ՎԱՂԱԺԱՄ ՇՔԵՂՈՒԹԻՒՆ. ԿԱՂԱՆԴԸ՝ ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ ԱՌԱՋ. ՕՐԱՑՈՒՑԱՅԻՆ, ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽԶՈՒՄՆԵՐ

Կաղանդին տակաւին շուրջ երկու ամիս կայ, բայց, բազմաթիւ քաղաքներու փողոցներ արդէն տօնական զգեստներ հագած են։ 

Տակաւին հոկտեմբերի վերջերը կամ նոյեմբերի սկիզբը, երբ աշնանային ապրանքները՝ թեթեւ վերնահագուստը, անձրեւանոցները, աշնանային տերեւներու գոյներով զարդերն ու եղանակին պտուղները դեռ խանութներուն մէջ են, ցուցափեղկերն ու ընկերային ցանցերը կը պատուին փայլփլուն գունդերով, արհեստական եղեւնիներով, կարմիր ժապաւէններով, ոսկեգոյն աստղերով ու «Շնորհաւոր Նոր տարի» գրութիւններով։ Առեւտրական կեդրոններուն մէջ Կաղանդի երգեր կը հնչեն, գովազդները մեզ կը հրաւիրեն գնումներու, իսկ վաճառասեղաններուն վրայ արդէն տեղ գտած են տօնական նուէրներու առաջին առաջարկները։ Տպաւորութիւն է, թէ Կաղանդը ո՛չ թէ դեկտեմբեր 31-ին պիտի գայ, այլ արդէն հասած է՝ առանց մեր դուռը թակելու, առանց մեր ներքին պատրաստութեան։

Սակայն, այս վաղաժամ տօնական մթնոլորտին մէջ տարօրինակ ու ցաւալի հակասութիւն մը կայ․ որքան կանուխ կը սկսինք Կաղանդը դիմաւորելու, այնքան աւելի շուտ կը յոգնինք անկէ։ Երբ իրական տօնը կը մօտենայ, արդէն սպառած կ՚ըլլանք անոր տեսողական ու զգացական հրապոյրը։ 

Եղեւնին մեր մանկութեան ժամանակ ուրախութիւն ու զարմանք կը պատճառէր, այսօր սովորական կահոյքի մը պէս կը թուի, տօնական երաժշտութիւնը կրկնուող աղմուկ է, իսկ զարդարանքները կը կորսնցնեն իրենց խորհուրդը։ Հրաշքը, որուն գաղտնիքը իր հազուագիւտութեան մէջ է, կը վերածուի առօրեայ սովորութեան։

Այս երեւոյթը պատահական չէ։ Անիկա մեր ժամանակներու սպառողական մշակոյթին, առեւտրական ռազմավարութիւններուն եւ ժամանակի նկատմամբ փոխուած ընկալումին արդիւնքն է։ 

Կաղանդը այլեւս միայն օրացոյցով սահմանուած տօն մը չէ․ անիկա դարձած է երկարատեւ վաճառքի շրջան մը, որուն մէջ զգացումներն անգամ ունին իրենց առեւտրական ժամանակացոյցը։

Կը յիշէ՞ք այն տարիները, երբ Կաղանդի պատրաստութիւնները Կաղանդէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ կը սկսէին։ Տուներուն մէջ եղեւնին կը զարդարուէր տօնէն մէկ-երկու օր առաջ, ընտանիքի անդամները միասին կը հաւաքուէին, կը հանուէին նախորդ տարուան զարդերը, խնամքով կը մաքրուէին անոնք, կը ստուգուէին լոյսերուն աշխատիլը, իսկ մայրերուն եւ մեծ մայրերուն պատրաստած անուշեղէններու ու թարմ խմորեղէնի բուրմունքը կը լեցնէր սենեակները։ Ամէն մէկ զարդ իր տեղն ու յիշողութիւնը ունէր, իսկ եղեւնիին զարդարումը ինքնին փոքրիկ ընտանեկան արարողութիւն մըն էր։ Տօնին պատրաստուիլը տօնին անբաժան, գուցէ ամենաքաղցր մասը կը կազմէր։

Անցեալին տօնական տրամադրութիւնը իր բնական ժամանակն ու ներդաշնակ կշռոյթն ունէր։ Նոյեմբերը դեռ աշուն էր՝ իր մտորումներով ու հանդարտութեամբ, դեկտեմբերը՝ Կաղանդի սպասումին ամիսը, իսկ վերջին քանի մը օրերը՝ իսկական տօնական եռուզեռին շրջանը։ Եւ այդ սպասումն էր, որ տօնին առանձնայատուկ համը կու տար՝ ինչպէս երկար ճամբորդութենէ ետք տուն հասնելու քաղցրութիւնը։

Այսօր, սակայն, ժամանակային այդ սահմանները գրեթէ անհետացած են, եւ տարուան եղանակներուն բնական յաջորդականութիւնը խախտած է։ Կաղանդի տրամադրութիւնը կը վաճառուի, կը գովազդուի եւ կը տարածուի այնպիսի արագութեամբ, որ մինչեւ իրական տօնին հասնիլը՝ արդէն ընտելացած կ՚ըլլանք անոր բոլոր խորհրդանիշներուն։ Մենք այլեւս չենք հասնիր տօնին․ տօնը մեզ կը շրջապատէ այնքան կանուխ, որ կը դադրի յատուկ ըլլալէ։

Առեւտուրի աշխարհին մէջ այս երեւոյթը յայտնի է «Christmas Creep» անգլերէն անուանումով, որ կը բնորոշէ Կաղանդի առեւտրական շրջանի աստիճանական եւ տարուէ տարի աւելի վաղ սկսիլը, ըսել է, թէ Կաղանդի վաղաժամ սողոսկում, տօնի նախագրոհ կամ ներխուժում, որոնք ամենեւին ալ գեղեցիկ եւ տօնական բառեր չեն։ 

Անոր պատճառը պարզ է՝ մրցակցութիւն եւ շահոյթի ակնկալութիւն։ Երբ մէկ խանութ իր ցուցափեղկը կը զարդարէ նոյեմբերի կէսերուն, միւսը չի կրնար սպասել մինչեւ դեկտեմբեր, ինքն ալ կը փորձէ առաջինը ըլլալու, կը ջանայ գրաւել գնորդին ուշադրութիւնը եւ ստեղծել գնումներու պահանջքը, իսկ երրորդ մըն ալ այդ ամէն ինչը կ՚ընէ ստիպուած, քանի որ քովինները արդէն սկսած են։ Այդ ձեւով առեւտրականները իրարու ետեւէ կը քաշեն տօնին սկիզբը, մինչեւ որ Կաղանդը կը վերածուի գրեթէ եռամսեայ առեւտրական շրջանի մը՝ կլանելով աշնան վերջին ամիսները։

ԳՈՎԱԶԴԸ՝ ՏՕՆԷՆ ԱՌԱՋ, ԳՆՈՒՄԸ՝ ՏՕՆԷՆ ԱՌԱՋ

Այս արագացումին մէջ գովազդը՝ մեր ժամանակներու տիրակալը, վճռորոշ դեր ունի։ Առաջ գովազդը պարզ էր՝ հիմնականին մէջ ապրանք մը կը ներկայացնէր, երբեմն ալ զեղչեր կը յայտարարէր, իսկ այսօր գովազդը դարձած է մեր կեանքի հոգեբանական ճարտարապետը, որ կը կառուցէ մեր զգացական օրակարգը։

Հեռատեսիլի գովազդներուն, համացանցային հոլովակներուն եւ ընկերային ցանցերու հրապարակումներուն մէջ Կաղանդը կը ներկայանայ իբրեւ երջանկութեան, ընտանեկան ջերմութեան եւ նուէրներու փոխանակման անթերի պատկեր։ Կը ցուցադրեն ընտանիքներ՝ եղեւնիին շուրջ, երեխաներ՝ նուէրներ բանալու պահուն, գեղեցիկ սեղաններ, փայլուն լոյսեր ու ժպիտներ։ Գովազդը մեզի ապրանք մը չի վաճառեր միայն, այլեւ այդ ապրանքով կարելի դարձած երջանկութեան պատրանքը․ իսկ ամենացաւալին այն է, որ ոմանք կը հաւատան, թէ ջերմութիւնն ու սէրը կարելի է ծրարաւորել եւ գնել։

Այս վաղաժամ գրոհի անուղղակի պատգամը հետեւեալն է․ եթէ կ՚ուզես տօնը ամբողջական ըլլայ, պէտք է պատրաստուիս հիմա, մի՛ ուշանար, հիմա՛ է գնումներու ժամանակը։ Ու օր մըն ալ տօնին հանդէպ մեր սէրը կը վերածուի անհանգստութեան՝ «իսկ եթէ չհասնի՞մ» լուռ ճնշումին։ «Միայն ա՛յս շաբաթ», «սահմանափակ քանակով», «վերջին առիթ» արտայայտութիւնները գնորդին մօտ հրատապութեան զգացում կը ստեղծեն՝ բանական ընտրութիւնը տեղի տալով շտապողականութեան։

Զեղչերու շրջանը ակամայ կը դառնայ տօնական սպասումի մէկ մասը։ Սեւ ուրբաթը, Սիպեր երկուշաբթին եւ անոնց յաջորդող արշաւները՝ Կաղանդի գնումները կը սկսին շատ աւելի կանուխ։ Համացանցն ու ընկերային ցանցերն ալ հրահանգաշարերու միջոցով կը հետեւին մեր հետաքրքրութիւններուն՝ մեզ բանտարկելով անվերջ տօնական գովազդներու շրջանակի մը մէջ։

Այսօր բազմաթիւ վաճառատուներու մէջ Կաղանդի զարդարանքը ամբողջական բեմադրութիւն է՝ կը տեղադրեն հսկայական եղեւնիներ, արհեստական ձիւն կը թափեն, լուսաւոր կամարներ կը զարդարեն, տօնական երաժշտութիւն կը միացնեն եւ լուսանկարուելու յատուկ անկիւններ կը ձեւաւորեն․․․ Տեսողական այս տպաւորութիւնը կը խթանէ գնումներու ցանկութիւնը՝ դանդաղեցնելով անցորդին քայլերն ու թուլացնելով խնայողութեան զգացումը։

Պարզ է, որ առեւտրականներուն համար Կաղանդը տարուան ամենակարեւոր վաճառքի շրջանն է։ Վաճառքի շրջանը երկարցնելով՝ առեւտրականները կը մղեն գնորդը, որպէսզի մէկ անգամուան փոխարէն կրնայ քանի մը անգամ խանութ վերադառնալ՝ սկիզբը եղեւնի գնելու, ապա զարդեր, լուսաւորութիւններ, նուէրներ, չիր, չամիչ, ուտելիք․․․ Միւս կողմէ, պահեստներուն մէջ կուտակուած ապրանքները կը սպառին՝ աստիճանաբար մեղմացնելով վերջին օրերու ծանրաբեռնուածութիւնը։

Սակայն, այս ռազմավարութիւնը ունի նաեւ հակառակ երեսակը։ Մարդկային ուղեղն ու զգայարանները ունին զգայական սահմանափակումներ եւ կը վարժուին կրկնութեան։ Այն երաժշտութիւնը կամ եղեւնին, որ առաջին օրերուն հիացմունք կը պատճառէր, քանի մը շաբաթ ետք կը դառնայ ձանձրալի սովորութիւն։

Այս երեւոյթը կարելի է կոչել տօնական յոգնածութիւն՝ տօնին հանդէպ զգացական արձագանգին աստիճանական թուլացում։ Նոյն պատկերներն ու գովազդային պատգամները երկար ժամանակ երբ լսենք, «յագեցման կէտը» կը հասնի շատ կանուխ, եւ հոգին այլեւս տեղ չունի նոր զգացումներ ընդունելու։ Արդիւնքը այն է, որ երբ դեկտեմբերի վերջին օրերը հասնին, այդ ամէնը այլեւս նոյն ոգեւորութիւնը չի յառաջացներ։ Մեր ներաշխարհը արդէն «կշտացած» կ՚ըլլայ, դեկտեմբերի 31-ը կը դառնայ պարզապէս օրացոյցային հերթական փոփոխութիւն մը՝ առանց հոգեւոր վերելքի։

Այս երեւոյթը խորքին մէջ կը բացայայտէ նաեւ համբերութեան կորուստը։ Մենք կ՚ապրինք ակնթարթային բաւարարման աշխարհի մը մէջ, ուր սպասելը կը նկատուի ժամանակի կորուստ։ Մենք չենք ուզեր սպասել տօնին, մենք կ՚ուզենք զայն ունենալ հիմա՛, առանց նախապատրաստութեան ճամբան անցնելու։ Բայց ինչպէս գարունը չի կրնար գալ առանց ձմեռնային լռութեան, այնպէս ալ տօնը չի կրնար իր իսկական փայլը ունենալ առանց սպասումի խորհուրդին։ Սպասելը պարապ ժամանակ չէ, այլ հոգիին նախապատրաստութիւնն է։

Այս վաղաժամ առեւտրական գրոհը խորքին մէջ կը հակասէ նաեւ քրիստոնէական աշխարհընկալման եւ եկեղեցական օրացոյցի հոգեւոր տրամաբանութեան։ Քրիստոնէութեան մէջ մեծ տօներուն՝ յատկապէս Սուրբ Ծննդեան, միշտ կը նախորդէ պահեցողութեան, ինքնամփոփման եւ հոգեւոր պատրաստութեան շրջանը։ Այդ ժամանակահատուածը կոչուած է մարդը զսպուածութեան եւ ներքին մաքրագործման մէջ պահելու, որպէսզի ան կարենայ հոգեպէս պատրաստ դիմաւորել տօնին խորհուրդը։ Մինչդեռ շուկան, հոկտեմբեր-նոյեմբերէն սկսեալ արդէն շռայլութիւն եւ տօնական աղմուկ պարտադրելով, կը խեղդէ պահքի ու խոնարհ սպասումի այդ սրբազան ընթացքը՝ հոգեւոր բովանդակութիւնը փոխարինելով նիւթական սպառումով։

Այս արագացումին հետեւանքով շատ բան կը կորսնցնենք։ Տօնը միայն իր օրն ու արտաքին տեսքը չէ․ անիկա սպասում է, պատրաստութիւն, յիշողութիւն եւ ընտանեկան սովորութիւններու շարունակութիւն։ 

Անշուշտ, վաղաժամ գնումները կրնան ունենալ գործնական առաւելութիւններ՝ թոյլ տալով տարածել ծախսերը եւ խուսափիլ վերջին օրերու խճողումէն։ Խնդիրը շուտ գնում կատարելուն մէջ չէ, այլ այն բանին մէջ, որ ամբողջ հասարակութիւնը կը մղուի տօնը սպառելու այն ժամանակ, երբ տօնը տակաւին հեռու է՝ շփոթելով նիւթական պատրաստութիւնը հոգեւոր տօնակատարութեան հետ։

Արդեօք պէ՞տք է սպասենք մինչեւ դեկտեմբեր՝ եղեւնի զարդարելու համար։ Անշուշտ ո՛չ. իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր նախասիրութիւնները։ Բայց թերեւս արժէ մտածել, թէ ինչո՞ւ մեր տօնական տրամադրութիւնը պէտք է պայմանաւորուած ըլլայ խանութներու ցուցափեղկերով ու գովազդային արշաւներով։

Կաղանդը վաճառքի ենթակայ ապրանք մը չէ։ Անիկա յիշողութիւն է, մանկութեան սպասում, ընտանեկան ջերմութիւն, ներողամտութիւն եւ նորացուած կեանքի յոյս։ Թերեւս ժամանակն է, որ վերագտնենք չափաւորութիւնը եւ Կաղանդը վերադարձնենք իր բնական ժամանակին՝ ո՛չ թէ խանութներուն, այլ մեր տուներուն մէջ, ո՛չ թէ գովազդներուն, այլ մեր յիշողութիւններուն մէջ։ 

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՏՕՆԻՆ ՀՈԳԻՆ ԱՌԵՒՏՐԱՅԻՆ ԱՂՄՈՒԿԻՆ ՄԷՋ

Այս վաղաժամ տօնական հեղեղին դիմադրելը չի նշանակեր հրաժարիլ Կաղանդի ուրախութենէն․ ընդհակառակն՝ ատիկա կը նշանակէ պաշտպանել զայն վաղաժամ մաշումէ։ Առաջին քայլը պարզապէս «ո՛չ» ըսելն է առեւտրային շտապողականութեան եւ գիտակցաբար յետաձգել տան տօնական ձեւաւորումը գոնէ մինչեւ դեկտեմբերի կէսերը կամ վերջին շաբաթը։ Պահ մը կու գայ, որ փողոցները արդէն յոգնած կ՚ըլլան իրենց փայլերէն, իսկ մեր տուներուն մէջ նոր միայն ծնունդ առնող լոյսերն ու եղեւնիին բոյրը պիտի բերեն այն թարմութիւնն ու անակնկալը, որոնք կը ստեղծեն իսկական տօնական հրաշքը։

Միեւնոյն ժամանակ, արժէ վերանայիլ մեր վերաբերմունքը գնումներուն եւ նուէրներուն նկատմամբ։ Առեւտրային գովազդներու ստեղծած արհեստական հրատապութեան տեղի տալու փոխարէն, կարելի է գնումները կատարել նախապէս կազմուած, հանգիստ, ցանկ մը ունենալով՝ խուսափելով զեղչերու կեղծ գայթակղութիւններէն։ Աւելին՝ նուէրներու քանակն ու նիւթական արժէքը կարելի է փոխարինել անձնական ուշադրութեամբ՝ ձեռագիր բացիկով մը, միասնական ընթրիքով կամ պարզապէս սրտաբաց զրոյցով, որոնք չեն վաճառուիր ո՛չ մէկ ցուցափեղկի մէջ։

Վերջապէս, լաւագոյն միջոցը սպասումին խորհուրդը վերականգնելու՝ ընտանեկան փոքրիկ ծէսերու վերակենդանացումն է։ Եղեւնին միասին զարդարելը, հին զարդերու պատմութիւնները վերյիշելը, տօնական խմորեղէն թխելը կամ երեկոները տաք հիւրասենեակին մէջ հաւաքուիլը այն պարզ, բայց զօրաւոր խարիսխներն են, որոնք տօնը կը կտրեն շուկայի աղմուկէն եւ զայն կը վերադարձնեն իր հարազատ միջավայրը՝ մարդկային ջերմութեան գիրկը։ 

Ամենակարեւորը՝ մանուկներուն փոխանցենք ո՛չ թէ ամէն տարի աւելի մեծ եղեւնի ունենալու կամ աւելի շատ նուէրներ ստանալու ակնկալիքը, այլ սպասելու, համբերելու, պատրաստուելու եւ պարզ պահերուն մէջ ուրախութիւն գտնելու կարողութիւնը։

ԳԾԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ի դէպ, այս երեւոյթը նոր չէ։ «Յանուն մարդկութեան՝ գնումները կանուխ կատարեցէք» խորագրով ծաղրանկար մը հրապարակուած է 1915 թուականի նոյեմբերին, լոյս տեսած է ամերիկեան «American City» ամսագրի 13-րդ հատորին մէջ։ Հեղինակին անունը նշուած չէ։

Նիւթը կ՚անդրադառնայ 20-րդ դարու սկիզբը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տարածում գտած «Գնումները կանուխ կատարեցէք» արշաւին, որուն նպատակն էր խրախուսել մարդիկը Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի գնումները նախապէս կատարելու՝ վերջին օրերու խճողումէն եւ խառնաշփոթէն խուսափելու համար։

Արշաւը, սակայն, միայն գնորդներուն յարմարութեան չէր վերաբերեր։ Անոր կարեւոր նպատակներէն մէկն էր նաեւ թեթեւցնել խանութներու աշխատողներուն, առաքիչներուն եւ թղթատարական պաշտօնեաներուն ծանրաբեռնուածութիւնը։ Տօնական օրերու նախօրեակին վերջին պահուն կատարուող գնումները յաճախ կը ստիպէին անոնց աշխատիլ երկար ժամեր, գերծանրաբեռնուած պայմաններու մէջ։ Հետեւաբար, գնումները կանուխ կատարելու կոչը կը ներկայացուէր նաեւ իբրեւ ընկերային պատասխանատուութեան եւ մարդասիրութեան դրսեւորում։

Կը տեսնենք, որ այսօրուան «կանուխ սկսող տօնական գնումներու» երեւոյթը նորութիւն մը չէ։ Սակայն նկատելի տարբերութիւն մը կայ. այն ժամանակ կոչը կ՚ուղղուէր առաջին հերթին աշխատողներուն ծանրաբեռնուածութիւնը նուազեցնելու, անոնց հանդէպ մարդասիրութիւն դրսեւորելու եւ տօնական շրջանը աւելի հանգիստ դարձնելու, մինչդեռ այսօր տօնական վաճառքներու կանուխ սկսիլը մեծաւ մասամբ պայմանաւորուած է սառն առեւտրական մրցակցութեամբ եւ անյագ սպառումը շարունակաբար խթանելու ձգտումով։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2026