ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ 140-ԱՄԵԱԿ. ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆԳԻՆ ՋՈՒԹԱԿԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Արեւմտահայ անուանի երաժիշտ, տաղանդաշատ խմբավար, յօրինող եւ երաժշտական-հասարակական գործիչ Բարսեղ Կանաչեանի հայրը զրկանքներու գինով որդիին համար գնած էր ջութակ մը, որ մինչեւ կեանքին վերջը անբաժան էր Կանաչեանէն։
Այդ ջութակն ալ դարձաւ Հայաստանի մէջ Բարսեղ Կանաչեանի 140-ամեակի տօնակատարութեան գլխաւոր ցուցանմոյշը, որ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը հանած էր Կանաչեանի արխիւէն։
Նոյն թանգարանին մէջ 140-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին ցուցադրուեցան նաեւ այլ իրեր մեծանուն երաժիշտէն. ինչպէս՝ ձեռնափայտերը, ժամացոյցը, որ ջութակին հետ մօտ տասը տարի առաջ Լիբանանէն թանգարանին նուիրուած է Բարսեղ Կանաչեանի դուստրը՝ Սեդա Կանաչեան-Թիւյսիւզեան։
Ի ցոյց դրուած էին նաեւ Կոմիտասի հետ Կանաչեանի լուսանկարը, ուրիշ լուսանկարներ, վաւերագիրներ, իր ձեռագիրները, ինչպէս նաեւ՝ հայ եւ այլ ազգային մշակոյթներուն բերած խոշոր նպաստին համար Բարսեղ Կանաչեանի ստացած պարգեւը՝ Լիբանանի «Մայրիներ» առաջին կարգի պետական շքանշանը։
Եւ ի վերջոյ, Կանաչեանը մեծարուեցաւ նաեւ իբրեւ մշակողը Հայաստանի ազգային օրհներգի՝ «Մեր հայրենիք»ի երաժշտութեան։ Այսօր անոր անունը պատուով կը նշուի պետական խորհրդանիշներու հեղինակներու շարքին մէջ։ 82 տարեկանին մահացած երաժիշտը այդպէս ալ հայրենիք չէ այցելած, հակառակ որ միշտ այդ երազով ապրած է․ ան մեծ փափաք ունէր նաեւ, որ իր ստեղծագործութիւնները հնչեն Հայաստանի մէջ։ Սկսած անցած դարու կէսերէն՝ Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտութիւնը միշտ ներկայ է Հայաստանի երաժշտական աշխարհին մէջ։
Թանգարանը Կանաչեանի 140-ամեակը նշանաւորեց նաեւ համերգով մը, որուն մասնակցեցան Երեւանի «Բարսեղ Կանաչեան» արուեստի դպրոցի սաները․ անոնք նուագեցին Կանաչեանի ստեղծագործութիւններէն։
Այս ցուցահանդէսը անգամ մը եւս առիթ ընծայեց ծանօթանալու Կոմիտասի սիրելի սաներէն Կանաչեանի ստեղծագործական ժառանգութեան եւ խմբավարական գործունէութեան։
Այցելուները, նաեւ Կանաչեանի գործերը նուագող աշակերտները տեղեկացան, որ այնքա՜ն մեծ եղած է կօշկակարի մը բազմանդամ ընտանիքին մէջ ծնած փոքրիկ Բարսեղի սէրը երաժշտութեան հանդէպ, որ ինքնաշէն ջութակով կը նուագէր, մինչեւ որ հայրը ձեւով մը գնեց իսկական ջութակ մը, որ փոխեց տղային ամբողջ կեանքը։
Անոր հայրը տասնմէկ զաւակի տիրացած է, բայց ընտանիքի մայրն ալ վաղ մահացած է, եւ դիւրին չէ եղած արհեստաւոր հօր մը համար ընտանիքը կերակրել ու պահել, սակայն ջանացած է որդիին համար ձեռք ձգել անոր երազած ջութակը։
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է 1885 թուականին, Ռոտոսթօ (Թեքիրտաղ), արեւելեան Թրակիա։
Երեք տարեկան էր, երբ ընտանիքը կը մեկնի Պոլիս, ուր ան կը յաճախէ Կէտիկփաշայի Ազգային վարժարանը: 1890-ական թուականներուն ընտանիքը կը գաղթէ Պուլկարիա, ուր Կանաչեան կը շարունակէ իր ուսումը։ Վառնայի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու։ Ան երաժշտութեան դասեր կ՚առնէ նաեւ Պերլինի Արքայական երաժշտանոցը աւարտած Նաթան բէկ Ամիրխանեանէն: Վառնայի մէջ իբրեւ գրագիր կ՚աշխատի վաճառականի մը քով։ 1905 թուականին ընտանեօք կը փոխադրուին Պուքրէշ, ուր ջութակի դասերը կը շարունակէ, կ՚առնէ նաեւ դաշնամուրի դասեր։ Կը սկսի երգել եկեղեցիներու մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ՝ մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սենֆոնիք նուագախումբին: Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու:
ՊՈԼՍՈՅ ՇՐՋԱՆԸ
Ոգեւորուած Սահմանադրութեան հռչակմամբ՝ Կանաչեան 1908 թուականին կը մեկնի Պոլիս ու կը կազմէ «Քնար» փողային նուագախումբը եւ համերգներ կ՚ունենայ հայութեան շրջանակներէն ներս։ Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէ ներս: Այդ ընթացքին է, որ կը ծանօթանայ Կոմիտասին։ 1910 թուականին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ՚անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին հինգ լաւագոյն սաներէն մէկը, որոնց մէջ նաեւ աւագն էր։
Առաջին համաշխարհային պատերազմին կը զինուորագրուի եւ 1914-1918-ին, իբրեւ թրքական բանակի զինուոր, կը գտնուի Հալէպ: Կը յաջողի հետաքրքրութիւն ստեղծել բարձրաստիճան թուրք զինուորականներու մօտ իր սիրելի նուագարանով: Կանաչեան իր ջութակով զանոնք կը դիւթէ հայկական եւ քրտական պարեղանակներով (այս վերջինները ան սորված էր Ճապաղջուրի մէջ քիւրտ երգիչէ մը):
Որոշ շրջան մը ետք կ՚աքսորուի Տիգրանակերտ, ուր ծանր կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի Հալէպ, ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Կանաչեան, Հալէպի մէջ, ուրիշ մտաւորականներու հետ, երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ եւ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ՚անցնի Կիլիկիա, ուր համերգներ կու տայ, ապա կը մեկնի Պոլիս։
Կոմիտասի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «Կոմիտաս սանուց միութիւն»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս ֆոնտ» մը կը կազմեն։ Անոնք կը հրատարակեն նաեւ «Հայ գուսան» երգաշարը՝ երեք երգարաններու մէջ։ Ատոր մէջ էր նաեւ Կանաչեանի «Օրօր»ը, որ մեծ ճանաչում պիտի բերէր անոր։
Կոմիտասի սաները Փարիզ կը ղրկուին իրենց ուսումը կատարելագործելու համար։ Կանաչեան 1921 թուականին կը մեկնի Ֆրանսայի մայրաքաղաքը, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսման՝ հետեւելով Ռընէ Լընորմանի դասընթացքներուն։ Կանաչեան Փարիզէն կ՚անցնի Եգիպտոս, ուր համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»ն: Երաժշտական գործունէութիւն կ՚ունենայ նաեւ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ՝ շուրջ եօթ տարի դասաւանդելով։ 1932 թուականին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936 թուականին կը կազմէ իր ուսուցիչի «Գուսան» երգչախումբի անունով նոյնանուն երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Համերգային ելոյթներով կը շրջի Դամասկոս, Թրիփոլի, Զահլէ, Լաթաքիա, Ալեքսանտրէթ, Հալէպ եւ այլն:
Կանաչեան երկար տարիներ մանկավարժ, երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի մէջ։ Գրած է խմբերգներ ու մեներգներ, մանկական երգեր ու դաշնամուրային գործեր, կատարած է նաեւ ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու մշակումներ։
«Աբեղան» օփերան կը համարուի անոր գլխաւոր ստեղծագործութիւններէն մին։ 1939 թուականին Պէյրութի «Կրան Թեաթրի» բեմին վրայ տեղի կ՚ունենայ «Աբեղայ»ի առաջնախաղը։
Շրջան մը Կանաչեան հետաքրքրուած է լիբանանեան ժողովրդական գեղջուկ երգերով:
1945 թուականին կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը՝ աչքի ջիղերուն քայքայումին հետեւանքով։ Կը հաստատուի Պաղտատ, ուր կը մահանայ։ Ան յուղարկաւորուած է Լիբանան։
Կանաչեանի անունով կը կոչուի Պէյրութի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, նաեւ՝ երաժշտական դպրոց մը Հայաստանի մէջ։
ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Բարսեղ Կանաչեանի անունը այսօր հանրածանօթ է Հայաստանի մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները կը սիրեն եւ կը կատարեն բազմաթիւ երաժիշտներ, մենակատարներ եւ երգչախումբեր, իսկ Կանաչեանի «Օրօր»ը ծանօթ է նոյնիսկ երաժշտութենէ շատ հեռու մարդոց: Սակայն քիչեր գիտեն, որ Բարսեղ Կանաչեանի անունը Հայաստանը ճանչցուած է ջութակահարուհի Անահիտ Ցիցիկեանին շնորհիւ:
Անոնց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Պաղտատ, 1963 թուականին: Այդ ժամանակ Կանաչեան արդէն տարեց մարդ մըն էր՝ պանդխտութեան մէջ: Շատոնց ետին մնացած էին ճանաչումն ու փառքը:
Երբ Ցիցիկեան վերադարձաւ Հայաստան, մէկը միւսին յաջորդեցին աւելի քան երկու տասնեակ յօդուածներ եւ ձայնասփիւռի հաղորդումներ տեղական եւ Մոսկուայի մամուլին մէջ:
Սակայն, պէտք է ըսել, որ Կանաչեանի մասին գրելը, այդ ժամանակ, այնքան ալ դիւրին չէր, քանի որ Կանաչեան անդամ էր Դաշնակցական կուսակցութեան: Քանի-քանի անգամ Անահիտ Ցիցիկեանը կանչած են Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէ, քննադատած եւ այպանած են «դաշնակցական արուեստը» քարոզելուն համար: Վտանգելով իր գործն ու անունը, Ցիցիկեան կը փորձէր ապացուցել, որ քաղաքական հայեացքները չեն նսեմացներ Կանաչեան-արուեստագէտին արժանիքները, անոր աւանդը հայկական երաժշտութեան ասպարէզէն ներս:
Ստորեւ ներկայացուած յօդուածը կազմուած է Անահիտ Ցիցիկեանի Պաղտատ կատարած ուղեւորութեան մասին պատմող նիւթերուն հիման վրայ։
*
ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՈԳԻԻՆ ԼՈՅՍԸ
Խաւարի մէջ ապրելու դատապարտուած, ան մարդոց նուիրեց իր երաժշտութեան եւ հոգիին լոյսը:
Այսօրուան պէս կը յիշեմ այն պայծառ, արեւոտ օրը, երբ մտնելով Պաղտատի երաժշտական խանութներէն մէկը, պատահաբար լսեցի Կանաչեանի անունը: Անմիջապէս դառնալով խօսողին կողմը, հետաքրքրուեցայ՝ արդեօք Բարսեղ Կանաչեանի մասին չէ՞ խօսքը եւ եթէ այո, ապա ո՞ւր է ան եւ ինչպէ՞ս դասաւորուած է անոր ճակատագիրը: Բանն այն է, որ քանի մը տարի առաջ հայ ջութակահարներու մասին արխիւային նիւթեր ուսումնասիրած պահուս, ուշադրութիւնս գրաւած էր Կանաչեան մականունը: Ժլատ տողերը կ՚ըսէին, թէ ջութակահարը եղած է Կոմիտասի աշակերտը:
Անոր մասին ճիշդ այդպէս ալ յիշատակեցի «Մոռցուած անուններ» յօդուածիս մէջ: Կրնայի՞ արդեօք այն ժամանակ ենթադրել, թէ ճակատագիրը զիս կը տանի Պաղտատ, ուր ինծի կը վիճակի հանդիպիլ անոր:
Հանդիպման արդիւնքները գերազանցեցին իմ բոլոր սպասումներս եւ իմ առջեւս իր ողջ վեհութեամբ յառնեցաւ մեծ երաժիշտին, երգահանին, խմբավարին, Կոմիտասի արժանաւոր աշակերտին կերպարը:
Երբ դուռը բացին, ընդառաջ եկաւ եւ ձեռքը պարզեց բարձրահասակ, խանդավառ դէմքով եւ գեղեցիկ հայկական աչքերով տարեց մարդ մը: Որքա՜ն թախիծ տեսայ այդ աչքերուն մէջ, որքա՜ն չարտայայտուած ապրումներ: Առաջին պահուն չզգացի եւ միայն աւելի ուշ գիտցայ, որ արդէն քսան տարիէ ի վեր այդ աչքերը ոչինչ կը տեսնեն…
Իմ յիշողութենէն երբեք չեն ջնջուիր այդ հանդիպումները՝ 1965-ի մութ, փոքր, հեղձուցիչ պաղտատեան երեկոները, անկիւնի տունը՝ Սադուն փողոցին վրայ, ուր ան կը զբաղեցնէր երկու փոքրիկ սենեակ, ամենանուիրական երաժշտութեան եւ Կոմիտասի մասին պատմող իր ցած ձայնով:
Զրոյցի ժամանակ Կանաչեան ինձմէ խնդրեց որեւէ բան նուագել իրեն համար: Ժպիտով քաջալերելով ու ցոյց տալով, թէ չի նկատեր իմ շփոթմունքս, ան յարմարաւէտ տեղաւորուեցաւ բազկաթոռին մէջ ու պատրաստուեցաւ լսելու: Այն միտքը, որ առջեւս Կոմիտասի աշակերտն է՝ մեծ վարպետը, նշանաւոր գործիչը, երգահանը, սկիզբը զիս յուզեց, բայց յետոյ սկսայ նուագել աւելի ու աւելի ոգեւորուելով:
Առանձնայատուկ տպաւորուեցաւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու կատարումով, կոմիտասեան նուագադարձութեան վերաբերող խօսակցութեամբ: Անոր կարծիքը մանաւանդ կարեւոր էր, քանզի Կանաչեանը ինքն ալ անցեալին ջութակահար ըլլալով, նրբօրէն կը զգար ջութակին բնոյթը, անոր արտայայտչական, մեղեդային հնարաւորութիւնները, երգերու եւ տրամադրութիւններու նրբերանգները, անոնց աստիճանաւորումը, զգացմունքներու ճնշման ուժը վերարտադրելու անոր ընդունակութիւնները:
Տարիներ անց կրկին եղայ Պաղտատ, բայց Բարսեղ Կանաչեանը այլեւս չկար: Տունը տխուր էր ու լքուած, բայց հոն խնամքով կը պահպանուէր երաժիշտին յիշատակը:
Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտութիւնը լի է կեանքով, լոյսով, հմայքով, որ յաղթահարելով բոլոր սահմաններն ու տարածութիւնները, ճանապարհ գտաւ դէպի մարդոց սիրտերը եւ ընդմիշտ կը հնչէ ու պիտի հնչէ Հայաստանի մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան