ԲԵՆՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ. «ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՄԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾԸ ԳԱՆՁ ԷՐ» - «ՀԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐԻՆ ՀՆԱՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ Է»
Սուրիահայ գաղութը տասնամեակներ շարունակ եղած է հայկական սփիւռքի ամենակազմակերպուած եւ կենսունակ օճախներէն մէկը, ուր հայերը թէ՛ պահպանած են իրենց ինքնութիւնը եւ թէ դարձած են երկրի տնտեսութեան ու արհեստագործութեան շարժիչ ուժը։ Սուրիահայ արհեստաւորը, իր աշխատասիրութեամբ եւ բնատուր տաղանդով, Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծած է որակի ուրոյն դրոշմ մը, որուն առջեւ խոնարհած են նոյնիսկ տեղացի այլազգիները։
Պատերազմի արհաւիրքի պատճառով շատեր հեռացան Սուրիայէն, օտար ափեր գացին, մէկ մասը հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ՝ իրենց հետ բերելով տարիներու փորձառութիւնն ու նորարարական միտքը։
Այդպիսիներէն է գործարար եւ համայնքային գործիչ Բենօ Պետրոսեանը: Ան մէկն է սուրիահայ այն բազմաթիւ հայերէն, որոնք Հայաստան հաստատուած ըլլալով կը շարունակեն ամուր պահել համայնքին հետ կապը։
Բենօ Պետրոսեան Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ է։ Հօր կողմէն՝ Կեսարիայէն, մօր կողմէն՝ Մարաշէն բնիկ հալէպահայի յաջողութեան պատմութիւնը կը սկսի Հալէպի նեղ փողոցներէն ու կը հասնի մինչեւ միջազգային շուկաներ՝ վկայելով սուրիահայ արհեստաւորին անկոտրում կամքին ու ստեղծագործ միտքին մասին։ Ան յայտնի է իր յօրինած մետաղական նիւթով, որ անուն եւ յաջողութիւն բերած է ո՛չ միայն իրեն, այլեւ համբաւ տուած է սուրիահայ արհեստագործական դպրոցին։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ հարցազրոյցին մէջ Բենօ Պետրոսեան կը խօսի սուրիահայ արհեստաւորին ժառանգութեան, պատերազմի կորուստներուն, իր յօրինած արտադրական նորարարութեան եւ Հալէպի վերածնունդի հանդէպ ունեցած իր յոյսերուն մասին։
*
-Ինչպէ՞ս սկսաւ ձեր մուտքը արհեստի աշխարհ։
-18 տարեկանիս ոսկերիչ էի. ոսկերիչներու կաղապարագործութեամբ սկսայ արհեստին մէջ, ատկէ ետք ծորակի, բռնակի, դուռի կցամասերու սարքաշինութեամբ զբաղեցայ։
23-24 տարեկանիս առաջին քայլս առի այս գործին մէջ, որ տակաւին նոր էր Սուրիոյ մէջ։
Հայերը 1915-էն ետք, երբ Սուրիա հասան, սկսան արհեստագործութեամբ զբաղիլ՝ ինքնաշարժ նորոգել, ծեփագործութիւն կատարել, շինարարութիւն ընել ու այլեւայլ արհեստներ բերին իրենց հետ։ Պատմութիւն կայ, թէ Սուրիոյ մէջ ինչպէ՛ս հայերը արհեստներ հիմնած ու տարածած են։ Իրենք՝ Սուրիոյ այլազգներն ալ կը վկայեն ասիկա, ես պարծանքով կը խօսիմ այս մասին։ Մեր արհեստաւոր հայրերը, մեծ հայրերը մեզ քաջալերեցին, գլուխնիս բարձրացուցին իբրեւ հայ։
Տեղացիները մեզի միշտ կ՚ըսեն․ «Երբ դուք եկաք, մենք շատ բան սորվեցանք ձեզմէ»։
Հայերը արհեստը իբրեւ ժառանգութիւն բերած են իրենց հետ եւ հնարիչ եղած են իրենց գործին մէջ. միշտ բան մը յօրինելու, յառաջացնելու, մէջտեղ բերելու ճիգը ունեցած են ու մինչեւ հիմա ալ այդպէս է։ Թէ՛ բժշկութեան, թէ՛ միւս գործերու եւ թէ արհեստին մէջ ստեղծագործ եղած են եւ յաջողութիւն գտած։
Մեր մանկութիւնը արաբական բակերու մէջ անցած է։ Հայրս վառարաններու նորոգութեան գործ կ՚աշխատէր ու կը քաջալերէր, որ ես ալ խառատ ըլլամ։ Մայրս կ՚ուզէր, որ մեքանիսիէն (ինքնաշարժ նորոգող) ըլլամ, բայց ես խառատագործութիւնը նախընտրեցի, քանի որ շատ ճիւղաւոր արհեստ է։ Խառատային հաստոցագործութեան մէջ ես կաղապարագործութիւնը նախընտրեցի։ 25-26 տարեկանիս՝ 1980-ական թուականներուն, գործատեղի մը բացի ու սկսայ այդ ձեւով։ Բարեբախտաբար, գործիս ընթացքը յատուկ էր, լաւ պայմաններու մէջ էինք. Սուրիա դուրսէն ներմուծում չկար, պետութիւնը արգիլած էր. հայ արհեստաւորները այդ առումով շատ լաւ գործ ունէին։ Կային ազարաւոր գործարանտէրեր, որոնք նախանձելի վիճակի մէջ էին, բոլորն ալ քաջալերուեցան՝ երկրի պէտքերը ամբողջացուցին։
Այսպէս շատ լաւ վիճակով կ՚աշխատէինք, բայց, եկաւ ժամանակ մը, որ հայ գործատէրերը սկսան այլազգի գործաւորներ բերել, քանի հայ երիտասարդութիւնը ուսումի ճամբով գնաց, իսկ արհեստը սկսաւ անցնիլ այլազգներուն։ Ես բաղդատութիւն չեմ դներ ազգերու միջեւ, անոնց հետ մենք Սուրիա եղբօր պէս մեծցած ենք։ Իրենք սկսան արագ ձեւով աշխատանք տանիլ ու տիրացան գործարաններու, արհեստներու եւ յաջողեցան։ Դժբախտաբար, ես մեր հայերու ճակատագրի մէջ միշտ կը տեսնեմ տարագրութիւնը. նախ գաղթեցին ձիերով, էշերով կամ քալելով, իսկ այս տարագրութիւնն ալ՝ Սուրիոյ պատերազմէն ետք, եղաւ արդէն օդանաւներով։ Այսինքն, այն հիմերը՝ զորս դրին, այն տուները, շէնքերը, զորս շինեցին, ամէնը ձգեցին… Ես ատոր անո՛ւնն ալ «ջարդ» դրած եմ. բազմաթիւ հայ զոհեր տուինք, բայց նաեւ լուռ կերպով ջարդ եղաւ՝ գաղութի հիմերը փլչեցան։ Անշուշտ, ես կը գնահատեմ բոլոր կուսակցութիւնները, որոնք աշխատանք տարին պահելու համար համայնքը՝ մանաւանդ Բերիոյ թեմը, որու նախկին եւ ներկայ սրբազանները, որոնք պատերազմի շրջանին կը պայքարէին։ Աստուած մեզի նուիրեց ներկայի մրբազանը՝ Մակար Սրբազանը, որ զանազան աշխատանքներով, զոհողութիւններով, իր քարոզներուն մէջ մեր հոգիները լուալով կը քաջալերէ սուրիահայերը՝ զանոնք յոյսով ապրեցնելով։
-Ձեր աշխատանքը ի՞նչ եղաւ պատերազմի պատճառով։
-Այն վատ շրջանին ես երկու տարի հեռացայ Սուրիայէն, Լիբանան մնացի, բայց տեղ մը հասաւ, որ ստիպուած էի վերադառնալ եւ պաշտպանել մեր ունեցածը։
2014-ին ընտանիքիս հետ դարձանք. երբ տեսայ, որ անհնար է հոն ապրիլ, ընտանիքս Քեսապ հայկական գիւղաքաղաքը տարի, շրջան մը հոն մնացին, ես գործիս հետեւեցայ։ Փառք Աստուծոյ, կրցանք ոտքի կենալ, հակառակ անոր, որ գործատեղիէն ներս շատ մը բաներ քանդուած էին պատերազմի պատճառով, շատ բաներ վնասուած ու գողցուած էին։ Աշխատեցանք, բայց շատ դժուարութիւններ կրեցինք՝ կեանքերնիս վտանգի դնելով։ Չեմ ալ ուզեր յիշել այդ վատ պայմանները. դժուար օրեր անցուցած եմ։ Գործարանը նորոգեցինք, շինեցինք։
-Դուք արհեստի մէջ կատարած էք յօրինում մը, որու մասին կը խօսին ամէն տեղ եւ ձեզ իբրեւ գիւտարար կը ներկայացնեն, պատմեցէ՛ք այդ մասին։
-Ես տակաւին պատերազմէն առաջ, 2008 թուականին, միտքս դրի, որպէսզի յօրինեմ նոր բան մը, որով կրնամ աւելի յաջողութիւն ունենալ։
Յամառ աշխատանքի շնորհիւ, երկու տարուայ փորձերէն յետոյ, երբ կը թուար, թէ անհնար է, չյանձնուեցայ, շատ պայքարեցայ եւ ստացայ արդիւնքը, որ նորութիւն էր։ Ստացայ դուռի բռնիչներու նոր ձուլուածք մը, որ առաջինն էր աշխարհի մէջ։
Երբ Չինաստան էի գործով, հոն այս գործով զբաղող շրջանակի մէջ միտումնաւոր նիւթ բացի, թէ ուրիշ տեղ մը կա՞յ նման բան, որ մետաղէ, թեթեւ կշիռքով, ամուր եւ որակով բռնիչներ շինուին։ Իրենք ըսին․ «Մէկը կայ, Սուրիա է»։ Այս խօսակցութեան վկաներն ալ կան, որոնք լսեցին չինացի վաճառականներուն այդ խօսքը։
Նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ ես հարցուցած եմ նմանատիպ գործ ընողներուն. անոնք ըսած են՝ 2015-ին սկսած ենք, բայց ըսին, որ հայ մէկը Սուրիա ասկէ առաջ ըրած է, ես ալ ըսի՝ ատիկա ես եմ։ Բարեբախտաբար, ես Սուրիոյ մէջ այս յօրինման արտօնագիրը օրին հանած եմ, արձանագրած եմ իմ անունովս, բայց դժբախտաբար, ատկէ ետք պատերազմը սկսաւ եւ աշխարհի մէջ շատ չտարածուեցաւ այս հանգամանքը։
Ուրեմն, իմ յօրինած աշխատանքիս հիմքը ալիւմին է, որ շատ թեթեւ մետաղ մըն է, բայց ընդունելութիւն չունի ինչպէս քրոմը կամ նիքելը։ Ես մետաղական խառնուրդներով, քիմիական դեղերով ու անվերջ փորձերով ալիւմինի հիմքի վրայ կրցայ ստանալ նոր բան մը։ Բայց ըսեմ, որ ես քիմիագէտ չեմ, դպրոցական ուսումս նոյնիսկ չեմ աւարտած։ Այս նիւթը ստանալու համար շատ մը քիմիագէտ դոկտորներ բերի, հիւրընկալեցի, անոնց միջոցով ջանացի ընել՝ չէր ըլլար։ Կ՚ըսէին՝ «ասոր լուծումը չկայ», քանի որ ալիւմինը նիքելի հետ ձուլուելով կը սկսի ուտուիլ, քայքայուիլ, անկարելի է։ Կը յուսախաբուէին ու կ՚երթային, բայց երկու տարի վերջ ես ինքս, առանց ոեւէ մէկու աջակցութեան, կրցայ ձուլուածքը ստանալ, եւ մինչեւ օրս կը գործածեմ զայն բռնակներ եւ այլ իրեր արտադրելիու ժամանակ։
Ասոր իմաստը այն է, որ թեթեւ ըլլայ, աժան ըլլայ եւ որակով ու գեղեցիկ ըլլայ։ Պղնձեայ մէկ աշխատանքը օրինակ, մէկ քիլօ կը կշռէ, իմ պատրաստած նիւթով աշխատանքը 350 կրամ է եւ պղինձէն նոյնիսկ դիմացկուն է, տեսքն ալ գեղեցիկ է։
Այդ մետաղը 13 զանազան գոյներով կրցած եմ ընել, ինչ որ աշխարհի մէջ նոյնպէս չկայ այդ գոյներով։
Երբ սկսայ արտադրել, մէկ մասը Սուրիա կը բաժնէի, մեծ մասը Սէուտական Արաբիա կ՚արտահանէի։ Մինչեւ 2011 թուականը արդէն մեծ յաջողութիւններ ունէի, ո՛չ Չինաստանը, ո՛չ Իտալիան կամ այլ երկիր չէին կրնար մրցիլ։ Երբ ես ձգեցի Սուրիան՝ լսեցի, որ արդէն կրցան նոյն մետաղով, նոյն նիւթերով ընել Չինաստանի մէջ՝ այնքան իրենք զարգացած են, սակայն, մտավախութիւն կայ, որ իրենց արտադրածները կը կեղուըւին եւ այլն, մերինին նման որակով ու յաջող չեն։
Իմ յօրինած այդ գործս թերեւս պզտիկ բան մը դիտուի աշխարհի բազում յօրինումներու մէջ, բայց ինծի համար պարծանք է, որ ես, մասնագէտ չըլլալով, բազում ջանքով կրցայ ընել զայն։
-Մտադի՞ր էք Հայաստան հիմնել նման գործ մը։
-Մտածեցի, չորս տարի առաջ եկայ Հայաստան, որոշեցի ամբողջ գործատեղիս հոս փոխադրելու կապակցութեամբ։ Մեր գործատեղին շատ հսկայ է. նախկինին օրական 1000-1500 զոյգ գործ կը հանէինք։ Եթէ ես հոս մէկ ամիս աշխատիմ, մէկ տարի կը բաւէ Հայաստանի համար, ինչ որ ձեռնտու չէ. շուկան փոքր է հոս, ծախսն ալ շատ է։ Ռուսաստան մտածեցի, բայց փոխադրելն ալ քիչ գործ չէ, ուստի հրաժարեցայ։
-Ինչպէ՞ս Հայաստանէն կը կառավարէք գործարանը։
-Եղբայր մը ունիմ, ինքը հոն է, կը կառավարէ։ Հայաստանէն կրնամ կապեր հաստատել, ներքին գործերը ինք կ՚ընէ, արտաքին գործերը ես կ՚ընեմ։ Բայց Հայաստանի մէջ ձեռնարկատիրութիւն ընելու գաղափարս կայ տակաւին. քանի մը բան կը մտածեմ, քանի մը գաղափար կայ միտքս։
-Ապրելու առումով Հայաստա՞նը, թէ Սուրիան կը նախընտրէք։
-Իրականութիւնը ըսեմ․ Սուրիան մեր գործի համար ընդունելի, շատ լաւ երկիր է, բայց ընտանիքի համար՝ մանաւանդ աղջիկ զաւակ ունեցողի համար քիչ մը հարցեր կան։ Օրինակ, այսօր համալսարաններուն մէջ երբեմն կը պատահի, կը հարցնեն՝ ինչո՞ւ գլուխդ չես գոցած եւ այլ հարցեր կան… Ունիմ քսան տարեկան աղջիկ մը, որ կը նախընտրեմ հոն չըլլայ եւ այժմ Հայաստան կ՚ուսանի, ապագայ բժիշկ է։
-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք սուրիահայ համայնքի ներկայիս վիճակը։
-Իշխանութիւնը փոխուեցաւ։ Նախկին իշխանութիւնը, իրականութիւնը ըսենք, տեղ մը հասած էր, երբ սկսած էր կողոպտելու, անուղղակիօրէն մարդոց շահէն կ՚առնէին։
Հիմա ներկայ իշխանութիւնը հայերուն լաւ կը վերաբերի, մեր կրօնաւորները, մեր համայնքը կը սիրեն, կը յարգեն։ Ինծի ալ առաջարկեցին, որպէսզի գործակցիմ, հոն մնամ՝ մանաւանդ ուզեցին, որ քառասուն տարուան սենտիքայի՝ արհեստակցական միութիւններու իմ փորձս տրամադրեմ, բայց ես բացատրեցի, որ չեմ կրնար մշտական Հալէպ մնալ, քանի ընտանիքս հոն չէ։ Սիրայօժար մնացողներ կան, իսկ ես շատ կը յարգեմ Հալէպի համայնքային մարմինները, մանաւանդ՝ Բերիոյ թեմի աշխատանքը։ Սրբազան հօր նեցուկը համայնքին բացառիկ է. Մակար արք. Աշգարեանի դերը համայնքը պահելու, քաջալերելու գործին մէջ մեծ է եւ այդ մէկը տեսանելի է։
Կը կարծեմ, որ տարիներու ընթացքին Սուրիոյ համայնքը կը զօրանայ, ես այդպէ՛ս կը տեսնեմ։ Նախ՝ նոր իշխանութիւնը ինք կ՚ուզէ մեր ներկայութիւնը հոն, յետոյ, մեր թոռները, ժառանգները ուրիշ երկիրներէ թերեւս ուզեն Հալէպ երթալ, իրենց հայրերուն, մեծ հայրերուն գործը շարունակեն, գործարանները շէնցնեն. այդպիսի բան կրնա՛յ ըլլալ։ Օրինակ, իմ գործարանս դուրսէն հալէպահայ մը ուզեց գալ եւ աշխատիլ, ըսաւ․ «Դուրսը չեմ կրնար ապրիլ»։
Գացողներու պապենական տուները, գործատեղիները հոն են տակաւին եւ ատոնց տէր կանգնելու համար թերեւս շատեր երթան Հալէպ։
Ես կը փափաքիմ ու կը մաղթեմ, որ սուրիահայ գործարանատէրերու փառքը Հալէպի մէջ վերադառնայ։ Մերինները համաշխարհային մակարդակի հզօր գործարաններ ունեցած են Հալէպ եւ այդ բոլորը այսօր կարծէք երազ ըլլան։ Եւ նորէն կ՚ըսեմ՝ թերեւս տարիներու ընթացքին անոնց զաւակները համոզուին, ետ դառնան եւ կրկին ոտքի կանգնեցնեն. այս մէկը իմ երազս է ձեւով մը։ Քանի մը օրինակ արդէն կայ, կը ճանչնամ՝ երեք-չորս հոգի նախկին հսկաներէն արդէն վերադարձած են։ Այդ թիւը թող երեք հարիւր-չորս հարիւր ըլլայ ու մեր երազային Հալէպն ալ թերեւս նորէն կենդանանայ։
Մենք եթէ հայրենիք չունենայինք, աշխարհի բոլոր հայերուն շատ դժուար պիտի ըլլար, Սուրիոյ հայերուն ալ։ Հայաստանի պետութիւնը մեր կողքին շատ կեցաւ, բայց հոս, իբր քաղաք, մեզի համար փոքր է։ Հակառակ ատոր, ես միշտ կը մտածեմ հոս գործ մը ընելու մասին։ Շատեր Հալէպէն Գանատա, Եւրոպա, այլ երկիրներ գացին եւ ուրախ չեն. կը փնտռեն հայկական շունչը, միջավայրը, զրկուած են ատկէ։ Հալէպի մէջ մեր ունեցածը գանձ էր։
Հայաստանի համար ալ ըսեմ, որ հաղորդակցութեան ճանապարհներ պիտի բացուին, երթուդարձ պիտի ըլլայ, որպէսզի երկիրը խեղդուած չըլլայ։ Կրնայ ըլլալ յարաբերութիւններ ալ ըլլան դրացիներու հետ, բայց մեր հայրերու յիշատակը, տարիներու մեր թափած ջանքը չմոռցուին այդ յարաբերութիւններուն մէջ։
-Սուրիահայերը ի՞նչ մշակոյթ բերին Հայաստան։
-Ես միշտ կը համեմատեմ անոր հետ, որ երբ Օսմանեան կայսրութենէն մեր նախնիները Սուրիա գացին եւ մշակոյթ, արհեստներ տարին իրենց հետ, նոյն բանը ես տեսայ սուրիահայերու Հայաստան գալով։ Երեւանը շատ փոխուեցաւ, զարգացաւ սուրիահայերու գալէն ետք՝ զբօսաշրջային, ճաշարանային, գործի գետնին վրայ։ Ասիկա կարծես սուրիահայերու մէջն է, ո՛ր քաղաքն ալ երթան՝ կ՚ուզեն զարգացնել, բազմազանութիւն տանիլ։ Ընդհանրապէս, հայ արհեստաւորին հնարամտութիւնը մեր ամենամեծ ժառանգութիւնն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան