ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՅ, ՄԻՆՉ ԱՅԴ ՄԱՐԴԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ
Արհեստական բանականութիւնը մեր ժամանակներու ամենաարագ զարգացող երեւոյթներէն մէկն է։ Ան արդէն մուտք գործած է մեր առօրեային՝ հեռաձայններէն մինչեւ աշխատանքային ծրագիրներ, բժշկութենէն մինչեւ կրթութիւն։ Շատեր այս զարգացումը կը դիտեն որպէս մարդկային յառաջդիմութեան նոր հանգրուան մը, ուր համակարգիչները կրնան աւելի արագ հաշուել, աւելի ճիշդ վերլուծել եւ երբեմն նոյնիսկ ստեղծագործ աշխատանք կատարել։ Սակայն, իւրաքանչիւր մեծ շահի կողքին կայ նաեւ կորուստի վտանգ մը։ Մինչ արհեստական բանականութիւնը կը զարգանայ, կ՚արժէ հարցնել. ի՞նչ կը կորսնցնէ մարդկութիւնը։
Առաջին հերթին վտանգուած է մտածելու սովորութիւնը։ Երբ ամէն հարցումի պատասխանը կարելի է վայրկեաններու ընթացքին ստանալ, մարդը քիչ-քիչ կը դադրի ինքնուրոյն մտածելէ։ Նախապէս մարդը ստիպուած էր երկար կարդալ, ուսումնասիրել, սխալիլ եւ փորձառութեամբ սորվիլ։ Այսօր շատեր պատրաստ պատասխաններ կը փնտռեն՝ առանց հարցը խորապէս հասկնալու։ Գիտելիքը դանդաղօրէն կրնայ վերածուիլ տեղեկութեան, իսկ իմաստութիւնը՝ արագ սպառուող արտադրանքի։
Միւս կորուստը յիշողութիւնն է։ Մարդկային միտքը հազարաւոր տարիներ զարգացած է յիշելու, պահպանելու եւ գիտելիք վերարտադրելու համար։ Այսօր, սակայն, հեռաձայնները, ամպային համակարգերը եւ արհեստական բանականութիւնը կը յիշեն մեր փոխարէն։ Հեռաձայններու թիւերէն մինչեւ կարեւոր թուականներ այլեւս մեր յիշողութեան մէջ չեն ապրիր։ Մենք աւելի շատ կը վստահինք մեքենաներուն, քան մեր սեփական մտքին։ Թէեւ այս մէկը դիւրութիւն կը ստեղծէ, սակայն, ժամանակ մը վերջ կրնայ տկարացնել մտային կարողութիւններու որոշ կողմերը։
Արհեստական բանականութեան զարգացումը նաեւ մարդկային ստեղծագործութեան առջեւ նոր հարցադրումներ կը դնէ։ Երբ մեքենաները կրնան նկարել կամ երաժշտութիւն յօրինել, շատեր կը սկսին հարցնել, թէ ստեղծագործութեան իսկական արժէքը ո՞ւր կը գտնուի։ Ստեղծագործութիւնը միայն արդիւնք չէ. ան նաեւ ներքին պայքար մըն է, փորձառութիւն մը, կասկածներու եւ զգացումներու ճամբորդութիւն մը։ Մեքենան կրնայ ընդօրինակել ձեւը, բայց, դժուար է պատկերացնել, թէ ան կրնայ ապրիլ այն ցաւը, ուրախութիւնը կամ կարօտը, որոնք մարդիկը ստեղծագործելու կը մղեն։
Արհեստական բանականութեան զարգացումը մարդկային յարաբերութիւններն ալ փոփոխութեան կ՚ենթարկէ։ Այսօր շատեր աւելի երկար ժամանակ կը խօսին մեքենաներու հետ, քան իրական մարդոց։ Թուային հաղորդակցութիւնը յաճախ կը փոխարինէ դէմ առ դէմ զրոյցները։ Արդիւնքին՝ լսելու, հասկնալու եւ դիմացինին զգացումները բաժնելու կարողութիւնը կրնայ նուազիլ։ Մարդկային կապերը միայն տեղեկութիւն փոխանակել չեն նշանակեր. անոնք ներկայութիւն են, լռութիւն են, հայեացք են եւ երբեմն՝ բառերէն աւելի խոր զգացումներու փոխանցում։
Կայ նաեւ աշխատանքի հարցը։ Արհեստական բանականութիւնը բազում գործի ճիւղեր կրնայ աւելի արագ եւ աւելի աժան կատարել։ Անշուշտ, այս մէկը որոշ ոլորտներու մէջ արտադրողականութիւնը կը բարձրացնէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ աշխատողներու ապագային շուրջ անորոշութիւն կը ստեղծէ։ Մարդը ո՛չ միայն ապրուստի համար կ՚աշխատի, այլեւ ինքնութիւնը, արժէքն ու օգտակարութեան զգացումը աշխատանքին մէջ կը գտնէ։ Երբ մեքենաները սկսին փոխարինել մարդիկը, հասարակութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ վերանայիլ աշխատանքի իմաստը։
Սակայն թերեւս ամենամեծ կորուստը լռութեան եւ խորհրդածութեան կարողութիւնն է։ Ժամանակակից աշխարհը արդէն իսկ արագ էր, իսկ արհեստական բանականութիւնը այդ արագութիւնը բազմապատկեց։ Ամէն ինչ պիտի ըլլայ աւելի շուտ, աւելի արագ եւ աւելի անմիջական։ Բայց մարդու հոգին այդպիսի մշտական արագութեան համար ստեղծուած չէ։ Երբ մարդը այլեւս ժամանակ չտրամադրէ խորհելու, սպասելու եւ ներաշխարհին հետ մնալու, ան կրնայ աստիճանաբար հեռանալ ինքն իրմէ։
Սակայն, հարցը արհեստական բանականութեան զարգացումը դադրեցնելը չէ։ Այդ մէկը ո՛չ իրատեսական է, ո՛չ ալ անհրաժեշտ։ Իրական հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս պէտք է պահպանել մարդկային արժէքները այս նոր իրականութեան մէջ։ Մեքենաները կրնան արագացնել մեր աշխատանքը, բայց պէտք չէ փոխարինեն մեր դատողութիւնը։ Անոնք կրնան օգնել ստեղծագործութեան, սակայն, պէտք չէ խլեն երեւակայութիւնը։ Անոնք կրնան դիւրացնել հաղորդակցութիւնը, սակայն, պէտք չէ նուազեցնեն մարդկային մերձաւորութիւնը։
Արհեստական բանականութեան դարաշրջանին ամենամեծ մարտահրաւէրը թերեւս թեքնոլոժիք չէ, այլ մարդկային է։ Մեր ապագան կախեալ պիտի չըլլայ միայն այն բանէն, թէ որքան խելացի պիտի դառնան մեքենաները, այլ այն բանէն, թէ որքան մարդկային պիտի մնանք մենք։ Եթէ կարողանանք պահպանել մտածելու, զգալու, ստեղծագործելու եւ սիրելու մեր կարողութիւնը, ապա արհեստական բանականութիւնը կրնայ դառնալ հզօր գործիք մը։ Իսկ եթէ կորսնցնենք այս արժէքները, ապա նոյնիսկ ամենազարգացած մեքենաները չեն կրնար լրացնել այն դատարկութիւնը, որ կը ստեղծուի մարդկային էութեան կորուստէն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ