ԵՐԲ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՍԻՆ -Ա.
Չորս անուն, չորս պատմութիւն, մէկ նոյն ճամբայ՝ դէպի Աստուած։
Կան պատմութիւններ, զորս կը պատմենք՝ յիշելու համար, ուրիշներ՝ փոխանցելու, եւ կան այնպիսիք, զորս պարզապէս կ՚ուզենք բաժնել ուրիշներուն հետ, որովհետեւ արժանի են պատմուելու։
Այս շարքը նախ եւ առաջ ընտանեկան պատմութիւն մըն է։ Ան կը սկսի չորս անուններով՝ Էմմանուէլ, Նաթանայէլ, Ապիկայէլ եւ Աննապէլ։ Չորս անուններ, որոնք կը ներկայացնեն սրտիս ամենէն մօտիկ անձերը՝ կինս եւ երեք զաւակներս։
Սկիզբը պարզ ու անձնական փափաք մըն էր՝ խօսքերով արտայայտել անոնց հանդէպ ունեցած սէրս, մեծարել զիրենք եւ յիշեցնել, թէ ի՛նչ տեղ կը գրաւեն կեանքիս մէջ։ Սակայն հետզհետէ հասկցայ, որ այս անունները կրնային զիս առաջնորդել դէպի հոգեւոր ճամբորդութիւն մը։
Որովհետեւ անուն մը սովորական բառ մը չէ։ Ան կը կրէ պատմութիւն եւ ինքնութիւն։ Իսկ եթէ կարգ մը անուններ կրնայի՞ն մեզի օգնել բացայայտելու Աստուծոյ մասին բան մը։
Այսպէս ծնաւ «Երբ անունները կը պատմեն Աստուծոյ մասին» շարքը։
Սուրբ Գիրքի լոյսին տակ՝ այս չորս անունները դարձան մեր քրիստոնէական հաւատքի գանձերուն տանող չորս դռներ։
Էմմանուէլ մեզի կը յիշեցնէ այս խոստումը՝ Աստուած մեզի հետ է։ Անոր հաւատարիմ ներկայութիւնը կ՚ընկերակցի մեզի ուրախութեան եւ փորձութեան պահերուն՝ յիշեցնելով, որ երբեք առանձին չենք։
Նաթանայէլ մեզ կը հրաւիրէ բացայայտելու Աստուծոյ պարգեւը եւ Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպում ունենալու։ Հաւատքը միայն ժառանգուած կամ սորված բան մը չէ. ան կոչ մըն է, որ կրնայ փոխել մեր կեանքը։
Ապիկայէլ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի իմաստութեան եւ խաղաղութեան ճամբան։ Ան մեզի կը սորվեցնէ, թէ ճշմարիտ զօրութիւնը ուրիշին կամքը պարտադրելուն մէջ չէ, այլ՝ լսելուն, զանազանելուն եւ խաղաղութիւն կերտելուն։
Աննապէլ մեզի կը բացայայտէ շնորհքին գեղեցկութիւնը՝ Աստուծոյ ձրի սէրը, զոր կ՚ընդունինք ո՛չ թէ մեր արժանիքներուն համար, այլ որովհետեւ Իր սէրը մեզմէ առաջ կու գայ։ Շնորհք մը, որ մեզ կը վերականգնէ եւ կը սորվեցնէ սիրել ուրիշները։
Չորս անուն, չորս ճամբայ, բայց մէկ ճշմարտութիւն՝ Աստուծոյ սէրը։
Այս խորհրդածութիւնը զիս առաջնորդեց նաեւ մտածելու ընտանիքին եւ սերունդէ սերունդ փոխանցումին մասին։ Ամուսին եւ հայր ըլլալ կը նշանակէ սիրելիներուն ընկերակցիլ, քաջալերել եւ պաշտպանել զանոնք՝ միաժամանակ յարգելով իւրաքանչիւրին անհատականութիւնն ու ազատութիւնը։
Հաւատքը փոխանցել չի նշանակեր զայն պարտադրել։ Կրնանք վկայել, բաժնել Սուրբ Գիրքի հարստութիւնները եւ մեր գործերով ցոյց տալ Աւետարանին ճամբան։ Սակայն Քրիստոսի հետ հանդիպումը իւրաքանչիւրին անձնական ճանապարհն է։
Այս յօդուածներով չեմ յաւակնիր բոլոր հարցումներուն պատասխանել։ Պարզապէս կ՚ուզեմ բաժնել այն համոզումը, թէ Աստուծոյ Խօսքը տակաւին շատ բան ունի ըսելիք մեր առօրեայ կեանքին։
Աստուծոյ ներկայութեան հաւատալը պէտք է մեզ աւելի մօտեցնէ ուրիշներուն։ Անոր սէրը ընդունիլը՝ մեզի սորվեցնէ սիրել։ Անոր շնորհքը վայելելը՝ մեզ աւելի ներողամիտ դարձնէ, իսկ Անոր Խօսքը ճանչնալը՝ խաղաղութիւն կերտողներ ըլլալու առաջնորդէ։
Այս տողերը նաեւ անձնական պատգամ մը կը պարունակեն կնոջս եւ զաւակներուս։
Չեմ գիտեր, թէ կեանքը ի՛նչ ուրախութիւններ կամ փորձութիւններ պիտի բերէ իրենց։ Չեմ կրնար իրենց փոխարէն ընտրել, բայց կ՚ուզեմ, որ միշտ յիշեն այս ճշմարտութիւնը. ի՛նչ ալ պատահի, իրենց կեանքը անսահման արժէք ունի եւ իրենք խորապէս սիրուած են՝ իմ կողմէս եւ Աստուծոյ կողմէ։
Կը հրաւիրեմ ձեզ այս չորս խորհրդածութիւնները ընդունելու իբրեւ հոգեւոր փոքրիկ ճամբորդութիւն մը՝ Աստուծոյ ներկայութենէն դէպի Քրիստոսի հետ հանդիպումը, խաղաղութենէն դէպի շնորհքը։
Թերեւս դուք ալ պահ մը կանգ առնէք ձեր կամ ձեր սիրելիներուն անուններուն վրայ։ Որովհետեւ եթէ մեր անունները պատմութիւն մը կը պատմեն, մեր կեանքն ալ կրնայ դառնալ Աստուծոյ սիրոյն կենդանի վկայութիւնը։
Իսկ եթէ ամենէն գեղեցիկ անունը այն է, որով Աստուած իւրաքանչիւրս անձամբ կը կանչէ։
«Քեզ քու անունովդ կանչեցի, դուն Իմս ես»։ (Եսայի 43,1)։
ԳՐԻԳՈՐ ՍՐԿ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շարունակելի…
Լիոն