ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԸ

Եթէ առօրեայ գործ մը ունիք, գործեր, մէկէ աւելի պատասխանատուութիւններ, դպրոցական զաւակ մը, զաւակներ, առաւել եւս՝ նախակրթարանի դասարաններուն պատկանող աշակերտ մը, որ շատ յաճախ ձեզի լրջօրէն, ամենայն անկեղծութեամբ կը հարցնէ՝ ինչո՞ւ դպրոց պէտք է երթանք… եթէ այս բոլոր հանգամանքները առկայ են ձեր առօրեային մէջ, ուրեմն ես վստահ եմ, թէ շատ հազուադէպ կրնաք ժամանակ գտնել այդ դպրոցականին հետ բոլոր պարտականութիւններէն ու պարտաւորուածութիւններէն դուրս բան մը կազմակերպելու եւ ընելու։ Այս վերջին երկուքը առաւելաբար կ՚ընդգծեմ, քանի որ կազմակերպելը բան մըն է, ընելը՝ լրիւ ուրիշ բան։ Խօսողներու հսկայ բանակին դիմաց՝ հազուագիւտ ընողները գիտեն։

Այսպէս, գործի, որեւէ գործի առաջարկած դժուարութիւններուն, հոնտեղի պարտադրեալ, ընդունելի կամ այդպէս թուացող պայմաններուն, անձնաւորութիւններուն, տան յետաձգուած պարտականութիւններուն, վերջ չունեցող համակարգչային խաղերուն ուղեկցող խմբային «քոլ»երու բազմալեզու արտայայտութիւններուն, «ըսէ», «մի՛ ըսեր», «ըրէ», «մի՛ ըներ», «մեր ատենը», «ձեր ատենը», «իրաւունք» եւ «ազատութիւն» ծանրակշիռ արժէքներուն մէջ… երբ այս բոլորէն հեռանալով կ՚որոշես դուրս ելլել, տունէն, քու առօրեայ շրջանէդ դուրս ելլել, կ՚ենթադրես, որ հոն՝ այդ դուրսը խաղաղ արեւով լուսաւոր դաշտ մըն է. կ՚երթաս, եղածիդ պէս ալ ետ կու գաս…

Արդեօ՞ք։

Օրուան որ ժամը ըլլալը նշանակութիւն չունի. Գահիրէի մէջ միշտ խճողուած փողոցներ կան։ Ինքնաշարժներու խճողումը անխուսափելի է։ Խճողուած այդ ինքնաշարժներու շարքերուն միջեւ շատ յաճախ վաճառականներ կը շրջին։ Հոն են անոնք, միշտ. ազդալոյսի ոստիկանները, այդ ճամբաներէն ամէն օր անցնող մեքենաներու վարորդները ծանօթ են անոնց, որոնք թաշկինակ կը ծախեն, ինքնաշարժին վերաբերող մանր-մունր առարկաներ, երբեմն՝ կապոց մը լեմոն, ինքնաշարժի հայելիէն կախուելիք անուշահոտ սրուակ, նոյն տեղէն կախուելիք թելի մը վրայ հիւսուած ծաղիկներ, երբեմն ալ՝ քաղցր ուտելիքներ կը ծախեն։

Հոս, Եգիպտոսի մէջ ծանօթացած եմ «ֆրէսքա» կոչուած քաղցր հնարքին։ Շաքարի մէջ թաթխուած ամրացած խմորի բարակ կլոր մը, որ կրնայ մեծ կամ փոքր ըլլալ՝ հացի պէս։

«Ֆրէսքա»ներու կոյտ մը բռնած երիտասարդ մը մօտեցաւ մեր ինքնաշարժին։ Բռնած իւրաքանչիւր տոպրակին մէջ երեք կտոր կար։

-«Ֆրէսքա»ն ի՞նչ է, հարցուց տղաս։

Երկու տոպրակ գնեցի։ Մէկը ձեռքս պահեցի, միւսը՝ իրեն տուի։ Խճողուած կացութիւնը չէր փոխուեր։ Յառաջընթացը շատ դանդաղ էր։ Տոպրակս սկսայ բանալ, գոց պատուհանիս փոքրիկ աղջնակ մը մօտեցաւ։ Պատուհանս վար իջեցուցի.

-Ի՞նչ կ՚ուզես, հարցուցի։

Աչքերով ձեռքս բռնած «ֆրէսքա»ի տոպրակը ցոյց տուաւ։

Չեմ գիտեր ինչու «ֆրէսքա»ն տեղւոյն վրայ եղածին պէս աղջկան չտուի. բանալու սկսայ տոպրակը։ Ակնթարթային արագութեամբ ոստիկան մը մօտեցաւ պատուհանիս քով կեցած աղջկան եւ ինքնաշարժներուն միջեւ պոռալով-կանչելով, դժգոհելով-բողոքելով ձեռքէն բռնած քաշքշելով զինք ամբողջ ճանապարհէն հեռացուց։

Ոստիկանն ու աղջիկը վայրկեաններու մէջ անհետացան։

Մուրացկա՞ն էր, ծախելիքները վերջացուցած փոքրիկ վաճառակա՞ն, թէ՞ ուրիշ տարբերակ մըն էր, չեմ գիտեր, բայց ո՛վ, ի՛նչ ալ ըլլար, հոն ըլլալու չէր այդ մանուկը։ Թերութիւն եւ թերացող մը կար. պատասխանատուութիւն շալկելու անկարող ծնողներ ինչո՞ւ զաւակով կը բախտաւորուին։ Աստուածընծայ շնորհք մը չէ՞ ան, որ անարժան ծնողներու կողմէ կրնայ լքուիլ, ծախուիլ, չարաչար օգտագործուիլ եւ ու եւ…

-Պզտիկ աղջիկը ի՞նչ կ՚ուզէրկոր, մամա, խոհերուս մէջ թաղուած՝ տղուս ձայնը լսեցի։

Չհասցուցի պատասխանել.

-Անօթի՞ էր։ «Ֆրէսքա՞»դ ուզեց։

-Այո՛, տղաս։

-Ինչո՞ւ չտուիր։

-Չհասցուցի տալ, ըսի տղուս, ինքս ալ աս պատասխանով չհամոզուած։

-Ատ «փոլիս»ը ո՞ւր տարաւ իրեն։

-Չեմ գիտեր, տղաս…

-Եթէ արագ մը տայիր, հետը կը տանէր…

Միանգամայն, գոնէ ուզածը հետը տանէր աղջնակը, բայց ըսելիքը չէր վերջացուցած տղաս.

-Եթէ դուն քու «ֆրէսքա»դ իրեն տայիր, ես իմս քեզի կու տայի…

Սորվելիք, դեռ շա՜տ սորվելիք ունիմ կեանքի տասներկու տարիները չբոլորած աս մանչէն, վստահ եմ, բայց բաւարար առողջութիւն ու կեանք ունի՞մ այդ հունձքը քաղելու, ատկէ վստահ չեմ…

Արկածախնդրութիւններէ եւ բարոյական դժուար փորձ ու քննութիւններէ հեռու սովորական մեր առօրեային վերադառնալու ճամբան բռնած՝ դարձեալ ու կրկին համոզուեցայ, որ իրենց խաղաղ նաւահանգիստներուն մէջ մնալու համար չեն պատրաստուիր փոքրիկ-փոքրիկ նաւակները…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Եգիպտոս

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025