ԱՆ ՆՈՒԱՃԱԾ Է ՓԱՐԻԶԸ… ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Յունիսի 15-ին Երեւանի մէջ նշուեցաւ հայ արձանագործութեան եւ գեղանկարչութեան սիւներէն մէկուն՝ Երուանդ Քոչարի (Երուանդ Սիմոնի Քոչարեան) ծննդեան օրը։ Անոր անունը կրող թանգարանին առջեւ համերգ մը կազմակերպուեցաւ, իսկ թանգարանին ներսը վարակիչ տրամադրութիւն էր, որ փարիզեան ելեւէջներ ունէր… Ուսանողներ խումբով գացին եւ ծաղիկներ զետեղեցին Քոչարի շիրիմին։
Երուանդ Քոչարի անունը միշտ ներկայ է նաեւ Փարիզի մէջ, ուր նոյնպէս կը նշուի անոր ծննդեան օրը, զանազան առիթներով ոգեկոչումներ կը կատարուին՝ մա՛նաւանդ Փարիզի «Փոմփիտու» կեդրոնէն ներս․ Երեւանի թանգարանէն մէյ մըն ալ կարելի է տեսնել Քոչարի տարածական նկարները։
Ամիս մը առաջ ալ Փարիզի Սորպոն Նուվէլ համալսարանին մէջ Քոչարին նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր…
Պատահական չէ այդ մէկը․ ժամանակին Երուանդ Քոչար, իբրեւ արուեստագէտ, նուաճած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքի մտաւորական միջավայրը։ Այսպիսի խօսք մը կայ, որ եթէ Փարիզի մէջ կը նուաճես արուեստագիտական շրջանակները, կը նուաճես ողջ Փարիզը։ Այդպէս եղաւ նաեւ Քոչարի պարագային։
Մեր ամենամեծերէն է Երուանդ Քոչար։ Ան Փարիզի մէջ յայտնուեցաւ 1923 թուականին՝ բնակութիւն հաստատելով Լատինական թաղամասը՝ Սէն Միշէլ: Փարիզեան կեանքը կ՚եռար եւ Քոչար իր հիւանդ կնոջ եւ դստեր հետ պանդոկի սենեակ մը կը վարձէ։ Կինը բանաստեղծուհի մըն էր՝ Վարդենի։ Ցաւօք կինն ալ, դուստրն ալ կը մահանան թոքախտէ։ Յետոյ, շատ աւելի ուշ Քոչար ընտանիք կը կազմէ…
Ժամանակակիցներու յուշերուն մէջ կը կարդանք, որ Քոչար կը հագուէր փարիզեան նկարիչներու պէս՝ ձմրան կրելով բուրդէ գործուածքով վերնահագուստ եւ թաւիշէ բաճկոն: Ան արուեստանոց ունէր Փարիզի Պանթէոնի ետեւի փողոցներէն մէկուն մէջ, ուր ժամանակ մը խանութ եղած էր, եւ լքուած այդ տարածքը հայ արուեստագէտի արուեստանոցը դարձած էր։ Քոչար կը տիրապետէր գեղանկարչական բոլոր արտայայտամիջոցներուն՝ իւղաներկէ մինչեւ ջրաներկ, ածուխ եւ այլն։
Յայտնի է նաեւ, որ Փարիզի մէջ գոյատեւելու համար ան զանազան միջոցներու դիմած է, պատուէրներ ստանձնած է, արձանիկներ կերտած է եւ այլն, ստեղծած է նոր տեսակի ներկեր ալ, որոնք կը գործածուէին որմնանկարներու համար եւ անձրեւին, ցուրտին կը դիմանային։
Քոչար նաեւ «Կավռօշ» թերթի համար ծաղրանկարներ կատարած է, Փարիզի զանազան գործարաններու համար սպասք նկարազարդած է եւ այլ զանազան գործեր ըրած է… Պատկերացնելի է անցեալ դարասկիզբի Փարիզը, ուր հայ արուեստագէտ մը՝ ստեղծարար, նորարար ոգիով լեցուած եւ ամբողջութեամբ տրուած փարիզեան միջավայրին։ Այդ տարիներուն Փարիզի մէջ արդէն կը բնակէին անուանի հայ արուեստագէտներ, որոնք մաս կը կազմէին «Անի» հայկական միութեան: Նախագահը Յովսէփ Փուշմանն էր, անդամներն էին՝ Ռաֆայէլ Շիշմանեան, Մախոխեան, Շապանեան, Յակոբ Կիւրճեան… Գառզուն, Ժանսեմն ալ հոն էին: Քոչար իր տեղը գրաւեց այդ շարքին մէջ, բայց նաեւ օտար արուեստագէտներու մէջ ան անուն էր։
20-րդ դարու հայ ամենանշանաւոր արձանագործը՝ եւրոպական փառքէն հասաւ Հայաստան, ուր հալածանքի ենթարկուեցաւ, ձերբակալուեցաւ, բայց, ի վերջոյ, գնահատանքի եւ մեծարանքի արժանացաւ…
Ծնած է Թիֆլիզ՝ 15 յունիս 1899 թուականին: Ծնողքն են՝ շուշեցի Սիմէոն Քոչարեանն ու Ֆէոկլա Մարտիրոսեանը։ 1906-1918 թուականներուն աւարտած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցը։ 1915-1918 թուականներուն, միաժամանակ, ուսանած է Գեղարուեստը խրախուսող կովկասեան ընկերութեան նկարչութեան եւ քանդակի դպրոցին մէջ: 1918-1919 թուականներուն Քոչար ուսանած է Մոսկուայի Պետական ազատ գեղարուեստական արուեստանոցներուն մէջ:
1919 թուականին վերադառնալով Թիֆլիզ, մասնակցած է վրաց նկարիչներու աշնանային երկրորդ ցուցահանդէսին։
1921 թուականին Քոչար գեղանկարչութեան ուսուցիչ էր եւ մինչեւ Փարիզ մեկնիլը՝ արդէն համբաւաւոր արուեստագէտ։
1922 թուականին կը գտնուի Պոլիս: Ուղեւորութիւնը շարունակելու համար անհրաժեշտ էին նիւթական միջոցներ, ուստի Բերայի մատենադարանին մէջ կը կազմակերպէ անհատական ցուցահանդէս մը:
Յաջորդ հանգրուանը Վենետիկն էր, ուր երիտասարդ արուեստագէտը կ՚ուսումնասիրէ Ս. Ղազարի մատենադարանի մանրանկարչական հարուստ հաւաքածոն, կը ծանօթանայ հռոմէական եւ Վերածնունդի շրջանի արուեստի գանձերուն։ Վենետիկի մէջ, ստեղծած դիմաքանդակներուն համար կ՚արժանանայ արծաթէ շքանշանի: Հոն առաջին անգամ լրջօրէն կը զբաղի արձանագործութեամբ՝ կը կերտէ յայտնիներու դիմաքանդակները: Վենետիկի մէջ կը ստեղծէ նաեւ քանի մը երփնագիր գործեր՝ «Իտալացի բանաստեղծը», «Ղազարոսի յարութիւն»ը եւ այլն:
Փարիզ մեկնելու տարին, սեպտեմբերին, Արշակ Չօպանեանի աջակցութեամբ կը բացուի Փարիզի իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը: Քոչարի համար յատկապէս ոգեւորող էին Շահինի եւ Կիւրճեանի հիացական կարծիքները:
1924 թուականի փետրուարին կը մասնակցի «Անկախականներու սալոն»ի ցուցահանդէսին՝ իր վրայ բեւեռելով ժամանակի յայտնի արուեստաբաններու ուշադրութիւնը: Ֆրանսայի մէջ կը ստեղծէ կերպընկալէ-նկարչական նոր արտայայտչաձեւ «Տարածական նկարչութիւն»ը (Peinture dans l՚espace), որ կը ներառէ ժամանակը՝ որպէս լրացուցիչ չորրորդ չափ: Փարիզի մէջ կը բնակի տասներեք տարի, կը մասնակցի բազմաթիւ նշանաւոր ցուցահանդէսներու, կ՚ունենայ հինգ անհատական ցուցահանդէս՝ կ՚արժանանայ արուեստաբաններու ամենաբարձր գնահատանքին:
1936 թուականին Քոչար կը ներգաղթէ Խորհրդային Հայաստան։ Կ՚ընդունուի Հայաստանի Նկարիչներու միութեան շարքերուն եւ կը մասնակցի տեղական ցուցահանդէսներու։ Պահպանելով նորարարական որոշ ձեւամիջոցներ՝ առաջնակարգ նշանակութիւն կու տայ բովանդակութեան, նկարուողին ճշգրիտ անհատական նկարագիրի ու ներաշխարհի բացայայտման։ Կը ձերբակալուի կեղծ մեղադրանքով: Ձերբակալութենէն ազատ արձակուելէ յետոյ՝ 1944-1945 թուականներուն նկարչութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի երկու համալսարանի մէջ: Քոչար բազմաժանր արուեստագէտ ըլլալէ զատ նաեւ պրպտող էր, բան մը ստեղծող:
1946 թուականին Քոչար կ՚ամուսնանայ Մաննիկ Մկրտչեանին հետ ու իր սերունդը կը շարունակուի այդպէս։
1948 թուականին մոմաներկերու գիւտին համար «Գիւտերու եւ յայտնագործութիւններ»ու կոմիտէէն կը ստանայ հեղինակային վկայագիր։ Այսօր գեղանկարչութեան մէջ գործածուող մոմաներկին հեղինակը այդպէսով կը դառնայ ան:
Քոչարի արուեստը իր մէջ կ՚ամփոփէ համաշխարհային հին ու նոր արուեստի, ինչպէս նաեւ ժամանակակից նորարարական ուղղութիւններու բազմաթիւ գիծեր ու սկզբունքներ:
Արուեստագէտը կը մահանայ 22 յունուար 1979 թուականին՝ Երեւանի մէջ:
Քոչարը Փարիզ գացած էր զայն նուաճելու նպատակով եւ եղաւ այդ ժամանակի փարիզեան գոյներէն մին, երբ Հայաստան եկաւ, այդ շունչը ամբողջութեամբ բերած էր իր հետը։
Արուեստաբան Ռուբէն Զարեան իր «Յուշապատում» գիրքին մէջ Երուանդ Քոչարի մասին կը գրէ հետեւեալը․
«Ան կ՚անցնէր փողոցով եւ կը զանազանուէր բոլորէն։ Տարբեր էր՝ երկար մազերով (այն ժամանակ տղամարդիկ երկար մազեր չէին պահեր), հագուածքով, մենակնոցով, ձեռնափայտով եւ ընդհանրապէս՝ պահուածքով: Տարբեր՝ ամէն ինչով: Կը քալէր այնպէս, ինչպէս զիրեն գաղտնիք մը ծանօթ էր եւ այդ գաղտնիքը առաւելութիւն մը կու տար ուրիշներու նկատմամբ: Եւ դէմքի այնպիսի արտայայտութեամբ մը կը քալէր, որ օր մը կը բանայ իր գաղտնիքն ի լուր ամէնքի: Կը կենար, կը զրուցէր մէկուն հետ ու յետոյ նորէն կը շարունակէր իր ճանապարհը՝ բարեւելով ու բարեւ առնելով: Տպաւորութիւնն այնպիսին էր, որ այս քաղաքէն չէ, փարիզեան շուք մը կար իր վրան։
Երբ երթայիր իր արուեստանոցը, եթէ չէր աշխատեր, կը նշանակէ շրջապատուած է երիտասարդ նկարիչներով: Կը սիրէին լսել անոր: Գիտէին, որ հետաքրքրական շատ պատմութիւններ են յայտնի անոր, գիտէին, որ դիւային խելք ունի եւ անոր իւրաքանչիւր զրոյց դաս մըն է:
Կը բերէին իրենց նկարները, ցոյց կու տային, ան դիտողութիւններ ու դատողութիւններ կը կատարէր, երբեմն խիստ, բայց մեծ մասամբ՝ քաջալերական խօսքեր կը գտնէր, միայն թէ նկարին մէջ թրթիռ մը տեսնէր։ Որքան դժուարահաճ էր անուն հանած նկարիչներուն հանդէպ, այնքան սրտագին վերաբերմունք ունէր երիտասարդներուն նկատմամբ, յատկապէս՝ շնորհալի երիտասարդներու, որոնք կ՚ուզէին իրենց գործերը ցոյց տալ Մաէսթրոյին (այդպէս կը կոչէին զինք)։ Եթէ գովական խօսք մը կ՚ըսէր երիտասարդ նկարիչի մը, ապա այդ խօսքը մէկ օր յետոյ յայտնի կը դառնար նկարչական աշխարհին՝ Քոչարն ըսած է ըսելով։ Ան գիտէր այդ, չէր վախնար ատկէ, նախ այն պատճառով, որ անկեղծ էր, եթէ գոված է, ուրեմն արժանի է գովեստի, եւ յետոյ գիտէր, որ անկեղծ է ինքզինքին հետ եւ չի գովեր երիտասարդին սիրտը շահելու համար։ Կ՚ընդունէր, որ երբեմն կը չափազանցնէր, բայց այդ ալ կ՚ընէր, ինչպէս ինք կ՚ըսէր՝ մանկավարժական նկատառումներով, ոգեւորելու համար։
Ան գիտէր, թէ ո՛վ է ինք: Գիտէր, որ գալու է իր օրը: Չէր յուսահատեր, թէեւ շատ ծանր օրեր տեսած էր…
Փողոցով կ՚անցնէր հպարտ թէ՛ 30-40-ական թուականներուն, երբ հատուկենտ բարեկամներ ունէր մտաւորականներու աշխարհէն եւ թէ 50-60-ական թուականներուն, երբ իր գաղտնիքը յայտնած էր աշխարհին` «Սասունցի Դաւիթ»ով կը հիանային բոլորը եւ շատ նկարիչներ, բոլորն ալ երիտասարդ, բոլորն ալ ժամանակակից հովերով տարուած, զայն կը նկատէին իրենց ուսուցիչը, թէեւ ան պաշտօնապէս ոչ մէկուն դաս տուած է։
Որո՞ւ համար ուսուցիչ չեղաւ: Ո՞վ զինք իր ուսուցիչը չնկատեց: Ատիկա բախտ մըն էր, որ քիչերուն բաժին կը հասնի։ Եւ որքան զայն շրջապատող երիտասարդները հասակ առին, անուն հանեցին, իրենք հեղինակութիւն դարձան, Քոչարը ուսուցիչ մնաց անոնց համար, որովհետեւ ան ալ, մեր արուեստի միւս մեծերուն նման, հասակ գցեց համաշխարհային արուեստի խաչմերուկներուն. չորս մայրաքաղաք՝ Թիֆլիզ, Մոսկուա, Փարիզ ու Երեւան՝ իրենց լայնքն ու խորքը հաղորդեցին անոր:
Երուանդ Քոչար ինծի կը յիշեցնէ իր քանդակած այն արծիւը, որ հպարտ թառած է Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի կառուցած պատուանդանին վրայ՝ Էջմիածնի խճուղիի եզրին, դէպի Զուարթնոց տանող ճանապարհին։
Միշտ ալ կապուած ըլլալով հայրենի երկրի ու անոր արուեստի արմատներուն հետ, ան արծուի պէս կը տեսնէր հեռուները, հայկական լեռներէն այն կողմ տարածուած հորիզոնները: Որքան աւանդական էր, նոյնքան ալ նոր էր, ընդունակ՝ ընկալելու արուեստի նորագոյն միտումները՝ միշտ հարազատ մնալով իր ինքնութեանը: Չէր վախնար ապագայէն, համոզուած, որ ապագան իրեն քուէ պիտի տայ»:
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՈՒՆՉ
21-րդ դարու թանգարանները այլեւս ուրիշ միջավայրեր են, քանի որ 21-րդ դարու մարդը ուրիշ ակնկալիքներ ունի թանգարաններէն․ միայն ցուցադրութիւն դիտելը այլեւս բաւարար չէ. «Երուանդ Քոչար» թանգարանը իր մուտքին անմիջապէս փարիզեան սրճարան կ՚առաջարկէ այցելուները։ Գրաւիչ միջավայր մըն է այս թանգարանը՝ Երեւանի սիրտին մէջ, մայթէն անմիջապէս կը կանչէ արուեստասէրը։ Քոչարի արուեստը յիշեցնող յուշանուէրներու, գլխաշորերու, շապիկներու, պայուսակներու, տուփերու, զարդերու եւ այլ իրերու բաժնին կից է թանգարանային այս սրճարանը, որ Քոչարի փարիզեան կեանքի մասին պատում մըն է, քանի որ Քոչար ինք Ֆրանսայի մէջ յաճախ ժամանակ անցուցած է սրճարաններու մէջ, մտաւորականներու, արուեստագէտներու հետ հանդիպումները տեղի ունեցած են մէկ գաւաթ սուրճի շուրջ, ինչպէս նաեւ այդ զրոյցներէն սկիզբ առած է բացառիկ մթնոլորտ մը, որմէ ալ արուեստի գործեր ծնած են։
Մաշտոց պողոտային վրայ 1984 թուականին բացուած է թանգարանը, ուր արուեստասէրը կրնայ ամբողջական պատկերացում կազմել վարպետին ստեղծագործական ուղիին մասին։ Քոչար երկու որդի կ՚ունենայ եւ իր կինը՝ Մաննիկ, ժառանգութիւնը կը բաժնէ երկու որդիներուն միջեւ։ Այսօր թանգարանը կը տնօրինէ թոռը՝ Հայկազ Քոչարի դուստրը՝ Կարինէ Քոչարը։ Հայկազ Քոչար մէկ տարի առաջ մահացաւ։ Ափսո՜ս, միայն, որ ժառանգներուն միջեւ կ՚ըլլան բախումներ, որոնք կը վերաբերին ժառանգութեան։ Քոչարի որդիներէն մէկը՝ Հայկազ Քոչար, անցեալ տարի մահացաւ, իսկ Ռուբէն Քոչար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի եւ Երեւան մնացած ժառանգներուն կը մեղադրէ զանազան հարցերու մէջ։ Մինչեւ իրաւապահ մարմիններու կը հասնին այս վէճերը, թերթերու էջեր կը լեցնեն, որ բնաւ հաճելի չէ Քոչարի անուան… Անոր որդին՝ բեմադրիչ Ռուբէն Քոչար, թանգարանի ձեռնարկներէն զատ տօնած է իր հօր տարեդարձը՝ նոյն օրը Երեւանի այլ վայրի մը մէջ ցուցադրելով Քոչարի մասին պատրաստած իր ժապաւէնը…
Քոչարի անունը ընդհանրապէս անբիծ է եւ միայն երկու յանգամանք յիշելով՝ իր ձերբակալութիւնն ու ժառանգութեան այս հարցերը պահ մը կը մթագնեն մեծ մարդուն անունը…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան