ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐՆ ՈՒ ԳԻՒՂԱՏԵՂԻՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ 14 ԱՄԵՆԱՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ
Եւրոպական ժառանգութեան «Եւրոպա Նոստրա» քաղաքացիական հասարակութեան յառաջատար ցանցը եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան հիմնարկը հրապարակած են Եւրոպայի տասնչորս յուշարձաններու ու ժառանգութեան վայրերու անունները, որոնք ընդգրկուած են «Եօթ ամենավտանգուած» ծրագրի 2025 թուականի կարճ ցանկին մէջ։ Այդ ցուցակին մէջ է նաեւ Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող Առաքելոց վանական համալիրը եւ բնակատեղին:
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ Առաքելոց վանական համալիրի եւ բնակատեղիի՝ Եւրոպայի տասնչորս ամենավտանգուած ժառանգութեան վայրերու կարճ ցանկին մէջ ընդգրկումը առաջադրած է Աւստրիոյ Սալցպուրկ համալսարանի Քրիստոնեայ Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հայագիտութեան բաժնէն տքթ. Եասմին Տում-Թրակուտ։
Ծրագիրը կ՚ենթադրէ Առաքելոց վանական համալիրի ու անոր մօտակայ գիւղատեղիի ամբողջական հետազօտութիւն, տարածքի բարեկարգում ու պահպանութիւն, ինչպէս նաեւ կայուն բնապահպանական զբօսաշրջութեան զարգացում՝ տեղական շահառուներու մասնակցութեամբ՝ ներառեալ ակադեմական հաստատութիւններն ու հասարակական կազմակերպութիւնները։ Այս ծրագրի մաս կը կազմեն նաեւ կրթական նախաձեռնութիւնները եւ զբօսաշրջային արահետներու բարեկարգումը։
Կրթական նախաձեռնութիւնները եւ զբօսաշրջային արահետներու բարեկարգումը կը նպատակադրեն շաղկապելու տեղի բնակչութիւնն ու միջնադարեան այս գանձերը` հպարտութեան ու գնահատանքի զգացում ձեւաւորելով տարածաշրջանի մշակութային ինքնութեան նկատմամբ:
«Եօթ ամենավտանգուած» ծրագրի միջազգային խորհրդակցական խումբը յայտարարած է, որ Առաքելոցը միջնադարեան նշանակալի ժառանգութիւն է, որ կը մարմնաւորէ մշակութային երկակիութիւնն ու խաղաղ գոյակցութիւնը։ Սակայն, տարածաշրջանին մէջ առկայ աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնն ու բնապահպանական խնդիրները անյապաղ միջամտութիւն կը պահանջեն։ Վանական համալիրի վերականգնումն ու հանրահռչակումը կրնան նպաստել տարածաշրջանային կայունութեան ու հաշտեցման՝ ժառանգութիւնը վերածելով խաղաղութեան եւ յառաջընթացի աղբիւրի մը։
Նկատի առնուած է այն հանգամանքը, որ վանական համալիրը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային գօտիին վրայ կը գտնուի եւ Կիրանցը, որուն մօտ է Առաքելոց վանական համալիրը, վերջին շրջանին դարձած է լարուածութեան կէտ մը՝ Հայաստանի մէջ։
Վտանգուած ժառանգութեան տասնչորս վայրերը, որոնք կը ներկայացնեն եւրոպական տասնչորս երկիրներ, ընտրուած են միջազգային խորհրդակցական խումբին կողմէ: Խումբին մէջ ընդգրկուած են պատմութեան, հնագիտութեան, ճարտարապետութեան, ամրակայման, նախագիծերու վերլուծութեան, ինչպէս նաեւ դրամական հարցերու փորձագէտներ: Վայրերու առաջադրումները կատարած կամ հաստատած են «Եւրոպա Նոստրայի», ինչպէս նաեւ Եւրոպական ժառանգութեան դաշինքի անդամները:
Ընտրութիւնը կատարուած է՝ նկատի առնելով իւրաքանչիւր վայրի՝ ժառանգութեան առումով նշանակալի ըլլալու ու մշակութային արժէք ներկայացնելու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ ներկայ պահուն առկայ իրական վտանգը։ Նկատի առնուած է նաեւ տեղական համայնքներու ներգրաւուածութեան եւ համապատասխան վայրերը փրկելու հարցին մէջ պետական ու մասնաւոր շահառուներու յանձնառութեան աստիճանը: Ընտրութեան չափանիշներուն մէջ կարեւորուած է տեղւոյն վրայ ընկերային-տնտեսական կայուն զարգացումը խթանելու ներուժը:
Եւրոպայի մէջ ամենավտանգուած ժառանգութեան վայրերու 2025 թուականի ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ՝
- Միքսնից-Պերենշուցքլամ երկաթուղային կայարանը, Աւստրիա
- Աթի Երկաթէ ամրոցը, Պելճիա
- Նիպորկ ամրոցը, Դանիա
- Մոնեմվասիայի ամրոցը, Յունաստան
- Օդամուղի սրահը, Էշ-սիւր-Ալզետ, Լիւքսեմպուրկ
- Երկաթուղային կամուրջներն ու Պաարտվէյսկէէ Օւերլաատ ափամերձ տարածութիւնը, Նետըրլանտ
- Ազգային թատրոնը, Օսլօ, Նորվեկիա
- Օռլայի մեծ սինակոկը, Լեհաստան
- Պաուլիստաս եկեղեցին եւ միաբանութիւնը, Լիզպոն, Փորթուգալ
- Գլխաւոր շտապի արդիական համալիրը, Պելկրատ, Սերպիա
- Սան Էստեւօ տէ Պուսատա եկեղեցին, Սպանիա
- Վալհալլա լողաւազանը, Կէօթեպորկ, Շուէտ
- Վիքթորեայի աշտարակի այգիները, Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն։
ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԸ
Կիրանց գետակի ափին, անտառապատ լեռներու լանջերուն կը գտնուի 13-րդ դարուն պատկանող այս վանական համալիրը․ զայն հայ միջնադարեան ճարտապետութեան գանձերէն է եւ այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու առեւ կանգնած է։ Փլող պատերը, վայրի բուսականութեամբ անխնայ պատուիլը, եղանակային փոփոխութիւնները, առատ տեղումները եւ հեղեղները սպառնալիք են համալիրի պահպանութեան համար։ Երկրաշարժային աշխոյժ գօտիի տարածքին գտնուիլն ալ միւս կողմէ աւելի վտանգի առջեւ կը կանգնեցնէ համալիրը՝ մանաւանդ, երբ յայտնի է, որ անոր կառոյցներուն մէկ մասը վնասուած է անցեալի երկրաշարժներէն։
Մարդկային ձեռքը անողոք կերպով իր գործը կատարած է այս կառոյցին հետ՝ ամէնուր նկատելի են սեւաներկով գրութիւններ՝ պատերուն, չպահպանուող տարածքներ ու չկանոնակարգուած հանգիստի գօտիներ՝ շուրջը։ Ատկէ զատ, համալիրի տարածքին առկայ չղջիկներու գաղութը կը պահանջէ մշակութային ժառանգութեան եւ վայրի բնութեան պահպանութեան միջեւ լուրջ եւ հաւասարակշռուած մօտեցում մը։ Այս պայմաններու ներքոյ է, որ համալիրը արժանացած է եւրոպական կառոյցներու ուշադրութեան։ Հակառակ վտանգուած ըլլալուն եւ անմխիթար վիճակին՝ Առաքելոց վանական համալիրը եւ գիւղատեղին յաճախ զբօսաշրջիկներու ուշադրութեան կեդրոնին են։ Երբ արահետները անցանելի դառնան ձմրան ձիւնէն յետոյ՝ քայլարշաւներ կը կազմակերպուին, կը մաքրուի տարածքը, սակայն, այդ մէկը բաւարար չէ՝ կառոյցը վերջնական կործանումէ փրկելու համար։
Ընդհանրապէս զանազան ժամանակաշրջաններու պատկանող աւերուած գիւղատեղեր ու բնակատեղեր շատ կան Աղստեւի հովիտին մէջ․ բայց ատոնց մէջ պատմական, հոգեւոր նշանակութեամբ ամենախոշորը թերեւս Առաքելոց վանքն ու գիւղատեղն են՝ իրենց հոգեւոր ու աշխարհիկ բազմաթիւ շինութիւններով։ Ազատուած ըլլալով հարկերէն որպէս վանական կալւածք՝ այս կառոյցը կրօնականի եւ աշխարհիկի ներդաշնակ միաւորում եղած է։ Մասնագէտներ զայն կը նկատեն հայ-վրացական մշակութային փոխազդեցութեան ուշագրաւ մէկ ժառանգութիւնը՝ կերտուած Զաքարեաններու իշխանութեան եւ մոնղոլական տիրապետութեան տարիներուն։ Հակառակ պատմական իր նշանակութեան՝ բնակատեղին լքուած է 17-րդ դարէն եւ մինչ օրս զայն պատշաճ կերպով ուսումնասիրուած չէ։
Միջնադարին այս ձորը եւ լեռնալանջերը խիտ բնակեցուած էին։ Այդ կը հաստատեն կարգ մը բնակավայրերու, ճարտարապետական կոթողներու, կամուրջներու, իջեւանատուներու եւ այլ կառուցուածքներու բազմաթիւ մնացորդները։
Կայէն (Կայան) պատմական գաւառի այս շրջանը իր աշխարհագրական յարմար դիրքով իւրայատուկ դարպաս էր դրացի երկիրներու՝ Վրաստանի եւ Աղուանքի առեւտրական ճանապարհներու համար, որոնցմով այդ երկիրները կը կապուէին կեդրոնական Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային կեդրոններուն հետ։ Մատենագիտական յիշատակութիւններ չեն պահպանուած նշանաւոր բնակավայրերու ու ճարտարապետական կոթողներու մասին։ Անոնց պատմական կեանքի միակ վկաները վիմական արձանագրութիւններն են։
Առաքելոց վանք-ամրոցի պարսպապատ տարածքին եւ անոր շրջակայքին պահպանուած են կարգ մը յուշարձաններ։
Ճարտարապետութիւնը նոյնպէս իւրայատուկ է․ կազմուած է երկու եկեղեցիներէ, փոքրը կը պատկանի միանաւ պազիլիք տեսակին, իսկ մեծը՝ գմբէթաւոր սրահ տիպին։ Մօտաւորապէս 80 մեթր ներքեւ իջեւանատուն եղած է։ Երկու քիլօմեթր հիւսիս-արեւելք կը գտնուի Խնձորուտ փոքր եկեղեցին։ Կառուցուած է ամրոցի հիւսիսային ծայրին, կից է կանգուն պարիսպին։ Փոքր չափերու կառոյց մըն է՝ արտաքուստ պատուած կաթնագոյն, դեղնագոյն եւ կապտագոյն սրբատաշ քարերով, իսկ ներսէն կիրով պատուած է։ Ունի բարձր, կլոր թմբուկ եւ սրածայր վեղարով գմբէթ։ Արտաքուստ եւ ներքուստ որեւէ զարդաքանդակ կամ արձանագրութիւն չունի։ Լուսամուտները փոքր են, ընդամէնը վեց հատ, որոնցմէ չորսը կը գտնուի գմբէթին վրայ, չորս գլխաւոր ճակատներուն, մէկը՝ եկեղեցիի հարաւային պատի մէջտեղը, իսկ վեցերորդը՝ սնար ճակատին, արեւելքէն։ Ներքուստ, արեւելեան կողմը ունի մեծ եւ խորը ընկած սնար։ Բեմը բարձր է, սանդուխները՝ հարաւէն, երեք աստիճանով։ Խորաններ (աւանդատուներ) չունի։ Սնարի եզրէն մօտաւորապէս կէս մեթր ներս եւ հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն կից տեղաւորուած որմնասիւներու վրայ հիմնուած են գմբէթակիր կամարները։ Եկեղեցին հիւսիսէն սեփական պատ չունի, ատոր փոխարէն օգտագործուած է ամրոցի պարիսպը։ Միակ մուտքը կը բացուի արեւմուտքէն, յետագային կառուցուած ժամատան ներսէն։ Յատակն ու տանիքը սալապատուած են։ Պահպանուած են որմնանկարներու մնացորդներ։
Եկեղեցիի շինարարական առանձնայատկութիւններէն մէկը գլխաւոր տանիքի թեքուած ըլլալն է։ Այդ հանգամանքը նկատելի է ցածէն, եկեղեցիի արեւելեան ճակատէն։ Հիւսիսային սագի տեղը՝ տանիքի վրայ, պարիսպի գիծի երկարութեամբ, թաղապատ անցք մը կայ՝ ծածկուած խրամատի ձեւով, այն նկատառումով, որ հիւսիսէն թեքութեան բարձրացման հետեւանքով յառաջացած բեռնաւորումը եկեղեցիի թաղի վրայ, հնարաւորինս թեթեւնայ։
Եկեղեցին կանգուն է, սակայն երկրաշարժներէն ճեղքեր բացուած են արեւելեան եւ հարաւային պատերուն մէջ, լուսամուտներու գիծով, նաեւ արեւմտեան պատին մէջ՝ մուտքէն վերեւ։ Թափած եւ խախտած են գմբէթի վեղարի ծածկը, տանիքի սալերը եւ հարաւային ու արեւելեան պատերու վերին շարքերուն քարերը։
Մասնագէտներ ժամատունը Առաքելոց վանքի առաւել կարեւոր եւ միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան ուշագրաւ յուշարձաններէն մէկը կը նկատեն։ Քառակուսի, միջին չափերու պարզ շէնք մըն է, կից է եկեղեցւոյ արեւմտեան պատին։ Կառուցուած է կաթնագոյն, դեղնագոյն եւ կապտագոյն սրբատաշ քարերով։ Սիւներ չունի։ Վրանաձեւ տանիքը կազմուած է զիրար խաչաթեւող կամարներէ, որոնց կրունկները նստած են պատերուն կից մոյթերու, կիսամոյթերու եւ յենարաններու վրայ։ Պատերու քարերու վերին շարուածքը աղեղնաձեւ է, նման է նոյն ձորին մէջ գտնուող Դեղձուտի վանքի ժամատան պատերու շարուածքին։ Ժամատան պատերը ներսէն եւ դուրսէն սրբատաշ քարերով պատուած են։
Առաքելոց ամրոցը կառուցուած է գիւղատեղիի արեւելեան թաղամասը գտնուող, հեղեղատին զուգահեռ, հիւսիսէն հարաւ ձգուող նեղ եւ երկար քարաժայռի հարթ գագաթին եւ իր բարձր դիրքով կ՚իշխէ բնակատեղիի վրայ։
Ամրոցին երկարութիւնը 135 մեթր, իսկ լայնքը 32 մեթր է։ Ունեցած է հաստ եւ ամուր պարիսպներ, որոնցմէ կանգուն մնացած են հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան անկիւնի մասերը՝ իրենց չորս բուրգերով։ Պարիսպներու մնացած մասերէն շատ քիչ բան մնացած է։
Տեղացիներու համար սրբատեղի մըն է նաեւ Առաելոց վանքի Սուրբ Կարապետ խաչքարը, որ կը գտնուի գլխաւոր եկեղեցիի հարաւային կողմը, պատին կից։ Խաչքարը կանգնեցուած է պատուանդանին։ Կարմիր տուֆէ շինուած է, քանդակները՝ բուսական եւ երկրաչափական պատկերներով են։ Խաչէն վերեւ, բուսական քանդակներուն մէջ Քրիստոսի քանդակն է, կողքերէն մէկական հրեշտակ։ Անոր վրայ պահպանուած են արձանագրութիւնները։
Թաքնուած Հայաստանի հիւսիսը՝ Տաւուշի թաւ անտառներուն մէջ, Առաքելոց վանական համալիրն ու բնակատեղին հայկական հարուստ մշակոյթի եւ պատմութեան վկայութիւններէն են, որոնք գուրգուրանքի եւ պահպանութեան կարօտ են։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան