ՄՈՌՑՈՒՈՂ ՀԱՅ ԱՆՈՒՆՆԵՐ…
ԿԱՐՕ ՄԵՀԵԱՆ՝ ՍՕՍԵԱՑ ՏՂԱՆ
Արձակագիր, հասարակական ու մշակութային գործիչ, հրատարակիչ, մամուլի նուիրեալ Կարօ Մեհեանի անունը այսօր կարծես մոռացութեան մատնուած է։ 127 տարի առաջ ծնած գրողը թերեւս կը յիշուի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) պատմութեան զանազան առիթներուն, մինչդեռ ան համազգային մտածողութեամբ, ազգային ոգիով գրող մըն էր, մտաւորական, որու պատմուածքները, գրութիւնները, գիրքերը օրին մեծ տարածում ունէին հայութեան մէջ։
Կարօ Մեհեանի բուն անունը Կարօ Ղազարոսեան էր, սակայն իբրեւ գրական անուն ան ընտրած էր Կարօ Մեհան, մամուլի մէջ ստորագրած է նաեւ Վ․ Իշխանեան եւ ընդհանրապէս ճանչցուած է «Սօսեաց տղայ» գրական անունով։ Ծնած է երբեմնի հայաշատ Ռոտոսթոյի մէջ, յաճախած է տեղւոյն ազգային եւ թրքական վարժարանները, ապա Պոլսոյ Արդի կրթարանը, որուն ընթացքը աւարտած է 1914 թուականին՝ աշակերտելով Ռուբէն Զարդարեանին։ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն կը ձերբակալուի ու կ՚աքսորուի անապատ։ Զինադադարէն ետք Կարօ Ղազարոսեան կը վերադառնայ Պոլիս եւ կ՚ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Մաքրիգիւղի վարչութեան անդամ։ Կ՚աշխատակցի «Ճակատամարտ» թերթին։
1922 թուականին կը հաստատուի Պուլկարիա, ուր կը դառնայ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպութեան Շրջանային վարչութեան անդամ։ 1925 թուականին կը հրատարակէ ՀՄԸՄ-ի Պուլկարիոյ շրջանի պաշտօնաթերթը։ 1927 թուականին կը հրատարակէ «Մարզիկ»ը, նոյնպէս՝ ՀՄԸՄ-ի Պուլկարիոյ շրջանի պաշտօնաթերթը։ 1938 թուականին կ՚անցնի Ֆրանսա, ուր աշխատանքի մեծ բաժին մը կ՚ունենայ «ՀՄԸՄ-ի քսանամեայ յուշարձան»ի խմբագրութեան գործին մէջ։ Ապա կ՚անցնի Պուլկարիա, իբրեւ ՀՄԸՄ-ի գործիչ։
Մինչեւ Երկրորդ աշխարհամարտ կը նուիրուի ուսուցչական եւ հրատարակչական աշխատանքներու։ 1920-1940 թուականներուն իր աշխատակցութիւնը կը բերէ «Յուսաբեր», «Յառաջ», «Հայրենիք», «Արմենիա» եւ Պոլսոյ «Ազդարար» թերթերուն։ Շրջան մը կը վարէ Սելանիկի «Հորիզոն»ը։
1944 թուականի հոկտեմբերին, երբ ռուս համայնավարները կը գրաւեն Պուլկարիան, ան ալ ուրիշ ազգայիններու հետ (ընդհանրապէս դաշնակցական գործիչներ ու վարիչներ) ձերբակալուելով կ՚աքսորուի Սիպերիա, ուր կալանքի տակ կը մնայ աւելի քան տասը տարի։
Աքսորավայրին մէջ տաժանելի կեանք մը ապրելէ ետք, Ստալինի մահէն յետոյ ազատ կ՚արձակուի եւ կ՚ապաստանի Ֆրանսա, ուր կը վարէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թանգարանի տնօրէնութիւնը եւ կ՚աշխատակցի հայ մամուլին։ Կը մահանայ 1984 թուականին։ Պատմուածքները, հեքիաթները եւ արձակ էջերը ամփոփուած են տասնմէկ հատորներու մէջ։
1983 թուականին արժանացած է «Գավուքճեան-Այվազեան» գրական մրցանակին՝ իր «Որպէս երազ անկրկնելի» պատմուածքներու հատորին համար։
Մեհեան կը մահանայ 1984 թուականին։
ԱՇԽԱՐՀԲԷԿ ՔԱԼԱՆԹԱՐ
Հայագէտ, հնագէտ, պատմաբան Աշխարհբէկ Քալանթարի ծննդեան 140-ամեակը լրացաւ անցեալ տարի։ Գիտնականը ծնած է Հայաստան, Լոռիի մարզի Արդվի գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1907 թուականին եւ ընդունուած՝ տեղի մարմնակրթական ուսումնարանը:
Բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկ, ուր հետեւած՝ տեղի համալսարանի պատմական եւ լեզուաբանական բաժիններու դասընթացքներուն, ուրկէ գերազանցութեան վկայականով շրջանաւարտ եղած է 1911 թուականին: Սեն Փեթերսպուրկ գտնուած ժամանակ աշակերտած է վրացի արեւելագէտ, հայագէտ ու լեզուաբան Նիկողայոս Մառին, որուն հետ տակաւին աշակերտական տարիներէն մասնակցած է Անիի պեղումներուն:
Քալանթար 1912 թուականին դարձած է Սեն Փեթերսպուրկի Հնագիտական կաճառի, իսկ 1914 թուականին՝ Կայսերական հնագիտական ընկերութեան անդամ: Նոյն տարին նշանակուած է Սեն Փեթերսպուրկի Ասիական թանգարանի գիտական աւանդապահ: Նիկողայոս Մառ իր բացակայութեան ժամանակ Քալանթարին վստահած է Անիի պեղումներու հսկողութիւնն ու ղեկավարութիւնը:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի յանձնարարութեամբ Քալանթար ստանձնած է Անիէն Հայաստան փոխադրութիւնը աւելի քան վեց հազար իրերու, որոնք այսօր կը պահպանուին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։
1921 թուականին Քալանթար Թիֆլիզէն Երեւան փոխադրած է Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքի նշանաւոր դուռը, ինչպէս նաեւ Անիի հնադարեան դրամներու ժողովածուն եւ բազմաթիւ ձեռագրեր:
Հնագէտ-պատմաբանը 1917 թուականին պատմաբան ու բանասէր Նիկողայոս Ադոնցի հետ միասին կազմակերպած է Վանի հնագիտական երկրորդ արշաւախումբը:
Ուսուցչական պաշտօն վարած է Թիֆլիզի Անդրկովկասեան համալսարանէն ներս, ուր ստացած է ուսուցչապետի կոչում:
Համաշխարհային առաջին պատերազմին Քալանթար փոխ-գնդապետի կոչումով եղած է զօրավար Անդրանիկի թարգմանիչ-խորհրդականը:
Ան իր արկածախնդրական կեանքը գրի առած է օրագիրին մէջ, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1994 թուականին՝ անգլերէնով, իսկ 2007 թուականին՝ հայերէնով:
Քալանթար եղած է առաջին հայերէն հնագիտութեան դասագիրքի հեղինակ, միաժամանակ հեղինակ է աւելի քան 70 աշխատութիւններու. Ինչպէս՝ «Անիի պեղումները», «Ազգային թանգարանի հարցը», «Ն. Մառի պեղումները Անիի մէջ», «Վիշապներու դարաշրջանի ջրաբաշխական համակարգը» եւ այլ աշխատութիւններ:
Միաժամանակ անոր անունը Երեւանի Պետական համալսարանի եօթ հիմնադիր-դասախօսներու անուններուն մէջ է. անոր ջանքերով հիմնուած է հնագիտութեան եւ արեւելագիտութեան ամպիոնները։
Քալանթար ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի եւ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի հետ միասին 1919 թուականին հիմնած է Հնութիւններու պահպանման կոմիտէն։
1935 թուականին նշանակուած է Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայի հայկական բաժանմունքի գիտական խորհուրդի անդամ: Քալանթար 1938 թուականին սթալինեան բռնաճնշումներուն ժամանակ ձերբակալուած եւ աքսորուած է. ենթադրաբար մահացած է 1942 թուականին:
ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ԹԷՈԴԻԿ
2025 թուականը յոբելենական է հայ ընկերային գործիչ, ուսուցչուհի, հրապարակագիր, գրագէտ եւ թարգմանիչ՝ Արշակուհի Թէոդիկին համար: Լրացաւ անոր ծննդեան 150-ամեակը:
Հայ բանասէր Թէոդիկին կինը՝ Արշակուհի Ճէզվէճեան, ծնած է Պոլիս՝ Օրթագիւղ, 1875 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սամաթիոյ Նունեան-Վարդուհեան վարժարանին մէջ: 1895 թուականին մեկնած է Անգլիա, ուր շարունակած է իր ուսումը Սքարպորոյի «Ուեսթլենտ հայ սքուլ»ին մէջ, աւարտելէ ետք անցած Փարիզ՝ ուսումը շարունակելու։
Արշակուհի Թէոդիկ կը մասնակցի Կ. Լուսինեանի ֆրանսերէնէ հայերէն բառարանի կազմութեան աշխատանքին, որպէս բառերը եւ անոնց իմաստները ուսումնասիրող։ 1898 թուականին կը վերադառնայ Պոլիս եւ ուսուցչութեան պաշտօն կը ստանձնէ Սկիւտարի ճեմարանին մէջ։
Ան իր ասպարէզին կը սկսի որպէս օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու լրագրող, ինչպէս՝ Հայկանոյշ Մառքի «Ծաղիկ», «Մանզումիէ Էֆքեար», «Սուրհանդակ», «Բիւզանդիոն», ԺԱՄԱՆԱԿ թերթերուն մէջ: Արշակուհի Թէոդիկ աշխատակցած է նաեւ Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» պարբերականին:
Թէոդիկին հետ կեանքը կապած է 1902 թուականին:
Գրագիտուհին մաս կը կազմէր Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութեան, որուն հիմնական նպատակներէն էր Օսմանեան կայսրութեան հայահոծ շրջաններուն մէջ հիմնել աղջկանց վարժարաններ։ 1909 թուականին՝ Ատանայի պատահարներուն, ընկերութիւնը անմիջապէս նախաձեռնեց կոտորածէն տուժածներուն օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքին։ Ատանա մեկնեցաւ նաեւ Արշակուհին եւ Պոլիս վերադարձին՝ 1910 թուականին, լոյս ընծայեց ականատեսի իր վկայութիւնները բովանդակող գրքոյկ մը՝ «Ամիս մը ի Կիլիկիա». կցկտուր նօթեր 37 պատկերներով» ճամբորդական ուղեգրութիւնը:
Հրապարակախօս, հայագէտ Յակոբ Թէրզեանի խօսքերով՝ «Նպաստներու գործին հսկելու պաշտօնով Ատանա հասան Տիկին Զապէլ Եսայեան, Տիկին Արշակուհի Թէոդիկ, Օրիորդ Սաթենիկ Օհանճանեան, որ կատարեալ անձնուիրութեամբ աշխատեցան սփոփել աղէտեալներուն ցաւերը, աղէտավայրերը այցելելով զանոնք մխիթարեցին եւ գրական ու բանաստեղծական գեղեցիկ էջեր նուիրեցին աղէտին ողբալի յիշատակին»:
Արշակուհի Թէոդիկ կազմած է նաեւ «Արդի բարոյագիտութիւնը» դասագիրքը (1911-1912) միջին եւ բարձրագոյն դասընթացքներով։
Իր ամուսնոյն բանտարկութենէն եւ Տէր Զօր աքսորուելէն ետք ծանր հիւանդութենէ տառապած է գրագիտուհին, բանասէրը եւ ուղարկուած է Լոզան՝ Զուիցերիա, ուր ապրած է մինչեւ 1922 թուականը՝ իր մահը։
ԱՐՇԱԿ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ
Պոլսահայ արձակագիր Արշակ Ալթունեանի 175-ամեակը կը լրանայ այս տարի։ Անոր կենսագրութենէն շատ մը մանրամասնութիւններ յայտնի չեն։ Ուսանած է Պէզճեան վարժարանը եւ ծառայած է հայ փաշաներուն՝ իբրեւ գանձապահ։ 1870-ական թուականներուն կը ճամբորդէ Մոլտովա, Հունգարիա եւ Լեհաստան ու կը ծանօթանայ այդ երկիրներու հայոց ներքին կեանքին։ 1895 թուականին, իբրեւ վտարանդի կ՚անցնի Եգիպտոս։
Ունեցած է գրական վաստակ։ Գրած է.
«Տեղեկագրութիւն հայոց գաղթականութեան որք ի Մոլտօ-Վալաքիա, Հունգարիա եւ ի Լեհաստան» (Ֆօքշան 1877), «Սիրոյ զոհը» (Պոլիս), «Աղքատին պատիւը կամ նախախնամութեան մատը» (երեք մասով, Գահիրէ 1903)։ Յետագային այս վէպը հրատարակուած է նաեւ Պոլիս եւ Պէյրութ։ Արշակ Ալթունեանի մահուան թուականն ու վայրը անյայտ են։
ՅԱԿՈԲ ՀԱՃԵԱՆ
Հայ արձակագիր, հրապարակախօս եւ խմբագիր Յակոբ Հաճեան ծնած է 1828 թուականին՝ Պոլիս, ուր ստացած է կրթութիւնը։ Գրական-հրապարակախօսական ասպարէզ մտած է 1860-ականներու կէսերէն՝ աշխատակցելով պոլսահայ մամուլին։
1875-1877 թուականներուն խմբագրած է «Միմոս» երգիծաթերթը, 1897-1898 թուականներուն՝ «Ծաղիկ» պարբերականը։
1901 թուականէն մինչեւ մահը եղած է «Մանզումէի Էֆքեար» թերթի օգնական խմբագիրը։
1869 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է անոր «Հեղինէ կամ գաղտնիք մը ի Կոստանդնուպօլիս» վէպը, որ յետագային արժանացած է քանի մը տպագրութիւններու։
1886 թուականին տպագրած է «Բերայի գիշերները» ազգային կեանքին նուիրուած արկածային վէպը, որ նոյնպէս վերահրատարակուած է 1914 եւ 1927 թուականներուն։
Անոր «Կորուսած կտակը» վէպն ալ իբրեւ թերթօն տպագրուած է «Ծաղիկ» պարբերականին մէջ՝ 1896 թուականին, իսկ 1925 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը զայն տպագրած է զատ գիրքով։ ԺԱՄԱՆԱԿ նոյն թուականին վերահրատարակած է նաեւ Յակոբ Հաճեանի «Հեղինէ»ն, իբրեւ նուէր՝ իր ընթերցողներուն։
Ասոնցմէ բացի՝ 1897-1898 թուականներոին մաս-մաս լոյս ընծայած է «Մoզայիգ 999 հատիկներով» ստուար ժողովածուն, որ մանրապատումներ են։
Յակոբ Հաճեան կը մահանայ 1903 թուականին։
ՎԱՀԷ ՀԱՅԿ
Ամերիկահայ արձակագիր, խմբագիր Վահէ Հայկ (բուն անունով՝ Վահէ Տինճեան) ծնած է Խարբերդ՝ 1896 թուականին։ Ուսումը ստացած է Եփրատ գոլէճի մէջ, գրական առանձին դասընթացքի հետեւելով գաւառական գրականութեան յայտնի դէմքերէն Յովհաննէս Յարութիւնեանի (Թլկատինցի) մօտ։ Առաջին աշխարհամարտի օրերուն, 1915-ի աղէտալի տարին, Խարբերդէն կ՚անցնի Պոլիս, ուրկ է ալ՝ Յունաստան եւ 1920-ի սկիզբը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Հոս հետեւած է Պոսթըն համալսարանի պատմութեան եւ գրականութեան դասընթացքին։
Առաջին աշխարհամարտի օրերուն՝ զինադադարի հռչակումէն ետք, շրջան մը կ՚աշխատակցի «Նոր Կեանք» եւ «Ճակատամարտ» թերթերուն։
Ուսումը աւարտելէ ետք, հինգ տարի կը վարէ Ֆրեզնոյի «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը, ապա կը ձեռնարկէ անհատական աշխատանքի, շարունակելով իր գրական աշխատակցութիւնը «Նոր Օր»ին, «Պայքար»ին, «Անահիտ»ին, «Նոր Գիր»ին, «Արեւ»ին, «Զարթօնք»ին, Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը»ին եւ այլ թերթերու։
Վահէ Հայկ գրած է պատմուածքներ եւ նորավէպեր, որոնք ամփոփուած են «Հայրենի ծխան» վերնագիրը կրող հինգ հատորներու մէջ։ Խմբագրած է նաեւ իր ծննդավայրին նուիրուած մեծածաւալ յուշամատեանը՝ «Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը»։
Ունի նաեւ պատմական, յուշագրական եւ ագգագրական բնոյթի աշխատասիրութիւններ՝ «Հազար հինգ հարիւր ամեակ Վարդանանց պատերազմին 451-1951: Գալիֆորնիոյ հայութեան յարգանքի տուրքը Վարդանանց մեծ դիւցազնամարտին», «Յուշարձան եոզղատցիներու» եւ անտիպ գործեր։ Վահէ Հայկ մահացած է 1983 թուականին, Ֆրեզնօ։
ՍՏԵՓԱՆ ԲԱԲԷԼԵԱՆ
Հայ երգահան եւ դաշնակահար, պոլսահայ երաժշտական շարժումին առաջնակարգ մշակներէն Ստեփան Բաբէլեանի 150-ամեակը կը լրանայ այս տարի։ Ծնած է Սկիւտար, Պոլիս, 1875 թուականին։
Շրջանաւարտ եղած է Պէրպէրեան վարժարանէն, 1906 թուականին դաշնակի անխոնջ ուսուցիչ էր, եւ այդ տարիներու դաշնակի լաւագոյն ուսուցիչներուն կարեւոր մէկ մասը կամ օժտուած դաշնակարուհիները իր աշակերտները եղած են։ Ան կը նկատուի հրապարակային ռեսիթալներու առաջին հիմնադիրը Պոլսոյ մէջ (1912-ին):
Դաշնակի առաջին դասերը առած է իր քրոջմէն՝ օր. Նազիկ Աբէլեանէն: Անկէ վերջ ինքնաշխատութեամբ առաջանալով, անսպառ ջանքերով ու նուիրումով ստեղծած է սերունդ մը։ Իբրեւ երաժշտական քննադատ, Ստեփան Բաբէլեան նոյնպէս համբաւ կը վայելէր, նաեւ գրականութեան մօտ եղած է, ունի վիպակ մը, որ «Հանրագիտակ» թերթին մէջ իբրեւ թերթօն հրատարակուելէ ետք, 1900-ին առանձին ալ լոյս տեսած է:
1959 թուականին, Պոլսոյ մէջ նշուած է անոր երաժշտական գործունէութեան 60-ամեակը, եւ մէկ տարի ետք՝ 1960 թուականի օգոստոսի 17-ին ան մահացած է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան