ԳԼԱՁՈՐԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 745-ԱՄԵԱԿԸ․ «ԵՐԿՐՈՐԴ ԱԹԷՆՔ ՊԱՆԾԱԼԻ»
Շուտով գարունը լիիրաւ կը տիրէ հայոց լեռներու եւ դաշտերու վրայ՝ մանաւանդ մեծ քաղաքներէն հեռու գտնուող պատմական վայրերը կրկին կը կանչեն իրենց խորհրդաւորութեամբ։
«Գլաձորի համալսարան»․ այսպէս կը կոչուի «Վայոց ձոր» մարզի Վերնաշէն գիւղին մէջ հիմնուած պատմամշակութային արգելոց-թանգարանը, որու ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է գիւղի արեւելեան մասը գտնուող Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։
19-րդ դարու կառոյց է Սուրբ Յակոբը, որ վերանորոգումէն յետոյ վերաբացուած է 1984 թուականին՝ Գլաձորի համալսարանի 700-ամեայ յոբելեանի ծիրէն ներս։ Խորհրդային կառավարութիւնը այս եկեղեցին յարմար տեսած է համալսարանի թանգարանի պատմութեան ցուցադրութեան համար։
Այդ նոյն տարին 700-ամեակի ծիրէն ներս վերականգնուած է նաեւ Թանհատի վանական համալիրը եւ 1984 թուականին հայութիւնը շուքով նշած է 13-14-րդ դարերու նշանաւոր հայկական կրթօճախի հիմնադրման 700-ամեակը։ Այս տարի ալ արդէն կը լրանայ «Երկրորդ Աթէնք պանծալի» կոչուած համալսարանի 745-ամեակը։
«Երկրորդ Աթէնք պանծալի» կոչումին ժամանակ Գլաձորը յորջորջուած է նաեւ «Մայրաքաղաք իմաստութեան», «Գերահռչակ համալսարան», «Մեծ դպրատուն», «Արեգակնափայլ եւ երկնահանդէս», «Գերահռչակ ուխտ» եւ այլ պատուաւոր անուանումներով, որոնք բոլորն ալ կը համապատասխանեն անոր էութեան, իբրեւ միջնադարու հայկական կրօնական, հասարակական, քաղաքական, փիլիսոփայական, նաեւ ստեղծագործական միտքի զարգացման բացառիկ կեդրոն։
Վերնաշէն գիւղն ու Սուրբ Յակոբ եկեղեցիի տարածքը, ուր այժմ կը գտնուի Գլաձորի համալսարան պատմամշակութային արգելոց-թանգարանը, գիտնականները ճշգրիտ վայրը չեն նկատեր Գլաձոր համալսարանին։ Այնուամենայնիւ, տարածքին ստեղծուած այս եզակի թանգարանը կը ջանայ շունչը փոխանցել պատմական կառոյցին․ հոն կը ցուցադրուին զանազան գրիչներու, ծաղկողներու, մանրանկարիչներու՝ Գլաձորին եւ այլ ուսումնական կեդրոններուն մէջ ստեղծուած աւելի քան 300 աշխատանքի կրկնօրինակներ՝ 27 Աւետարան, 78 գրուածք, 15 Աստուածաշունչ, 23 նկար, որոնցմէ 22-ը հեղինակած է Թորոս Տարօնացին, 16-ը՝ Մոմիկը, 4-ական՝ Պօղոս Կիլիկեցին եւ Մանուէլը։ Եկեղեցին իր հնամենի շուքով առանձնակի խորհրդաւորութիւն հաղորդած է թանգարանային նմոյշներուն։
Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ գործող այս թանգարանը ամբողջութիւն կը կազմէ Թանահատի վանական համալիրի ընդգրկմամբ եւ միջնադարեան նշանաւոր համալսարանի նորօրեայ պատմութիւնը կ՚ամփոփէ՝ տարիէ տարիէ աւելի շատ այցելուներու ուշադրութիւնը սեւեռելով իր վրայ։ Զայն նաեւ Վայոց ձորի գլխաւոր զբօսաշրջային կեդրոններէն մին է։
Գիտնականները երբեմն վիճայարոյց կը նկատեն նաեւ Գլաձոր համալսարանի հիմնադրման տարեթիւը՝ 1280-ը, սակայն, սովորաբար ընդունուած է այդ թուականը նկատել իբրեւ հիմնադրման սկիզբ։ Իսկ որպէս համալսարան արդէն Գլաձորը ձեռագիրներուն մէջ կը յիշատակուի 1291 թուականին։
Գլաձորը գոյութիւն ունեցած է մինչեւ 1340 թուականը: Հոս բարձրագոյն կրթութիւն ստացած, գործած եւ ստեղծագործած են այդ ժամանակի անուանի հայ մտաւորականեր՝ Ներսէս Մշեցի, Եսայի Նչեցի, Յովհաննէս Օրբել, Մխիթար Սասնեցի, Ստեփանոս Տարսայիճ, Յովհաննէս Որոտնեցի, Մանուշակ Նոր Կեանքցի, Խաչատուր Կեչառեցի, Թորոս Տարօնացի, Աւագ, Մոմիկ եւ այլք։
Գլաձորի համալսարանի պատմութեան եւ նշանակութեան բազմաթիւ հարցերու ուսումնասիրութեամբ զբաղած են անուանի գիտնականներ. ինչպէս՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Գարեգին Յովսէփեան, Լեւոն Խաչիկեան, Լեւոն Խաչերեան, Փայլակ Այնթապեան, Էմմանուէլ Պիվազեան, Սարգիս Բարխուդարեան, Աշոտ Աբրահամեան, Արտաշէս Մատթէոսեան եւ այլ անուանի մտաւորականներ։
1970-1971 թուականներուն, Երեւանի Պետական համալսարանի Հնագիտութեան, աղբիւրագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնի նախաձեռնութեամբ եւ գիտնական Ղարիբեանի ղեկավարութեամբ պեղումներ կը կատարուին Վայոց ձորի Սուրբ Ստեփանոս վանքին մօտակայքը, որու ընթացքին կը բացուին Գլաձորի համալսարանին հետքերը։
Գլաձորը իբրեւ «Աթէնք պանծալի» կը յիշուի Մատթէոս գրիչին կողմէ 1283-1284 թուականներուն՝ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարանի թիւ 571 ձեռագրին մէջ։ Սակայն, շարք մը յիշատակութիւններ ուսումնական կեդրոնի հիմնադրութիւնը կը կապեն 1279-1281 թուականներու ժամանակահատուածին հետ՝ Թանահատի վանքի հիմնադրութեան (1279), ապա նաեւ համալսարանի առաջին ուսուցչապետ Ներսէս Մշեցիի Մշոյ Առաքելոց վանքէն տեղափոխուելու եւ գլաձորեան դպրութեան կեդրոնը հիմնելու թուականին հետ (1280)։ Ներսէս Մշեցին (Տարօնացի) կրթութիւն ստացած, ապա՝ պաշտօնավարած է Մշոյ Առաքելոց վանքին դպրոցը, կատարելագործուած՝ Վարդան Արեւելցիի ղեկավարած Հայոց վարդապետարանին մէջ։ Տիրապետած է յունարէնի եւ լատիներէնի։ Արեւելցիի մահէն յետոյ՝ 1271 թուականին նշանակուած է րաբունապետ եւ վարդապետարանը Խոր վիրապէն փոխադրած է Մշոյ Առաքելոց վանք։ Նկատի ունենալով երկրի անապահով վիճակը՝ Ներսէս Մշեցի 1281 թուականին դպրոցը ժամանակաւորապէս գոցած է եւ, ապահով տեղ գտնելու նպատակով, իր աշակերտ Եսայի Նչեցիի հետ մեկնած է Մեծոփավանքի դպրոց, իսկ 1282 թուականին՝ Վայոց ձոր։ Պռոշեան իշխանական տունը անոր տրամադրած է Աղբերց վանքը։ Ներսէս Մշեցին հաւաքած է իր աշակերտները, շարունակած պարապմունքները, իսկ որոշ ժամանակ անց՝ րաբունապետ կարգած է Եսայի Նչեցին։ Այսպիսով, համալսարանի օրրանը Գլաձորի կամ Աղբերաց վանքն էր, իսկ հիմնադիրը՝ Ներսէս Մշեցին։ Մշեցիի մահէն յետոյ դպրոցը շարունակած է գործել եւ ճանչցուած է որպէս Գլաձորի համալսարան։
Հայաստանի մէջ «համալսարան» բառը կար վաղնջական ժամանակներէ ի վեր։ Բարձրագոյն ուսման հետամուտ հայ երիտասարդները օտար հողի վրայ կրթութիւն կը ստանային։ Սակայն, վերադառնալով հայրենիք, անոնք կը ջանային իրենց գիտելիքները կիրարկել՝ մայր հողին վրայ կրթական օճախներ ստեղծելով։ Կը սորվեցնէին այն գիրքերով, զորս բերած էին իրենց հետ, ինչպէս նաեւ՝ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի, Դաւիթ Անյաղթի, Անանիա Շիրակացիի գիրքերով։ Համալսարանը գոյատեւած է վաթսուն տարի։
Պատմական կարեւորագոյն շրջանի մը բացուած եւ գործած է Գլաձորի համալսարանը․ բացուած է մոնղոլ-թաթարներու տիրապետութեան դժնդակ տարիներուն։ Հայերէնով կատարուած դասաւանդութիւնը սերտօրէն կապուած էր հայրենի մշակոյթին հետ։ Գլաձորի հովանաւորը եղած է Վայոց ձորի նահանգապետ՝ իշխան Պռոշ Խաղբակեան։ Համալսարանը կը գտնուէր Պռոշի իշխանանիստ Արկղունք աւանին մօտ։ Երբ 1284-ին իր մահկանացուն կնքած է համալասարանի հիմնադիր եւ տնօրէն Ներսէս Մշեցին, Պռոշի յորդորներով տնօրէն դարձած է Եսայի Նչեցին, որն ալ կը կոչեն համալսարանի րաբունապետ՝ վարդապետներու պետ։
Գլաձորի բարձր դպրոցը ունէր երեք լսարան.
Եկեղեցական եւ աշխարհիկ դպրութեան լսարան,
Գրչութեան արուեստի լսարան,
Խազագիտութեան եւ երաժշտութեան լսարան:
Համալսարան կ՚ընդունուէին միջնակարգի կրթութիւն ստացած երիտասարդներ, որոնք վեց-եօթ տարի ուսանելէ ետք, կը պատրաստէին աւարտաճառեր եւ կը պաշտպանէին գիտական աստիճան ունեցողներու առջեւ։
Գլաձոր այդ օրերուն մրցակից չունէր։ Հոն ուսանելու կու գային Հայաստանի հեռաւոր շրջաններէն եւ Կիլիկիայէն։ Համալսարանի եւ իր նշանաւոր ուսուցիչներու համբաւը երկրէն դուրս եկած էր։ Յատկապէս մեր միջնադարեան մշակոյթին մէջ ընդունուած է Գլաձոր համալսարանի գրչական մանրանկարչութեան դպրոցը, որ ճանչցուած է իբրեւ ինքնուրոյն հոսանք, ուր կ՚իշխէր սեւի եւ ոսկեգոյնի համադրութիւնը։ Գլաձորէն սկզբնաւորուած են նոր դպրոցներ։
Գլաձորի մայրամուտէն ետք, Եսայի Նչեցիի աշակերտը՝ Յովնան Որոտնեցի փոխադրուելով Տաթեւի վանք, հոն համալսարանական կարգ ու կանոն ստեղծած է։
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՐԱԲՈՒՆԱՊԵՏԸ՝ ԵՍԱՅԻ ՆՉԵՑԻ
Գլաձորի համալսարանի հիմնադիրը եւ ղեկավարը կը նկատուի մանկավարժ, քերական, մատենագիր, հասարակական-հոգեւոր գործիչ Եսայի Նչեցին։ Ան ծնած է Մեծ Հայքի Սանասունքի (Սասուն) Նիչ գաւառը: Ուսանած է Մուշի Առաքելոց դպրեվանքը, ապա՝ Քաջբերունեաց գաւառի եւ Վայոց ձորի Աղբերց վանքը՝ Ներսէս Մշեցիի մօտ։ Ստացած է բարձրագոյն կրթութիւն եւ վարդապետի (բարձրագոյն) աստիճան։ 1284 թուականին Նչեցին գլխաւորած է Աղբերց վանքի դպրութեան աշխատանքները։
Որպէս ուսուցչապետ Նչեցին մեծ համբաւ վայելած է բնաշխարհին մէջ եւ Կիլիկիայի հայկական պետութեան սահմաններէն ներս։ Դասաւանդած է «եօթը ազատ արուեստներ»ը եւ կրթած է շուրջ 360 աշակերտ։ Անոր մօտ ուսանած են Յովհան Արճիշեցին, Մխիթար Երզնկացին, Գրիգորիս Երզնկացին եւ ուրիշներ:
Նչեցին պայքարած է պապական նկրտումներու, ինչպէս նաեւ միարարական շարժման դէմ՝ յանուն Հայ Եկեղեցիի ինքնուրոյնութեան եւ հայերէնի պահպանման:
Նչեցիի գրական ժառանգութիւնը (մեկնութիւններ, ճառեր, նամակներ) հիմնականը ունի կրօնաբարոյական բովանդակութիւն։ Անոր «Վերլուծութեան քերականութիւն» համալսարանական դասագիրքը իր բնոյթով բանաքաղական երկ է, կ՚ընդգրկէ Դաւիթ Քերականի, Համամ Արեւելցիի, Արիստակէս Գրչի, Գէորգ Սկեւռացիի եւ այլոց քերականական մեկնութիւններու հիմնական դրոյթներն ու հարցադրումները։
1318 թուականին Նչեցիի գրած եւ Թորոս Տարօնացիի մանրանկարներով նկարուած Աստուածաշունչը («Եսայի Նչեցիի Աստուածաշունչ») մասնագէտներ կը նկատեն Գլաձորի գրչութեան դպրոցի գլուխ գործոցը։
Յայտնի է նաեւ, որ 1321 թուականին Եսային նամակ գրած է կիլիկեան իշխան Օշին պայլին եւ անոր որդիին՝ Հեթումին, որուն մէջ քննադատած է Կիլիկիայի որոշ հայ իշխաններու կաթոլիկամէտ գործունէութիւնը։
Ժամանակակիցները Եսայի Նչեցին բնութագրած են որպէս «անպարտելի հռետորաբան», «բարդ ճառերու եւ գիրքերու մեկնաբան» եւ այլն։ Նչեցին քերականութիւնը համարած է «դուռն ամենայն իմսատութեան եւ կրթութեան», առաջարկած է համեմատութեան միջոցով վերացնել հայոց հին ու նոր լեզուներուն միջեւ յառաջացած խզումը՝ վերականգնելով լեզուի հին ձեւերը։ Նչեցին անդրադարձած է «յունաբան դպրոց»ի թարգմանութիւններուն (քննադատելով անոնց արհեստական նորակազմութիւնները), խօսքի մասերուն եւ անոնց բաժանման, հոլովման, խոնարհման, լեզուներու ծագման եւ այլ հարցերու։
Մեծ գիտնականը մահացած է 1338 թուականին՝ Գլաձորի մէջ։ Անոր աշակերտն էր փիլիսոփայ, աստուածաբան, մանկավարժ Յովհաննէս Որոտնեցին, որ Նչեցիի մահէն յետոյ դարձած է Գլաձորի համալսարանի ղեկավարը։
ԵՕԹԸ ԴԱՍԱՆԻՒԹԵՐԸ ԻԲՐԵՒ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ
«Գլաձորի համալսարան» թանգարան-արգելոցի մուտքին կայ ինքնատիպ յուշարձան մը, որ կը խորհրդանշէ Գլաձորի համալսարանին մէջ դասաւանդուած առարկաները։ Այդ եօթը առարկաները համապատասխանած են «Արիստոտէլի իմաստասիրական ծառի» առարկաներուն:
Ըստ այդ «ծառի»՝ մայր գիտութիւն նկատուած է բանականը, որն ալ բաժնուած է երկու խումբի՝ տեսական (բնաբանութիւն, ուսումնականութիւն եւ աստուածաբանութիւն) եւ գործնական (բարոյականութիւն, տնտեսագիտութիւն, քաղաքականութիւն): Ուսումնականութեան մէջ ալ մտած են չորս առարկաներ՝ թուաբանութիւն, երաժշտութիւն, երկրաչափութիւն եւ աստղաբաշխութիւն:
Գլաձորի մէջ դասաւանդուած առարկաները այդպիսով համապատասխանած են միջնադարեան Եւրոպայի համալսարաններուն մէջ եղած «եօթը ազատ արուեստներուն» (քերականութիւն, ճարտասանութիւն, տրամաբանութիւն, թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, երաժշտութիւն, աստղաբաշխութիւն):
Եւ վերջապէս, Գլաձորի համալսարանին հետ կապուած է նաեւ Թանահիտի վանքը կամ Թանադէն, որ կը գտնուի թանգարանէն քիչ հեռու՝ Վերնաշէն հարաւ-արեւելեան մասը։ Այս վանքը նաեւ երկրորդ Կարմիր վանք կը կոչեն։ Իսկ ընդհանրապէս ժողովուրդին մէջ յայտնի է Գլաձորի վանք անունով։
Զբօսաշրջիկները այս բոլոր այցելութեան վայրերը կը դիտարկեն մէկ ամբողջութեան մէջ, իբրեւ պատմական Գլաձորի համալսարանի խօսուն վկաներ՝ Վայոց հնադարեայ ձորին մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան