ՇԱՀՆԱԶԱՐ ՔԷՕԹԱՀԵԱՆ (6 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1902 - 25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1999)

Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք Շահնազար Քէօթահեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Քէօթահեանի գրած բանաստեղծութիւններէն փունջ մը ներկայացուցինք: Այսօր, պիտի ներկայացնենք Շահնազար Քէօթահեանի արձակ գրութիւններէն եւ հրապարակախօսութիւններէն հատուածներ:

«Վախը ընտանեկան կրթութեան մէջ» գրութեան մէջ Քէօթահեան կը գրէ.

* Շատ անգամ ծնողներ իրենց զաւակները դաստիարակելու եւ ուղղութեան բերելու համար կը գործածեն զանազան միջոցներ, ոմանք լուրջ եւ խոհեմ կերպով յղացուած, ուրիշներ հապճեպ, աննպատակ եւ վնասաբեր: Այս միջոցներէն մի քանին կ՚օգտագործեն բուն իսկ մանուկը ինքը, անոր հակումները, բնազդները, փափաքները, երեւակայութիւնը, յուզումները եւ այսպէսով հակազդելով մանկան վրայ, կ՚աշխատին զայն զսպել եւ հնազանդութեան հրաւիրել:

Մանկան մէջ ի նպաստ կամ ի վնաս իրեն շահագործուող երեւոյթներէն մին է վախը:

Ի՞նչ է վախը:

Վախի զգացումը բնական կերպով գոյութիւն ունի մարդոց եւ անասուններու մէջ. այս զգացումը նպատակ ուի տկար արարածները բնազդաբար պաշտպանելու վտանգներու եւ զանազան անակնկալներու դէմ: Մասնաւորաբար մանուկը, իր ֆիզիքական, մտաւորական, դատելու եւ տրամաբանելու սահմանափակ կարողութեան պատճառաւ, շատ վախկոտ է, իր վախի զգացումներուն շնորհիւ ստիպուած է զգուշաւոր ու շրջահայեաց վերաբերում մը ունենալ զինք շրջապատող իրերուն, մարդոց եւ ուրիշ բնական երեւոյթներու հանդէպ:

Այս տեսակէտով վախը պէտք է նկատել օգտակար եւ արժէքաւոր բնազդ մը: Ծնողներ իրենց զաւակներուն այսօրինակ վախերը պէտք չէ անտեսեն, ծաղրեն կամ անարգեն: Վախը մանուկին բնական երեւոյթ մըն է, կարգ մը պատճառներու անմիջական հետեւանքը: Երբ մէկը ինքզինք վտանգի մէջ կը զգայ, բնականաբար վախի զգացումը կը ծնի իր մէջ:

Ինչպէս ըսինք, մանուկներու կարգ մը վախերը իրականին մէջ օգտակար են: Մանուկը կը վախնայ մութէն, օտարականներէն, բարձր ձայներէն, արագ շարժող առարկաներէն, բարձր տեղերէն եւ այլն: Իւրաքանչիւր պատահարի մէջ մանուկը ինքզինքը կը պաշտպանէ եւ բնազդաբար զերծ կը մնայ վտանգներէ եւ անհաճոյ անակնկալներէ: Օրինակի համար, մանուկը մութէն բնազադաբար վախնալով, գիշեր ատեն չի փորձեր սանդուխներէն վար իջնել, տունէն դուրս ելլել կամ զանազան փնտռտուքներ կատարել եւ այսպէսով կը պաշտպանուի հաւանական վտանգներու դէմ: Նոյնպէս օտարականներու դէմ իր զգացած վախը զինք զերծ կը կացուցանէ անոնց հետ յարաբերութեանց մէջ մտնելէ եւ այսպէսով անծանօթներու հաւանական տարափոխիկ հիւանդութիւններէն, յոռի բարքերէն եւ չար դիտաւորութիւններէն հեռու կը մնայ:

…Ծնողներ բացարձակապէս կը սխալին, երբ կը փորձեն իրենց զաւակները արուեստական վախի ազդեցութեան տակ կրթել եւ անոնց չարութիւններուն առաջքը առնել: Միակ մեթոտը, որմէ չափահասներ եւ ծնողներ զգուշանալու եւ վախնալու են, վախի մեթոտն է: Հակառակ որ կ՚ապրինք քսաներորդ դարու լուսաւոր բարիքներուն մէջ, տակաւին կը յամառինք հակամանկավարժական եւ վնասաբեր մեթոտներով կրթել մեր զաւակները:

Ծնողական վախը մանուկը հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան չի կրնար առաջնորդել. վախի մեթոտը շատ շատ կրնայ ժխտական արդիւնքներ ձեռք բերել մանուկին բարոյական կրթութեան մէջ: Վախի ազդեցութեամբ մանուկը շատ անգամ կը զրկուի ծնողական անկեղծ եւ սիրալիր յարաբերութենէն: Ծնողներ իրենց զաւակներուն ամենալաւ բարեկամներն են եւ երբ այս բարեկամութիւնը վախի ազդեցութեան տակ կը խզուի, մանուկները իրենք զիրենք կը զգան օտար, կը ստիպուին ստել, կեղծել եւ առ երես բարի եւ հնազանդ երեւնալ. այս տեւական եւ հիմնական դարման մը չէ երբեք…:

Ինչպէս ուրիշ պարագաներու տակ, վախի խնդրոյն մէջն ալ ծնողաց ընելիքը պիտի ըլլայ դրական ճամբուն հետեւիլ, ջանալ լուսաբանել իրենց զաւակները, խոհեմութեամբ վարուիլ անոնց մանկական վախերուն հետ եւ ո՛չ միայն այդ վախերը հետզհետէ փարատել եւ բարեփոխել, այլեւ՝ մեթոտիք կերպով մէկդի վանել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող արուեստական վախերը, այս կերպով մանուկներու մէջ ստեղծելով նոր եւ անկեղծ ոգի մը:

Հեռու պահել մանուկները վախի ազդեցութենէն: Տունին մէջ թէ այլուր, այս թող ըլլայ կարգախօսը հայ ծնողներու (ԺԱՄԱՆԱԿ, երկուշաբթի, 16 մայիս 1966, էջ 2 եւ 4):

«Երբ ազգը ինքզինք չի հաւնիր» գրութեան մէջ կը գրէ.

* Անհատներու նման ազգերն ալ ինքնագիտակցութեան, անձնաքննութեան եւ ինքնաճանչման կարիքն ունին:

Ինչո՞ւ, միթէ ազգեր ու ժողովուրդներ իրենք զիրենք չե՞ն ճանչնար:

Կը ճանչնան, սակայն, շատ անգամ ԻՐԵՆՑ ՈՒԶԱԾ կերպով, այնպէս՝ ինչպէս իրենք կ՚ուզեն ու կը փափաքին որ ըլլան, եւ ոչ թէ այնպէս՝ ինչպէս որ ճանչցուելու են համամարդկային բարձրագոյն չափանիշով:

Ո՛չ ոք անթերի է. հարցը այն չէ, որ իբրեւ մարդ, իբրեւ ժողովուրդ ու հաւաքականութիւն, թերիներ ունինք, այլ այն՝ որ այդ թերիները տեսնելով, ընդունելով եւ իւրացնելով սրբագրենք զանոնք եւ նորոգուած հոգիով ու մաքուր շարժառիթներով զինուած, նոր ուղիով, նոր հայեցակէտով մը ընթանալու կամքն ու քաջութիւնը ունենանք:

Մարդ կրնայ ցեխին մէջ ինկած ըլլալ. սակայն, հարկ չկայ միշտ հոն մնալու. ոտքի ելլելու, մաքրուելու, սրբուելու եւ յետ այնու զգոյշ ըլլալու եւ մարդկօրէն ապրելու առանձնաշնորհումն է տրուած մեզի:

“My Country right or wrong” «սխալ կամ շիտակ՝ իմ հայրենիքս է» ըսելը ուղիղ դատողութիւն եւ ուղիղ խորհելակերպ չէ ու կացութիւնը չի փոխուիր բնաւ: Ատիկա հայրենասիրութիւն չէ, այլ տեսակ մը «հայրենադաւութիւն»: Ու, մանաւանդ՝ կրնայ աղտիաբեր ալ ըլլալ ի վերջոյ…: Ու պատմութիւնը իր փաստերն ունի զայն հաստատող… («Նոր Օր», ուրբաթ, 6 օգոստոս 1965, էջ 1):

Քէօթահեան ունի կարճ գրութիւն մը՝ «Հայ արուեստը. ի՞նչ է ան» վերանգիրով, ուր թուղթին կու տայ իր ընկալումները հայ արուեստի մասին: Ահաւասիկ այդ գրութիւնը.

* Եթէ արուեստը, իր ընդհանուր առումով, կարելի է սահմանել, իբրեւ մարդկային զգացումներու, յոյզերու, խոհերու, երազներու եւ ապրումներու վսեմագոյն եւ թանձրացեալ ձեւով արտայայտութիւնը, ապա ուրեմն պիտի ըսենք որ՝

Հայ արուեստը հայ հոգիի գեղեցկութեան բիւրեղացեալ արտացոլացո՜ւմն է:

Հայ սրտի բաբախո՜ւմը ջերմիկ, դարերու խորերէն մեզի հասնող:

Հայ արուե՜ստը… կապուտակ երկնքի կամարներուն խորը մխրճուած միածնաէջ սրբազան տաճարի խորհրդասքօղ ստուերներուն համադրութեան շքեղա՜նքը ցանկալի:

Զուարթնոցի, Գեղարդի, Գառնիի ու Տաթեւի սրբատաշ քանդակներուն ու խոյակներուն հմայիչ քաղցրութի՜ւնը եւ մեր ժողովուրդի հանճարի արգասիք ժանեկանման ու նրբահիւս խաչքարե՜րը. հիացմունքի առարկայ նոյնիսկ օտա՜ր այցելուներուն:

Հայ արուե՜ստը…: Հրազդանի յաղթական յառաջընթացի գոռ մեղեդի՜ն:

Հայ արուե՜ստը…: Օշականի մեր մեծ սո՜ւրբը, հայ այբուբենի երիցս մեծարեալ Մեսրոպ Մաշտոցը, արձանացեալ ու հիացեալ, «ոչ ի քուն երազ եւ ոչ յարթնութեան տեսիլ»…:

Նարեկացիի ճենճերումն ու վերասլաց աղե՜րսը, Շնորհալիի «Առաւօտ Լուսոյ»ն յաւէ՜տ երանեալ մեր գրչագիր վանականներու աստիճանական շիջումն ու սպառումը, ի խնդիր հայ մտքի յաւերժացումին:

Վարդանանց սրտառուչ «Յայսմ Հաւատոյ»ն նետուած Յազկերտի երեսն ի վեր, եւ Ղեւոնդեանց սրբազան ընդվզումն ու ցասո՜ւմը մոգերու եւ մոգպետներու առջին, իբրեւ անխորտակելի բե՛րդ ու պատնէշ:

Սազերգու Սայաթ Նովայի, Նահապետ Քուչակի եւ Նաղաշ Յովնաթանի տաղրտուն թրթռացո՜ւմը:

Հայ Արուե՜ստը:

Զոյգ խաչելութեամբ պսակեալ մեր անզուգական Կոմիտասը եւ իր սրբազան ուխտին ու առաքելութեան խնկարկուներու շարանը «Հորովել»ներով, «Հով արէք»ով եւ հոգեցունց «Անտունի»ներո՜վ արբշիռ:

Հապա հսկաներու հսկայ Արամ Խաչատուրեանը:

Հապա սա հայու սոխակնե՜րը գեղգեղաձայն, Տոլուխանեանի, Գոհար Գասպարեանի, Լուսինէ Զաքարեանի, Լուսին Ամարայի եւ Լիլի Զուգազեանի տաղանդով ու տիպարով…:

Հայ արուե՜ստը…:

Խաչատուր Աբովեանով սկի՛զբ առած, Րաֆֆիի հզօր կանչո՜վ բոցավառած, Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Վահան Թէքէեանի եւ այլ հանճարներու միջոցովն բարձունքներո՜ւ տիրապետած, եւ մեր օրերուն Եղիշէ Չարենցով, Յովհաննէս Շիրազով, Պարոյր Սեւակով ու Վահագն Դաւիթեանով, Սիլվա Կապուտիկեանով եւ Մարօ Մարգարեանով փառազարդուած են մեր վերածնո՜ւնդը…:

Հայ արուե՜ստը:

Մեր խունկն ու աղօ՜թքը ու մեր յարութիւնն ու կեա՜նքը հրաշափառ: 

Ալ ի՞նչ կ՚ուզէք, որ ըսենք (ԺԱՄԱՆԱԿ, երկուշաբթի, 30 յունիս 1971, էջ 2):

«Ոսկիէ կշիռը» վերնագիրը կրող գրութեան մէջ կ՚անդրադառնայ Վահան Թէքէեանին: Կը գրէ.

* Կրօնական հոգի մըն է Թէքէեան, որ չի հաւատար, թէ կեանքը կրնայ իմաստ ունենալ: Կայ մայր երակ մը, որ իրարու կը միացնէ մեր քերթողները Դուրեանէն մինչեւ Թէքէեան, Եղիայէն մինչեւ Մեծարենց եւ Ինտրա: Այն է՝ կրօնական երկիւղածութիւն մը, առանց առարկայի: Աստուած բացակայ է: Բայց ոչ՝ աստուածութիւնը: Անոնք չեն ձգտիր յաւիտենականին, այլ անսահմանին: Անսահմանին՝ ուր տիեզերքին հետ պիտի ըլլան միասնաբար տարածուն: Անոնք մոգերն են տաճարի մը, որ գոյութիւն չունի, բայց որուն սրբազնութիւնը կը փոխանցեն մեզի իրենց երգով:

Կարելի չէ ըսել, թէ անոնք հանճարներ են, քանի որ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ բան է հանճարը: Բայց գիտենք, թէ գոյութիւն ունի համադրութիւն մը ընդմէջ ինքնաբուխ ժայթքումին եւ զգաստութեան: Ինքնաբուխ ժայթքում մը, զոր «ներշնչեալ» ռոմանթիքները օգտագործեցին շռայլօրէն, դար մը ետք ընդգրկուեցաւ, թէեւ տարբեր դիտումով եւ ակնկալութեամբ, գերիրապաշտներու կողմէ, որոնք մէկդի դրին իմացականութեան արգելակը, այլ խօսքով՝ ուրացան արթուն միտքին գերակայութիւնը (իրենց ուրացումը յայտնելով հանդերձ արթուն միտքով, քառթէզեանիզմով): Վահան Թէքէեան, որ գերազանցապէս արթնամիտ մարդ էր, զգացումը ենթարկեց իմացականութեան հակակշռին: Կը ճանչնար Պոտլէռի խօսքը. «Կը խղճամ այն բանաստեղծներուն վրայ, որոնք իրենց բնազդով միայն կ՚առաջնորդուին. զանոնք անկատար կը նկատեմ»: Եւ յետոյ՝ «անկարելի է որ բանաստեղծը իր մէջ չպարունակէ քննադատ մը»:

Քննադատ Թէքէեանը անզուգական հանդիսացաւ հանրային գործունէութեան մէջ, ուր իր սուր իմացականութեան կրակին ենթարկուեցան դէպքեր ու դէմքեր, եւ ուր վերլուծումը իր տեղն ունէր որքան համադրական շնորհը: Բայց կատարելապաշտութիւնը զինք մղեց խստակրօնութեան, բանաստեղծութեան մէջ, եւ իր խօսքը ըրաւ ճիշդ՝ փոխանակ ցոյց տալու եւ ըսաւ՝ փոխանակ թելադրելու: Պէտք է խոստովանիլ, որ երբեմն այսպէս եղաւ: Անհարթ եւ սեղմ նախադասութիւնը, որ գէշ կը շնչէ, զրկուած մնաց իր երազի բաժինէն («Նոր Օր», ուրբաթ, 8 յունուար 1971, էջ 1):

«Ինչպէս վարուիլ բարկացոտ մանուկին հետ» գրութեան մէջ կը գրէ.

* Բարկութիւնը ջղայնոտութեան նման, հասարակ երեւոյթ մըն է տարեցներու, ինչպէս նաեւ մանուկներու առօրեայ յարաբերութեանց մէջ: Այս զգացումը փոքրիկներուն մէջ ի յայտ եկող ամենաառաջին յատկանիշերէն մին է: Զանազան ծանօթ ու անծանօթ պատճառներ առիթ կու տան, որպէսզի մանուկները գրգռուին եւ բարկութեան առաջնորդուին, ուստի, այսպիսի պարագաներու մէջ ծնողներուն պարտականութիւնն է կարելի եղածին չափով խոհեմութեամբ եւ շրջահայեաց կերպով վարուիլ իրենց զաւակներուն հետ, որպէսզի առանց անոնց մտաւոր, բարոյական եւ ֆիզիքական զարգացումին վնասելու, կարելի ըլլայ զանոնք կառավարել եւ ուղղութեան բերել:

Պէտք է ընդունիլ, թէ բաւական դժուար է բարկացոտ մանուկին հետ գործ ունենալ, որովհետեւ երբ ան գրգռուած վիճակի մէջ է, չ՚ուզեր որեւէ խօսք մտիկ ընել, այլ միայն իր նպատակը իրագործելու կամ հակառակորդը ընկճելու կը ձգտի:

Ինչո՞ւ համար մանուկները կը բարկանան: Պատճառները բազմաթիւ են։ Երբեմն իրենց կամքին հակառակողներ կ՚ըլլան, օրինակի համար, ծնողներ կ՚ուզեն փոքրիկները խաղալէ, զբօսնելու կամ սիրական զբաղումէ մը արգիլել, ուրիշ ատեններ անոնք խաղընկերի մը հետ վէճի կը բռնուին եւ որեւէ կերպով ինքզինքնին վնասուած ու անիրաւուած գալով փոխվրէժի դիմել հակառակորդը տապալելու համար: Երբեմն ալ չափահասներ փոքրիկ մանուկներու զգացումները ու արժանապատուութիւնը կը վիրաւորեն, անոնց «Ես»ին կը դպչին, գիտակցաբար կը գրգռեն զանոնք եւ բարկութեան տեղի կու տան: Տակաւին կարելի է ուրիշ պատճառներ ալ թուել:

Կայ նաեւ տեսակ մը բարկութիւն, որը մասամբ թոյլատրելի պիտի գտնենք. եւ ահա հոս է, որ հարցում մը մէջտեղ կու գայ. բարկութիւնը ե՞րբ առաքինութիւն մըն է, քանի որ առ հասարակ ան ճանչցուած է որպէս մոլութիւն մը: Բարկութիւնը բացառիկ պարագաներու մէջ առաքինութիւն կրնանք նկատել, երբ ան ինքնապաշտպանութեան համար յառաջ եկած մղում մըն է, կամ արդար զայրոյթ մը, երբ ան կը յայտնուի ի տես անարդարութեան, անխիղճ եւ ստոր արարքներու, որոնք կը ձգտին տկարը ճնշել, տառապեցնել եւ մարդկային յառաջդիմութեան ընթացքը կասեցնել: Բարձր զգացումներով տոգորուած եւ ուղիղ անհատականութեան տիրացող մէկը ուրիշ կերպ չի կրնար վարուիլ, երբ կը տեսնէ, թէ անմեղ մանուկ մը իր ծնողաց եւ կամ ոեւէ անծանօթի մը եսասիրական ու մենատիրական նպատակներու զոհը դառնալով կը տառապի: Այս պարագայէն դուրս որեւէ ատեն եւ որեւէ ձեւի տակ բարկութիւնը բաղձալի յատկութիւն մը չէ երբեք, նամանաւանդ երբ ան կ՚անցնի օրինական սահմանները եւ օգտակար ըլլալէ աւելի պատուհաս մը կը դառնայ իր շուրջիններուն: Հոս մայրերուն պարտականութիւնն է իրենց նորածին զաւակները այնպէս մը մեծցնել ու դաստիարակել, որ անոնք բարկութիւնը որպէս առաքինութիւն միայն ճանչնան եւ ոչ թէ որպէս մոլութիւն մը (ԺԱՄԱՆԱԿ, երկուշաբթի, 13 յունիս 1966, էջ 2):

«Երբ մարդ ինքզինքին չի հաւնիր» գրութեան մէջ, Քէօթահեան կը գրէ.

* Պահեր կան, երբ մարդս իր խոհերուն հետ միայնակ, ինքզինքին հետ հաշուեյարդարի կը նստի, ինքզինքը դատարան կ՚ընէ ու կ՚ըլլայ ինքն իր դատաւորը, կը դառնայ ինքն իր խոստովանահայրը, կը կշռէ, կը չափէ, կը դատէ ու կը տեսնէ, թէ ինք, իբրեւ մարդ, չէ ան՝ որ հարկ էր, որ ըլլար. չէ այն լուսեղ բարձունքին՝ ուր արժան էր, որ գտնուէր: Կը տեսնէ, թէ իբրեւ հայր, լրիւ չէ կատարած իր պարտականութիւնը իր ընտանիքին ու իր զաւակներուն հանդէպ. թէ իբր մայր՝ իր կոչումին ու առաքելութեան հաւատարիմ չէ գտնուած:

Կրնար աւելիով զոհաբերուիլ իր եկեղեցիին, իր համայնքին ու իր ընկեր արարածներուն հանդէպ, սակայն ժլատ է գտնուած:

Շատ մը պարագաներու տակ կրնար ներել ու չներեց…:

Կրնար մէկու մը բարօրութեան ու երջանկութեան պատճառ դառնալ ու չդարձաւ:

Կրնար «երկրորդ մղոնն ալ» քալել ու չքալեց…:

Ու մորմոքը, ցաւը, ստգտանքը այն կարգ մը ձախող արարքներուն, անկումներուն զանցառումներուն, որոնք ահա կ՚ալեկոծեն ու կը փոթորկեն իր էութիւնը…:

Երբ մարդ ինքզինքին չի հաւնիր…:

Հրաշալի պահ մըն է, արդարեւ, այդ պահը…:

Հոն է, որ կը սկսի իսկական փրկութիւնը, հոն է, որ սկիզբ կ՚առնէ ճշմարիտ կեանքը եւ հոն է, որ յարութիւն կ՚առնէ Լուսեղէն Երազը…:

Երբ մարդ ինքզինքին չի հաւնիր…:

Սրբարար ու սփոփարար ինքնագիտակցութիւն…:

Իմաստասէրն Սոկրատէսի «Ծանիր զքեզ»ն է ան:

Աւետարանի «վերստին ծնունդ»ը:

Իսկական «հրաժարիմք»ը:

Փրկարար շրջադարձը:

Խաւարէն դէպի լոյս քայլ ու ոստում…:

Անառակ Որդիին հայրենի տուն վերադարձի վճռական որոշումը…:

Ինքզինքին չի հաւնիր…:

Ինչպէս կ՚ըլլայ այդ, երբ անդին ինքնահաւաններու, մեծամիտ ու մեծամոլներու, կարծեցեալ բարձրութիւններու հսկայ բանակ մը ունինք…:

Ո՞վ է խենթեցեր, որ ելլէ ընդունի եւ յայտնէ ինքզինքին ու ուրիշներուն, թէ ինք ՉԷ այն յարգելի, վստահելի այն անձը, որ հանրութիւնը կը խորհէր, թէ է. թէ ինք ո՛չ արժանի եւ ո՛չ ալ յարմար է այն պաշտօնին, որ իրեն վստահուած է. թէ ինք կ՚ապրի կեանք մը, որուն ներքինը արտաքինին չի համապատասխաներ… թէ ինք իր վիճակէն ու ընթացքէն գոհ չէ բնաւ…:

Ահա աւերակոյտը, որ կը բաղձայ շքեղաշուք տաճարի մը փոխակերպուիլ…:

Ահա տարտարոսը, որ դրախտագեղ Եդեմին է յառած իր աչքերը…:

Ահա անապատը՝ անջրդի, որ արգաւանդ դաշտի մը, հոգեգրաւ բուրաստանի մը փոխակերպուելու ճիգը կ՚ընէ…:

Երբ մարդ ինքզինքին չի հաւնիր… (ԺԱՄԱՆԱԿ, երկուշաբթի, 5 յուլիս 1965, էջ 3):

«Հաւատ քո կեցուցին զքեզ. աւելի լաւ է հաւատալ» գրութեան մէջ կը գրէ.

* Լաւ է հաւատալ, քան մնալ անյոյս:

Հաւատալ՝ բայց հաստատ կերպով, անդառնալի ու անդրդուելի կերպով, հաւատալ խորապէս ու հաւատացեալի ջերմեռանդութեամբ:

Աւելի լաւ է հաւատալ, քան՝ տուայտիլ անստուգութեան ու անորոշութեան մէջ, անձնատուր՝ խաւարի ու քաոսի քմայքներուն ու վերիվայրումներուն:

Հաւատքը՝ կեանքի լաւագոյն ապահովագրութիւնն է: 

Հաւատացողը զօրաւոր է ու ընդհանրապէս լաւ տրամադրուած: Հաւատքը, որ լաւատեսութիւն ալ կրնայ թարգմանուիլ, մեզ կը պահէ առողջ մարմնով, մտքով ու հոգիով, կը պահէ զուարթ, կայտռուն ու եռանդուն եւ ատակ՝ ստեղծագործ ու շինարար աշխատանքի:

Հաւատացողը կ՚ըլլայ խանդավառ ու իր այդ խանդավառութեամբ կը վարակէ նաեւ էր շրջապատը: 

Շատ քիչ անգամ տուժած ենք կամ յուսախաբուած՝ հաւատալով: 

Լաւ է հաւատալ ու պահել մեր էութիւնը լոյսով եւ յոյսով ողողուն: 

Մեծ գիտնականներ ու գիւտարարներ նախ՝ հաւատացած են իրենց մտայղացումի իրականութեան վերածուելուն ու ՅԵՏՈՅ աշխատած եւ շօշափելի ձեւ տուած են անոր: 

Մեր գործերը նախ՝ հաւատք են ու տեսիլք, երազ են ու գաղափար, ու ՅԵՏՈՅ կեանք ու իրականութիւն:

Բուն շէնքը կառուցանողը նախ՝ արուեստագէտ-ճարտարապետը ԻՆՔՆ է, եւ ոչ անպայման զայն շինող ու շօշափելի դարձնող մասնագէտ վարպետներն ու աշխատաւորները:

Մեծ երազներու, շքեղ իտէալներու կարելիութեան ջերմապէս հաւատացողը միայն հոգեւին կ՚աշխատի այդ նոյն երազներու եւ իտէալներու իրականացման ճամբով: 

Հաւատանք, որ օրէ օր աւելի լաւ պիտի ըլլանքը լաւագոյնին պիտի տիրանանք, միանգամայն ճիգ ու ջանք ընելով ու թափ տալով մեր թեւերուն՝ ճախրելու համար դէպի այդ լաւագոյնը: 

Երբ կը հաւատանք, այդ հաւատքի իրագործման ի խնդիր ալ պատրաստ կ՚ըլլանք զոհաբերութեան, պատրաստ մեր ֆիզիքական, իմացական եւ հոգեկան կարողութիւնները ի սպաս դնելու (ԺԱՄԱՆԱԿ, հինգշաբթի, 23 սեպտեմբեր 1971, էջ 2):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025