ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՎԵՆԵՏԻԿԸ՝ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑԱԾ - ՅՈՒՇԱՏԱԽՏԱԿ Ի ՆՇԱՆ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Վենետիկը՝ դարերու ընթացքին մշակոյթներու, ժողովուրդներու եւ գաղափարներու հանդիպման խաչմերուկը, վերջերս դարձաւ հայկական հոգեւոր ներկայութեան նոր խորհրդանիշ մը կրող վայր։

Հայ մեծանուն գրող Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական միջոցառումներու շրջանակին մէջ Վենետիկի Տորսոտուրօ թաղամասի թիւ 2266 հասցէին վրայ զետեղեցաւ Աւետիք Իսահակեանի յուշատախտակը։ Անիկա դրուեցաւ այն շէնքին վրայ, ուր ապրած է Աւետիք Իսահակեան իր վենետիկեան տարիներուն։

Վենետիկը Աւետիք Իսահակեանի կեանքին մէջ եղած է հոգեւոր վերածնունդի եզակի կանգառ մը։ 1921-1926 թուականներուն Վարպետը (ինչպէս զինք կը կոչէին) ընտանիքով հաստատուած է Տորսոտուրօ թաղամասի հինաւուրց առանձնատան մը մէջ։ Այդ տունը, ժամանակին կը պատկանէր վենետիկեան Տէ Մարքիներու ազնուական ընտանիքին եւ շրջապատուած էր պարտէզով՝ հազուագիւտ երեւոյթ մը Վենետիկի խիտ կառուցապատման մէջ։

Իսահակեանի որդիին՝ Վիգէն Իսահակեանի յուշերուն մէջ այս տունը կը նկարագրուի որպէս խաղաղ ապաստան մը, ուր ստեղծագործութիւնը կը հոսէր բնական շնչառութեան պէս։ Վիգէն Իսահակեան կը վկայէ, որ հօր աշխատասենեակը կը գտնուէր երկրորդ յարկին վրայ՝ բացուած դէպի պարտէզը։ Պատուհանին մօտ աղաւնիներ կը հաւաքուէին՝ իրենց մեղմ ձայնով լրացնելով լռութիւնը, իսկ սենեակին մէջ կախուած էր Հայաստանի քարտէսը եւ Իսահակեանի մօր՝ Ալմաստի (Ապլա կը կոչէին մայրը) պատկերը։ 

Այդ փոքրիկ աշխարհին մէջ Իսահակեան կը շարունակէր ապրիլ հայրենիքի կարօտով, բայց նաեւ կը բացուէր նոր ներշըն-չումներու առջեւ։

Վենետիկը Իսահակեանի համար լոկ իտալական քաղաք մը չէր, այլեւ Մխիթարեաններու հոգեւոր ներկայութեամբ ողողուած վայր։ Սուրբ Ղազար կղզիի դարաւոր ժառանգութեան շունչը անկասկած իր դերն ունեցած է Վարպետի «վերածնունդին» մէջ։ Այս կապը կը շեշտէ, որ ան օտարութեան մէջ չէր, այլ հայկական մշակոյթի եւրոպական բնօրրանին մէջ։

Վենետիկի տարիները նշանաւորուեցան ստեղծագործական բացառիկ արգասաբերութեամբ։ Հոն գրուեցան եւ մշակուեցան Իսահակեանի գեղարուեստական գոհարներէն բազմաթիւ գործեր՝ «Ռաւեննայում», «Հայրենիքիս», «Լիլիթ», ինչպէս նաեւ «Սասմա Մհեր»էն կարեւոր բաժիններ։ Այդ շրջանին լոյս տեսաւ նաեւ «Աշնան ծաղիկներ» ժողովածուն՝ իր խոհական, երբեմն մելամաղձոտ, բայց միշտ նուրբ քնարականութեամբ։ Գրականագէտներ միաժամանակ կը նշեն, որ Վենետիկի մէջ Աւետիք Իսահակեանի լեզուն դարձաւ աւելի զտուած ու արեւմտահայերէնի նրբութեամբ համեմուած։ Վենետիկը գրողին տուաւ «եւրոպական» յղկուածութիւն, որ միախառնուեցաւ իր շիրակեան բնազդական ուժին հետ։

Այդ քաղաքին մէջ ծնունդ առաւ նաեւ անոր ամենէն նուրբ սիրային ներշնչումներէն մէկը՝ նուիրուած Ռիալթոյի կամուրջին վրայ հանդիպած անծանօթ վենետիկուհիին․

«Մի մրահոն աղջիկ տեսայ Ռիալթոյի կամուրջին…»։

Պատահական չէ, որ Վենետիկի մէջ զետեղուած յուշատախտակին վրայ Ռիալթոյի կամուրջն ալ պատկերուած է։

Վենետիկը նաեւ դարձաւ հայ մշակութային հանդիպումներու կեդրոն մը։ Այստեղ, ջուրերու վրայ ծփացող քաղաքին մէջ, կը կազմուէր հայկական մտքի փոքրիկ, բայց լուսաւոր կղզի մը։

Իսահակեանի ապրած տունը վերածուած էր ստեղծագործական ու մտաւորական հանդիպումներու վայրի։ Վենետիկեան շրջանին Իսահակեան կ՚ապրի նաեւ ժամանակի բերած տխուր եւ ուրախ լուրերով ու հանդիպումներով։ Այստեղ է, որ կը տեղեկանայ սիրելի ընկերոջ՝ Յովհաննէս Թումանեանի մահուան մասին, Վենետիկի մէջ կը լսէ նաեւ Ալեքսանդր Միասնիկեանի մահուան գոյժը։ Միաժամանակ այստեղ կը հանդիպի եւ կը մտերմանայ Սարեանի, Չարենցի եւ Սպենդիարեանի հետ։ Այս հանդիպումները կը վերածուին մշակութային կենդանի շունչի, որ կը հարստացնէ թէ՛ իր մտածողութիւնը, թէ՛ ստեղծագործութիւնը։

Վենետիկի մէջ բացուած յուշատախտակը կը յիշեցնէ այդ տարիները` վերակենդանացնելով այդ ժամանակուայ շունչը։

Ռիալթոյի կամուրջին պատկերով եւ Իսահակեանի սիրելի Երերույքի տաճարի զարդանախշով զարդարուած այս յուշատախտակը կը միացնէ երկու աշխարհներ՝ Իտալիան եւ Հայաստանը, ինչպէս Իսահակեանի ստեղծագործութիւնն իսկ միացուցած էր զանոնք։

Յուշատախտակի զետեղման նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձած է Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու համատեղ ջանքերով։ 

Միջոցառման իրականացման մէջ կարեւոր դեր ունեցած են նաեւ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը եւ Վենետիկի հայկական հիւպատոսարանը։

Հանդիսութեան ներկայ էին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հիւրեր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Ալֆրէտ Քոչարեան, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան, Վենետիկի պրեֆեկտ Տարկօ Փելլոս, փոխ-քաղաքապետ Սիմոնէ Վենտուրինի, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի անդամներ, մշակոյթի սիրահարներ, Հայաստանէն հիւրեր, որոնց կարգին էր նաեւ Իսահակեանի ծոռնուհին։ Այս բազմազան շրջանակներու ներկայութիւնը կը վկայէ, որ նախաձեռնութիւնը կը գերազանցէր պարզ յուշ-արարողութեան սահմանները՝ վերածուելով ժողովուրդներու միջեւ մշակութային կամուրջի։

Իր ելոյթին մէջ Ալֆրէտ Քոչարեան ընդգծեց Վենետիկի առանձնայատուկ դերը որպէս քաղաք, ուր դարեր շարունակ հանդիպած են մշակոյթներ, գաղափարներ եւ ժողովուրդներ։ Ան նշեց, թէ մեծ պատիւ է գտնուիլ այս քաղաքին մէջ՝ արժեւորելու Իսահակեանի յիշատակը եւ բանալու յուշատախտակ մը այն տան պատին, ուր ապրած է մեծ բանաստեղծը։ Ան յիշեց նաեւ, որ անցնող տարուան ընթացքին կազմակերպուած են բազմաթիւ միջոցառումներ՝ նուիրուած Իսահակեանի 150-ամեակին։

Դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան իր խօսքին մէջ նոյնպէս շեշտեց, թէ Վենետիկի մէջ Իսահակեանի յուշատախտակի բացումը կարեւոր մշակութային իրադարձութիւն մըն է, որ միաժամանակ կը հանդիսանայ յարգանքի տուրք մեծ գրողին եւ նոր վկայութիւն հայ-իտալական մշակութային կապերու ամրապնդման ու շարունակականութեան մասին։

Յուշատախտակը, որուն ճարտարապետն է Հայկ Ասատրեան, իր մէջ կը պարունակէ նաեւ ճեպարձագանգ ծածկագիր, որ այցելուներուն հնարաւորութիւն կու տայ դիտելու «Իսահակեանը եւ Վենետիկը» տեսանիւթը՝ աւելի խոր ճանաչելու համար գրողի կեանքի այս կարեւոր շրջանը։

Իսահակեանի՝ վենետիկեան շրջանին վերաբերող արժէքաւոր նիւթեր այսօր կը պահպանուին Վարպետի տուն-թանգարանին մէջ, որ ներկայիս յիշատակի վայր մըն է ու մշակութային կեդրոն։ Անոր մէկ ուրիշ տուն-թանգարանն ալ կը գտնուի Կիւմրի, ուր ծնած է գրողը։ 

ԿԵԱՆՔ ՄԸ՝ ԿԱՐՕՏԻ, ՊԱՅՔԱՐԻ ԵՒ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄԻ ՄԷՋ

Աւետիք Իսահակեանի տոհմը կը ծագի Պայազիտէն, ուր ապրած էր իր նախահայրը՝ Իսահակ Իսահակեանը։ Ընտանիքը, պատմական փոթորիկներու մէջ ներքաշուած, կը գաղթէ եւ կը հաստատուի Շիրակի մէջ՝ բերելով իր հետ կենսափորձ եւ մշակութային հարուստ ժառանգութիւն։ Անոր նախնիները՝ Նիկողայոսն ու Աբրահամը, օժտուած էին ստեղծագործական ձիրքով՝ կը գրէին, կ՚երգէին, կը նուագէին։

Ծնած 1875 թուականին Ալեքսանդրապոլի՝ այսօրուայ Կիւմրի քաղաքին մէջ՝ Իսահակեան մեծցաւ սիրով ու հոգատարութեամբ լի ընտանիքի մը յարկին տակ։ Մայրը՝ Ալմաստը, դարձաւ անոր կեանքի ամենէն խոր ազդեցութիւն ունեցող կերպարը՝ երբեմն նոյնիսկ վերածուելով հայրենիքի խորհրդանիշի։

Կրթական ուղին սկսաւ տեղական դպրոցներէն, ապա շարունակուեցաւ Հառիճի վանքին մէջ եւ Գէորգեան ճեմարանը, ուր ան ծանօթացաւ ժամանակի մեծ մտաւորականներու հետ։ Սակայն, ճեմարանի խիստ կանոնները չկարողացան զսպել անոր ազատատենչ ոգին եւ ան ընտրեց ինքնուրոյն ուղի մը։

Երիտասարդ Իսահակեանի կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ առաջին սէրը՝ Շուշանիկ Մատակեանը։ Այս սիրոյ պատմութիւնը կը դառնայ անոր վաղ շրջանի քնարականութեան հիմնական ներշնչանքներէն մէկը։

1893 թուականին գրողը կը մեկնի Եւրոպա՝ Լայպցիկի համալսարան, ուր կը խորանայ փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան մէջ։ Գերմանական միջավայրը մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ անոր մտածողութեան վրայ, սակայն, կը մնայ սերտ կապուած հայրենիքին՝ արձագանգելով ազգային ողբերգութիւններուն իր բանաստեղծութեամբ։

Իսահակեան կը ներգրաւուի նաեւ քաղաքական պայքարի մէջ։ Կը ձերբակալուի, կը բանտարկուի, սակայն, չի դադրիր պայքարէն՝ գրականութիւնը վերածելով ազգային ձայնի։

Վերջապէս, 1936 թուականին ան վերջնականօրէն կը վերադառնայ հայրենիք՝ իր կեանքի վերջին շրջանը ապրելու համար։

Կը դառնայ գրական կեանքի առանցքային դէմք մը եւ կը ղեկավարէ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը մինչեւ իր մահը՝ 1957 թուականը։

Այս ամբողջ ուղին կը բացայայտէ մարդ մը, որ խորապէս ներգրաւուած էր իր ժողովուրդի ճակատագրին մէջ։ Իսկ Վենետիկը կը մնայ որպէս այդ ուղիին լուսաւոր եւ հոգեւոր կանգառը, ուր Իսահակեան գտաւ իր ներքին խաղաղութիւնը եւ ստեղծագործական նոր թռիչքը։ Նորաբաց յուշատախտակը մեզի կը յիշեցնէ, որ հայ մշակոյթը համաշխարհային մշակոյթի անբաժան ու հաւասարազօր մասնիկն է։ 

Իսահակեանի 150-ամեակին առթիւ նոյն օրերուն Մխիթարեան միաբանութեան յարկին տակ բացուեցաւ «Աւետիք Իսահակեանը եւ Վենետիկը» խորագրեալ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որուն կազմակերպումը իրականացած է Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան սերտ համագործակցութեամբ։

ԱՊԼԱՆ. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՔՆԱՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՂԲԻՒՐԸ

Աւետիք Իսահակեանի կեանքն ու գրականութիւնը կարելի չէ պատկերացնել առանց անոր պաշտելի մօր՝ Ալմաստ Ղլտճեանի լուսաւոր կերպարին։ Իսահակեան զինք «Ապլա» կոչած է՝ «մեծ քոյր» իմաստով։ 

Վարպետին ճակատագիրը, կարծես կանխորոշուած ըլլալով պատմութեան փոթորիկներով, մօր ու որդիի յարաբերութիւնները դարձուց հոգեկան տառապանքի եւ անհուն կարօտի պատմութիւն մը։

Ալմաստ Ղլտճեանը ծնած է 1833 թուականին Ալեքսանդրապոլի մէջ՝ Կարսէն գաղթած Ղլտճեան Գաբրիէլ հաճի աղայի ազնուական ընտանիքի յարկին տակ։ Հազիւ 17 տարեկան, ան ամուսնացած է Պայազիտէն գաղթած Նիկողայոս աղայի որդւոյն՝ Սահակ Իսահակեանի հետ։ Շատ շուտով, Ալմաստը դարձած է Իսահակեաններու մեծ գերդաստանին բարի պահապանը, տան սիրտն ու հոգին։

Ինքը՝ Վարպետը, զուսպ ու գեղեցիկ տողերով կը բնութագրէր իր ծնողները.

«Ահա՛ հայրս ու մայրս. հայրս՝ լուրջ դէմքով, բարի ու պատկառելի, մայրս՝ սրբուհիի պատկերով, անուշ, վշտոտ ու գթառատ…»։

Ընտանեկան յուշերու մէջ պահուած է նուրբ ու ժպիտ առաջացնող պատմութիւն մը. երբ երիտասարդ Ալմաստը նոր հարս էր, աւանդական քօղի տակէն դեռ լաւ չէր տեսած իր նշանածը։ Երբ տղամարդիկ կարաւանով Պարսկաստանէն կը վերադառնան, ան խոնարհաբար կը համբուրէ բոլորին ձեռքերը, ներառեալ իր Սահակին՝ չգիտնալով, որ վերջին երիտասարդը իր ապագայ ամուսինն է։ Այդ համեստութիւնն ու աւանդապաշտութիւնը մնացին անոր նկարագրի անբաժան մասը։

Իսահակեաններու եօթը զաւակներէն կրտսերը Աւետիքն էր։ Երբ աւագ եղբայրներն ու քոյրերը արդէն հասուն մարդիկ էին, փոքրիկ Աւոն յաճախ կը մոռցուէր տան իրարանցման մէջ։ Վարպետը քաղցրութեամբ կը յիշէր, թէ ինչպէս մայրը՝ արցունքն աչքերուն, կը վազէր զինք գտնելու՝ նախատելով ինքնիրեն, որ զաւակը ճաշի կանչել մոռցած է։ Այս առանձնայատուկ սէրը փոխադարձ էր. Ապլան միշտ կը խոստովանէր, որ իր բոլոր զաւակներուն մէջ ամենէն շատ կը սիրէր իր Աւետիքը։

Ճակատագիրը, սակայն, դաժան գտնուեցաւ անոնց հանդէպ։ Հազիւ 17 տարեկան, Աւետիքը կը մեկնի օտարութիւն՝ ուսումի։ Վերադարձին զինք կը սպասէին բանտերը, աքսորն ու մշտական հետապնդումները, իսկ յետոյ՝ քաղաքական վտարանդիութիւնն ու յաւերժական բաժանումը պաշտելի մօրմէն։

Պանդխտութեան մէջ, դեգերելով օտար ու ամայի ճանապարհներուն, որդին անհուն քնքշանքով կը յիշէր հայրենիք ձգած մայրը։ Անոր հոգիին մէջ հայրենի եզերքն ու մօր կերպարը ձուլուած էին իրարու։ Ամենադժուար պահերուն՝ բանտի խցիկին մէջ թէ օտար ափերուն, Ապլայի սուրբ պատկերը ուժ կու տար Վարպետին։

Իսահակեանի առաջին գիրքէն՝ «Երգեր ու վէրքեր»էն մինչեւ վերջին տողը, անոր ստեղծագործութիւնները թաթախուած են Ապլայի լոյսով։ Անոր մայրական սիրոյ նուիրուած քերթուածները վաղուց դարձած են համաշխարհային քերթողութեան գանձեր։ Ալմաստ Ղլտճեանի կերպարին մէջ խտացած է հայ կնոջ գթասրտութիւնը, առաքինութիւնն ու անսահման բարութիւնը։

Իսահակեան մօրմէն ժառանգած էր այդ անմիջականութիւնն ու կարեկցանքը մարդու հանդէպ։

ՅՈՒՇԵՐ

«Հայրս ու Չարենցը չէին մոռցած լուսանկարուիլ Սուրբ Մարկոսի հրապարակի աղաւնիներուն հետ, որոնք առանց երկիւղի կը մօտենային մարդոց բացուած ափերուն՝ ցորեն կտցելու։ Լուսանկարին մէջ աղաւնին նստած է Չարենցի ափին, մինչ հօրս ափը կը մնայ դատարկ։ Հայրս կատակով ըսած էր. «Եղիշէ, դուն աւելի բախտաւոր գտնուեցար…»։ Չարենցը պատասխանած էր. «Միեւնոյն է, Աւետիք, բախտի թռչունը չես բռներ…»։

Տարիներ անց, այդ լուսանկարը դիտելիս հայրս ըսած էր՝ չթաքցնելով իր տխրութիւնը. «Եթէ ես գիտնայի…»։

ՎԻԳԷՆ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

«Հայրս» յուշագրութենէն

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2026