ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ (1851-1908)

Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք փունջ մը Եղիա Տէմիրճիպաշեանի բանաստեղծութիւններէն: Իսկ այսօր, պիտի ներկայացնենք Տէմիրճիպաշեանի գրութիւններէն հատուածներ:

Սկսինք Հրանտ Նազարեանցի Տէմիրճիպաշեանի «Սիրային նամակներ 1886-1889» հրատարակած հատորով, որ լոյս տեսած է Պոլիս, 1910-ին: Այդ հատորին սկիզբը Նազարեանց կը գրէ. «Եղիա Տէմիրճիպաշեան որ աւելի քան քառորդ դար մը գրական անօրինակ ու հոյակապ բեղմնաւորութեամբ ծաղկեցուց Հայ Մատենագրութիւնը ու ժամանակակից գրականութեան էն սիրուած բանաստեղծը, խորապէս ազդելով միտքերու վրայ իր տեսանողի ուժգնութեամբ, տիրապետող իմաստասէրի մռայլ խոկումներով ու թովիչ հագներգուի հրաշալի քնարերգութիւններով, այսօր գրեթէ մոռցուած դէմք մըն է, այն ապերախտ անտարբերութեամբ որով կը վարձատրէ, գրեթէ միշտ, հայ հասարակութիւնը իր գրչի վաստակաւորները:

Ժամանակակից Հայ բանաստեղծութեան պատմութիւնը իրմէ հսկայ ու շքեղ գիսաւոր մը չունեցաւ արձանգրելիք իր վտիտ էջերուն վրայ:

Եղիային արկածախնդիր եւ թափառիկ կեանքին մէջ եզական էջ մը կը գրաւէ այն շրջանը, զոր 1886էն 1889-ը ապրած է մեծանուն Ֆաքիրը՝ սիրային յարաբերութիւններու յանձնուած: Այդ շրջանը կը կազմէ Եղիայի սիրային կեանքի մէկ դրուագը -որովհետեւ ան միակը չէ եղածարտադրել տուած է իրեն զմայլելի գրական էջեր նամակագրութեան ձեւով, ուղղուած իտէապաշտօրէն սիրուած աղջկան մը՝ Սրբուհիին: Անոնց մէջ Եղիա կը ներկայանայ իմաստասիրող բանաստեղծի բարձր թռիչքով զոր Սէրը ա՛լ աւելի վսեմացուցած է:

Ամէն անոնք որոնք Եղիան պիտի կարդան՝ պիտի գտնեն այդ նամակներուն մէջ Նիրվանային գաղափարովը տուայտող բայց նաեւ կեանքի տենչանքին համար հատնող բանաստեղծին հոգեկան վրդովումներուն սրտաճմլիկ զգայութիւնները:

Եղիա կը հաւատար, թէ հաղորդակցութեան եւ իրական հպումին մէջ սէրը խոյս կու տայ: Այդ զգայութիւնովն է որ կը չարչարուին դժնդակօրէն իր նամակներուն բոլոր տողերը, ուր միշտ փախուստով սիրելու տենչը կը գերակայէ: Այս իտէալին ուժովը չէ՞ որ Եղիա անձնատուր եղած է նամակագրութիւնով իր մոլեգին սէրը արտայայտելու ձեւին, մինչդեռ իր սիրուհին՝ այդ վարժուհի նրբազգաց աղջիկը, ամէն օր իր քովն էր եւ կրնար բերանացի թարգմանել անոր ինչ որ իր հոգին կը զգար: Եւ մինչեւ անգամ սիրոյն աննիւթական պաշտամունքին իր հայեցողութեանը համար չէ՞ որ անոր շրթունքները չեն կրնար շեշտակի թոթովել ինչ որ հոգիէն կը պոռթկայ եւ այն պահուն երբ Եղիա վճռականապէս «կը սիրեմ»ը պիտի ըսէ, ընդոստ նահանջ մը կ՚ընէ, վախնալով որ չի ռամկանայ առարկայական սիրոյ խոստովանութենէն:

Եղիայի նամակները շօբէնեան տանջուող երաժըշ-տութիւն մըն են, ուրկէ հազիւ կը լսուի երջանիկ երգի մը ծուէնը: Հոն կարօտի, սիրաբաղաձ գալարումներու, հիւանդագին հեծկլտուքներու ու նուաղումներու քով, կան բռունցքը սեղմած վրէժխնդրութեան պոռթկումներ, փրփրոտ մարմաջով վրէժ լուծելու համար առարկայապէս սիրելու երազէն, զոր ինք կ՚ատէ հոգեւին:

Սիրոյ երազանքով ապրած իր գիշերները կը յիշեցնեն մեզի Միւսէի բանդագուշանքներով, մղձաւանջներով, անուրջներով տանջուող Գիշերները, ուր սիրելի յիշատակներու եւ երանութեան ապրուած վայրկեաններու խեղդող ցաւով կը գալարուի Եղիային հոգին: Իր հոգիին հեւքը սակայն կ՚անէանայ, կ՚աննիւթանայ, կը շոգիանայ, թաղելու համար Եղիան ծոցը այն միւս աշխարհին՝ ցանկալի Նիրվանային զոր ինք սրտովին կ՚երազէ, եւ ուր արդէն մեկնած է այսօր՝ թողլով մեզի սիրելի ու անմոռանալի անուն մը:

Իր այդ կեանքը ուրուանկարող սիրային նամակները, զորս հաճելի դիպուած մը ձեռքս ձգած է, կը յանձնեմ այսօր հրատարակութեան, իբր անմոռանալի յիշատակ մը՝ որ կոչուած է կազմելու մէկ պատուանդանը իր կեանքի պատմութիւնը գեղակերտող եւ իր հոգիին ներքին ամենաթաքուն ալքերը բիւրեղացնող կոթողին» (էջ 5-6, 9, 10-12):

Տէմիրճիպաշեան նամակագրութիւն ունեցած է Սրբուհի անունով օրիորդի մը հետ: Նազարեանց, նախքան նամակները հրատարակելը, նամակով մը դիմած է Սրբուհիին, արտօնութիւն ստանալու համար: Ան հետեւեալ պատասխանը յղած է Նազարեանցին.

«Ֆիլիպէ, 20 Յունիս 1910

… Հրանտ Նազարեանց

Տէր,

Ստացայ Յունիս 13 թուակիր ձեր շնորհաբեր նամակը որով արտօնութիւն կը խնդրէք ինէ հրատարակութեան տալ կարգ մը նամակներ, որք անցեալ օրերու տխրազդեցիկ յիշտականերն յիս կը զարթուցանեն:

Ազատ էք գործածել զայնս ըստ հաճոյս, բաւական է որ կազմէք անոնցմով պսակ մը եւս տարաբախտ Եղիային ճակտին, որով զիս ալ շնորհապարտ կացուցած կ՚ըլլաք:

Սրտագին զգացուած ձեր փափկանկատութենէն, կը խնդրեմ որ հաճիք ընդունիլ խորին յարգանքներս» (էջ 14): 

Ահաւասիկ նմոյշ մը այդ նամակներէն:

* Սրբո՛ւհի,

Երբ այնպիսի անուն մը Դու կը կրես, է՞ր ես այլ անուն , է՞ր ես այլ մակդիր կը գործածեմ՝ Քեզ հետ խօսելով կամ Քեզ գրելով: Բայց զՔեզ կոչելէ յետոյ՝ ի՞նչ պիտի ըսեմ Քեզ, ի՞նչ պիտի հարցունեմ առ Քեզ: Ահա՛… -Երբ ծրարդ ինձ տուիր վառարանին վրայէն, եւ ես զայն ուրիշ հնոցի մը վրայ զետեղեցի՝ հնոց անշէ՜ջ, դեռ առաւօտ էր. խնդրեցիր յինէ զի կարդամ գիրդ առանձին: Եւ մինչեւ առանձնութեան սո՜ւրբ ժամն, մինչեւ այն ժամն՝ ուր վաստակաբեկ ու յաւէտ սրտարե՜կ կը մտնեմ ստուերամած խցիկս, մինչեւ երեկոյեան ժամն՝ ամբողջ օր մը, ամբողջ դար մը կար: Նաւամատոյցն երթալով, մաղթեցի որ նախայարկն ոչ ոք գտնուէր շոգենաւուն մէջ. մաղթանքս ընդունելի եղաւ. ոչ ոք էր անդ: Ծոցէս անհամբեր հանեցի ծրարն. եւ երկու թուղթերն՝ որք ելան պահարանին մէջէն՝ զոյգ մը թեւեր ինձ թուեցան. եւ նախայարկին այն բոլորաձեւ լուսանցքներէն՝ յորոց կր թափանցէր լոյսն ինձ յաւէտ սիրելի՝ ներս մտաւ հուր հոգին որ Սրբուհի կը կոչուի. թեւերն իրեն յարեցան, եւ աչքերս այն հրային տեսլեան յառեցան:

Քանիօ՜ն ըղձալի էր սրտիս, քո՛յր իմ, որ մշտատեւ ըլլար այդ տեսլական կեանքն. իրական կեանքն անտանելի է հոգւոյս. սակայն տեսլական կեանքն ալ տեւական՝ անիրանալի է յաւիտեան: Պէտք է ցրուին վարդափայլ ամպերն, պէտք է փարատին քաղցր անուրջք, պէտք է զարթնու մարդն, եւ խառնաղանճին մէջ գտնէ զինքն: Ո՜հ, որքա՜ն կը փոքրանայ, կը նուաստանայ մարդն՝ իրական օրըստօրէական կենաց մէջ. մեր ոտից տակ տիղմ կամ փոշի, մեր շուրջ սեղանաւորի սեղաններ՝ ոյց վրայէն Մամոնայ դիքն ոսկեծիծաղ կը հեգնէ մեր ազատութիւնն. անարժան էակաց առջեւ կը խոնարհինք, հալածեալ կամ անտեսեալ արժանաւորին գողունի ողջոյն մը հազիւ կրնանք տալ, հազիւ կը համարձակինք արտասանել մեր նախահարց անունն՝ երբ արդարութեան եւ վեհութեան համանիշ է այն:

Ի՜նչպէս կը տենչամ Նիրվանային: Գամիյլ Տէմուլէն կը գրէր բանտին մէջէն առ իւր Լիւսին. «On est libre quand on dort; on n’a pas_le_sentiment_de_sa_captivité»: Բայց այն եղկելի երիտասարդ ամուսինն իր Լիւսին անշուշտ կը տեսնէր երազին մէջ: Թերեւս երազք Նիրվանայի ծոցոյն մէջ ալ կը սպասեն անոնց՝ որք սիրեցին -մեզ նման…: Է՞ր այնքան կ՚ատես ինչ որ այնքան ես կը սիրեմ- Նիրվանա՜ն: Ո՜վ կ՚ըսէ թէ լուսինն՝ ում այս վայրկենիս անշուշտ յուզմամբ հայիս՝ յիշելով հոգեհատոր եղբայրդ՝ ո՞վ կ՚ըսէ թէ լուսինն Նիրվանային ծոցն աւելի անոյշ չը պիտի ժպտի մեզ, աւելի քաղցր չը պիտի շողայ մեր ճակատաց վրայ. ո՞վ կ՚ըսէ թէ գեղգեղաձայն սոխակք Նիրվանայի ստուերաց մէջ ալ չը պիտի որորեն մեր քունն եւ կամ չը պիտի զուարճացնեն մեր արթնութիւնն. ո՞վ կ՚ըսէ թէ մեր պատուանդանն հոն ադամանդէ չը պիտ ըլլայ. ո՞վ կ՚ըսէ թէ գահերու վրայ չը պիտի գտնենք հոն հովուական կենաց երանութիւնն:

Ահա կեանքէս օր մ՚ալ անցաւ, ահա ժամ մ՚ալ անցաւ իմ գիշերէս: Եւ ես գոհ եմ, քանզի անջրպետն՝ որ զիս կը բաժնէ Նիրվանայէս՝ աւելի կարճացաւ:

Մեծ վշտի մը վրայ կը խօսիս, այնքա՜ն փափուկ կերպիւ (եւ սովորական է Քեզ այդ փափկութիւնն), ինձ կը խօսիս մեծ վշտի մը վրայ՝ ոյր կը տեսնես հետքերն իմ «տխրագե՜ղ ճակտիս» վրայ: Ա՜հ, վիշտեր արդարեւ ունեցած եմ. այլ չեմ կրնար ըսել թէ ո՞րն է ամենէն մեծն. ա՛յն որ ամենէն փոքրն է թերեւս յաչս մարդկան: Եւ ես կը խորհիմ աւելի իմ ունենալիք վիշտերուս վրայ:

Անցեալ օր Բիւզանդ Քէչեան կը զարմանար, թէ մտաւոր ոյժս՝ նուազելու տեղ՝ կ՚աւելնայ. հապա սըր-տիս հո՞ւրն, այն չ՚աւելնա՞ր միթէ: Եւ մեծ վշտերուն աղբիւրն անտարակոյս հո՛ն է, սրտին մէջ:

Ի՞նչ եղաւ այն վառարանն, ոյր շուրջ բազմած այս առաւօտ կը խօսակցէինք առանձին. աճիւն եւեթ մնաց հոն, իսկ բոց յաւիտեան՝ մեր սրտից վառարանին մէջ: Ո՞վ գիտէ ի՛նչ սահմանեալ է մեզ: Բայց թէ ի՛նչ պատահի, թէ բաղդն ո՛ւր ալ զմեզ նետէ…: Ո՜հ, չեմ ուզեր վերջացնել: Գիշեր բարի՛ (էջ 22-25):

Տէմիրճիպաշեան իր «Շրջագայութիւն իմ թաղիս մէջ» գրքոյկին մէջ, որ ստորագրած է Շարժեանց ծածկագիրով, տպուած Կոստանդնուպոլիս, 1880 թուականին, գրքոյկը կը սկսի իրենց տան նկարագրականով՝ «Մեր տունն», ուր կը գրէ.

* Տուներ կան, որք ճարտարապետական գոհարներ են, եւ արժան, հետեւաբար, երկար եւ ճարտար նկարագրութեան. տուներ կան, որք ուխտագնացութեանց առարկայ են այսօր, զի վեհ արանց ծնարան եւ բնակարան եղած են. տուներ կան, օժտուած արուեստից ու գեղարուեստից հրաշակերտներով, որք բանաստեղծներ կը ներշնչեն եւ իմաստասէրներ կը լուսաւորեն:

Այդ տեսակ ապարաններէն ու բնակարաններէն չէ մեր տունն:

Ապաքէն մերթ ընդ մերթ կը խոնարհին մեզ այցել մեծ մարդիկ, այլ մեծ մարդու մը խանձարուր քաղ-ւած եւ կամ մեծ մարդոյ կեանք անցած չեն այս տան մէջ: Նախաստեղծ ամոլից նման մերկ են մեր որմունք եւ մեր ձեղունք: Տունն ալ, անարուեստ եւ անզարդ, կը թրթռայ զերդ տերեւ, ոչ այնքան հնամի թէեւ,- գօսացեալ յառաջ քան ժամանակն, աւա՜ղ, դարուն երիտասարդներուն նման…:

Բարեբախտաբար, երկին կ՚երեւի մեր տան երեք կոմէն ալ. այլ ծով եւ ո՛չ մէկ կողմէն, եւ ո՛չ մէկ յարկէն կը տեսնուի դժբախտաբար. պատառ մ՚ալ հող ունին տան ետին, ուր քանի մը ծառատունկներ կը բարձրանան, քանի մը հաւեր կը կտկտան ու քանի մը կատուներ կը դարանին՝ որսալ երկնից թռչուններն, որք մեր կ՚իջնան մասնակցիլ հաւուց խնճոյքին: Այս կատուներն իմ մտացս անհամար խոհեր, այս երկինն իմ հոգւոյս անվախճան երազներ, ու, սիրուհւոյ մը նման, ծովուն հեռաւորութիւնն ալ իմ սրտիս ամենախորին տրտմութիւն կ՚ազդեն…:

Երեք սեւազգեստ կանայք, որք ակամայ Մագպետի խորհրդաւոր կիներն ինձ ի յուշ կ՚ածեն, երեք երիտասարդք, որք արդէն Ժողովողին վերջին բառն արտասանած են. ահա տանս մէջ իմ բնակակիցներս: Սպասաւոր մ՚ալ ունինք, Բարսեղ աղբար, որ ամանորին կրկին կ՚ուրախանայ, զի տարին կը նորի, զի իր անուան տօնախմբութիւնն կը կատարուի, եւ մանաւանդ զի պարգեւ կ՚ընդունի…:

Ա՜հ, մանուկ մը չկայ մեր տան մէջ, եւ անտարակոյս այս է մեծագոյն պատճառն իմ ամենամեծ տրտմութեանս…:

Մանո՜ւկ մը…: Եւ այդ կականն, այդ աղաղակն, այդ ցնծագին ճիչն, այդ հրեշտակային ժպիտն, այդ տկարութիւնն, այդ զօրութիւնն հոգին մարդուն կը պահեն արթուն զուարթուն: Այդ ապականութեան մէջ սուրբ, այդ տխեղծութեան մէջ մեծ, այդ մերկութեան մէջ շքեղ, անասնութեան եւ աստուածութեան յանգ այդ էակն, ոյր աչուկներն ու սրունքներն կը սրբես, ոյր թաթիկներն ու տոտիկներն համբուրես, որ բա բա կը ձայնէ՜ քեզ, եւ ում մաման կը ցուցնես…, որ կ՚ուզէ բռնել կրակն, եւ ում տատրակ մը կը ներկայացնես, որ թռչիլ ըղձայ, եւ ում քայլել կ՚ուսուցանես, որ թռչնոց լեզուով հարց առնէ քեզ, եւ ում մարդկան բարբարիկ լեզուով կը պատասխանես, այդ նկուն եւ միանգամայն անհո՜ւն էակն, այո՛, սփոփիչ, ուսուցիչ, լուսաւորիչ մ՚է քեզ համար:

Մանո՜ւկ, օրրա՜ն: Մանուկն յուշարար է մարդոյն՝ մեծութեան. օրանն հեռի պահէ տապանէն զմարդն: Հայրեր անտարակոյս առաւել կը խորհին մարդոց բարօրութեան, ու դուն ուրեք հայրեր կ՚ըլլան անձնասպան:

Այո, ամէն տան պարտէզ մը հարկ է, ամէն երիտասարդի ընկերուհի մը հարկ է:

Թիթեռնիկն անվրէպ պիտի գայ պարտիզին, եւ մանկիկն օրհնեալ ամոլին: Ցօղն պիտի իջնայ ծաղիկին, ու երանութիւնն ընտանիքին… (էջ 5-7):

Եղիա Տէմիրճիպաշեան ըսինք, որ հիւանդութենէ տառապած է: Այդ մասին ան այսպէս կը գրէ.

* Ի՜նչ նախանձելի վիճակ։ Ամենէն անարգ կենդանիին՝ անիծեա՜լ օձին նման գետնատարած մնալ խցիկիդ մէջ. ոտներդ ու գլուխդ գետնին կպած, աչերդ առաստաղին կամ որմնանկարին յառած մնալ ժամերով, օրերով ու ի՜նչ հիանալի դիրք, ի՜նչ երանելի վիճակ։

Այդ աննախանձելի վիճակին ու այդ եղկելի դիրքին ես ալ դատապարտուեցայ քանի մ՚օրեր. քանի մը շաբաթներ դատապարտուեցայ թեւերս ամփոփել ու խափանուած մնալ վանդակիս… խցիկիս մէջ։ Երբ վարդք կը փթթէին ու կը բուրէին ծաղկոցաց մէջ, երբ սոխակք կը բունէին ու կը գեղգեղէին պուրակաց մէջ, ես մահճիս մէջ կը դեղնէի ու կը հազայի` դէմքս հակապատկեր դրախտի վարդին, ձայնս հակապատկեր սոխակին երգին։

Եւ սակայն… ո՞չ ապաքէն Միլվուան ալ տժգոյն էր, եւ ո՞չ ապաքէն Դուրեանն ալ հազ ունէր…։

Այսպէս կը խորհէի մահիճիս մէջ։ Եւ ինքնին կը հարցնէի, կը հարցնէի սրտայո՜յզ. «Արդեօ՞ք Արեւելից կողմն կամ Արեւմտից կողմն, արդեօ՞ք կապոյտ Պոսֆօրին ափանց վրայ կամ Ոսկեղջիւրի խորն, արդեօ՞ք հեռի Բիւզանդիոնէն կամ Բիւզանդիոնի ծոցն՝ էակ մը, հրեշտակ մը կա՞յ, որ իր առաւօտեան ու իր երեկոյեան ջերմեռանդն աղօթից կը խառնէ մաղթանաց քաղցրի՜կ բառ մ՚ալ հէ՜գ Գրասէր Ատոմին բժըշ-կութեան համար»։

Ու խորհելով, ու խռովելով, ու խաղաղելով, ու հարցնելով, ու հեծեծելով, ու հազալով… ապաքինեցայ հուսկ ուրեմն։ Եթէ ցաւ մ՚ունիմ, այն է, թէ չունիմ իշխանական հարստութիւն, որպէս զի տաճար մը կառուցանէի Առողջութեան… (Մասիս, 20-30 Մայիս, 1881)։

«Գրական եւ իմաստասիրական շարժում»ի Գ. հատորին մէջ, յունուար 1885, «Սկզբունք մանկավարժութեան» վերանգիրին տակ հարցում-պատասխանի ձեւով կը խօսի մանկարժութեան մասին, յատկապէս դասատուի եւ դասագիրքի մասին: Առաջին մի քանի հարցումներն ու պատասխանները թէեւ արհամարհական ու վիրաւորական են, սակայն կը պարզեն ո՛չ միայն այդ օրերուն տիրող իրավիճակը, այլեւ դժբախտաբար մեր օրերուն եւս յաճախ ականատես կը դառանանք նոյն երեւոյթին, ըլլայ Հայաստանի, կամ սփիւռքի մէջ: Կը կարդանք.

Հ. Մանկավարժութիւնն ի՞նչ կ՚ուսուցանէ:

Պ. Մանկավարժութիւնն ա՛յն կ՚ուսուցանէ թէ… մեր մէջ չունինք դեռ մանկավարժներ, այսինքն ճշմարիտ վարժապետներ:

Հ. Վարժապետք ո՞ւր կը պատրաստուին:

Պ. Մեր վարժապետք սրճարանաց մէջ ընդհանրապէս կը պատրաստուին տակաւին:

Հ. Սրճարանաց մէջ Հայ վարժապետք ընհանրապէս ի՞նչ կ՚ուսանին:

Պ. Ընդհանրպաէս նարտախաղ ու թղթախաղ կ՚ուսանին եւ կ՚ուսուցանեն:

Հ. Հայ վարժարանաց մէջ վարժապետք ի՞նչ կ՚ուսուցանեն:

Պ. Կ՚ուսուցանեն ինչ որ կայ դասագրքին մէջ, այսինքն ինչ որ կայ տղայոց ձեռքին մէջ եւ ինչ որ անոնց մտքին մէջ երբեք չը պիտ՚ըլլայ:

Հ. Ի՞նչ պարտէին ուսուցանել:

Պ. Վարժապետք պարտէին կենդանի բարբառով ուսուցանել մանկանց ինչ որ կայ բնութեան մէջ. պարտէին թանձրացեալ առարկաներէն սկսիլ եւ տակաւ առ տակաւ վերացմանց անզգալապէս բարձրացնել մանկանց իմացականութիւնն. օրինակէն սկսիլ եւ կանոնին հասնիլ. իրողութենէն մեկնիլ եւ մակածաբար օրէնքին յանգիլ: Մեծագոյն՝ մանկավարժի կարծիքն է թէ՝ դասատուն է մանկանց լաւագոյն դասագիրքն:

Հ. Ուրեմն դասագիրքն աւելո՞րդ է:

Պ. Ո՛չ. բայց արդիւնաւորագոյն դասագիրքն է դասատուն. ա՛յն դասագիրքն, որ կը խօսի եւ խօսել կու տայ, որ կը շարժի եւ շարժում իւր շուրջ կ՚արտադրէ, որ ձայնին ելեւէջներովն ու դէմքին այլեւայլ արտայայտութեամբք՝ մանկան ունկանց, աչաց ու մտաց միանգամայն կը բարբառի: Մեզ այսպիսի՛ դասագրքեր հարկ են:

Հ. Մեր դասատուներն է՞ր առհասարակ այդպէս չեն:

Պ. Մեր դասատուաց մէջ կան որք կոչում ունին, այլ չունին պատրաստութիւն, իմա՛ կատարեալ պատրաստութիւն՝ որ կը կատարուի միայն վարժապետանոցի մէջ: Այդ հազուագիւտ կոչեցեալք ալ, յաճած տմարդի թաղական խորհրդոց գերի եւ ինքնահաւան հոգաբարձութեանց խաղալիք ըլլալով կը վհատին ուր ուրեմն, եւ կը սկսին աշխատիլ մեքենապէս, առանց եռանդեան, առանց կենդանութեան, հետեւաբար եւ առանց արդեան:

Հ. Իրաց այս ողբալի կացութեան իբրեւ դարման՝ ի՞նչ պարտինք ընել:

Պ. Պարտինք բոլոր մեր ոյժերով կրթական գործն ընդգրկել. պարտինք նորոգել նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնն եւ ստեղծել բարձրագոյն կրթութիւնն (էջ 83-85):

•շար. 3

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 25, 2025