ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ - «ARMENICA»Ն՝ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՇՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Հայագիտութեան ժամանակակից դաշտին մէջ, ուր ուսումնասիրութիւններու մեծ մասը կը կեդրոնանայ արդէն իսկ ծանօթ աղբիւրներու վերարժեւորման վրայ, հետաքրքրական է տեսնել նոր աշխատութիւններ, որոնք թէ՛ առկայ բացերը կը լրացնեն, թէ՛ կը վերաձեւեն նոյնիսկ գիտական քարտէսի ընկալումը։
Այդպիսի բացառիկ երեւոյթ մըն է «Armenica» խորագրով մատենագիտական ծաւալուն աշխատութիւնը, որ կազմած է հոգեբանական գիտութիւններու տոքթոր, ԱՄՆ-ի Պրաունի համալսարանի նախկին դասախօս Վիթալի Եանքօ։
Այս գիրքը, որ հրատարակուած է ընդամէնը յիսուն օրինակով, մատենագիտական խոշոր աշխատութիւն մըն է, արեւմտեան եւ համաշխարհային գիտական միջավայրի մէջ առաջին փորձերէն մէկը՝ համապարփակ կերպով քարտէսագրելու հայութեան եւ Հայաստանի վերաբերող օտարալեզու աղբիւրներու հսկայ ժառանգութիւնը՝ 16-րդ դարէն մինչեւ 2015 թուականը։
Հեղինակի՝ Վիթալի Եանքոյի կենսագրութիւնը ինքնին կը կրէ այն բազմաշերտ աշխարհագրութիւնը, որ յետոյ պիտի դառնար իր գիտական հետաքրքրութիւններուն առանցքը։ Ազգութեամբ ուքրանացի, ան ծնած է Պաքու՝ խորհրդային բազմամշակութային միջավայրի մէջ, ուր լեզուներու, ազգութիւններու եւ գիտական դպրոցներու խաչաձեւումը ձեւաւորած է իր մտային աշխարհը։
Ստանալով ճարտարագիտական բարձրագոյն կրթութիւն՝ Եանքօ կը դառնայ մագիստրոս եւ տոքթոր՝ ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ։ Սակայն, իր կեանքի ուղին չի սահմանափակուիր զուտ գիտարուեստական ոլորտով։ Ամուսնութիւնը հայաստանցի հայուհիի հետ կը դառնայ շրջադարձային կէտ մը, որ կը բանայ նոր մշակութային եւ գիտական հորիզոններ։
1971-1991 թուականներուն ան կը բնակի Հայաստան, ուր կը դասաւանդէ հոգեբանութիւն ուսումնարանի մը մէջ, կը խորացնէ իր հետաքրքրութիւնը հայոց պատմութեան, մշակոյթի եւ ինքնութեան նկատմամբ։
Այդ շրջանը, ըստ էութեան, կը դառնայ Եանքոյի հայագիտական ինքնութեան ձեւաւորման հիմքը, ներսէն ան ապրող մասնակցի աչքով կը սկսի ուսումնասիրել հայկական իրականութիւնը։
Այս խորքային կապը իր արտայայտութիւնը գտած է նաեւ անոր գրական վաստակին մէջ. Եանքոն հեղինակ է «Խոստացիր ինձ… ծովը վկայ» յուշագրութեան։ Հեղինակի իրական յուշերու վրայ հիմնուած այս գիրքը հրատարակուած է շուրջ տասը տարի առաջ՝ Հայաստանի մէջ եւ կը պատմէ գաղթական կնոջ մը մասին, որ կը վերյիշէ իր նախնիներուն կեանքը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԴԱՇՏ
1992 թուականին Եանքոն կը հրաւիրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ դասաւանդելու Պրաունի համալսարանի Մարդկային զարգացման ուսումնասիրութեանց կեդրոնին մէջ։ Այս տեղափոխութիւնը կը նշանաւորէ անոր գիտական կեանքի նոր փուլ մը, որու ընթացքին հոգեբանութիւնը եւ մշակութային ուսումնասիրութիւնները կը միաձուլուին։
2001 թուականին, ան իր կնոջ՝ հոգեբան Անահիտ Ազարեանի հետ, կը տեղափոխուի Նիւ Եորք, ուր կը զբաղին հոգեբանական աջակցութեան աշխատանքներով՝ յատկապէս Սպիտակի երկրաշարժի փորձառութեան հիման վրայ։ Անոնք այդ տարիներուն հոգեբանական աջակցութիւն ցոյց տուած են երկրաշարժէն տուժածներուն։ Այս փաստը կարեւոր է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, որ Եանքոյի՝ հայութեան հետ կապը ո՛չ միայն ակադեմական էր, այլ նաեւ խորապէս մարդկային՝ հիմնուած տառապանքի, դիմակայութեան եւ վերապրումի փորձառութեան վրայ։
«ARMENICA»Ն՝ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԱՐՇԱՒ ՄԸ
«Armenica»ն, ըստ էութեան, ծնունդ է տասնամեակներու հետազօտական աշխատանքի, նուիրումի եւ համբերութեան։
Գիրքը կը պարունակէ 1935 օտարալեզու աղբիւրներ՝ ընդգրկելով եւրոպական, արեւմտեան, ասիական եւ այլ տարածաշրջաններու հրատարակութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով առընչուած են հայութեան եւ Հայաստանի հետ։
Հսկայ ցանկը կը սկսի 16-րդ դարու առաջին վկայութիւններէն եւ կը հասնի մինչեւ 2015 թուականը՝ ընդգրկելով շուրջ հինգ դարու գիտական, պատմական, ճանապարհորդական, քաղաքական եւ երբեմն նաեւ՝ գրական աղբիւրներ։
Յատկանշական է, որ Եանքոն հաւաքած է նիւթերը եւ նաեւ վերատեսութեան ենթարկած անոնց բովանդակութիւնը՝ ծանօթագրութիւններով եւ քննադատական դիտարկումներով։ Որոշ պարագաներու ան նոյնիսկ կը հակադարձէ օտար աղբիւրներու մէջ առկայ սխալ կամ ոչ-ճշգրիտ տեղեկութիւններուն՝ մատնանշելով պատմական իրական աղբիւրները։
Այս յանգամանքը «Armenica»ն դուրս կը հանէ պարզ մատենագիտական ցուցակէն, կը բերէ գիտական երկխօսութեան դաշտ, ուր աղբիւրը չի ներկայացուիր որպէս վերջնական ճշմարտութիւն, այլեւ՝ քննական ընթերցման ենթակայ նիւթ կը դառնայ։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՓՈՐՁԸ
Գրքի կարեւորագոյն արժէքներէն մէկը այն է, որ առաջին անգամ կը ներկայացնէ հայագիտութեան օտարալեզու աղբիւրներու լատինատառ ամբողջական ցանկ մը՝ մէկտեղուած եւ համակարգուած ձեւով։
Մինչ այս, հայագիտական մատենագիտութիւնները հիմնականը հայերէն կամ ռուսերէն լեզուներով էին։ Այս իմաստով Եանքոյի աշխատանքը կը բանայ նոր հարթակ մը՝ արեւմտեան գիտական հանրութեան համար մատչելի դարձնելով դարերով կուտակուած գիտելիքի խոշոր շերտ մը։
Աւելի՛ն, անոր մօտեցումը կը զուգորդէ դասական մատենագիտութիւնը եւ ժամանակակից գիտական քննադատութիւնը՝ ստեղծելով միջանկեալ ձեւ մը, ուր ցանկը ինքնին կը դառնայ վերլուծութեան նիւթ։
Միւս կարեւոր յանգամանքը, որ արժէքաւոր կը դարձնէ այս գիրքը, այն է, որ «Armenica»ն նախատեսուած է ո՛չ թէ վաճառքի, այլ գիտական հաստատութիւններու համար։ Հեղինակը զայն կը նուիրէ Հայաստանի եւ արտերկրի հայագիտական խոշոր կեդրոններուն՝ իբրեւ հետազօտական գործիք եւ աղբիւրագիտական հարթակ։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտական գրադարանը, զոր ստացած է գիրքը հեղինակէն, յատուկ կերպով ընդգծած է անոր նշանակութիւնը՝ նշելով, որ նման ամբողջական աշխատանք մինչեւ այսօր չէր կազմուած արեւմտեան գիտական դաշտին մէջ։
ՆՈՐ ՏԵՍԱԴԱՇՏ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
«Armenica»ն կարելի է դիտարկել նաեւ իբրեւ հայագիտութեան նոր քարտէսի սկիզբ։ Գիրքը կը բացայայտէ այն իրականութիւնը, որ հայութեան վերաբերող գիտելիքը բազմաշերտ է, բազմալեզու եւ տարածուած՝ աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ։
Եանքոյի աշխատանքը, այս իմաստով, կը դառնայ կամուրջ մը եւ կը կապէ հայկական պատմագիտական մտածողութիւնը արեւմտեան ակադեմական աւանդոյթին հետ։ Աշխատութիւնը կը խախտէ փակ շրջաններու տրամաբանութիւնը եւ կ՚առաջարկէ բաց, համեմատական եւ բազմաձայն մօտեցում։
Այս աշխատութիւնը միաժամանակ կը վկայէ նաեւ հայութեան մասին օտար աշխարհի մէջ ստեղծուած գիտելիքի վիթխարի, բայց, երբեմն անտեսուած շերտի մասին։
Կը հասկնանք, որ Հայաստանի պատմութիւնը միայն ներսէն չի գծուիր, այլ նաեւ՝ կը ձեւաւորուի արտասահմանեան դիտանկիւններու բազմազանութեամբ։
Եւ այս իմաստով, «Armenica»ն քարտէս մըն է, որուն վրայ կը նշուին հայութեան մասին տարածուած գիտելիքի բոլոր ճանապարհները՝ անցեալէն մինչեւ մեր օրերը, բազմաձայն, բազմալեզու եւ շարունակուող որոնումով։
«Armenica»ի ընդմէջէն մենք միայն նոր մատենագիտական աշխատութեան մը չենք ծանօթանար, այլ նաեւ՝ մարդու մը, որ թէեւ ծնունդով հայ չէ, բայց տասնամեակներու ընթացքին հայութիւնը ապրած է իբրեւ ներքին փորձառութիւն։
Հայ մշակոյթին եւ պատմութեան նկատմամբ այսպիսի նուիրումը յատկապէս ուշագրաւ է մեր ժամանակներուն, երբ ազգային պատկանելիութիւնը յաճախ կը չափուի միայն արիւնով կամ ծագումով։
Այս երեւոյթը նոր չէ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ։ Դարերու ընթացքին բազմաթիւ օտար գիտնականներ, ճամբորդներ, բանասէրներ ու պատմագիրներ հմայուած են հայկական քաղաքակրթութեամբ եւ իրենց աշխատանքով նպաստած՝ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման։ Սակայն, Եանքոյի պարագային տարբերութիւնը այն է, որ ան լաւագոյն կերպով կատարած է այս գործը եւ մէկ ամբողջութեան մէջ հաւաքած է աշխարհով մէկ սփռուած այն գիտելիքը, որ դարեր շարունակ ստեղծուած է Հայաստանի եւ հայութեան մասին։
Չնայած տարիքին եւ երկար տարիներ արտասահման բնակելուն, Վիթալի Եանքոն Հայաստանի հետ իր կապը չէ խզած։ Այսօր ալ ան իր կնոջ՝ հոգեբան Անահիտ Ազարեանի հետ պարբերաբար կու գայ Հայաստան, կը մասնակցի գիտական ու մտաւորական կեանքին եւ կը շարունակէ իր ներգրաւուածութիւնը հայկական միջավայրին մէջ։ Անոնք համալսարաններու մէջ հոգեբանական դասախօսութիւններ կը կարդան, հանդիպումներ կ՚ունենան ուսանողներու եւ երիտասարդ հետազօտողներու հետ, ինչպէս նաեւ կը շփուին հայրենի մտաւորական շրջանակներուն հետ։ Վերջերս Եանքօ հրատարակած է նոր գիրք մը, որ արդէն յուշագրութիւն է՝ իր կեանքն ու յուշերը կ՚ամբողջացնեն։
ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՈՒԺ
Շատերու պատկերացումով՝ մատենագիտութիւնը սահմանափակուած է լուռ գրադարաններու խորշերով, անթիւ թուղթերով, գիրքերով, ձեռագիր մատեաններով ու մենակեաց գիտնականներու անվերջանալի ցուցակներով։ Սակայն, իրականութիւնը այլ է։ Մատենագիտութիւնը գիտական պարզ կարգաւորումէն անդին՝ գիտելիքի իշխանութեան իւրայատուկ ձեւ մըն է։ Զայն կը սահմանէ մարդկային յիշողութեան սահմանները՝ որոշելով, թէ ո՛ր անուններն ու պատմութիւնները արժանի են մնալու սերունդներու ուշադրութեան կեդրոնը եւ որո՛նք դատապարտուած են մոռացութեան։
Մատենագիտութիւնը երբեք չէզոք գործողութիւն չէ. զայն նախեւառաջ ընտրութիւն է։ Մատենագէտը ինքը կը զատորոշէ «հիմնական» աղբիւրները, այդպիսով փաստացիօրէն կը կերտէ ապագայ գիտական իրականութիւնը։ Այս մասնագիտութիւնը ձեւով մը գիտելիքի ճարտարապետութիւնն է։ Այն աղբիւրները, որոնք դուրս կը մնան հեղինակաւոր ցանկերէն, ժամանակի ընթացքին կը դառնան «անտեսանելի»՝ դուրս մղուելով համաշխարհային գիտական շրջանառութենէն։ Եւ մատենագիտութիւնը կը ստանձնէ «դարպասապահի» դերը՝ հսկելով տեղեկատուութեան ելքն ու մուտքը։
ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՔ՝ ՓՈՔՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ գիտելիքի վերահսկումը հաւասարազօր է պատմութեան վերահսկման։ Մեծ կայսրութիւնները յաճախ օգտագործած են մատենագիտական համակարգերը որպէս մշակութային ճնշման միջոց. նուաճուած ժողովուրդի գրականութեան բացակայութիւնը միջազգային ցանկերէն երբեմն աւելի կործանարար է, քան՝ բացայայտ արգելքը։
Այս յարձակողական ուժին դիմաց, մատենագիտութիւնը կը վերածուի գոյատեւման զրահի։ Փոքր ժողովուրդներու համար սեփական մտաւոր ժառանգութեան հետեւողական քարտէսագրումը անժխտելի ներկայութիւն ապահովելու միակ ճանապարհն է։ Գիտական աշխատանք ըլլալէ զատ՝ մշակութային ինքնապաշտպանութիւն է ընդդէմ աղաւաղման եւ պատմական անտեսման։
Հայ իրականութեան մէջ այս ոլորտը միշտ ունեցած է կենսական նշանակութիւն։ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մատենագիտական հսկայական վաստակը հիմքը դրաւ հայագիտութեան համաշխարհային ճանաչման։
Յետագային, Թէոդիկի նման նուիրեալներ իրենց տարեգիրքերով փաստացի գծագրեցին հայ մտքի աշխարհագրութիւնը։ Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մատենագիտութիւնը ստացաւ նոր առաքելութիւն՝ դառնալով ցրուած համայնքները միացնող «մտաւոր կամուրջ» եւ յիշողութեան պահապան։
Այսօր տեղեկատուական հեղեղը ստեղծած է նոր սպառնալիք՝ «թուային անտեսանելիութիւն»։ Եթէ բովանդակութիւնը չունի յստակ մատենագիտական մշակում, զայն պարզապէս կը կորսուի համացանցային անսահմանութեան մէջ։ Արդի մատենագէտը այլեւս լոկ դասակարգող չէ, այլ թուային վարպետ մը, որուն ձեռքերուն մէջ է գիտելիքը հասանելի եւ որոնելի դարձնելու բանալին։
Մատենագիտութիւնը հաւաքական յիշողութեան ողնաշարն է, կառուցուածք մը, որ թոյլ կը տայ գիտելիքին՝ սահուն փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ։ Որքան ամուր ու համակարգուած է այդ դաշտը, այնքան տոկուն է ազգային գիտակցութիւնը։
Այսօր մատենագիտութիւնը նոյնիսկ ռազմավարական ոլորտ է. ով կը յաջողի քարտէսագրել ու տեսանելի դարձնել գիտելիքը, ան նաեւ կը մասնակցի պատմութեան ընթացքի որոշման։ Այդ առումով մատենագիտութիւնը անցեալի լուռ վկան չէ, այլ այն կենդանի լուսարձակը, որ կը լուսաւորէ թէ՛ մեր անցած ուղին եւ թէ ապագայի հորիզոնները։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՉԿՈՐՍՈՒԻԼ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԵՂԵՂԻՆ ՄԷՋ
Այսօր մենք կ՚ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, ուր տեղեկատուութիւնը այլեւս սակաւ չէ, ընդհակառակը, մենք ողողուած ենք տուեալներու հսկայական ովկիանոսով: Եթէ նախկին ժամանակ մատենագէտի խնդիրը սակաւաթիւ գիրքերը գտնելն ու ցուցակագրելն էր, ապա այսօր կան մատենագիտական համացանցային հարթակներ, որոնք մեզ կը պաշտպանեն տեղեկատուական հեղեղէն։
Համացանցը մեզի տուած է ամէն ինչի հասանելիութիւն, բայց, այդ հասանելիութիւնը յաճախ կեղծ է: Երբ որոնողական համակարգի մէջ բառ մը կը գրենք, մենք կը ստանանք միլիոնաւոր արդիւնքներ, որոնց մեծ մասը կրնայ ըլլալ անօգուտ, սխալ կամ նոյնիսկ վտանգաւոր: Այստեղ է, որ ասպարէզ կը մտնէ նորօրեայ մատենագիտութիւնը: Մատենագէտը այսօր այն մասնագէտն է, որ կը զատորոշէ ցորենը որոմէն՝ ստեղծելով վստահելի եւ ստուգուած աղբիւրներու թուային շտեմարաններ:
Արհեստական բանականութեան յառաջխաղացումը ստեղծած է նոր իրավիճակ: Արհեստական բանականութիւնը կրնայ վայրկեաններու ընթացքին տեքստեր գրել, բայց յաճախ կը յօրինէ փաստեր եւ անուններ կամ կը յղէ գոյութիւն չունեցող աղբիւրներու: Ժամանակակից մատենագիտութիւնը այս համաթեքստին մէջ կը ստանձնէ ճշմարտութեան պահապանի դերը, կը սորվեցնէ մեզի, թէ ինչպէս պէտք է ստուգել աղբիւրի իսկութիւնը, ինչպէս հետեւիլ տուեալի հետագծին եւ ինչպէս չվստահիլ արհեստական բանականութեան կողմէ հրամցուած առաջին իսկ պատասխանին:
Թուային աշխարհը զարմանալիօրէն փխրուն է: Կայքերը կը փակուին, յղումները կը ջնջուին, իսկ տեղեկատուութիւնը կրնայ անհետանալ մէկ հպումով։
Նոր մատենագիտութիւնը կը զբաղի նաեւ թուային արխիւացմամբ: Ան կը նախագծէ այնպիսի համակարգեր, որոնք թոյլ կու տան այսօրուան թուային արտադրանքը (ըլլայ ատիկա գիտական յօդուած, թէ կարեւոր լրատուական նիւթ) պահպանել յաջորդող հարիւրամեակներուն համար:
Այս մէկը ինչո՞ւ կարեւոր է ընթերցողին համար․ առանց մատենագիտական հիմքի՝ մենք կը դառնանք տեղեկատուական խարդախութեան զոհ: Երբ մենք գիտենք, թէ ինչպէս կազմակերպուած է գիտելիքը, մենք կը դառնանք աւելի ազատ: Մատենագիտութիւնը մեզի կու տայ այն մտաւոր զրահը, որով մենք կրնանք քննադատաբար մօտենալ ամէն տեղեկութեան:
Այն մեզի կը սորվեցնէ, որ համացանցը ո՛չ թէ պարզապէս զուարճանքի կամ արագ պատասխաններու վայր մըն է, այլ համաշխարհային գրադարան, ուր կարգն ու կանոնը (այսինքն՝ մատենագիտութիւնը) միակ երաշխիքն է, եւ մեր միտքը չի կորսուիր անվերջանալի նիւթերու եւ անստոյգ լուրերու խճողումներու մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
