ՆԱՄԱԿ ՄԸ՝ 4052 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՒՆ - «ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ» ԳԻՐՔԸ՝ ՄԵՂՐԻ ՄԷՋ ՊԱՀՊԱՆՈՒԱԾ

2026 թուականն է։ Շուտով կը դիմաւորենք 2027-ը։ Երբ կը մտածենք, ըսենք, 4052 թուականի մասին, այդ տարին այնքան հեռու կը թուի, որ դժուար է նոյնիսկ երեւակայել, թէ այդ ժամանակ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ աշխարհը, ի՞նչ փոխուած պիտի ըլլայ մարդկութեան կեանքին մէջ, մեր օրերու մարդոցմէ արդեօք ի՞նչ պիտի մնայ ապագայի սերունդներուն։ Արդեօք թուականները նոյն ձեւով պիտի համրե՞ն, ինչպէս հիմա, օրերը նոյն երկարութիւնը պիտի ունենա՞ն, ժամերը նոյն տեւողութեա՞մբ պիտի ըլլան այսօրուան պէս, թէ ժամանակի բոլորովին այլ չափումներ սահմանուած պիտի ըլլան…

Սակայն կան մարդիկ, որոնք մտածած են այդ թուականի մասին եւ նոյնիսկ գիրք մը պահ տուած են դարերուն՝ 4052 թուականին կրկին բանալու համար։ 

Գիրքը, որ կը պատրաստուի ճամբորդութեան մը մեկնելու, նպատակ ունի այդ հեռաւոր ապագային հասցնելու հայ մշակոյթի եւ պատմութեան կարեւոր վկայութիւններէն մէկը։

Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ ներկայացուած է արտասովոր նախաձեռնութիւն մը․ «ՍԼՈՎՕ» հրատարակչութիւնը մատենադարանին նուիրած է իր հրատարակած «Մատենադարան» գիրքին մէկ օրինակը, որուն վիճակուած է մինչեւ 4052 թուական պահպանուիլ մեղրի մէջ։ Այս նպատակով գիրքը նախ պատուած է մեղրամոմի բարակ շերտով, ապա զետեղուած պաշտպանիչ տուփի մը մէջ եւ ընկղմուած շուրջ 10 քիլօկրամ աքասիայի մեղր պարունակող թափանցիկ տարայի մը մէջ։ Գիրքին միայն մէկ օրինակը պիտի պահպանուի այս ձեւով, իսկ միւս օրինակները հասանելի պիտի ըլլան ընթերցողներուն։

Այս յատկանշական նուիրաբերումի ընթացքին նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները ներկայացուցած են Մատենադարանի գիտական գիծով փոխ-տնօրէն Վահէ Թորոսեան, «ՍԼՈՎՕ» հրատարակչութեան հիմնադիր Գրիգորի Երիցեան, հրատարակչութեան համահիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Նատալիա Աւետիսեան, գիրքի նախագիծի ղեկավար Էտտա Վարդանեան եւ ծանօթ լրագրող Մարկ Գրիգորեան։

ԳԻՐՔԸ՝ ՄԵՂՐԻ ՄԷՋ.
ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆԻՉԸ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Գիրքը մեղրի մէջ պահպանելու գաղափարը, առաջին պահուն կրնայ տարօրինակ թուիլ։ Սակայն, հրատարակիչ Գրիգորի Երիցեանի համոզումով՝ մեղրը բնութեան ամենակայուն պահպանիչներէն մին է։ Ան կը նշէ, որ մեղրի պահպանիչ յատկութիւնները ծանօթ էին նաեւ հին Եգիպտոսի մէջ, եւ կը համոզէ, թէ մեղրը կրնայ դարեր շարունակ պահպանել իր օգտակար յատկութիւնները։ Ըստ Երիցեանի՝ անոր մէջ ջուրի պարունակութիւնը շուրջ հինգ տոկոս է, իսկ աքասիայի մեղրը ընտրուած է, որովհետեւ դանդաղ կը բիւրեղանայ եւ երկար ժամանակ կը պահպանէ իր տեսքը։ 

Աքասիան գարնան առաջին աւետաբեր, սլացիկ ու վեհաշուք ծառերէն մին է՝ զարդարուած ձիւնաթոյր, կախուած ու քաղցրաբոյր ծաղիկներով։ Անոր ծաղիկներու նեկտարէն մեղուները կը ստեղծեն բնութեան ամենանուրբ հրաշքներէն մէկը ու աշխարհի ամենաազնիւ մեղրատեսակներէն մին՝ իսկական «հեղուկ ոսկին»։ Այս մեղրը կ՚առանձնանայ արեւի շողի ու ապակիի պէս յստակ, բիւրեղեայ թափանցիկութեամբ, ծաղկային մեղմ բոյրով, մետաքսեայ ու թաւշեայ քաղցրութեամբ եւ դարերու ընթացքին գրեթէ չպղտորուելու զարմանահրաշ ունակութեամբ։ 

Գիրքը մեղրի մէջ տեղադրելէն առաջ մեղրամոմով պատելը պարտադիր է, որպէսզի գիրքը յետագային տարայէն հանելու եւ մեղրամոմը մաքրելու ընթացքին էջերը մաքուր մնան։ 

Երիցեան կը բացատրէ, որ ապագային գիրքը բանալու համար բաւական պիտի ըլլայ տաք ջուրի եւ լաթի մը օգնութեամբ մաքրել մեղրամոմը։ Ան արդէն փորձարկած է պահպանման այս եղանակը․ վեց տարի մեղրի մէջ պահուած գիրք մը դուրս բերած եւ մոմազերծած է՝ առանց որեւէ վնաս հասցնելու անոր։ Նոյն միջոցով ան պահ դրած է նաեւ ռուսական գրականութեան 100 հատոր՝ գործածելով շուրջ 170 քիլօկրամ մեղր։

Հրատարակչին համար մեղրը միայն պահպանիչ միջոց մը չէ, այլեւ ժամանակի խորհրդանիշ։ Ան կը յիշեցնէ, որ գիրքերն ու ձեռագրերը դարեր շարունակ եղած են մարդկային յիշողութեան կրողը, իսկ մեղրով պահպանուած այս օրինակը պիտի դառնայ մեր օրերէն դէպի հեռաւոր ապագայ ուղղուած իւրայատուկ պատգամ մը։ 

4052 թուականին գիրքը բացող մարդը պիտի կարենայ ծանօթանալ ո՛չ միայն մատենադարանի գանձերուն, այլեւ մտածումին այն մարդոց, որոնք աւելի քան երկու հազարամեակ առաջ փորձած են իրենց մշակութային ժառանգութենէն մաս մը փոխանցել իրեն։

«ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ» ԳԻՐՔԸ

Այս գիրքը «ՍԼՈՎՕ» հրատարակչութեան «Աշխարհի մեծագոյն թանգարաններ» մատենաշարի 43-րդ հատորն է։ Անոր պատրաստութիւնը տեւած է հինգ տարի։ Հատորը կազմուած է մատենադարանի աշխատակիցներուն կողմէ՝ Էտտա Վարդանեանի ղեկավարութեամբ, եւ հրատարակուած է հայերէն ու ռուսերէն։

Այս աշխատութիւնը «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հաւաքածոներուն նուիրուած առաջին ամբողջական հրատարակութիւնն է, բաղկացած է վեց բաժինէ եւ կը ներկայացնէ հաստատութեան պատմութիւնն ու հաւաքածոներու պահպանութիւնը, մինչեւ 2021 թուականը ձեռագրական շտեմարաններու կազմաւորումն ու զարգացումը, ինչպէս նաեւ մատենադարանի շէնքին ճարտարապետութիւնը։ Զատ բաժիններով կը ներկայացուին հայկական ձեռագրերու ստեղծման պատմութիւնը, մանրանկարչական արուեստը, նաեւ՝ յունարէն, լատիներէն, արաբերէն, պարսկերէն եւ այլ լեզուներով ձեռագրերը՝ լուսանկարներով ու նկարագրութիւններով։ Հրատարակութիւնը կ՚ամբողջանայ հնատիպ գիրքերու, արխիւային նիւթերու եւ արուեստի գործերու ներկայացմամբ։ Գիրքը հարուստ է աւելի քան 600 լուսանկարներով, որոնք ընթերցողին առջեւ կը բանան մատենադարանի բազմաշերտ հաւաքածոներուն աշխարհը։

Գրիգորի Երիցեան եւ իր համախոհները այնպէս մը հրատարակած են «Մատենադարան» գիրքը, որպէսզի ան սերունդէ սերունդ փոխանցուի։ Այս գաղափարը արտայայտուած է նաեւ գրքին կառուցուածքին մէջ։ Ինչպէս հին հայկական ձեռագրերուն մէջ, հոս ալ վերջին էջերը ձգուած են ազատ, որպէսզի գրախանութէն գնելու պարագային գիրքին տէրերը կարենան գրի առնել, թէ ո՛վ կը փափաքին զայն կտակել։ Իւրաքանչիւր սերունդ կրնայ աւելցնել իր անունը, կազմել ընտանեկան տոհմածառը եւ պահպանել իր ծագման յիշողութիւնը։

Երիցեանի համոզումով՝ սերունդներու կապն ու ծագման յիշողութիւնը պահպանելը կարեւոր է հայ ժողովուրդի շարունակականութեան համար։ Գիրքը, հետեւաբար, միաժամանակ կը ներկայացնէ մատենադարանի հաւաքածոները եւ կը դառնայ ընտանեկան յիշողութիւնը փոխանցելու միջոց մը։

«ՍԼՈՎՕ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ

Հրատարակչութիւնը հիմնադրուած է 1989 թուականին։ Անունը ռուսերէնով ունի «բառ», «խօսք», «խոստում» իմաստները։ Անոր գործունէութեան ընթացքին լոյս տեսած են աւելի քան 7 հազար անուն գիրքեր՝ աւելի քան 120 միլիոն ընդհանուր տպաքանակով։ Հրատարակչութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը մշակութային ժառանգութեան եւ համաշխարհային արուեստի նուիրուած պատկերազարդ հրատարակութիւններն են։

Աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր հրատարակչութիւնը կ՚աշխատի «Աշխարհի մեծագոյն թանգարաններ» մատենաշարին վրայ, որուն հատորները նուիրուած են աշխարհի նշանաւոր թանգարաններուն եւ անոնց հաւաքածոներուն։ Այս շարքին մէջ ներկայացուած են Լուվրի, Էրմիթաժի, Փրատոյի եւ Ուֆիցիի նման հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ Շչուկինի, Մորոզովի եւ Տրետեաքովի հաւաքածոները։

Հրատարակչութիւնը համագործակցած է միջազգային հեղինակաւոր թանգարաններու եւ մշակութային հաստատութիւններու հետ, իսկ անոր հրատարակութիւններուն մէջ տեղ գտած են նաեւ արուեստի եւ մշակոյթի մասին աշխատութիւններ՝ նշանաւոր հեղինակներու մասնակցութեամբ։ Որոշ հրատարակութիւններու պարագային գործադրուած են բացառիկ թեքնիք լուծումներ․ օրինակ՝ Էրմիթաժի հաւաքածոներուն նուիրուած գիրքերուն մէջ ներկայացուած են գործերու խոշոր չափի վերարտադրութիւններ, իսկ Սիքստինեան մատրան առաստաղի որմնանկարներուն նուիրուած ալպոմին պատրաստութեան համար գործածուած են շուրջ 270 հազար լուսանկարներ, իսկ աշխատանքը տեւած է հինգ տարի։ Հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նաեւ ոսկեգոյն փայլաթիթեղով զարդարուած «Ոսկէ գիրք»ը։

«ՍԼՈՎՕ»ն գիրքին կը վերաբերի ո՛չ թէ միայն տպագրական պարզ առարկայ մը, այլեւ գիրքը ինքնին կը տեսնէ որպէս արուեստի գործ եւ մշակութային արժէք։ 

2026-էն մինչեւ 4052-ը երկար ու մեզի համար հեռու թուացող ճանապարհ մը կայ։ Ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ, թէ այդ հեռաւոր տարին ինչպիսի աշխարհ մը պիտի դիմաւորէ այս գիրքը։ Բայց նախաձեռնութեան խորհուրդը հոն է, որ այսօրուան մարդը կը փորձէ վաղուան մարդուն բան մը փոխանցել՝ իր պատմութենէն, իր մշակոյթէն եւ իր ինքնութենէն։ Մատենադարանի գանձերը մեղրի մէջ պահպանելու այս գաղափարը նամակ մըն է՝ 4052 թուականի հայուն կամ աշխարհի մարդուն։ Անոր մէջ ամփոփուած է հայ ժողովուրդի յիշողութիւնն ու ապագային հասնելու կամքը։

ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՂԹՆ ՈՒ ՄԱԳԱՂԱԹԸ

Ժամանակի ծիրին մէջ մարդկութիւնը ստեղծած է հազարաւոր գիւտեր՝ անիւէն մինչեւ թուային հսկայական ցանցեր, սակայն, պատմութեան ընթացքին անոր ամենանուիրական, ամենակարող եւ միաժամանակ ամենախոցելի ստեղծագործութիւններէն մէկը մնացած է գիրքը։ 

Երբ նայինք դարերու խորքէն եկող մագաղաթներուն կամ հնատիպ մատեաններուն, անմիջապէս կը զգանք անհասանելիի ներկայութիւնը։ Գիրքը երբեք պարզապէս տեղեկութեան կրող չէ մը եղած. անիկա եղած է հոգիի, յիշողութեան եւ ժամանակի հետ մարդու վարած յաւերժական երկխօսութեան վկայութիւնը։

Դարեր առաջ, երբ տպագրութիւն տակաւին գոյութիւն չունէր, գիրք ստեղծելը հերոսութեան հաւասար սխրանք մըն էր։ Վանքերու խուցերուն մէջ, մոմի աղօտ լոյսին տակ, միջնադարեան գրիչներն ու մանրանկարիչները օրեր ու ամիսներ շարունակ տառ առ տառ կը գծէին մագաղաթին վրայ՝ անոր փոխանցելով սուրբ գրքերու իմաստութիւնը եւ նաեւ՝ սեփական շունչն ու հոգիին ջերմութիւնը։ Այդ պատճառով էր, որ հին մատեանները կը կոչուէին «կենդանի գիրքեր»։

Հայ իրականութեան մէջ այս ակնածանքը հասած է մինչեւ պաշտամունքային աստիճանի։ Երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր պետականութիւնը, հողն ու ազատութիւնը, անոր միակ անխոցելի բերդը մնացած է Մաշտոցեան գիրը։ Պատմութենէն յայտնի են դէպքեր, երբ թշնամիներու ձեռքերէն փրկելու համար հայ մարդիկ վիրաւոր մատեանները թաղած են հողին տակ, կամ վանքերէն փախուստի ժամանակ կիսած են ծանր ձեռագիրը՝ կէսը տալով մէկ եղբօր, միւս կէսը՝ միւսին, որպէսզի տարիներ ետք կրկին միաւորեն զայն։ Գիրքը դարձած է մեր ազգային գոյութեան խորհրդանիշներէն, սրբութիւն, որուն հպիլը նշանակած է հաղորդակից դառնալ յաւերժութեան։

Երբ Կիւթենպերկ յօրինեց տպագրական մեքենան, մարդկութիւնը թեւակոխեց նոր դարաշրջան։ Գիրքը դարձաւ հասանելի, խօսքը սկսաւ ճամբորդել ցամաքամասէ ցամաքամաս։ Սակայն, տպագրութեան զարգացումը բնաւ չնուազեցուց մարդու ակնածանքը գիրքի հանդէպ, այլ ընդհակառակն՝ զայն բարձրացուց նոր՝ գեղագիտական ու մշակութային մակարդակի։

Տպագիր գիրքը ձեռք բերաւ իր անհատականութիւնը. կաշեպատ կազմերը, ոսկեզօծ տառերը, թուղթի յատուկ հոտը եւ էջերու թերթման հաճելի խշշոցը դարձան ընթերցողի համար իւրայատուկ ծէս մը։ Գիրքը սկսաւ ընկալուիլ որպէս արուեստի գործ, որուն հետ հանդիպումը կը պահանջէ լռութիւն, խորհրդածութիւն եւ հոգեւոր պատրաստութիւն։

Այսօր մենք կ՚ապրինք թուային փոթորկալից դարաշրջանի մը մէջ։ Տեղեկատուութիւնը դարձած է անկշիռ ու վայրկենական։ Հսկայական գրադարաններ տեղաւորուած են մեր բջիջային հեռախօսներուն կամ փոքրիկ յիշասարքերուն մէջ, իսկ արհեստական բանականութիւնն ու թուայնացման նորագոյն միջոցները վայրկեաններու ընթացքին կրնան պահպանել միլիոնաւոր էջեր։

Սակայն, որքան մեծ կ՚ըլլան թուային միջոցներու հնարաւորութիւնները, այնքան աւելի զգալի կը դառնայ մարդու հոգեբանական ծարաւը՝ շօշափելիի, իրականի եւ հարազատի հանդէպ։ Թուային նիշքը չունի յիշողութիւն, անիկա զուրկ է ջերմութենէն. համակարգչային էքրանին մէկ հպումով ջնջուող կամ ելեկտրականութեան բացակայութեան պատճառով անհետացող թեքստը չի կրնար փոխարինել թուղթի վրայ դրոշմուած խօսքին։

Թուղթէ գիրքը ունի հոգի։ Անիկա մեր ձեռքերուն մէջ մեծնալու, մեր ապրումներուն մասնակից դառնալու եզակի յատկութիւն ունի։ Էջերու վրայ մնացած մեր մատնահետքերը, գիրքի լուսանցքներուն եղած մատիտով նշումները կամ նոյնիսկ ժամանակի ընթացքին դեղնած թուղթի հոտը կը դառնան մեր սեփական կենսագրութեան անբաժանելի մասը։

Այդ իսկ պատճառով, անկախ անկէ, թէ որքան կը զարգանան արհեստագիտութեան միջոցները, մարդկութիւնը միշտ յարգանքով ու դողով պիտի մօտենայ թուղթէ գիրքին։ 

Տպագիր գիրքը կարծես մարդու մաքուր հայելին ըլլայ, խոստովանութիւն մը՝ գրուած թուղթի վրայ, որպէսզի յաղթահարէ ժամանակը եւ հասնի գալիք սերունդներուն։ 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2026