ՄԵՐ ՄԵԾԵՐՆ ՈՒ ՄԵՆՔ
մեր մեծերը մեծեր էին
բացուած գիրքի նման
սէր ու յարգանք սնուցանող
բառերով մտածումներ սահմանող
հաւատք ու կամք ներարկող
գիր ու լեզու սերմանող
հայրենիք եւ հայութիւն ներշնչող
մեր ներկայութիւնը գօտեպնդող
ու մեր ապագան ճշդորոշող
մէկական մեծութիւններ
մեր մեծերը մեծեր էին
ու թէեւ մեզի շատ ըսելիքներ ունէին
բայց ճակատագրին գծած ճամբով
իրարու ետեւէ կամաց-կամաց երբ հեռացան
մեր հոգիի շէնքը փուլ եկաւ
մեր լաւ կեանքը կիսատ մնաց
մեր օրը անգլուխ եւ աննպատակ դարձաւ
մեր բառերու ջերմութիւնն ալ պակսեցաւ
մեր աչքերը դարձան կարճատես
մեր կեանքի պարզութիւնն ալ կորսուեցաւ
ու ամէն օր յիշատակներ արթնցան
տխուր պատկերներ ուրուագծուեցան
այսպէս անստգութեան հետ եղբայրացանք
կարօտն ու յուշերը մեր աչքերը խոնաւցուցին
սակայն իրենց երգերը շարունակ կրկնեցինք
ու յամառօրէն սփոփանք փնտռեցինք
ու ամէն աիթով
մեր էութեան վերադառնալ երազեցինք
մեր մեծերը մեծեր էին
թէեւ առ յաւէտ մեզմէ բաժնուեցան
սակայն անուշ ու ճերմակ երգի նման
անցեալն ու ներկան վկայող
մեր գիտակցութեան լոյս տուող
մեռելներու այդ իրենց աշխարհին մէջ
մեզի համար բոլորն ալ
մէկական չմեռնող երգիչներ դարձան
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ