ԳԻՐՔԵՐԷՆ ՍՈՐՎԻԼ. ԸՆԹԵՐՑԵ՞Լ, ԹԷ ՈՒՆԿՆԴՐԵԼ
Մեր ժամանակներուն՝ արագընթաց զարգացող ընկերութեան մէջ, մարդը անընդհատ կը կանգնի ընտրութիւններու առջեւ, նոյնիսկ ամենապարզ հարցերու շուրջ։ Երբ խօսքը կը վերաբերի գիտելիքի ստացման՝ գիրք կարդալն ու ձայնագիր գիրք ունկնդրելը դարձած են ժամանակակից ուսումնական գործիքներ։ Բայց արդեօք մէկը միւսէն աւելի՞ արդիւնաւէտ է։ Ո՞ր ձեւը կ՚աջակցի երկարաժամկէտ յիշողութեան, ստեղծարար մտածողութեան եւ խոր ըմբռնման զարգացման։
Ժամանակակից մարդը ամէն օր կ՚ենթարկուի տեղեկութիւններու հոսքին, որու մէջ գիրքերը տակաւին մնացած են գիտելիքի գլխաւոր աղբիւրներէն մին։ Բայց ինչպէ՞ս պէտք է օգտուիլ անոնցմէ՝ ընթերցելով, թէ ունկնդրելով՝ ձայնագրուած գիրքերու (audio books) միջոցով։ Այս հարցը արդիական դարձած է այսօր, երբ ձայնային հարթակները տարածուած են եւ մարդիկ քիչ ատեն կը տրամադրեն դասական ընթերցումի համար։
Ընթերցումը աւանդական ուսումի եղանակն է։ Երբ մարդ գիրք կը կարդայ, աչքով կը հետեւի տառերուն, իսկ ուղեղը անմիջապէս կը փոխակերպէ զանոնք իմաստի։ Ընթերցումը կ՚ամրացնէ համբերութիւնը, պատկերելու կարողութիւնը եւ բառապաշարը։ Ըստ որոշ գիտական ուսումնասիրութիւններու, ընթերցողները աւելի լաւ կը յիշեն տեղեկութիւնները՝ այն պարզ պատճառով, որ անոնք աշխուժօրէն ներգրաւուած են գործընթացին մէջ։
Բաց աստի, ընթերցումը կը կատարէ ինքնատիպ մտախոհութիւն մը։ Այն պահերը, երբ մէկը կը խորանայ գիրքի մը մէջ, ուղեղը տարբեր մակարդակի զգայունութեան վրայ կ՚աշխատի։ Մարդը աւելի կը կեդրոնանայ, կը մտածէ, կը վերամշակէ։ Ընթերցումը նաեւ կապ ունի գրութեան հետ. գիրք կարդացող անձը յաճախ աւելի լաւ կը գրէ։
Ստեղծուած այս բազմաշերտ ուղեղային գործունէութիւնը ուղիղ կապ ունի նաեւ միտքի կարգապահութեան հետ։ Ընթերցողը պէտք է կառավարէ իր ուշադրութիւնը, մեկնաբանէ, վերլուծէ, ձեւակերպէ ենթադրութիւններ։ Դարեր շարունակ, Արիստոտելի եւ Նիցչէի նման մտածողներ, ընթերցումը նկատած են «մտքի մարզանք»։
Ընթերցումը ունի նաեւ մշակութային ազդեցութիւն։ Ընթերցումը կու տայ հաղորդակցութիւն մահացած մտածողներու հետ, նաեւ գաղափարներու փոխանցում սերունդէ սերունդ։ Այս մէկը գրականութեան «ժամանակի մեքենայ» ըլլալու բնոյթն է։
Միւս կողմէ, ձայնագիր գիրքերու լսումը յաճախ մատչելի եւ դիւրին է՝ յատկապէս 21-րդ դարու շտապող մարդու համար։ Կարելի է լսել գիրք մը ինքնաշարժ քշելու, մարզանք ընելու կամ տան գործերը կատարելու ընթացքին։ Լսելն ալ բնական գործընթաց մըն է՝ լեզու սորվելու ամենահին ձեւերէն մէկը։ Եւ շատերու համար, պատմութիւն մը լսելը աւելի կենդանի եւ զգացական է, յատկապէս երբ պատումը կը կատարուի արհեստավարժ դերասանի մը կողմէ։
Գիտական տեսակէտէ, ձայնային ուսուցումը նաեւ ունի արժէք. ուղեղը ունկնդրելու միջոցով կը վերլուծէ լսածը, կը ստեղծէ պատկերներ եւ կը պահպանէ տեղեկութիւնները։ Բայց լսումը աւելի դիւրին է ուշադրութիւնը կորսնցնելու համար։ Յաճախ մարդ կը սկսի մտածել ուրիշ բաներու մասին, մինչ ձայնը կ՚ընթանայ։
Ըստ Սթենֆըրտ համալսարանի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը՝ ընթերցողներու եւ ունկնդրողներու ուղեղային գործունէութեան միջեւ մեծ տարբերութիւն մը չէ նկատուած տեղեկատուութեան պահպանման առումով։ Բայց երբ կը հաշուենք ուշադրութեան, խոր մշակման եւ գաղափարներու վերարտադրութեան մակարդակը, ընթերցողներուն մօտ աւելի բարձր արդիւնք արձանագրուած է։ Սա կը նշանակէ, որ ինչպէս լսելը, այնպէս ալ կարդալը կրնան օգնել սորվելու, սակայն լրջօրէն խորհիլ եւ տեղեկութիւնը երկարաժամկէտ պահել՝ աւելի լաւ կը յաջողուի ընթերցումով։
Սակայն լսելը ունի նաեւ որոշ բացասական կողմեր՝ մարդ աւելի դիւրութեամբ կը շեղուի, միտքը կը թափառի եւ տեղեկութեան պահպանման մակարդակը երբեմն կը նուազի։ Ըստ 2019 թուականի Տիւք համալսարանի կատարած ուսումնասիրութեան՝ կրաւորական ունկնդրութիւնը (passive listening) կը յանգեցնէ տեղեկութեան 25 տոկոսով աւելի արագ մոռացութեան։
Յատկանշական է, որ մարդիկ տարբեր կերպով կը սորվին։ Կան «տեսողական» սորվողներ, որոնք գիրք կարդալով աւելի լաւ կը սորվին, իսկ միւսները «լսողական»՝ նախընտրելով ձայնային տեղեկատուութիւնը։ Հակառակ տարբերութեանց, մէկը միւսին հակադրելը սխալ մօտեցում մըն է։ Հիմնական ձեւակերպումը այս է՝ գիտելիքը բազմուղի է։ Տարբեր ուղեղներ տարբեր ձեւերով կ՚ընկալեն աշխարհի տեղեկութիւնը։ Հետեւաբար, արդիւնաւէտութիւնը նաեւ կախեալ է անհատական սովորութիւններու եւ տուեալ ժամանակահատուածի պայմաններէն։
Օրինակ՝ գիշերը անկողնի մէջ՝ լոյսը մարած վիճակի մէջ, գիրք լսելը աւելի յարմար է։ Բայց եթէ մէկը կը փորձէ քննութեան մը պատրաստուիլ՝ սերտօրէն եւ խորութեամբ, գիրք կարդալը աւելի նպատակային է։
Գիրք կարդալը եւ ձայնագիր գիրք լսելն ալ ունին իրենց դրական կողմերը։ Կարդալը խորութիւն եւ ներգրաւուածութիւն կը բերէ, մինչ լսելը յարմարութիւն եւ շարժունութիւն կը ջատագովէ։ Ամենէն օգտակար մօտեցումը կը թուի՝ երկուքը համատեղ օգտագործելը։ Օրինակ՝ գիրք մը նախ կարդալ, ապա կրկին ունկնդրել՝ ամրապնդելու համար գիտելիքը։
Մեր ժամանակներուն, երբ թեքնոլոժին մեզ կը հրաւիրէ գիտելիքի հասնելու բազմաթիւ ձեւերու, կարեւոր է ո՛չ թէ ընտրել մէկը միւսին փոխարէն, այլ սորվիլ զանոնք օգտագործել ճիշդ ժամանակին եւ նպատակի համեմատ։
Ճշմարտութիւնը պարզ է՝ ի՛նչ ձեւով ալ սորվիս, կարեւորը՝ սորվիլն է։ Բայց անոր ձեւը կարեւոր դեր ունի տեղեկութիւնը տեւական եւ կիրառելի դարձնելու մէջ։ Ընթերցումը կ՚ենթադրէ մտքի խօսակցութիւն հեղինակին հետ, ունկնդրութիւնը՝ զգացական մտերմութիւն պատմութեան հետ։ Հետեւաբար, նոր ժամանակներու մարդը, որպէս տեղեկատուական սպառող եւ ստեղծող, պէտք է կարողանայ գործածել երկու ձեւերն ալ՝ ժամանակին, նպատակի եւ սեփական մտքի կարիքներուն համապատասխան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ