ԵՐԲ ԽԵԼԱՑԻ ՏՈՒՆԸ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԽԵԼԱՑԻ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ. ՔԱՍԱՆՏՐԱ
Թեքնոլոժիի զարգացումով մարդիկ կը խորհին մարդկային գիտակցութիւնը, յիշողութիւնները եւ զգացումները փոխանցել մարդամեքենաներու վրայ եւ այս գաղափարը սկսած է հետզհետէ աւելի իրական թուիլ։ «Netflix»ի մէջ թողարկուած եւ շատերու ուշադրութիւնը գրաւած «Քասանտրա» անուն հեռուստաշարը դիտելու ժամանակ մարդ կը մտածէ, որ սա այլեւս պարզապէս երազանք մը չէ, այլ՝ իրականութիւն։
Հեռուստաշարի մէջ գիտնական մը իր մահամերձ կնոջ գիտակցութիւնը խելացի տան համակարգի մը փոխանցելով կ՚ուզէ փրկել անոր կեանքը։ Սակայն, երբ ան վերածուած է մարդամեքենայի, չէ կրցած ո՛չ մարդկային գիտակցութեան նման մտածել, ո՛չ ալ առողջ կերպով կառավարել զգացումները։ Կը կարծեմ՝ սա է, որ հեռուստաշարը կը դարձնէ իրատեսական: Թէեւ որպէս մարդ թերութիւններ ունինք, բայց, իրականութեան մէջ կատարեալ ստեղծուած ենք: Մեր սիրելիներուն հետ շփուիլը, հոտուըտալը, ուտելը, ծիծաղիլը, խնդալը, լալը իսկապէս մեծ օրհնութիւններ են: Օրինակ՝ երբ «Քասանտրա»ն փոխանցումէն անմիջապէս յետոյ արթնցաւ որպէս մարդամեքենայ, ան իր ամուսնոյն հարցուց. «Ինչո՞ւ դէմքիս վրայ յիմար ժպիտ մը կայ: Իրականութեան մէջ շատ յոգնած կը զգամ»։
Այս արտադրութիւնը ո՛չ միայն իր լարուածութեամբ, այլեւ իր ուժեղ նիւթերով դիտողը կը մղէ խոր հարցականի: «Քասանտրա»ն իրականութեան մէջ կը ներկայացնէ նաեւ հոգեբանական պատերազմ եւ կ՚ուսումնասիրուի մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ուժի տինամիքը եւ յատկապէս՝ արական եսասիրութեան կործանարար հետեւանքները:
Սամիրա եւ Տէյվիտ իրենց երեխաներու հետ կը փոխադրուին նոր տուն մը, որ ունի առանձնայատկութիւն։ Ան խելացի տուն մըն է, որ տարիներ առաջ կառուցուած է: Ի հարկէ, անոնք վերոնշեալ տունը փոխադրուելու համար պատճառ մը ունին. նոր էջ մը բանալ իրենց կեանքին մէջ։ Բայց, ամէն ինչ իրենց մտածածին նման չ՚ընթանար։ Սկիզբին ամէն ինչ լաւ է, աւելի վերջ անոնք կը ծանօթանան «Քասանտրա»յի միւս երեսակին հետ։ Թէեւ «Քասանտրա» նախ հիանալի ժամանակ կ՚անցընէ երեխաներու հետ, բայց յետագային ցոյց կու տայ իր իրական դէմքը։ Սա ո՛չ միայն կասկածի տակ կը դնէ ընտանիքը, այլեւ մեզ՝ դիտողներս առանձին կը թողէ ապագային արհեստական բանականութեան հաւանական վնասներուն նման հարցերու հետ։
Հեռուստաշարի ամենացնցող կողմը այն է, որ տղամարդ կերպարները կը գործեն իրենց սեփական շահերուն համապատասխան՝ գիտակցաբար, թէ անգիտակցաբար: Անոնք կը ձեւաւորեն կին կերպարներու կեանքը՝ առաջին դիրքին պահելով սեփական վախերը, ցանկութիւններն ու նպատակները։ Կիներու ընտրութիւնը, ազատութիւնը եւ նոյնիսկ գոյատեւելու բախտը վտանգուած են նոյնքան, որքան զիրենք շրջապատող տղամարդոց խիղճը: Դաւաճանութիւն, ուժի թունաւորում... իւրաքանչիւրը շերտ մը աւելի կը խորացնէ հերոսներու ներաշխարհին մէջ եսասիրութիւնն ու իշխանութեան կամքը։
Պատմութեան կեդրոնին դնելով տղամարդու եսասիրութիւնը եւ կին կերպարի այս համակարգէ ներս բանտարկուիլը՝ դիտողը կը ստիպէ անհանգիստ զգալ։ Խնդիրը այստեղ միայն կերպարի վատ մտադրութիւնները չեն, այլեւ այս համակարգը ի՛նչ գինով ստեղծուած է։
Երբ կը հասնինք եզրափակիչ փուլ, հարցում մը կը զբաղեցնէ մեր միտքը՝ իսկապէս ընտրութիւնները մե՞րն են, թէ մենք նոյնպէս անտեսանելի խաղի մը մէջ ենք։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ