ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԻՄԱՍՏԸ, ՄԵՔԱՆԻԶՄՆԵՐԸ ԵՒ ԿԻՐԱՌՈՒՄՆԵՐԸ
Մարդ արարածը, բացի կենսաբանական ու ֆիզիքական բաղադրիչներէն, ունի նաեւ հոգեկան խորութիւն մը՝ հոգեբանութիւնը, որ գիտութիւն մըն է եւ կը հետազօտէ մարդուն ներքին աշխարհը, մտածումները, զգացումները եւ վարքագիծը։ Ան նաեւ փորձառութեանց եւ միջավայրին հետ փոխազդեցութեան գործընթացն է։ Արդարեւ, մարդկային հոգեբանութիւնը հասկնալը կարեւոր է ո՛չ միայն անհատի, այլեւ հասարակութեան զարգացման համար։
Հոգեբանութիւնը՝ իբրեւ առանձին գիտական ճիւղ սկսած է զարգանալ 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ Մինչ այդ՝ հոգեկան երեւոյթները աւելի յաճախ ուսումնասիրուած էին փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան սահմաններուն մէջ։
Մարդկային հոգեբանութիւնը ո՛չ միայն սոսկ գիտական ճիւղ մըն է, այլ մարդասիրական գործունէութիւն մը՝ ուղղուած անհատի եւ մարդկային հասարակութեան առողջացման ու կատարելագործման։ Մարդը պէտք է ինքզինք ճանչնայ՝ որպէս մտածող, զգացող եւ անընդհատ զարգացող էակ մը։ Այս ճանաչողութիւնը կը սկսի ներսէն՝ ինքնաքննութեամբ եւ գիտակցմամբ։ Իսկ հոգեբանութիւնը կու տայ այդ ճամբան՝ լուսաւոր ու բազմաբնոյթ։
ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԲԱԺԻՆՆԵՐԸ
- Ճանաչողական հոգեբանութիւն (Cognitive Psychology).
Ճանաչողական հոգեբանութիւնը կ՚ուսումնասիրէ, թէ մարդը ինչպէ՛ս կը գիտակցի, կը մտածէ, կը յիշէ եւ խնդիրներ կը լուծէ։ Հոգեբանութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուին ուշադրութիւնը, ընկալումը, յիշողութիւնը եւ լեզուն։
- Զգացական եւ մղիչ մեքանիզմներ (Emotions and Motivation).
Զգացումները մարդկային փորձառութեան հիմքն են։ Անոնք կարելի է դիտարկել իբրեւ օրէնքներու, յիշողութիւններու ու արժէքներու արձագանգ։ Մղիչ գործօնները, ինչպէս՝ ձգտում, հետաքրքրութիւն կամ վախ, կը շարժեն մարդուն վարքը։
- Ընկերային հոգեբանութիւն (Social Psychology).
Ընկերային հոգեբանութեան միջոցով կը քննարկուի մարդուն՝ այլոց հետ յարաբերութեան ձեւը։ Ոճերը, կարծիքները, խմբային ճնշումները, հնազանդութիւնը եւ առաջնորդութիւնը ներառուած են այս մասնաճիւղին մէջ։
- Զարգացական հոգեբանութիւն (Developmental Psychology).
Կը քննէ մարդուն հոգեբանական աճն ու զարգացման փուլերը՝ մանկութենէն մինչեւ ծերութիւն։ Զանազան փուլերու ընթացքին՝ մարդը զանազան ձեւերով կը սորվի, կը զգայ ու կը հաղորդակցի։
ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԻՐԱՌՈՒՄՆԵՐԸ
Հոգեբանութեան տեսութիւնները կը կիրարկուին բազմաթիւ ոլորտներու մէջ՝ կրթութիւն, առողջապահութիւն, գործարարութիւն եւ զօրքերու միջավայր։ Օրինակ, դպրոցներու մէջ ուսուցիչները կը կիրառեն ճանաչողական հոգեբանութեան գիտելիքները՝ աշակերտներու իւրացման կարողութիւնը բարելաւելու համար։ Մինչդեռ, հոգեբոյժներ կ՚օգտագործեն զանազան տեսութիւններ՝ անհատներուն օգնելու, որպէսզի յաղթահարեն տագնապներ, ընկճախտ կամ ճնշուածութիւն։
Վիլհելմ Վունտթ (Wilhelm Wundt)՝ «Հոգեբանութեան հայրը»՝ առաջին հոգեբանական տարրալուծարանը հիմնեց Լայփցիկի համալսարանին մէջ, 1879-ին։ Ան կը պաշտպանէր «Structuralism» կոչուած տեսութիւնը, ըստ որուն, հոգեկան փորձառութիւնը պէտք է բաժնուի իր պարզագոյն բաղադրիչներուն։
Ուիլիըմ Ճէյմս (William James)՝ ամերիկացի փիլիսոփայ ու հոգեբան, որ հիմնադրեց «Functonalism»ը՝ շեշտադրելով հոգեկան գործընթացներու նպատակը եւ գործառոյթը մարդուն աշխարհին եւ միջավայրին յարմարեցման մէջ։
Սիկմունտ Ֆրոյտ (Sigmund Freud)՝ հոգեվերլուծութեան հիմնադիրը, որ իր տեսութիւններուն մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց անգիտակցականի, մանկական փորձառութիւններու եւ ներքին մղումներու վրայ։ Ֆրոյտ մարդուն հոգեկան կառուցուածքը բաժնեց երեք հիմնական բաժիններու՝ իտ (Id), էկօ (Ego), եւ սիւփեր-էկօ (Super Ego)։
Քարլ Ռաճըրս (Carl Rogers) եւ Ապրահամ Մասլոու (Abraham Maslow)՝ մանկասիրական հոգեբանութեան յառաջատարներ են, որոնք ընդգծեցին մարդուն ներքին կարողութիւնները, անձնական աճը եւ ինքնաիրականացումը։ Ըստ անոնց, մանկութեան ընթացքին ձեւաւորուող հոգեբանական մոտելները կրնան տեւական ազդեցութիւն ունենալ մարդուն ապագայ վարքին վրայ։
Լեւ Վիկոթսքի (Lev Vygotsky)՝ շեշտը դրած էր ընկերամշակութային միջավայրի դերին՝ մտաւոր զարգացման մէջ։ Իր «մերձաւոր զարգացման գօտի» հայեցակարգը լայն կիրարկում գտած է կրթական ոլորտին մէջ։
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄՈՒՏՔ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Վերջին տարիներուն, ջղային հոգեբանութիւնը կարեւոր տեղ գրաւեց հոգեբանութեան մէջ։ Ուսումնասիրելով ուղեղի կառուցուածքը եւ գործառոյթները՝ կարելի դարձաւ աւելի խոր հասկնալ զգացումները եւ վարքի հիմքերը։ Այլ զարգացող դաշտ մըն է թրաումային հոգեբանութիւնը, որ կ՚անդրադառնայ պատերազմներու, աղէտներու կամ բռնութեան հետեւանքով յառաջացած հոգեկան վէրքերուն։
ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հոգեբաններ կը փորձեն ներգործել արհեստական բանականութեան համակարգերու հետ՝ հասկնալու, թէ ինչպէս կրնայ մեքենան սորվիլ, որոշում կայացնել եւ նոյնիսկ համակրանք ցոյց տալ։ Մարդ-մեքենայ յարաբերութիւնները նոր հոգեբանական դաշտեր են։
Հոգեբանութիւնը բազմաշերտ ու բարդ համակարգ մըն է, որ կը ձեւաւորուի ներյատուկ եւ միջավայրային ազդակներու համադրութեամբ։ Անկախ ոլորտէն, հոգեբանութեան ըմբռնումը կրնայ նպաստել առողջ անհատականութեան, բարի յարաբերութիւններու եւ ներդաշնակ հասարակութեան կառուցման։ Հոգեբանութիւնը ո՛չ միայն գիտութիւն մըն է, այլեւ արուեստ՝ մարդուն ինքզինք հասկնալու եւ կատարելագործելու ճանապարհին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ