ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ (1936-1972)

Ղասան Քանաֆանի, պաղեստինցի գրող, հրապարակախօս, լրագրող եւ քաղաքական գործիչ: 

Ծնած է 9 ապրիլ 1936 թուականին, Պաղեստին: 

Եաֆայի մէջ ապրած է մինչեւ 1948 թուականի մայիսը, երբ պարտադրուած է ապաստան գտնել նախ Լիբանան եւ ապա Սուրիա: Իր երկրորդական ուսումը ստացած է Դամասկոսի մէջ եւ պաքալորէայի վկայական ստացած է 1952-ին: Նոյն տարին ընդունուած է Դամասկոսի համալասարանի Գրականութեան մասնաճիւղ, ուր ուսանած է երկու տարի՝ անաւարտ ձգելով իր ուսումնառութիւնը: Անդամակցած է Արաբ ազգայնականներու շարժումին՝ Ճորճ Հապաշի (պաղեստինցի քաղաքական գործիչ եւ բժիշկ 1926-2008) ազդեցութեամբ: Անդամ եղած եւ աշխատակցած է Դամասկոսի «ալ-Րաաի»ի (տեսակէտ) պարբերականի խմբագրութեան:

Քանաֆանի ունեցած է թափառաշրջիկ կեանք մը, որով որոշ ժամանակ մը Դամասկոս ապրելէ ետք անցած է Քուէյթ՝ 1955-ի վերջաւորութեան, ուր զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ աշխատակցած է քուէյթեան թերթերու: Ապա, 1960-ին անցած է Լիբանան, ուր մնացած է մինչեւ իր նահատակութիւնը: 1961-ին աշխատակցած է լիբանանեան «ալ-Հուրիէ» պարբերականին: Որոշ ժամանակ ետք խմբագրած է լիբանանեան «ալ-Մուհարէր» թերթը, որմէ ետք տեղափոխուած է աշխատելու լիբանանեան «ալ-Անուար» թերթին մէջ: Աւելի ետք ան հիմնած ու խմբագրած է «ալ-Հատաֆ» (Նպատակը) պարբերականը, որ Պաղեստինի Ազատագրութեան ժողովրդական ճակատին խօսնակը եղած է:

Քանաֆանին իր ժամանակի միակ գրողն է, որ լուրջ եւ ծանրաշիռ ուսումնասիրութիւն մը կատարած է իսրայէլեան գրականութեան մասին, որ Լիբանանի Հետազօտութիւններու կեդրոնը հրատարակած է՝ «Իսրայէլեան գրականութեան մասին» վերնագիրով:

Ղասան Քանաֆանի 20-րդ դարու ամենէն նշանաւոր արաբ գրողներէն եւ լրագրողներէն մէկը կը համարուի: Անոր գրութիւններուն եւ կարճ պատումներուն հիմքը արաբական եւ պաղեստինեան մշակոյթն են: Անոր գրութիւններուն եւ լրագրական ակնարկներուն շնորհիւ է, որ արաբական գրականութեան մէջ մէջտեղ եկած է «Դիմադրութեան գրականութիւն» եզրը: Այս եզրը Քանաֆանիով ընդգրկած է այն բոլոր գրողները, որոնք իրենց գրութիւններուն մէջ խօսած են դիմադրութեան եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին՝ Իսրայէլի պետութեան կազմաւորումէն ետք: Այս գրողներուն գլխաւոր նիւթը եղած է պայքար Պաղեստինի սիոնիստական բռնատիրութեան եւ Պաղեստինի ժողովուրդին կրած տառապանքներուն եւ անարդարութիւններուն դէմ:

Քանաֆանին յատուկ սէր ունեցած է երեխաներուն նկատմամբ: Իր գրութիւններուն մէջ յաճախ գործածած է հետեւեալ նախադասութիւնը. «Երեխաները մեր ապագան են»: Անոր շատ մը գրութիւններուն հերոսները երեխաներն են: 1978-ին, Պէյրութի մէջ անոր պատումներէն հաւաքածոյ մը տպուած է, «Ղասան Քանաֆանիի փոքրիկները» անունին տակ: Նոյն այս գիրքը 1984-ին անգլերէնի թարգմանուած է՝ «Պաղեստինի փոքրիկները» վերնագիրով:

Ղասան Քանաֆանին յայտնի է իր իրապաշտ մօտեցումներով: Ան իր լրագրական եւ գրականագիտական ստեղծագործութիւններուն եւ պատումներուն միջեւ յաջողած է կապ մը պահել, միշտ հիմք ունենալով իրապաշ ուղղութիւնը: Քանաֆանին նաեւ գրած է թատրերգութիւններ եւ բանաստեղծութիւններ:

Քանաֆանին մինչեւ իր նահատակութիւնը հրատարակած է շուրջ տասնութ գիրքեր, որոնց մեծամասնութիւնը թարգմանուած է աւելի քան տասնվեց տարբեր լեզուներու: Ան հեղինակ է հարիւրաւոր յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու, որոնց մէջ անդրադարձ կատարած է արաբական մշակոյթին եւ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդի պայքարին: 

Անոր հրատարակած գիրքերէն են.

* «Աշխարհ մը, որ մերը չէ»:

* «12-րդ անկողինին մահը» (1961, Պէյրութ), կարճ պատումներ:

* «Նարինջի տխուր պարտէզը» (1963, Պէյրութ), կարճ պատումներ:

* «Մարդիկ արեւի տակ» (1963, Պէյրութ), վէպ: Քանաֆանիի այս պատմութիւնը ֆիլմի վերածուած է «Խաբուածները» անունով:

* «Ում Սաատ» (1969, Պէյրութ), վէպ:

* «Եաֆա կը վերադառնամ» (1970, Պէյրութ), վէպ:

* «Միւս բանը», իր նահատակութենէն ետք հրատարակուած է, 1980-ին, Պէյրութ, կարճ պատումներ:

* «Սիրահարը, Կոյրն ու Համրը, Ապրիլեան սալոր» (հինգ պատմութիւնները, որ լոյս տեսած է իր ամբողջական երկերուն մէջ):

* «Փոքրիկ լապտերը» (Պէյրութ):

* «Գլխարկն ու մարգարէն», թատրերգութիւն:

* «Գողցուած շապիկը եւ այլ պատումներ». կարճ պատումներ:

* «Յաւիտեան կամուրջ», թատրերգութիւն:

* «Ինչ որ մնաց ձեզի»:

* «Դուռը», թատրերգութիւն:

Քանաֆանին անդամ եղած է Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդական ճակատի ղեկավարութեան, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Իսրայէլի կողմէ ճանչցուած է որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Նահատակուած է 8 յուլիս 1972 թուականին, Պէյրութի մէջ իր քրոջ աղջկան՝ Լամիսի հետ (17 տարեկան), իսրայէլեան գործակալներու կողմէ անոր ինքնաշարժին մէջ ռումբ տեղադրելու հետւեանքով:

2022 թուականին, Քանաֆանիի նահատակութեան 50-րդ տարելիցին, Պաղեստինի մշակոյթի նախարարութիւնը մեկնարկը տուած է «Ղասան Քանաֆանի արաբական վէպի մրցանակ»ին, որ կը տրուի տարին մէկ անգամ, արաբական աշխարհի մէջ լաւագոյն արաբ վիպագիրին:

***

Պաղեստինցի նշանաւոր բանաստեղ եւ մտաւորական Մահմուտ Տարուիշը (1941-2008թթ.) անոր մասին գրած է. «Այսօր, երբ Քանաֆանի կը կարդանք, կը յայտնաբերենք, նախ եւ առաջ եւ ընդ միշտ, թէ իր խոր էութեան մէջ կը գիտակցէր, որ մշակոյթը քաղաքականութեան բազմաթիւ ակունքներէն մէկը ակունքը եղած է, եւ թէ չկա՛յ քաղաքական որեւէ մէկ նախագիծ, առանց մշակութային նախագիծի: Թերեւս, Քանաֆանիի ուսումնասիրութիւններուն գլխաւոր նպատակը եղածը է, նոր ծնուող պաղեստինցիին հիմքերը հաստատելը, որպէսզի հեռու մնայ վերացական մարդէն եւ վերացական պաղեստինցիէն, ընդհակառակը, մօտենայ պաղեստինցի մարդուն, որ կը գիտակցի իր աղէտի պատճառները, ինչպէս նաեւ կ՚ըմբռնէ արաբական աշխարհի պայմանները, եւ լաւապէս կը գիտակցի սիոնիստ մարդուն բնոյթը, որուն դէմ կը պայքարի: Այս պարտականութիւնը կարելի չէ իրականացնել, առանց քննադատական հայեցակարգ ունեցող մշակոյթի մը, որ կ՚անդրանցնի եղած բաները եւ կը խորտակէ հինցած արժէքները»:

Լիբանանի «ալ-Սաֆիր» (Դեսպան) օրաթերթի հիմնադիրը՝ Թալալ Սըլման (լիբանանցի լրագրող, 1938-2023թթ.), այսպէս կը գրէ. «Ղասան Քանաֆանին էր, որ զիս Պաղեստինի սիրտին մէջ մտցուց, երբ ես ու իմ սերունդս անոր դրան առջեւ կանգնած էինք, կը սիրէինք զայն բանաստեղծներուն լեզուով, առանց ճանչնալու զայն: Տակաւին, Ղասան Քանաֆանին էր, որ իմ եւ իմ սերնդակիցներուս առջեւ բացաւ դուռը՝ ճանչնալու Իսրայէլը, մանրակրկիտ կերպով, անոր կուսակցութիւններով, քաղաքական ուժերով, ընկերային դրուածքով, կրօնական հոսանքներով, ինչպէս նաեւ բանակային եւ ապահովական կազմակերպութիւններով: Պաղեստինը առանց քարտէսի էր: Շատ զօրաւոր յուզական ապրում մըն էր ան, անորոշ յատկանիշներով: Ղասանը զայն հանեց խանդավառող խօսքի բովանդակութիւն չունեցող ձեւաչափէն, ինչպէս օրինակ “Պաղեստին եկանք մօտդ, եկանք, եկանք եւ եկանք”, եւ վերածեց զայն հողի մը, որ նարինջ եւ յասմիկ կ՚աճեցնէ, սակայն ատոնցմէ առաջ կ՚աճեցնէ այր մարդիկ, կիներ եւ փոքրիկներ: Պաղեստինը վերադարձուց իր հողին եւ հողը վերադարձուց իր պատմութեան, եւ պատմութիւնը վերադարձուց իր տիրոջ, եւ տէրը վերադարձուց իրենց ինքնութեան: Արդարեւ, Պաղեստինը արաբական է իր միսով, արիւնով, օդով, արեւով, լուսինով, օրօրոցով, յարութեամբ, Գողգոթայով, ալ-Աքսայով, Իպրահիմի մզկիթով, մարգարէներով, Համբարձումով, փուշերով, խճաքարերով, մկրտութեան ջուրերով եւ Յորդանանի հովիտով, որ տասնեակ ընկերակիցներ կը պարունակէ իր ծալքերուն մէջ, որոնք իրեն համար եւ զինք ազատագրելու ճամբուն վրայ նահատակուեցան՝ օտար տիրապետութենէն»:

***

Այժմ, մեր ընթերցողներուն ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ՝ Ղասան Քանաֆանիէն:

* Հերոսները կը մահանան, առանց ոչ ոք անոնց մասին լսելու [կամ՝ առանց իրենց մասին լսել տալու]:

* Լռել, չի՛ նշանակեր միշտ ընդունիլ. երբեմն, կը նշանակէ, թէ յոգնեցանք բացատրելէ:

* Մեր բառերը փաստաբանի կարիք ունին այլեւս. մենք զանոնք անմեղութեամբ կ՚արտաբերենք, իսկ ուրիշները գէշ կերպով կը հասկնան զանոնք:

* Կարեւորը այն չէ, որ մարդ նախքան իր վսեմ գաղափարին հասնիլը մեռնի, այլ՝ կարեւորը այն է, որ մարդ նախքան իր մեռնիլը իրեն համար վսեմ գաղափար գտնէ:

* Արցունքները կորսուածներուն եւ անհետ կորածներուն չե՛ն վերադարձներ, ո՛չ ալ հրաշքներ կը գործեն: Աշխարհի բոլոր արցունքները ի զօրու չեն կրելու փոքրիկ նաւ մը, որ տեղ ընէ ծնողքի մը, որ իր կորսուած զաւակը կը փնտռէ:

* Սէրը առանձինն՝ ինչքան ալ ջերմ ըլլայ, չի՛ կրնար բաղարջ մը հաց թխել:

* Չեմ ուզեր ատել ոեւէ մէկուն, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ ուզեմ, չե՛մ կրնար այդ ընել:

* Իրողութիւնները աւելի հեզասահ կ՚ընթանան այն ատեն, երբ մարդ իր պատիւով երդում չ՚ըներ:

* Կ՚ապրէի վաղուան մը համար, որու մէջ վախ չկար, կ՚անօթենայի այն յոսով, որ օրին մէկը պիտի կշտանամ, եւ կ՚ուզէի հասնիլ այդ վաղուան: Այդ օրերուն կեանքս որեւէ մէկ արժէք չունէր, բացի այն խոր ու կանաչ յոյսին տուած յոյսէն, թէ երկինքը չի՛ կրնար անսահմանօրէն խիստ ըլլալ…: Եւ թէ այս մանուկը, որու շրթներուն վրայ պատռուեցաւ ապահովութիւնը, այսպէս պատառոտուած ձեւով պիտի անցընէ իր կեանքը՝ նոյեմբերի ամպերուն նման, մոխրագոյն՝ ինչպէս մշուշով լեցուած հովիտները, արեւուն նման կորսուած՝ որ կու գայ ծագելու, բայց իր հորզիոնները չի՛ գտներ… Սակայն, երկինքն ու երկիրը, եւ ամէն ինչ, ամբողջութեամբ հակառակ էին այդ մանուկին ունեցած յոյսերուն…: Ամիսները դանդաղ եւ խիստ կերպով անցան եւ երբ մեծցաւ, իր ընտանիքը բռնեց զինք, որպէսզի անոր տայ այն պատառը, որ իրեն տուած էին այն օրը, երբ ինք ի զօրու չէր առանձինն գտնելու եւ վերցնելու զայն: Պատասխանատուութիւնը լաւ բան մըն է…, սական այն մարդը, որ պատասխանատուութիւն մը կը վերցնէ, որ ի զօրու չէ զայն կրելու, պահանջքի ճնշումին տակ կամաց-կամաց իրմէ կը խլէ իր տղամարդկութիւնը… Աշխարհի մէջ ամէն ինչ իրեն հակառակ կը կանգնի, իւրաքանչիւր մարդ կ՚ապտակէ զինք, եւ ամէն օր որ կ՚անցնի, իր երեսին կը թքէ չափազանց դառն զգացում մը, որ ինք թերացած է իր պարտաւորութեան մէջ:

* Պզտիկ բաները, երբ իրենց ժամանակին կը կատարուին, իրենց չափէն աւելի մեծ իմաստ կ՚ունենան: Ըսել կ՚ուզեմ, պզտիկ սկիզբ մը կայ, իւրաքանչիւր մեծ իրողութեան մը:

* Հօրեղբօրորդի, տեսակաւոր բանտեր կան: Տեսակաւոր վրանները բանտ են, տունդ՝ բանտ է, թերթը՝ բանտ է, ռատիոն՝ բանտ է, հանրակառքը, փողոցը եւ մարդոց աչքերը…: Մեր տարիքները բանտ են, անցնող քսան տարին ալ բանտ է, թաղապետն ալ բանտ է…, եւ դուն բանտերու մասի՞ն կը խօսիս: Ամբողջ կեանքդ բանտարկուած ես:

* Կ՚ուզեմ քեզի բան մը ըսել:

-Ի՞նչ:

-Ճիշդ է, որ ջղային խանգարում է…, սակայն այստեղ չէ:

-Ո՞ւր, ուրեմն:

Կուրծքը ցոյց տուաւ եւ խաղաղ կերպով, ըսաւ.

-Այստեղ:

-Ջղային խանգարումը միայն այդտեղ չ՚ըլլար:

-Ո՞վ ըսաւ այդ:

-Բժիշկները:

-Անոնք խենթեր են:

* Ամենէն մեծ որճրագործութիւնը, որ ոեւէ մարդ կը գործէ, այն է, որ ան գէթ մէկ վայրկեան կարծէ, թէ ուրիշներուն տկարութիւնն ու սխալներն իր գոյութեան երաշխիքները, ինչպէս նաեւ ատոնք են, որ կ՚արդարացնեն իր սխալներն ու որճրագործութիւնները…:

* Սխալեցանք, երբ կարծեցինք, թէ հայրենիքը միայն անցեալն է… Հայրենիքը ապագա՛ն է:

* Փորձեցին զիս շաքարի կտորի մը նման հալեցնել գաւաթ մը տաք թէյի մէջ: Աստուած վկայ, անոնք մե՜ծ ջանք գործադրեցին այդ բանին համար, սակայն տակաւին կամ, հակառակ ամէն ինչի:

* Կը ճանչնամ զայն՝ Եաֆան, բայց ան կ՚ուրանայ զիս: Այս «բայց»ը մեռցնող է, ահաւոր է, արիւնող է:

* Կ՚ուզե՞ս յանցնքս իմանալ: Իրապէ՞ս կը հետաքրքրէ քեզ գիտնալ, թէ՞ պարզապէս անմեղ հետաքրքրասէր մըն էք, պարոն: Առանց հասկնալու պաշտօնեայի մը գլխուն լեցուցի ձեռքիս եղած կաթը եւ ըսի անոր, թէ չե՛մ ուզեր հայրենիքս ծախել…: Խենթութեան պա՞հ էր, թէ՞ խելամտութեան, չեմ գիտեր…: Զիս խորունկ խուցի մը մէջ դրին, որպէսզի ըսեմ, թէ խենթութեան պահ մըն էր…: Սակայն, այդ խուցին մէջ, աւելի քան երբեւէ համոզուեցայ, թէ ամբողջ կեանքիս ընթացքին միակ ողջամիտ եղածս պահն էր: 

* Անգամ մը երբ օրաթերթ մը կը թերթատէր, ըսաւ ինծի.

-Լսէ՛, ո՜վ իմ փոքրիկ փիլիսոփայ: Մարդը, ընդհանրապէս վաթսուն տարի կ՚ապրի, այդպէս չէ՞: Ատոր կէսը քնանալով կ՚անցընէ: Երեսուն տարի մնաց: Տասը տարին բաժնէ հիւանդութեան, ճամբորդութեան, ուտելու եւ պարապութեան մէջ: Քսան տարի մնաց: Այս քսանին կէսը յիմար մանկութեամբ անցաւ եւ նախակրթարանի դպրոցներով: Մնաց տաս տարի, միայն տաս տարի: Այդ տարիները պէտք չէ՞ որ մարդ հանգստութեամբ անցընէ…: Այս փիլիսոփայութեամբ կը դիմագրաւէր բոլոր իր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները: Իր խնդիրները ներողամտութեամբ կը լուծէր, իսկ երբ անկարող ըլլար ներելու, զայն կը լուծէր կատակով, իսկ երբ կատակն ալ անկարող կ՚ըլլար, փիլիսոփայական երանգ կու տար անոր: 

* Մարդը զօրաւոր կ՚ըլլայ այնքան ատեն, երբ զօրութեան կարիք չունի… Սակայն, փուլ կու գայ, երբ խնդիրը իրական խնդիրի կը վերածուի:

* Հարցուցիր, ի՞նչ է հայրենիքը: Այդ հարցումը մէկ վայրկեան առաջ ես ինծի կը հարցնէի, այո, ի՞նչ է հայրենիքը: Արդեօք այս երկու աթոռներն են, որոնք քսան տարի այս սենեակին մէջ մնացին. սեղա՞նը, սիրամարգին փետո՞ւրը, Երուսաղէմի նկա՞րը՝ որ պատէն կախուած է, պղինձէ սահնա՞կը, կաղինի ծա՞ռը, պատշգա՞մը: Ի՞նչ է հայրենիքը, Խալտո՞ւնը (Քանաֆանիի «Եաֆա կը վերադառնամ» պատումի հերոսներէն), մեր երեւակայութիւննե՞րը, հայրութի՞ւնը, որդիութի՞ւնը: Ի՞նչ է հայրենիքը Պատըր ալ-Լապտէյին (Քանաֆանիի «Եաֆա կը վերադառնամ» պատումի հերոսներէն) համար, համարի մը նկա՞րն է՝ պատէն կախուած: Ես միայն կը հարցնեմ:

* Նոր կանոնները երեւան կու գան, հին կանոններէն դուրս գալով:

* Բոլորը ճամբայի մասին կը խօսին: Կ՚ըսեն. դուն քեզ ճամբուն վրայ կը գտնես: Մինչ անոնք ճամբուն սեւ ըլլալէն եւ անոր մայթերէն բացի ուրիշ ոչինչ գիտեն:

* Անգամ մը կ՚ըսէք, թէ մեր սխալները կ՚արդարացնեն ձեր սխալները, ուրիշ անգամ մը կ՚ըսէք, թէ անիրաւութիւնը ուրիշ անիրաւութեամբ մը չի՛ սրբագրուիր: Առաջին տրամաբանութիւնը կը գործածէք այստեղ ձեր գոյութիւնը արդարացնելու համար. մինչ երկրորդ տրամաբանութիւնը կը գործածէք, որպէսզի ձերբազատուիք այն պատիժէն՝ որու արժանի էք:

* Ես ինծի կ՚ըսէի. ի՞նչ է Պաղեստինը Խալէտին (Քանաֆանիի «Եաֆա կը վերադառնամ» պատումի հերոսներէն) համար. ան նոյնիսկ չի՛ գիտեր ծաղկամանը, ո՛չ ալ նկարները, ո՛չ ալ աստիճանը, ո՛չ ալ քաղցրաւենիքը, ո՛չ ալ Խալտունը: Այս բոլորով հանդերձ, անոր համար [Պաղեստինը] այն է, որ մարդ արժէ զէնք վերցնել ու մեռնիլ անոր համար…:

* Անունները մէկ կողմ ձգէ…, չե՞ս տեսներ, որ մեր հակառակութիւնները ատոնցմէ կը սկի:

* Կեանքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ սպասում:

* Կեանքը արժէք չունի, եթէ միշտ մահուան դիմաց կանգնած չըլլայ:

* Այս կինը զաւակներ կը ծնի եւ անոնք ֆիտայիներ կը դառնան… Ինք կը ծնի եւ Պաղեստինը կ՚առնէ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025