ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ՝ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Մարդկային պատմութիւնը շատ քիչ կը փոխուի։ Կը փոխուին հագուստները, քաղաքները, դրամին արժէքը, հաղորդակցութեան միջոցները, բայց կան բաներ, որոնք նոյնը կը մնան։ Օրինակ՝ մրցակցութիւնը, ցուցադրելու մոլուցքը եւ «ուրիշէն աւելի ըլլալու» ցանկութիւնը կը շարունակեն նոյն ուժով ղեկավարել մարդոց որոշումները։ 

Այսօր այդ մրցակցութիւնը կրնայ երեւիլ ընկերային ցանցերու ցուցադրական կեանքին մէջ՝ շքեղ հարսանիքներու, ճոխ խնճոյքներու կամ անիմաստ շռայլութիւններու ձեւով։ Այսօր յաճախ կը մրցին ո՛չ թէ ստեղծելու, այլ երեւալու համար։ Շքեղ հարսանիքներ, չափազանց ծախսատար ծննդեան հանդիսութիւններ, ցուցադրական ճամբորդութիւններ, նոր ինքնաշարժներ, ճոխ տուներ, թանկարժէք իրեր, սրճարաններու եւ ճաշարաններու անընդհատ լուսանկարներ… Ասոնք այլեւս միայն անձնական պահեր չեն. շատ անգամ կը վերածուին ուրիշներուն ցուցադրուելիք տեսարաններու։ Կեանքը, կարծես, երբեմն կը սկսի ապրուիլ ուրիշները տպաւորելու համար։

Ընկերային ցանցերը այս երեւոյթին նոր հարթակը դարձած են։ Հազիւ անցնող քանի մը վայրկեանուան նկար մը կամ տեսանիւթ մը երբեմն ամիսներու ծախսի արդիւնք է։ Շատեր, առանց նկատելու, կը մտնեն անտեսանելի մրցակցութեան մէջ՝ ո՞վ աւելի շքեղ կ՚ապրի, ո՞վ աւելի յաջող կը թուի, ո՞վ աւելի շատ ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Այդ մրցակցութիւնը միշտ չէ, որ իրականութեան արտացոլացումն է, սակայն, ան կը ստեղծէ համեմատութեան, նախանձի եւ անվերջ ինքնահաստատուելու մթնոլորտ։

Սակայն, պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ արտաքին փայլքը կարճատեւ է։ Ցուցադրութիւնը կրնայ պահ մը հիացում պատճառել, բայց չի ստեղծեր մնայուն արժէք։ Ընդհակառակն, երբ ան կը դառնայ կեանքի գլխաւոր նպատակը, շատ յաճախ կը տանի տնտեսական ծանրաբեռնուածութեան, հոգեկան ճնշումներու եւ երբեմն ալ՝ անդառնալի սխալ որոշումներու։

Իսկ անցեալին ցուցադրութիւնը կը չափուէր փուռերով, ջաղացքներով, ոսկիներով, ձիերով եւ խնճոյքներով։

Հայ գրականութեան մէջ գաւառական կեանքին ու պանդխտութեան գեղարուեստական պատկերները նաեւ հաւաքական հոգեբանութիւնը արտացոլացնող խորունկ հայելիներ են։ 

Յակոբ Մնձուրիի «Էմիրկեանի փուռը գնաց» պատմուածքը առաջին հայեացքով գիւղական կեանքի հարուստ նկարագրութիւն մըն է, սակայն, խորքին մէջ ան կը խօսի այն վտանգաւոր պահուն մասին, երբ արժանապատուութիւնը կը շփոթուի սնապարծութեան հետ, իսկ հեղինակութիւնը՝ ուրիշը գերազանցելու մոլուցքով։ Պատմուածքին հերոսներէն մէկը՝ Նահապետեանը խնճոյքը չի կազմակերպեր միայն հիւրընկալ ըլլալու համար. ան կը փորձէ ապացուցել, թէ ինքն ալ կրնայ աւելի մեծ, աւելի հարուստ, աւելի ազդեցիկ երեւիլ։ Այդ տրամաբանութիւնը օտար չէ նաեւ մեր օրերուն։ Այսօր ալ մարդիկ երբեմն տարիներու աշխատանքը կը զոհեն քանի մը ժամուան տպաւորութիւն ստեղծելու համար։

Պատմուածքին ողբերգութիւնը կը սկսի ո՛չ թէ գնդակին արձակուելուն, այլ շատ աւելի առաջ՝ այն պահուն, երբ մրցակցութիւնը կը դառնայ ինքնանպատակ։ Ակնթարթի մը ինքնավստահութիւնը, գինիի թելադրած համարձակութիւնը եւ «ինծի բան չի պատահիր» համոզումը կը քանդեն տարիներու վաստակը։ Պատմութիւն մըն է, որ կը պատմէ, թէ ինչպէս սխալ որոշում մը կրնայ վայրկեաններու ընթացքին ոչնչացնել ամբողջ կեանք մը, ընտանիքի հարստութիւնը եւ մարդու անունը։

Այս իմաստով, պատմուածքը այսօր ալ կը հնչէ իբրեւ զգուշացում. պէտք չէ, որ ցուցադրութիւնը գերազանցէ խոհեմութիւնը, պատիւը վերածուի մրցակցութեան, վերջը գրեթէ միշտ նոյնն է՝ կորստեան գինը շատ աւելի ծանր կ՚ըլլայ, քան պահուան յաղթանակին հաճոյքը։ 

Մնձուրիի լեզուն ինքնին առանձին հերոս մըն է։ Անոր գործածած լեզուն ճոխ է ու հիւթեղ, գեղջկական կեանքին բնական շունչով լեցուն, բայց, միաժամանակ, զարմանալիօրէն երաժշտական ու պատկերաստեղծ։ Բառերը կը կերտեն ամբողջ միջավայր մը, կը վերակենդանացնեն ձայներ, դէմքեր, բոյրեր եւ կենցաղ մը, որ այլեւս պատմութեան մէջ է։ Այդ իսկ պատճառով Մնձուրի կարդալը լեզուական ու մշակութային հարուստ աշխարհ մը վերագտնել է։

ԷՄԻՐԿԵԱՆԻ ՓՈԻՌԸ ԳՆԱՑ

ՅԱԿՈԲ ՄՆՁՈՒՐԻ 

Մեծ գեղի Նահապետեանը իր Անծղկայի այգին խնճոյք մը տուաւ: Անանկ խնճոյք մը տեսած չէր գաւառին այգիները, տրուածները ամէնքն ալ հասարակ կերուխումներ էին: Աղաները կամ երիտասարդները իրենց տարեկիցներով կը հաւաքուէին, որձ ուլեր կամ գառներ կը գնէին, օղի, գինի, ձաւար կամ ուրիշ ինչ որ ուզէին՝ կը տանէին իրենց տուներէն կ՚եփէին հոն, կ՚ուտէին, կը խմէին՝ մինչեւ գինովնային, յետոյ տուն կը դառնային: Այս գինարբուքները, միշտ ալ, Զատիկէն ետքը, գարունները կ՚ըլլային:

Նահապետեանինը՝ ամառուան կիսուն, Վարդավառին ու Աստուածածնին մէջտեղի կիրակին եղաւ: Ինչե՜ր չըրաւ: Ան, ոչ միայն երկու գիւղերուն, գաւառին եօթը գիւղերու իր բարեկամները, ծանօթները հրաւիրեց: Լման թուր մը՝ այսինքն երկու հարիւր յիսուն հաց եփեց ու ղրկեց իր տունէն: Կուժերով օղի, կուժերով գինի, պտուկներով իւղ, պարկով ձաւար գնաց: Իր ոչխարներէն ամենէն պարարտներէն կտրուեցան: Լիճքը ապսպրեց՝ Եփրատի քարայրներու առաջքէն երեք, չորս օխանոց ծածաններ բռնուեցան: Ապուշտայի տղոցը լուր ղրկեց երկու եղնիկ զարկին ու բերին Ապուշտայի Քարերէն:

Ըսին, թէ նախանձը Նահապետեանին ընել տուաւ այս խնճոյքը: Ուզեց Ելպակեանը գերազանցել: Նախանձեցաւ, որ քսան ջորիի բեռներով Ըստանպոլէն հայրենիք եկաւ, այդ գիշեր, մինչեւ առտու, կարաւանին զանգակներուն ճանկըրը… ճանկըրը… ձայները չթողուցին, որ զոյգ գիւղերուն տուները քնանային, տղուն հարսանիքին եօթը օր, եօթը գիշեր գինի հոսեցուց, հարսին ու տղուն պսակի թափօրին վրայ ոսկի տեղացուց: Անոր ըրածը աւելիով ինք չէ՞ր կրնար ընել: Ան եթէ Ելպակեան էր, ինք ալ Նահապետեան էր: Ան եթէ Գարաքէօյի, Ալաճահամամի փուռին ու ջաղացքին տէրն էր, իր Էմիրկեանի փուռն ու ջաղացքը անորինէն ալ անուանի էին: Պողազիչիի երկու ափերուն բոլոր փուռերուն ցորենը ինք կ՚աղար, ալիւրը ինք կը հայթայթէր: Իր կնոջ զարդոսկիները անորինին երկու անգամն էին: Իրենին ճակատը, երկու այտերն ի վար մինչեւ պարանոցը, պարանոցէն վար մինչեւ երկու կուրծքը րուպիէի, մահմուտիէի, ազիզիէի, եօթնաստեղեան հինգըմէկնոց ոսկիներու տարափ մը կ՚իջնար: Շամու գինեգոյն, երկայն էնթարիով: Հալէպու կարմիր մորթէ կօշիկներով, հմայեկաձեւ երկայն թեզանիքներով, որոնք դաստակներէն կը կախուէին, թող ուրիշները ըսէին՝ ո՞րը որմէ կ՚անցնէր, ո՞րը աւելի կը վայլեցնէր, Ելպակեանին Դշխո՞ն, թէ՞ Նահապետեանին Մարօն: Յետոյ՝ ինք անկէ երիտասարդ էր: Գաւառին մէջ, եթէ երկու անուանի ձի հեծնող, նշանառու կային, մէկը ինք էր: Ոտքը ասպանդակին որ դնէր, ձին չէր վազեր, կը թռէին միասին: Էրզրումէն հրացան մը բերած էր, պեռտան մը, վրիպելը չէր եղած, կը զարնէր, ուր դրուած ըլլար նշանը: Երկու գիւղերու ձիարշաւին առաջինը ինք ու իր ձին եղան: Լիճքի Երեւման վանքի ուխտագնացութեան, Բեկցի տղան դիմացը կայնեցուց, ֆէսին նշան առաւ, տղան չգիտցաւ անգամ.

-Կեցցես, Նահապետեան, ձին ալ կը վայլէ քեզի, կնիկն ալ, զէնքն ալ,- ուխտաւորները գոչեցին մէկ բերան:

Խնճոյքին հրաւիրուած եօթը գիւղերու աղաները, ցերեկ չեղած, եկան: Այս եօթը գիւղերը՝ Կասման, Զիմառան, Բինկեանը, Լիճքը, Հասանովան, Թեղուտը, Ապուշտան էին: Շատերը երկայն տալֆէսերով էին, ուրիշներ՝ սպիտակ մետաքսէ փուշիով, արաբական սրմալը ակիլով: Բեկցիներէն զատ, որոնք տաբատ բաճկոնով էին, Նահապետեանէն զատ, որ նոյնպէս տաբատ բաճկոնով ու սպիտակ օսլայուած շապիկով էր, միւս բոլորը գաւառին տարազովն էին, չուխայ սալթա ու շալվարով կամ Ակնցիներուն, Արաբկիրցիներուն պէս սալթայով ու երկայն էնթարիով: Բացի Բեկցիներէ, որոնք հացագործ չէին, սեղանաւոր էին, Հասանովացիները, որոնք չէին պանդխտեր, մեծամասնութիւնը փռապան էր: Ըստանպոլ փուռ կը բանեցնէին: Ասոնք Ըստանպոլ չէին հաստատուեր, չէին ուզեր, տուն մը քանի՞ ոսկի էր, մէկ չէ, տասը տուն կրնային գնել, բայց կը պանդխտէին, ու նորէն երկիր կը վերադառնային, իրենց տեղը իրենց եղբայրը, հայրը, զաւակը դնելով: Հայրենի գիւղը, պապերուն տունը, արտերը, այգիները թողնելով գաղթելը կ՚այպանէին: Անողին հետ յարաբերութիւնները կը դադրեցնէին: Իրարու իրենց մականուններովը կը կանչէին, անուն շատ քիչ կը գործածէին, գաւառին ընդհանրացած սովորութիւնովը:

Խնճոյքը սկսաւ: Կարճ էնթարիներով կապանցի սազանդարները սազերը զարկին, դափ չալողները ընկերացան, երգողները, ձայներնին ձգելով երգեցին: Հայերէն կ՚ըսես, թուրքերէն կ՚ըսես, քրդերէն կ՚ըսես, Ուրֆայի երգեր, Խարբերդի երգեր, Ակնայ երգեր կ՚ըսես: Ղարապուտախի գետը՝ Ղարապուտախի գետ եղեր էր, Եփրատը՝ Եփրատ եղեր էր, Անծըղկայի այգիները՝ այգի եղեր էին, Արմտանցիները, Կասմացին, Զիմառցին, Բեկցին, Լճացին, Հասանովացին, Թեղուտցին, Ապուշտացին այդ հասակը եկեր էին, այդ ջիղերը գինովցնող, մարդը նստած տեղէն մէկէն ոտքի հանող, թեւերը մէկէն վերցնող, մատները մէկէն շաչեցնող, մարդը՝ քերթուած, չափ, յանգ շինող եղանակները, երգերը չէին լսեր, այդ դափերը օդին մէջ նետել, նորէն բռնել-չալելները չէին տեսեր:

Երաժշտութիւնը մարդը կը գինովցնէ՞, ինքզինքէն կը հանէ՞, կը խենթեցնէ՞, ուզածը ընել կուտա՞յ: Կ՚ընէ, կուտայ: Օղի խմեցին, տապկուած ու սխտորով, քացախով համեմուած ձուկեր կերան, եղնիկի միսէն կերան, ու ալ՝ ո՞վ նայեցաւ ուտելուն, խմելուն. պարերը սկսան, թեւանցուկ, թեւերը իրարու ուսի, թեւերը բարձրացած, մատները իրարու ագուցուած, բոլորապարերը կ՚ըսես, ինք իր վրայ դառնալով մենապարերը կ՚ըսես, դէմ դիմաց՝ մէկ մէկ հոգիով պարերը կ՚ըսես, դէմ դիմաց երեքական հոգիով, իրարու մօտենալով, իրարու ծափ զարնելով, նորէն ետ ետ երթալով՝ Թամզարայի պարերը կ՚ըսես, ամէնքը քաշուելով, մինակը մէկ հոգիով, սրունքներու ցնորեցնող արագութիւնով, մինչեւ երկու չէ, մէկ սրունք երեւալով, հարայ-հրոցի պարերը կ՚ըսես, իրարմէ անջատ բոլորակ մը կազմելով, նախ շատ կամաց, շատ յամր, յետոյ հետզհետէ արագանալով, ափերը դէմ դիմաց իրարու զարնելով ու դառնալով, ափերը հետզհետէ կարմրելով, ալ չդիմանալու աստիճանին հասցնելով՝ քաջապարերը կ՚ըսես:

Խնճոյքին երկրորդ մասը՝ ճաշը սկսաւ: Փիլաւ կերան, միսի շերտերով, հալած մեղրի մէջ թաթխուած պիշի կերան, գինի խմեցին, «Կենացդ»ներ տեղացուցին Նահապետեանին, որ այգիներու պահապան Մեվլուտին հետ գետնատարած սեղաններէն մէկէն միւսը կը փութար, կը սպասարկէր իր հրաւիրեալներուն, հակառակ միահամուռ բողոքներուն, որպէսզի նստէր, ծառայութիւնը Մեվլուտին ու երիտասարդներուն թողուր: Գինիին մակընթացութիւնը անդադար բարձրացաւ: Հրացանաձգութիւններն ալ միասին: Եղիակին, Լեղիակին, Պատերուն, Սուլթան Մաղարային, Խարիծակին, Ջերմային քարայրները քարայր ըլլալէն ի վեր այսքան հրացանաձգութիւններ չէին արձագանգեր: Ղարապուտախը ա՛լ չվազեց, Եփրատին միանալու համար: Տեսնուա՞ծ է, որ գետը կենայ: Կեցաւ: Բերդհովիտի, Քաջտանի, Կապանի, Մաշաթի, Իննըսունըիննի լեռները սկսան ելլել ու իջնալ, իջնալ ու ելլել: Լսուա՞ծ է, որ լեռները իջնան ու ելլեն: Իջան ու ելան:

Յանկարծ, Նահապետեանը իր ֆէսը Մեվլուտին գլուխը դրաւ, գետափը տարաւ, մոշիներուն մէջ կայնեցուց, ու ետ դարձաւ, պեռտանին փողը ուղղելով,

-Մեվլուտ, նշան կ՚առնեմ, մէկ գնդակէն ֆէսը պիտի թռցնեմ,- ըսաւ: -Եթէ սիրտդ կը նետէ, կը վախնաս, ըսէ: Չեմ ըներ, չեմ քաշեր բլթակը: Քեզի հինգըմէկնոց մը պարգեւ պիտի տամ:

-Չեմ վախնար, աղա, քաշէ,- պատասխանեց Մեվլուտ:

Աղաները իրար անցան.

-Նահապետեան, խենթեցա՞ր, գինին գլխի՞դ զարկաւ, -գոչեց Արխանեանը, որ իր քենեկալն էր. Զիմառու Պօղոսեանին աղջիկները՝ երկու քոյրեր առած էին, ու Սկիւտարի Շաթըրի, Ենիչէշմէի, Ղըզլարաղասիի, Թէքքէգափուի փուռերուն տէրն էր:

Խելքս գլուխս է, գինով չեմ, Արխանեան, Նահապետեանն եմ, Նահապետենց տղայ եմ, իմ պեռտանս չի սխալիր, Մեվլուտը չպիտի հասկընայ անգամ, - պատասխանեց Նահապետեանը:

Յունապենիներու տակի սեղանէն, Մեվլեվիհանէ-Գաբուսուի փուռին վարպետը՝ Թելեանը, չհամբերեց.

-Տղաք, անոր ըսելուն մի նայիք,- պոռաց, -զէնքին հետ չի խաղցուիր, զէնքը մարդուն թէ՛ բարեկամ է, թէ՛ թշնամի է: Գլխուն ելլելիք մը կայ, զէնքը ձեռքէն առէք:

Հարազատեանը՝ Թօփհանէին, Չեբիճեանը՝ Էսիրպազարիին փուռերուն վարպետները մինչեւ որ ցատկեցին՝ չթողելու, Նահապետեանը բլթակը քաշեց:

Անկէ ետքի մանրամասնութիւնները չպատմեմ: Մեվլուտը ինկաւ աւազներուն վրայ, մոշիներուն մէջ: Ինչպէ՞ս: Չսպասուածը եղաւ: Ալ ո՞վ նայեցաւ խնճոյքին: Հանդերու այգիներէն պահապաններուն բերած ամենէն հասուն ծիրանները, տանձերը, խնձորները, սալորները, բերանդ տանէիր, բերնիդ մէջ կը հալէին, մնացին փռոցներուն վրայ:

Էմիրկեանի փուռը գնաց: Կնոջը՝ Զիմառցիին շիվերուն, ճակատին, պարանոցին րուպիէները, գրամիցները, հինգըմէկնոց ոսկիներն ալ գացին: Նորէն ալ պարտական մնացին Ակին Ժամկոչեանին, Տիվրիկցի Հայրանեանին: Նահապետեանը ազատ արձակուեցաւ, բանտը չպառկեցաւ:

Այդ փուռին, ջաղացքին տեղն ալ յայտնի չէ հիմա: Ուր է հիմա թէյ խմելու կ՚երթանք Էմիրկեան, թէյարանէն խել մը վեր էր, խել մը ըսածս շատ ալ վեր չէր, բայց բուն տեղը, ճիշդ ո՛ւր ըլլալը ես ալ կը շփոթեմ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2026