ԱՓՈՖԵՆԻ՝ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ՅՂԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇԸ

Ափոֆենի մանաւանդ հոգեբանութեան մէջ յարաբերաբար նոր հայեցակարգ մըն է, որ կ՚արտայայտէ այն երեւոյթը, երբ մարդը պատահական եւ կապակցութիւն չունեցող տուեալներու մէջ իմաստ, օրինաչափութիւն կամ ձեւ մը կը տեսնէ։ Այս երեւոյթը, թերեւս անգիտակցաբար, խորապէս արմատաւորուած է մարդկային ընկալման եղանակներուն մէջ եւ կարեւոր է իբրեւ գործօն, որ կը բացատրէ կրօնական հաւատքներու, դաւադրութեան տեսութիւններու եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու որոշ կողմեր։

Ափոֆենիի հայեցակարգը առաջին անգամ ներկայացուած էր 1958 թուականին, գերմանացի ջղաբան եւ հոգեբոյժ Քարլ Քոնրատ Ֆրիտրիխ Պրուների կողմէ։ Ան այս սահմանումը օգտագործեց նկարագրելու համար մտահերձէ տառապողներու մտքի անյայտ զուգակցութիւնները։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, այս եզրոյթը ընդհանրացաւ եւ տարածուեցաւ ընդհանրապէս մարդկային մտածողութեան վրայ՝ ընդգծելով այն բնազդը, որ մարդը միշտ կը փնտռէ իմաստ, նոյնիսկ այնտեղ, ուր իմաստ չկայ։

Քարլ Քոնրատ Ֆրիտրիխ Պրուներ կը փորձէր նկարագրել մտահերձի հիւանդներու միտումը՝ պատահական դէպքերու միջեւ սխալ կապեր ստեղծելու։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, վերացուեցաւ այս սահմանումի նեղ (հիւանդաբանային) ըմբռնումը եւ սկսաւ գործածուիլ ընդհանրապէս այն իրավիճակներու նկարագրութեան համար, երբ առողջ անձեր նոյնպէս պատահականին մէջ իմաստ կը տեսնեն։

Բազմաթիւ ջղաբանական ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ մարդ արարածի ուղեղը կ՚ունենայ միտում՝ տեսնելու ձեւեր, հակադրութիւններ եւ պատմութիւններ։ Օրինակ՝ ամպերու մէջ դէմքեր տեսնելը կամ վիճակախաղի թիւերէն օրինաչափութիւն գտնելը ափոֆենիի դրսեւորումներ կարելի է համարել։

Ուղեղը, իբրեւ կաղապարներ որոնող մեքենայ, մշտապէս կը գտնուի տեղեկութիւններու մէջ համակարգ որոնելու վիճակի մէջ։ Ջղագիտական ուսումնասիրութիւններու համաձայն, ուղեղի առջեւի կեղեւային շրջանները (prefrontal cortex), ինչպէս նաեւ տոփամինային համակարգը, մեծ դեր ունին ափոֆենիի զարգացման մէջ։

Ուղեղին մէջ տոփամինի նուազ թէ շատ արտադրութիւնը կրնայ ուղղակիօրէն ազդել, թէ որքան «զգայուն» պիտի ըլլայ մարդը պատահականութեան վրայ օրինաչափութիւններ գտնելու հարցին մէջ։ Այս երեւոյթը կ՚օգնէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ որոշ մարդիկ աւելի հակուած են դաւադրական մտածողութեան, կրօնական խորհրդանշաններու կամ թիւաբանական հաւատալիքներու։

Ափոֆենին կարելի է բաժնել տարբեր տեսակներու՝

Դիտողական ափոֆենի (Visual Apophenia) - Երբ անձը պատահական պատկերի մը մէջ իմաստ կը գտնէ (օրնակ՝ փխրուն պատին մէջ «մարդու դիմագիծ» տեսնել)։

Թուային ափոֆենիա (Numerical Apophenia) - Երբ մարդը կը փորձէ թիւերու մէջ կապեր գտնել, նոյնիսկ երբ անոնք պատահական են։

Թաքուն իմաստներու որոնում (Conspiratorial Apophenia) - Երբ անձը կը կարծէ, թէ պատահական իրադարձութիւնները գաղտնի ծրագիրի մը մաս կը կազմեն։

Բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ, ափոֆենին եղած է լծակ մը, որով նոր գաղափարներ, աւանդութիւններ եւ գեղարուեստ ստեղծուած են։ Սակայն, երբ այս երեւոյթը չափազանցութիւն ստանայ, կրնայ նիւթ հանդիսանալ շփոթութեան, սխալ եզրակացութիւններու եւ նոյնիսկ հոգեկան անհաւասարակշռութեան։

Ափոֆենին միայն ընկալում չէ, այլեւ կրնայ հանդիսանալ ստեղծագործութեան եւ մշակոյթներու միտումնային շարժիչ ուժ։ Հին քաղաքակրթութիւններու մէջ աստղադիտողներու՝ աստղերու մէջ կենդանի արարածներու պատկերներ տեսնելու կամ բնութեան մէջ նշաններ տեսնելու միտումը ափոֆենիի մշակութային արտայայտութիւններ են։ Կրօնական տեսլականներու, մարգարէութիւններու, երազներու մեկնաբանութիւններու եւ հոգեւոր նշաններու ճանաչման մէջ, ափոֆենին էական դեր ունի։ Այս մասին կարգ մը մշակութաբաններու աշխատանքները կը փաստեն, թէ մարդու գիտակցութիւնը մշտապէս կը ձգտի կապեր հաստատել խորհրդաւոր կամ անբացատրելի երեւոյթներու միջեւ։

Ափոֆենին կրնայ ստեղծագործութեան խթան ըլլալ, սակայն, նաեւ գիտական քննադատական մտածողութեան հակառակորդ է։ Որոշ ժամանակակից գիւտերու կամ տեսութիւններու տարածման ընթացքին մարդիկ կը կազմեն ենթադրութիւններ՝ հիմնուած պատահական զուգադիպութիւններու վրայ։ Այս պարագաներուն, ափոֆենին կը մղէ սխալ եզրակացութիւններու, որ կրնայ դառնալ աղաւաղումներու հիմք։

Գեղարուեստական մտքի մէջ, ափոֆենին կրնայ նշանակել ներշնչումի աղբիւր։ Գեղանկարիչներ, բանաստեղծներ, գրողներ բազմաթիւ անգամներ կ՚ոգեւորուին պատահական երեւոյթներէ՝ ստեղծելով պատկերներ կամ պատմութիւններ, որոնք հոգեւոր կամ խորհրդանշական իմաստ ունին։ Սալվատոր Տալիի նման գերիրապաշտ նկարիչներ կ՚օգտագործէին մեթոտներ, որոնք կը խթանէին ուղեղի ափոֆենիք բնազդը՝ հետաքրքիրները հոգեւոր եւ գիտակցական ներգործութեան ենթարկելու համար։

Ափոֆենին, իր էութեամբ, մարդկային հոգեբանութեան եւ ջղագիտութեան շփման եզերքին գտնուող երեւոյթ մըն է։ Ան կ՚արտայայտէ մարդկային մշտական ձգտումը՝ գտնելու իմաստ, նոյնիսկ անիմաստութեան մէջ։ Հիմնուած է ուղեղի կենսաբանական ու մշակութային նախատրամադրութեան վրայ եւ այս պատճառով, ան ո՛չ միայն բացատրութիւն է հոգեկան խանգարումներու կամ սխալ հաւատալիքներու, այլեւ մարդկային ստեղծագործութեան եւ իմացութեան զգայուն գործօն մը։

Ափոֆենին, մարդկային մտածողութեան իւրայատուկ կողմերէն մէկն է։ Այս երեւոյթը կը յայտնուի իբրեւ ուղեղի բնազդային ճիգը՝ աշխարհին հասնելու, զայն կարգաւորելու եւ իմաստաւորելու։ Թէեւ ափոֆենին կրնայ լծակ մը հանդիսանալ ստեղծագործութեան, գեղարուեստի եւ հոգեւոր ապրումներու համար, նաեւ կրնայ խանգարիչ դառնալ, երբ կը թուի փոխարինել քննադատական մտածողութիւնը։ Արդարեւ, կարեւոր է գիտակից ըլլալ այս երեւոյթի գոյութեան մասին եւ զայն դիտարկել որպէս երկսայրի սուր, որ մարդկային իմացութեան մէկ կողմն է։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025