ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ԱՆՄԵՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

27 մայիսը անմահ Յակոբ Պարոնեանի (Ատրիանուպոլիս, Էտիրնէ, 19 նոյեմբեր 1843 - Կ. Պոլիս, 27 մայիս 1891) յիշատակի օրն է: Իր մահուան 135-ամեակը:

Հայագիտութեան հսկան, հանճարեղ լեզուագէտ եւ գիտնական Հրաչեայ Աճառեան՝ որ աշակերտած է հանճարեղ երգիծաբան, թատերագիր, Զարթօնքի սերունդի գրողներէն Յակոբ Պարոնեանի (*), Պոլսոյ Կեդրոնականին մէջ չորս տարի իր ուսանողական տարիներու ընթացքին, մասնաւորապէս 1890-1891 կրթական տարեշրջանին, երբ Գ. դասարանի աշակերտ էր, իր յուշերուն մէջ առանձնայատուկ ակնածանքով, գթառատ զգացումներ հնչեցնող արտայայտութիւններով անդրադարձած է հաշուապահութեան իր ուսուցիչին՝ Յակոբ Պարոնեանին:

Նկարագրելով իր ուսուցիչը՝ Յակոբ Պարոնեանը, Հրաչեայ Աճառեան կը գրէ, թէ մեծ երգիծաբանը չափազանց լուրջ եւ ուղղամիտ մարդ մըն էր, երկարավիզ, հելլէնական քիթով անձնաւորութիւն մը, որ բացառիկ սէր ունէր իր աշակերտներուն հանդէպ: Բացի հաշուապահական գիտելիքներէ՝ ուրիշ ո՛չ մէկ նիւթի մասին խօսք ունէր ան իր բերնին մէջ: Պարոնեան ա՛յնքան էր լուրջ, որ նոյնիսկ ծիծաղելի երեւոյթի մը առջեւ ժպիտ չունէր: Աւելի՛ն, շատ բարի մարդ էր, ո՚չ մէկ աշակերտի պակաս թուանշան տալ չէր ուզեր: Եթէ աշակերտը բոլորովին ալ տգէտ մէկն ըլլար եւ դասին մասին ոչ մէկ բան իմանար, իբր թէ բարկանալով անոր վրայ՝ «ա՛ռ քեզի 6 մը» կ՚ըսէր (6-ը անցման նիշն էր) ու զայն տեղը կ՚ուղարկէր: Պարոնեան, ըստ Աճառեանի, թուանշանները գրելու ատեն գրիչը ո՛չ թէ վերէն վար կ՚իջեցնէր, այլ վարէն վեր կը բարձրացնէր: 

Աճառեան, 1890-ի վերջերուն, դասարանին մէջ Պարոնեանի հետ պատահած տպաւորիչ եւ յուզիչ դէպքի մը մասին ալ կը պատմէ: Կիսամեայ քննութեան ժամանակ Պարոնեան գրատախտակի վրայ կը գրէ քանի մը հաշուապահական գործողութիւններ: Ըստ Աճառեանի, սա բաւական դժուար գործ էր եւ կը պահանջէր երկար մտածել: Բոլոր աշակերտները գրասեղաններու առջեւ կողք-կողքի նստած կը գրեն եւ կ՚աշխատին խնդիրը լուծել: Պարոնեան կը նկատէ, թէ հեռուն նստած աշակերտներէն մէկը իր կողքի ընկերոջ կը թելադրէ: Այս նկատելով, Պարոնեան կը սկսի երկար ճառ մը խօսիլ իր աշակերտներուն: Աճառեան այդ ճառէն միայն վերջին երկու նախադասութիւնները յիշելով՝ կը գրէ իր յուշերուն մէջ. «Ան որ իր ընկերոջ քովէն կը յուշէ, կը թելադրէ, անոր տունը կը քանդէ, անոր կործանման պատճառ կ՚ըլլայ»: Այս խօսքերը դասարանի աշակերտներուն ուղղելէ ետք, Պարոնեան՝ «Է՜հ, ես կ՚երթամ կոր, մնացէք բարով» կ՚ըսէ ու դասարանէն դուրս կ՚ելլէ՝ թողելով աշակերտները առանձին: Աճառեան այս դէպքը յիշելէ ետք կը գրէ, թէ Պարոնեան չի վերադառնար դպրոց եւ մօտ վեց ամիս ետք կը լսեն, թէ մեծ ու հանճարեղ երգիծաբանը կը մահանայ՝ անկողնի մէջ տառապալից կեանք մը ապրելէ ետք:

Հրաչեայ Աճառեան այս մասին նաեւ կը գրէ, թէ գրեթէ միաժամանակ նոյն շրջանին կը հիւանդանայ եւ Պարոնեանէն քանի մը օր ետք իր մահկանացուն կը կնքէ նաեւ մեծանուն դերասան Պետրոս Ադամեան: Պոլսոյ երկու միջնակարգ դպրոցներու՝ Կեդրոնականի եւ Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտները մրցման մէջ մտնելով եւ իրենց օրապահիկէն կտրելով կ՚որոշեն հանգանակութիւն կազմակերպել՝ Պարոնեանի եւ Ադամեանի թաղման ծախսերուն համար: Այս առընչութեամբ Հրաչեայ Աճառեան յետագային իր յուշերուն մէջ սապէս է գրած. «Ես իմ հօրմէ կը ստանայի օրական 8 կոպեկ, որուն 4 կոպեկը կը յատկացնէի կամուրջէն անցնելու համար, 2 կոպեկ՝ 1/4 քիլօ հացի գին եւ 2 կոպեկ ալ պանիր կամ խաղող: Ես չմասնակցեցայ Ադամեանի հանգանակութեան, մտածելով, որ վերջինը խաղացած է հարուստներու զուարճութեան համար, թո՛ղ հարուստները օգնեն: Սակայն Պարոնեանի համար երբեմն կամուրջէն խորամանկութեամբ փախչելով, երբեմն ալ օրապահիկէն ինքզինքս զրկելով՝ խնայած կոպեկներս տուի հանգանակութեան, իմ սիրելի ուսուցիչիս՝ Յակոբ Պարոնեանին»:

*** 

Արդարեւ, հայ երգիծանքի շղթաները ուռնահարող մեր դարբինները կու գան Ե. դարու իրենց մատենագիտական գործերէն, ուր ոսկեդարեան մեր գրականութեան պայքարի ծաւալուն յուզումներուն խորը, բազմաբիւր բառերով՝ էջ առ էջ, ներշնչման անխառն հուրքով, այլեւ հոգեկան փաղաղիչ եռանդով կրկէս է հանուած երգիծական խօսքը՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի անաղարտ ինքնութեան կերտման, անոր գոյատեւումին ու արժանապատուութեան պահպանման:

Յիշեալ դարու եւ միջնադարեան մեր մատենագիրներուն լեգէոնը երգիծանքի երկսայրի սուր է օգտագործած՝ պահանջատիրական սաստի անլռելի համանուագ իբրեւ, որ կը վերբերէ հայու պայքարի եւ ըմբոստութեան տեսակարար կշիռը՝ փառատենչութեանց ու շողոմին կեղծաւոր եւ քաղքենի գոռոզութիւններուն դէմ քաջերուն մտածումներն ու զգացումները դրուագելու արիութեամբ մը: 

Ու երգիծանքո՛վ, հեգնանքո՛վ, ծաղրո՛վ հերոսական կարկառներու հանուեցան այդ երկերը: Իմացականութեան այն վսեմ տուրքերը, որոնք ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ՝ գալիք սերունդներուն յանձնել անմարելիութիւնը մեր Մեսրոպաշունչ Մայրենի լեզուին ու Վարդանավառ հաւատքին: 

Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ Աղանդոց»ը, օրինակի համար, չէ՛ սովորական երկ մը, ուր մեր ամբողջ ժողովուրդը ոտքի՛ էր «հաց ու գինւով կենսառողջ»՝ Հողով ու Եկեղեցիով, ուր փիլիսոփայական միտքի հզօր սլաքներով կը դատափետուէին աղարտած կրօններն ու սոփեստ աղանդները…: Անիկա՝ «Եղծ Աղանդոց»ը, լաւին՝ լա՛ւ, վատին՝ վա՛տ ըսելու տեսակ մը «Հաւատակուռ թուղթ» մ՚է, ուր Յազկերտն ու Վասակ Սիւնին հաւասարապէս կը շքեղազարդեն հիքութիւնը իրենց վախճանին: Աւելին, «Եղծ Աղանդոց»ը զինարան մ՚է մաքառման, հեղեղում ճառագայթման՝ երգիծական երակներէ, զորս լեցուցած են մտածման տաք տուրքերը Սմբատ Զարեհաւանցիի մը - հիմնադիրը Թոնդրակեան շարժումին, որ միջնադարեան Հայաստանի ազգային-հասարակական-ընկերային այլասերիչ կեանքի փրկութիւնը կը փնտռէր Լուսաւորչեան նկարագիրի ու միտքի վեհագնաց նահատակութեան մէջ…: 

Այլ տեղ մը, Եղիշէի «Վարդանանց պատերազմը»ը՝ Վասակի «ազգադաւութեան» ու «խաբեբայութեան» դէմ արշաւասոյր նետ մ՚իբրեւ, բաւ էր, որ հնադարեան հայոց պատմութիւնը զբաղեցնէր մատենագէտ-պատմագէտները հատորներու հոյլի մէջ, քաւարանի՛ն ալ մէջ իրերամերժ ատեաններու, զբաղեցնէր մինչեւ այսօր ալ մատենագէտ-պատմագէտները, որոնք սպառիչ վերլուծութիւններէ յետոյ դեռ կը յամենան հասնիլ բիւրեղացման՝ ընթերցողին կամ ուսանողին մտքին մէջ:

Մովսէս Խորենացիի «Ողբ»ին, Փաւստոս Բիւզանդի եւ Ղազար Փարպեցիի «Հայոց պատմութիւն» երկերուն մէջ, ուղղափառութեան անուղղաներուն, սնափառներուն, աւարառուներուն եւ օտար բռնակալներու դէմ մղուող հերոսապատումները, վիշտի անհունաստեղծ ցասումով կը յօրինեն այնքան թանկ արժանապատուութիւնը մեր ժողովուրդին՝ զերդ անհանգելի նմոյշներ գեղարուեստական: 

Յակոբ Յովհաննէսի Պարոնեան, եթէ այսօրուան ե՛ւ վաղուան համար չունենար զինք չափազանց անհանգստացնող համազգային վիշտը՝ կարենալ փրկելու արժանապատուութիւնը մեր եկեղեցական, քաղաքական, ընկերային բարքերուն ներսը (ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի) գոռացող խաթարիչ երեւոյթներուն, մեր ճարակուող տգիտութեանց ու փաղփուն հաւկուրութեանց, իր այդ համագային ցաւը չէր մտածեր ընել նաւավար ու նաւապետ՝ քարափին վրայ իր ապրած դարու արցունքներու ծովին, ի վերջոյ հասնելու նպատակով համազգային զգաստացման

Այս գրուածները՝ անզուգական երգիծաբանին մահուան 135-ամեակին առիթով լոյսի բարիքին բերուած, թող չըմբռնուի բանդագուշային զառածանք, քանզի դո՛ւք, հայ ժողովուրդ, մի՛շտ պիտի փնտռէք մե՜ծ, մե՜ծ ու հանճարեղ խենդերուն յուսահատ մաքառումները՝ ճամբուն վրայ Մեծ Երազի ու արիւնլուայ արդարութեան…: 

Յիրաւի, մեծ երգիծաբանին ապրած դարաշրջանը՝ անո՛ր իսկ բնութագրումով այն ժամանակաշրջանն է, երբ «ճշմարտութիւնը դրուած էր դագաղի մէջ», «մահաքունի էին ողջախոհութիւնն ու անաչառութիւնը», իսկ «անկեղծութիւնը զետեղուած էր յանցանքներու ցանկին մէջ»:

Այո՛, Պարոնեանի ժամանակներուն՝ դրամատիրական-բռնապետական ճնշող հասարակարգ մը Պոլսոյ մէջ, ուր դրամական ու աղայական խաղարկումներով կ՚անշքանար տաղանդը մարդուն՝ ինչպէս է՛ վիճակը նաեւ այսօրուան սփիւռքեան շատ գաղութներու մէջ, «ղեկավարութեան» ներքոյ «վերնախաւ»ին ու «անհասանելի՜ ջոջերուն», որոնց շուրջը կը քսուըռտին միջակութեանց միջակութիւնները, անգրչակոթ գրչակները, գիրէ-քաղաքականութենէ «պէխապար պատասխանատուներ»ը՝ կրծելո՛վ կատարները կեղծիքի…: 

Ապա, չմոռնանք, Պարոնեանի ժամանակներու խօսքի եւ միտքի ազատութեանց դէմ կիրարկուող սեղմումները: Մորթապաշտ-նիւթապաշտ «ազգայինճի»ներու օդասլացիկ յածումները: Մտաւորական իրա՛ւ արժէքներու նսեմացում՝ հայ մամուլին պարտադրուած շնչահեղձ վիճակին պատճառով: Եւ այս բոլորը՝ Թուրքիոյ Ազգ. սահմանադրութեան հռչակումէն առաջ եւ վերջ: Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու կազմութեան շրջան: Զարթօնքի սերունդէն դէպի Իրապաշտ սերունդի կազմաւորման տարիներ: Ահա, ԺԹ. դարու ժամանակները, որոնք եղան նշանակալի՝ Պարոնեանի նման հանճարեղ գրագէտ-երգիծաբանի մը գրականութեան բերքը հարստացնելու առումով:

Ուսումնական գծով թերաւարտ մը Պարոնեան, բայց ազատ ասպարէզի մէջ տարերանգ ստորոգելիներով շարունակուած չարչարագին իր կեանքը - դեղատան մը մէջ պաշտօնեայ, ապա հաշուապահ, լրագրող, ուսուցիչ, պատրիարքարանի մէջ քարտուղար, հուսկ՝ խմբագիր, որուն շնորհիւ հայ կեանքին մէջ պիտի լեցուէր երգիծական կենսունակութիւն, խարազանող խօսքի ջերմութիւն, հատոր առ հատոր, սկսելով «Երկու տէրով ծառայ մը» (1865) խորագրալ թատերական առաջին երկէն, որուն յաջորդեցին «Ատամնաբոյժն արեւելեան» (1868), «Շողոքորթը» (1872, թերաւարտ մնացած երկը, զոր շուրջ կէս դար ետք շարունակեց եւ աւարտին հասցուց հայ երգիծագրութեան երկրորդ հսկան՝ գրող եւ վիպագիր, խմբագիր Երուանդ Օտեան), «Ազգային ջոջեր» (1874), «Կսմիթներ» (1878), «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» (1880), «Հոսհոսի ձեռատետրը» (1880), «Ծիծաղ» (1883), «Պաղտասար աղբար» (1886-1887), «Քաղաքավարութեան վնասները» (1886-1887), «Մեծապատիւ մուրացկաններ» (1887, առանձին հատորով), «Խօսակցութիւնք մեռելոց» (1886-1887) եւ թատրոնի նուիրուած քաղաքական երգիծանքի անմրցելի վայելք պարգեւող բարձրարուեստ երկեր: Ստեղծագործական բերքեր, որոնք իրապաշտութեան սալին վրայ՝ չխնայուած ներքին այրումէ, կը մրճահարեն ո՛չ միայն արեւմտամոլ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու գաղափարական սնանկութիւնը, այլեւ՝ հոգեւորական իշխանութեան քաղքենի ու հաստափոր տիպարները, եթէ ներուի ըսել՝ օրինակ, հոգեւորական-մտաւորական Խորէն արքեպիսկոպոս Նար-Պէյը, որ իբրեւ կուսակրօն հոգեւորական եւ ըստ քաղքենիական մամուլի՝ անշահախնդիր է, կը վայելէ բարոյական մեծ վարկ, մինչ ըստ Պարոնեանի «… ան չէր նայեր կիներու՝ եթէ անոնք ծեր ըլլային, եւ հետեւապէս, կուսակրօն ըլլալու համար ամէն տրամադրութիւն ունէր»:

Յակոբ Պարոնեանի գրականութիւնը երգիծանքի սեռէն տիրակա՛նօրէն, իրապաշտութեա՛մբ պարագրկուն, տուաւ հայ ժողովուրդին այնպիսի գլուխ-գործոցներ, ուր հեգնանքը, ծաղրը, կենդանի ու բնական յորդահոս յօրինումները, զանգուածներուն ամենէն զգայուն լարերուն դպան առանց ընելու ճիգը վիրավորիչ ծաղրի, առանց հեգնելու մէկը՝ միւսին հաշուոյն, զանոնք (հեգնանքն ու ծաղրը) հուսկ ընթերցողի սիրտին մէջ վերածելու թորացող արցունքներու…: Ու ասիկա գրագէտին հանճարային մտատեսութեան ընդգծելի մէկ յատկանիշն է, որ որակուած է բացառիկ խորհրդանշան մը հռչակուելու: 

Այսպէս, մեծանուն երգիծաբանը Աստուածառաք իր տաղանդը ծառայեցուցած է ամբողջ աշխարհ մը տաղաւարելու իր սեւեռումին տակ: Աշխարհ մը, ուր իր «Եփրատ»ն ու «Մեղու»ն, «Թատրոն» ու «Խիկար» երգիծաթերթերը փակման սպառնալիքի ու հալածանքին տակ ապրեցան՝ շուրջ երկու տասնամեակ՝ 1872-1891: Նշեալ ժամանակահատուածի մարդերն ու անասնութիւնները Պարոնեանի մէջ յօրինեցին՝

1) Լեզուապայքարի ունակութիւն, որ Վարդան Մամիկոնեանի գաղափարաբանութեան սնունդը կազմող հաւատարիմ գրական առաքեալի անպարտելի ոգին է: Այսինքն՝ «… լեզու ունենալ եւ ժողովուրդին իրաւանց պաշտպանութեան համար չխօսիլը համր Վասակ ըսել է»:

2) Իրապաշտական աշխարհահայեացք, անարդարութեանց մթին ու մգլոտած գուբերը թափանցելու եւ բերելու լոյս-աշխարհ՝ իմացական արիութեամբ մը. իր բառերով՝ «… աչք ունենալ եւ իրաւանց հաւասարութիւն չտեսնելը կոյր ու միանգամայն գերի ըլլալ ըսել է»:

Արդարեւ, Յակոբ Պարոնեանի նկարագրին սրամտութիւնը նուաճած է արեւմտահայ ե՛ւ արեւելահայ աշխարհներու բազմաբղէտ ցաւերը, որոնք ունին կորիզը գիտցուածին, ո՛չ ուզուածին ու գուշակուածին, վասնզի այդ անունջ ցաւերը, վիշտերը, պիտի չդադրին պատկանելէ այն ժողովուրդին, որ զինք է ծնած: Քանզի այդ ցաւերուն մասսայական ապրումները մեզի կու տան մեր ջոջերուն գռեհիկ գիջութիւններէն, փոլիթիքոսներուն հաւկուրութիւններէն, «մտաւորական» յորջորջուածին համբակութիւններէն, հոգեւորական դասի ինքնասիրահարութիւններէն կենդանի օրինակներ…: 

Երուանդ Օտեանը պահելով քովիկն ու անմիջապէս յաջորդը Պարոնեանի, ասոնցմէ ետք երրորդ գիծի վրայ եղող Նշան Պէշիկթաշլեան, Առանձար, Յ. Ալփիար, Լեռ Կամսար ունին վաւերական տաղանդ՝ երգիծական սեռի ներկայացուցիչներ կոչուելու: 

Ու ամէն անունէ վեր ու առաջ, Պարոնեանի երգիծանքը տիեզերականութի՛ւնն է իր ժողովուրդի տառապանքին, որուն խորունկ ցաւովը անմահանալու իր շքեղափառ ծաղրը ան վառ պահեց իր բազմաթիւ երկերուն ընդմէջէն, հազարամներ ալ պիտի վառէ սերունդներու ուղեղներուն մէջ՝ հատորներու դափնեպսակովը կազմուած եւ յանձնուած մեր գրականութեան հարուստ գանձարանին: 

Յակոբ Պարոնեանի յիշատակին նուիրուած սոյն յօդուածը չ՚ըլլար աւարտել՝ առանց ներկայացնելու մեծ երգիծագիրէն քանի մը կսմիթներ:

***

-Ըսէ՛ ինծի, Եւան դրախտէն վռնտուած ատեն ի՞նչ կը հագնէր:

-Բան մ՚ալ չէր հագներ, տերեւներով ծածկուած էր ինք:

-Անոր տերեւ չեն ըսեր:

-Ի՞նչ կ՚ըսեն:

-Տեքոլթէ կ՚ըսեն…

*

Կնի՛կ, սա օղերըդ տո՛ւր:

-Ի՞նչ պիտի ընես:

-Ինչո՞ւ կը հարցնես:

-Ինչո՞ւ չհարցնեմ. պիտի ծախեմ ու զքեզ հետս առնելով Հայաստան պիտի երթամ:

-Ես սըկէ հոն չե՛մ երթար:

-Հապա ամէն օր գլխուս միսը կ՚ուտէիր, որ Հայաստան երթանք:

-Բայց չէի ըսեր, որ օղերս ծախենք ու այնպէս երթանք:

-Ըսել է թէ օղերդ Հայաստանէն աւելի՞ կը սիրես:

-Այդ ի՞նչ խօսք է, Հայաստանը կրնա՞մ ականջներէս կախել:

Ըստ իս, ասանկ կիներու ականջները կտրելու է…

*

-Դուք գաւառացիներդ անզգայ էք,- ըսաւ պոլսեցին:

-Ինչո՞ւ: 

-Սիրտ չունիք:

-Ո՞վ ըսաւ:

-Վատ էք:

-Ո՞ւր կարդացիք:

-Քիւրտերը ձեր վրայ կը յարձակին եւ դուք տղու պէս կու լաք:

-Պոլսեցին միշտ այդպէս կ՚ըսէ՝ առանց պատճառները հարցնելու:

-Շատ լաւ. ուրիշ կէտ մը կայ, ատո՞ր ինչ պիտի ըսես:

-Ո՞ր կէտն է այն:

-Ձեր կիներն ուրիշները կը յափշտակեն եւ դուք ձայն չէք հաներ:

-Այդ կէտը Պոլսոյ մէջ գաւառներն աւելի կայ, բարեկամ. դուն այդ կէտին քով վերջակէտ մը դիր եւ փակագծի մէջ գոցէ:

Պոլսեցին պեխերը կրծել սկսաւ: 

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ


(*) Յակոբ Պարոնեանի ծննդեան ստոյգ թուականը ցայսօր կը մնայ ենթակայ ենթադրութեանց ելեւէջներու: Մինաս Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն» (Ա. հատոր) հատորի 192 էջատակին, հեղինակը մեծ երգիծաբանին ծննդեան կապակցութեամբ կը յիշեցնէ, թէ Հրանդ Ասատուր, Վահան Զարդարեան եւ հայր Մեսրոպ Ճանաշեան, երգիծաբանին ծննդեան թուականը 1843 ցոյց տալով հանդերձ, Վրթանէս Փափազեան եւ Կարօ Սասունի 1842 ցոյց կու տան: Իսկ Երեւանի Պետ. Հրատարակչականին կողմէ եւ Մ. Մկրեան-Հ. Մելիքեան-Եդ. Թոփչեան խմբագրական մարմինի հաւաքական աշխատանքով հրատարակուած «Հայ գրականութեան պատմութիւն» երկհատոր գործը (Երեւան, 1951) ցոյց կու տայ 1841 թուական, որուն կը հակի նաեւ Թէօլէօլեան: Չիյնալու համար բանասիրական բաւիղներու եւ զառածումներու մէջ՝ որդեգրեցինք Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի աղբիւրը (9-րդ հատոր, էջ 204), որ ցոյց կու տայ Պարոնեանի ծննդեան ու մահուան թուականները, ինչպէս նշուած է յօդուածին առաջին տողին վրայ։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026