ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ - 100

27 յունիսին մոռնալ ու շրջանցել՝ առանց յիշատակելու ծննդեան 100-ամեակը սփիւռքի հայութեան ոգիին համասփիւռ արտայայտիչն հանդիսացած, սփիւռքի ցաքուցրիւ հայութեան կոտտացող Երազը բեկոր առ բեկոր հայահաւաքի երդումի վերածած Վահրամ Մավեանի (Երուսաղէմ, 27 յունիս 1926 - Լիզպոն, 11 յունուար 1983, թաղուած Պէյրութ, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը), աններելի մեղքի համազօր բան մը պիտի ըլլայ:

Եթէ Շահան Շահնուրի (1903-1974) «Նահանջը առանց երգի»ն (1929) հանդիսացաւ այն յաւերժազանգ, աղաղակող մատեանը, որուն աղեկտուր խորանէն առ երկինք ու ի սփիւռս աշխարհի, Մեծ Եղեռնէն հոս-հոն դեռ մխացող մնացորդացին համար զգայացունց օգնութիւն ու աղերսանք կանչեց՝ ի խնդիր արդար դատին աշխարհացրիւ հայ բեկորներու եւ խլեակներու՝ Փիեռներու, Նէնէթներու, Թէրէզներու, Պետրոսներու կարաւանին կապելով ու ողողելով «Նահանջը»ին մաքառուն ջիղերուն ամբողջ սարուածքը՝ ջոկատ առ ջոկատ եւ ամէն հայու տրոփող սրտին մէջ, Վահրամ Մավեանի «Հայու բեկորներ»ն (Երուսաղէմ՝ 1965-ին, այնուհետեւ Երեւան՝ 1967-ին) ու անոր յաջորդած «Անկապ օրագիր»ը (Երուսաղէմ՝ 1968, ապա «Մխացող հոգիներ»՝ 1977, Երեւան) եւ «Ամէն տեղ հայ կայ»ն (Երուսաղէմ՝ 1977) գետնի վրայ չթառամող ապրումներու համանուագ դարձաւ՝ աշխարհասփիւռ ամէն հայու մէջ վառող մոմի արցունքներով…: 

Ինչ որ Շահնուր՝ առողջական պատճառներով, չհասցուց իր «Նահանջը»ին անպարագիծ ցաւը որպէս շօշափելի պատգամ պտըտցնել տունէ տուն, ոստանէ ոստան՝ սփիւռքի հայութեան գաղթօճախները, եւ 35 տարեկանէն տակաւ հիւծող իր մարմինը գամեց մահուան անկողնին, Մավեան, մասնաւորապէս 1961-էն սկսեալ, առնուազն երկու տասնամեակի վրայ յաջողեցաւ աննկուն ու անվեհեր պայքարողի իր շրջագայութիւններով Արեւմուտքի եւ Արեւելքի գրեթէ բոլոր ոստանները, ներառեալ Խորհրդային Հայաստանը՝ տարբեր առիթներով, զգալիօրէն դանդաղեցնել ձուլման կատաղի ալիքը՝ ամէն հայ կրթարանի ու հայկական կառոյցի մէջ վառելով նոր յոյսի կերոն ու ամուր հաւատք:

Ապաքէն, Մավեանի վերոյիշեալ մատեանները քովէ քով ընդելուզումն իսկ են հայու անհայրենիք կոտտանքի եւ նոյն ատեն հայրենի հողին հանդէպ անափ կարօտանքի՝ զերդ սկիհի մը մէջ ամփոփուած բանաստեղծական ու հրապարակագրական նշխարներ, որոնց առջեւ իւրաքանչիւր իրա՛ւ մտահոգ սփիւռքահայ կը խոնարհէր ճաշակել զանոնք:

Պիտի ընդգծել, որ Մավեանի գրականութիւնը կը խորշի յուշագրողի ծանծաղամիտ թելադրութիւններէ, անհրապոյր բարոյախօսութենէ. չի հպատակիր քերականական կոճկուած օրէնքի: Իր օրագիրները, նշմարները, հրապարակագրական էջերն ու պատմուածքները կը տանին անցելախոյզ քաղցր օրերու եւ ժամանակներու, կարծես դէպի Հոմերոսեան թատերադաշտ, ուր Վերգիլիոսի «Էնէական»ն ալ պիտի ուզէր խոնարհիլ հեղ մը անոնց աջեւ, Լուքրէտիոսի «Տը Նաթիւրա Ռէրիւմ»ն ալ պիտի չզլանար իր վշտաթուրմ հիացքը արձակել անոր «Ռոմացի մայրիկը», «Շէյքսփիրի տան մէջ», «Ի՞նչ ասեմ, էլի» խորագրեալ գործերուն հանդէպ, ուր մարդկային նկարագիրով համամարդկային բաբախումները ոչ միայն կը տարածուին գրողին ամբողջ ժամանակաշրջանին՝ զանոնք պարագրկելու չափ զգալին ու անզգալին, այլ իրենց հետ կ՚աճեցնեն նոր սերունդներու սպասաւորները, ի՜նչ փոյթ, որ սփիւռքեան «սպիտակ ջարդը» կը շարունակէ «Նահանջը առանց երգի»էն պատրանքի պակուցիչ երգեր բերել «ամէն տեղ, ուր հայ կայ…»:

Զէյթունցի Յակոբ տէր քահանայի (հոգեւոր հովիւ Հայֆայի եւ շրջակայից հայութեան) զաւակ եւ Երուսաղէմ ծնած Վահրամ Մավեան իր կրթութիւնն ստացած է տեղի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանէն ներս՝ աշակերտելով մասնաւորաբար Նորին Ամենապատուութիւն Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանին, այնուհետեւ երկրորդականը՝ «Պիշըփ Կոպաթ» քոլէճին մէջ՝ 1940-1944 տարիներուն:

Պաղեստինի «Նաքպա»էն (Աղէտէն) առաջ, 1948-ի ապրիլին, «քանի մը շաբթուան համար» զինք կը գտնենք Կիպրոս, ուր կը մնայ՝ առանց կարենալ վերադառնալու Պաղեստինի մէջ պայթած աղէտալի ծանօթ իրադարձութիւններուն պատճառով եւ կը դասաւանդէ Նիկոսիոյ Ազգային Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանին մէջ: 

Նիկոսիոյ մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն ներս ուսուցչագործած տարիներուն՝ 1950-1958, միայն մէկ տարի ընդմիջումով՝ 1954-1955 թթ., Մավեան կը փոխադրուի Լիբանանի «Ազունիէ» բուժարանը՝ Պէշիկթաշլեանով ու Դուրեանով սկսած «բանաստեղծներու հիւանդութեան» դէմ պայքարելու: 1958-ին, Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաք Պելֆասթի «Քուինզ» համալսարանին մէջ իր ուսումը շարունակելու նպատակով (որմէ զրկուած էր՝ ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ լոկ նիւթական պատճառով) Կիպրոսէն մեկնելէ առաջ, Մավեան Մայր կրթարանին ձօնած էր «Մելգոնեան կրթական հաստատութեան սաներուն» խորագրեալ գողտրիկ, այլեւ իր անմահ քերթուածներէն մին, որ մաս կը կազմէ 1956-ին լոյս տեսած իր երախայրիքին՝ «Յամեցող վերադարձ» քերթողագիրքի բանաստեղծութիւններու շարքէն դուրս մնացած 24 քերթուածներու փունջին՝ առաջին անգամ լոյս տեսած Պէյրութի «Շիրակ» գրական ամսագրին մէջ: 

Մտաբերելով Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնն ու Մավեանի վերոյիշեալ քերթուածը Մելգոնեանին ձօնուած, միտքիս պաստառին կու գայ նոյն կրթարանի բազմավաստակ դաստիարակ եւ արուեստի դասանիւթերու ուսուցիչ, երբեմնի «Գոհար» սենֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սեպուհ Աբգարեանի՝ Մավեանի քերթուածին հետեւողութեամբ եւ Մելգոնեանին ձօնուած ի՛ր բանաստեղծութիւնը՝ գրուած Մելգոնեանի ցաւալի փակումէն ետք, «ՄԿՀ-ի սաներուն» խորագրով: Աբգարեան իր ծոցագրպանին մէջ դրած եւ իր ստեղծագործութիւնն եղող այդ քերթուածը կը պտըտցնէր քաղաքէ քաղաք եւ կ՚արտասանէր իր աշակերտներուն ու զինք շրջապատողներու առջեւ, խոր յուզումը պատած իր սրտին:

1961-ին արդէն համալսարանաւարտ եւ «Պսակաւոր Արուեստից» (B.A.) տիտղոսով զինուած՝ Մավեան կը վերադառնայ Մելգոնեան վարժարան, միայն երկու տարի շարունակելու իր մանկավարժական առաքելութիւնը այնտեղ: Անգլիական գրականութեան եւ ընդհանրապէս գրականութեան հմուտ անձնաւորութիւն մ՚ան՝ հայ եւ օտար գրականութենէ բացի կը դասաւանդէ հոգեբանութիւն՝ 1961-1963 թուականներուն. նախապէս դասաւանդած էր երկրաչափութիւն, ուսողութիւն, եղած էր մանչերու բաժնի դաստիարակ-հսկիչ եւ հաշուակալ:

1963-ին հաստատուելով Լիզպոն՝ կը նշանակուի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի պատասխանատու պաշտօնատար: Պաշտօն մը, զոր ան շուրջ 20 տարի կատարեց անաչառօրէն ու բծախնդրօրէն, իր մտաւորականի լուրջ աշխատանքով ազդեցիկ հեղինակութիւն մըն ալ ապահովելով այդ պաշտօնին վրայ, մինչեւ յեղակարծօրէն իր անժամանակ մեկնումը այս աշխարհէն՝ 1983-ի յունուարին:

Երկու տասնեակ այդ տարիներուն եւ գործի բերումով իր բազմաթիւ ճամբորդութիւններու ընթացքին Լիբանանի եւ Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Իրանի եւ Թուրքիոյ հայագաղութներ, Կովկաս ու եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ իր շրջագայութիւններով, հայկական հաստատութիւններու տուած իր այցելութիւններով, Վահրամ Մավեան իր «օրագիր»ներուն, նշմարներուն եւ հրապարակագրական էջերուն մէջ պարտասիլն անտեսող աւիւնով, Թէքէեանի «Փոշի ազգ»ի եւ Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի»ի երդիքին տակ պարագրկեց հայերգութիւնը «հայու բեկորներ»ու, անոնց դեռ «մխացող հոգիներ»ուն բերելով վերազարթօնքի յոյսն ու շունչը՝ «Անմիջական գրականութիւն» յորջորջումի տակ ամփոփուած եւ Բ. Աշխարհամարտէն ետք կազմաւորուած գրական տղոց փաղանգին մէջ:

1976-ին, 50 տարեկանին, լիբանանցի ծանօթ ճարտարագէտ Յովհաննէս Գասարճեանի դուստրին՝ Իվոնի հետ կը կնքէ ամուսնութիւն, ի Փարիզ, շարունակելով աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին, սակայն նուազ թափով: 

1982-ի յունիսին, «ծայրը ծայրին» կ՚անցընէ սրտի առաջին տագնապը՝ լուրջ մտահոգելով զինք եւ բարեկամներու շրջանակը: Այս առնչութեամբ, պատմաբան, արձակագիր եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանին գրած իր մէկ նամակին մէջ ան կը պարզէ դէպքը. «Գիշերային խաղաղութիւնը ճեղքող «ամպիւլանս» մը զիս հիւանդանոց հասցուց… ծայրը ծայրին: Հիմա քանի մը ամիս է գործի եմ արդէն: Անցնող ամիսներուն յաջողեցայ վրայէս թօթուել 10-11 քիլօ: Սանձած եմ նաեւ, Հախվերդեանի բացատրութեամբ, «ուտելու ռընէսանսեան ախորժակ»ս եւ կը փորձեմ օրական քանի մը քիլոմեթր քալել: Տագնապի գիշերուան ցնցումը, ցնցումին յիշատակը, բան մը խախտեցին ներքին խաղաղութենէս…»:

Վեց ամիս ետք՝ 11 յունուար 1983-ին, Մավեանի սրտի երկրորդ ցնցումը կ՚ըլլայ անխուսափելիօրէն մահացու: Կ՚իյնայ կաթուածահար: Իր անկենդան մարմինը կը փոխադրուի Պէյրութ եւ 16 յունուարին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ազգային յուղարկաւորութենէ ետք անոր մարմինը կ՚ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ: 

Վահրամ Մավեանի գրական ոճը՝ անսեթեւեթ ու հեզասահ թաւալումով մը գեղեցիկ արեւմտահայերէնն է, որ կը դիմաւորէ քեզ, գեղարուեստական գնացքի վրայ իրաւ վայելք պարգեւելով ընթերցողին: Ճշմարտութեան հետամուտ իր միտքերը չեն վարանիր տապալել ամէն դաւ ու կեղծիք, ամէն անարդար ու անպարկեշտ երեւոյթ, նաեւ կործանել հետապնդելով բանսարկութեան բաւիղներու մէջ միջակութեամբ սնանող ամէն նախանձի ժահր ու թոյն՝ իր վեհաշուք ու տիրական անհատականութեամբ: Իր հրապարակագրական էջերը ընթերցողին կը խօսին հարազատի մը պէս, սէրով ակաղձուն, անկեղծութեամբ տրոփուն:

Արդարեւ, Արմէն Դարեանի, Լեւոն Վարդանի, Գառնիկ Ադդարեանի, Սարգիս Վահագնի նման գրական տղոց սերնդակիցն է Վահրամ Մավեան, բանաստեղծ ու արձակագիր, որուն մուսաները զինք դարպասել սկսած են 1943-էն՝ հրատարակութեան յանձնելով իր անդրանիկ քերթուածը, «Ալեմշահ» ծածկանունով, Երուսաղէմի ՀԵՄ եռամսեային մէջ. բայց 1946-1956 թուականներուն բեղուն կ՚ըլլայ անոր գրական արգասիքը՝ յատկապէս բանաստեղծութեան սեռին մէջ: 

Մավեանի «Ամէն տեղ հայ կայ-էն ետք»ը կ՚ամփոփէ չորս պատմուածք: Ինքնակենսագրական անաւարտ վէպ մըն է «Հայկական Պաղեստին»ը՝ հատուած առ հատուած լոյս տեսած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ին, Փարիզի «Յառաջ»ին եւ հայրենի «Գարուն» ամսագրին մէջ:

Ամբողջական ՄԱՐԴՆ է Վահրամ Մավեան՝ բառին անխառն առումով, որուն տաղանդին ներսը սիրերգութիւն կը սորսորի Սայեաթ-Նովայէն ու ձուլուիլ կ՚ուզէ Կոմիտասեան երգերու ակունքներուն: 

Դեռ իր ուժերու լիութեան մէջ՝ յաղթահասակ կանգնող շռայլօրէն բաշխող սերմնացանն եղաւ ան: Ահա թէ ինչո՛ւ, իր շիրիմին ամէն առիթով այցի գացող իւրաքանչիւր մտաւորականի կամ համեստ ընթերցողի, բարեկամի, մանաւանդ ամէն մելգոնեանցի աշակերտի ու երախտապարտ հայու, ան իր դամբանի խորէն կը պատգամէ՝

-Պիտի դառնամ մահէս՝ նորէ՛ն յաղթական,
Դէպ՚ Մելգոնեան, Հայու միտքի վառարան:

Այս տարի՝ 2026-ին, Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին, երբ աշխարհացրիւ բազմահազար մելգոնեանցիներ Կիպրոսի, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Աւստրալիոյ, Յունաստանի մէջ եւ այլուր, զանազան միջոցառումներով կը նշեն իրենց կրթական հաստատութեան՝ «Անմար լուսոյ տաճար»ի հիմնադրութեան 100-ամեակը, Վահրամ Մավեանի «Մելգոնեան կրթական հաստատութեան սաներուն» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը՝ որպէս «անմար լուսոյ ճրագ եւ փարոս», կու գանք կրկին հնչեցնել գիր առ գիր.-

Կը մտածեմ ես երբեմն աղջիկներուն ու տղոց՝
Որոնք ճիշդ նոյն յարկին տակ օր մ՚ապրեցան ձեզի պէս:
Անցքերուն մէջ, դաշտերուն ու բակին մէջ միեւնոյն,
Վազվըզեցին, մերթ ինկան, յետոյ ելան ձեզի պէս:

Կը մտածեմ ես հիմա աղջիկներուն ու տղոց՝
Որոնք ձեզի ճիշդ նման եւ քայլերով դողդոջուն, 
Հասակն իրենց դեռատի եւ աչուըներն իրենց բոց,
Բացին լոյսին, գիտութեան այս տաճարին միեւնոյն:

Աղջիկներուն ու տղոց կը մտածեմ տակաւին 
Որոնք օր մը ձեզի պէս ամէն, ամէն իրիկուն,
Յոգնած, ուրախ կամ տխուր հաւաքուեցան նոյն զանգին,
Եւ յանձնեցին կեանքն իրենց «Հրեշտակի մը զուարթուն»:

Հանդիպակաց անտառի նոյն մայրիներն են հիմա,
Որ կը հսկեն՝ լուռ, խոհուն. որոնց խաղաղ հովանին,
Մտերմութեամբ մ՚ընտանի, կը վայելէք արդ, տղա՛ք,
Երբ ուրախ էք, բայց կ՚ըլլաք երբ մանաւա՛նդ առանձին:

Ու ծառուղին միեւնոյն ուր կը ճեմէք դուք այսօր,
Հովին տրուած երգերով, ո՛վ պարմաններ խանդավառ,
Գիտէ՞ք քանի սիրախոց տեսան սիրտեր, թէ աղուոր
Ի՜նչ երազներ առին թեւ՝ եւ վիրաւոր ինկան վար:

Կը մտածեմ տակաւին աղջիկներուն ու տղոց՝
Որոնք ձեր տեղ պիտի գան վաղն՝ երբ մեկնած ըլլաք դուք,
Որոնք դաշտին, անցքերուն ու բակին մէջ միեւնոյն,
Պիտի նորէ՜ն վազվըզեն, իյնան, ելլեն, ինչպէս դուք:

Ճակատներով զարնուած կեանքէն, արդեօք այն ատեն
Պիտի դառնա՞ք դուք ետեւ այս երջանիկ օրերուն,
Երբ լուսէ մեծ համերգին՝ որ պիտի կեանքն ըլլայ ձեր,
Անոնք կազմեն պիտի քաղցըր մեղեդին կապտաւուն:

ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026