ԱՆԿՈՉ, ԱՆԵՐԵՍ ՀԻՒՐՍ…
Մենք նոյնիսկ չենք հանդիպած… Մանկութենէս այնքան գէշ բաներ լսած եմ քու զզուելի գոյութեանդ մասին, որ չեմ ուզած նոյնիսկ քեզ տեսնել, հեռուստացոյցին կայանը կը փոխեմ, երբ վազվզուքդ կը տեսնեմ այնտեղ, փնտռտուքի մէջ չորս-բոլորդ դարձող աչքերով… Եւ լաւ գիտես, որ ոչ մէկ տեղ ընդունուած ես, անոր համար ալ մի՛շտ փախուստի մէջ ես…
Ես քեզի հրաւիրեցի՞ տունս, որեւէ առիթ տուի՞, որ յայտնուիս։ Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՛ս սպրդեցար ներս, նաեւ թագաւորութիւնդ ստեղծելով ինքզինքդ թագաւոր հռչակեցիր եւ առանց իմ գիտակցութեանս շաբաթ մը թագաւորեցիր… Այդ մէկ շաբթուան թագաւորութեանդ համար ես հիւանդ եղայ… Աներես, լկտի, զզուելի…
Երջանիկ կը ցատկռտէիր մէկ կօշիկէս միւսին մէջ, հինգ հատ կրծեր էիր, բայց ես տասնինն զոյգ աղբը դրի, այդ ամբողջ պահարանը թափեցի, Ամերիկայէն բերած մուճակս ժապաւէնը վրան՝ քեզի անկողին ըրեր էիր եւ մէջը փափուկ-փափուկ կը պառկէիր… Ի՜նչ երջանիկ էիր։ Ի՞նչ կարծեցիր, դրախտ ինկեր ես եւ… Արդեօք կարծեցիր, որ այդ կօշիկները քու յիշատակիդ պիտի պահէի եւ հագուէի՞…
Ա՜խ, քու երջանիկ օրերդ՝ իմ սարսափի օրերս էին…
Ես փշրանք մ՚իսկ չեմ ձգեր խոհանոցիս մէջ, որպէսզի մրջիւն մը անգամ մուտք չգործէ։ Խոհանոցս վերով-վարով զններ էիր, բան չես գտած՝ կօշիկներս կրծեր ես… Անկուշտ փորիկ…
Ափիս չափ անգամ չկայիր, աշխարհս տակնուվրայ ըրիր, չորս անգամ ինչ դեղերով խոհանոցս ամբողջ լուալ տուի, դարակները ամբողջութեամբ պարպուեցան, լուացուեցան, քիչ մնաց խոհանոցս ամբողջութեամբ փոխէի՝ վրաս խնդացին, բայց դեռ մինչեւ հիմա ինչ որ հանեմ գործածելու համար՝ մէկ անգամ եւս կը լուամ… Ի՜նչ ըսեմ այդ անուշադիր գործաւորին, որ ջուրի խողովակը նորոգելու ժամանակ ծակ մը ձգեր է եւ այդ ծակին պատճառով ես դարձայ առնէտասպան։ Միայն ձեր դատարանը չիյնամ՝ բզիկ-բզիկ կ՚ընէք զիս։ Շաբաթներով չկրցայ ուտել, գոնէ օգուտը տեսնէի՝ նիհարնայի, այդ ալ չեղաւ։
Ի՜նչ լաւ է, որ ննջասենեակս չէիր հասած։ Կօշիկներս համով էին հա՞…
Առանձին կին գտար զիս… Պատերազմի այս օրերուն եկար պաշարս յափշտակելու։
Երեք օր տունէս վտարանդի ապրեցայ, մինչեւ… Ա՛յ անկուշտ փորիկ՝ Հայաստանէն բերուած համով պանիրին հոտը առիր (ուրիշ պանիր չունէի)՝ յարձակեցար եւ փակցնելիքին վրայ մնացիր։ Այդ փակցնելիքը հնարողին ձեռքերը ցաւ չտեսնեն։
Հիմա երբ կը յիշեմ վիճակդ հոգեվարքի մէջ, հասակէդ երկու անգամ երկար պոչդ փակցնելիքով ամանէն դուրս, կը փորձեմ մեղքնալ, արդեօք երկար տեւե՞ց հոգեվարքդ… Բայց դուն անիրաւ էիր, հիմա ինչ ընեմ, որ դուն ալ աշխարհ եկեր ես, երջանկութեանդ մէջ իմ տառապանքիս մասին մտածեցի՞ր… Այո՛, տառապանքիս… Քու պոչդ միայն դուրս մնացեր էր, ես ամբողջ մարմնով երեք օր տունէն փախայ… Յետոյ ամբողջ ցեղդ պէտք է հասկնայ, որ իւրաքանչիւրս իր տեղը, իր միջավայրը ունի… Ո՛չ ոք իրաւունք ունի ուրիշին ունեցուածքին տէր դառնալու, անհրաւէր, անկոչ ներս խուժելու…
«Թըփ» մը չլսեմ, տեղէս կը ցատկեմ, սարսափահար կ՚արթննամ, կարծելով, որ ընտանիքդ գաղտնի ոստիկան մը ղրկեր է կորած հետքդ գտնելու համար…
Ես օր մը քու տունդ եկա՞ծ եմ, գործիդ խառնուա՞ծ եմ, հը՞… Այս ի՞նչ ըրիր ինծի…
Բարեբախտաբար ազնիւ եւ քաջ դրացի մը ունիմ, վազեցի իրեն, անմիջապէս հասաւ, շտապ օգնութենէն աւելի արագ, առաւ տարաւ քեզ, այնքան նրբանկատ է, որ նոյնիսկ աղբամանիս մէջ չթափեց, որպէսզի աղբամանէս ալ չսոսկամ…
Բայց սատկելէդ ետք անգամ դեռ սարսափի մէջ եմ, անոր համար այս դամբանականը գրեցի, որ բոլոր պարտականութիւններս լիուլի կատարած ըլլամ եւ դուն դուրս գաս կեանքէս…
Աներես… Գորտ ալ չէիր, որ համբուրէի՝ իշխան դառնայիր…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ