1870 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԳՈՐԻՍԵԱՆ ԿԱՆԳՈՒՆ ՏՈՒՆԸ ԵՒ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՏԷՐ-ՄՈՎՍԻՍԵԱՆԸ
Դեկտեմբերեան ցուրտ օր մըն է Գորիսի մէջ։ Մառախուղը քաղաք իջած է լեռներու ծալքերէն եւ խորը նստած քաղաքին վրայ։ Գորիսը՝ փոսին մէջ ընկղմած քաղաքը, ամուր գրկած է մառախուղը եւ կարծես միտք չունի ձգելու զայն։ Անձրեւի մանր կաթիլները կը զարնեն կօշիկներուս եւ փողոցի աղօտ լոյսերը կը ջանան լուսաւորել նեղ ճանապարհը։ Կիսամութ է, բայց ուշ ժամ չէ․ լեռնային այս քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ մութը կանուխ վրայ կը հասնի։ Գորիսը քիչ մը փակուած է ինքն իր մէջ, բայց այդ գոց վիճակին մէջ անսահմանութիւն մը կայ։ Այս քաղաքը միշտ ալ ունեցած է այսպիսի լռութիւն, որ ուղեկիցն է հին պատմութիւններուն, մանաւանդ՝ այս ժամուն, երբ տանիքներուն վրայ շաղուող եւ մայթերը խոնաւացնող անձրեւը մարդոց դէպի տուն կը վազցնէ՝ գաւաթ մը թէյի։ Ես Գորիս այցելած եմ շաբաթավերջին՝ քանի մը օր մայրաքաղաքի աղմուկէն հեռու մնալու եւ լեռնային օդ շնչելու։
Քայլերս կը տանին դէպի Խորենացի փողոց։ Լսած եմ, որ տուն մը, 19-րդ դարու շունչով, վերածուած է թանգարանի։ Ասիկա բաւարար եղած է, որ այս ցուրտ, բայց հմայիչ երեկոն ճամբորդութեան վերածեմ։ Փողոցը կիսամութ է․ հեռուէն կը նշմարեմ փայտեայ ցուցանակ մը․ «Թանգարան-թէյարան-1870» գրութեամբ։ 1870-ը՝ տան կառուցման թիւը, հպարտօրէն կը շողայ անձրեւին տակ։ Ճիշդ նոյն թուականին հիմնուած է Գորիսը, իբրեւ գաւառային կեդրոն։ Այս տունն ու Գորիսը նոյն տարիքը ունին։ Քարաշէն այս կանգուն տունը, իր հաստ պատերով ու ժամանակէն մգացած քարերով, վկայ է Գորիսի առաջին քաղաքային շնչառութեան։ Ան տեսած է քաղաքին ծնունդը, անոր ընդլայնումն ու նահանջները, խաղաղ օրերն ու փոթորիկները եւ տակաւին կանգուն է՝ որպէս լուռ պահապան մը…
Մօտեցող շուն մը, ծանր քայլերով ու ծուլօրէն, կը քալէ իմ կողմս՝ անպայման ընտելացած այցելուներուն։ Միւս կողմէն ալ շէկ կատու մը կը մլաւէ՝ կարծես յուշելով․ «Հո՛ս, այս տեղը գաղտնիքներ կան»։
Թանգարանին դուռը գոց է։ Կանգ կ՚առնեմ շեմին, անձրեւէն պաշտպանելու համար թեթեւ վեր քաշելով բաճկոնիս գլխարկը, ու կը մտածեմ՝ արդեօք այլեւս չի գործե՞ր։ Պահ մը դուռին կը նայիմ եւ կ՚ուզեմ զգալ՝ ներսի օդը տակաւին տա՞ք է, թէ՞ արդէն մոռցուած տեղ մըն է։ Բայց քովս եղած հեռաձայնին թիւը կը մղէ հնչեցնելու։
Կը զանգահարեմ։ Ուշացած ձայն մը կը պատասխանէ։ Բարեւելէ ետք կը յայտնեմ նպատակս․
-Թանգարան եկած եմ…
-Փակ է,- կ՚ըսէ ան՝ ձայնին մէջ թերեւս օրուան յոգնութիւնը։
Քանի մը վայրկեան կ՚անցնի, այդ ընթացքին անձրեւը կը շարունակէ զարնել ցուցանակին։
Յետոյ հեռախօսին միւս կողմը կը լսեմ ձայնին փոփոխութիւնը, քիչ մը հետաքրքրուած.
-Դուք հո՞ն էք։ Վա՞րն էք։
-Այո՛,- կ՚ըսեմ։
Կարճ դադարի շունչ մը կը լսուի հեռախօսին մէջ եւ քայլերու ձայն։
-Լաւ, սպասեցէք… կ՚իջնեմ։
Ես կը սպասեմ՝ անձրեւին տակ, ցուցանակին կողքին, եւ կը զգամ, որ այս տան պատմութիւնը պէտք է սկսի ճիշդ այսպէս՝ փակ դրան մը առջեւ, որ պահ մը ետք պիտի բացուի դէպի 155 տարուան յիշողութիւն։ Հին, փայտերով եւ երկաթներով պատուած այս գեղեցիկ դուռը կը փոխանցէ մէկուկէս դարուայ շունչը։
Վաթսունն անց, եօթանասուն տարեկանին մօտեցող տանտէրը կը բանայ ծանր դուռը։ Կը ծանօթանանք՝ Գագիկ Գրիգորեան է անուն-մականունը։ Ինք իր ընտանիքին հետ կը բնակի վերին յարկը, իսկ վարը ամբողջութեամբ թանգարանի վերածած է, ուր նաեւ թէյարան հիմնած է։ Վե՛րն ալ կան հնատիպ իրեր եւ պատմութիւն մը, բայց բուն պատմութիւնը վարն է՝ հին գիւղական ոճով շինուած կլորաւուն սենեակներուն մէջ, որոնց պզտիկ պատուհանները լոյսը ժլատօրէն ներս կը բերեն։
Խորհրդաւոր սեմը անցնելուն պէս տունը ինքզինք կը բանայ իմ առջեւս։ Փայտեայ սեղաններուն վրայ փունջերով չորցած ծաղիկներ են․ այդ սեղաններուն շուրջ խոտերէ թրմած թէյ կը խմեն այցելուները։ Քիչ մը մաշած, հնաբոյր այդ սեղանները եւ կաւէ ծաղկամանները գիւղական փառաւորութեան շունչը կը փոխանցեն։ Ամէն ինչ, որ ունի գիւղական պարզ, նախնական ծագում, մեծաշուք է իմ աչքիս ու կը խօսի սիրտիս։ Ուրախութեան շունչ կը քաշեմ՝ վստահ, որ սիրտս շոյող այլ բաներ տակաւին կը գտնեմ ներսը…
Տանտէրը ինծի կը տանի դէպի ներսի սենեակը։ Քանի մը քայլ, եւ իմ առջեւս կը բացուի վերջին շրջանին իմ տեսած ամենաինքնատիպ թանգարաններէն մէկը։ Թանգարանին բոլոր իրերը հաւաքած, քով քովի բերած է Գագիկ Գրիգորեան։ Ամէն ինչ՝ գիրք, նկար, թերթ, գորգ, լամբ, սրճեփ, թախտ, աթոռ, սեղան, հաց թխելու գործիքներ, պանիր պահելու տիկեր… բոլորը կը կրեն անցեալ դարու շունչը եւ ներկայիս տիրոջ ձեռքին հետքը՝ խնամուած, փոշին սրբուած, բայց ոչ երբեք մերկացուած իրենց տարիքէն ու յիշողութենէն։ Ամէն առարկայ այստեղ ունի իր պատմութիւնը, կամ գոնէ՝ իր լռութիւնը, որ կը սպասէ լսող ականջի մը։ Սենեակները ոչ թէ ցուցասորահներ են՝ դասաւորուած թանգարանի ապակեայ կանոններով, այլ ապրուած տարածք մըն է, ուր իրերը տակաւին կը շնչեն, կը փոխադարձեն հայեացքներ, կը յիշեցնեն այստեղ բնակած ընտանիքներուն մասին։
155 տարեկան այս տան մէջ ծնած ու մեծցած է Գագիկ Գրիգորեան։ Այս նոյն տան պատերը լսած են իր մանկութեան ճիչերը, այս նոյն քարէ սենեակներուն մէջ անցած է իր տոհմի սերունդներուն կեանքը, օրօրոց մը կախուած է, որուն մէջ քանի մը սերունդի երեխաներ քնացած են եւ ինք՝ տանտէրը նոյնպէս ատոր մէջ օրօրուած է։ Շատոնց որոշած է, որ տունին պատմութիւնը պիտի չկորսուի, պիտի կապուի ժամանակի շղթային եւ պիտի ստեղծուի թանգարան մը, ուր մարդիկ կը լսեն եւ կը դիտեն պատմութիւն, մտերմիկ ժամանակ կ՚անցընեն սեղաններուն շուրջ։ Մօտաւոր 2018 թոականէն ի վեր գոյութիւն ունի այս թանգարանը։ այս մէկը Սիւնիքի միակ տոհմական թանգարանն է, որ ընտանիքի պատմութիւնը ներկայացնելէ զատ նաեւ Գորիսի պատմութիւնը ցոյց կու տայ։ Հազարաւոր այցելուներ ընդունած է թանգարանը եւ բոլորին ցոյց տուած Գորիսի մէջ իրենց կարեւոր դերնը ունեցած այս ընտանիքի պատմութիւնը։ Ընտանիքը հարուստ եղած է, ժամանակի ընթացքին կարգերը փոխուած են, հարստութեան չափանիշները տարբեր դարձած են, ընտանիքը ցրուած է, մոռացութեան ցեցը՝ կրծող ուտիճի պէս ինկած է այս հին տունի պատերուն վրայ։
Բայց պարոն Գագիկի շնորհիւ մօտաւորապէս երկու դարու կեանք ունեցող տունը եւ այնտեղ եղած իրերը փրկուած են։
Տունը կառուցած է Գագիկ Գրիգորեանի հայրական մեծ հօր մեծ հայրը՝ բնիկ գորիսեցի Գրիգոր Տոռոզեան, որ ունեցած է չորս որդի եւ մէկ դուստր։ Տոռոզեան տոհմէն Գագիկի մեծ հայրը աւելի ուշ ընտանիքի նահապետի անունով Գրիգորեան մականունը որդեգրած է։ Տան մէկ ամբողջ պատը այժմ վերածուած է Տոռոզեան-Գրիգորեաններու ընտանիքի տարեգրութեան․ հին լուսանկարներ, ձեռագիր գրութիւններ, մարդոց առօրեայէն մնացած մանրակերտ ժառանգութիւններ, որոնք միասին կը կազմեն տան հոգին։
Սենեակի մէջ կախուած է կապոյտ չեխական ջահ մը՝ արտասահմանէն հարիւր տարի առաջ ընտանիքի մեծերը պատուիրած եւ քաղաք բերած են։ Գագիկը կը պատմէ, որ ժամանակին քաղաքին մէջ այդ ջահը եղած է ամենաթանկ ու շքեղ առարկան, իսկ այսօր դարձած է տունի խորհրդանիշը՝ լոյս մը, որ կը յիշեցնէ անցեալ ժամանակներու ճաշակը, ճիգն ու ապրած պատմութիւնները։ Գորիսի մէջ առաջին սուրճն ալ այս տունին մէջ մատուցուած է եւ նախորդ դարերու սրճեփները տակաւին շարուած են պատուհանի գոգին։ Գագիկ Գրիգորեան նորոգութիւն կատարելու ժամանակ պատերէն մէկուն մէջ աղօթատեղի գտած է եւ այժմ հոն մոմ կը վառուի։ Ընտանիքի իրերէն շատ բան պահուած է՝ սղոց սրելու հազուագիւտ սարք մը, ասեղնագործ ծածկոցներ, սեղաններ, աթոռներ, գորգեր…
ՍԱՆԱՄ ՄԱՅՐԻԿԸ
Այս թանգարանի զարդերէն է Գագիկ Գրիգորեանի մեծ մօր՝ Սանամ մայրիկի գործած գորգը։ Այդ մէկը գործած, աւարտած է, յաջորդ օրը ծնած է Գագիկին հայրը․ այդ ալ պատմութեան մաս կազմող յիշարժան դրուագ մըն է։ Սանամ մայրիկը՝ Սանամ Տէր-Մովսիսեանը (Մելիք-Նուպարեան տոհմէն) ապրած է 104 տարի։ Թանգարանին մէջ Սանամ մայրիկի լուսանկարներն են՝ երիտասարդ տարիքին ամուսինին հետ, աւելի ուշ՝ տարազ հագած, զաւակներու, հարազատներու, եղբայրներու հետ, որոնք բոլորն ալ նշանաւոր եղած են։ Նկարներէն մէկուն մէջ Թիֆլիզի տարազով է․ այդ տարազը Թիֆլիզէն եղբայրները բերած են։ Իր արմատները Սիւնիքի Շիկահող գիւղէն են, շատ պզտիկ տարիքին ընտանիքին հետ Գորիս փոխադրուած են, ապրած են այս թաղին մէջ եւ ամուսնանալով՝ հարս եկած է պատմական այս տունը։ Իսկ հայրական տունը ճիշդ քովն էր․ Գագիկը կը պատմէ, որ Սանամ մայրիկի հայրական տունին մէջ, 1870-1882 թուականներուն, ապրած է Սանամի եղբայրը՝ յայտնի հոգեւորական եւ հայագիտութեան վաստակաւոր դէմք Մեսրոպ Մագիստրոս Արքեպիսկոպոս Տէր-Մովսիսեանը։ Մեսրոպ Տէր-Մովսիսեանի տունը ժամանակին ունեցած է համբաւ, հոն հիւրընկալուած է Խրիմեան Հայրիկը, թանգարանին մէջ վաւերագութիւն կայ, որ 1903 թուականին Խրիմեան Հայրիկը Արցախէն Տաթեւ ճանապարհը անցնելու ժամանակ իջեւանած է Տէր-Մովսիսաններու տունը։ Կարճ շրջան մը՝ խորհրդային տարիներու աւարտին, զայն իբրեւ Սիւնեաց թեմի առաջնորդարան ծառայած է։ 1989 թուականին այդ շէնք այցելած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսն (յետագային՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա․ Կաթողիկոս) ու Վազգէն Ա․ Կաթողիկոսը: Տունը յետագային պետականացուած եւ անողոք կերպով վաճառուած է աճուրդի մը ընթացքին։
Սրբազանի տունին վրայ այժմ գրութիւն կայ, թէեւ ի՛նչ նպատակով ալ զայն գործածեն գնորդները, Գորիսի պատմական յուշարձաններու ցանկին վրայ է եւ փլելու իրաւունք չկայ։
Իսկ Մեսրոպ Տէր-Մովսիսեանի յիշատակը կը պահուի այստեղ՝ «Թանգարան-թէյարան 1870» թանգարանին մէջ։ Գագիկ Գրիգորեան անոր լուսանկարները, գաւազանը, այլ իրեր՝ Սրբազանի մասին գիրքերու եւ նիւթերու հետ ցուցադրած է իր ինքնաշէն թանգարանի պատերուն… Թանգարանին մէջ կախուած է Յովհաննէս Թումանեանի, Շիրվանզատէի, այլ նշանաւորներու հետ Մեսրոպ Տէր-Մովսիսեանի լուսանկարները, գլխաւոր տեղ մը կ՚երեւի Կոմիտասի նամակը՝ Սրբազանին․ անոնք նոյն շրջանին ուսուցչութիւն ըրած են Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանին մէջ։
Ուշագրաւ են Մեսրոպ Տէր-Մովսիսեանի կեանքի մանրամասնութիւնները․ անոր կեանքն ու գործը ուսումնասիրած եւ գիրք պատրաստած է հայագէտ, մատենագէտ Գէորգ Տէր-Վարդանեան։ Այդ ուսումնասիրութիւններուն մէջ կը շեշտուի այն հանգամանքը, որ երկու անգամ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Տէր-Մովսիսեանը ամենայն հայոց կաթողիկոսի թեկնածու եղած է եւ մէկ անգամ նոյնիսկ ընտրուած է, սակայն խորհրդային իշխանութեան դրած պայմանները ետ պահած են Սրբազանը՝ գահը ստանձնելէ։
ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ․ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ
Հայ բանասիրութեան մագիստրոս Մեսրոպ Տէր-Մովսիսեան (աւազանի անունը՝ Փարսադան) ծնած է 1865 թուականին Շիկահող գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Շուշիի Թեմական դպրոցին մէջ (1885), ապա շարունակած է ուսումը Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանին մէջ (1890)։ Յետոյ ընդունուած է Թորպատի համալսարան՝ ստանալով բարձր ակադեմական պատրաստութիւն։ Թորպատը աւարտելէ ետք մեկնած է Վիեննա, ուր որոշ ժամանակ թղթակցած է Մխիթարեան հայրերու կողմէ հրատարակուող «Հանդէս ամսօրեայ»ին։ 1892-ին Փարիզ կը մեկնի ու նոյն տարիներէն սկսեալ կը հրաւիրուի Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան՝ հայագիտութիւն դասաւանդելու։
1898 թուականի ապրիլի 24-ին ձեռնադրուած է աբեղայ, իսկ յունիսի 21-ին նշանակուած է նորընտիր Խրիմեան Հայրիկ Կաթողիկոսը Երուսաղէմէն Էջմիածին ուղեկցող պատուիրակութեան անդամ։ Նոյն թուականի մայիսին ստացած է վարդապետի աստիճան։ 1895 թուականին նշանակուած է Երեւանի թեմական դպրոցներու տեսուչ, իսկ մէկ տարի ետք՝ Շուշիի թեմական դպրոցներու տեսուչ։ Վերապատրաստուած է Վիեննայի, Փարիզի, Երուսաղէմի, Լոնտոնի, Պերլինի եւ Վենետիկի մէջ։ Մագիստրոսի գիտական աստիճանը ստացած է 1902 թուականին՝ Փեթերսպուրկի մէջ։ Իր աշխատութեան թեման եղած է «Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան պատմութիւնը»։ Տէր-Մովսիսեանի ջանքերով Հայաստանի մէջ վերաբացուած են հայկական դպրոցները եւ վերադարձուած՝ եկեղեցական կալուածները։ 1908 թը-ւականի սեպտեմբերին նշանակուած է Էջմիածնի Սինոդի անդամ։ Մէկ տարի ետք Պոլիսէն Ս. Էջմիածին ուղեկցած է նորընտիր կաթողիկոս Մատթէոս Բ. Իզմիրլեանին, նոյն թուականի հոկտեմբերին ստացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճան։ 1909 թուականին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ Տէր-Մովսիսեանի ջանքերով 1908-1911 թուականներուն կառուցուած է Ս. Էջմիածնի Մատենադարանի շէնքը, մեծ նպաստ ունեցած է նաեւ հողերու ոռոգման ջրանցքներու կառուցման գործին մէջ։
1911-1913 թուականներուն ան եղած է Էջմիածնի մատենադարանապետը։ 1913-1916 թուականներուն թեմական առաջնորդ էր Վրաստանի եւ Իմերեթիայի, իսկ 1917 թուականէն՝ Աստրախանի։
Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն գործուն մասնակցութիւն ունեցած է հայկական կամաւորական ջոկատներու կազմաւորման, նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է մարտիկներուն, վիրաւորներուն եւ փախստականներուն, ինչպէս նաեւ զանազան քաղաքներու մէջ հանգանակութիւն կատարած է արեւմտահայ գաղթականներու եւ որբերու համար։ 1922-1932 թուականներուն գլխաւորած է Պարսկա-Հնդկաստանի թեմը։
Աւելի քան 130 գիտական աշխատութիւններու հեղինակ է, հրատարակուած են իր հեղինակութեամբ տասնեակ գիրքեր։
Տէր-Մովսիսեան մահացած է 1939 թուականին՝ Երեւանի մէջ։ 1989 թուականին անոր աճիւնը տեղափոխուած եւ ամփոփուած է Էջմիածնի Ս. Գայիանէ վանքի միաբանական գերեզմանատան մէջ։
2018-ին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Տ. Մեսրոպ Արք. Տէր-Մովսիսեանի «Պատմութիւն Սուրբ Գրոց հայկական թարգմանութեան» աշխատութիւնը՝ ռուսերէնէ թարգմանուած։ Գիրքը հայերէն Աստուածաշունչի ձեռագրական աւանդոյթի առաջին լուրջ գիտական հետազօտութիւնն է, որ կատարուած է 19-րդ դարավերջի դրութեամբ հեղինակի յայտնի նիւթերու հիման վրայ։ Այդ մէկը իր հրապարակման ժամանակի հայագիտութեան եւ հայ աստուածաշնչագիտութեան կարեւոր յառաջընթաց քայլերէն կամ ձեռքբերումներէն մին էր։ 1902 թուականին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ռուսերէնով հրատարակուած ըլլալով՝ աշխատութիւնը ցայսօր հասու չէր եղած բազմաթիւ հայագէտներու։
Մահէն շատ տարիներ ետք նորովի արժեւորումներու մէջ է սիւնեցի եկեղեցական գործիչը, որու օտարացած տունի պատերուն հպուելու, իսկ քրոջ տան մէջ ալ իրերը տեսնելու առիթը ունեցայ…
Հարուստ կենսագրութիւն ունեցող հոգեւոր, եկեղեցական գործիչը, հայագէտը Գորիսի այդ հին տան մէջ ներկայ է՝ լուռ, բայց ամուր կերպով։ Գագիկ Գրիգորեանի գործը իր մեծ մօր եղբօր յիշատակը պահելու, նշանաւոր ընտանիքի անցեալը ոգեկոչելու առումով աւելին է, քան հաւաքչական կամ պահպանողական ջանք։ Ան վերականգնած է վստահութիւն մը ժամանակի հանդէպ՝ ապացուցելով, որ հին տունը կրնայ շարունակել ապրիլ, առանց ինքն իրեն ուրանալու։
Երբ կը լքեմ թանգարանը, անձրեւը տակաւին կը շաղուի Գորիսի վրայ, բայց հիմա գիտեմ, որ այդ մառախուղին մէջ կան տուներ, ուր լոյսը լամբերով չէ, որ կը վառուի, այլ պատմութիւններով։ 1870-ի այս տունը այդ լոյսերէն մէկն է՝ հանդարտ, յամառ եւ վստահ, ինչպէս ինք՝ Գորիսը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան