ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒՈՂ ԼՐԱԳՐՈՂԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ. ՔՐԻՍՏԻԱՆ ԱՄԱՆՓՈՒՐԻ 43 ՏԱՐԻՆԵՐԸ «ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.»Ի ՄԷՋ
Պատերազմներու կրակին մէջէն՝ աշխարհի ամենահզօր ղեկավարներու հարցազրոյցներուն՝ իր անունը միջազգային լրագրութեան պատմութեան մէջ արձանագրած աշխարհահռչակ լրագրող Քրիստիան Ամանփուր 2027 թուականի յունիսին հրաժեշտ պիտի տայ հեռուստաընկերութեան, որուն հետ կապուած է իր մասնագիտական կեանքին մեծ մասը։ Հակառակ որ բաւական ժամանակ կայ, բայց միջազգային լրատուամիջոցները արագ եւ քիչ մըն ալ տագնապալի կերպով տարածեցին այս լուրը, որովհետեւ ենթադրելի է, որ Ամանփուրի պէս լրագրողներու՝ ասպարէզէն հեռացումով կը փակուի դասական հեռուստատեսային լրագրութեան դարաշրջանի ամենաազդեցիկ էջերէն մէկը։ Լրագրողին մեկնումը ո՛չ միայն անձնական ասպարէզի աւարտ է, այլեւ լուրջ մարտահրաւէր ու շրջադարձային պահ՝ ճշմարտութեան, պատասխանատուութեան եւ անկախ մամուլի արժէքները պահպանելու պայքարին մէջ։
«Սի. Էն. Էն.»ի միջազգային գլխաւոր հաղորդավարը այսպիսով կ՚աւարտէ 43 տարուան իր մասնագիտական ճանապարհը հեռուստաընկերութեան մէջ։ Այս որոշումը նոր էջ մը կը բանայ լրագրողի մը կեանքին մէջ, որ տասնամեակներ շարունակ աշխարհի ամենալարուած ու վտանգաւոր վայրերէն հաղորդած է իրադարձութիւններու մասին՝ փորձելով լսելի դարձնել ճշմարտութիւնը եւ բացայայտել պատերազմներու, քաղաքական բախումներու ու մարդկային ողբերգութիւններու իրական պատկերը։
68-ամեայ Ամանփուր իր հրաժեշտի յայտարարութեան մէջ կը գրէ. «Բազմաթիւ ամիսներ մտածելէ եւ քանի մը անքուն գիշերներէ ետք որոշեցի բաժնուիլ «Սի. Էն. Էն.»էն՝ իմ 43 հրաշալի տարիներու գործընկերոջմէս»։
Ան յայտնած է, որ յառաջիկային կը սպասէ նոր ու հետաքրքրական ծրագիրներու, սակայն, պիտի շարունակէ հետեւիլ «Սի. Էն. Էն.»ի գործունէութեան եւ թիկունք կանգնիլ անոր անկախ լրագրութեան աւանդութեան։ Իր խօսքը կ՚աւարտէ մասնագիտական համոզում մը արտայայտող պատգամով. «Միշտ հաւատարիմ եղէք ճշմարտութեան, ո՛չ թէ չէզոքութեան»։
Այս կարճ նախադասութիւնը կարծես կ՚ամփոփէ Ամանփուրի լրագրողական կեցուածքը, որուն շուրջ տարիներու ընթացքին թէ՛ հիացմունք, թէ՛ բանավէճեր ծաւալած են։
ՍԿԻԶԲԸ՝ ԱԹԼԱՆԹԱՅԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Քրիստիան Մարիա Հայտըհ Ամանփուր ծնած է 1958 թուականին՝ Լոնտոնի Իլինկ շրջանը։ Իր հայրը՝ Մուհամմէտ Թաղի Ամանփուր, իրանցի էր, իսկ մայրը՝ Էն Փաթրիշա Հիլ, բրիտանուհի։ Ընտանիքը զանազան մշակութային եւ կրօնական միջավայրերու միաւորում մըն էր. հայրը շիի մահմետական էր, մայրը՝ կաթողիկէ։
Ամանփուր իր մանկութիւնը անցուցած է Թեհրանի մէջ։ Տասնմէկ տարեկանին զինք Անգլիա ղրկած են ուսումը շարունակելու համար։ Պարսկերէն ալ կը խօսէր։ Նախ յաճախած է Պաքինկհըմշըրի Սուրբ Խաչի մենաստանային աղջկանց դպրոցը, ապա՝ Էսեքսի Նիւ Հոլլ կաթողիկէ դպրոցը։
Ուսումը Անգլիոյ մէջ աւարտելէ ետք վերադարձած է Իրան։ Հայրը «Իրան Էյր» օդային ընկերութեան գործադիր պատասխանատուներէն էր, սակայն, 1979-ի Իրանի յեղափոխութենէն ետք կորսնցուցած է իր պաշտօնն ու նիւթական միջոցները։ Նոյն տարին ընտանիքը տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Ամանփուր լրագրութիւն ուսանած է Ռոտ Այլընտի համալսարանին մէջ։ Ուսանողական տարիներուն աշխատած է տեղական ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայաններու մէջ, իսկ 1983-ին համալսարանը աւարտած է գերազանց արդիւնքով՝ ստանալով լրագրութեան պսակաւորի աստիճան։
Նոյն տարին աշխատանքի ընդունուած է «Սի. Էն. Էն.»ի Աթլանթայի միջազգային լուրերու բաժնին մէջ՝ որպէս սկսնակ խմբագրական օգնական։ Անոր առջեւ երկար ճանապարհ մը կար։ Սկիզբը անոր պարտականութիւնները հեռու էին այն դիրքէն, զոր պիտի գրաւէր յետագային. Սակայն, երիտասարդ լրագրողը աստիճանաբար բարձրացաւ՝ դառնալով միջազգային լրատուութեան ամենաճանչցուած դէմքերէն մէկը։
Ըստ «Սի. Էն. Էն.»ի ղեկավար Մարք Թամփսընի՝ Ամանփուրի առաջին տարիներուն պատասխանատուներէն մէկը նոյնիսկ կասկածած էր, թէ ան կրնայ դառնալ արտասահմանեան թղթակից կամ հեռատեսիլի հաղորդավար։ Տասնամեակներ ետք Թամփսըն այդ դրուագը յիշած է՝ ընդգծելու համար, թէ լրագրողը ինչպէ՛ս ապացուցած էր իր կարողութիւնը։
ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ
1983-ին «Սի. Էն. Էն.»ին միանալէ ետք Ամանփուր առաջին նշանակալի առաքելութիւնը ստացած է Իրան-Իրաք պատերազմի լուսաբանման համար։ 1986-ին տեղափոխուած է «Սի. Էն. Էն.»ի Նիւ Եորքի գրասենեակ, ապա գործուղուած է Արեւելեան Եւրոպա՝ լուսաբանելու համայնավարական վարչակարգերու անկումն ու ժողովրդավարական յեղափոխութիւնները։ Աւելի ուշ, Արեւմտեան Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքէն հաղորդած է Եւրոպայի քաղաքական վերափոխումներուն մասին։
1990-ին Իրաքի կողմէ Քուէյթի գրաւումէն եւ Պարսից ծոցի պատերազմին սկիզբէն ետք Ամանփուրի հաղորդումները զինք միջազգային լայն ճանաչումի արժանացուցին։ Անոր անունը կապուեցաւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ աշխատանք տանելու, հակամարտութիւններու կեդրոնէն հաղորդելու եւ քաղաքական իրադարձութիւններու մարդկային հետեւանքները ներկայացնելու հետ։
Պարսից ծոցի պատերազմէն ետք ան լուսաբանեց Պոսնայի պատերազմը, Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը, Աֆղանիստանի ու Իրաքի պատերազմները, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի հակամարտութիւնը, Սոմալիի ճգնաժամը, եղաւ Պալքաններ եւ բազմաթիւ այլ թէժ կէտեր։ Ան նաեւ հաղորդած է ԱՄՆ-էն՝ «Քաթրինա» փոթորիկի հետեւանքներուն մասին։
Պոսնայի պատերազմը յատուկ տեղ ունի Ամանփուրի մասնագիտական կենսագրութեան մէջ։ Սարայեւոյի պաշարման տարիներուն անոր հաղորդումները լայն արձագանգ գտան։ Ան հարցազրոյց ունեցած է սերպ զօրավար Ռաթքօ Մլատիչի հետ, որ յետագային դատապարտուեցաւ ցեղասպա-նութեան յանցագործութիւններու համար։
Պատերազմի ընթացքին Ամանփուրի հաղորդումներուն վերաբերեալ հնչած են նաեւ քննադատութիւններ։ Ոմանք զինք մեղադրած են կողմնակալութեան մէջ՝ պնդելով, թէ ան իր լուսաբանումներով կը նպաստէր պոսնացի մահմետականներու դիրքորոշումին։ Լրագրողը մերժած է այն գաղափարը, թէ առարկայականութիւնը կը պահանջէ բոլոր կողմերը ներկայացնել առանց տարբերակման, նոյնիսկ երբ խօսքը ցեղասպանութեան կամ խաղաղ բնակչութեան դէմ գործուած ոճիրներու մասին է։
Ան իր դիրքորոշումը բացատրած է հետեւեալ բառերով. «Կան իրավիճակներ, որոնց մէջ կարելի չէ չէզոք մնալ, որովհետեւ երբ չէզոք ես, մեղսակից կը դառնաս։ Առարկայական ըլլալ չի նշանակեր բոլոր կողմերուն հաւասար վերաբերմունք ցուցաբերել։ Կը նշանակէ իւրաքանչիւր կողմի խօսելու կարելիութիւն տալ»։
Այս խօսքը դարձած է Ամանփուրի լրագրողական փիլիսոփայութեան ամենայայտնի արտայայտութիւններէն մէկը։ Անոր համար կարեւոր էր լսել տարբեր կողմերու բացատրութիւնները, սակայն, նոյնքան կարեւոր՝ չթաքցնել փաստերը եւ չջնջել զոհերուն մարդկային ներկայութիւնը քաղաքական հաշիւներու ետին։
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
1992-2010 թուականներու միջեւ Ամանփուր եղած է «Սի. Էն. Էն.»ի միջազգային գլխաւոր թղթակիցը։ Իր գործունէութեան ընթացքին հարցազրոյցներ վարած է Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ աշխարհի այլ շրջաններու քաղաքական առաջնորդներուն հետ։
Ան զրուցած է Իրանի նախագահներ Մուհամմէտ Հաթեմիի եւ Մահմուտ Ահմետինեճատի, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի, Սուտանի եւ Սուրիոյ նախագահներուն հետ։ Իր զրուցակիցներու շարքին եղած են նաեւ Հիլըրի Քլինթըն, Նիքոլաս Մատուրօ, Հասան Ռուհանի, Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անկելա Մերքէլ, Ճոն Քերի, Տալայ Լամա, Ռոպերթ Մուկապէ, Մուամմէր Քատտաֆի։
2001 թուականի սեպտեմբերի ահաբեկչութիւններէն ետք ան առաջին միջազգային թղթակիցն էր, որ հարցազրոյցներ վարեց Անգլիոյ վարչապետ Թոնի Պլէյրի, Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի եւ Փաքիստանի նախագահ Փերվեզ Միւշերեֆի հետ։
Անոր զրուցակիցները միայն քաղաքական գործիչներ չէին։ Ամանփուր հարցազրոյցներ ունեցած է Յունաստանի նախկին թագաւոր Քոնստանդին Բ.-ի, Իրանի գահաժառանգ Ռըզա Փեհլեւիի, Անճելինա Ճոլիի, Թոմ Հենքսի եւ Մերիլ Սթրիփի նման հանրածանօթ դէմքերու հետ եւ զանազան առիթներով անդրադարձած է մշակութային ու հասարակական հարցերու։
1996-2005 թուականներու միջեւ ան նաեւ աշխատակցած է «60 Minutes» յայտնի հաղորդման՝ տարեկան չորս-հինգ խորքային միջազգային զեկոյցներ պատրաստելով։
ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ
Ամանփուրի լրագրական գործունէութիւնը գնահատուած է բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցանակներով։ Ան ստացած է «Փիպոտի» մրցանակներ՝ 1993 եւ 1998 թուականներուն, իսկ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին արժանացած է նաեւ հեռատեսիլային լրագրութեան շարք մը կարեւոր պարգեւներու։
Անոր մրցանակներու շարքին են «Նիուզ Էմմի»ի եւ վաւերագրական հաղորդումներու Էմմիի մրցանակները, «Ճորճ Փոլք»ի երկու մրցանակները, «ՏիւՓոն-Քոլումպիա»ի երեք մրցանակները եւ «Լրագրութեան մէջ քաջութիւն» պարգեւը։ Ան ստացած է նաեւ ինն պատուոյ գիտական աստիճան եւ արժանացած է Բրիտանական կայսրութեան հրամանատարի՝ CBE տիտղոսին։
Ամանփուր Սարայեւոյի պատուոյ քաղաքացի է։ 2015 թուականէն ի վեր ան կը ծառայէ իբրեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան՝ խօսքի ազատութեան եւ լրագրողներու անվտանգութեան ուղղութեամբ։ Լրագրողը անդամ է Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին եւ մաս կը կազմէ Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբին, Հանրային ամբողջականութեան կեդրոնին, Կին լրագրողներու միջազգային հիմնադրամին եւ Պատերազմի ու խաղաղութեան լուսաբանման հիմնարկի ղեկավար մարմիններուն։
Ամանփուրի մասնագիտական ուղին զերծ չէ եղած քաղաքական ճնշումներու եւ վիճայարոյց դրուագներու ազդեցութենէն։ 2015-ին, «Շարլի Էպտօ» երգիծաթերթի խմբագրութեան վրայ յարձակումէն ետք, ան «Սի. Էն. Էն.»ի եթերով յարձակող ծայրայեղականները անուանած էր «աքթիւիստներ»՝ արտայայտութիւն մը, որ քննադատութեան ենթարկուեցաւ։ 2020-ին ան Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի քաղաքականութիւնը համեմատած էր նացիներու եւ «Բիւրեղեայ գիշեր»ի հետ։ Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ հրեայ կազմակերպութիւններու մէկ մասը պահանջած էին, որ ան հրապարակաւ ներողութիւն խնդրէ՝ Հոլոքոստի ողբերգութիւնը նսեմացնելու մեղադրանքով։
2024 թուականի փետրուարին Ամանփուր եւ «Սի. Էն. Էն.»ի շարք մը աշխատակիցներ առերեսած են հեռուստաընկերութեան ղեկավարները՝ Իսրայէլի եւ Կազզէի պատերազմի լուսաբանումին մէջ իրենց նկատած երկակի չափանիշներուն վերաբերեալ։ Այս դրուագները ցոյց կու տան, թէ միջազգային լրագրութեան մէջ ճշմարտութեան, չէզոքութեան եւ քաղաքական ազդեցութիւններու սահմաններուն շուրջ վէճերը որքան զգայուն են։
2026 թուականի մայիսին Ամանփուր արտայայտած էր իր մտահոգութիւնը «CBS News»ի ուղղութեան եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող գաղափարախօսական փոփոխութիւններուն մասին։ Այս համատեքստին մէջ «Սի. Էն. Էն.»էն իր հեռացումը նոր հարցումներ յառաջացուցած է։ Սակայն, լրագրողը հեռանալու յայտարարութեան մէջ չէ նշած որոշման յստակ պատճառ մը եւ առայժմ հիմնաւորուած չէ իր հեռացումը ուղղակիօրէն կապել հեռուստաընկերութեան սեփականատիրական փոփոխութիւններուն։
«Սի. Էն. Էն.»ի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Մարք Թամփսըն իր պաշտօնակիցներուն ուղղած յուշագրին մէջ յայտնած է, թէ ինք եւ Ամանփուր ամիսներէ ի վեր քննարկած էին այս որոշումը։ Անոր բառերով՝ շատ կը ցաւի լրագրողի հեռացումին համար, սակայն, ընդունած է, որ անձնական եւ մասնագիտական առումներով անոր համար յարմար պահն է։
Թամփսըն շնորհակալութիւն յայտնած է Ամանփուրին՝ 43 տարուան բացառիկ լրագրութեան, հաւատարմութեան եւ բարեկամութեան համար, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ հեռուստաընկերութիւնը առիթ պիտի ունենայ տօնելու անոր վաստակը մինչեւ յաջորդ տարի անոր մեկնումը։
ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ՄԸ՝ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Ամանփուրի հեռացումը պիտի կատարուի աստիճանաբար, որու ընթացքին նախատեսուած են յայտագրի էական փոփոխութիւններ։ 2025 թուականի յունուարէն սկսեալ ան արդէն կրճատած էր իր ամէնօրեայ հաղորդումը՝ վարելով զայն շաբաթական քանի մը օր։
2027 թուականի ունուարէն սկսեալ «Amanpour» ծրագիրը «Սի. Էն. Էն. միջազգային»ով պիտի դառնայ շաբաթական մէկ անգամ, մինչեւ որ ամբողջութեամբ աւարտի 2027 թուականի մայիսին։
Մինչեւ 2027 թուականի յունիսը՝ վերջնական հեռացումի պահը, ան պիտի շարունակէ շրջագայիլ, աշխարհի տարբեր վայրերէն լրատուութիւններ ու զեկուցումներ պատրաստել «Սի. Էն. Էն.»ի համար։
Միաժամանակ, ան կը նախանշէ նաեւ այլ նախագծեր։
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԻՆ
Ամանփուր 1998 թուականի օգոստոսի 9-ին ամուսնացած է Ճէյմս Ռուպինի հետ՝ Իտալիոյ Պրաչիանօ քաղաքին մէջ, Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Ռուպին նախկին ամերիկացի դիւանագէտ մըն է. ան ծառայած է իբրեւ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց փոխ-նախարար եւ նախագահ Պիլ Քլինթընի վարչակազմին մէջ եղած է պետական քարտուղարութեան բանբեր։ Ան նաեւ եղած է Հիլըրի Քլինթընի եւ Պարաք Օպամայի խորհրդատու։
Զոյգի որդին՝ Ճոն Տարիուս Ռուպին, ծնած է 2000 թուականին։ Ընտանիքը երկար տարիներ բնակած է Լոնտոնի մէջ, ապա՝ Նիւ Եորքի, եւ 2013 թուականին որոշած է կրկին հաստատուիլ Լոնտոն։ 2018 թուականին Ամանփուր եւ Ռուպին յայտարարած են իրենց ամուսնալուծութեան մասին։ Անոնք, սակայն, յետագային միասին ձեռնարկած են «The Ex Files» հաղորդումի պատրաստութեան։
Ամանփուր իր առողջական խնդիրներուն մասին եւս հրապարակաւ խօսած է։ 2021 թուականի յունիսին ան յայտնած էր, որ իր մօտ յայտնաբերուած է ձուարանի քաղցկեղ, եւ յաջող վիրահատութենէ ետք պիտի անցնի քանի մը ամիս տեւող քիմիաբուժութեան ընթացքէ մը։ 2025 թուականի հոկտեմբերին ան բացայայտած էր, որ հիւանդութիւնը վերադարձած է։ Այս անձնական փորձառութիւնը, սակայն, անոր հրապարակային գործունէութեան առանցքը չէ դարձուցած. ան շարունակած է աշխատիլ եւ բարձրաձայնել լրագրութեան ու հասարակական կեանքի վերաբերող հարցերու մասին։
ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ
Քրիստիան Ամանփուրի սերունդին լրագրողները լուրեր կը բերէին պատերազմի դաշտերէն՝ վտանգելով իրենց կեանքը, հարցազրոյցի մը համար կը սպասէին օրերով ու շաբաթներով, կը ստուգէին փաստերը եւ իրենց հեղինակութիւնը կը դնէին ամէն հաղորդումի ետին։ Այսօր աշխարհը շատ աւելի արագ կը շարժի։ Լուրը կրնայ վայրկեաններու ընթացքին հասնիլ միլիոնաւոր մարդոց, սակայն, նոյն այդ արագութիւնը կրնայ ճշմարտութիւնը թաղել ապատեղեկատուութեան, կեղծ պատկերներու եւ չստուգուած պնդումներու տարափին տակ։
Արդեօք յաջորդ սերունդի լրագրութիւնը պիտի շարունակէ՞ այս աւանդոյթը, թէ աշխարհը արդէն բոլորովին այլ ուղի բռնած է։ Արհեստական բանականութեան, ընկերային ցանցերու եւ անմիջական հաղորդակցութեան դարուն ի՞նչ պիտի մնայ այն լրագրութենէն, որուն համար փաստի ստուգումը, տեղւոյն վրայ ներկայութիւնը եւ հանրութեան առջեւ պատասխանատուութիւնը մասնագիտական պատուի հարցեր էին։
Թերեւս փոխուին լրատուութեան ձեւերը, հաղորդման միջոցները եւ լրագրողի աշխատանքին գործիքները։ Թերեւս ապագայ լրագրողը աւելի քիչ ժամանակ ունենայ մտածելու, աւելի շատ մրցակիցներու հետ պայքարի եւ աւելի բարդ պայմաններու մէջ փորձէ զանազանել իրականը կեղծէն։ Սակայն, եթէ լրագրութիւնը կորսնցնէ ճշմարտութիւնը փնտռելու իր առաքելութիւնը, կրնայ արագօրէն տեղեկութիւն տարածել, բայց այլեւս չկարենալ հասարակութեան վստահութիւնը շահիլ։
Պիտի շարունակէ՞ լրագրութիւնը մնալ իշխանութիւնը հարցականի տակ դնող, մոռցուածներուն ձայն տուող եւ հանրային շահը պաշտպանող մասնագիտութիւն, թէ՝ պիտի վերածուի արագ սպառուող տեղեկութիւններու անվերջ հոսքի։
Բան մը սակայն, յստակ է՝ եթէ նոյնիսկ աշխարհ փոխէ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները, մարդկութիւնը միշտ պէտք պիտի ունենայ այն անվախ բանբերներուն, որոնք պատրաստ են վտանգել ամէն ինչ՝ պարզապէս ըսելու համար այն, ինչ որ կայ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան