ԲԱԲԳԷՆ ԱԹՈՌԱՆԿԻՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻՒԼԷՍԷՐԵԱՆ (23 մայիս 1868 - 9 յուլիս 1936)
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք երանաշնորհ եւ երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի կեանքն ու գործուէնութիւնը: Մինչեւ կաթողիկոս ընտրութեան կենսագրական տուեալներն ու տեղեկութիւնները պիտի քաղենք նոյնինքն Բաբգէն Աթոռակիցէն՝ իր կազմած ինքնակենսագրութենէն, որ իր ի Տէր հանգումէն ետք լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսաթերթին մէջ, սեպտեմբեր-հոկտեմբեր, 1936, էջ 142-143: Ծանօթանա՛նք.
* Իսկ ես, Բաբգէն Կաթողիկոս, բնիկ Անթէպցի եմ, Հայիկ թաղէն, որդի Կիւլէսէրեան Աւետիքի եւ Նազարեան Սօֆիկի, ծնեալ 1868 մարտ 23, շաբաթ (Հին Տումար) Յարութեանն Ղազարու: Մկրտուած եմ Զատկի Ճրագալուցին, եւ այս պատճառաւ անուանակոչած են զիս ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ:
Կանոնաւոր նախակրթութիւնս առած եմ Անթէպի Վարդանեան կրթարանին մէջ, 1885 նոյմ. 18-1889 հոկտ. 18:
1889 նոյմ. 11, շաբաթ -1896 սեպտ. ուսանող եւ շրջանաւարտ Արմաշու դպրեվանքին մէջ:
1890 սեպտ. 28, ուրբ. դպիր, տասը դասակիցներով:
1892 սեպտ. 27, Վարագայ Խաչի կիրակի, սարկաւագ, եօթը դասակիցներով:
1895 յունիս 18, կիրակի, քահանայ-աբեղայ, Տէր Բաբգէն անուանակոչութեամբ, եօթը դասակիցներով:
1896 մայիս 26, կիրակի, գաւազան մասնաւոր վարդապետութեան:
Ծանօթ.- Դպրութենէն մինչեւ վարդապետութիւն, բոլոր աստիճաններն ընդունեցանք Արմաշի վանքին Չարխափան Ս. Աստուածածին տաճարին մէջ, ձեռնադրութեամբ դպրեվանուց փոխ-վանահայր եւ վերատեսուչ Օրմանեան Մաղաքիա Արքեպիսկոպոսի եւ խարտափիլակութեամբ՝ դպրեվանուց ներքին տեսուչ S. Եղիշէ Ծայրագոյն Վարդապետ Դուրեանի:
1896 սեպտ. 18, Կ. Պոլիս, եւ սեպտ. 21, քարոզիչ Եէնիգիւղի (Վոսփոր):
1896 դեկտ. 25, անձնական քարտուղար նորընտիր պատրիարք Օրմանեան Մաղաքիա Արքեպիսկոպոսի: Եւ 1897 փետր. 10-էն սկսեալ միանգամայն քարոզիչ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյն:
1897 սեպտ. 21, ծայրագոյն վարդապետ, Կ. Պոլիս, Գումգաբու, Մայր եկեղեցւոյ մէջ, վեց դասակից եւ օծակից ընկերներով, Մաղաքիա Պատրիարքէն, եւ մանիշակ փիլոն:
1897 սեպտ.-1899 աշուն, առաջնորդական տեղապահ Ճանիկի (Սամսոն), կազմակերպութիւն վիճակին եւ դպրոցներու:
1899-1900-ի վերջ, ընդհ. վանահայր եւ առաջն. տեղապահ Տարօնոյ (Մուշ) վիճակին: Կազմակերպութիւն որբանոցի եւ հաստատութիւն մանուսայագործութեան Ս. Առաքելոց վանքին մէջ:
Մուշի մէջ իմ գործունէութիւնս կ՚ընդհատուի ի սպառ բանտարկութեամբ:
1900-1907, Կ. Պոլիս, «ընդ հսկողութեամբ»: Տրապիզոնի (երկիցս) եւ Մարաշի առաջնորդ կ՚ընտրուիմ, բայց Սուլթան Համիտի կառավարութիւնը կը մերժէ:
Քարոզիչ Բերայի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մինչեւ 1901 սեպտ.ի սկիզբը, ապա՝ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն: Միանգամայն մատենադարանապետ Ազգային մատենադարանին (Ղալաթիա): Խմբագիր-հրատարակիչ ԼՈՅՍ եկեղեցագիտական շաբաթաթերթին, 1905 եւ 1906, եւ գրաբարի ուսուցիչ Ղալաթիոյ Կեդրոնական եւ Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանաց մէջ:
1907-ի վերջէն 1909, փոխ-վանահայր եւ վերատեսուչ Արմաշու դպրեվանքին:
1909 մարտ, առաջնորդ Գաղատիոյ (Անկիւրիա) վիճակին, որու վրայ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցայ 1910 սեպտ. 19, Խաչի Բ. կիրակին, ի Ս. Էջմիածին, Իզմիրլեան Մատթէոս Կաթողիկոսի ձեռքով:
1913 յուլիս 31-ին մեկնեցայ Անկիւրիայէն միամեայ արձակուրդով, եւ եկայ Անթէպ, Կիլիկեան ճեմարանի պաշտօնական բացման հանդէսին նախագահեցի, մինչեւ 1914-ի փետր.ի վերջը մնացի Անթէպ, յետոյ մեկնեցայ Ֆրանսա, դարման գտնելու զիս տառապեցնող երիկամային հիւանդութեան: Այդ միջոցին կը պայթի Մեծ պատերազմը, Եւրոպայէն կ՚անցնիմ Ամերիկա: Նիւ Եորք հասայ հոկտ. 14, եշ. ուր վիրաբուժական գործողութեամբ ազատուեցայ մահառիթ հիւանդութենէն, եւ պատերազմի հետեւանքներուն պատճառով մնացի Ամերիկա մինչեւ 1922: Պոստոնի մէջ Ա. Նազարի հետ հրատարակեցի ՏԱՒՐՈՍ շաբաթաթերթը (1918 եւ 1919):
1922-1923 քննական այցելութեամբ վերադարձայ Եւրոպա, Եգիպտոս, Երուսաղէմ, Սուրիա եւ դարձեալ Երուսաղէմ (1923 մարտ 15), ուր մնացի մինչեւ սեպտ. 1, Կիւլպէնկեան ընծայարանի հաստատութեան ծրագիրով, վերադարձայ Ամերիկա եւ Նիւ Եորք հասայ հոկտ. 15-ին, եւ Կիւլպէնկեան Պատրիկի հետ ընծայարանի բացման վերջնական կարգադրութիւնները ընելէ ետքը վերադարձայ Երուսաղէմ եւ հաստատուեցայ Ս. Յակոբի մէջ: Դուրեան Եղիշէ Ս. Պատրիարքի մօտ, 1924 նոյմ. 14-ին, ուր ընծայարանի եւ ժառանգաւորաց վարժարանի մէջ դասաւանդեցի, եւ 1927-1930 ՍԻՈՆ ամսաթերթը խմբագրեցի:
1928-ին Կիլիկիոյ Վեհ. Սահակ Կաթողիկոսի կողմէն կոչուեցայ աթոռակից կաթողիկոսութեան, կազմակերպելու համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սուրիոյ մէջ:
1930 օգոստոս 13, դշ. Երուսաղէմէն եկայ եւ հաստատուեցայ Անթիլիաս, ուր բացուեցաւ նոր դպրեվանքը, վերատեսչութեամբ Գեր. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետին: Դպրեվանքին մէջ ստանձնեցի գրաբար եւ աշխարհաբար հայերէններու եւ հայ մատենագրութեան դասերը:
1931 ապրիլ 26, կիրակի, Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյն մէջ, կաթողիկոսական ձեռնադրութիւն ու օծում, իբրեւ աթոռակից եւ յաջորդ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
- Այստեղ կ՚աւարտի երանաշնորհ հայրապետին ինքնակենսագրութիւնը:
1931-ին ստացած է արքութեան տիտղոս:
Աթոռակից կաթողիկոս ըլլալէ եւ Անթիլիաս հասնելէ ետք, Կիւլէսէրեանի կարեւոր գործերէն մէկը կ՚ըլլայ հիմնել տպարան մը, ինչպէս նաեւ զարկ տալ նոր բացուած դպրեվանքին: Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանը իր՝ «90-Ամեակ Դպրեվանքի. Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան վերատեսուչ Կիլիկիոյ Աթոռի Անթիլիասի դպրեվանքին (1882-1935)» յօդուածին մէջ, կը գրէ. «1931 մայիս 24-ին Կիլիկիոյ նորընտիր աթոռակից Բաբգէն Ա. Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան կը կատարէր իր անդրանիկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, որ եղաւ նաեւ առաջինը Անթիլիասի նորահաստատ կայքին մէջ։ Ձեռնադրութեան կը նախագահէր Տ.Տ. Սահակ Բ. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ, եւ խարտաւիլակութեան պաշտօնը կը կատարէր ձեռնադրեալին ուսուցիչ եւ Եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, որ նոյն տարին Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի հայոց պատրիարք կ՚ընտրուէր։ Ձեռնադրեալը՝ Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Գասպարեան վարկ եւ անուն կերտած էր որպէս վարչագէտ եւ ուսումնական անբասիր հոգեւորական թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Ամերիկայի մէջ, առաջինին որպէս առաջնորդ, իսկ երկրորդին որպէս Պոսթոնի համայնքին հոգեւոր տեսուչ 17 բեղմնաւոր տարիներ։ 1930 հոկտեմբերին կը հը-րաւիրուէր Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսէն Լիբա-նան մեկնելու եւ ներկայ ըլլալու դպրեվանքի բացումին եւ ստանձնելու իր վերատեսուչի նոր պաշտօնը։
Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան դպրեվանքի վերատեսուչի իր հնգամեայ պատասխանատու պաշտօնը պատուով եւ արդիւնքով կատարեց, ընծայելով եկեղեցիին ու ազգին առաջին երախայրիքը՝ Տ. Զարեհ Վարդապետ Փայասլեան, յետագային Տ.Տ. Զարեհ Ա. Կաթո-ղիկոս Կիլիկիոյ, եւ Տ. Դերենիկ Վարդապետ Փոլատեան, յետագային եպիսկոպոս եւ վերատեսուչ դպրեվանքին, որոնց ձեռնադրութիւնը ինք կատարեց 1935 թուին»։
1932-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հիմնած է Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսաթերթը, որուն խմբագիրը եղած է մինչեւ իր ի Տէր հանգումը:
Աշխատակցած է «Արարատ»ին, «Հանդէս ամսօրեայ»ին, «Բիւզանդիոն»ին, «Բիւրակն»ին եւ ուրիշ պարբերականներու՝ ստորագրելով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, բանասիրաազգագրական, կրօնական, աստուածաբանական խնդիրներուն վերաբերող յօդ-ւածներ եւ ուսումնասիրութիւններ:
Ի Տէր հանգած է 9 յուլիս 1936-ին, Լիբանանի մէջ: Իր մարմինը ամփոփուած է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, սակայն, երեսուն տարիներ ետք, Խորէն Ա. Կաթողիկոսին հրամանով եւ նախաձեռնութեամբ, Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսին աճիւնները բերուած են Լիբանան եւ ամփոփուած Անթիլիասի Զարեհեան դամբարանէն ներս:
Խո՜ւնկ եւ աղօթք բազմաշնորհ եւ բազմավաստակ հայրապետի յիշատակին:
«Հասկ» պաշտօնական ամսաթերթին մէջ, սեպտեմբեր-հոկտեմբեր, 1936, էջ 143-144, ներկայացուցած են Բաբգէն Աթոռակիցին աշխատասիրութիւնները, այսպէս.
* ՏՊՈԻԱԾՆԵՐ
1. Կիլիկիա. տպ. Թիֆլիզ, 1896:
2. Ժողովուրդին տօնացոյցը, տպ. Կ. Պոլիս, 1901:
3. Ծովք-Տլուք-Հռոմկլայ. տպ. Վիեննա, 1904:
4. Կոլոտ. տպ. Վիեննա, 1904:
5. Քարոզներ (Ա). տպ. Կ. Պոլիս, 1904:
6. Եղիշէ. [քննական ուսումնասիրութիւն]. տպ. Վիեննա, 1908:
7. Հայ Եկեղեցի Ե. դարու մէջ. տպ. Կ. Պոլիս, 1912:
8. Յիշատակարան Պասմաճեան Գրիգոր Պատրիարքի. տպ. Փարիզ, 1913:
9. Միւնաճաթ. [թուրքերէն աղօթագիրք], Գ. տպ. Կ. Պոլիս, 1913:
10. Քաջն Վարդան. տպ. Պոստոն, 1920:
11. Հայաստանեայց Եկեղեցի. (բանախօսութիւն). տպ. Պոստոն, 1920:
12. Կենսագրութիւն Ամեն. Դուրեան Ս. Պատրիարքի. Նիւ Եորք, 1929:
13. Իսլամը հայ մատենագրութեան մէջ. տպ. Վիեննա, 1930:
14. Հայ Եկեղեցի. տպ. Երուսաղէմ, 1930:
15. Քրիստոնէական. տպ. Երուսաղէմ, 1932:
16. Դասեր Աւետարանէն (Ա. շարք). տպ. Անթիլիաս, 1934:
17. Դասեր Աւետարանէն (Բ. շարք). տպ. Անթիլիաս, 1936:
18. Հայ Կիպրոս. տպ. Անթիլիաս, 1936:
19. Հայ Եկեղեցի. (ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով), տպ. Պէյրութ, 1936:
ԽՄԲԱԳՐԱԾ ԹԵՐԹԵՐԸ
1. Լոյս շաբաթաթերթ, եկեղեցագիտական, Կ. Պոլիս, 1905 եւ 1906:
2. Տաւրոս շաբաթաթերթ (աշխատակցութեամբ Ա. Նազարի) Պոստոն, 1918 եւ 1919:
3. Սիոն ամսագիր (պաշտօնական հրատարակութիւն Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան) 1927-1930:
4. Հասկ ամսաթերթ (պաշտօնական հրատարակութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան) 1932-1936:
ԱՆՏԻՊՆԵՐ
1. Պատմութիւն Կաթողիկոսաց եւ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ (մամլոյ տակ) - [յետագային տըպ-ւած - 1939-ին, Անթիլիաս]:
2. Հայ Անկիւրա [յետագային տպուած]:
3. Վարդապետը Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ (կանոնագիտական ուսումնասիրութիւն):
4. Մայր ցուցակ ձեռագրաց ազգային մատենադարանի Կ. Պոլսի [յետագային տպուած]:
5. Մայր ցուցակ ձեռագրաց Կարմիր-Վանքին Անկիւրիոյ [յետագային տպուած - 1957-ին, Անթիլիաս]:
6. Հայ Եկեղեցի (ասոր ֆրանսերէն եւ արաբերէն թարգմանութիւնը հրատարակուեցաւ). [յետագային հայերէնն ալ տպուած է]:
7. Հայ Անթէպ [յետագային տպուած]:
8. Օրմանեան Սրբազան [յետագային տպուած]:
9. Եկեղեցական տոմարագիտութիւն:
10. Բարեկարգութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ [յետագային տպուած]:
11. Նալեան եւ Նարեկացի:
12. Պատմութիւն աշխարհաբարի:
13. Ներածութիւն Հնգամատեանի:
14. Աստուածաբանութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ:
15. Կանոնագիտութիւն Հայ Եկեղեցւոյ:
16. Առաջնորդ մանկատածութեան (մայրերու համար):
Եւ բազմաթիւ այլեւայլ թերաւարտ ուսումնասիրութիւններ:
Ասոնց վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ Բաբգէն Կաթողիկոսի խմբագրած պարբերականներուն եւ այլ թերթերու մէջ լոյս տեսած խմբագրականներն ու բազմաթիւ յօդուածները:
***
Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսը, որ Բաբգէն Կաթողիկոսին մէջ կը տեսնէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շարունակութիւնը ապահով ձեռքերու մէջ, սրտի խոր կսկիծ կ՚ապրի անոր կորուստով: Ան հետեւեալը կը գրէ Կիւլէսէրեանի ի Տէր հանգումէն ետք.
* Կրկին զարկաւ վիշտը նորահաստատ մեր բոյնին: Անկաւ այր մեծ յազգէ մերմէ, այր մեծ եւ գործօն: Աթոռակից մեր շնորհազարդ S. Բաբգէն Ս. Կաթողիկոս կը թողու զմեզ վերստին առանձին կեանքի ճամբուն ծայրը: Որդիք մեր սիրելիք, ողբացէք հանդերձ համօրէն անդարմանելի կորուստը զձեզ հոգացողին, Ս. Եկեղեցւոյս մեծ պաշտօնեային, եւ պահեցէք անոր սուրբ յիշատակը ձեր կեանքին մէջ:
Յար աշխատող ու քաջ հովիւ էր ան, որ չէր վախնար սիրելէ ճշմարտութիւնը. գործի մէջ կորովի, կենցաղի մէջ ժուժկալ, խնայող ու կազմակերպող, կարող ուսուցիչ՝ համբերութեամբ կ՚ուսուցանէր, միշտ կը գրէր ու միշտ կը զբաղէր օգտակար աշխատանքով, շինեց ու շէնցուց, տքնեցաւ եւ լաւագոյնին ձգտեցաւ, բայց, ափսո՜ս որ, Աառաքեալին պէս, բարի պայքարի ընթացքին մէջ անկաւ յանկարծ:
Իր այդ օրինակը թող ըլլայ կտակ. շարունակեցէք եւ արդիւնքի հասցուցէք իր սկսած ու կազմած գործերը:
Իսկ մեզի չմնաց արցունք ցօղելու համար իր դագաղին վրայ. քանի մը այս բառերը միայն՝ արտասանել մոռցած շրթներէն: Կ՚ապրինք դեռ՝ ողբալու համար իրարու ետեւէ հասնող մեր կորուստները: Այս տարին սուգով մտանք, սուգով կէս ըրինք, ու կը պահենք մեր սուգը մինչեւ վերջ տարւոյս. եւ կ՚աղօթեմ, որ Աստ-ւած պահէ համայն ազգը ուրիշ մեծ սուգերէ:
Պահեա՛, Տէր, ի խաղաղութեան, ընդ դասս Սրբոց Քոց, զհոգի ննջեցելւոյս՝ ծառայի քում, եւ իմաստնացո՛ զպաշտօնեայս Եկեղեցւոյ քում սրբոյ, եւ փրկեա՛ յամենայն չարեաց զհաւատացեալ ժողովուրդ քո բարի. Ամէն («Հասկ» պաշտօնական ամսաթերթ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, յունիս-յուլիս-օգոստոս, 1936, էջ 90):
Պետրոս Արք. Սարաճեան այդ օրերուն կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ, յետագային՝ կաթողիկոս, գրելով Անթիլիասի դիմագրաւող դժուարութիւններու մասին, անդրադարձ կը կատարէ նաեւ Բաբգէն Կաթողիկոսի մասին, անոր տարած գործունէութեան եւ իրագործումներուն մասին: Սարաճեան Արք. կը գրէ.
* Հոգելոյս Բաբգէն Կաթողիկոսի անակնկալ մահը ընդհանուր տխրութեամբ մը համակեց բոլոր զինքը ճանչցողները. ազգայիններ եւ օտարներ, համակիրներ եւ ըսենք նաեւ ոչ համակիրներ, գրեթէ անխտիր ողբացին այդ պատուական անձը իբրեւ նուիրուած հոգեւորական, իբրեւ հաւատաւոր ջատագով քրիստոնէութեան, իբրեւ խղճամիտ պատմագիր, իբրեւ հմուտ բանասէր, իբրեւ պերճախօս քարոզիչ, իբրեւ վաղեմի վաստակաւոր Հայ Եկեղեցւոյ, իբրեւ անշահասէր մշակ հայ ժողովուրդին ծառայութեան տրամադրուած, իբրեւ արդիւնաւոր ուսուցիչ որ յԵրուսաղէմ եւ յԱնթիլիաս կրկին հնգեակ տարիներու ընթացքին խումբ մը ուսեալ հոգեւորականներ եւ ուսուցիչներ նուիրեց ազգին, իբրեւ ուղղամիտ եւ կոչումին գիտակից խմբագիր, որ ի Պոլիս «Լոյս», յԱմերիկա «Տաւրոս», յԵրուսաղէմ «Սիոն» եւ յԱնթիլիաս «Հասկ» շաբաթաթերթերն ու ամսաթերթերը ի լոյս ընծայեց կուռ եւ օգտակար պարունակութիւններով, եւ այս բոլոր առաւելութեանց շարքին կարելի չէ մոռնալ հանգուցեալին տասնեակ մը քննական, պատմական, բանասիրական եւ աւետարանական երկասիրութիւններն, վճիտ ու յստակ լեզուով, գողտրիկ եւ դիւրըմբռնելի հայերէնով եւ հանդէպ այս գնահատելի յատկութեանց հայ օրաթերթեր, պարբերաթերթեր եւ հանդէսներ զիրար գերազանցող յօդուածներով դրուատեցին հանգուցեալը…:
…Բաբգէն հանգուցեալ կաթողիկոսը Անթիլիասի աւազուտքին վրայ Կաթողիկոսարան մը երեւան բերաւ իր եկեղեցիով, դպրեվանքով, տպարանով եւ մատենադարանով, հինգ տարիներ հանգուցեալ Շահէ Սրբազանի հետ ձեռք ձեռքի տուած աշխատեցաւ, դպրեվանքէն սաներ, սարկաւագներ, վարդապետներ հասցուց, տպարանէն սիրուն եւ օգտաշատ հատորներ հրատարակեց, «Հասկ» ամսաթերթը ի լոյս ընծայեց, մատենադարանը ճոխացուց եւ 1936-ին Միւռոն օրհնութեամբ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի հողը նուիրագործեց եւ հայացուց («Հասկ», պաշտօնական ամսաթերթ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սեպտեմբեր-հոկտեմբեր, 1936, էջ 112-113):
Նորայր Վարդապետ [Պողարեան, յետագային եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս], անդրադառնալով Բաբգէն Կաթողիկոսի հոգեւորականի կերպարին՝ այսպէս կը գրէ.
* Բաբգէն Կաթողիկոսի համար «Աւետարանը գիրքն է երանաւէտ կեանքի, ճշմարիտ լոյսի, կենդանի ջուրի, համեմիչ աղի, Աստուածային սիրոյ, հրեշտակային խաղաղութեան, քաջ հովուի, առաքինութեան, սուրբ աշխատանքի, ուղիղ եւ ապահով ճանապարհի, հաւատքի դրան, անսայթաք առաջնորդութեան կեանքի դժուարութիւններուն մէջ, կանոնագիրքը համամարդկային եղբայրութեան, ծածկեալ գանձերու գիւտին, անարատ քահանայութեան եւ երկնային թագաւորութեան»: Իր տեսութեամբ Աւետարանն է աշխարհի տիրական զօրութիւնը: Իր իսկ բառերով «Աւետարանն է թագաւորը այս աշխարհին». կամ ուրիշ խօսքով «Աւետարանն է որ կը կառավարէ աշխարհը, հակառակ իրեն դէմ արտայայտուած անգիտութիւններու»:
Սակայն, պիտի առարկուի, ինչպէս կ՚ըլլայ որ Աւետարանով կառավարուած աշխարհի մը մէջ կը գտնուի այսքան անարդարութիւն, ատելութիւն, նախանձ, կիրք, մոլութիւն եւ ոճիր:
…
Բաբգէն Կաթողիկոս շատ ճիգ թափած է տարիներով, որպէսզի Աւետարանը լաւ հասկցուի եւ ըլլայ կեանքի գիրք մը մեզի համար: Զանազան թերթերու մէջ տարիներու ընթացքին իր գրած Աւետարանի դասերը վերջերս ան ամփոփեց զոյգ հատորներու մէջ եւ աւելի դիւրամատչելի ընծայեց հայ ժողովուրդին: Արդեօք քանի ողջամիտ հայեր պիտի գտնուին, որ այդ պատուական հատորները ուզեն ունենալ իրենց ձեռքին տակ, կարդալու, սերտելու, եւ իրենց կեանքերը կանոնաւորելու եւ երջանկացնելու համար:
…
Ապահովաբար ճշմարտութիւնն իսկ արտայայտած կ՚ըլլանք, եթէ ըսենք, որ ինչ որ կրցաւ ըլլալ Բաբգէն Կաթողիկոս իբրեւ մարդ եւ իբրեւ եկեղեցական, եղաւ շնորհիւ Աւետարանին, եւ ատիկա՝ իր կեանքը՝ կրնանք նկատել իր չորրորդ եւ վերջին քարոզագիրքը, ամենէն աշխատուածն ու թանկագինը, եւ ամենէն ազդեցիկ եւ համոզիչ դասը Աւետարանին («Հասկ», պաշտօնական ամսաթերթ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սեպտեմբեր-հոկտեմբեր, 1936, էջ 122-123):
Երուանդ Վարդանեան այսպէս կը գրէ Բաբգէն Աթոռակիցի մասին.
* Բաբգէն Կաթողիկոսի կեանքին եւ գործին ծանօթ ոեւէ անհատ որոշ կերպով գիտէ՝ թէ հանգուցեալ մեծ հայրենասէրին դիրքը ի՛նչ կրնար ըլլալ վերընձիւղող մեր հայրենիքին հանդէպ:
Հանգուցեալ վեհափառը այն հազուագիւտ հայ ղեկավարներէն էր, որոնք ուղղութիւն մը ունին: Քառասունէ աւելի երկա՜ր տարիներու իր ազգային եւ եկեղեցական գործունէութեան մէջ, ի գին ամէն կարգի զոհողութիւններու չէր լքած այդ ուղղութիւնը, որուն արմատը պէտք է փնտռել իր խորունկ եւ մտածուած հայրենասիրութեան մէջ: Ո՛չ մէկ ատեն դաւաճանած է իր այդ ուղղութեան, հաճելի ըլլալու համար հոսանքի մը, անհատի մը: Ան կը հաւատար՝ թէ իր ցեղը ունի արժանիքներ, որոնց առաւել եւս ծաղկման եւ բարգաւաճման համար անհրաժեշտ էր հայրենի հողը, հայրենի եկեղեցին, հայրենի լեզուն ու ընտանիքը: Հաճոյքով կը սիրէր պատմել Փաւստոս Բիւզանդի հետեւեալ դրուագը: Երկարատեւ ու սպառիչ մաքառումներէ ետք, Շապուհ, պարսից փառամոլ եւ մեծ արքան, իր մայրաքաղաքը կը հրաւիրէ մեր զմայլելիօրէն հեռատես եւ դիւանագէտ թագաւորը՝ Արշակ Բ.-ը: Կը հաշտուին: Սակայն Շապուհի պալատականները դիտել կու տան իրեն՝ որ հայոց թագաւորը կը ստէ ու Հայաստան վերադարձին պայքարը վերստին պիտի սկսի աւելի կատաղօրէն: Կը յանձնարարեն իրեն Հայաստան աշխարհէն հող բերել տալ ու փռել գետին: Կը կատարուի: Ու երբ Արշակ եւ Շապուհ միասին կը պտտին, կը նկատուի, որ հայոց Արքան վէս եւ հպարտ արտայայտութիւններ կ՚ունենայ, ամէն անգամ որ ոտքը դնէ իր երկրէն բերուած հողին վրայ…:
Ան կը հաւատար, որ հողէն բաժնուած հայ ժողովուրդը, օտար կլիմաներու ներքեւ խամրող ու վատասերող էր իր ծառէն բաժնուած: Այս ոստը իր գոյութիւնը պահելու համար պանդխտութեան մէջ պէտք ունէր զօրաւոր ազդակներու, որոնք, հանգուցեալ վեհափառի մտքին մէջ՝ Հայ Եկեղեցին, հայ դպրոցը, հայ ընտանիքն էին («Հասկ», պաշտօնական ամսաթերթ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սեպտեմբեր-հոկտեմբեր, 1936, էջ 135):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար 1
Վաղարշապատ