«405 ԿՐԹԱԿԱՆ ԴԱՇԻՆՔ». ՄԻԱՒՈՐՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐ` ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆՈՐ ԴԱՇԻՆՔ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԱԶԱՆՔԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի եօթ յառաջատար կրթական կառոյցներ միաւորուած եւ ստեղծած են «405 կրթական դաշինք» միասնական հարթակ մը՝ կրթական ոլորտի կառոյցներու փոխգործակցութեան եւ նոր կրթական ծրագիրներու իրականացման համար։
Անոնք իբրեւ նշանաբան ընտրած են «Միաւորելով ուժերը՝ յանուն Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կրթութեան զարգացման»։
Այս նորաստեղծ դաշինքը նպատակ ունի տեղական ու միջազգային կրթական կառոյցներու եւ պետութեան միջեւ բովանդակ համագործակցութեան զարգացման միջոցով նպաստել Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայերուն մատուցուող կրթութեան որակի բարելաւումին ու կրթական արդիւնքի դրական փոխակերպման:
«405 կրթական դաշինք»ը ստեղծած եօթ յառաջատար կառոյցները իրենց գործունէութեամբ հանրածանօթ են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ եւ տարիներու աշխատանքով փաստած են կրթական ասպարէզէն ներս ունեցած իրենց արհեստավարժութիւնը։
Անոնց հիմնադիրներուն մեծ մասը հայրենադարձներ է, իսկ կազմակերպութիւնները, որոնք իրենք կը ներկայացնեն՝ մանաւանդ Հայաստանի անկախութեան տարիներուն նշանակալի գործ կատարած են երկրէն ներս։
«405 կրթական դաշինք»ը ստեղծած են Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայաստանի գրասենեակը (ՀԲԸՄ Հայաստան), Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA), «Այբ» կրթական հիմնադրամը, Հայ կրթական հիմնարկը, «Դասաւանդէ՛, Հայաստան» կրթական հիմնադրամը, «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամը (ԹՈՒՄՕ), Հայաստանի գիտութեան եւ արուեստագիտութեան հիմնադրամը (FAST)։
Օրերս Երեւանի «Ալեքսանտր» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ դաշինիքի գործունէութեան պաշտօնական ազդարարումը։
Ներկաները տեղեկացան, որ նման դաշինք մը ունենալու գաղափարը յառաջացած է տակաւին 2022 թուականին, երբ Արցախի շրջափակման հետեւանքով խախտուած էր արցախցի հազարաւոր երեխաներու կրթութեան իրաւունքը։ Այդ օրերուն ստեղծուած է «Կրթութեան իրաւունք» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը, որ կը փորձէր աշխարհին պատմել Արցախի ճգնաժամի, մանաւանդ՝ այնտեղ ստեղծուած կրթական ճգնաժամի մասին։ Աւելի վերջ հիմնադիրները հասկցած են, որ գործը կիսատ չեն կրնար թողել եւ պէտք է գործել այս անգամ Հայաստանի մէջ՝ նոր առաջարկներով եւ նոր ծրագիրներով։
«Այդ ժամանակ խոր կերպով գիտակցացինք, որ եթէ նոյնիսկ Արցախի ճգնաժամային իրավիճակով պայմանաւորուած՝ մենք համախմբուեցանք ու զօրաշարժեցինք մեր ուժերը՝ անկախ այն տարբերութիւններէն, որոնք ունէինք կրթութեան կազմակերպման տեսանկիւնէն, ուրեմն պէտք է աւելի երկարաժամկէտ լուծումներ առաջարկել պատճառներն ու խնդիրները գտնելու ուղղութեամբ», հանրայի ազդարարման միջոցառման ժամանակ ըսած է Շամամ Գէորգեան, որ «405 կրթական դաշինք» հիմնադրամի գործադիր տնօրէնն է։
Իսկ նոյն ձեռնարկին արտայայտուած է նաեւ կրթական գործիչ Սիւզաննա Շամախեան, որ նախագահն է «405 կրթական դաշինք» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին։ «Կրթութիւնը հասարակութեան հիմքն է, կրթուած անհատ ունենալով մենք կ՚ունենաք կրթուած հասարակութիւն, նաեւ բնականաբար՝ ուժեղ պետութիւն», ըսած է ան:
Հիմնադիրները յայտարարած են, որ դաշինքը պէտք է իրականացնէ հետազօտութիւններ, որոնք կը փոխանցէ հանրութեան ու մասնագէտներուն՝ քաղաքականութեան մշակման համար: Արդէն պատրաստ է երկու տարուան ծրագիրը, որու ուղղութեամբ ալ աշխատելու սկսած են։ Դաշինքը պիտի դառնայ հետազօտական կեդրոն մը։
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան նոյնպէս ներկայ եղած է դաշինիքի յայտարարման հանրային ձեռնարկին եւ իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ այս դաշինք-հիմնադրամի գործունէութեամբ ձեւաւորուելիք կրթական լուծումները ժամանակի ընթացքին կրնան կիրառուիլ նաեւ սփիւռքի մէջ, ուր կրթական ոլորտի բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան։ «Մենք ամէն տեղ ունինք հայոց լեզուի նահանջ, հայկական դպրոցներու նուազում եւ այս ամէնը պէտք է կեցնել։ Այդ իրողութիւնները պայմանաւորուած են սերնդափոխութեամբ, որոշ համայնքներու ծերացման գործընթացով, համայնքներու աշխարհագրական փոփոխութիւններով եւ այլն։ Կը կարծեմ, որ այս նոր ստեղծուած դաշինքը մեծ ներուժ ունի ներազդելու նաեւ սփիւռքի կրթական իրավիճակի վրայ», ըսած է Զարեհ Սինանեան։
ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) 1906 թուականին յայտնի ազգային գործիչ Պօղոս Նուպարի եւ եգիպտահայ համայնքի ականաւոր ներկայացուցիչներու նախաձեռնութեամբ Գահիրէի մէջ հիմնադրուած հայկական բարեգործական կազմակերպութիւն մըն է, որ այսօր կը սեպուի աշխարհի ամենախոշոր հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւնը։ Այժմ անոր նախագահութիւնը կը գտնուի Նիւ Եորք, գրասենեակներ ունի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան։ ՀԲԸՄ-ն կը պահպանէ ու կը զարգացնէ հայկական ազգային գիտակցութիւնը եւ ժառանգութիւնը՝ զանազան կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով։ Հասարակութեան զարգացման ուղղուած անոր ծրագիրները հանրածանօթ են։ Միութիւնը միշտ ուշադրութեան ներքոյ պահած է բարձրորակ կրթութիւնը։
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA) հիմնադրուած է 1918 թուականին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ուստր քաղաքին մէջ՝ հայ աւետարանական համայնքին կողմէ։
Կազմակերպութեան նպատակն է՝ օգնելը աշխարհասփիւռ հայութեան եւ անխախտ պահել քրիստոնէական հաւատքը։
1988 թուականի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ կազմակերպութիւնը արմատներ նետած է Հայաստանի մէջ՝ բոլոր ջանքերով սատարած է տեղւոյն հայութեան, իսկ 1991 թուականին Երեւանի մէջ բացուած է Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գրասենեակը։
Ներկայիս ընկերակցութիւնը կը գործէ Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ գտնուող տասնեակ գրասենեակներու մէջ եւ իր չորս հարիւր եւ աւելի աշխատակիցներու միջոցով կ՚իրականացնէ կրթական, ընկերային առողջապահական, տնտեսական եւ հոգեւոր-մշակութային ծրագիրներ՝ շարունակելով աջակցիլ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիին: Ընկերակցութիւնը խոշոր ծրագիրներ իրականացուցած է նաեւ Արցախի մէջ։
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը անշեղօրէն ջանադիր է հայ ազգային ներուժի խթանման եւ զօրացման անհատներու, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի բարեկեցութեան զարգացման:
«ԴԱՍԱՒԱՆԴԷ՛, ՀԱՅԱՍՏԱՆ»
«Դասաւանդէ՛, Հայաստան» կազմակերպութիւնը «Teach for All» միջազգային կրթական կազմակերպութեան հայաստանեան ծրագիրն է։ Միջազգային կազմակերպութիւնը կը գործէ աշխարհի շուրջ քառասուն երկիրներու մէջ։ Կազմակերպութեան նպատակն է որակեալ կրթութեան հասանելիութեան եւ տարածման ապահովումը աշխարհի բոլոր կողմերը։ Այս ծրագիրը Հայաստանի մէջ կը գործէ 2015 թուականէն ի վեր եւ զգալի աշխատանք կը տանի՝ մանաւանդ մարզերուն մէջ, ուր ուսուցիչներ կը գործուղուին՝ նորարար ծրագիրներ իրականացնելու։
ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ
Հայ կրթական հիմնարկը հիմնադրուած է 1950 թուականին՝ Լոս Անճելըսի մէջ՝ աջակցելու համար հայ ուսանողներուն եւ կրթական հաստատութիւններուն: Վաղ տարիներուն այս հիմնարկը դպրոցներ բացած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ. ինչպէս՝ Լիբանան, Յունաստան, Սուրիա:
1960-1970 թուականներուն հիմնարկը ԱՄՆ-ի մէջ նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէր հայկական ամենօրեայ դպրոցներուն:
1988 աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ Հայ կրթական հիմնարկի ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Հայաստան եւ 1991 թուականին, անկախացումէն յետոյ ան իր գրասենեակը հիմնեց Երեւանի մէջ: Այս տարիներու ընթացքին Հայ կրթական հիմնարկը Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ աւելի քան երկու հարիւր դպրոց վերանորոգած է։ Հարիւրաւոր ուսանողներ տարիներ շարունակ ստացած են կրթաթոշակներ` ուսման ամբողջական վճարի չափով:
«ԱՅԲ» ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
«Այբ» կրթական հիմնադրամը շահոյթ չհետապնդող հանրային կառոյց մըն է, որ կրթական ծրագիրներ կ՚իրականացնէ Հայաստանի, սփիւռքի մէջ, մօտաւոր անցեալին՝ նաեւ Արցախի մէջ։
Հիմնուած է 2006 թուականին։ Այս տարիներու ընթացքին հիմնադրամը կրթութեան զարգացման համար կատարած է 42 միլիոն ամերիկեան տոլարի ներդրում։
Համագործակցելով աշխարհի նշանաւոր կարգ մը համալսարաններու հետ՝ «Այբ» կրթական հիմնադրամը կը ստեղծէ որակեալ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն՝ բոլորին համար։ «Այբ»ի հիմնական նպատակն է՝ սորվելու գերազանցութեամբ մշակոյթ ձեւաւորելու եւ հայկական կրթութեան զարգացման համակարգուած ներդրումներով աջակցելու գաղափարը։
«Այբ»ը ինքզինք կը նկատէ Սուրբ Թարգմանիչներու շարժման շարունակողը։ Ե. դարուն այս նշանաւոր շարժումը ամրագրեց ազգային դպրոց, գիր եւ գրականութիւն ունենալու հայերուն յանձնառութիւնը, իսկ հիմնադրամը նպատակ ունի ամրացնելու ազգային ակունքներէն բղող կրթական շարժման հիմքերը՝ համադրելով զայն նորարար գաղափարներով։
«Այբ»ը Հայաստանի մէջ ստեղծած է՝ ժամանակակից լաւագոյն կրթական չափանիշներուն համապատասխան եւ միջազգային ճանաչումով «Արարատեան պաքալաւրիաթ» հայալեզու կրթական ծրագիրը, որ սովորողներուն հնարաւորութիւն կու տայ դիմելու աշխարհի ամենահեղինակաւոր համալսարաններ։
«Այբ» համակարգի երեք կառոյցներն են՝ «Այբ» դպրոցը, Դիլիջանի կեդրոնական դպրոցը եւ Ազգային երգ ու պարի ակադեմիան, որուն ջանքերով Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներէն ներս ներդրուած է «Ազգային երգ ու պար» առարկան։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան հիմնադրամը (FAST) 2016 թուականին ստեղծուած հիմնադրամ մըն է, որուն առաքելութիւնն է Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս արհեստագիտական նորարարութեան եւ գիտական առաջխաղացման համար նպաստաւոր համակարգեր ստեղծել։ FAST-ը մտադիր է համախմբել Հայաստանի, հայկական աշխարհի ու միջազգային համայնքի գիտական, արհեստագիտական եւ գանձատրական աղբիւրները՝ ի նպաստ ժամանակակից կրթութեան եւ գիտութեան զարգացման։
«ՍԻՄՈՆԵԱՆ» ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
«Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամը հիմնադրած են ամերիկահայ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները։ Հիմնադրամի նախագահն է Սեմ Սիմոնեան, որ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահն է։ «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ 2011 թուականի օգոստոսէն ի վեր Երեւանի մէջ բացուած է «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնը, որ 12-18 տարեկան դեռահասներուն անվճար դասընթացքներ կը մատուցէ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ։
Այժմ «Թումօ» կեդրոններ կը գործեն նաեւ Հայաստանի մարզերուն մէջ, նաեւ՝ արտասահման. ինչպէս՝ Պէյրութ, Փարիզ, Մոսկուա, Պերլին, Քիեւ, Լիոն եւ այլն։
«405-ը մեր հաւաքական կամքի մարմնաւորումն է ու պատիւը, մեր միասնական գիտակցական համոզմունքն առ այն, որ կրթութիւնն է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի արժանապատիւ ապրելու, մշակոյթ ստեղծելու եւ աշխարհին արժէք փոխանցելու կարեւորագոյն պայմանը», յայտարարած են «405 դաշինք»ի հիմնադիրները։
405
405-ը պատահական թիւ մը չէ հայոց պատմութեան, հայկական հաւաքական յիշողութեան եւ ընդհանրապէս՝ մեր ինքնութեան ձեւաւորման ճանապարհին։ Այդ թուականին կատարուած է հայ գիրերու գիւտը՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծած է հայերէն այբուբենը։ Գիրերու գիւտէն ետք բացուած են դպրոցներ՝ նոր այբուբենը սորվեցնելու համար: Հայոց առաջին դպրոցներէն մէկը՝ «Հայոց արեւելեան կողմերը» (Ուտիք, Արցախ) բացուած է Ամարասի վանքին մէջ։ Բացուած են նաեւ բազմաթիւ հայկական դպրոցներ։
Մեսրոպ Մաշտոց մեծ գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ վրաց եւ աղուանական գիրերը ստեղծելու գործընթացին մէջ։ Ուղեւորուելով Վիրք եւ Աղուանք, այնտեղի գիտնականներուն հետ համագործակցելով՝ կը ստեղծէ վրաց գիրերը, նաեւ գիրեր՝ գարգարացիներու լեզուին համար, որոնք սովորաբար կը կոչուէին աղուանական:
Հեթանոսութեան ժամանակ մեհենագրերու կիրառութիւնը կեդրոնացած էր միայն սրբատեղիներուն մէջ, իսկ քրիստոնէութիւնը՝ ժողովրդական լայն զանգուածներուն մատչելի դարձուց կրթութիւնը: Մաշտոցը կը շրջէր գաւառներու մէջ ու դպրոցներ կը բանար: Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը կը մնար Վաղարշապատի արքունիքին մէջ՝ նախարարներուն սորվեցնելու համար հայերէն գիրերը: Մշակութային այդ շարժումը յայտնի է «Ոսկեդար» անունով։ Հայերէն այբուբենի կիրառութիւնը պատճառ դարձաւ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէութեան տարածման ու անոր վարդապետութեան քարոզչութեան, որ մինչ այդ կը կատարուէր յունարէնով կամ ասորերէնով` մնալով անհասկնալի: Հոգեւորականութեան մէջ զգալի մասը կը կազմէին օտարազգիները:
Թարգմանական գրականութեան առաջնեկը հայերէն Աստուածաշունչն էր՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սահակ Պարթեւի ղեկավարութեամբ: Ուսումնասիրողները զայն կ՚անուանէին «Թագուհի թարգմանութեանց»: Այնուհետեւ անոնք սկսան հայերէնի թարգմանել հին աշխարհի նշանաւոր բազմաթիւ հեղինակներու գործերը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան