ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍՏՐՈՒԿ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ. ՈՐՈՃԱՑՈՒՄ
Երջանիկ ըլլալը բոլոր անհատներու համար հասարակաց նպատակ մըն է: Այս նպատակին հասնելու համար մարդիկ կը փնտռեն իրենց կեանքի իմաստը: Աւստրիացի հոգեբոյժ եւ ջղաբան Վիքթոր Ֆրանքլ, որ առաջին անգամ ներկայացուց կեանքի իմաստի հայեցակարգը՝ առաջարկեց, որ մարդոց հիմնաւորման աղբիւրը կեանքի իմաստը փնտռելու կամքն է: Երբ մարդու կեանքի իմաստի փնտռտուքը աւարտի, երջանիկ կը զգայ եւ կրնայ նաեւ դիմանալ որեւէ ցաւի եւ յաղթահարել հիասթափութիւնները կամ լարուածութիւնները: Անկախ այն հանգամանքէն, թէ որքան դժուար ու մահացու պայմաններու մէջ կ՚ապրի մարդը, կրնայ ապրելու ուժ գտնել, եթէ կարողանայ իր կեանքին թէկուզ փոքր իմաստ մը հաղորդել: Սակայն անոնք, որոնք իրենց կեանքէն կը հեռացնեն իմաստը, չեն կրնար գտնել ապրիլ շարունակելու ներքին ուժը: Եթէ մարդու իմաստաւորման ցանկութիւնը խանգարուի, ապա այդ մարդու մօտ կարելի է նկատել հոգեբանական խանգարումներ։ Այլ խօսքով, գոյութիւն ունի սերտ կապ մը կեանքի իմաստի եւ հոգեբանական առողջութեան միջեւ:
Այլ իրավիճակ մը, որ կը մեծցնէ հոգեբանական խանգարումներ ունենալու հաւանականութիւնը՝ որոճացումն (rumination) է: Ի՞նչ է որոճացումը։ Եկէք քննենք այս սահմանումը, որ կ՚օգտագործուի բացասական դէպքերը եւ հաւանականութիւնները անընդհատ մտածելով ապերջանիկ ըլլալու վիճակը բնութագրելու համար։
Գիտնականները, որոնք կ՚ուսումնասիրեն ընկճուածութիւնը, որոճացումը սահմանած են՝ որպէս կրկնուող եւ կրաւորական մտածելակերպ մը, որ կը կեդրոնանայ մարդու ընկճուածութեան ախտանիշներու հաւանական պատճառներու եւ հետեւանքներու վրայ։ 1970-ականներուն յետվիրային ճնշուածութեան խանգարումներու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու մէջ հետազօտողներ օգտագործեցին որոճացում սահմանումը՝ որպէս «բացասական բովանդակութեամբ կրկնուող մտածումներ, որոնք տեղի կ՚ունենան ակամայ, կը խանգարեն մարդոց շարունակել իրենց գործողութիւնները, հիմնականին մէջ անցողիկ են, բայց դժուար է վերահսկել զանոնք եւ կը պահանջեն ուժեղ ջանք՝ ճնշելու համար այդ մտածումները»։
Որոճացումը սովորաբար տեղի կ՚ունենայ գիշերները՝ այն պարագային, երբ անձի եսը վիրաւորուած է եւ վիրաւորանք պատճառած դէպքը չէ մարսուած։ Հետեւաբար անձը կրկին-կրկին կը վերապրի այդ իրադարձութիւնները ի պատասխան: Սա արտավոր շրջան մըն է։ Անձ մը, որ չի կրնար ազատուիլ որոճացումէն, կրնայ զգալ իրավիճակ մը, որ կրնայ յանգեցնել անհանգստութեան եւ ճնշուածութեան եւ մարդու սեփական որոճացումէն իրազեկ դառնալու ամենալաւ մեթոտը նախ իր ներքին խանգարումներուն գիտակցիլն ու անոնց հետ առերեսուիլն է։
Որոճացման ենթակայ մարդիկ հակուած են աւելի շատ կեդրոնանալ իրադարձութիւններու բացասական կողմերու վրայ եւ բառին բուն իմաստով ստրուկը կը դառնան անոնց։ Այս մարդիկ նոյնիսկ առօրեայ կեանքին ազդող այս վիճակը աւելի երկար ժամանակ կը զգան եւ անընդհատ կը մտածեն բացասական փորձառութիւններու հետեւանքները։ Որոճացումը կը խաթարէ մարդոց խնդիրներու լուծման արդիւնաւէտ հմտութիւնները՝ ամրապնդելով աւելի յոռետեսական եւ ճակատագրական մտածողութիւնը:
Բացասական մտածումներէ ազատուելու համար գոյութիւն ունին ուշադրութիւնը շեղելու, մարզանքի, բնութեան մէջ ժամանակ անցընելու եւ մտախոհութեան նման մեթոտներ։ Որոճացման ենթակայ մարդիկ պէտք չէ յապաղին մասնագիտական աջակցութիւն ստանալէ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ