ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ ԵՒ ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂԻՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 98 տարեկանին մահացած է սփիւռքահայ մտաւորականութեան երէց սերունդի վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը՝ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, վիպագիր եւ թատերագիր Սարգիս Վահագնը (Սարգիս Գաբրիէլ Փաթափութեան): Ան բնախօսութեան եւ բժշկութեան 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակակիրներէն մէկուն՝ Արտեմ Փաթափութեանի հայրն էր։
Փաթափութեանները ԱՄՆ փոխադրուած էին Լիբանանէն, տակաւին 1980-ականներուն։ Սարգիս Վահագն հոն հաստատուած, տպագրած է իր գործերուն մէկ մասը, ստացած իր մրցանակները, հոն շարունակուած է սփիւռքահայ գրողին ճանաչումը, որ սկիզբ առած էր Լիբանանէն…
Վերջին տարիներուն իր տիկնոջ հետ, կամովի որոշում մը ընդունելով՝ Սարգիս Վահագն փոխադրուած էր տարեցներու «Արարատ տուն»՝ զբաղեցնելով այնտեղի թիւ 204 առանձնասենեակը։ Կինը՝ Հայկուհի Աճէմեան, մահացաւ 2023 թուականին, իսկ Սարգիս Վահագն ալ կեանքէն հեռացաւ 19 մայիսին, ինչպէս յայտարարած է իր դուստրը՝ յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Հարկ է նշել, որ գրողը մինչեւ վերջ կ՚ապրէր գրականութեամբ, ընթերցանութեամբ եւ իր ընթերցանութեան նիւթերու մէջ էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը, որ կը բանար համակարգիչով։ Երբեմն ան ե-նամակով կապ կը հաստատէր, կարծիք, նկատառում կը յայտնէր ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի այս կամ այն յօդուածի, նիւթի վերաբերեալ եւ ընդհանրապէս հաւատացողն էր հայ գիրին եւ քաջալերողը՝ արեւմտահայերէնով գրողին…
Սարգիս Վահագն ծնած էր Պէյրութ, 1927 թուականի հոկտեմբերի 7-ին, հաճընցի հօրմէն եւ շապինգարահիսարցի մօրմէն: Նախնական ուսումը ստացած է Լիբանանի Աբգարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ, երկրորդականը՝ շարունակած տեղւոյն ֆրանսական լիսէն, ապա աւարտած է Առեւտրական ճիւղը 1945 թուականին։ Կանուխէն սիրած է գիրն ու գրականութիւնը։ Նախ փորձած է բանաստեղծութիւններ գրել, բայց շուտով տարուած է արձակի, գլխաւորաբար պատմուածքի ժանրով։ Յիսունական թուականներէն սկսեալ մաս կազմած է այլազան գրական եւ մշակութային խմբաւորումներու։ Գործուն մասնակցութիւն բերած է Պէյրութի «Գրական շրջանակ»ի կազմաւորման եւ անոր յետագայ գործունէութեան։
Սարգիս Վահագնի գրութիւնները, 1954 թուականէն սկսեալ, հետզհետէ լոյս տեսած են «Մշակոյթ», «Լուսաբեր», «Նոր Գիր», «Անի», «Շիրակ», «Գարուն», «Նաւասարդ», «Կամար» եւ «Առագաստ» գրական ամսագրերուն մէջ։
Վաթսունական թուականներու կէսէն մնայուն կերպով աշխատակցած է «Շիրակ» ամսագիրին եւ ապա շուրջ տասը տարի, մինչեւ 1986 թուականի մեկնումը, մաս կազմած է անոր խմբագրական կազմին, վարելով միջազգային գրականութեան բաժինը։ Գրականութեան առընթեր, ան լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է նաեւ շարժանկարի եւ թատրոնի արուեստներուն նկատմամբ։ 1958-1959 թուականներուն, Պէյրութի մէջ հրատարակած է սփիւռքի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ հանդիսացող «Նոր Սինեմա» շարժանկարային արուեստի պարբերագիրքերը։
2008 թուականին արժանացած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի շնորհած «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին եւ Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանին: Ամուսնացած է ուսուցչուհի, կրթական գործիչ Հայկուհի Աճէմեանին հետ, ունեցած են երեք զաւակներ՝ Հուրի, Արա եւ Արտեմ Փաթափութեաններ: Գիտնական է նաեւ անոր միւս որդին՝ Արա Փաթափութեանը: Իսկ դուստրը՝ Հուրի Փաթափութեանը, աշխատած է Լիբանանի «Եղիշէ Մանուկեան» ազգային վարժարանին մէջ, իբրեւ ուսուցչուհի։
Սարգիս Վահագնի լոյս ընծայած երկերն են՝ «Մատանիներ», պատմուածքներ (Պէյրութ, 1969), արժանացած՝ «Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակ»ին:
«Արմատներ», պատմուածքներ (Երեւան, 1981)։
«Նայիրեան մորմոք», թատերգութիւն (Պէյրութ, 1982), արժանացած՝ «Ալեք Մանուկեան գրական մրցանակ»ին:
«Աշոտ ողորմած», թատերգութիւն (Լոս Անճելըս, 1991)։
«Տագնապը», պատմուածքներ (Լոս Անճելըս, 2000)։
«Արշիլ Կորքի», վէպ (Լոս Անճելըս, 2004), արժանացած՝ «Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան գրական մրցանակ»ին, ինչպէս նաեւ՝ «Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակ»ին։
«Գրական համաստեղութիւն, զանազան փորձագրութիւններ, գրախօսականներ» (Լոս Անճելըս, 2008):
«Շուրջը՝ ոչինչ», թարգմանութիւն՝ Արմէն Լիւպէն-Շահան Շահնուրի ֆրանսերէն ամբողջական բանաստեղծութիւններուն (2010)։
«Ծաղկաքաղ՝ պատմուածքներու» (գրեթէ ամբողջական իր պատմուածքներուն հաւաքածոն, 2017)
«Հաճը՜նը սիրուն», վէպ (Լոս Անճելըս, 2017)
«Ինքս՝ ինձ հետ», յուշավէպ (2019)
«Արշիլ Կորքի» արեւելահայերէնի վերածուած (Երեւան, 2022)
«ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ»Ն՝ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՎԷՊ
Սարգիս Վահագնը մեծ փափաք ունէր, որ մօտ քսան տարի առաջ հրատարակած իր վէպերէն մէկը՝ «Արշիլ Կորքի»ն, արեւմտահայերէնէ փոխադրուի արեւելահայերէնի։ Ան ուրիշ լեզուներու թարգմանել տալու մասին չէր մտածեր, քանի որ վէպին նիւթը, ոգին, բառապաշարը շատ հայկական կը նկատէր, եւ մտավախութիւն ունէր, որ այլ լեզուով հնարաւոր չէ այդ մէկը ճշգրիտ փոխանցել։ 2022 թուականին Երեւանի մէջ վերջապէս լոյս տեսաւ այդ վէպի արեւելահայերէն տարբերակը։ Հեղինակը շատ գոհ էր այդ հրատարակումէն եւ իր շնորհակալութիւնները կը յղէր փոխադրողներուն (Արմէն Սարգսեան եւ Անուշ Ներսիսեան), հրատարակիչին (Ներսէս Տէր-Վարդանեան), գիրքի ձեւաւորումը հաւնած էր եւ ընդհանրապէս ուրախ էր, որ վերջապէս Հայաստանի մէջ զայն լոյս տեսաւ։
Այս վէպի հիմքին մէջ Սարգիս Վահագն դրած է հայրենիքի, ընտանիքի գաղափարը եւ զայն կը ներկայացնէ աշխարհահռչակ մեծանուն նկարիչ Արշիլ Կորքիի կենսագրութեան միջոցով։ Հեղինակը վէպի նախաբանին մէջ կը գրէ, թէ միտուած է ներկայացնելու. «Կորքի վտարանդի հայ մարդուն Գողգոթան…»՝ հաւատարիմ մնալով անոր ոգիի վեհութեան:
Գրողը վէպը գրած է եօթ տարուայ մէջ, եւ նուիրած է Կորքիի ծննդեան 100-ամեակին։ Իսկ ընդհանրապէս, Սարգիս Վահագն, իր գիրքերուն մեծ մասը ձօնած է իր կողակցին, ընտանիքին… Այս գիրքը գրելու մէջ մեծ ներդրում ունեցած է իր ընտանիքը, որ գրողին հետ միասին ապրած է Կորքիով։
Արշիլ Կորքիի մասին գրելու գաղափարը Սարգիս Վահագնին հանգիստ չէ ձգած տակաւին Լիբանան ապրած տարիներուն։
1980-ականներուն Սարգիս Վահագն պատահաբար փարիզեան «Էքսփրէս» շաբաթաթերթին մէջ կարդացած է Շնայտէր անունով արուեստի քննադատի մը մէկ յօդուածը, որ ան Կորքին կը ներկայացնէր իբրեւ հրեայ։ Այդ մէկը վիրաւորանք եւ նաեւ ներքին ընդվզում ծնած է եւ գրողը սկսած է աւելի մօտէն ուսումնասիրել նկարչի կեանքը, արուեստը, անոր հռչակին արձագանգները՝ աշխարհին մէջ։ Նոյն այդ օրերուն Պէյրութի մէկ գրախանութի ցուցափեղկին յայտնուած է Արշիլ Կորքիի կեանքին ու արուեստին նուիրուած պատկերագիրք մը, զոր գնած է անմիջապէս եւ շքեղ այդ հատորի միջոցով ալ աւելի մօտէն ճանչցած է հայ արուեստագէտը։ Վէպ գրելու գաղափարը յայտնուած է արագ, սակայն պատերազմական Պէյրութը բնաւ տրամադրող չէր նման գաղափար մը իրականութիւն դարձնելու համար։ Երբ 1986-1987-ին կ՚որոշեն տեղափոխուիլ Ամերիկա, հոն ալ ամէն ինչ կը սկսի սկիզբէն․ նախ կը սկսի հաւաքել Արշիլ Կորքիի մասին հրատարակուած գիրքեր, նիւթեր, կը փնտռէ փաստաթուղթեր, վաւերագրեր։ Վէպի մը գրողին կը հետաքրքրէ նիւթին մասին ամէն ինչ, քանի որ ան մտադրուած էր տալ Կորքիի կենսագրականը՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ, մինչեւ անոր ողբերգական մահը։ Ինչպէս յայտնի է՝ Կորքի անձնասպանութիւն կատարած էր 1948 թուականին՝ ընտանեկան ծանր պատմութենէ, անբուժելի հիւանդութենէ եւ կարգ մը այլ իրողութիւններէ դրդուած։
Երբ Սարգիս Վահագնի մեծ որդին՝ Արան, կը հաստատուի Պոսթըն, այդ մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ որդիին այցելելու առիթներով նաեւ Պոսթընի մէջ պրպտումներ կատարէ։ Ընտանիքի անդամները միւս կողմէ կ՚աջակցէին եւ նորանոր նիւթեր գտնելով՝ կը փոխանցէին հօրը։ Արան իր ընտանիքին հետ ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ իր հօր եւ մօր հետ՝ դէպի Նիւ Երոք, եւ միասին կը ծանօթանան այն միջավայրին եւ մթնորոլտին հետ, ուր ապրած է Կորքին։ Գրողը կը տեսնէ նկարչին բնակարանը, երկար կը քալէ այն փողոցներով, ուր կը սիրէր զբօսնել Կորքին, կը նստի այն սրճարաններուն մէջ, ուր նաեւ նկարիչը նստած էր… Ճանապարհորդութիւնը կը շարունակուի դէպի Քոնեքթիքըթ նահանգի Շերման գիւղաքաղաքը, ուր իր տառապալից կեանքին վերջ տուած է Կորքի։ Անոր ապրած բնակարանը այդ ժամանակ երիտասարդ ամերիկուհիի մը կը պատկանէր, որ արտօնած է շրջիլ տունին մէջ, ինչ որ սրբավայր կը թուէր գրողին…
Միւս որդին՝ Արտեմ Փաթափութեանը, բնակելով Սան Ֆրանսիսքօ, հօր ամէն այցին նոյնպէս կ՚առաջնորդէր այն վայրերը, որոնք Կորքիի կենսագրութեան հետ առընչութիւն ունեցած են։
Գրողը եղած է նաեւ այն շէնքին մէջ, ուր Կորքին ամուսնացած է Ակնէսին հետ։ Սարգիս Վահագնը ամիսներով ապրած է Կորքիի միջավայրին մէջ, եւ պատահական չէ, որ վէպի յառաջաբանի հեղինակ Երուանդ Ազատեան կը գրէ․ «Կարելի չէ կռահել, թէ այս գործին մէջ ուր կը վերջանայ Կորքին եւ ուր կը սկսի Սարգիս Վահագնը»։
Կորքիի ծանր մանկութիւնը, մօր կորուստը, անշուշտ, մեծ ազդեցութիւն ունեցած են նկարչի վրայ, սակայն Սարգիս Վահագն վստահ է, որ նաեւ Ակնէսի հեռացումը, հիւանդութիւնը եւ արուեստանոցին հրդեհը մեծ պատճառներն էին անոր մահուան…
«Արշիլ Կորքի» վէպը միայն նկարչի մասին չէ, այլ ամերիկեան արուեստի միջավայրի նկարագրութիւնն է նաեւ, ուր մեծ ջանքերով իր տեղը հաստատած էր հայ արուեստագէտը, բայց նոյն միջավայրը նաեւ կործանած է զինք…
ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ՝ ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆԻ ՄԱՍԻՆ
Սարգիս Վահագնի գրելակերպը պարզ է, սահուն առանց ճիգի եւ գրականութիւն ընելու մարմաջի: Այսինքն, իրաւ գրողի մը հետ գործ ունինք հոս: Նախադասութիւններուն կտրուածքը շնորհալի է: Երբ մէկը որ գիտէ գրել. «Հիմա աշուն է մեր փողոցին մէջ, Լիբանանի կանաչ ու խելօք աշունը: Գարնան օրերուն պէս թարմ են խոտերը, իսկ քաղաքապետական ծառերն ալ նազանքով կ՚օրօրեն իրենց մութ կանաչը: Բայց գարունը այնքան հեռու է մտածումէս: Իրիկնամուտը որ կ՚իջնէ շրջակայ տուներուն վրայ, այնպէս ցուրտ է ու գորշ, որ ես ձմեռը կը յիշեմ ու կը տխրիմ ակամայ»: Ուղղակի հրաշալի է։
Զարեհ Որբունի
«Աշխարհ», թերթ,
հոկտեմբեր 1970, Փարիզ
…Շնորհակալութիւն «Մատանիներ»ը ինծի ղրկելուդ համար: Կէս մը հիւանդանոցը, կէս մը տունը կարդացի: Լաւ էր: Լեզուդ ալ լաւ է:
Աւելորդաբանութիւններէ զերծ: «Խնձորը» գիրքիդ էն տպաւորիչ մասն է ինծի համար: Համակ բանաստեղծութիւն է: Զայն կարդալով լացի եւ կրկին պիտի կարդամ: Լիբանանէն երբեմն կու գան գիրքեր՝ որոնք իրենց թուղթը չեն արժեր: Քուկինդ երջանիկ բացառութիւն էր:
Արամ Հայկազ,
յունիս 11, 1970, Նիւ Եորք (նամակ)
Հարցը այն չէ, թէ Սարգիս Վահագն երկար տարիներ ծառայած է հայ գրականութեան: Ծառայողներու թիւը հսկայ է: Հարցը այն է, թէ այդ ծառայութիւնը այնպիսի որակով եղած է որ հպարտութիւն կը բերէ ազգին: Իր գործերէն որեւէ հատոր, որ ձեռքս առնեմ եւ պատահաբար էջ մը բանամ՝ գիտեմ, որ հաճոյքով պիտի կարդամ, որովհետեւ ոչ միայն հարուստ լեզու մը պիտի գտնամ եւ խոր մտածողութիւն, այլ՝ գրական գեղագիտութեան մը արուեստը:
Երբ մարդ կրնայ իր միտքը, հոգին եւ սիրտը ադամանդի թելերով կապել եւ իւրայատուկ կերպով շղթայուած՝ խօսքեր հրամցնել ընթերցողին՝ ստեղծագործական հրաշքը կատարուած է:
Վահագնի վերջին գործերէն, Շահան Շահնուրի «Շուրջը՝ ոչինչ» բանաստեղծութիւններու ֆրանսերէնէն թարգմանութիւնը գանձ մըն է, նուէր մը՝ հայ գրականութեան: Այդ թարգմանութեան ընտրութիւնը պատահական չէր: Վահագնին մէջ կայ արտակարգ, բացառիկ հասկացողութիւն մը իրաւ գրականութեան արժէքին հանդէպ: Ես միայն ընտրեալ մարդոց մէջ տեսած եմ այդ յատկութիւնը»:
Ալիսիա Կիրակոսեան
Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի մէջ ելոյթ
Մայիս 31, 2007, Կլենտէյլ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան