ՓԱՐԻԶԻ «ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ» ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԻ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՏԱՍՆԵԱԿ ԳԱՆՁԵՐ ՀԱՍԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Շուրջ 95 տարի շարունակ, Փարիզի «Սամուէլեան Արեւելեան գրախանութը» (Librairie Orientale Hrant Samuelian) եղած է Փարիզի մէջ հայ մշակոյթի անփոխարինելի կեդրոն ու մտաւորականութեան ժամադրավայր։ 

Հիմնադրուած 1930 թուականին՝ լրագրող եւ արեւելագէտ Հրանդ Սամուէլեանի կողմէ, այս հաստատութիւնը իր հիմնաքարը դրած է պոլսահայ նշանաւոր գրավաճառ Պալենցի հաւաքածոյով։ 

1977 թուականին հիմնադրի մահէն ետք, գործը շարունակած են անոր զաւակները՝ Արմէն Սամուէլեանն ու Ալիս Ասլանեանը, սակայն, 2016 թուականին գրախանութի դռները փակուած են, իսկ 2025 թուականի յունիսի 11-ին, ժառանգորդները աճուրդի հանած են հոն պահուող գիրքերը, ձեռագիրները։ 

Աճուրդի պահը օրհասական էր։ Վաճառքի դրուած էին հայ միջնադարեան մշակոյթի, ծիսական կեանքի եւ ժողովրդական բժշկութեան բացառիկ վկայութիւններ։ 

Այս ճակատագրական պահուն, «Wilco» ունեցուածքի կառավարման ընկերութիւնը, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ 2002 թուականէն ի վեր, յաջողած է ձեռք բերել 17-19-րդ դարերու 13 տպագիր գիրք եւ 5 բացառիկ ձեռագիր եւ զանոնք յանձնել «Կերոն» զարգացման հիմնադրամին, որպէս վստահելի կառոյցի մը, որ իր հիմնական առաքելութեան զուգահեռ կը ձեռնարկէ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ հանրահռչակման նախաձեռնութիւններ։ 

Յիշեցնենք, որ այս տարուան ամրան երեք հնատիպ գիրքեր ալ փրկուած էին «Սամուէլեան» գրախանութի հռչակաւոր հաւաքածոյէն։ Այդ ժամանակ Կարապետ Եսայեանի ընտանիքը, մասնակցելով Փարիզի աճուրդին, ձեռք բերած էր այդ արժէքաւոր նմոյշները եւ զանոնք նուիրաբերած՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին։ 

Իսկ «Wilco» ընկերութեան կողմէ «Կերոն» հիմնադրամին փոխանցուած հաւաքածոյի մէջ կը փայլին հետեւեալ թանկարժէք նմոյշները.

- «Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք Հայոց եւ Վենետաց ի ԺԳ-Դ եւ ի ԺԵ-Զ դարս», Ղեւոնդ Ալիշան, 1896թ․, Վենետիկ, Սուրբ Ղազար

- «Պատմութիւն հայոց գաղթականութեան եւ շինութեան եկեղեցւոյ նոցա ի Լիվոռնոյ քաղաքի», Մեսրոպ Վարդապետ Ուղուրլեան, 1891թ․, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան

- «Մխիթարայ Գօշի «Դատաստանագիրք Հայոց», Հայր Վահան վարդապետ Բաստամեանց, 1880թ․, Վաղարշապատ

- «Աստուածաշունչ», 1733թ․, Վենետիկ, Անթոնի Պոռթոլիի տպարան

- «Աստուածաշունչ», 1733թ․, Վենետիկ, Անթոնի Պոռթոլիի տպարան

- «Նարեկ. Գիրք Աղօթից» Գրիգոր Նարեկացի, 1782 թ․, Պոլիս, «Յովհաննէս եւ Պօղոս» տպարան

- «Նարեկ. Գիրք Աղօթից» Գրիգոր Նարեկացի, 1829 թ․, Պոլիս, «Արապեան» տպարան

- «Տօնացոյց» 1782 թ․, Վենետիկ Դեմետրիոս Թէոդոսիուի տպարան

- «Աւետարան» 1805 թ․, Պոլիս, «Արապեան» տպարան

- «Ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան», Մինաս Բժշկեանց, 1830թ․, Վենետիկ, Սուրբ Ղազար

- «Հայք յԵղիսաբեթուպոլիս Դրանսիլուանիոյ․ Այս գաղթականութեան պատմութիւնը 1680-1779» , Հ. Գրիգոր Վ. Գովրիկեան, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1893 թ.

- «Հայք յԵղիսաբեթուպոլիս Դրանսիլուանիոյ․ Այս գաղթականութեան պատմութիւնը սկզբանէ մինչեւ մեր ժամանակը 1780-1825», Հ. Գրիգոր Վ. Գովրիկեան, 1899 թ․, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան

- «Հայք Յեղիսաբեթուպոլիս Դրանսիլուանիոյ. Այս քաղքին պատմութիւնն 1826-1904», Հ. Գրիգոր Վ. Գովրիկեան, 1904թ․, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան

- Մաշտոց, 18-19-րդ դդ. ձեռագրեր

- Մաշտոց, 19-րդ դ. ձեռագրեր

- Ժողովածու, 1672-1676 թթ., 19-րդ դ. ձեռագրեր

- Հեքիմարան, 17-18-րդ դդ. ձեռագրեր

- Գիրք հեքիմարան եւ պիտանի ամենայն ցաւոց, 1798 թ. Ձեռագրեր

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ՝ ՅԱՆՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ

«Wilco» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Իրինա Պելիշեւա այս հաւաքածոյի ձեռքբերման առիթով յայտարարած է․ 

«Այս ձեռքբերումն ու վերադարձը՝ հայկական միջավայր, ներդրում մըն է ապագայ սերունդներուն համար։ Երկրի զարգացումը միայն տնտեսութեամբ չէ, այլեւ մտաւոր ժառանգութեան պահպանմամբ»։

«Կերոն» հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, որ իւրաքանչիւր նուիրաբերուած նմոյշ, անկախ իր բովանդակութենէն, ստեղծման վայրէն եւ ժամանակէն, ունի առանձնակի կարեւորութիւն։ Վերը յիշուած ձեռագիրներէն երկուքը ծիսարաններ են, որոնք գործածուած են եկեղեցիներու մէջ՝ զանազան արարողութիւններու ընթացքին։ Իբրեւ ծիսարաններ՝ «Մաշտոց»ները լաւագոյնս կ՚արտայայտեն թէ՛ ծէսի բովանդակութիւնը, թէ՛ ժամանակի ընթացքին անոր մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, որոնք զգալի չափով տեղի ունեցած են այլ եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու ազդեցութեամբ։ Այս իմաստով «Մաշտոց» ձեռագիրները կարեւոր աղբիւրներ են ո՛չ միայն եկեղեցական ծէսի եւ ծիսական կեանքի, այլեւ միջեկեղեցական եւ ներեկեղեցական բազմաշերտ յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան համար։ 

Հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ ձեռք բերուած ձեռագիրներէն յատկապէս մեծ արժէք կը ներկայացնեն հեքիմարանները, որոնք ժողովրդական բժշկութեան աղբիւրներ են։ Այս ձեռագիրները, որպէս կանոն, եզակի են, որովհետեւ իւրաքանչիւր բժիշկ ի՛նք կազմած է իր մատեանը։ Իւրաքանչիւր միաւոր ունի իր յատուկ տեղը միջնադարեան բժշկութեան տեսանկիւնէն։ Հեքիմարանները անփոխարինելի նշանակութիւն ունին ժողովրդական մշակոյթի եւ անոր զանազան դրսեւորումներու տեսակէտէ, օրինակ՝ առօրեայ կեանքի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար, ինչ որ միջազգային կարեւորութիւն ունեցող եւ խիստ արդիական թեմաթիք ուղղութիւն մըն է մարդաբանական գիտութիւններու ոլորտին մէջ։

Այսպիսով, «Սամուէլեան» գրախանութի վտանգուած դարակներէն դէպի յաւերժութիւն ճամբայ ելած այս գանձերը այլեւս ապահով ձեռքերու մէջ են՝ պատրաստ անգամ մը եւս պատմելու հայոց հարուստ ու բազմաշերտ մշակոյթի պատմութիւնը։

«ԿԵՐՈՆ» ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ

Այս օրերուն «Կերոն» զարգացման հիմնադրամը Հայաստանի մէջ կը տօնէ իր հիմնադրման երկամեակը։ Մինչ այդ հիմնադրամը Երեւանի մէջ բացաւ «Վերնատուն» ակումբը՝ պատմական «Վերնատուն»ի ոգիով եւ նոր ժամանակներու հրամայականով։

«Վերնատուն»ը հայկական մտաւորական ակումբներու աւանդութեան ժամանակակից վերաիմաստաւորումն է․ զայն փակ, միայն անդամներուն համար նախատեսուած ակումբային միջավայր մըն է, ուր կը հանդիպին զանազան բնագաւառներու ներկայացուցիչներ՝ ձեւաւորելու իրական նշանակութիւն ունեցող գաղափարներ։

Նախագիծին գաղափարական հիմքը կը կազմեն հայ եւ միջազգային ակումբային մշակոյթի պատմական օրինակները։

Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ 1899 թուականին գրող Յովհաննէս Թումանեան Թիֆլիզի մէջ իր տան վերնահարկին մէջ հիմնած է «Վերնատուն»ը՝ գրական ակումբ մը, որ յետոյ պիտի դառնար հայ մտաւորական կեանքի խորհրդանիշներէն մէկը։ Հոն կը հաւաքուէին ժամանակի մեծերը՝ գաղափարներու փոխանակման, ընթերցումի եւ զրոյցներու համար՝ հայրենիքի, արուեստի եւ գրականութեան շուրջ։ «Վերնատուն»ի հիմնադիր անդամներն էին՝ Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Լեւոն Շանթ, Դերենիկ Դեմիրճեան եւ Ղազարոս Աղայեան։ Անոնց հանդիպումները կանոնաւոր բնոյթ կը կրէին՝ միտքեր փոխանակելու, ստեղծագործելու եւ ամբողջ մշակութային դարաշրջան մը կերտելու համար։

«Կերոն» զարգացման հիմնադրամը կը յիշեցնէ նաեւ, թէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան կառուցուած Աֆրիկեան եղբայրներու ակումբը՝ Տէրեան 11 հասցէին վրայ, նոյնպէս կարեւոր հարթակ մըն էր քաղաքային մտաւոր եւ հասարակական կեանքին մէջ։ Այստեղ քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ գործարարներ կը քննարկէին ժամանակի արդիական հարցերը՝ ձեւաւորելով հասարակական միտքը եւ քաղաքային մշակոյթը։

Խորհրդային տարիներուն նմանատիպ հաւաքներու աւանդութիւնը շարունակուած է այլ ձեւաչափով։ Հասարակական-քաղաքական գործունէութեան սահմանափակումներու պայմաններուն տակ, երիտասարդ մտաւորականներ՝ յատկապէս մաթեմատիկոսներ, կը փնտռէին ազգային համախմբման ուղիներ։ Այս ընթացքին ամենանշանաւոր դրսեւորումներէն մէկը եղան 1979-1981 թուականներուն Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած մտաւորականներու տարեկան հաւաքները, ուր համախմբուած էին ժամանակի առաջատար մշակութային, գիտական եւ հոգեւոր դէմքերը։ Անոնց շարքին կը գտնուէին բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան, քանդակագործներ Արա Շիրազ եւ Երուանդ Քոչար, մաթեմատիկոս Սերկէյ Մերգելեան, ճարտարապետ Արմէն Զարեան, գրող Սերօ Խանզատեան, ազգագրագէտ Հայրիկ Մուրատեան, մանկական արուեստի թանգարանի հիմնադիր տնօրէն Հենրիկ Իգիթեան, ինչպէս նաեւ մեծանուն երգչուհի Լուսինէ Զաքարեան եւ ուրիշներ։

Եւրոպական սալոնային մշակոյթը եւս կը հանդիսանայ կարեւոր նախադէպ մը․ փակ ձեւաչափով հանդիպումներու ժամանակ կը քննարկուէին արուեստի, փիլիսոփայութեան, քաղաքականութեան եւ հասարակական կեանքի հիմնարար հարցերը։

«Կերոն»էն կը տեղեկացնեն, թէ այսօր նոյն ոգին վերածնած է հիմնադրամի հիմնած «Վերնատան» միջոցով։ Զայն այժմ միաւորած է մարդկանց, որոնք կը հաւատան երկխօսութեան ուժին, ընդհանուր արժէքներուն եւ նպատակային գործողութեան։

Նախաձեռնողները կը նշեն, թէ «Վերնատուն»ը կը ձգտի ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր մարդիկ կը միաւորուին ո՛չ թէ իրենց կոչումներով, այլ՝ իրենց արժէքներով, տեսլականով եւ ներդրումով։ Իւրաքանչիւր հանդիպում կը դիտարկուի որպէս նոր գաղափարի, նախաձեռնութեան կամ համագործակցութեան սկիզբ։

Նոր ժամանակներու «Վերնատուն»ը տեղակայուած է Երեւանի պատմական շէնքերէն մէկուն մէջ՝ Փուշկինի 38 հասցէին վրայ գտնուող Աֆրիկեաններու առանձնատան երկրորդ յարկին։ Շէնքը կառուցուած է 1902 թուականին (ճարտարապետ՝ Վասիլի Միրզոյեան) եւ ընդգրկուած է Երեւանի պատմամշակութային յուշարձաններու ցանկին մէջ։ Առանձնայատուկ արժէք կը ներկայացնեն պահպանուած որմնանկարներով առաստաղները եւ սալիկապատ բուխարիկները, որոնք այժմ նոր շունչ կը ստանան՝ մեծ խնամքով իրականացուող վերականգնման աշխատանքներու շնորհիւ։

«Վերնատուն»ի նախաբացման երեկոյին հնչած է երաժշտահան, «Վերնատուն»ի պատուաւոր դեսպան Տիգրան Մանսուրեանի հեղինակած «Վերնատուն» ստեղծագործութիւնը եւ զայն հռչակուած է որպէս «Վերնատուն»ի օրհներգ։ Մանսուրեանը ստեղծագործութիւնը եւ անոր ձեռագիրը նուիրուած է «Վերնատուն»ին։ 

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով՝ «Վերնատուն» ակումբի հիմնադիրները կը նշեն, թէ զայն այժմ փակ համայնք մըն է, որուն գործունէութիւնը հասանելի է տարեկան անդամակցութեան միջոցով։ Օրակարգը ձեւաւորուած է յատուկ միջոցառումներու, մտերմիկ հանդիպումներու եւ անդամներու նախաձեռնած ծրագիրներու շուրջ։

Ֆիզիքական հանդիպումներուն կողքին նախատեսուած են նաեւ առցանց ձեւաչափեր, որոնք կապ կը ստեղծեն «Վերնատուն»ի աշխարհասփիւռ անդամներուն հետ՝ շարունակելով մտաւոր եւ մշակութային հաղորդակցութեան դաշտը։

ՎԱՆԱՆԷ ԱՐԱՐՔՑԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ԻՍԿԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳ ԷԻՆՔ
ԱՅՍ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳՐՈՎ»

Այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցանք «Կերոն» հիմնադրամի գործադիր տնօրէնուհի Վանանէ Արարքցեանին հետ, զոր կը հրատարակենք ստորեւ։

*

-Ինչպէ՞ս «Կերոն» հիմնադրամը պիտի տնօրինէ իրեն փոխանցուած հազուագիւտ ձեռագիրներն ու գիրքերը։

-Գիտնալով «Սամուէլեան» գրախանութի աճուրդին մասին եւ լիովին գիտակցելով այնտեղ պահուող հաւաքածոյին բացառիկ արժէքը հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան համար՝ մենք իսկապէս մտահոգ էինք այդ ժառանգութեան ճակատագրով։ 

Մեզի համար մեծ ուրախութիւն էր այն, որ «Wilco» ընկերութիւնը յաջողեցաւ ձեռք բերել այդ նմոյշներուն մէկ մասը եւ զանոնք փոխանցել «Կերոն» զարգացման հիմնադրամին։

Մենք այս ձեռագիրներուն եւ գիրքերուն կը վերաբերինք որպէս մշակութային ժառանգութեան կարեւոր կրողներ եւ ամբողջ պատասխանատուութեամբ կը մօտենանք անոնց պահպանման եւ հանրահռչակման։

Այս պահուն նմոյշներուն մէկ մասը արդէն Հայաստանի մէջ է, միւս մասը՝ տակաւին ճանապարհին է։ 

Մեր առաջնային քայլը անոնց պահպանութեան եւ վերականգնման գործընթացին կազմակերպումն է՝ համապատասխան մասնագիտական չափանիշներով։

Յաջորդ փուլին, համագործակցելով ոլորտի առաջատար կառոյցներու եւ մասնագէտներու հետ, պիտի ձեւաւորենք անոնց պահպանման, ուսումնասիրման եւ տնօրինման առաւել արդիւնաւէտ ձեւաչափը։ 

-Եթէ անոնք պիտի պահուին յատուկ վայրի մը մէջ (եւ պիտի չյանձնուին Մատենադարանին, Ազգային գրադարանին կամ այլ պետական կառոյցներու), արդեօք հասանելի՞ պիտի ըլլան հետազօտողներուն։ 

-Անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛ւր եւ ի՛նչ ձեւաչափով պիտի պահուին այս նմոյշները, մեզի համար սկզբունքային է, որ անոնք հասանելի ըլլան թէ՛ հանրութեան, թէ՛ մասնագիտական համայնքին։ Մեր մօտեցումը այն է, որ այս ժառանգութիւնը պէտք է ո՛չ միայն պահպանուի, այլ նաեւ ապրի՝ դառնալով ուսումնասիրութեան, հետազօտութեան եւ նոր գիտելիքի ստեղծման հիմք։

-Կա՞յ արդէն համագործակցութիւն մասնագէտներու հետ՝ գիրքերուն եւ ձեռագիրներուն մատենագիտական նկարագրութիւնները կատարելու եւ զանոնք գնահատելու պատմական, մշակութային եւ այլ տեսակէտներէ։

-Այո՛, գործընթացը արդէն մեկնարկած է։ Ձեռագիրները ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան «Մշակութային արժէքներու փորձագիտական կեդրոն» պետական ոչ-առեւտրային կազմակերպութեան եւ անցած են համապատասխան փորձաքննութենէ։ Փորձագիտական եզրակացութեան համաձայն՝ բոլոր նմոյշները ունին մատենագիտական նշանակութիւն եւ ճանչցուած են որպէս մշակութային արժէք։

Աճուրդի յայտարարութեան ժամանակ ալ մենք կապի մէջ էինք ոլորտի մասնագէտներու, այդ կարգին՝ Մատենադարանի ներկայացուցիչներուն հետ՝ հասկնալու հաւաքածոյին բնոյթն ու արժէքը եւ այդ ժամանակ ալ հաստատուած էր, որ այս գիրքերն ու ձեռագիրները բացառիկ արժէք ունին։ 

-Ծրագիրներ կա՞ն զանոնք թուայնացնելու։

-Մենք կը դիտարկենք այս հաւաքածոն ո՛չ միայն որպէս պահպանման ենթակայ արժէք, այլ նաեւ որպէս գիտելիքի աղբիւր, որ պէտք է հասանելի ըլլայ աւելի լայն լսարանի՝ ներառեալ նաեւ միջազգային մակարդակով։ Ապագային պիտի դիտարկենք թուայնացման կարելիութիւնը։

-Տեղեա՞կ էք, թէ «Սամուէլեան»ի՝ աճուրդի դրուած միւս գիրքերը ի՞նչ ճակատագիր ունեցած են։

-Ցաւօք, աճուրդին ներկայացուած միւս նմոյշներուն յետագայ ճակատագրին վերաբերեալ տեղեկութիւն չունինք։ Այնուամենայնիւ, մեզի յայտնի է, որ հաւաքածոն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է միջազգային մակարդակով, եւ բազմաթիւ նմոյշներ վաճառուած են նախնական գնահատականներէն զգալիօրէն աւելի բարձր՝ երբեմն քառապատիկ կամ հնգապատիկ արժէքով։ Կը յուսանք, որ անոնք նոյնպէս յայտնուած են, թէպէտ մասնաւոր, բայց պատասխանատու եւ վստահելի ձեռքերու մէջ, ուր պիտի ապահովուի անոնց պատշաճ պահպանումը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2026