ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԷՄՔԷՐ ԱՏԱՓԱԶԱՐԷՆ. «ՓԻՒՍԿԻՒԼՍԻԶ» ԱԿՈԲՃԱՆ ԵՒ ԵՐԿՆԱՉՈՒ «ՏԱՅԻ»
Ատափազարի յուշամատեանները կը պատմեն անհետացած հայկական այդ քաղաքին մասին, որ շէն եւ ծաղկուն հայաւան մըն էր։ Ներկայիս Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմուտքի այդ բնակավայրը, ըստ պատմական աղբիւրներու, հիմնած են 14-րդ դարու վերջին Սեբաստիայէն գաղթած հայեր եւ իրենց առաջնորդի անունով զայն կոչած՝ Տօնիկաշէն։ Յետագային բնակչութիւնը շատցած է զանազան վայրերէ հոն գացած հայերու հաշւոյն։ Բարեշէն գիւղաքաղաքին մէջ հաստատուած են նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Գիւղաքաղաքը Ատափազար անունով կոչուած է 15-րդ դարու վերջին, որպէս բանուկ շուկայ: Հայերը հոս զբաղած են արհեստներով, առեւտուրով, շերամապահութեամբ, երկրագործութեամբ, զարգացած են վաճառականութիւնը, արտածումը: Ատափազարին մէջ եղած է չորս եկեղեցի, որոնց կից՝ նախակրթարաններ, մանկապարտէզներ։ Քաղաքը ունեցած է հարուստ տնտեսութիւն, ազգային բաղնիք, տպարան, այլ շինութիւններ:
1909 թուականին բացուած է մանչերու Կեդրոնական երկրորդական վարժարանը, 1912 թուականին՝ աղջիկներու դասընթացքը: Գործած են Կրթասիրաց ընկերութիւնը, Ընթերցասիրաց միութիւնը՝ հարուստ գրադարան-ընթերցարանով, երգչախումբ, թատերախումբեր, կուսակցութիւններ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ: Մինչեւ անցեալ դարու 1920-ականները, քաղաքին մէջ մնացած հայերը ցրուած են աշխարհով մէկ։
Ժամանակին շրջանին մէջ եղած են յայտնի ժողովրդային կերպարներ, որոնց մասին գրուած են նոյնիսկ գիրքերու, յուշամատեաններու մէջ։ Այս պատմութիւնները Ատափազարի գունեղ մարդոց մասին են` քաղուած յուշամատեաններէ։
***
Ատափազարի մէջ առեւտուրին եւ արհեստներուն հարիւրին ութսունը կը գտնուէր հայերուն ձեռքը եւ ատոր համար շուկան գրեթէ փակ կ՚ըլլար թէ՛ կիրակի եւ թէ հայկական տօներուն։ Եւ եթէ այդ օրերուն թափուր կ՚ըլլար շուկան, ընդհակառակը՝ լեփլեցուն կ՚ըլլային եկեղեցիները։
Այդ օրերուն, առանց որեւէ պարտադրանքի, նոյնիսկ բոլոր հայ սրճարանները փակ կը մնային մինչեւ «ժամէն ելլել»ը։
Շաբաթ իրիկուններն ալ, սովորականէն աւելի կանուխ կը փակուէին խանութները, ճամբու վրայ եկեղեցի մտնելու եւ կիրակամուտքի «Լոյս զուաթ»ը լսելու համար։
Ատափազարցին իր եկեղեցիները պայծառ պահելու համար ոչ մէկ նիւթական զոհողութենէ կը խուսափէր:
Իբր տօնական օրեր կր յարգուէին եւ խանութները փակ կը մնային Զատկի երեք օրերը, ինչպէս նաեւ, Աւագ հինգշաբթի եւ Աւագ ուրբաթ կէսօրերէն ետք, Ծնունդի երեք օրերը՝ (ատափազարցիին համար Ծնունդն ալ երեք օր էր Զատիկի նման) Ծնունդի Ութօրէքին, երեք տաղաւարներու (Վարդավառ, Աստուածածին, Խաչվերաց) Մեռելոցի երկուշաբթիները, Վարդանանցի եւ Համբարձումի (Վիճակ) հինգշաբթիները, Կաղանդը, Սահակ Մեսրոպի տօնը:
Թէեւ ոչ բոլորը, բայց, շատեր կը յարգէին նոյնիսկ Տեառընդառաջը, Աւետումը, Գրիգոր Լուսաւորչի տօները, Հոգեգալուստը եւ այլն։
Չորս եկեղեցիներն ալ, ամէն օր, առտու իրիկուն, անխափան ժամերգութիւն կը կատարէին եւ ճիշդ ու ճիշդ որոշուած ժամերուն, այնպէս որ մեր եկեղեցիներուն զանգահարութիւններուն վրայ կարելի էր ժամացոյցները ճշդել, իսկ Մեծ պահքի օրերուն կը կատարէին նաեւ Ճաշու, այսինքն կէսօրուան ժամերգութիւն։
«Հսկում»ի արարողութիւնը յատուկ էր ընդհանուր դժբախտութեան պարագաներու (երաշտ, համաճարակ, երկրաշարժ, պատերազմ եւ այլն)։
Իսկ «Եկեսցէ»ն, որ գիշերային աղօթասացութիւնն է, եւ կցուած է իրիկուան ժամերգութեան, կը կատարուէր շրջանի մէջ եղող քահանային կամքին համաձայն, եթէ առաջնորդ սրբազանը ներկայ չըլլար։
Ատափազարցիին համար սրբապղծութիւն էր կօշիկներով եկեղեցի մտնել։ Պէտք էր հանել կօշիկները եւ ձգել գաւիթը, ուր կային մասնաւոր կօշկատեղիներ։
Եկեղեցիին մէջ նստարաններ չկային, այս պակասը կը լրացնէին տունէն բերուած եւ միայն տէրոջը յատուկ բազմոցներ։
Կիներուն տեղերը վերնատուններն էին, որոնց առջեւի զոյգ կարգերը ծախուած էին եւ կը մնային ժառանգական։ Տէրերը կրնային ուրիշներու ծախել իրենց այդ սեփականութիւնները։ Այդ երկու կարգերուն ետեւը մնացած մասերը յատուկ էին հասարակութեան։
Ատափազարցին նախանձախնդիր էր եկեղեցական արարողութիւններու կանոնաւորութեան եւ երգեցողութիւններու ներդաշնակութեան։ Ասոր համար ունեցած է միշտ կարող դպրապետներ, որոնք վարժարաններու մէջ ստանձնած երաժշտութեան դասերով աշակերտներէն կը պատրաստէին դպիրներ։ Ս․ Հրեշտակապետը ունեցած է որպէս դպրապետ, օրինակի համար, Պապա Համբարձումը՝ հիներէն եւ Լեւոն Չիլինկիրեանը՝ նորերէն։
Իւրաքանչիւր եկեղեցի ունէր նաեւ իր «Աւագ դպիր»ներու խումբը, որուն անդամները՝ մանկութենէն թրծուած եւ փորձառութիւն ստացած դպիրներ, հասուն տարիքի կամ նոյնիսկ ծերութեան մէջ ալ կը շարունակէին․․․ իրենց թոռներուն հետ մասնակցիլ արարողութիւններուն, ուրիշներու չզիջելով մասնաւորապէս շարականներու երգեցողութիւնը։
«ԵԿԵՍՑԷ»ԱՍԷՐՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ- «ՓԻՒՍԿԻՒԼՍԻԶ» ԱԿՈԲՃԱՆ ԵՒ ԵՐԿՆԱՉՈՒ «ՏԱՅԻ»
Եթէ ատափազարցիին բարեպաշտութիւնը ծնունդ տուած էր աղօթասէր կիներու խմբակցութիւններուն, եկեղեցասիրութիւնն ալ ժամանակ մը տուած էր երիտասարդներու յատուկ «Եկեսցէ»ասէրներու խմբակցութեան, որ կեանք ունեցաւ տասնեակ տարիներ եւ որուն կազմակերպիչն ու առաջնորդը եղած էր Փիւսկիւլսիզ Ակոբճան։
Ակոբճեանը հասուն տարիքի մէջ, հասուն գլուխով, լրջախոհ ու լեզուն բերանին մէջ դարձող մէկն էր, արհեստով մեխագործ։ Ատափազարի մէջ եթէ ըսուէր «Մըխճի» Ակոբճանը, չհասկցող չէր ըլլար, թէ խօսքը որու մասին է։
«Մըխճի»էն զատ անոր անունին կցուած էր նաեւ «Փիւսկիւլսիզ» մակդիրը, որովհետեւ քաղաքին մէջ միակ մարդն էր, որ սկզբունքով հակառակ էր «փիւսկիւլ»ին եւ ֆէսը թէեւ ամէն շաբաթ իրիկուն կաղապարել կու տար, բայց կը գործածէր առանց ծոպի։
Իրաւ ալ, աւելորդ զարդ մըն էր սեւ առասաններու այդ փունջը, որ հանդարտ չէր կենար իր տեղը, ֆէսին վրայ, ետեւի կողմը եւ մերթ առջեւը կու գար, մերթ ալ աջ կամ ձախ կողմերը։
«Փիւսկիւլսիզ» Ակոբճան իր շուրջը հաւաքած էր բաւական թիւով երիտասարդներ, անոնց ձայնակցութիւնով պահանջելու համար քահանաներէն, որպէսզի գոնէ շաբաթ իրիկուան ժամերգութենէն զանց չառնեն «Եկեսցէ»ի խորախորհուրդ ու հոգեպարար արարողութիւնը։
Ու երբ քահանաները, յոգնած ըլլալով, կարեւորութիւն չտային եղած պահանջին, եւ առանց «Եկեսցէ» կատարելու «Օրհնեալք եղերուք»ը կոխէին եւ փիլոննին մէկդի նետելով՝ մեկնէին եկեղեցիէն, իրենք, այդ երիտասարդները, դասը անցնելով, առանց քահանայի, Ակոբճանին գլխաւորութիւնով կը կատարէին «Եկեսցէ»ն, որուն ներկայ կը մնային կամաւորները՝ այր թէ կին։
Քահանաները, բնականաբար, խեթիւ կը նայէին երիտասարդներու այս արարքին, որուն մէջ ինքզինքնին կը տեսնէին որպէս պարտականութեան զանցառուներ։
Շաբաթ իրիկուն մը, երբ «Օրհնեալք եղերուք»էն ետք «Եկեսցէ» կատարելու համար, նորէն դասը անցած էին երիտասարդները եւ Ակոբճան սեղանին առջեւ քահանային բաժինը եղող աղօթքը կը կարդար, քահանաներէն՝ Տէր Ստեփան Ազարեան, որ դեռ չէր մեկնած եկեղեցիէն, կարծես նպատակաւոր կերպով եկաւ աղօթասաց Ակոբճանին ետեւը կեցաւ եւ իր փիլոնը հանելով ձգեց անոր կռնակը, ըսել ուզելով «քահանայի պաշտօ՞ն կատարել կ՚ուզես, բայց առանց փիլոնի քահանայ չ՚ըլլար․․․»։
Արարքը գայթակղեցուցիչ էր եւ կարելի էր, որ ունենար իր անախորժ հետեւանքները, եթէ Ակոբճան, որպէս թէ արտակարգ ոչինչ է պատահած, կամացուկ մը, փիլոնը սեղանին վրայ դնելով, անայլայլ կերպով չշարունակէր աղօթքին ընթերցումը։
Այս միջադէպէն ետք, Ակոբճանի կարգադրութիւնով, շաբաթը երկու իրիկուն, չորեքշաբթի եւ շաբաթ, շուկայէն դարձին իր տունը կը հաւաքուէին խումբին երիտասարդները, ինչպէս նաեւ՝ փափաքողները։
Այդ հաւաքոյթներուն Ակոբճան նախ կը կարդար Ս․ Գիրքէն հատուած մը եւ կը մեկնաբանէր, յետոյ կը խօսէր խրատական մը պարկեշտ կեանքի հետ կապ ունեցող նիւթի մը շուրջ եւ յետոյ, վերջապէս, կը հրաւիրէր ներկաները «Եկեսցէ»ի արարողութիւնը կատարելու։
Ակոբճան կը հրաւիրուէր նաեւ «Աղօթասէր տիկնանց» հաւաքոյթներուն, որպէսզի քարոզէ։ Եւ ան սիրով կը պատասխանէր հրաւէրներուն՝ իր գործը ձգած։
Կ՚արժէ նաեւ վկայել, որ «Փիւսկիւլսիզ» Ակոբճանի շունչով դաստիարակուած բոլոր երիտասարդները խումբին ցրուելէն ետք ալ, մնացին միշտ ամէն տեսակ մոլութիւններէ զերծ, պարկեշտ անհատներ, բարեպաշտ եւ եկեղեցասէր, բայց ո՛չ՝ մոլեռանդ։
Բացառութիւն կը կազմէր անոնցմէ մէկը միայն, որ «Տայի» կը յորջորջուէր։ Անուս երիտասարդ մըն էր Տային, արհեստով հնակարկատ։ Հակառակ իր խոնարհ արհեստին՝ կ՚ըսէին, թէ կրցած է քանի մը հարիւր հնչուն ոսկի դիզել, որովհետեւ խնայասիրութիւնը հասցուցած էր ժլատութեան, ճիշդ ինչպէս որ ջերմեռանդութիւնն ալ հասցուցած էր մոլեռանդութեան։
Պատահած չէ, որ կիրակի մը կամ տօնական օր մը Տային եկեղեցի եկած չըլլար։ Եկեղեցիին մէջ (Ս․ Հրեշտակապետ) իր տեղը ու անձնական բազմոցը ունէր, վարի դասին ետեւը, սիւնի մը առջեւ։
«Տէր զի բազում»ին անպատճառ իր տեղը կ՚ըլլար եւ մինչեւ «Օրհնեալք եղերուք» բազկատարած, աչքերը դէպի առաստաղը յառած՝ կ՚աղօթէր ու կը խաչակնքէր անընդհատ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու շրջագայող պնակներուն։ Մերթ ընդ մերթ ոտնամաններուն վրայ կեցած՝ մարմինը վեր-վեր կը նետէր։ Կ՚ըսէիր՝ հրեշտակները թեւերը մտած՝ զինքը երկինք պիտի հանեն, բայց ծանրութենէն չեն կրնար, ու ինքը կը մնայ իր տեղը, միշտ թռչելու պատրաստ վիճակի մէջ։
Կարելի էր իբր օրինակ ատափազարցի Տային ցոյց տալ, եթէ պէտք ըլլար հաստատել, թէ մարդ կրնայ ծառայել․․․ Աստուծոյ եւ միանգամայն մամոնային։
Շատերուն համար Տային սուրբ մըն էր, շատերուն համար ալ՝ խենթ մը։
Իրականին մէջ՝ խենթ մըն էր, բայց վանքին հաւերը ուտող խենթ մը։
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐ ԵՒ ԿԱՆԱՆՑ ԱՂՕԹԱԺՈՂՈՎՆԵՐ
Ատափազարի մէջ, այրերու յատուկ կիրակնօրեայ լսարաններէն առաջ, գոյութիւն ունեցած են իգական սեռին յատուկ կիրակնօրեայ «թանգարան»ները, որոնց հիմնադիրը եղած է Գէորգ Սարկաւագ Ստեփանեան (յետոյ՝ Յակոբ Ծայրագոյն Վարդապետ), երբ 1860-ական թուականներուն Արմաշէն գալով՝ ժամանակ մը մնացած է իր ծննդավայրը։
Իւրաքանչիւր թաղի «թանգարանը» տեղի կ՚ունենար աղջիկներու վարժարանին սրահը, ամէն կիրակի, կէսօրուան ճաշէն ետք, մասնաւոր զանգակահարութեան հրաւէրով։
«Թանգարան»ներուն մէջ կը կատարուէին աղօթասացութիւններ, շարականներ ու երգեցողութիւն եւ անպայման խրատական բանախօսութիւն մը՝ բարոյական նիւթի մը կամ կնոջական պարտականութիւններու մասին։
Իբր «թանգարան»ներու վարիչ եւ բանախօսուհի, նշանաւոր էին՝ Թիթեռենց Աղաւնի հանըմը, տիկին Սրբուկը (Սրբուհի վարժուհին), Թօփալ Մարիամը (Սաատէթեան Մարիամ վարժուհին), Քէլէմէնին Սրբուկը եւ ուսուցչուհի Աղաւնի Սահակեանը (տիկին Սրբուհի վարժուհիին աղջիկը եւ յաջորդը)։
Երբ Համիտեան րէժիմին Ատափազարի մէջ տեղի ունեցած խուզարկութիւններուն եւ ձերբակալութիւններուն վրայ, ազգային իշխանութիւնները խոհեմութիւն սեպեցին վերջ տալ այրերու լսարաններու հետ նաեւ կիներու թանգարաններուն, կազմուեցան Աղօթասէր կիներու քանի մը խմբակցութիւններ, որոնց իւրաքանչիւրը, շաբաթուան մէջ, իր որոշ օրը ունէր տուն մը հաւաքուելով շարունակելու համար ինչ որ կը կատարուէին թանգարաններուն մէջ՝ աղօթք, քարոզութիւն եւ երգեցողութիւն։ Այս խմբակցութիւններուն առաջաւորները կը կատարէին նաեւ գթասիրական գործեր։ Կ՚այցելէին հոն՝ ուր հիւանդ կամ որեւէ դժբախտութիւն կար, տանելով մխիթարութիւն կամ նիւթական օգնութիւն։ Նիւթականը կը հայթայթուէր հասոյթէն այն պնակին, որ կամաւոր նուիրահաւաքութեան համար դրուած կ՚ըլլար աղօթավայրին մէջ, ամէն հաւաքոյթի։
Կիներու այս կազմակերպութիւնները, սակայն, ետքը սկսան դառնալ ընկերային չարիք, որովհետեւ անդամուհիներէն շատեր ջերմեռանդութիւնը շփոթեցին մոլեռանդութեան հետ, իրենց ընտանիքներն ու ընտանեկան գործերը մոռնալու եւ ամուսնական պարտականութիւններուն դէմ ըմբոստանալու ասիտճան։
Այն ատեն էր, որ ազգային իշխանութիւնները պէտք տեսան հալածանքի ենթարկել կիներու այդ հաւաքոյթները եւ հալածանքի ղեկավարութիւնը յանձնեցին Տէր Սերովբէ Քհնյ․ Պուռմայեանի։
Ատափազարցի կինը իր շարականագիտութիւնը, որ հռչակ հանած էր, կը պարտէր «թանգարաններուն» եւ աղօթասէր կիներու հաւաքոյթներուն։
Ատափազարցի կիները ունէին նաեւ իրենց շարականասոյցը, կոյր Սերովբէն, որ ժամադրութիւնով կ՚երթար տունի մը մէջ նոյն փողոցի բոլոր իր աշակետուհիները հաւաքելով՝ կին թէ աղջիկ, շարականի դաս կու տար շատ չնչին վճարումի մը դիմաց։
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐՏԷԶԸ
1914 թուականին Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին Ատափազարի թղթակիցը այդպէս կը հաղորդէ Ատափազարէն․
«Քաղաքիս մէջ քանի մը ամսուան գոյութիւն ունեցող հայ ազգային պարտէզը այսօր շատ մեծ տեղ մը կը բռնէ քաղաքին մէջ։ Իր հայ ազգային գոյնը պատուաբեր է Ատափազարի հայութեան։ Ամէն օր եւ մանաւանդ կիրակի օրերը, ամէն ազգէ, ամէն սեռէ խուռներամ բազմութիւն մը կ՚արդիւնաւորէ պարտէզին հասոյթը, քաջալերելով եռանդուն յանձնախումբը, որպէսզի նոյնիսկ այս տարի սկսին մեծ ժողովասրահի մը շինութիւնը։
Ֆանֆառը, մասնաւոր ոգեւորութիւն մը կը բերէ պարտէզին մէջ։ Հայ ազգային պարտէզի հսկայ եւ խիստ գեղեցիկ ծրագրին համեմատ պարտէզը իր ժողովասրահը ունենալէն ետք, պիտի գեղեցկանայ նաեւ արուեստական լիճով մը եւ անտառակով մը։
Պոլսոյ հանրային պարտէզներուն նման ազգային պարտէզն ալ պիտի ունենայ իր սինեման եւ ուրիշ նորութիւններ։
Ուրախալի է, որ հասարակութիւնը արդէն կը քաջալերէ այս գեղեցիկ ձեռնարկը, որ չորս-հինգ տարիէն իսկ ազգին կրթական հաստատութիւններուն գլխաւորներէն եղող Կեդրոնականին տարեկան 6-7000 ոսկիի հասոյթ մը պիտի բերէ։
Վերջին օրերս յանձնախումբը կազմած է նաեւ ջութակ, մանտօլին եւ ուրիշ նուագողներէ բաղկացած նուագախումբ մը, որ կը նուագէ իրիկուան ժամը 12էն (Ը․Թ․)»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան