի մէջ հանդարտ եղիր. խօսելու մէջ, քալելու մէջ թէ՛ աշխատանքի մէջ: Ներքին խաղաղութիւն ունեցիր եւ թոյլ մի տար, որ որեւէ բան խանգարէ քեզ:
Ցած եւ մեղմ ձայն օգտագործէ:
Հեղինակութիւն կամ իշխանութիւն ունեցողի պէս մի՛ խօսիր:
Ծերերուն եւ երիտասարդներուն հետ յարգանքով վարուէ:
Ուրիշներուն գործերուն մի՛ միջամտեր: Ինքզինքդ եւ կարծիքդ ուրիշներուն վրայ մի՛ պարտադրեր՝ բռնադատելով, քննադատելով կամ յանդիմանելով:
Երկխօսութեան ընթացքին մի՛ հակազդեր, այլ խօսքով՝ մի՛ առարկեր ուրիշներու կարծիքներուն, այլ լսէ զանոնք:
Մի՛ միջամտեր, երբ մէկը կը խօսի, նոյնիսկ երբ ըսուածը նախապէս քանի մը անգամ լսած ըլլաս: Գործօն լսող մը եղիր:
Մի՛ տրտնջար, իսկ եթէ տրտնջաս, ապա զայն պարագային ուղղէ եւ ո՛չ թէ անձին:
Երկայնամտութեամբ հանդուրժէ ուրիշներուն սխալները:
Ամէնուն հետ հաճելի եւ սիրալիր եղիր:
Եղիր ազնիւ ու քաղցրաբարոյ:
Եղիր հնազանդ եւ ենթարկուող, ներառեալ՝ խոստովանահօրդ խրատներուն։ (102-103)
Վստահաբար մեզմէ շատեր մենք մեզի հարցուցած ենք, թէ ո՞վ եմ ես: Միւս կողմէ, երբեմն մեր առանձնութեան մէջ մտածած ենք, թէ արդեօք մենք մեզ կը ճանչնա՞նք: Հոգեւոր կեանքի մէջ ինքնաճանաչողութիւնը մեծ հարստութիւն է մարդուն համար, որովհետեւ զինք կը դնէ այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ կրնայ գիտակցիլ իր իրականութեան: Այս մասին Իուանիս եպիսկոպոս կը գրէ.
* Ի՞նչ է ինքնաճանաչողութեան օգուտը, երբ անձիս հետ առանձին կը նստիմ:
Առաջին օգուտը՝ պիտի ճանչնամ մեղքս եւ տկարութիւնս. «Գիտեմ որ իմ մէջս, այսինքն իմ մարմինիս մէջ որեւէ բարի բան չի կայ» (Հռ 7.18): Իսկ ի՞նչ է տկարութիւնս ճանչնալու առաւելութիւնը: Հետեւեալն է. երբ գիտեմ տկարութիւնս՝ կը ճանչնամ զԱստուած. որովհետեւ Յիսուս Ինք անձամբ ըսաւ Պօղոս առաքեալին. «…Իմ զօրութիւնս ամբողջապէս կը յայտնուի՝ մարդոց տկարութեան մէջ» (Բ. Կր 12.9): Պօղոս առաքեալն ալ իր կարգին այդ ճշմարտութեան փորձառութիւնը ապրելով՝ յայտարարեց. «Որովհետեւ երբ տկար եմ՝ այն ատեն է որ զօրաւոր եմ» (Բ. Կր 12.10): Երբ մեղքիս դառնութիւնը կը զգամ, այն ատեն արժանի պիտի ըլլամ շնորհքին (114): Եւ՝ գիտնալով ու ճանչնալով մեր անձն ու մեր վիճակը, պիտի ճանչնանք զԱստուած: Սակայն, ասիկա աշխարհի ամբոխին ու աղմուկին մէջ պիտի չիրականանայ, այլ՝ առանձնութեան եւ լռութեան մէջ։ (115)
Մարդիկ յաճախ առօրեայ հոգերէն եւ աղմուկէն փախչելու համար մի քանի օրով կը հեռանան իրենց միջավայրէն դէպի բնութիւն կամ ուրիշ քաղաք մը կամ երկիր մը, որպէսզի առանձնանան, հանգստանան: Բայց, արդեօք ատիկա առանձնութի՞ւն է (խօսքը չի՛ վերաբերիր արձակուրդ հասկացողութեան մասին): Իուանիս եպիսկոպոս կը գրէ.
* Մարդոցմէ հեռու մնալը առանձնութիւն չէ, որովհետեւ մէկը թէեւ կրնայ առանձին նստած ըլլալ, բայց աշխարհը կ՚ապրի իր սիրտին մէջ: Նման մարդուն համար, չենք կրնար ըսել, որ ան առանձնութեան մէջ է: Իսկական առանձնութիւնը սիրտն ու միտքը աշխարհի զբաղումներէն պարպելն է:
Իսկական առանձնութիւնը Աստուծոյ հետ առանձին ըլլալն է: Միտքը պէտք է բոլոր մտահոգութիւններէն ազատ ըլլայ եւ սիրտը՝ բոլոր ցանկութիւններէն դատարկ, բացի սուրբ սէրէ՝ հանդէպ Սիրելիին՝ Աստուծոյ։ (121)
Հոգեւոր կեանքով ապրող մարդը իրականութեան մէջ աշակերտութեան կեանք մըն է, որ կ՚ապրի, որովհետեւ քրիստոնէութեան կորիզը աշակերտիլն է: Հեղինակը այս մասին կը գրէ.
* Քրիստոնէութիւնը իր ծագումով հիմնուած է աշակերտելու հոգիին վրայ, ինչպէս Տէր Յիսուս ըսաւ Իր աշակերտներուն, նախքան Իր երկինք համբառնալը. «Հետեւաբար, գացէ՛ք եւ բոլոր ժողովուրդները Ինծի աշակերտ դարձուցէ՛ք: Զանոնք մկրտեցէ՛ք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէ՛ք այն բոլոր պատուիրանները, որ Ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28.19-20):
Հետեւելով Տիրոջ պատուիրաններուն, Եկեղեցին զօրացաւ գիտութեամբ եւ առաքինութիւններով զարգացող հաւատացեալներով: Աշակերտիլը հոգիներ կառուցելու բանալին է: Անիկա հնազանդութեան, սիրոյ եւ սուրբ նախանձախնդրութեան վրայ հաստատուած է։ (164-165)
Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կը յայատարարեն, թէ իրենք հաւատացեալ են: Սակայն, որոշ ժամանակ մը անոնց հետ անցընելէ կամ ընկերանալէ ետք անոնց հետ, կը նկատենք, թէ անոնք մտահոգութիւններով լեցուն կեանք մը կ՚ապրին եւ ակամայ կը հարցնենք. լաւ, այս մարդոց հաւատքը ո՞ւր մնաց, որովհետեւ հաւատքը եւ մտահոգութիւնը իրարու հակադիր իրողութիւններ են: Այս մասին հեղինակը կը գրէ.
* Անկարելի է, որ հաւատքն ու մտահոգութիւնը միասին գործեն, ճիշդ ինչպէս որ լոյսը եւ խաւարը, ջուրն ու կրակը չեն կրնար իրար հետ գործել: Եթէ հաւատացեալը ճշմարտապէս կը հաւատայ Տիրոջ, վստահելով Անոր խոստումներուն, ապա շատ դիւրութեամբ կրնայ անդրանցնիլ բոլոր խնդիրներն ու վախերը։ (229)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ