ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՌԱՔԵԱԼԸ, ՈՐ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՐ ԲԱՑ ԴՌՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԻՆ
Աշխարհահռչակ դաշնակահար, բազմավաստակ մտաւորական եւ հայ մշակոյթի անխոնջ դեսպան Շահան Արծրունիի անժամանակ մահը խոր ցաւ պատճառեց մեր համազգային մշակութային իրականութեան։
Որպէս լրագրող, որ տարիներ շարունակ մօտէն հետեւած եմ անոր Հայաստանի մէջ կատարած գործունէութեան, լուսաբանած Երեւանէ ներս ելոյթներն ու մարզային վարպետաց դասերը եւ պատիւն ունեցած վայելելու անոր անձնական ջերմ բարեկամութիւնն ու երկարատեւ նամակագրութիւնը, անասելի տխրութեամբ ընդունեցի անոր անդարձ հեռացման գոյժը։ Այդ մտերմութիւնն էր, որ անոր խօսքերուն ետին կը բացայայտէր նաեւ մարդը՝ իր մտահոգութիւններով, յոյսերով, երբեմն՝ անհամաձայնութիւններով, բայց, միշտ հայութեան հանդէպ պատասխանատուութեան խոր զգացումով։
Այլեւս պիտի չըլլան անոր Երեւանի համերգներն ու մարզերու մանուկներուն հետ հանդիպումները, բարեկամական ընթրիքներն ու մտքերու փոխանակումները։ Լռեց ստեղնաշարը, բայց, անոր ձգած մշակութային հետքն ու պատգամները կը մնան միշտ։
Իբրեւ յարգանքի տուրք վարպետի յիշատակին՝ կ՚առանձնացնեմ մեր բազմաթիւ հանդիպումներու, հարցազրոյցներու, զրոյցներու (տպուած ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ) կարեւորագոյն միտքերն ու պատգամները։ Ասիկա նաեւ անձնական հրաժեշտ մըն է բարեկամի մը, որուն ձայնը, խօսքն ու ներկայութիւնը պիտի շարունակեն ապրիլ յիշողութեանս մէջ։
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍԸ ՏԱՐԻՆ
Շահան Արծրունիի համար արուեստը ժողովուրդներն ու մարդիկը մերձեցնող միջոց էր, իսկ հայրենիքին ու հայութեան ծառայելը՝ ամենօրեայ գործնական նուիրում։ Ան հայոց մշակոյթի հանդէպ իր հաւատքը կը վերածէր աշխատանքի՝ կամուրջներ ձգելով սփիւռքի, մայր հայրենիքի եւ պատմական օրրաններու միջեւ։
Շահան Արծրունիի երաժշտական ու կրթական առաքելութիւնը տարիներու ընթացքին համազգային ընդգրկում ստացաւ։ Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) հետ համատեղ իրականացուող բարեսիրական համերգաշարը տասը տարի շարունակ նպաստեց երաժշտական դպրոցներու սաներու կրթութեան եւ կատարողական ունակութիւններու զարգացման։
Այս տարուան մայիսին անուանի դաշնակահարը կրկին Հայաստան էր։ Համերգներն ու վարպետութեան դասընթացքները ընդգրկեցին Նոյեմբերեանի, Իջեւանի, Արտաշատի, Մեղրիի, Քաջարանի, Կապանի, Գորիսի, Մասիսի ու Վաղարշապատի արուեստի եւ երաժշտական դպրոցները։ Տաղանդաշատ պատանի երաժիշտները ելոյթ ունեցան վարպետին հետ, իսկ ան երաժշտական դպրոցներու սաներուն եւ ուսուցիչներուն համար, ինչպէս միշտ վարպետութեան դասեր վարեց։
Իր այս տարուան այցելութեամբ ան այցելած եղաւ Հայաստանի բոլոր մարզերը՝ ձեւով մը կարծես ամբողջացնելով իր առաքելութիւնը։ Յատկանշական է, որ բոլոր մարզերը (անցեալին ալ՝ Արցախ, Թիֆլիզ, Ջաւախք) պտտելէ ետք ան հեռացաւ կեանքէն․․․ Եւ առաքելութիւնն ալ եղաւ տասն ամբողջական տարի։
ՃԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆ, ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԻՏՈՒԱԾ ՀԱՅԵԱՑՔ
Անդրադառնալով Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ յետպատերազմեան իրավիճակին՝ Շահան Արծրունի կը մերժէր միայն ողբալու եւ անցեալի ցաւերով ապրելու մօտեցումը։
«Այդ ձեւով մօտենալը սխալ կը նկատեմ: Այո՛, թերեւս աւելի ընկճուած է ժողովուրդը… Սակայն, այդ գործին վրայ ծանրանալը օգուտ մը չունի, ապագայի մասին խորհիլը եւ այդ ձեւով յառաջանալը աւելի կարեւոր է, քան այն, թէ անցեալին ի՛նչ եղաւ: Այնպէս որ աւելի պէտք է գործնական ըլլանք, ո՛չ այդքան գաղափարապաշտ, տեսնենք, թէ ի՛նչ ձեւով կրնանք լուծել այս հարցը: Միշտ կան լուծումի ձեւեր: Աւելի բաց միտք պէտք է ունենալ, աւելի ճկուն պէտք է ըլլալ: Մենք, դժբախտաբար, ճկուն չենք, դիւանագէտ չենք՝ ես բացէ ի բաց կ՚ըսեմ»։
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ ԵՒ
ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Միջազգային լայն կապեր ունեցող եւ հայկական արուեստը աշխարհի հեղինակաւոր բեմերուն ներկայացուցած արուեստագէտը անկեղծօրէն կը հաւատար երկխօսութեան ուժին։
«Ես անձնապէս կը խորհիմ, որ միշտ դուռը քիչ մը բաց պէտք է ըլլայ: Բոլորովին գոցենք դուռը եւ յարաբերութիւն չունենանք թուրքերուն հետ կամ որեւէ ազգի հետ… սխալ է: Եթէ կարենամ որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ՝ մշակութային գետնի վրայ մերձեցնելու Հայաստանը եւ Թուրքիան, ուրեմն պատրաստ եմ: Ես յոյս ունիմ, որ բանակցութիւնները դրական արդիւնք կու տան, անգամ մը խօսակցինք եւ սահմանը բանանք, տեսնենք, թէ ինչ կ՚ըլլայ»։
ՄԱՐԶԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ
ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ
Արծրունիի համար կարեւոր էր, որ մարզերու պատանիներն ու երաժշտութեան ուսուցիչները նոր գիտելիքներու եւ կատարողական մօտեցումներու ծանօթանան։ Ան կը նկատէր, որ երաժշտական դպրոցներուն մէջ տակաւին կը շարունակէր տիրել սովետական շրջանի մտածելակերպը։
«Նկատելի է, որ Հայաստանի երաժշտական դպրոցներուն մէջ ուսուցիչներուն մօտ տակաւին սովետական շրջանի մտածելակերպ կ՚իշխէ: Ատիկա դեռ գոյութիւն ունի, որ թէ՛ լաւ է, թէ՛ ոչ այնքան լաւ… Եթէ ես իմ գիտցածս չնորացնեմ, արդիական կերպով չմատուցեմ, ուրեմն, ո՛չ մէկ արժէք ունի: Որքան տարիքս կ՚առնեմ, այնքան քիչ ժամանակ պիտի ըլլայ, ուրեմն կ՚ուզեմ որքան կարելի է՝ օգտակար ըլլալ»։
ԱՐՈՒԵՍՏԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՐԳ ՈՒ ԿԱՆՈՆ
Դաշնակահարը մեծ արժէք կու տար արուեստի դաստիարակչական դերին։
«Ամէն երեխայ պէտք է այդ փուլէն անցնի, գիտնայ, սորվի, թէ արուեստը ի՛նչ է, որովհետեւ մտքին համար բացառիկ միջոց մըն է՝ ամէն բան կարգ ու կանոնի դնելու համար: Արուեստը կեանքը կարգ ու կանոնի կը դնէ… Որեւէ արուեստ, որուն մէջ կայ ստեղծագործողի մը աշխատանքը, ուղեղը, մտածելակերպը, մտածելու ձեւը շատ աւելի կը յառաջացնէ եւ մարդը կեանքի համար աւելի պատրաստ կ՚ըլլայ»։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ՝
ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Արծրունի հետեւողական աշխատանք կը տանէր հայկական երաժշտական ժառանգութիւնը, յատկապէս հայ կին ստեղծագործողներու եւ անտիպ գործերու ստեղծագործութիւնները, ձայնագրելու, թուայնացնելու եւ միջազգային հարթակներու վրայ տարածելու ուղղութեամբ։
«Մեր մշակոյթը մեր միակ հարստութիւնն է եւ զայն տարածելը, ծանօթացնելը անկարելի չէ, կարելի՛ է ընել, մա՛նաւանդ՝ երբ կայ համացանցը, որու հնարաւորութիւնները անսահման են…»։
Վարպետը խորապէս կը հաւատար, որ մեր արուեստը սահմաններ չունի, սակայն, զայն աշխարհին ծանօթացնելու համար անհրաժեշտ է գործել հետեւողականօրէն, համակարգուած եւ առանց ինքնաբաւարարութեան տրուելու։
«38 հայ կին յօրինող գտած եմ աշխարհի տարածքին, եւ վստահ եմ՝ աւելի շատերը կան, պրպտումներս կը շարունակեմ: Այս կին յօրինողներու գործերը պիտի ներկայացնեմ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հետ համագործակցաբար: Իրենց փափաքն է, որ աշխարհով մէկ ներկայացնեմ. ՀԲԸՄ-ը 62 մասնաճիւղ ունի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, իսկ իրենք պիտի ջանան, որ գոնէ 20-25 մասնաճիւղ այցելեմ ու ներկայացնեմ այս գործերը: Ասիկա ալ մեր արուեստը տարածելու կարեւոր ձեւ մըն է, միջոց մըն է: Մեզմէ քիչեր գիտեն, որ աշխարհի առաջին կին յօրինողը հայ էր՝ 8-րդ դարու տաղասաց Խոսրովիդուխտը, որու մէկ յօրինումը մինչեւ այսօր մեր Շարակնոցին մէջ է: Մեր արժէքները մենք լաւ չենք գիտեր, պէտք է նախ մեզմէ՛ սկսիլ: Քանի՞ հոգի գիտէ, որ Անիի Մայր տաճարը առաջին գոթական ճարտարապետութեան օրինակն է. մենք ալ չենք գիտեր, աշխարհն ալ գրեթէ չի գիտեր այդ մասին: Մենք ամէն ջանք պէտք է ընենք զանոնք ներկայացնելու համար: Նորոգենք, թող զբօսաշրջիկներ այցելեն, ինչպէս Աղթամարը, որ այսօր լաւ վիճակի մէջ է: Թուրք կառավարութիւնը թող օգտուի, բայց մեր մշակոյթը այս ձեւով պահպանած կ՚ըլլանք: Եւ ընդհանրապէս, այս ծրագիրները եւ շատ ուրիշ ծրագիրներ կեանքի կոչելու համար նախ պէտք է հաշտութիւն կնքուի Թուրքիոյ հետ, պէտք է ընդունինք, որ հաւասար ուժեր չենք: Ես կը հաւատամ, որ կ՚ըլլայ այդ հաշտութիւնը, նոյնիսկ մենք պիտի տեսնենք ատիկա, մօ՛տ է…»:
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆ ՈԳԻՆ
Արցախի մէջ իր տեսածներուն մասին ան կը պատմէր.
«Ստեփանակերտը շատ զարմանալի քաղաք մըն է, այն ուղղութեամբ, որ կարծես, թէ կ՚ուզեն ինքզինքնին ապացուցել, որ իրենք կ՚արժեն: Եւ ո՛չ միայն տաղանդները, ժողովուրդն ալ այդպէս է։ Քաղաքը ինքնին այնքան մաքուր է, որ զարմացայ, իրենց զգեստները այնքան ներկայանալի են, իրենց մազերը գեղեցիկ կերպով կտրուած են, կ՚ուզեն ապացուցել, կ՚ուզեն ըսել, որ մենք հոս ենք, մենք կրցանք դիմանալ այս բոլոր դժուարութիւններուն»։
ՏԱՂԱՆԴ, ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԵՒ ԲԱԽՏԻ ԳՈՐԾՕՆ
Մարզերուն մէջ յայտնաբերուած շնորհալի երեխաներուն մասին խօսելով՝ դաշնակահարը չէր շրջանցեր արուեստի ճանապարհի դժուարութիւնները։ Ան կը շեշտէր, որ յաջողութեան համար տաղանդը կարեւոր է, սակայն, դեր ունին նաեւ աշխատանքն ու բախտը։
«Դժուար է այս երկրին, կամ որեւէ այլ տեղ երաժշտութեան միջոցաւ ապրուստ ապահովել, ընտանիք ունենալ եւ անոնց պէտքերը հոգալ: Եւ ատոր համար շատ հասկնալի է, որ երաժշտութիւնը շատ դժուար ճանապարհ մըն է… Թէ՛ բախտը, թէ՛ տաղանդը նշանակութիւն ունին, այդ հինգ-վեց տղաքը որոշ մակարդակի հասած են արդէն եւ որոշ տաղանդ ունին: Եթէ տաղանդաւոր չես, գրեթէ անկարելի է, որ յաջողութիւն գտնես»։
ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ
ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Համերգային ծրագիրներուն մէջ Արծրունի կը նախընտրէր հայկական ստեղծագործութիւնները։ Ան նաեւ մշակած էր հանդիսատեսին եւ աշակերտներուն հետ անմիջական շփման իւրայատուկ ձեւ մը՝ երաժշտութիւնը զուգակցելով բացատրութիւններու եւ անձնական զրոյցներու հետ։
«Միմիայն հայ հեղինակներ կը ներկայացնեմ։ Ես առաջին վայրկեանին զգացի, որ միմիայն հայ հեղինակներու գործեր կ՚ուզեն լսել… Իմ համերգներու ընթացքին խօսակցութիւնն ու նուագը իրարու կը խառնեմ։ Ես չեմ վախնար աշակերտին շատ մօտենալու եւ ըսածս բացատրելու: Բացատրութիւններս՝ անպայման երաժշտական արտայայտութիւններ չեն, երբեմն նկարչութեան մասին կը խօսիմ, երբեմն՝ անձնական զգացումներու, որպէսզի իրենց մէջ արթննայ երաժշտութիւնը ամբողջութեամբ»։
ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԸ
Շահան Արծրունիի նուիրումը երաժշտութեամբ չէր սահմանափակուեր։ Գէորգ եւ Սիրվարդ Գարամանուկներու յիշատակին ան ՀՕՖ-ի հետ միասին հիմնած էր Վանաձորի Տարեցներու տունը եւ այդ կեդրոնի հիմնական հովանաւորն էր, Հայաստան ամէն գալուն հոն ալ կ ՚այցելէր։
«Լաւ վիճակի մէջ է Տարեցներու տունը: Թերեւս Հայաստանի նման կեդրոններու մէջ լաւագոյններէն կը նկատուի, եթէ ոչ՝ լաւագոյնը: Պետութիւնը կ՚ուզէ այդ վայրը ընդգրկել տարածքի այն վայրերու մէջ, ուր կրնան հիւրեր, օտարներ տանել եւ իբրեւ կայացած կառոյց ցոյց տալ, ուրախ եմ ատոր համար»։
ՍԻՐՏԸ ՊՈԼՍՈՅ ԿԱՊՈՒԱԾ
Նիւ Եորքի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, երկար տարիներ ապրած եւ Հայաստան բազմիցս այցելած արուեստագէտին համար Պոլիսը մնացած էր առանձնայատուկ հարազատ վայր մը՝ հայկական ներկայութեամբ ու մշակութային յիշողութիւններով։
«Զիրենք շատ կը սիրեմ: Կեանքիս մեծ մասը Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակած եմ, միայն քսանմէկ տարին՝ Պոլիս, մօտ հարիւր յիսուն անգամ ալ Հայաստան եկած եմ, լաւ կը ճանչնամ Հայաստանը, բայց վերջաւորութեան, եթէ ընտրութեան հարց ըլլար, կ՚ուզէի կրկին Պոլիս վերադառնալ ապրելու համար: Թէեւ Թուրքիա է, հայկական բոյր մը կայ, տակաւին երկու հայկական օրաթերթերը լոյս կը տեսնեն, հայութեան շունչը կայ: Պոլիսը իմ միւս հարազատ վայրերէն ամենէն սիրելին եւ ամենէն հաղորդակիցն է ինծի համար»։
Շահան Արծրունիի հեռանալով կը լռէ արուեստագէտին ստեղնաշարը, բայց կը շարունակեն հնչել անոր ձայնագրութիւնները, կը մնան անոր մշակութային նախաձեռնութիւններն ու մարդկային ջերմութիւնը։ Ան իր արուեստով հայկական երաժշտութիւնը հասցուց աշխարհի բեմերուն, իսկ իր գործով ցոյց տուաւ, թէ հայրենիքին ծառայելը կրնայ արտայայտուիլ նաեւ հետեւողական աշխատանքով, գիտելիքի փոխանցումով եւ մարդոց միջեւ կամուրջներ կառուցելով։
Յիշատակդ վառ, սիրելի՛ Վարպետ։ Լռեց նուագդ, բայց այն երաժշտութիւնը, որ տարիներ շարունակ նուիրեցիր հայութեան եւ աշխարհին, պիտի շարունակէ հնչել։
ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ
Շահան Արծրունիի հետ մեր վերջին նամակագրութիւնը այս սեպտեմբերին էր։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հին թիւերուն մէջ նիւթ մը փնտռելու պահուն հանդիպած էի իր մասին երկու թղթակցութեան՝ մէկը՝ 1964 թուականին, միւսը՝ քիչ մը աւելի ուշ։ Անմիջապէս համակարգչիս էքրանէն նկարած ու ղրկած էի իրեն։ Շահա՜նը ինչպէ՜ս ուրախացած էր․ կարծես մանկութեան գանձ մը գտած ըլլար։ Մէկը Իսթանպուլի քաղաքապետարանի երաժշտանոցը իր աւարտելու առթիւ աւարտական նուագահանդէսի եւ «քաջալաւ» գնահատականի արժանանալու մասին էր, միւսը՝ իբրեւ երիտասարդ դաշնակահար իր մէկ համերգի մասին՝ «Սարայ»ի մէջ։ Մանուկի մը պէս հրճուած էր այդ երկու հին յիշատակները վերստին տեսնելով։ Այդ պահուն հասկցայ, թէ անցեալէն եկող փոքրիկ անակնկալ մը որքան կրնայ մեծ ուրախութիւն պարգեւել մէկու մը։ Այն ատեն չէի կրնար երեւակայել, որ այդ ուրախալի նամակագրութիւնը այսքան շուտ պիտի վերածուէր վերջին յիշատակներէն մէկուն։ Կ՚ուզեմ հաւատալ, որ մեր վերջին նամակներուն մէջ մնացած այդ ուրախութիւնը լաւագոյն յիշատակներէն մէկն է, որ կրնամ պահել իմ մէջս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան