ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՆԵՐՍ ՀՈԳԵԲԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆ ՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Կրթական հաստատութիւններէ ներս մասնագէտներու ճիշդ թեկնածուներ գտնելը ուշադրութիւն պահանջող գործընթաց մըն է։ Կան ընկերութիւններ, որոնք մասնագիտացած են մանկական հոգեբաններու եւ խորհրդատուներու աշխատանքի տեղաւորման գործով։ Զանազան երկիրներէ ներս նման ընկերութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան կրթական հաստատութիւններուն մանկական հոգեբաններ ապահովելու գործով։ Այս կերպով դպրոցները աւելի արդիւնաւէտ կը գործեն երեխաներու բարեկեցութիւնը ապահովելու եւ առողջ անհատներ հասցնելու համար։

Մանկական հոգեբաններու պահանջը կը ծաւալի ամբողջ աշխարհի մէջ։ Կրթական հաստատութիւնները նպատակ ունին իրենց աշխատակազմին մէջ ներառել այս ոլորտէն ներս մասնագիտացած հոգեբանները՝ երեխաներու զարգացման նպաստելու համար։ Մանկական հոգեբաններու դպրոցներու մէջ գոյութիւնը կը նպաստէ ո՛չ միայն անհատական խնդիրներու լուծման, այլեւ դպրոցական առողջ մթնոլորտի ստեղծման։ Հոգեաբանական աջակցութիւն ստացող ուսանողները աւելի յաջող կը դառնան իրենց ընկերային յարաբերութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ կը բարելաւուին դժուար իրավիճակները յաղթահարելու իրենց կարողութիւնները։

Մանկական հոգեբանները յատկանշական դեր կը խաղան երեխայի կեանքին մէջ։ Անոնք երեխաներուն կ՚օգնեն յաղթահարել իրենց խնդիրները եւ աջակցիլ ծնողներուն երեխաներու հետ ունեցած դժուարութիւնները վերացնելու համար։ Կրթական հաստատութիւններու մէջ երեխաներու մտաւոր, յուզական եւ ընկերային զարգացման աջակցիլը շատ կարեւոր է ո՛չ միայն անոնց առողջ եւ յաջող անհատներ ըլլալուն, այլեւ անոնց ապագայի երաշխաւորման համար։ Վերջին տարիներուն այս ոլորտէն ներս պահանջը կը մեծնայ եւ կրթական հաստատութիւնները կը դիմեն որակեալ մանկական հոգեբաններու եւ խորհրդատուներու աշխատանքի։

Այսօր ուսանողները կը փորձեն յաղթահարել ընտանեկան կամ ընկերային միջավայրի խնդիրներու նման զանազան դժուարութիւններ։ Նման խնդիրները կրնան բացասաբար անդրադառնալ ուսանողներու ակադեմական եւ ընկերային զարգացման վրայ։ Այս կէտին հոգեբանները կ՚օգնեն ուսանողներուն յաղթահարել այդ մարտահրաւէրները։ Մանկական հոգեբաններու ներդրումը մեծ նշանակութիւն ունի ապահովելու, որ աշակերտները իրենց անվտանգ եւ հանգիստ զգան եւ կարենան իրենց դպրոցական կեանքը աւելի առողջ շարունակել։ Օրինակ՝ մանկական հոգեբան մը, որ կ՚ուղղորդէ քննութեան անհանգստութիւն ունեցող աշակերտին, կրնայ բարձրացնել անոր ինքնավստահութիւնը եւ կ՚օգնէ անոր, որպէսզի աւելի առողջ կերպով անցընէ քննութեան գոծընթացը։

Այս առումով կրթական հաստատութիւնները կը փնտռեն մանկական հոգեբաններ։ Այս մօտեցումը կը կեդրոնանայ ուսանողներու թէ՛ հոգեբանական եւ թէ մտաւոր բարեկեցութեան վրայ: Դպրոցներու մէջ մանկական հոգեբաններու գոյութիւնը կը նպաստէ աշակերտներու՝ անհատականութեան զարգացման եւ սա աւելի կ՚ամրապնդէ կրթական հաստատութիւններու դերը որակեալ ուսում ապահովելու գործին մէջ:

Մանկական հոգեբանները գիտեն ինչպէս ճիշդ հաղորդակցիլ երեխայի հետ եւ իրենց խորհրդակցութեան ժամանակ կը հաստատեն յարաբերութիւններ, որոնք պէտք է հիմնուած ըլլան վստահութեան վրայ։ Անոնք այս կերպով կ՚օգնեն երեխաներուն հասկնալ իրենց յոյզերը եւ մշակել ռազմավարութիւններ՝ յաղթահարելու իրենց խնդիրները: Որոշ մանկական հոգեբաններ կ՚աշխատին մէկէ աւելի դպրոցներու հետ եւ ծնողներու հետ խօսելէ եւ երեխան դիտարկելէ յետոյ կ՚որոշեն դարմանման մեթոտը։ Այս մասին անոնք մանրամասն կը տեղեկացնեն ծնողներուն։

Ներկայ ժամանակներու ծնողներու բեռը աւելի ծանր է, քան նախորդ սերունդը: Որպէսզի այսօրուայ երեխաները դառնան աւելի երջանիկ, աւելի յաջող ու առողջ անհատներ եւ ապագայի ծնողներ, անոնք պէտք է ճանչնան իրենք իրենց եւ գտնեն ճշմարտութիւնը: Այս կէտին մանկական հոգեբանները կրնան դիւրացնել նպատակին հասնիլը։ Այսօրուայ պայմաններու մէջ բազում մարդիկ կը ձգտին դէպի կատարելութիւնը, ինչպէս նաեւ երջանիկ երեխաներու երջանիկ ծնողներ ըլլալը բախտ չէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2025